Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • աք23 էջ 26-36
  • Մարտ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Մարտ
  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2023
  • Ենթավերնագիրներ
  • Չորեքշաբթի, մարտ 1
  • Հինգշաբթի, մարտ 2
  • Ուրբաթ, մարտ 3
  • Շաբաթ, մարտ 4
  • Կիրակի, մարտ 5
  • Երկուշաբթի, մարտ 6
  • Երեքշաբթի, մարտ 7
  • Չորեքշաբթի, մարտ 8
  • Հինգշաբթի, մարտ 9
  • Ուրբաթ, մարտ 10
  • Շաբաթ, մարտ 11
  • Կիրակի, մարտ 12
  • Երկուշաբթի, մարտ 13
  • Երեքշաբթի, մարտ 14
  • Չորեքշաբթի, մարտ 15
  • Հինգշաբթի, մարտ 16
  • Ուրբաթ, մարտ 17
  • Շաբաթ, մարտ 18
  • Կիրակի, մարտ 19
  • Երկուշաբթի, մարտ 20
  • Երեքշաբթի, մարտ 21
  • Չորեքշաբթի, մարտ 22
  • Հինգշաբթի, մարտ 23
  • Ուրբաթ, մարտ 24
  • Շաբաթ, մարտ 25
  • Կիրակի, մարտ 26
  • Երկուշաբթի, մարտ 27
  • Երեքշաբթի, մարտ 28
  • Չորեքշաբթի, մարտ 29
  • Հինգշաբթի, մարտ 30
  • Ուրբաթ, մարտ 31
Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2023
աք23 էջ 26-36

Մարտ

Չորեքշաբթի, մարտ 1

Քանի որ իմ այս եղբայրներէս ամենէն պզտիկներէն մէկուն ըրիք, ինծի ըրիք (Մատ. 25։40)։

Մատթէոս 25։31-36–ի առակին մէջի «ոչխարներ»ը կը ներկայացնեն երկրային յոյս ունեցող արդարները վերջին օրերուն մէջ, այսինքն՝ ուրիշ ոչխարները։ Անոնք հաւատարմօրէն թիկունք կը կանգնին Քրիստոսի եղբայրներուն, գլխաւորաբար անոնց օգնելով որ կատարեն համաշխարհային քարոզչութիւնը եւ աշակերտելու գործը (Մատ. 24։14. 28։19, 20)։ Ամէն տարի, Յիշատակատօնէն քանի մը շաբաթ առաջ, ուրիշ ոչխարները ցոյց կու տան որ Քրիստոսի եղբայրներուն թիկունք կը կանգնին, լիովին մասնակցելով համաշխարհային արշաւի մը, որուն միջոցաւ հետաքրքրուած անհատները Յիշատակատօնին կը հրաւիրեն։ Անոնք նաեւ վստահ կ’ըլլան, որ Յիշատակատօնին համար ամէն բան պատրաստ է։ Ուրիշ ոչխարները շա՜տ կ’ուրախանան, երբ այսպիսի կերպերով Քրիստոսի եղբայրներուն կ’աջակցին։ Անոնք գիտեն թէ Յիսուս կը սեպէ, որ այն ինչ որ իր օծեալ եղբայրներուն կ’ընեն, իրեն ըրած կ’ըլլան (Մատ. 25։37-40)։ դ22.01 22 ¶11-12

Հինգշաբթի, մարտ 2

Ան որ զիս տեսաւ՝ Հայրը տեսաւ (Յովհ. 14։9)։

Կրնանք ընդօրինակել Յիսուսի յատկութիւնները եւ ուրիշներու հետ իր վարուելու կերպը։ Օրինակ, ան խղճաց բորոտի մը, գթաց լուրջ հիւանդութիւն ունեցող կնոջ մը, եւ կարեկցեցաւ անոնց, որոնք սիրելիներ կորսնցուցած էին։ Երբ Յիսուսը կ’ընդօրինակենք, Եհովան ալ ընդօրինակած կ’ըլլանք (Մար. 1։40, 41. 5։25-34. Յովհ. 11։33-35)։ Եւ ո՛րքան աւելի Եհովային նմանինք, ա՛յնքան աւելի իրեն կը մօտենանք։ Ասկէ զատ, Յիսուսի հետքերուն հետեւիլը մեզի պիտի օգնէ, որ այս չար աշխարհը մեզ չշեղէ։ Իր երկրային կեանքին վերջին գիշերը, ան կրցաւ ըսել. «Ես աշխարհին յաղթեցի» (Յովհ. 16։33)։ Ան ըսել ուզեց, որ թոյլ չտուաւ այս աշխարհի մտածելակերպին, նպատակակէտերուն եւ արարքներուն որ իրեն ազդեն։ Յիսուս կեդրոնացաւ Եհովայի անունը սրբացնելուն վրայ։ Աշխարհի մէջ շատ բաներ կան, որոնք կրնան մեր ուշադրութիւնը ցրուել։ Բայց եթէ Յիսուսին պէս Եհովային կամքը ընելուն վրայ կեդրոնանանք, մենք ալ աշխարհին պիտի ‘յաղթենք’ (Ա. Յովհ. 5։5)։ դ21.04 3-4 ¶7-8

Ուրբաթ, մարտ 3

[Ո՛չ մէկ բան] կրնայ մեզ զատել Աստուծոյ սէրէն (Հռով. 8։39)։

Պօղոս ծանօթ էր Յիսուսի խոստումին, թէ ‘ամէն ո՛վ որ [Յիսուսին] հաւատայ. . . յաւիտենական կեանք պիտի ունենայ’ (Յովհ. 3։16. Հռով. 6։23)։ Պօղոս անոնցմէ էր, որոնք փրկանքին կը հաւատային։ Ան համոզուած էր, որ Եհովան պատրաստ է ներելու նոյնիսկ անոնց, որոնք լուրջ մեղքեր գործած են, եթէ զղջան (Սաղ. 86։5)։ Ան նաեւ կը հաւատար որ Աստուած զինք շատ կը սիրէր, քանի որ Յիսուսը ղրկած էր որ իրեն համար մեռնէր։ Ան մեծ համոզումով արտայայտուեցաւ, երբ ըսաւ. «[Աստուծոյ Որդին] զիս սիրեց ու իր անձը ինծի համար մատնեց» (Գաղ. 2։20)։ Պօղոս չզգաց որ ինք այնքա՛ն գէշ անձ մըն էր, որ անկարելի էր որ Աստուած զինք սիրէր։ Ան չմտածեց. ‘Կրնամ հասկնալ որ Եհովան ինչո՛ւ եղբայրներս կը սիրէ, բայց պատճառ մը չկայ որ զի՛ս սիրէ’։ Ան հռոմայեցիներուն ըսաւ. «Երբ դեռ մեղաւոր էինք, Քրիստոս մեզի համար մեռաւ» (Հռով. 5։8, 9)։ Պօղոս լիովին համոզուած էր, որ Աստուծոյ սէրը շատ զօրաւոր է։ Ան գիտէր թէ Եհովան որքա՜ն համբերութեամբ վարուած էր իսրայէլ ազգին հետ։ դ21.04 22 ¶8-10

Շաբաթ, մարտ 4

Ասիկա է Աստուծոյ սէրը, որ անոր պատուիրանքները պահենք (Ա. Յովհ. 5։3)։

Երբ դաս կը վարես, աշակերտիդ օգնէ որ Եհովան սիրէ։ Ինչպէ՞ս։ Առիթներ փնտռէ, որ Եհովայի յատկութիւնները աչքառու դարձնես։ Աշակերտիդ օգնէ, որ Եհովան ուրախ Աստուած մը նկատէ, որ Զինք սիրողներուն հոգ կը տանի (Ա. Տիմ. 1։11. Եբ. 11։6)։ Անոր ցոյց տուր, որ իր սորվածը գործադրելով պիտի օգտուի. եւ երբ օգտուի, պիտի շօշափէ իրեն հանդէպ Եհովային սէրը (Եսա. 48։17, 18)։ Երբ Եհովային հանդէպ աշակերտիդ սէրը աւելնայ, ա՛լ աւելի պիտի մղուի պէտք եղած փոփոխութիւնները ընելու։ Մկրտուելու համար, պէտք պիտի ըլլայ որ ան զոհողութիւններ ընէ։ Թերեւս պէտք ըլլայ որ ոմանք նիւթական բաներէ վազ անցնին։ Շատեր թերեւս ստիպուած ըլլան դադրիլ ընկերակցելէ անոնց հետ, որոնք Եհովան չեն սիրեր։ Իսկ ոմանց ընտանիքի անդամները, որոնք Եհովայի վկաներէն չեն ախորժիր, թերեւս զիրենք երեսի վրայ ձգեն։ Սակայն Յիսուս խոստացաւ, որ իրեն հետեւողները յուսախաբ պիտի չըլլան։ Անոնք մեծապէս պիտի վարձատրուին սիրալիր հոգեւոր ընտանիքով մը (Մար. 10։29, 30)։ դ21.06 4 ¶8-9

Կիրակի, մարտ 5

Աչքերնիդ վերցուցէ՛ք ու արտերուն նայեցէ՛ք։ Արդէն ճերմկած ու հնձուելու պատրաստ են (Յովհ. 4։35)։

Պօղոս առաքեալ աշակերտելու գործը նմանցուց բերք մշակելուն, եւ ցոյց տուաւ որ պէտք է սերմ ցանելէն աւելին ընենք։ Ան կորնթացիներուն յիշեցուց. «Ես տնկեցի, Ապօղոս ջուր տուաւ. . . դուք Աստուծոյ մշակութիւնն էք» (Ա. Կոր. 3։6-9)։ Մենք Աստուծոյ դաշտին մէջ աշխատողներ ըլլալով, ոչ միայն սերմերը կը ցանենք, հապա նաեւ զանոնք կը ջրենք եւ կանոնաւորաբար կը ստուգենք անոնց աճումը։ Միեւնոյն ատեն, կը գիտակցինք որ Աստուած է սերմը աճեցնողը։ Մեզի համար ի՜նչ մեծ առանձնաշնորհում է՝ ճշմարտութիւնը ուրիշներուն քարոզել ու սորվեցնել։ Այս գործը մեզի իսկական ուրախութիւն կու տայ։ Պօղոս առաքեալ, որ Թեսաղոնիկէի մէջ շատերու օգնեց աշակերտներ դառնալու, իր զգացումները այսպէս արտայայտեց. «Ո՞վ է մեր յոյսը կամ ուրախութիւնը կամ մեր պարծանքին պսակը, եթէ ոչ դուք՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին առջեւ անոր գալու ատենը։ Որովհետեւ դուք էք մեր փառքը եւ ուրախութիւնը» (Ա. Թես. 2։19, 20. Գործք 17։1-4)։ դ21.07 3 ¶5. 7 ¶17

Երկուշաբթի, մարտ 6

Զգոյշ կեցէք որ չանարգէք այս պզտիկներէն մէկը (Մատ. 18։10)։

Եհովան իւրաքանչիւրս իրեն քաշած է (Յովհ. 6։44)։ Մտածէ ատոր մասին։ Մինչ Եհովան աշխարհի միլիառաւոր մարդիկը կը քննէր, քու մէջդ նկատեց արժէքաւոր բան մը՝ անկեղծ սիրտ մը, որ կրնայ զինք սիրել (Ա. Մն. 28։9)։ Եհովան քեզ կը ճանչնայ, կը հասկնայ եւ կը սիրէ, ինչ որ շա՜տ մխիթարական է։ Եհովան թէ՛ քեզ եւ թէ ժողովքի բոլոր եղբայրներդ ու քոյրերդ խորապէս կը հոգայ։ Այս կէտը աւելի յստակ դարձնելու համար, Յիսուս Եհովան հովիւի մը նմանցուց։ Եթէ 100 ոչխարներէն մէկը հօտէն մոլորի, հովիւը ի՞նչ պիտի ընէ։ ‘Իննսունինը ոչխարը լեռները պիտի ձգէ ու երթայ մոլորածը փնտռէ’։ Երբ ոչխարը գտնէ, մոլորելուն համար իրեն դէմ պիտի չբարկանայ, հապա պիտի ուրախանայ։ Կէտը ի՞նչ է։ Ամէն մէկ ոչխար կարեւոր է Եհովային համար։ Յիսուս ըսաւ. «Ձեր երկնաւոր Հայրը չի հաճիր որ այս պզտիկներէն մէկը կորսուի» (Մատ. 18։12-14)։ դ21.06 20 ¶1-2

Երեքշաբթի, մարտ 7

Աստուծոյ մօտեցէ՛ք (Յակ. 4։8)։

Երբ կը խոկանք այն մեծ սիրոյն մասին, որ Եհովան մեզի հանդէպ ցոյց տուած է, իրեն հանդէպ մեր սէրը կ’աւելնայ եւ իրեն հետ մեր բարեկամութիւնը կը զօրանայ (Հռով. 8։38, 39)։ Նաեւ, կը մղուինք Յիսուսը ընդօրինակելու (Ա. Պետ. 2։21)։ Յիշատակատօնէն ճիշդ առաջ, կը կեդրոնանանք Յիսուսի կեանքին վերջին շաբթուան վրայ, ինչպէս նաեւ՝ իր մահուան ու յարութեան վրայ։ Ետքը, Յիշատակատօնի դասախօսութիւնը մեզի կը յիշեցնէ Յիսուսի սէրը մեզի հանդէպ (Եփ. 5։2. Ա. Յովհ. 3։16)։ Երբ կը կարդանք ու կը խոկանք Յիսուսի անձնազոհ օրինակին մասին, կը մղուինք ‘այնպէս քալելու՝ ինչպէս անիկա քալեց’ (Ա. Յովհ. 2։6)։ Ասկէ զատ, աւելի կը վճռենք Աստուծոյ սիրոյն մէջ մնալ (Յդ. 20, 21)։ Աստուծոյ սիրոյն մէջ կը մնանք, երբ ամէն բան կ’ընենք որ իրեն հնազանդինք, իր անունը սրբացնենք եւ իր սիրտը ուրախացնենք (Առ. 27։11. Մատ. 6։9. Ա. Յովհ. 5։3)։ Յիշատակատօնին ներկայ ըլլալով, աւելի կը վճռենք ամէն մէկ օր ապրիլ այնպէս մը, որ կարծես Եհովային կ’ըսենք. ‘Կ’ուզեմ յաւիտեա՛ն սիրոյդ մէջ մնալ’։ դ22.01 23 ¶17. 25 ¶18-19

Չորեքշաբթի, մարտ 8

Ձեզի ընտրեցէք այսօր թէ ո՞վ պիտի պաշտէք (Յես. 24։15)։

Եհովան մեզի ազատ կամքի պարգեւը տուած է։ Մե՛նք կ’ընտրենք թէ մեր կեանքին մէջ ի՛նչ պիտի ընենք։ Մեր սիրալիր Աստուածը կ’ուրախանայ, երբ կ’ընտրենք իրեն ծառայել (Սաղ. 84։11. Առ. 27։11)։ Կրնանք մեր ազատ կամքը գործածել ուրիշ շատ մը լաւ որոշումներ առնելու համար։ Յիսուսի օրինակին հետեւելով, կրնանք ընտրել ուրիշներուն շահը մեր շահէն առաջ դնել։ Օր մը, երբ Յիսուս եւ իր առաքեալները շատ յոգնած էին, հանդարտ վայր մը գացին հանգստանալու համար։ Բայց չկրցան հանգստանալ։ Բազմութիւն մը եկաւ, որ կ’ուզէր Յիսուսէն սորվիլ։ Յիսուս փոխանակ նեղանալու, մարդոց վրայ խղճաց։ Ան ի՞նչ ըրաւ։ «Շատ բաներ սորվեցուց անոնց» (Մար. 6։30-34)։ Երբ Յիսուսը կ’ընդօրինակենք, մեր ժամանակէն ու կորովէն տալով ուրիշներուն օգնելու համար, մեր երկնաւոր Հօր փառք կը բերենք (Մատ. 5։14-16)։ դ21.08 3 ¶7-8

Հինգշաբթի, մարտ 9

Ամէն մարդ. . . միայն իր անձին վրայ թող պարծենայ, ո՛չ թէ ուրիշին վրայ (Գաղ. 6։4)։

Եհովան կը սիրէ զանազանութիւնը։ Ասիկա գիտենք քանի որ տարբեր–տարբեր բոյսեր, կենդանիներ եւ նոյնիսկ մարդիկ ստեղծած է։ Մեզմէ ամէն մէկը յատուկ է։ Անոր համար, Եհովան քեզ ուրիշներու հետ բնաւ չի բաղդատեր։ Ան կը քննէ քու սիրտդ՝ քու ներքին անձդ (Ա. Թագ. 16։7)։ Նաեւ հաշուի կ’առնէ զօրաւոր կէտերդ, տկար կէտերդ եւ ենթահողդ։ Եւ քեզմէ չի խնդրեր, որ կրցածէդ աւելին իրեն տաս։ Մենք պէտք է Եհովան ընդօրինակենք, մեր անձը տեսնելով ինչպէս որ ինք կը տեսնէ։ Այդպէս ընելով, «առողջ միտք» պիտի ունենանք. ո՛չ մեր մասին պէտք եղածէն աւելին պիտի մտածենք, ոչ ալ մեր անձը ցած աչքով պիտի դիտենք (Հռով. 12։3, ՆԱ)։ Անշուշտ, կրնանք ուրիշներու լաւ օրինակէն սորվիլ։ Օրինակ, թերեւս կը ճանչնանք եղբայր մը կամ քոյր մը, որ ծառայութեան մէջ յաջող է (Եբ. 13։7)։ Ատիկա մեզի կրնայ օգնել, որ քարոզելու մէջ բարելաւուինք (Փլպ. 3։17)։ Բայց ուրիշի մը լաւ օրինակէն սորվիլը բան մըն է, իսկ այդ օրինակը գործածելով քու արժէքդ չափելը՝ ուրիշ բան մըն է։ դ21.07 20 ¶1-2

Ուրբաթ, մարտ 10

Աչքերնիդ վե՛ր վերցուցէք ու նայեցէ՛ք, ասոնք ո՞վ ստեղծեց (Եսա. 40։26)։

Ստեղծիչին հանդէպ հաւատքդ կրնաս կերտել՝ ուշադրութեամբ դիտելով կենդանիները, բոյսերը եւ աստղերը (Սաղ. 19։1)։ Ո՛րքան աւելի այդպիսի բաներ քննես, ա՛յդքան աւելի պիտի համոզուիս որ Եհովան է Ստեղծիչը։ Երբ ստեղծագործութիւնը կը սերտես, ուշադրութիւն դարձուր թէ իրողութիւնները ի՛նչ կը յայտնեն մեր Ստեղծիչին մասին (Հռով. 1։20)։ Օրինակ, թերեւս գիտես որ մեր արեւը կեանքին համար անհրաժեշտ տաքութիւն տալէ զատ, նաեւ վնասակար ճառագայթներ կ’արձակէ։ Մենք ինչպէ՞ս պաշտպանուած ենք այդ ճառագայթներէն։ Երկիրը իր պաշտպանական վահանը ունի՝ օզոն կազի խաւը, որ արգելք կ’ըլլայ որ այդ ճառագայթները երկրի մակերեսին հասնին։ Երբ արեւէն եկող վնասակար ճառագայթները կ’աւելնան, օզոնի քանակը կ’աւելնայ։ Լաւ, չե՞ս համաձայնիր որ անպայման մէկը կարգադրած է այս պաշտպանութիւնը եւ ան հոգատար ու իմաստուն Ստեղծիչ մըն է։ դ21.08 17 ¶9-10

Շաբաթ, մարտ 11

Ան որ Աստուած կը սիրէ, իր եղբայրն ալ պէտք է սիրէ (Ա. Յովհ. 4։21)։

Անհատ մը մկրտուելէ ետք, պէտք է շարունակենք զինք սիրել ու յարգել (Ա. Յովհ. 4։20)։ Ատիկա ընելու մէկ կերպն է՝ իրեն հանդէպ վստահութիւն ունենալ։ Օրինակ, եթէ չենք հասկնար թէ որոշ բան մը ինչո՛ւ ըրաւ, պիտի չմտածենք որ ատիկա ըրաւ անձնասէր պատճառներով կամ գէշ նպատակով։ Փոխարէնը, մեր եղբայրը պիտի պատուենք, զինք մեր անձէն լաւ սեպելով (Հռով. 12։10. Փլպ. 2։3)։ Իրականութեան մէջ, բոլոր մարդոց հանդէպ գթած ու ազնիւ պէտք է ըլլանք։ Եթէ կ’ուզենք ըլլալ մէկը, որ Եհովան իր Հայրը կը կոչէ յաւիտեա՛ն, պէտք է Իր Խօսքը մեր կեանքին մէջ գործադրենք։ Օրինակ, Յիսուս սորվեցուց որ գթած եւ ազնիւ ըլլանք նոյնիսկ մեր թշնամիներուն հանդէպ (Ղուկ. 6։32-36)։ Ատեններ ատիկա ընելը մեզի համար դժուար կրնայ ըլլալ։ Այդ պարագային, պէտք է սորվինք Յիսուսի պէս մտածել ու վարուիլ։ Երբ մեր լաւագոյնը կ’ընենք, որ Եհովային հնազանդինք եւ Յիսուսը ընդօրինակենք, մեր երկնաւոր Հօր ցոյց կու տանք, որ կ’ուզենք յաւիտեա՛ն իր ընտանիքէն ըլլալ։ դ21.08 6 ¶14-15

Կիրակի, մարտ 12

Արդեօք ձեզի երկնքի պատուհանները պիտի չբանա՞մ ու ձեզի օրհնութիւն թափեմ (Մաղ. 3։10)։

Սորվէ Եհովային ապաւինիլ։ Ան կը խոստանայ մեր վրայ օրհնութիւններ թափել, երբ իրեն կը վստահինք եւ մեր լաւագոյնը կու տանք իրեն։ Աստուածաշունչը լեցուն է անհատներու օրինակներով, որոնք Եհովայի ծառայութեան մէջ ծանր աշխատեցան։ Շատ անգամ, Եհովայի կողմէ յատուկ կերպով օրհնուելէ առաջ, անոնք պէտք էր առաջին քայլը առնէին։ Օրինակ, Եհովան Աբրահամը օրհնեց միայն երբ ան իր տունը ձգեց, թէեւ «չէր գիտեր թէ ո՞ւր կ’երթայ» (Եբ. 11։8)։ Յակոբ հրեշտակի մը հետ գօտեմարտելէ ետք էր, որ Եհովայէն յատուկ օրհնութիւն մը ստացաւ (Ծն. 32։24-30)։ Երբ իսրայէլ ազգը Աւետեաց երկիրը մտնելու վրայ էր, քահանաները կատաղի Յորդանան գետին մէջ ոտք դնելէ ետք էր, որ ժողովուրդը կրցաւ գետը կտրել (Յես. 3։14-16)։ Կրնաս նաեւ օգտուիլ Վկաներու օրինակէն, որոնք Եհովային ապաւինած են եւ ձգտած են աւելին ընել։ դ21.08 29-30 ¶12-14

Երկուշաբթի, մարտ 13

Մի՛ ըսեր՝ «Ինչո՞ւ համար առաջուան օրերը այս օրերէն աղէկ էին» (Ժող. 7։10)։

Ո՛վ տարեց եղբայրներ ու քոյրեր, փորձառաբար գիտէք թէ անցեալին բան մը ինչպէ՛ս կ’ընէին, բայց նաեւ կը տեսնէք որ փոխուող պարագաներուն պէտք է յարմարիլ։ Իսկ դո՛ւք, այն տարեցները, որոնք վերջերս մկրտուեցան, նոյնպէս տալիք շատ բաներ ունիք։ Երիտասարդները գնահատանքով մտիկ պիտի ընեն ձեր փորձառութիւնները եւ ձեր քաղած դասերը։ Եթէ դուք ձեր ամբարած փորձառութենէն շարունակէք տալ, Եհովան առատօրէն ձեզ պիտի վարձատրէ (Ղուկ. 6։38)։ Սիրելի՛ տարեցներ, մինչ երիտասարդներուն կը մտերմանաք, պիտի կարենաք իրարու աջակցիլ (Հռով. 1։12)։ Ձեզմէ ամէն մէկը ունի արժէքաւոր բան մը, որ միւսը չունի։ Տարեցները իմաստութիւն եւ փորձառութիւն ունին, որ ժամանակի ընթացքին ձեռք ձգած են, իսկ երիտասարդները ոյժ ունին։ Երբ երիտասարդներն ու տարեցները միասին կ’աշխատին որպէս բարեկամներ, մեր սիրալիր երկնաւոր Հօր փառք կը բերեն եւ ժողովքին մէջ բոլորին համար օրհնութիւն կ’ըլլան։ դ21.09 8 ¶3. 13 ¶17-18

Երեքշաբթի, մարտ 14

Մենք կը քարոզենք խաչեալ [«ցիցին գամուած», ՆԱ] Քրիստոսը, ինչ որ Հրեաներուն գայթակղութիւն է (Ա. Կոր. 1։23)։

Ինչո՞ւ շատ մը հրեաներ գայթակղեցան Յիսուսի մեռնելու կերպէն։ Իրենց աչքին, Յիսուս ցիցին վրայ մեռնելով եղաւ ոճրագործ եւ մեղաւոր. ուստի մերժեցին հաւատալ որ ան Մեսիան էր (Բ. Օր. 21։22, 23)։ Գայթակղողները չուզեցին ընդունիլ թէ Յիսուս անմեղ էր, թէ սուտ կերպով ամբաստանուեցաւ եւ թէ իրեն հետ անարդարօրէն վարուեցան։ Յիսուսին դատը տեսնողները արդարութեամբ չէին հետաքրքրուած։ Հրէական Գերագոյն ատեանը աճապարանքով ժողով մը ըրաւ եւ դատը վարեց շատ անօրէն կերպով (Ղուկ. 22։54. Յովհ. 18։24)։ Փոխանակ Յիսուսին դէմ բերուած մեղադրանքները եւ վկայութիւնները անաչառօրէն մտիկ ընելու, դատաւորները իրե՛նք «սուտ վկայութիւն մը կը փնտռէին, որպէս զի զանիկա մեռցնեն» (Մատ. 26։59. Մար. 14։55-64)։ Եւ երբ Յիսուս յարութիւն առաւ, անարդար դատաւորները գերեզմանին վրայ պահակութիւն ընող հռոմայեցի զինուորներուն «շատ դրամ» (ԱԾ) տուին, որպէսզի սուտ պատմութիւն մը տարածեն, թէ գերեզմանը ինչո՛ւ պարապ էր (Մատ. 28։11-15)։ դ21.05 11 ¶12-13

Չորեքշաբթի, մարտ 15

Այդ օրն ու ժամը՝ ո՛չ մէկ մարդ գիտէ, ո՛չ ալ երկինքի հրեշտակները, հապա՝ միա՛յն իմ Հայրս (Մատ. 24։36)։

Եհովան կրնար որեւէ ատեն այս չար դրութեան վերջ դնել։ Բայց իր համբերութիւնը մեզի համար օրհնութիւն եղած է։ Ադամէն ու Եւայէն եկած բոլոր մարդիկը անկատար վիճակով կը ծնին։ Բայց Եհովան զիրենք կը սիրէ ու իրենց հոգ կը տանի, եւ խոստացած է վերջ դնել այս չար աշխարհին (Ա. Յովհ. 4։19)։ Ան օր մը նշանակած է, երբ մարդկութեան տառապանքը մէջտեղէն պիտի վերցնէ։ Բայց պէտք չէ՞ իր սէրը մեզ մղէ, որ իրեն հետ համբերենք որքա՛ն որ պէտք ըլլայ։ Եհովան համբերելու եւ տոկալու մէջ կատարեալ օրինակ ձգած է։ Յիսուս կրցաւ իր Հօր համբերութիւնը ընդօրինակել։ Երկրի վրայ, Յիսուս մեզի համար տոկաց վիրաւորական խօսքերու, ամօթի եւ տանջանքի ցիցին (Եբ. 12։2, 3)։ Համբերելու նկատմամբ Եհովայի օրինակը անկասկած Յիսուսը զօրացուց, որ ինքն ալ համբերէ։ Անիկա մեզ ալ կրնայ զօրացնել։ դ21.07 12-13 ¶15-17

Հինգշաբթի, մարտ 16

Գթած եղէք, ինչպէս ձեր Հայրն ալ գթած է (Ղուկ. 6։36)։

Եհովան ողորմած ու ներող է. ասիկա օրական կը շօշափենք (Սաղ. 103։10-14)։ Յիսուսին հետեւորդները անկատար էին, բայց ան ողորմեցաւ ու ներեց անոնց։ Ան նոյնիսկ պատրաստ էր իր կեանքը զոհելու, որպէսզի մեր մեղքերը ներուին (Ա. Յովհ. 2։1, 2)։ Մեր հոգեւոր ընտանիքին մէջ սիրոյ կապը կը զօրացնենք, «ներելով իրարու» (Եփ. 4։32)։ Անշուշտ իրարու ներելը ատեններ կրնայ դժուար ըլլալ։ Ուստի, ատոր մէջ պէտք է ջանք թափենք։ Քոյր մը զգաց որ Դիտարան–ին մէջ «Իրարու ներենք» յօդուածը իրեն օգնեց ատիկա ընելու։ Ան կը գրէ. «Այս յօդուածը բացատրեց որ ներելու պատրաստ ըլլալը չի նշանակեր որ սխալ վարուելակերպին հաւանութիւն կու տաս կամ ատոր պատճառած վնասները կը պզտիկցնես։ Հապա՝ կը նշանակէ բարկութիւնը մէկ կողմ դնել եւ մե՛ր խաղաղութիւնը պահպանել»։ Երբ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն կը ներենք, ցոյց կու տանք որ զիրենք կը սիրենք եւ մեր երկնաւոր Հայրը՝ Եհովան, կ’ընդօրինակենք։ դ21.09 23-24 ¶15-16

Ուրբաթ, մարտ 17

[Աստուծոյ] երկրպագողներն ալ պէտք է որ. . . ճշմարտութիւնով երկրպագութիւն ընեն (Յովհ. 4։24)։

Յիսուս կը սիրէր ճշմարտութիւնը, այսինքն՝ Աստուծոյ եւ իր նպատակներուն մասին ճշմարտութիւնը։ Ան ճշմարտութեան համաձայն ապրեցաւ, եւ զայն սորվեցուց ուրիշներուն (Յովհ. 18։37)։ Յիսուսի ճշմարիտ հետեւորդներն ալ ճշմարտութիւնը խորապէս կը սիրէին (Յովհ. 4։23)։ Պետրոս առաքեալ քրիստոնէութեան ակնարկեց որպէս «ճշմարտութեան ճամբան» (Բ. Պետ. 2։2)։ Որովհետեւ առաջին դարու քրիստոնեաները ճշմարտութեան հանդէպ խոր սէր ունէին, մերժեցին այն կրօնական գաղափարները, մշակութային սովորութիւնները եւ անձնական կարծիքները, որոնք ճշմարտութեան հետ ներդաշնակ չէին (Կող. 2։8)։ Նոյնպէս այսօր, ճշմարիտ քրիստոնեաները ջանք կ’ընեն, որ ‘ճշմարտութեան մէջ քալեն’, իրենց բոլոր հաւատալիքները եւ ապրելակերպը հիմնելով միմիայն Եհովայի Խօսքին վրայ (Գ. Յովհ. 3, 4)։ Եհովայի վկաները չեն ըսեր, որ միշտ լիովին կը հասկնան Աստուածաշունչին մէջ ամէն բան։ Ատեններ, անոնք կարգ մը ուսուցումներ սխալ կերպով բացատրած են եւ ժողովքը կազմակերպելու նկատմամբ սխալ որոշումներ առած են։ Բայց ետքը հարկ եղած սրբագրութիւնները ըրած են։ դ21.10 21-22 ¶11-12

Շաբաթ, մարտ 18

Սէրը պիտի պատէ Տէրոջը յուսացողին չորս կողմը (Սաղ. 32։10)։

Աստուածաշունչի ժամանակներուն, քաղաք մը պարիսպով շրջապատուած կ’ըլլար, որ բնակիչները իրենց թշնամիէն կը պաշտպանէր։ Եհովայի հաւատարիմ սէրը պարիսպի մը նման՝ մեզ կը պաշտպանէ որեւէ բանէ, որ կրնայ իրեն հետ մեր փոխյարաբերութիւնը տկարացնել։ Դեռ աւելին, Եհովայի հաւատարիմ սէրը զինք կը մղէ, որ մեզի մօտենայ (Եր. 31։3)։ Սաղմոսերգու Դաւիթ ուրիշ պատկերաւոր խօսքով մըն ալ նկարագրեց այն պաշտպանութիւնը, որ Աստուծոյ ժողովուրդը կը վայելէ։ Ան գրեց. «Իմ պաշտպանս Աստուած է, իմ ողորմութեանս Աստուածը»։ Ան նաեւ Եհովայի մասին ըսաւ. «Անիկա է իմ ողորմութիւնս ու պարիսպս, իմ ապաւէնս ու փրկիչս, իմ վահանս, ուստի ես անոր կը յուսամ» (Սաղ. 59։17. 144։2)։ Դաւիթ ինչո՞ւ Եհովայի հաւատարիմ սէրը նմանցուց ապաւէնի եւ պարիսպի։ Ո՛ւր որ ալ ապրինք, այնքան ատեն որ Եհովայի ծառաներն ենք, ան մեզի պէտք եղած պաշտպանութիւնը պիտի տայ, որ իրեն հետ մեր թանկարժէք փոխյարաբերութիւնը պահպանենք։ դ21.11 6 ¶14-15

Կիրակի, մարտ 19

Բոլոր գործերուդ վրայ պիտի խորհիմ (Սաղ. 77։12)։

Երբ Յիսուս եւ իր աշակերտները նաւով կը ճամբորդէին, մեծ փոթորիկ եղաւ։ Յիսուս այդ դէպքը գործածեց իր աշակերտներուն սորվեցնելու, թէ աւելի զօրաւոր հաւատքի պէտք ունէին (Մատ. 8։23-26)։ Ան կը քնանար, երբ նաւը սկսաւ ջուրով լեցուիլ։ Աշակերտները զինք արթնցուցին եւ խնդրեցին որ զիրենք ազատէ։ Այն ատեն, Յիսուս հարցուց. «Թերա՛հաւատներ, ինչո՞ւ այդպէս վախկոտ էք»։ Կեանքիդ մէջ մեծ փոթորիկ մը կը դիմագրաւե՞ս։ Թերեւս կը տառապիս բնական աղէտի պատճառաւ, կամ լուրջ հիւանդութիւն ունիս, որ քեզ շատ կ’ընկճէ եւ չես գիտեր ի՛նչ ընել։ Երբեմն մտահոգ կ’ըլլաս, բայց թոյլ մի՛ տար մտահոգութեան, որ քեզ ետ պահէ Եհովային վստահելէ։ Իրեն դիմէ ջերմեռանդ աղօթքներով։ Եւ հաւատքդ զօրացուր՝ խոկալով այն ժամանակներուն վրայ, երբ Եհովան քեզի օգնեց (Սաղ. 77։11)։ Կրնաս վստահ ըլլալ, որ Եհովան բնա՛ւ քեզ երեսի վրայ պիտի չձգէ,– ո՛չ հիմա, ոչ ալ ապագային։ դ21.11 22 ¶7, 10

Երկուշաբթի, մարտ 20

Գողութիւն մի՛ ընէք (Ղեւ. 19։11)։

Մէկը թերեւս խորհի, որ ինք այդ պատուէրին կը հնազանդի, այնքան ատեն որ չ’առներ բան մը, որ իրեն չի պատկանիր։ Սակայն, գողութիւնը կրնայ ուրիշ կերպերով ալ ըլլալ։ Օրինակ, այն վաճառականը, որ իր յաճախորդները խաբելու համար, ճշգրիտ չեղող կշիռքներ կամ չափեր կը գործածէ, կերպով մը անոնցմէ գողցած կ’ըլլայ։ Ղեւտացւոց 19։13–ը գողութիւնը կը կապէ վաճառական խարդախութեան հետ, ըսելով. «Քու դրացիիդ զրկանք մի՛ ըներ», կամ մի՛ խաբեր։ Ուստի, եթէ մէկը իր գործին մէջ խարդախութիւն կ’ընէ, գողութիւն ըրած կ’ըլլայ։ Այսպէս, ութերորդ պատուիրանը ըսաւ որ գողնալը սխալ է, բայց Ղեւտացւոց գիրքին տուած մանրամասնութիւնները կ’օգնեն մեզի որ հասկնանք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք այդ պատուիրանին ետին եղող սկզբունքը գործադրել։ Լաւ կ’ընենք եթէ խոկանք, թէ Եհովան ինչպէ՛ս կը նկատէ անպարկեշտութիւնը եւ գողութիւնը։ Կրնանք մենք մեզի հարցնել. ‘Երբ Ղեւտացւոց 19։11-13–ը նկատի կ’առնեմ, պէտք կը տեսնե՞մ փոփոխութիւն մտցնելու կեանքիս մէջ, մանաւանդ այն կերպին մէջ, որով գործս կը դարձնեմ’։ դ21.12 9-10 ¶6-8

Երեքշաբթի, մարտ 21

Ինչպէս Եհովան ազնուօրէն ձեզի ներեց, նոյնպէս ալ՝ դո՛ւք (Կող. 3։13, ՆԱ)։

Անձնական աղօթքներուդ մէջ մտածէ մասնայատուկ սխալներու մասին, որ օրուան ընթացքին ըրիր եւ Եհովայէն ներում խնդրէ։ Անշուշտ եթէ լուրջ մեղք մը գործած ես, երէցներու օգնութեան ալ պէտք ունիս։ Անոնք քեզի մտիկ պիտի ընեն եւ Աստուածաշունչէն սիրալիր խրատներ պիտի տան։ Անոնք քեզի հետ պիտի աղօթեն, Եհովայէն խնդրելով որ շարունակէ Յիսուսի զոհին արժէքը քեզի կիրարկել, որպէսզի հոգեւորապէս բժշկուիս (Յակ. 5։14-16)։ Նաեւ, փրկանքին շուրջ խոկա՛։ Թերեւս շատ կը ցաւիս, երբ կը մտածես թէ Աստուծոյ Որդին որքա՜ն չարչարուեցաւ, բայց Յիսուսի փրկանքին մասին ո՛րքան աւելի խոկաս, ա՛յնքան աւելի խոր սէր պիտի ունենաս իրեն եւ իր Հօր հանդէպ։ Ամէն տարի փրկանքին հանդէպ մեր գնահատանքը կ’աւելցնենք, ներկայ ըլլալով Յիսուսի մահուան Յիշատակատօնին եւ ուրիշները հրաւիրելով այդ առիթին։ Եհովան ի՜նչ մեծ առանձնաշնորհում տուած է մեզի, որ իր Որդիին մասին սորվեցնենք ուրիշներուն։ դ21.04 18-19 ¶13-16

Չորեքշաբթի, մարտ 22

Շատ բաներ սորվեցուց անոնց (Մար. 6։34)։

Մտածէ թէ Յիսուս ի՛նչ ըրաւ երբ մեծ բազմութիւն մը իրեն հանդիպեցաւ լեռի մը քով։ Ան ամբողջ գիշերը աղօթելով անցուցած էր։ Ան շա՜տ յոգնած ըլլալու էր, բայց երբ այդ բազմութիւնը տեսաւ, ան խղճաց անոնց մէջ եղող աղքատներուն եւ հիւանդներուն վրայ։ Ան ոչ միայն հիւանդները բուժեց, հապա նաեւ տուաւ ամենագեղեցիկ դասախօսութիւնը՝ Լերան քարոզը (Ղուկ. 6։12-20)։ Յիսուս նաեւ առատաձեռնօրէն իր ժամանակէն տուաւ ուրիշներուն։ Կրնա՞ս երեւակայել, թէ Յիսուս ի՛նչ զգաց, երբ գիտցաւ թէ իր բարեկամը՝ Յովհաննէս Մկրտիչը՝ գլխատուեցաւ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Երբ Յիսուս լսեց [Յովհաննէսի մահուան մասին], անկէ նաւով անապատ մը գնաց առանձին» (Մատ. 14։10-13)։ Բայց մեծ բազմութիւն մը իրմէ առաջ այդ ամայի վայրը հասաւ (Մար. 6։31-33)։ Յիսուս կրնար տեսնել, թէ անոնք շա՜տ պէտք ունէին հոգեւորապէս թարմանալու, եւ արագօրէն օգնութեան ձեռք երկարեց (Ղուկ. 9։10, 11)։ դ22.02 21 ¶4, 6

Հինգշաբթի, մարտ 23

Ամէն մարդու հետ խաղաղութիւն ունեցէ՛ք (Հռով. 12։18)։

Ի՞նչ պէտք է ընենք, երբ անդրադառնանք որ եղբայր մը կամ քոյր մը վիրաւորած ենք։ Պէտք է Եհովային սրտանց աղօթենք ու խնդրենք, որ մեզի օգնէ եղբօր հետ հաշտուելու։ Նաեւ պէտք է ժամանակ տրամադրենք մեր անձը քննելու։ Կրնանք հարց տալ. ‘Պատրա՞ստ եմ «սխալած եմ» ըսելու, խոնարհաբար ներողութիւն խնդրելու եւ հաշտուելու։ Եթէ հաշտուելու համար նախաքայլը առնեմ, Եհովան եւ Յիսուսը ինչպէ՞ս պիտի զգան’։ Մեր պատասխանները կրնան մեզ մղել, որ Յիսուսին մտիկ ընենք եւ խոնարհաբար մեր հաւատակիցին մօտենանք, որպէսզի իրեն հետ հաշտուինք։ Երբ մեր եղբօր քով երթանք խնդիր մը լուծելու համար, պէտք է խոնարհութեամբ վարուինք (Եփ. 4։2, 3)։ Նաեւ պէտք է խօսինք եղբօր հետ այն նպատակով, որ դարձեալ լաւ փոխյարաբերութիւն ունենանք։ Յիշենք որ մեր եղբօր հետ խաղաղութիւն հաստատելը աւելի կարեւոր է, քան փաստել թէ ո՛վ իրաւունքով էր (Ա. Կոր. 6։7)։ դ21.12 26 ¶13-16

Ուրբաթ, մարտ 24

Քաղաքը տեսնելով՝ լացաւ անոր վրայ (Ղուկ. 19։41)։

Յիսուսին սիրտը կը ցաւէր, քանի որ գիտէր որ հրեաները ընդհանուր առմամբ արդէն ցոյց տուած էին, որ Թագաւորութեան պատգամին պիտի չընդառաջէին։ Ուստի, Երուսաղէմը պիտի կործանէր եւ ողջ մնացող հրեաները գերութեան պիտի տարուէին (Ղուկ. 21։20-24)։ Ցաւօք սրտի, Յիսուսին ըսածը եղաւ. հրեաներուն մեծամասնութիւնը զինք մերժեց։ Ներկայիս, շրջանիդ մէջ մարդոց մեծամասնութիւնը պատգամիդ ինչպէ՞ս կը հակազդէ։ Եթէ քիչեր քեզի ականջ կու տան, ի՞նչ կրնաս սորվիլ Յիսուսի լալէն։ Եհովան մարդոցմով հետաքրքրուած է։ Յիսուսի արցունքները մեզի կը յիշեցնեն, թէ Եհովային համար որքա՜ն կարեւոր են մարդիկը։ «Տէրը. . . չ’ուզեր որ մէ՛կը կորսուի, հապա որ ամէնքը ապաշխարեն» (Բ. Պետ. 3։9)։ Ներկայիս, ցոյց կու տանք թէ մարդիկը կը սիրենք, երբ կը շարունակենք մեր անձնազոհ ջանքերը թափել, որ Թագաւորութեան բարի լուրը անոնց սրտին հասցնենք (Մատ. 22։39)։ դ22.01 16-17 ¶10-12

Շաբաթ, մարտ 25

Իմ անձս քեզի կը յարի, քու աջ ձեռքդ զիս կը պահէ (Սաղ. 63։8)։

Հաւատքդ ա՛լ աւելի պիտի զօրանայ, երբ խոկաս թէ Եհովան իր ժողովուրդին համար ի՛նչ ըրած է եւ անձնապէս քեզի համար ի՛նչ ըրած է։ Սակայն, ամենակարեւորը, Եհովային հանդէպ սէրդ պիտի աւելնայ։ Սէրը, միւս բոլոր յատկութիւններէն աւելի քեզ պիտի մղէ, որ Եհովային հնազանդիս, զինք հաճեցնելու համար զոհողութիւններ ընես եւ որեւէ փորձութեան տոկաս (Մատ. 22։37-39. Ա. Կոր. 13։4, 7. Ա. Յովհ. 5։3)։ Այո, ամէնէն թանկագին բանը որ ունինք՝ Եհովային հետ մեր մտերիմ բարեկամութիւնն է (Սաղ. 63։1-7)։ Մի՛ մոռնար որ աղօթելը, սերտելը եւ խոկալը մեր պաշտամունքին մէկ մասն են։ Յիսուսին պէս, փնտռէ հանդարտ պահեր, որպէսզի Եհովային հետ ժամանակ անցընես։ Թոյլ մի՛ տար, որ բան մը ձգէ որ միտքդ ցրուի։ Եհովայէն խնդրէ, որ քեզի օգնէ որ կեդրոնանաս, երբ հոգեւոր գործունէութիւններու կը մասնակցիս։ Եթէ հիմա ժամանակդ լաւագոյն կերպով գործածես, Եհովան մեծապէս քեզ պիտի վարձատրէ եւ պիտի վայելես յաւիտենական կեանքը իր նոր աշխարհին մէջ (Մար. 4։24)։ դ22.01 31 ¶18-20

Կիրակի, մարտ 26

Չարէն զզուեցէք (Հռով. 12։9)։

Մեր մտածումները կ’ազդեն մեր գործերուն։ Այս պատճառով է որ Յիսուս սորվեցուց, որ մերժենք այն մտածումները, որոնք կրնան առաջնորդել լուրջ մեղք գործելու (Մատ. 5։21, 22, 28, 29)։ Վստահաբար, կ’ուզենք մեր երկնաւոր Հայրը հաճեցնել։ Ուստի, շա՜տ կարեւոր է որ անմիջապէս մերժենք որեւէ գէշ գաղափար, որ մեր միտքը կու գայ։ Յիսուս ըսաւ. «Բերնէն ելած բաները սրտէն յառաջ կու գան» (Մատ. 15։18)։ Այո, մեր խօսքերը շա՜տ բան կը յայտնեն մեր ներքին անձին մասին։ Անոր համար դուն քեզի հարցուր. ‘Կը մերժե՞մ սուտ խօսիլ, նոյնիսկ եթէ ճշմարտութիւնը ըսելը խնդիր պիտի պատճառէ ինծի։ Որպէս ամուսնացած մէկը, ուշադի՞ր եմ որ հակառակ սեռէն եղողի մը սիրային խօսքեր չըսեմ։ Պիղծ լեզու գործածելէ ամբողջովին կը խուսափի՞մ։ Մեղմութեամբ կը պատասխանե՞մ, երբ մէկը զիս վիրաւորէ’։ Այս հարցումներուն մասին լաւ մտածելը օգտակար պիտի գտնես։ Եթէ ամէն կարելիդ ընես որ խօսակցութեանդ մէջ չգործածես հայհոյանք, ստախօսութիւն եւ անբարոյ խօսքեր, հին անձնաւորութիւնը աւելի դիւրաւ վրայէդ պիտի հանես։ դ22.03 5 ¶12-14

Երկուշաբթի, մարտ 27

Խրատին մտիկ ընողներուն քով իմաստութիւն կայ (Առ. 13։10)։

Անոնք որոնք խրատ կը խնդրեն, յաճախ աւելի արագ հոգեւորապէս կը յառաջդիմեն, քան՝ անոնք որոնք միայն կը սպասեն որ մէկը իրենց խրատ տայ։ Անոր համար, դուն նախաքայլը առ ու խրատ ուզէ։ Ո՞ր պարագաներուն կրնանք հաւատակիցներէն խրատ խնդրել։ Նկատի առ այս պարագաները։ 1) Քոյր մը փորձառու քրոջմէ մը կը խնդրէ, որ իրեն հետ իր ուսումնասիրութեան ներկայ ըլլայ, եւ ետքը խրատ կը խնդրէ, թէ ինչպէ՛ս կրնայ սորվեցնելու իր մեթոտները բարելաւել։ 2) Ամուրի քոյր մը կ’ուզէ տաբատ գնել եւ հասուն քրոջմէ մը կը խնդրէ որ իր զատած տաբատին մասին անկեղծօրէն իր կարծիքը ըսէ։ 3) Եղբայր մը, որ առաջին անգամ ըլլալով հանրային դասախօսութիւն պիտի տայ, փորձառու եղբօրմէ կը խնդրէ, որ իրեն մտիկ ընէ եւ ետքը խրատ տայ, թէ ինչպէ՛ս կրնայ բարելաւուիլ։ Նոյնիսկ եղբայր մը, որ տարիներէ ի վեր դասախօսութիւններ կու տայ, լաւ կ’ընէ եթէ փորձառու դասախօսներէ խնդրէ որ խրատ տան, եւ ետքը այդ խրատները գործադրէ (Առ. 19։20)։ դ22.02 13 ¶15-17

Երեքշաբթի, մարտ 28

Ես մինակ չեմ, հապա ես եւ Հայրը, որ զիս ղրկեց (Յովհ. 8։16)։

Եհովան մեզ կը սիրէ ու կը հոգայ, ճիշդ ինչպէս որ Յիսուսը սիրեց ու հոգաց՝ մինչ ան կը կատարէր իր դժուար նշանակումը երկրի վրայ (Յովհ. 5։20)։ Ան Յիսուսի բոլոր հոգեւոր, զգացական եւ ֆիզիքական պէտքերը հոգաց եւ ետ չկեցաւ անոր հանդէպ իր սէրն ու հաւանութիւնը յայտնելէ (Մատ. 3։16, 17)։ Որովհետեւ Յիսուս գիտէր, որ իր երկնաւոր Հայրը միշտ իրեն հետ պիտի ըլլար եւ իրեն պիտի օգնէր, բնաւ միայնակ չզգաց։ Յիսուսին պէս, բոլորս շատ մը կերպերով զգացած ենք Եհովային սէրը։ Պահ մը մտածէ. Եհովան մեզ իրեն քաշեց եւ մեզի տուաւ սիրալիր ու միացած հոգեւոր ընտանիք մը, որ մեզ ուրախացնէ եւ մեր զգացական պէտքերը լեցնէ (Յովհ. 6։44)։ Ան նաեւ մեզի կանոնաւորաբար կու տայ հոգեւոր սնունդ, որ մեր հաւատքը զօրաւոր մնայ։ Եւ նոյնիսկ մեզի կ’օգնէ, որ մեր ամէնօրեայ նիւթական պէտքերը հոգանք (Մատ. 6։31, 32)։ Երբ կը խոկանք մեզի հանդէպ Եհովայի սիրոյն վրայ, իրեն հանդէպ մեր սէրը կ’աճի։ դ21.09 22 ¶8-9

Չորեքշաբթի, մարտ 29

Հին մարդը իր գործերովը ձեր վրայէն հանեցէ՛ք (Կող. 3։9)։

Ինչպիսի՞ կեանք կը վարէիր՝ Եհովայի վկաներուն հետ Աստուածաշունչը սերտելու սկսելէ առաջ։ Մեզմէ շատեր չեն ուզեր վերյիշել զայն։ Մեր մտածելակերպը եւ անձնաւորութիւնը շատ հաւանաբար ազդուած էին այս աշխարհի չափանիշներէն, թէ ի՛նչ բան ճիշդ է կամ սխալ է։ Ուստի, ‘աշխարհի մէջ կ’ապրէինք առանց յոյսի եւ առանց Աստուծոյ’ (Եփ. 2։12, ՆԹ)։ Սակայն, երբ սկսար Աստուածաշունչը սերտել, տեսար որ ունիս երկնաւոր Հայր մը, որ քեզ շատ կը սիրէ։ Նկատեցիր որ եթէ կ’ուզես Եհովան հաճեցնել եւ իր ժողովուրդին մէկ մասը ըլլալ, պէտք է արմատական փոփոխութիւններ ընես ապրելակերպիդ ու մտածելակերպիդ մէջ։ Ինչպէս նաեւ, պէտք է իր բարձր չափանիշներուն համաձայն ապրիս (Եփ. 5։3-5)։ Մեր Ստեղծիչը եւ երկնաւոր Հայրը՝ Եհովան, իրաւունքը ունի որոշելու, թէ զինք պաշտողները ինչպէ՛ս պէտք է վարուին։ Եւ ան կը պահանջէ, որ մկրտուելէ առաջ ջանք թափենք, որ հին անձնաւորութիւնը իր գործերովը մեր վրայէն հանենք։ դ22.03 2 ¶1-3

Հինգշաբթի, մարտ 30

Ուրիշ ոչխարներ ալ ունիմ (Յովհ. 10։16)։

Ուրիշ ոչխարները ուրախ կ’ըլլան Յիշատակատօնին ներկայ ըլլալով որպէս դիտողներ եւ իրենց յոյսին վրայ կը խոկան։ Յիշատակատօնի դասախօսութիւնը կը բացատրէ ի՛նչ որ Քրիստոս եւ 144,000 իշխանակիցները պիտի ընեն հաւատարիմ մարդոց համար, Հազարամեայ իշխանութեան ընթացքին։ Անոնք երկիրը դրախտի պիտի վերածեն եւ հնազանդ մարդկութիւնը կատարելութեան պիտի հասցնեն։ Յիշատակատօնին ներկայ եղող միլիոնաւորներ ուրախութեամբ կ’երեւակայեն Աստուածաշունչի մարգարէութիւններուն ապագայ կատարումը, ինչպէս՝ անոնք որոնք արձանագրուած են Եսայի 35։5, 6. 65։21-23 եւ Յայտնութիւն 21։3, 4–ի մէջ։ Իրենք զիրենք եւ իրենց սիրելիները երեւակայելով այդ նոր աշխարհին մէջ, անոնք իրենց յոյսը կը զօրացնեն եւ կը վճռեն Եհովային շարունակ ծառայել (Մատ. 24։13. Գաղ. 6։9)։ դ22.01 21 ¶5-7

Յիշատակատօնին համար՝ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. (Արեւամուտէն ետք՝ նիսան 9–ի դէպքերը) Մատթէոս 26։6-13

Ուրբաթ, մարտ 31

Որդին մարդոյ եկաւ. . . իր կեանքը շատերուն համար իբր փրկանք տալու (Մար. 10։45)։

Ի՞նչ է փրկանքը։ Այն գինը, որ Յիսուս վճարեց Ադամի կորսնցուցածը ետ գնելու համար (Ա. Կոր. 15։22)։ Ինչո՞ւ փրկանքին պէտք ունինք։ Քանի որ Եհովայի արդարութեան չափանիշին համաձայն, կեանքի տեղ կեանք պէտք էր տրուէր, ինչպէս որ Մովսիսական օրէնքը կ’ըսէ (Ել. 21։23, 24)։ Ադամ իր կատարեալ մարդկային կեանքը կորսնցուց։ Այդ չափանիշին համաձայն, Յիսուս իր կատարեալ մարդկային կեանքը զոհեց (Հռով. 5։17)։ Այսպիսով, ան «Յաւերժական Հայր» կ’ըլլայ բոլոր անոնց, որոնք փրկանքին հաւատք կ’ընծայեն (Եսա. 9։6, ՆԱ. Հռով. 3։23, 24)։ Յիսուս յօժար էր իր կեանքը զոհելու, քանի որ մեծ սէր ունի իր երկնաւոր Հօր եւ մեզի հանդէպ (Յովհ. 14։31. 15։13)։ Այդ սէրը զինք մղեց որ մինչեւ վերջ ուղղամիտ մնայ եւ իր Հօր կամքը կատարէ։ Առ ի արդիւնք, մարդկութեան եւ երկրին նկատմամբ Եհովայի բուն նպատակը պիտի կատարուի։ դ21.04 14 ¶2-3

Յիշատակատօնին համար՝ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. (Ցերեկուան ընթացքին՝ նիսան 9–ի դէպքերը) Մատթէոս 21։1-11, 14-17

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել