Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • աք23 էջ 37-46
  • Ապրիլ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ապրիլ
  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2023
  • Ենթավերնագիրներ
  • Շաբաթ, ապրիլ 1
  • Կիրակի, ապրիլ 2
  • Երկուշաբթի, ապրիլ 3
  • ՅԻՇԱՏԱԿԱՏՕՆԻՆ ԹՈՒԱԿԱՆԸ
    Արեւամուտէն ետք
    Երեքշաբթի, ապրիլ 4
  • Չորեքշաբթի, ապրիլ 5
  • Հինգշաբթի, ապրիլ 6
  • Ուրբաթ, ապրիլ 7
  • Շաբաթ, ապրիլ 8
  • Կիրակի, ապրիլ 9
  • Երկուշաբթի, ապրիլ 10
  • Երեքշաբթի, ապրիլ 11
  • Չորեքշաբթի, ապրիլ 12
  • Հինգշաբթի, ապրիլ 13
  • Ուրբաթ, ապրիլ 14
  • Շաբաթ, ապրիլ 15
  • Կիրակի, ապրիլ 16
  • Երկուշաբթի, ապրիլ 17
  • Երեքշաբթի, ապրիլ 18
  • Չորեքշաբթի, ապրիլ 19
  • Հինգշաբթի, ապրիլ 20
  • Ուրբաթ, ապրիլ 21
  • Շաբաթ, ապրիլ 22
  • Կիրակի, ապրիլ 23
  • Երկուշաբթի, ապրիլ 24
  • Երեքշաբթի, ապրիլ 25
  • Չորեքշաբթի, ապրիլ 26
  • Հինգշաբթի, ապրիլ 27
  • Ուրբաթ, ապրիլ 28
  • Շաբաթ, ապրիլ 29
  • Կիրակի, ապրիլ 30
Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2023
աք23 էջ 37-46

Ապրիլ

Շաբաթ, ապրիլ 1

Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ (Յովհ. 3։16)։

Յիսուս իր մեծ սէրը յայտնեց, մեզի համար իր կեանքը զոհելով (Յովհ. 15։13)։ Մենք բնա՛ւ չենք կրնար հատուցանել Եհովային եւ Յիսուսին իրենց ցոյց տուած սիրոյն փոխարէն։ Բայց կրնանք շնորհակալութիւն յայտնել, մեր առօրեայ ապրելակերպով (Կող. 3։15)։ Օծեալները կ’արժեւորեն փրկանքը, քանի որ իրենց երկնային յոյսը կարելի կը դարձնէ (Մատ. 20։28)։ Անոր համար Եհովան զիրենք արդարացուցած է եւ որդեգրած է որպէս իր զաւակները (Հռով. 5։1. 8։15-17, 23)։ Ուրիշ ոչխարներն ալ շնորհակալ են փրկանքին համար։ Այս պատճառով, Աստուծոյ առջեւ մաքուր կեցուածք կը վայելեն եւ յոյս ունին, որ «մեծ նեղութենէն» դուրս գան (Յայտ. 7։13-15)։ Ամէն տարի Յիշատակատօնին ներկայ ըլլալով, երկու խումբերն ալ ցոյց կու տան, որ փրկանքը մեծապէս կ’արժեւորեն։ դ22.01 23 ¶14-15

Յիշատակատօնին համար՝ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. (Ցերեկուան ընթացքին՝ նիսան 10–ի դէպքերը) Մատթէոս 21։18, 19. 21։12, 13. Յովհաննէս 12։20-50

Կիրակի, ապրիլ 2

Քրիստոս մեզ ծախու առաւ (Գաղ. 3։13)։

Յիսուս տառապեցաւ այն ամբաստանութեան պատճառաւ, որուն հիման վրայ մահուան դատապարտուեցաւ։ Զինք հայհոյիչ կոչեցին՝ մէկը, որ Աստուծոյ անուան հանդէպ յարգանք չունի (Մատ. 26։64-66)։ Ան յուսաց որ իր Հայրը այս նախատինքը իրմէ հեռացնէ (Մատ. 26։38, 39, 42)։ Միւս կողմէ, Յիսուս պէտք էր ցիցէն կախուէր, որպէսզի հրեաները մասնայատուկ անէծքէ մը ազատէր (Գաղ. 3։10)։ Անոնք ըսած էին, որ Աստուծոյ Օրէնքը պիտի պահէին, բայց չպահեցին։ Առ ի արդիւնք, անոնք այս անէծքը իրենց վրայ բերին (Հռով. 5։12)։ Օրէնքը ըսաւ, որ ան որ մահուան արժանի մեղք մը կը գործէ, պէտք է մեռցուի։ Եւ կարգ մը պարագաներու, անոր դիակը ցիցէն կը կախուէր։ Օրէնքը նաեւ ըսաւ որ ցիցէն կախուողը Աստուծոյ կողմէ անիծեալ է (Բ. Օր. 21։22, 23. 27։26)։ Ուստի ցիցէն կախուելով, Յիսուս հրեաներուն վրայ եղած անէծքը իր վրայ առաւ, որպէսզի անոնք ատկէ ազատէին, թէեւ զինք մերժեցին։ դ21.04 16 ¶5-6

Յիշատակատօնին համար՝ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. (Ցերեկուան ընթացքին՝ նիսան 11–ի դէպքերը) Մատթէոս 21։33-41. 22։15-22. 23։1-12. 24։1-3

Երկուշաբթի, ապրիլ 3

Ես իմ կեանքս կը դնեմ (Յովհ. 10։17)։

Յիսուսի երկրային կեանքին վերջին օրը հռոմայեցի զինուորներ զինք կը ծեծեն՝ գործածելով մտրակ մը, որ իր մարմինը կը պատռտէ (Մատ. 26։52-54. Յովհ. 18։3. 19։1)։ Ետքը, ծանր ցից կը դնեն իր վիրաւորուած կռնակին։ Յիսուս կը փորձէ զայն կրել դէպի այն վայրը, ուր զինք պիտի մեռցնեն, բայց շատ չանցած՝ զինուորները մարդու մը կը հրամայեն որ ինք կրէ ցիցը (Մատ. 27։32)։ Հասնելէ ետք, զինուորները Յիսուսի ձեռքերն ու ոտքերը ցիցին կը գամեն։ Երբ ցիցը շիտակ կը կեցնեն, գամերուն պատճառած վէրքերը աւելի կը պատռտուին Յիսուսի մարմնի ծանրութենէն։ Իր բարեկամները տխուր են եւ մայրը կու լայ, իսկ հրեայ առաջնորդները զինք կը ծաղրեն (Ղուկ. 23։32-38. Յովհ. 19։25)։ Կախուած ըլլալուն պատճառաւ, իր սիրտն ու թոքերը դժուարաւ կը գործեն։ Գիտնալով որ մինչեւ վերջ հաւատարիմ եղած է, ան վերջին անգամ ըլլալով կ’աղօթէ։ Ապա իր գլուխը ծռելով կը մեռնի (Մար. 15։37. Ղուկ. 23։46. Յովհ. 10։18. 19։30)։ Ի՜նչ դանդաղ, ցաւալի եւ նուաստացուցիչ մահ։ դ21.04 16 ¶4

Յիշատակատօնին համար՝ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. (Ցերեկուան ընթացքին՝ նիսան 12–ի դէպքերը) Մատթէոս 26։1-5, 14-16. Ղուկաս 22։1-6

ՅԻՇԱՏԱԿԱՏՕՆԻՆ ԹՈՒԱԿԱՆԸ
Արեւամուտէն ետք
Երեքշաբթի, ապրիլ 4

Ասիկա ըրէք զիս յիշելու համար (Ղուկ. 22։19)։

Յիսուս իր 11 հաւատարիմ առաքեալներուն խօսեցաւ երկու ուխտերու մասին. նոր ուխտը եւ Թագաւորութեան ուխտը (Ղուկ. 22։20, 28-30)։ Այս երկու ուխտերը առաքեալներուն եւ ուրիշ քիչերու կարելի դարձուցին, որ երկինքին մէջ թագաւորներ ու քահանաներ ըլլան (Յայտ. 5։10. 14։1)։ Միայն օծեալ մնացորդը, որ այս ուխտերուն մէջ է, կրնայ Յիշատակատօնի ընթացքին հացէն ուտել ու գինիէն խմել։ Աստուած օծեալներուն հոյակապ յոյս մը տուած է. երկինքի մէջ անմահ կեանք ունենալ, Յիսուսին հետ ծառայել եւ Իր ներկայութիւնը վայելել (Ա. Կոր. 15։51-53. Ա. Յովհ. 3։2)։ Բայց պէտք է մինչեւ մահ հաւատարիմ մնան (Բ. Տիմ. 4։7, 8)։ դ22.01 21 ¶4-5

Յիշատակատօնին համար՝ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. (Ցերեկուան ընթացքին՝ նիսան 13–ի դէպքերը) Մատթէոս 26։17-19. Ղուկաս 22։7-13 (Արեւամուտէն ետք՝ նիսան 14–ի դէպքերը) Մատթէոս 26։20-56

Չորեքշաբթի, ապրիլ 5

Ինծի հետ դրախտին մէջ պիտի ըլլաս (Ղուկ. 23։43)։

Երկու չարագործներ Յիսուսի կողքին տանջանքի ցիցերու վրայ էին (Ղուկ. 23։40, 41)։ Անոնցմէ մէկը Յիսուսին ըսաւ. «Տէ՛ր, յիշէ՛ զիս, երբ քու թագաւորութիւնովդ գաս» (Ղուկ. 23։42)։ Յիսուս անոր յոյս տուաւ, քանի որ գիտէր որ իր Հայրը ողորմած է (Սաղ. 103։8. Եբ. 1։3)։ Եհովան կ’ուզէ մեզի ներել եւ ողորմիլ, բայց պէտք է իրապէս զղջանք անցեալի մեր գէշ արարքներուն համար եւ հաւատանք որ կրնանք ներուիլ Յիսուսի զոհին միջոցաւ (Ա. Յովհ. 1։7)։ Ոմանց համար դժուար է հաւատալ, որ Եհովան կրնայ իրենց ներել։ Եթէ այդպէս կը զգաս, այս բանը նկատի առ. իր մահէն քիչ առաջ, Յիսուս ողորմութիւն ցոյց տուաւ այն չարագործին հանդէպ, որ նոր սկսած էր հաւատք ցուցաբերել։ Եհովան որքա՜ն աւելի պիտի ողորմի իր հաւատարիմ ծառաներուն (Սաղ. 51։1. Ա. Յովհ. 2։1, 2)։ դ21.04 9 ¶5-6

Յիշատակատօնին համար՝ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. (Ցերեկուան ընթացքին՝ նիսան 14–ի դէպքերը) Մատթէոս 27։1, 2, 27-37

Հինգշաբթի, ապրիլ 6

Յիսուս. . . ըսաւ. «Ամէն բան կատարուեցաւ» (Յովհ. 19։30)։

Մինչեւ իր մահը ուղղամիտ մնալով, Յիսուս փաստեց որ Սատանան ստախօս է։ Ան ցոյց տուաւ, որ կատարեալ մարդ մը կրնար կատարելապէս ուղղամիտ մնալ՝ Սատանան ի՛նչ որ ալ ընէր։ Նաեւ, իր կեանքը որպէս փրկանք տուաւ։ Այսպէս, կարելի դարձաւ որ անկատար մարդիկ Աստուծոյ առջեւ արդար կեցուածք ունենան եւ յաւիտեան ապրելու յոյսը ունենան։ Ասկէ զատ, փաստեց որ Եհովան արդար Կառավարիչ է եւ անոր անունը նախատինքէ մաքրեց։ Թող իւրաքանչիւր օր ապրինք այնպէս մը, որ կարծես թէ մեր վերջին առիթն է ուղղամիտ մնալու։ Այդպիսով, նոյնիսկ եթէ մեռնելու վրայ ըլլանք, պիտի կարենանք ըսել. «Ո՛վ Եհովա, ամէն բան ըրի որ ուղղամիտ մնամ, փաստեմ որ Սատանան ստախօս է եւ քու անունդ ու գերիշխանութիւնդ ջատագովեմ»։ դ21.04 12 ¶13-14

Յիշատակատօնին համար՝ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. (Ցերեկուան ընթացքին՝ նիսան 15–ի դէպքերը) Մատթէոս 27։62-66 (Արեւամուտէն ետք՝ նիսան 16–ի դէպքերը) Մատթէոս 28։2-4

Ուրբաթ, ապրիլ 7

Ատիկա է սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ, ատոր մտիկ ըրէք (Մատ. 17։5)։

Յիսուս սուտ կերպով ամբաստանուած է եւ յանցաւոր նկատուած է ոճիրի մը համար, որ չէ գործած։ Անկէ ետք, զինք կը ծաղրեն, կը չարչարեն եւ ետքը տանջանքի ցիցին վրայ կը գամեն։ Գամերը իր ձեռքերուն եւ ոտքերուն մէջ մխրճուած ըլլալով, ամէն անգամ որ շունչ կ’առնէ եւ կը խօսի, կը ցաւի։ Բայց պէտք է խօսի, քանի որ ըսելիք կարեւոր բաներ ունի։ Այդ խօսքերէն կը սորվինք որ պէտք է ուրիշներուն ներենք եւ վստահ ըլլանք, որ Եհովան մեզի պիտի ներէ։ Մեզի համար առանձնաշնորհում է եղբայրներ ու քոյրեր ունենալ, որոնք պատրաստ են մեզի օգնելու։ Բայց երբ օգնութեան պէտք ունենանք, պէտք է իրենցմէ խնդրենք որ մեզի օգնեն։ Եհովան պիտի օգնէ, որ գալիք որեւէ փորձութեան դիմանանք։ Կարեւոր է որ իւրաքանչիւր օր ապրինք այնպէս մը, որ կարծես թէ մեր ուղղամտութիւնը փաստելու վերջին օրն է, վստահ ըլլալով որ մեր կեանքը Եհովայի ձեռքերուն մէջ ապահով է։ դ21.04 8 ¶1. 13 ¶17

Յիշատակատօնին համար՝ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. (Ցերեկուան ընթացքին՝ նիսան 16–ի դէպքերը) Մատթէոս 28։1, 5-15

Շաբաթ, ապրիլ 8

Այս է յաւիտենական կեանքը, որ ճանչնան քեզ միմիայն ճշմարիտ Աստուածդ ու Յիսուս Քրիստոսը, որ դուն ղրկեցիր (Յովհ. 17։3)։

Յիսուսի հետքերուն հետեւիլը յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ։ Երբ հարուստ երիտասարդ մը հարցուց, թէ ի՛նչ պէտք է ընէ յաւիտենական կեանքը ձեռք ձգելու համար, Յիսուս պատասխանեց. «Եկուր իմ ետեւէս» (Մատ. 19։16-21)։ Ուրիշ առիթով մը, Յիսուս ըսաւ կարգ մը հրեաներու, որոնք չէին հաւատար որ ինք Քրիստոսն է. «Իմ ոչխարներս. . . իմ ետեւէս կու գան։ Ես անոնց յաւիտենական կեանք կու տամ» (Յովհ. 10։24-29)։ Յիսուսին հանդէպ հաւատք ցոյց կու տանք, գործադրելով ինչ որ սորվեցուց խօսքով ե՛ւ օրինակով։ Այդպէս ընելով, յաւիտենական կեանքի տանող ճամբուն վրայ պիտի մնանք (Մատ. 7։14)։ Որպէսզի կարենանք Յիսուսի հետքերուն սերտօրէն հետեւիլ, պէտք է զինք «ճանչնանք»։ Ատիկա բան մըն է, որ պէտք է շարունակ ընենք։ Պէտք է երթալով աւելի ծանօթանանք իրեն՝ սորվելով իր յատկութիւններուն, մտածելակերպին եւ չափանիշներուն մասին։ Նոյնիսկ եթէ երկար ատենէ ի վեր ճշմարտութեան մէջ ենք, պէտք է շարունակ ջանք թափենք որ Եհովան եւ իր Որդին լաւ ճանչնանք։ դ21.04 4 ¶9-10

Կիրակի, ապրիլ 9

Առաջ հայհոյիչ էի ու հալածող (Ա. Տիմ. 1։13)։

Հաւանաբար եղան պահեր երբ Պօղոս առաքեալի անցեալը զինք տանջեց։ Չենք զարմանար, երբ կը կարդանք որ ան ինքզինք ‘մեղաւորներուն գլուխը’ սեպեց (Ա. Տիմ. 1։15)։ Ճշմարտութիւնը գիտնալէ առաջ, ան անդադար քրիստոնեաները կը հալածէր մէկ քաղաքէն միւսը։ Ան կը բանտարկէր ոմանք, եւ հաւանութիւն կու տար, երբ դատարանը կ’որոշէր ոմանք մեռցնել (Գործք 26։10, 11)։ Ան վստահաբար շատ գէշ պիտի զգար, եթէ հանդիպէր պատանի քրիստոնեայի մը, որուն ծնողքին մահուան ի՛նք պատճառ եղած էր։ Պօղոս կը զղջար իր սխալներուն համար, բայց գիտէր որ անցեալը չէր կրնար փոխել։ Ան ընդունեց որ Քրիստոս իրե՛ն համար մեռաւ եւ համոզումով գրեց՝ «Աստուծոյ շնորհքովն եմ՝ ինչ որ եմ» (Ա. Կոր. 15։3, 10)։ Ասկէ ի՞նչ դաս կը սորվինք։ Ընդունէ որ Քրիստոս քեզի համար մեռաւ եւ ճամբան հարթեց, որ Եհովային հետ ջերմ ու անձնական փոխյարաբերութիւն ունենաս (Գործք 3։19)։ Աստուծոյ համար կարեւորը այն է, որ մենք հիմա եւ ապագային ի՛նչ կ’ընենք, եւ ոչ թէ անցեալին ի՛նչ սխալներ գործեցինք (Եսա. 1։18)։ դ21.04 23 ¶11

Երկուշաբթի, ապրիլ 10

Հոգիները փորձեցէք՝ թէ արդեօք Աստուծմէ՞ են. վասն զի աշխարհի մէջ շատ սուտ մարգարէներ ելած են (Ա. Յովհ. 4։1)։

Թէեւ Յիսուսի ժամանակակից հրեաներէն շատեր չէին ակնկալեր, որ Մեսիան մեռնէր, բայց տես թէ Սուրբ Գրութիւնները ի՛նչ մարգարէացած էին. «Իր անձը մահուան մատնեց, յանցաւորներու հետ սեպուեցաւ. շատերու մեղքը վերցուց ու յանցաւորներու համար միջնորդութիւն ըրաւ» (Եսա. 53։12)։ Ուստի հրեաները պատճառ չունէին գայթակղելու, երբ Յիսուս որպէս մեղաւոր սպաննուեցաւ։ Այսօր, կրնանք չգայթակղիլ՝ իրողութիւնները գիտնալով։ Լերան քարոզին մէջ, Յիսուս իրեն մտիկ ընողները զգուշացուց, թէ ոմանք «սուտ տեղը ամէն կերպ գէշ խօսքեր» պիտի խօսէին իրենց վրայ (Մատ. 5։11)։ Այս սուտերը Սատանայէն կու գան։ Ան հակառակորդները կը մղէ, որ վնասակար սուտեր տարածեն ճշմարտութիւնը սիրողներուն դէմ (Յայտ. 12։9, 10)։ Պէտք է մերժենք այդ սուտերը եւ բնա՛ւ չձգենք, որ մեզ վախցնեն կամ մեր հաւատքը տկարացնեն։ դ21.05 12 ¶14, 16

Երեքշաբթի, ապրիլ 11

Մի՛ վախնաք, վասն զի շատ ճնճղուկներէ լաւ էք դուք (Մատ. 10։31)։

Աստուածաշունչի աշակերտիդ օգնէ, որ Եհովային վստահի։ Յիսուս իր աշակերտները վստահեցուց, որ Եհովան իրենց պիտի օգնէր, քանի որ զիրենք կը սիրէր (Մատ. 10։19, 20, 29, 30)։ Աշակերտդ վստահեցուր, որ Եհովան իրեն ալ պիտի օգնէ։ Կրնաս իրեն օգնել որ Եհովային ապաւինի, իրեն հետ աղօթելով իր նպատակակէտերուն մասին։ Լեհաստանի մէջ ապրող Ֆրանչիշէք անունով եղբայր մը կ’ըսէ. «Ուսուցիչս յաճախ իր աղօթքներուն մէջ նպատակակէտերս կը յիշէր։ Երբ տեսայ թէ Եհովան ուսուցիչիս աղօթքներուն կը պատասխանէր, շուտով ես ալ սկսայ աղօթելու։ Եհովայի օգնութիւնը շօշափեցի, երբ նոր գործէս արձակուրդ առնելու պէտք ունէի, որպէսզի ժողովներուն եւ համաժողովին ներկայ ըլլայի»։ Եհովան մեր աշակերտները խորապէս կը հոգայ։ Ան կը գնահատէ այն ջանքերը, որ քրիստոնեայ ուսուցիչները կը թափեն մարդոց օգնելու, որ իրեն մօտենան, եւ ատոր համար զիրենք կը սիրէ (Եսա. 52։7)։ Եթէ ներկայիս Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն չես վարեր, տակաւին կրնաս Աստուածաշունչի աշակերտներուն օգնել որ յառաջդիմեն դէպի մկրտութիւն, ներկայ ըլլալով ուրիշ հրատարակիչներու վարած դասերուն։ դ21.06 7 ¶17-18

Չորեքշաբթի, ապրիլ 12

Անոր հաճութիւնը Աստուծոյ օրէնքին մէջ է, եւ ցորեկ ու գիշեր անոր օրէնքին վրայ կը մտածէ (Սաղ. 1։2)։

Կրնանք ցոյց տալ որ կը գնահատենք Աստուծոյ Խօսքը ունենալու առանձնաշնորհումը, զայն կանոնաւորաբար կարդալով։ Պէտք է Աստուածաշունչը կարդալու եւ սերտելու համար յայտագիր դնենք, եւ ոչ թէ կարդանք, միայն երբ կը զգանք թէ ժամանակ ունինք։ Սերտողութեան կանոնաւոր յայտագիրի մը կառչելով, մեր հաւատքը զօրաւոր պիտի պահենք։ Այս աշխարհի ‘իմաստուններուն ու գիտուններուն’ հակառակը, մենք Աստուծոյ Խօսքին հիման վրայ հաստատուն հաւատք ունինք (Մատ. 11։25, 26)։ Սուրբ Գիրքի սերտողութեան օգնութեամբ, մենք գիտենք թէ երկրի վրայ վիճակները ինչո՛ւ կը վատթարանան եւ թէ Եհովան ատոր նկատմամբ ի՛նչ պիտի ընէ։ Ուստի, թող որ վճռենք մեր հաւատքը զօրացնել եւ կարելի եղածին չափ շատ մարդոց օգնել, որ մեր Ստեղծիչին հանդէպ հաւատք ունենան (Ա. Տիմ. 2։3, 4)։ Եւ շարունակե՛նք ուրախութեամբ սպասել այն ժամանակին, երբ երկրի վրայ ամէն մարդ պիտի երկրորդէ Յայտնութիւն 4։10բ–ին խօսքերը. «Արժանի ես, Տէ՛ր, փառք. . . առնելու, վասն զի ամէն բան դուն ստեղծեցիր»։ դ21.08 18-19 ¶18-20

Հինգշաբթի, ապրիլ 13

Եղբայրսիրութեան մէջ իրարու գորովալից եղէ՛ք (Հռով. 12։10)։

Ժողովքի երէցները որպէս հովիւներ պատասխանատուութիւնը ունին պէտք եղած ատեն խրատ տալու։ Անոնք պէտք է ջանան այնպիսի խրատ մը տալ, որ գործնական է, քաջալերական է եւ «սիրտը կ’ուրախացնէ» (Առ. 27։9, ԱԾ)։ Անոնք եղբայրներն ու քոյրերը կը սիրեն։ Ատեններ այդ սէրը ցոյց կու տան խրատելով այն անհատը, որ սխալ ընելու վտանգի մէջ է (Գաղ. 6։1)։ Երէց մը լաւ կ’ընէ, եթէ նկատի առնէ կարգ մը բաներ, որոնք Պօղոս առաքեալ ըսաւ սիրոյ մասին. «Սէրը երկայնամիտ է, քաղցր է. . . ամէն բանի կը զիջանի, ամէն բանի կը հաւատայ, ամէն բանի կը յուսայ, ամէն բանի կը համբերէ» (Ա. Կոր. 13։4, 7)։ Այս համարներուն շուրջ մտածելը երէցին կրնայ օգնել վստահ ըլլալու, որ խրատը կու տայ սէրէ մղուած։ Եթէ խրատ ստացողը զգայ, որ երէցը իրմով անկեղծօրէն հետաքրքրուած է, աւելի հաւանական է որ խրատը ընդունի։ դ22.02 14 ¶3. 15 ¶5

Ուրբաթ, ապրիլ 14

Անոնք ապստամբեցան ու անոր Սուրբ Հոգին բարկացուցին (Եսա. 63։10)։

Եհովան հրեշտակներն ու մարդիկը կատարեալ եւ անթերի ստեղծեց։ Բայց ետքը, ըմբոստ հրեշտակը՝ Սատանան (որ կը նշանակէ «Հակառակորդ»), Եհովային դէմ հանեց կատարեալ մարդիկը՝ Ադամն ու Եւան։ Ուրիշ հրեշտակներ ու մարդիկ ալ ըմբոստացան (Յդ. 6)։ Եհովան դաւաճանուած զգաց։ Բայց ան տոկացած է եւ պիտի շարունակէ տոկալ, մինչեւ որ ժամանակը գայ եւ բոլոր ըմբոստներուն վերջ դնէ։ Այն ատեն, Եհովան եւ իրեն հաւատարիմ եղողները ուրախ պիտի ըլլան, որ այլեւս տոկալու պէտք պիտի չունենան։ Ասկէ զատ, Սատանան Եհովայի ուղղամիտ ծառան՝ Յոբը, ամբաստանեց՝ ըսել ուզելով որ Եհովայի բոլոր հաւատարիմ ծառաները զինք կը պաշտեն անձնասէր պատճառներով (Յոբ 1։8-11. 2։3-5)։ Բանսարկուն մինչեւ օրս կը շարունակէ մարդիկը ամբաստանել (Յայտ. 12։10)։ Մենք մեր կարգին կրնանք Սատանային ստախօս ըլլալը փաստել, մեր փորձութիւններուն տոկալով եւ Եհովային հաւատարիմ մնալով, քանի որ Զինք կը սիրենք։ դ21.07 9 ¶7-8

Շաբաթ, ապրիլ 15

Իմ աչքերուս առջեւէն ձեր չար գործերը մէկդի՛ ըրէք, չարութիւն գործելէ դադրեցէ՛ք (Եսա. 1։16)։

Պօղոս առաքեալ զօրաւոր պատկերաւոր խօսք մը գործածեց, մեզի ցոյց տալու համար թէ որքա՜ն կարեւոր է որ մեր ապրելակերպը փոխենք։ Ան ըսաւ որ մեր հին անձնաւորութիւնը պէտք է տանջանքի ցիցին գամենք (Հռով. 6։6)։ Ուրիշ խօսքով, կ’ուզենք Քրիստոսի օրինակին հետեւիլ։ Պէտք է մեռցնենք այն յատկութիւնները եւ սովորութիւնները, որոնք Եհովան կ’ատէ։ Միայն այս քայլերը առնելով, ձեռք պիտի ձգենք մաքուր խղճմտանք եւ յաւիտենական կեանքի յոյսը (Յովհ. 17։3. Ա. Պետ. 3։21)։ Եհովան իր չափանիշները պիտի չփոխէ, որպէսզի մեզ ուրախացնէ։ Մե՛նք ենք որ պէտք է փոխենք մեր անձնաւորութիւնը եւ իր չափանիշներուն հետեւինք (Եսա. 1։17, 18. 55։9)։ Նոյնիսկ մկրտուելէ ետք, պէտք պիտի ունենաս սխալ ցանկութիւններուն դէմ դնելու։ Աղօթքով Եհովայի օգնութիւնը խնդրէ, եւ ապաւինէ իր հոգիին եւ ոչ թէ քու ուժիդ (Գաղ. 5։22. Փլպ. 4։6)։ Պէտք է լրջօրէն ջանք թափենք, եթէ կ’ուզենք հին անձնաւորութիւնը մեր վրայէն հանել ու հանած մնալ։ դ22.03 6 ¶15-17

Կիրակի, ապրիլ 16

[Եհովան] քեզ պիտի խնամէ (Սաղ. 55։22)։

Եհովան խօսք կու տայ, որ մեզի ուտելիք, հագուելիք եւ ապաստանարան պիտի ապահովէ, եթէ Թագաւորութիւնը մեր կեանքին մէջ առաջին տեղը դնենք եւ իր արդար չափանիշներուն համաձայն ապրինք (Մատ. 6։33)։ Ատիկա ի մտի ունենալով, չենք մտածեր որ աշխարհի հրամցուցած նիւթական բաները մեզի ապահովութիւն եւ մնայուն ուրախութիւն պիտի բերեն։ Գիտենք որ Եհովային կամքը ընելը իսկական մտքի խաղաղութիւն ունենալու միակ կերպն է (Փլպ. 4։6, 7)։ Նոյնիսկ եթէ կրնանք շատ բաներ գնել, պէտք է նկատի առնենք, թէ արդեօք ժամանակ եւ կորով ունի՞նք ատոնք գործածելու եւ անոնց հոգ տանելու։ Կրնա՞յ ըլլալ որ մեր ունեցած բաներուն շատ կը կապուինք։ Յիշենք որ Աստուած իր ընտանիքին մէջ մեզի գործ մը տուած է։ Ասիկա կը նշանակէ որ նիւթական բաներով պէտք չէ տարուինք։ Անշուշտ, չենք ուզեր ըլլալ այն երիտասարդ տղամարդուն պէս, որ իր ունեցածները այնքա՛ն սիրեց, որ որոշեց Յիսուսին չհետեւիլ։ Ուստի Եհովային ծառայելու եւ Իր կողմէ որդեգրուելու առիթը կորսնցուց (Մար. 10։17-22)։ դ21.08 6 ¶17

Երկուշաբթի, ապրիլ 17

Միշտ պատրա՛ստ եղէք. . . պատասխան տալու ամենուն (Ա. Պետ. 3։15)։

Սուրբ Գիրքին մէջ պիտի գտնես այն նոյն Անձնաւորութիւնը, որուն յատկութիւնները ստեղծագործութիւնը կը յայտնէ։ Այդ յատկութիւնները մէկու մը երեւակայութեան արդիւնքը չեն, հապա իսկական Անձնաւորութիւն մը կը նկարագրեն (Ել. 34։6, 7. Սաղ. 145։8, 9)։ Մինչ երթալով Եհովան աւելի կը ճանչնաս, իրեն հանդէպ հաւատքդ պիտի աճի, սէրդ պիտի խորանայ, իրեն հետ բարեկամութիւնդ պիտի զօրանայ եւ պիտի ուզես հաւատքիդ մասին ուրիշներուն պատմել։ Բայց ի՞նչ կրնաս ընել, եթէ մէկը՝ որուն կը քարոզես, հարցականի տակ առնէ Աստուծոյ գոյութիւնը եւ դուն չես գիտեր ինչպէ՛ս պատասխանել։ Փորձէ մեր հրատարակութիւններուն մէջ անոր հարցումին սուրբգրային պատասխանը գտնել։ Նաեւ կրնաս փորձառու Վկայի մը օգնութիւնը խնդրել։ Անհատը Աստուածաշունչի պատասխանը ընդունի կամ ոչ, դուն փնտռտուքէդ օգտուած պիտի ըլլաս։ Հաւատքդ աւելի զօրաւոր պիտի ըլլայ։ դ21.08 18 ¶14-15

Երեքշաբթի, ապրիլ 18

Բնաւ ետ չկեցայ օգտակար բաներ ձեզի ըսելէ (Գործք 20։20)։

Եհովան հաճեցնելու համար պէտք չունինք մեր բոլոր սիրած բաներէն վազ անցնելու (Ժող. 5։19, 20)։ Բայց եթէ Աստուծոյ ծառայութեան մէջ աւելին ընելէ ետ կենանք, միայն որպէսզի չստիպուինք անձնական զոհողութիւններ ընել, այն նոյն սխալը ըրած պիտի ըլլանք, որ ըրաւ Յիսուսի առակին մէջի մարդը, որ իրեն համար հանգստաւէտ կեանք մը ապահովեց, բայց անտեսեց Աստուած (Ղուկ. 12։16-21)։ Երբ դժուարութիւններու առջեւ ըլլանք, աղօթքով օգնութիւն կը խնդրենք եւ լաւ կը մտածենք թէ ի՛նչ քայլեր կրնանք առնել ատոնք լուծելու համար (Առ. 3։21)։ Եհովան մեզ շատ մը կերպերով կ’օրհնէ։ Կրնանք ցոյց տալ, թէ որքա՜ն կ’արժեւորենք այդ օրհնութիւնները, երբ մեր ամէն կարելին կ’ընենք, որ իրեն փառք բերենք (Եբ. 13։15)։ Ատիկա կը պարփակէ՝ մեր ծառայութիւնը ընդարձակել, ինչ որ դուռ կը բանայ յաւելեալ օրհնութիւններու։ Ամէն օր կերպեր փնտռենք ‘ճաշակելու եւ տեսնելու որ Եհովան բարի է’ (Սաղ. 34։8)։ Այն ատեն, պիտի նմանինք Յիսուսին, որ ըսաւ. «Իմ կերակուրս այն է, որ ես զիս ղրկողին կամքը ընեմ եւ անոր գործը կատարեմ» (Յովհ. 4։34)։ դ21.08 30-31 ¶16-19

Չորեքշաբթի, ապրիլ 19

Կոտորածին առջեւէն՝ հպարտութիւն ու կործանման առջեւէն ամբարտաւանութեան ոգին կ’երթայ (Առ. 16։18)։

Սատանան կ’ուզէ որ հպարտ դառնանք։ Ան գիտէ որ եթէ հպարտ դառնանք, իրեն պէս պիտի ըլլանք եւ իրեն պէս ալ յաւիտենական կեանքը պիտի կորսնցնենք։ Անոր համար, Պօղոս առաքեալ զգուշացուց որ չըլլայ թէ մէկը ‘հպարտանալով Սատանային դատապարտութեանը մէջ իյնայ’, ըլլանք ճշմարտութեան մէջ նորեկներ կամ՝ Եհովային տարիներէ ի վեր ծառայողներ (Ա. Տիմ. 3։6, 7)։ Հպարտ անձը անձնասէր կ’ըլլայ։ Սատանան կը փորձէ մեզ մղել, որ անձնասէր ըլլանք, այսինքն՝ աւելի կեդրոնանանք մեր անձին վրայ՝ քան Եհովայի վրայ, մանաւանդ երբ դժուարութենէ մը կ’անցնինք։ Օրինակ, պատահա՞ծ է, որ քեզի դէմ սուտ մեղադրանք ըրած են։ Կամ հետդ անարդարօրէն վարուա՞ծ են։ Սատանային ուզածն է, որ Եհովան կամ եղբայրներդ յանցաւոր հանես։ Եւ Սատանան կ’ուզէ որ հարցը քու ձեռքդ առնես, փոխանակ հետեւելու Եհովայի առաջնորդութեան, որ իր Խօսքին միջոցաւ կու տայ (Ժող. 7։16, 20)։ դ21.06 15 ¶4-5

Հինգշաբթի, ապրիլ 20

«Ո՛վ երկրին բոլոր ժողովուրդը, զօրացէ՛ք», կ’ըսէ Տէրը, «ու աշխատեցէ՛ք. քանզի ես ձեզի հետ եմ», կ’ըսէ զօրքերու Տէրը (Ան. 2։4)։

Եհովան Անգէ մարգարէին կարեւոր գործ մը տուաւ։ Անգէն հաւանաբար անոնցմէ էր, որոնք Ք.Ա. 537–ին Բաբելոնի աքսորէն Երուսաղէմ վերադարձան։ Երուսաղէմ հասնելէ քիչ ետք, Եհովայի հաւատարիմ երկրպագուները իր տաճարին հիմը դրին (Եզր. 3։8, 10)։ Բայց շուտով ցաւալի վիճակ մը տիրեց։ Անոնք հակառակութեան պատճառաւ վհատեցան եւ շինարարութիւնը կեցուցին (Եզր. 4։4. Ան. 1։1, 2)։ Անոր համար, Ք.Ա. 520–ին Եհովան Անգէին պատուիրեց, որ անոնց օգնէ որ դարձեալ նախանձախնդիր ըլլան եւ տաճարին շինարարութիւնը վերջացնեն (Եզր. 6։14, 15)։ Անգէի պատգամին նպատակն էր՝ մարդոց հաւատքը զօրացնել Եհովային հանդէպ։ «Զօրքերու Տէր» արտայայտութիւնը ժողովուրդը քաջալերած ըլլալու էր, յիշեցնելով որ Եհովան իր հրամանին տակ զօրաւոր հրեշտակներ ունի. ուստի յաջողութիւն գտնելու համար, պէտք էր Եհովային ապաւինէին։ դ21.09 15 ¶4-5

Ուրբաթ, ապրիլ 21

Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք (Յովհ. 13։35)։

Այսօր, ամբողջ աշխարհի մէջ Եհովայի վկաները իրար կը սիրեն եւ միացած են։ Մենք միւս բոլոր կրօնքներէն տարբեր ենք, քանի որ ընտանիքի պէս ենք, հակառակ անոր որ տարբեր երկիրներէ եւ մշակոյթներէ կու գանք։ Այդ իսկական սիրոյ ապացոյցը կը տեսնենք մեր ժողովներուն ու համաժողովներուն մէջ։ Ասիկա մեր համոզումը կը զօրացնէ, որ Եհովան կը պաշտենք իր ուզած կերպով (Յովհ. 13։34)։ Աստուածաշունչը մեզ կը քաջալերէ, որ ‘իրարու հանդէպ սրտանց սէր ունենանք’ (Ա. Պետ. 4։8)։ Այսպիսի սէր ցոյց տալու կերպերէն մէկն է՝ իրարու ներել եւ իրարու անկատարութիւնները ընդունիլ։ Առիթներ կը փնտռենք, որ ժողովքին մէջ բոլորին հետ առատաձեռն եւ հիւրասէր ըլլանք, նոյնիսկ անոնց հետ, որոնք մեզ վիրաւորած են (Եփ. 4։32)։ Այսպիսի սէր ցոյց տալով, կը փաստենք որ ճշմարիտ քրիստոնեաներ ենք։ դ21.10 22 ¶13-14

Շաբաթ, ապրիլ 22

Իր որդին սիրողը կանուխ կը խրատէ (Առ. 13։24)։

Վտարումը կրնա՞յ անզեղջ մեղաւորին օգնել, որ իր ընթացքը փոխէ։ Այո՛։ Լուրջ մեղք գործողներէն շատեր տեսած են, որ երէցներուն առած վճռական որոշումը իրենց օգնեց, որ անդրադառնան թէ որքա՛ն մեղանչած են, իրենց ընթացքը փոխեն եւ Եհովային վերադառնան (Եբ. 12։5, 6)։ Օրինակ մը նկատի առ։ Հովիւ մը կը նկատէ, որ իր ոչխարներէն մէկը հիւանդ է։ Ան գիտէ որ այս հիւանդութիւնը կը պահանջէ, որ հիւանդ ոչխարը հօտէն զատէ։ Բայց ոչխարները կը սիրեն իրարու հետ ըլլալ եւ թերեւս անհանգստանան, երբ իրարմէ զատուին։ Ուրեմն, հիւանդ ոչխարը միւսներէն զատելով, հովիւը անխղճութի՞ւն կ’ընէ։ Անշուշտ ոչ։ Ան գիտէ, որ եթէ թոյլ տայ որ հիւանդ ոչխարը հօտին հետ մնայ, հիւանդութիւնը պիտի տարածուի։ Հովիւը հիւանդ ոչխարը հեռացնելով ամբողջ հօտը կը պաշտպանէ։ դ21.10 10 ¶9-10

Կիրակի, ապրիլ 23

Թող լուսաւորուի ձեր լոյսը մարդոց առջեւ, որ տեսնեն ձեր բարի գործերը ու փառաւորեն ձեր Հայրը որ երկինքն է (Մատ. 5։16)։

Մեզի համար մեծ առանձնաշնորհում է միջազգային հոգատար ընտանիքի մը պատկանիլ։ Կ’ուզենք որ կարելի եղածին չափ շատ մարդիկ մեզի հետ Աստուած պաշտեն։ Ասիկա մեր միտքը պահելով, պէտք է զգոյշ ըլլանք, որ չըլլայ թէ Եհովայի ժողովուրդին կամ իր անուան վրայ նախատինք բերենք։ Մենք ջանք կը թափենք վարուելու այնպիսի կերպով, որ մարդիկ ուզեն Եհովայի մասին գիտնալ եւ իրեն ծառայել։ Երբեմն ոմանք թերեւս մեզ քննադատեն կամ նոյնիսկ հալածեն, քանի որ մեր երկնաւոր Հօր կը հնազանդինք։ Ի՞նչ կրնանք ընել, եթէ մեր հաւատալիքներուն մասին ուրիշներուն խօսելու ատեն ջղագրգիռ ըլլանք։ Կրնանք վստահ ըլլալ, որ Եհովան եւ իր Որդին մեր օգնութեան պիտի հասնին։ Յիսուս իր աշակերտները վստահեցուց, որ պէտք չունին մտահոգուելու թէ ինչպէ՛ս պիտի խօսին կամ ի՛նչ պիտի ըսեն։ Ինչո՞ւ։ Ան բացատրեց. «Ձեզի պիտի տրուի այն ժամուն՝ ինչ որ պիտի խօսիք։ Վասն զի ո՛չ թէ դուք էք որ պիտի խօսիք, հապա ձեր Հօրը Հոգին՝ որ ձեր ներսիդին կը խօսի» (Մատ. 10։19, 20)։ դ21.09 24 ¶17-18

Երկուշաբթի, ապրիլ 24

Տէրոջը համար պիտի ըսեմ. «Իմ ապաւէնս ու իմ ամրոցս է» (Սաղ. 91։2)։

Մովսէս ալ նման պատկերաւոր խօսք մը գործածեց (Սաղ. 90։1)։ Իր կեանքին վերջաւորութեան, Մովսէս ուրիշ գեղեցիկ բաղդատութիւն մը ըրաւ։ Ան գրեց. «Յաւիտենական Աստուածը քեզի ապաւէն է ու անոր յաւիտենական բազուկները քեզի պաշտպան են» (Բ. Օր. 33։27)։ Այս խօսքէն ի՞նչ կը սորվինք Եհովայի մասին։ Երբ Եհովան մեր ապաւէնն է, ապահով կը զգանք։ Բայց տակաւին կ’ըլլան օրեր, երբ անտրամադիր կ’ըլլանք եւ այդ վիճակը կ’երկարի։ Այդպիսի պարագաներու, Եհովան մեզի համար ի՞նչ պիտի ընէ (Սաղ. 136։23)։ Մեր ինկած վիճակին մէջ, Եհովան քնքշութեամբ իր բազուկներով մեզ վեր պիտի հանէ եւ պիտի օգնէ, որ ետ ոտքի կենանք (Սաղ. 28։9. 94։18)։ Գիտնալը որ միշտ կրնանք Աստուծոյ ապաւինիլ, մեզի կ’օգնէ երկու կերպերով։ Առաջին, ո՛ւր որ ալ ապրինք, գիտենք որ Եհովան մեզ միշտ պիտի պաշտպանէ։ Երկրորդ, մեր սիրալիր երկնաւոր Հայրը խորապէս մեզ կը հոգայ։ դ21.11 6 ¶15-16

Երեքշաբթի, ապրիլ 25

Տրտմած էք զանազան փորձութիւններով (Ա. Պետ. 1։6)։

Յիսուս գիտէր, որ անարդարութիւնը իր աշակերտներուն հաւատքը պիտի փորձէր։ Անոնց օգնելու համար, որ անարդարութեան տոկան, առակ մը պատմեց։ Ան խօսեցաւ այրիի մը մասին, որ անարդար դատաւորի մը շարունակ աղաչեց, որ իր իրաւունքը պաշտպանէ։ Այրին վստահ էր, որ իր յարատեւ աղաչանքները ի վերջոյ արդիւնք պիտի տային։ Եւ այդպէս ալ եղաւ։ Ասկէ ի՞նչ կը սորվինք։ Եհովան անարդար չէ։ Ուստի, Յիսուս ըսաւ. «Աստուած իր ընտրեալներուն իրաւունք պիտի չընէ՞, որոնք ցորեկ ու գիշեր իրեն կ’աղաղակեն» (Ղուկ. 18։1-8)։ Ապա աւելցուց. «Որդին մարդոյ երբ գայ, արդեօք [«այսպիսի», ՆԱ] հաւատք պիտի գտնէ՞ երկրի վրայ»։ Երբ անարդարութենէ կը տառապինք, պէտք է փաստենք մեր համբերութեամբ եւ յարատեւութեամբ, թէ մենք ալ այրիին զօրաւոր հաւատքը ունինք։ Այսպիսի հաւատք ունենալով, կրնանք վստահ ըլլալ թէ Եհովան մի՛շտ մեզի պիտի օգնէ։ Նաեւ պէտք է հաւատանք, թէ աղօթքը մեծ զօրութիւն ունի։ դ21.11 23 ¶12. 24 ¶14

Չորեքշաբթի, ապրիլ 26

Երիտասարդը ինչո՞վ մաքրէ իր ճամբան։ Քու խօսքիդ համեմատ անոր զգուշութիւն ընելով (Սաղ. 119։9)։

Ո՛վ պատանիներ, երբեմն կը զգա՞ք, որ Եհովայի չափանիշները կաշկանդիչ են։ Սատանան կ’ուզէ՛ որ դուք այդպէս մտածէք։ Ան կ’ուզէ որ ձեր ուշադրութիւնը դարձնէք ընդարձակ ճամբուն մէջ եղողներուն ըրածին, քանի որ ըստ երեւոյթին, անոնք կեանքը կը վայելեն։ Ան ձեր դասընկերներուն եւ համացանցին միջոցաւ կրնայ փորձել ձեզ զգացնել, որ ձեր վրայէն շա՜տ բան կ’երթայ։ Ան կ’ուզէ որ կարծէք, թէ Եհովայի չափանիշները չեն ձգեր որ կեանքը լիովին վայելէք։ Բայց ասիկա մի՛ մոռնաք. Սատանան չ’ուզեր, որ իր ճամբուն մէջ քալողները տեսնեն, թէ իրենց ի՛նչ կը սպասէ ճամբուն վերջաւորութեան (Մատ. 7։13, 14)։ Միւս կողմէ, Եհովան ձեզի յստակօրէն ըսած է, թէ ի՜նչ հոյակապ կեանք մը պիտի ունենաք, եթէ մնաք կեանքի տանող ճամբուն մէջ (Սաղ. 37։29. Եսա. 35։5, 6. 65։21-23)։ դ21.12 23 ¶6-7

Հինգշաբթի, ապրիլ 27

Ձեր սրտերէն ներեցէք ամէն մէկդ իր եղբօրը յանցանքները (Մատ. 18։35)։

Մենք գիտենք որ պէտք է ներենք, քանի որ ատիկա ընելը ճիշդ բանն է։ Բայց այդ մէկը կրնայ դժուար ըլլալ մեզի համար։ Պետրոս առաքեալ թերեւս ատեններ այդպէս զգաց (Մատ. 18։21, 22)։ Ի՞նչը կրնայ օգնել որ ներենք։ Առաջին, խոկա՛ թէ Եհովան քանի՜անգամներ ներած է քեզի (Մատ. 18։32, 33)։ Մենք արժանի չենք որ մեզի ներէ, բայց ան առատաձեռնօրէն կ’ընէ ատիկա (Սաղ. 103։8-10)։ Նաեւ, ‘մենք պարտաւոր ենք մէկզմէկ սիրել’։ Ուստի, ներելը բան մը չէ որ մեզի ձգուած է որոշել եթէ կ’ուզենք ներել կամ ոչ։ Մենք մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն պարտական ենք ներել (Ա. Յովհ. 4։11)։ Երկրորդ, մտածէ թէ ի՛նչ կ’ըլլայ, երբ կը ներենք. մեզ վիրաւորող անհատին օգնած կ’ըլլանք, ժողովքին խաղաղութիւնը պահպանած կ’ըլլանք, Եհովային հետ մեր բարեկամութիւնը պաշտպանած կ’ըլլանք եւ մեր ուսերէն մեծ բեռ մը վերցուցած կ’ըլլանք (Բ. Կոր. 2։7. Կող. 3։14)։ Երրորդ, աղօթէ այն Անձին, որ մեզի կ’ըսէ որ ներենք։ Մի՛ ձգեր որ Սատանան ձեռքէդ առնէ այն խաղաղութիւնը, որ հաւատակիցներուդ հետ կը վայելես (Եփ. 4։26, 27)։ Մենք Եհովայի օգնութեան պէտք ունինք, Սատանային ծուղակին մէջ չիյնալու համար։ դ21.06 22 ¶11, 14

Ուրբաթ, ապրիլ 28

Դուն Իսրայէլի վրայ թագաւոր պիտի ըլլաս (Ա. Թագ. 23։17)։

Դաւիթ կը փախչէր իր կեանքը ազատելու համար։ Իսրայէլի զօրաւոր թագաւորը՝ Սաւուղ, իր միտքը դրած էր զինք մեռցնել։ Երբ Դաւիթ ուտելիքի պէտք ունեցաւ, Նոբ քաղաքին մէջ Աքիմելէք քահանայէն միայն հինգ հաց խնդրեց (Ա. Թագ. 21։1, 3)։ Ետքը, ինքն ու իր մարդիկը քարայրի մը մէջ պահուըտեցան (Ա. Թագ. 22։1)։ Ի՞նչ եղաւ, որ Դաւիթ այս պարագային մէջ գտնուեցաւ։ Սաւուղ կը նախանձէր Դաւիթին, քանի որ ան ժողովուրդին կողմէ սիրուած էր եւ զինուորական յաղթանակներ կը տանէր։ Սաւուղ նաեւ գիտէր, թէ իր անհնազանդութիւնը պատճառ դարձաւ, որ Եհովան զինք մերժէ որպէս Իսրայէլի թագաւորը եւ թէ Եհովան ընտրեց Դաւիթը, որպէսզի գահը ժառանգէ (Ա. Թագ. 23։16, 17)։ Բայց եւ այնպէս, Սաւուղին ձեռքին տակ մեծ բանակ կար եւ շատեր իր կողքին էին, ուստի Դաւիթ ստիպուեցաւ փախչիլ։ Արդեօք Սաւուղ իրապէ՞ս մտածեց, որ կրնար Դաւիթի նկատմամբ Աստուծոյ նպատակը ձախողեցնել (Եսա. 55։11)։ Աստուածաշունչը բան մը չ’ըսեր, բայց վստահ ենք որ Սաւուղ ինքզինք վտանգաւոր վիճակի մէջ դրաւ, քանի որ անոնք՝ որոնք Աստուծոյ կը հակառակին, միշտ կը պարտուին։ դ22.01 2 ¶1-2

Շաբաթ, ապրիլ 29

Նիկոդէմոս. . . գիշերով Յիսուսին եկաւ (Յովհ. 3։1, 2)։

Յիսուս ծառայութեան մէջ ծանր աշխատեցաւ։ Ան ցոյց տուաւ որ մարդիկը կը սիրէր, ամէն առիթ օգտագործելով որ իրենց սորվեցնէ (Ղուկ. 19։47, 48)։ Ան այդպէս ըրաւ, քանի որ անոնց կը կարեկցէր։ Ատեններ, այնքա՛ն շատ մարդիկ ուզեցին իր խօսքերը լսել, որ ինքն ու իր աշակերտները «հաց ուտելու ալ ժամանակ չկրցան գտնել» (Մար. 3։20)։ Իսկ երբ տղամարդ մը ուզեց գիշերով Յիսուսին հետ խօսիլ, ան պատրաստ էր իրեն հետ տեսնուելու։ Ճիշդ է որ Յիսուսի մտիկ ընող մարդոց մեծամասնութիւնը իր աշակերտները չդարձան, բայց բոլորն ալ լման վկայութիւն ստացան։ Մենք ալ կ’ուզենք բոլորին առիթ տալ, որ բարի լուրը լսեն (Գործք 10։42)։ Ասիկա ընելու համար, թերեւս պէտք ըլլայ, որ ծառայութեան մէջ մեր մօտեցումը փոխենք։ Փոխանակ կառչելու յայտագիրի մը, որ մեզի յարմար է, պէտք է պատրաստ ըլլանք քարոզելու այն ժամանակներուն, երբ աւելի հաւանական է որ մարդոց հանդիպինք։ Եթէ այդպէս ընենք, վստահաբար Եհովան մեր ջանքերը պիտի օրհնէ։ դ22.01 17 ¶13-14

Կիրակի, ապրիլ 30

Մարդ մը ուրիշ մարդու վրայ կ’իշխէ իրեն թշուառութեան համար (Ժող. 8։9)։

Այսօր շատերու համար դժուար է իշխանութիւններու վստահիլ, քանի որ նկատած են թէ կառավարութիւնները եւ օրէնքները կը պաշտպանեն հարուստներն ու զօրաւոր մարդիկը եւ կ’անտեսեն աղքատները։ Ասկէ զատ, կրօնական առաջնորդներու գէշ վարքը պատճառ դարձած է, որ կարգ մը մարդիկ Աստուծոյ հանդէպ իրենց վստահութիւնը կորսնցնեն։ Անոր համար, երբ մէկու մը հետ Աստուածաշունչը կը սերտենք, պէտք է շատ ջանք թափենք, որ անոր օգնենք որ Եհովայի եւ երկրի վրայ իր ներկայացուցիչներուն հանդէպ վստահութիւն ունենայ։ Անշուշտ, միայն Աստուածաշունչի աշակերտները չեն, որ պէտք է սորվին Եհովային եւ իր կազմակերպութեան վստահիլ։ Նոյնիսկ անոնք, որոնք տարիներէ ի վեր ճշմարտութեան մէջ են, պէտք է իրենց միտքը պահեն, որ Եհովան միշտ շիտակ բանը կ’ընէ։ Ատեններ թերեւս ըլլան պարագաներ, որոնք կրնան ասոր նկատմամբ մեր հաւատքն ու վստահութիւնը փորձի տակ դնել։ դ22.02 2 ¶1-2

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել