Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • աք23 էջ 47-57
  • Մայիս

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Մայիս
  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2023
  • Ենթավերնագիրներ
  • Երկուշաբթի, մայիս 1
  • Երեքշաբթի, մայիս 2
  • Չորեքշաբթի, մայիս 3
  • Հինգշաբթի, մայիս 4
  • Ուրբաթ, մայիս 5
  • Շաբաթ, մայիս 6
  • Կիրակի, մայիս 7
  • Երկուշաբթի, մայիս 8
  • Երեքշաբթի, մայիս 9
  • Չորեքշաբթի, մայիս 10
  • Հինգշաբթի, մայիս 11
  • Ուրբաթ, մայիս 12
  • Շաբաթ, մայիս 13
  • Կիրակի, մայիս 14
  • Երկուշաբթի, մայիս 15
  • Երեքշաբթի, մայիս 16
  • Չորեքշաբթի, մայիս 17
  • Հինգշաբթի, մայիս 18
  • Ուրբաթ, մայիս 19
  • Շաբաթ, մայիս 20
  • Կիրակի, մայիս 21
  • Երկուշաբթի, մայիս 22
  • Երեքշաբթի, մայիս 23
  • Չորեքշաբթի, մայիս 24
  • Հինգշաբթի, մայիս 25
  • Ուրբաթ, մայիս 26
  • Շաբաթ, մայիս 27
  • Կիրակի, մայիս 28
  • Երկուշաբթի, մայիս 29
  • Երեքշաբթի, մայիս 30
  • Չորեքշաբթի, մայիս 31
Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2023
աք23 էջ 47-57

Մայիս

Երկուշաբթի, մայիս 1

Լրջօրէն մտածեցէք անոր մասին, որ այսպէս համբերեց (Եբ. 12։3, ՆԱ)։

Եհովան մեզի հանդէպ սէր ցոյց տուած է՝ մեզի տալով չորս Աւետարանները, որպէսզի իր Որդին ճանչնանք։ Անոնք կը պատմեն Յիսուսի կեանքին եւ ծառայութեան մասին, յայտնելով անոր ըսածը, ըրածը եւ զգացածը։ Եւ մեզի կ’օգնեն, որ ‘լրջօրէն մտածենք’ Յիսուսի օրինակին մասին։ Անոնք կը նշեն Յիսուսի ձգած հետքերը։ Ուստի Աւետարանները քննելով, կը սկսինք Յիսուսը ա՛լ աւելի լաւ ճանչնալ։ Առ ի արդիւնք, կրնանք իր հետքերուն սերտօրէն հետեւիլ։ Աւետարաններէն լիովին օգտուելու համար, պէտք է ժամանակ տրամադրենք զանոնք ուշադրութեամբ սերտելու եւ անոնց վրայ խորապէս խոկալու (Յես. 1։8)։ Անոնց պատմութիւնները վառ դարձուր։ Երեւակայութիւնդ գործածէ, որպէսզի տեսնես, լսես եւ զգաս այն ինչ որ կը պատահէր։ Ասկէ զատ, Եհովայի կազմակերպութեան տուած հրատարակութիւններուն մէջ փնտռտուք ըրէ։ դ21.04 4-5 ¶11-13

Երեքշաբթի, մայիս 2

Մենք կը քարոզենք խաչեալ [«ցիցին գամուած», ՆԱ] Քրիստոսը, ինչ որ Հրեաներուն գայթակղութիւն է (Ա. Կոր. 1։23)։

Յիսուս երկիր գալէն հարիւրաւոր տարիներ առաջ, Եհովան իր Խօսքին մէջ յայտնեց, թէ Մեսիան 30 կտոր արծաթի փոխարէն պիտի մատնուէր (Զաք. 11։12, 13)։ Մատնողը Յիսուսի մտերիմ ընկերակիցներէն մէկը պիտի ըլլար (Սաղ. 41։9)։ Նաեւ Զաքարիա մարգարէն գրեց. «Հովիւը զա՛րկ, որ ոչխարները ցրուին» (Զաք. 13։7)։ Անկեղծ մարդիկը ոչ թէ Յիսուսը պիտի մերժէին այդ դէպքերուն պատճառով, հապա իրենց հաւատքը պիտի զօրանար, տեսնելով մարգարէութիւններուն կատարումը Յիսուսին վրայ։ Այսօր ալ նոյն խնդիրը կը տեսնե՞նք։ Այո՛։ Մեր օրերուն, կարգ մը ճանչցուած Վկաներ ձգած են ճշմարտութիւնը, հաւատուրաց դարձած են եւ փորձած են ուրիշներ ալ հեռացնել։ Անոնք լրատուամիջոցներուն եւ համացանցին միջոցաւ ժխտական պատմութիւններ, կէս ճշմարտութիւններ եւ ուղղակի սուտեր տարածած են Եհովայի վկաներուն մասին։ Բայց անկեղծ սիրտ ունեցողները չեն գայթակղիր։ Ընդհակառակը, անոնք կը գիտակցին թէ Աստուածաշունչը ըսած էր, որ այդպիսի բաներ պիտի ըլլային (Մատ. 24։24. Բ. Պետ. 2։18-22)։ դ21.05 11 ¶12. 12-13 ¶18-19

Չորեքշաբթի, մայիս 3

Արդարներուն ճամբան ծագող լոյսի պէս է, որ երթալով կը լուսաւորուի, մինչեւ կատարեալ օր ըլլայ (Առ. 4։18)։

Աստուածաշունչը յստակ կը դարձնէ, որ ճշգրիտ գիտութիւնը ժամանակի ընթացքին կը շատնայ (Կող. 1։9, 10)։ Եհովան ճշմարտութիւնը աստիճանաբար կը յայտնէ, եւ մենք պէտք է համբերութեամբ սպասենք, մինչեւ որ ճշմարտութիւնը աւելի լաւ հասկնանք։ Երբ առաջնորդութիւն առնողները կ’անդրադառնան, որ ճշմարտութեան մը շուրջ մեր հասկացողութիւնը պէտք է ճշդուի, առանց երկմտելու պէտք եղած փոփոխութիւնները կ’ընեն։ Քրիստոնէական աշխարհի եկեղեցիները փոփոխութիւններ կ’ընեն, իրենց ծուխը հաճեցնելու համար կամ աշխարհին աւելի մօտ ըլլալու համար, բայց Եհովայի կազմակերպութեան ըրած փոփոխութիւններուն նպատակն է՝ մեզ Աստուծոյ մօտեցնել եւ հետեւիլ պաշտամունքի նկատմամբ Յիսուսի ձգած օրինակին (Յակ. 4։4)։ Մենք փոփոխութիւններ կ’ընենք ոչ թէ երբ աշխարհի մարդոց կարծիքը կամ պահանջները կը փոխուին, հապա երբ Աստուածաշունչը աւելի լաւ կը հասկնանք։ Մենք շա՜տ կը սիրենք ճշմարտութիւնը (Ա. Թես. 2։3, 4)։ դ21.10 22 ¶12

Հինգշաբթի, մայիս 4

Ձեր ամէն հոգը անոր վրայ ձգեցէ՛ք (Ա. Պետ. 5։7)։

Ի՞նչ կրնաս ընել եթէ միայնակ կը զգաս։ Կեդրոնացիր Եհովայի տուած օգնութեան վրայ (Սաղ. 55։22)։ Ասիկա քեզի պիտի օգնէ, որ տեսնես թէ մինակ չես։ Նաեւ, մտածէ՛ թէ Եհովան ինչպէ՛ս կ’օգնէ այն հաւատակիցներուն, որոնք միայնակ կը զգան (Ա. Պետ. 5։9, 10)։ Հիրոշի անունով եղբայր մը, որ տարիներէ ի վեր միակ Վկան է իր ընտանիքին մէջ, կ’ըսէ. «Գիտնալը որ բոլորս մեր լաւագոյնը կ’ընենք Եհովային ծառայելու համար, կը քաջալերէ մեզմէ անոնք, որոնք միակ Վկան են իրենց ընտանիքին մէջ»։ Ասկէ զատ, հոգեւոր լաւ ռութին ունեցիր։ Ասիկա կը պարփակէ՝ Եհովային անկեղծօրէն ըսել թէ ի՛նչ կը զգաս։ Կարեւոր է որ Աստուծոյ Խօսքը կանոնաւորաբար կարդաս, խոկալով այն դէպքերուն վրայ, որոնք ցոյց կու տան քեզի հանդէպ Աստուծոյ սէրը։ Մեր եղբայրներէն ու քոյրերէն ոմանք գոց կը սորվին մխիթարական համարներ, ինչպէս՝ Սաղմոս 27։10 եւ Եսայի 41։10։ Ուրիշներ ժողովները պատրաստելու կամ Սուրբ Գիրքը կարդալու ատեն, ատոնց ձայնագրութիւնները մտիկ կ’ընեն, եւ ասիկա իրենց կ’օգնէ որ շատ մինակ չզգան։ դ21.06 9-10 ¶5-8

Ուրբաթ, մայիս 5

Պիտի չվախնաս յանկարծահաս վախէն (Առ. 3։25)։

Թերեւս սուգի մէջ ես, քանի որ սիրելիներէդ մէկը մահացած է։ Այդ պարագային, յարութեան յոյսին հանդէպ հաւատքդ զօրացուր, կարդալով Աստուածաշունչին մէջ յիշուած յարութեան պատմութիւնները։ Կամ թերեւս շա՜տ տխուր ես, քանի որ ընտանիքի անդամներէդ մէկը վտարուած է։ Այդ պարագային, սերտէ՝ դուն քեզի փաստելու համար, թէ Աստուծոյ կրթելու կերպը լաւագոյն կերպն է։ Ի՛նչ խնդիր ալ որ ունիս, զայն առիթ նկատէ, որ հաւատքդ զօրացնես։ Աղօթքով սիրտդ Եհովային պարպէ։ Մի՛ մեկուսանար. հապա ժողովքի եղբայրներուն ու քոյրերուն մօտի՛կ մնա (Առ. 18։1)։ Մասնակցէ այնպիսի գործունէութիւններու, որոնք քեզի կ’օգնեն որ տոկաս, նոյնիսկ եթէ ատոնք պիտի ընես արցունք թափելով (Սաղ. 126։5, 6)։ Շարունակէ ժողովներու երթալ, քարոզել եւ Աստուածաշունչը կարդալ։ Եւ միշտ մտածէ այն հոյակապ օրհնութիւններուն մասին, որ Եհովան կը խոստանայ ապագային քեզի տալ։ Մինչ կը տեսնես, թէ Եհովան ինչպէ՛ս քեզի կ’օգնէ, իրեն հանդէպ հաւատքդ ա՛լ աւելի պիտի զօրանայ։ դ21.11 23 ¶11. 24 ¶17

Շաբաթ, մայիս 6

Այսպէս, ձեր երկնաւոր Հայրը չի հաճիր որ այս պզտիկներէն մէկը կորսուի (Մատ. 18։14)։

Յիսուսի աշակերտները ի՞նչ կերպով «պզտիկներու» կը նմանին։ Պահ մը մտածէ, թէ աշխարհը որո՛նք կարեւոր կը սեպէ. հարուստները, հռչակաւորները եւ իշխանութիւն ունեցողները։ Իսկ Յիսուսին աշակերտները անկարեւոր եւ աննշան «պզտիկներ» կ’երեւին (Ա. Կոր. 1։26-29)։ Բայց Եհովան զիրենք այդպէս չի նկատեր։ Ի՞նչ բան Յիսուսը մղեց որ «այս պզտիկներուն» մասին խօսի։ Իր աշակերտները իրեն հարցուցած էին. «Ո՞վ է մեծ երկնքի թագաւորութեանը մէջ» (Մատ. 18։1)։ Այդ օրերուն, հրեաներէն շատեր դիրքն ու պաշտօնը շատ կարեւոր կը նկատէին։ Ուսումնական մը կ’ըսէ. «Մարդիկ կ’ապրէին ու կը մեռնէին պատիւ, համբաւ, հաճութիւն եւ յարգանք ունենալու համար»։ Յիսուս գիտէր որ հրէական մշակոյթին մէջ շատ կարեւոր էր ուրիշներէն աւելի լաւ ըլլալ, եւ անոր համար իր աշակերտները պէտք էր շատ ջանք թափէին որ իրենց մտածելակերպը փոխէին։ դ21.06 20 ¶2. 21 ¶6, 8-9

Կիրակի, մայիս 7

Հոտաւէտ իւղն ու խունկը սիրտը կ’ուրախացնեն. նմանապէս բարեկամին քաղցրութիւնը՝ մտերիմ խորհուրդով (Առ. 27։9, ԱԾ)։

Պօղոս առաքեալ լաւ օրինակ մըն էր որպէս երէց։ Օրինակի համար, երբ Թեսաղոնիկէ քաղաքին մէջ եղբայրները խրատի պէտք ունեցան, Պօղոս չքաշուեցաւ զիրենք խրատելու։ Բայց ան նախ գովեց անոնց հաւատքին գործը, սիրոյ աշխատանքը, եւ համբերութիւնը։ Ան նաեւ նկատի առաւ անոնց պարագաները եւ ըսաւ, որ իրենց կեանքը դիւրին չէր եւ թէ հաւատարմաբար հալածանքին կը դիմանային (Ա. Թես. 1։3. Բ. Թես. 1։4)։ Պօղոս նոյնիսկ եղբայրներուն ըսաւ, որ ուրիշ քրիստոնեաներու համար օրինակ էին (Ա. Թես. 1։8, 9)։ Անոնք որքա՜ն ուրախ ըլլալու էին լսելով Պօղոս առաքեալի ջերմ գովասանքը։ Կասկած չկար, որ Պօղոս իր եղբայրները շատ կը սիրէր։ Ատոր համար, ան կրցաւ թեսաղոնիկեցիներուն ղրկած երկու նամակներուն մէջ լաւ խրատներ տալ (Ա. Թես. 4։1, 3-5, 11. Բ. Թես. 3։11, 12)։ դ22.02 15 ¶6

Երկուշաբթի, մայիս 8

Անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ (Յայտ. 21։4)։

Սատանան սուտ կրօնքի առաջնորդները կ’օգտագործէ, ըսելու համար թէ Եհովան դաժան է եւ մարդկութեան չարչարանքին համար պատասխանատու է։ Ոմանք նոյնիսկ կ’ըսեն որ երբ պզտիկներ մեռնին, Աստուած է զիրենք իր քովը առնողը, քանի որ հրեշտակներու պէտք ունի։ Ասիկա Աստուծոյ դէմ հայհոյութի՛ւն է։ Մենք գիտենք, որ Եհովան սիրալիր Հայր մըն է։ Երբ լուրջ հիւանդութեան բռնուինք կամ սիրելի մը մեռնի, բնաւ մեր Աստուածը չենք մեղադրեր։ Ընդհակառակը, կը հաւատանք որ օր մը հարցերը պիտի շտկէ։ Կրնանք պատմել բոլոր անոնց, որոնք մտիկ կ’ընեն, թէ Եհովան ինչպիսի՜ սիրալիր Աստուած է։ Այն ատեն Եհովան պիտի կարենայ զինք անարգողին պատասխան տալ (Առ. 27։11)։ Եհովան կարեկից Աստուած է։ Ան շա՜տ կը նեղանայ, երբ կը լսէ որ իրեն կ’աղաղակենք, քանի որ կը տառապինք՝ թերեւս հալածանքի, հիւանդութեան կամ մեր անկատարութիւններուն պատճառով (Սաղ. 22։23, 24)։ Եհովան մեր ցաւը կը զգայ. կ’ուզէ՛ վերջ տալ ատոր եւ վերջ պիտի տայ (համեմատէ՛ Ելից 3։7, 8. Եսայի 63։9)։ դ21.07 9-10 ¶9-10

Երեքշաբթի, մայիս 9

Փառքով ու պատուով պսակեցիր զանիկա (Սաղ. 8։5)։

Մօտ օրէն, հնազանդ մարդիկը պիտի ունենան մեծագոյն պատիւը, որ է՝ Եհովան սիրել ու պաշտել յաւիտեա՛ն։ Յիսուս պիտի լուծէ այն բոլոր խնդիրները, որոնք մէջտեղ եկան, երբ Ադամն ու Եւան որոշեցին Աստուծոյ ընտանիքը ձգել։ Եհովան միլիոնաւորներ պիտի յարուցանէ, եւ անոնց առիթ պիտի տայ, որ կատարեալ առողջութեամբ յաւիտեան ապրին դրախտի վերածուած երկրին վրայ (Ղուկ. 23։42, 43)։ Մինչ Եհովայի երկրպագուներու ընտանիքին երկրային մասը կատարելութեան կը հասնի, իւրաքանչիւր անձ պիտի արտացոլէ այն ‘փառքն ու պատիւը’, որուն մասին Դաւիթ գրեց։ Եթէ «մեծ բազմութեան» կը պատկանիս, հոյակապ յոյս մը ունիս (Յայտ. 7։9)։ Աստուած քեզ կը սիրէ. ան կ’ուզէ որ իր ընտանիքէն ըլլաս։ Ուստի, ամէն կարելիդ ըրէ, որ զինք հաճեցնես։ Իւրաքանչիւր օր ապրէ՝ մտքիդ ու սրտիդ մէջ ունենալով Աստուծոյ խոստումները։ Սիրալիր երկնաւոր Հայրդ պաշտելու առանձնաշնորհումդ գնահատէ, եւ յաւիտեան զինք փառաբանելու յոյսդ արժեւորէ։ դ21.08 7 ¶18-19

Չորեքշաբթի, մայիս 10

Պիտի հնձենք՝ եթէ չթուլնանք (Գաղ. 6։9)։

Երեմիա մարգարէն տասնամեակներով քարոզեց անտարբերութեան եւ հակառակութեան դիմաց։ Ան այնքա՛ն ընկճուեցաւ հակառակորդներու ‘նախատինքէն ու անարգանքէն’, որ մտածեց իր նշանակումը ձգելու մասին (Եր. 20։8, 9)։ Բայց ան չյանձնուեցաւ։ Ի՞նչ բան իրեն օգնեց, որ շարունակէ տոկալ եւ իր ծառայութեան մէջ ուրախութիւն գտնէ։ Երեմիան կեդրոնացաւ երկու կարեւոր իրողութիւններու վրայ։ Առաջին, իր քարոզած պատգամը ‘ապագայ մը եւ յոյս մը’ պիտի տար մարդոց (Եր. 29։11)։ Երկրորդ, Եհովան իր անունը դրած էր Երեմիայի վրայ (Եր. 15։16)։ Մենք ալ այս խաւար աշխարհին մէջ, մեր պատգամով մարդոց յոյս կու տանք եւ Եհովայի անունը կը կրենք որպէս իր Վկաները։ Երբ այս իրողութիւններուն վրայ կեդրոնանանք, կրնանք ուրախ ըլլալ, ի՛նչ ալ ըլլայ մարդոց հակազդեցութիւնը։ Ուրեմն, եթէ աշակերտելու գործիդ մէջ երկար ժամանակ արդիւնք չտեսնես, մի՛ յանձնուիր։ Աշակերտելը համբերութիւն կը պահանջէ (Յակ. 5։7, 8)։ դ21.10 27 ¶12-13

Հինգշաբթի, մայիս 11

Ամէն ծանրութիւն մեր վրայէն մէկդի ձգենք եւ մեզ դիւրաւ պաշարող մեղքը (Եբ. 12։1)։

Որքա՛ն ալ երկար ժամանակէ ի վեր Եհովային կը ծառայենք, պէտք է շարունակենք իրեն հանդէպ մեր հաւատքը կերտել եւ զօրացնել։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ եթէ զգոյշ չըլլանք, մեր հաւատքը կրնայ տկարանալ։ Յիշէ որ հաւատքը հիմնուած կ’ըլլայ անտեսանելի իրողութիւններուն ապացոյցին վրայ։ Մարդ արարածը բան մը որ չի տեսներ, դիւրաւ կը մոռնայ։ Անոր համար, Պօղոս առաքեալ հաւատքի պակասը կոչեց՝ «մեզ դիւրաւ պաշարող մեղքը»։ Ուրեմն ի՞նչ կրնանք ընել, որ մեր հաւատքը զօրաւոր մնայ (Բ. Թես. 1։3)։ Նա՛խ, Եհովայէն իր սուրբ հոգին խնդրէ եւ ատիկա յաճախ ըրէ։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ «հաւատք»ը հոգիին պտուղին մէկ մասն է (Գաղ. 5։22, 23, ՆԱ)։ Չենք կրնար Ստեղծիչին հանդէպ հաւատք կերտել ու պահպանել առանց իր սուրբ հոգիին օգնութեան։ Եթէ շարունակ Եհովայէն իր հոգին խնդրենք, մեզի պիտի տայ զայն (Ղուկ. 11։13)։ Կրնանք մասնայատուկ կերպով աղօթել. «Մեր հաւատքը աւելցուր» (Ղուկ. 17։5)։ Ասկէ զատ, Աստուծոյ Խօսքի անձնական սերտողութիւնդ կանոնաւորաբար ըրէ (Սաղ. 1։2, 3)։ դ21.08 18 ¶16-18

Ուրբաթ, մայիս 12

Մազի ճերմկութիւնը փառաց պսակ է (Առ. 16։31)։

Տարեցները տալիք շատ բան ունին։ Թէեւ առաջուան պէս ոյժ չունին, բայց մեծ փորձառութիւն ունին, որ տարիներու ընթացքին դիզած են։ Եհովան կրնայ շարունակել շատ մը կերպերով զիրենք գործածել։ Իր Խօսքը կը պատմէ հաւատարիմներու մասին, որոնք իրենց ծեր տարիքին ալ շարունակեցին իրեն ծառայել։ Օրինակ, Մովսէս շուրջ 80 տարեկան էր, երբ սկսաւ ծառայել որպէս Եհովայի մարգարէն եւ իսրայէլ ազգին առաջնորդը։ Եհովան շարունակեց Դանիէլը գործածել որպէս իր խօսնակը, երբ մարգարէն հաւանաբար 90–ական տարիքի մէջ էր։ Յովհաննէս առաքեալն ալ հաւանաբար 90–ական տարիքի մէջ էր, երբ Եհովան զինք ներշնչեց Յայտնութիւն գիրքը գրելու։ Աստուածաշունչը միայն կարճ կերպով կը յիշէ Սիմէոն անունով «արդար ու աստուածավախ» մարդ մը, բայց Եհովան գիտէր թէ ան ո՛վ էր եւ իրեն առանձնաշնորհումը տուաւ Յիսուս մանուկը տեսնելու եւ մանուկին ու իր մօր մասին մարգարէանալու (Ղուկ. 2։22, 25-35)։ դ21.09 3-4 ¶5-7

Շաբաթ, մայիս 13

Ո՛վ Տէր, իմ սիրտս չգոռոզացաւ եւ. . . մեծամեծ բաներու մէջ չքալեցի (Սաղ. 131։1)։

Ծնողները պէտք է զգոյշ ըլլան, որ մէկ զաւակը միւսին հետ չբաղդատեն կամ զաւակէն չպահանջեն իր կարողութիւններէն աւելին։ Եթէ այսպէս ընեն, կրնան զաւակը ընկճել (Եփ. 6։4)։ Քոյր մը կ’ըսէ. «Մայրս կ’ուզէր որ հարիւր հարիւրի վրայ բերէի քննութիւններուն մէջ, ինչ որ ինծի համար անկարելի բան մըն էր։ Թէեւ դպրոցը աւարտելուս վրայ տարիներ անցած են, բայց ատեններ ես ինծի հարց կու տամ. ‘Արդեօք իմ լաւագոյնս Եհովայի համար բաւարա՞ր է’»։ Դաւիթ թագաւոր ըսաւ որ «մեծամեծ» բաներ չփնտռեց կամ չըրաւ բաներ, որոնք շատ դժուար էին իրեն համար։ Իր խոնարհութիւնն ու համեստութիւնը զինք ‘հանդարտեցուցին ու հանգստացուցին’ (Սաղ. 131։2)։ Ծնողները ի՞նչ կրնան սորվիլ Դաւիթին խօսքերէն։ Անոնք կրնան խոնարհ ու համեստ ըլլալ, եւ չափէ աւելի չակնկալեն ո՛չ իրենցմէ, ոչ ալ իրենց զաւակէն։ Երբ ծնողները կ’ընդունին իրենց զաւակին զօրաւոր ու տկար կողմերը եւ ատոր հիման վրայ իրեն կ’օգնեն նպատակակէտեր դնելու, զաւակին օգնած կ’ըլլան որ արժէքաւոր զգայ։ դ21.07 21-22 ¶5-6

Կիրակի, մայիս 14

Ամէն մէկը իր բեռը պիտի կրէ (Գաղ. 6։5)։

Եհովան ամէն մէկուս ազատ կամք տուած է։ Մե՛նք կ’որոշենք իրեն պիտի հնազանդի՛նք կամ ոչ։ Կարգ մը պատանիներու ծնողները բնա՛ւ լաւ օրինակ չեն եղած իրենց, բայց անոնք ընտրած են Եհովային հաւատարիմ մնալ։ Իսկ ուրիշներ, որոնց ծնողները իրենց ամէն կարելին ըրած են, որ զիրենք սուրբգրային սկզբունքներու համաձայն մեծցնեն, յետագային Եհովան ձգած են։ Հետեւաբար, իւրաքանչիւրս պէտք է որոշենք, թէ Եհովային պիտի ծառայե՛նք կամ ոչ (Յես. 24։15)։ Ո՛վ ծնողներ, մի՛ մտածէք որ ձեր զաւակին վտարումը ձեր յանցանքն է։ Ատեններ, ծնող մը կը ձգէ ճշմարտութիւնը եւ նոյնիսկ իր ընտանիքը (Սաղ. 27։10)։ Ասիկա կրնայ զաւակները քանդել, քանի որ անոնց համար իրենց ծնողքը օրինակ էր։ Պատանինե՛ր, եթէ ձեր ծնողներէն մէկը վտարուած է, վստա՛հ եղէք որ Եհովան ձեր ցաւը շատ լաւ գիտէ։ Ան ձեզ կը սիրէ եւ ձեր հաւատարմութիւնը կ’արժեւորէ։ Ասկէ զատ, յիշեցէ՛ք որ ձեր ծնողներուն որոշումներուն համար դուք պատասխանատու չէ՛ք։ դ21.09 27 ¶5-7

Երկուշաբթի, մայիս 15

Տէրը իր սիրածը կը խրատէ (Եբ. 12։6)։

Կրնանք վտարուող քրիստոնեան նմանցնել հիւանդ ոչխարի, որուն հիւանդութիւնը կրնայ հօտին մէջ տարածուիլ։ Ան հոգեւոր առումով հիւանդ է (Յակ. 5։14)։ Եւ հոգեւոր հիւանդութիւնը կրնայ վարակիչ ըլլալ։ Ուստի, կարգ մը պարագաներու անհրաժեշտ է, որ հոգեւորապէս հիւանդ եղողը ժողովքէն հեռացուի։ Այս կրթութիւնը, կամ պատիժը, ցոյց կու տայ Եհովային սէրը իր հօտին հաւատարիմ անդամներուն հանդէպ եւ կրնայ մեղաւորին օգնել, որ անդրադառնայ թէ որքա՛ն մեղանչած է եւ զղջայ։ Վտարուած անհատը կրնայ ժողովներուն ներկայ գտնուիլ, ուր կրնայ հոգեւոր սնունդ առնել եւ իր հաւատքը զօրացնել։ Ան նաեւ կրնայ հրատարակութիւններ առնել, որպէսզի կարդայ ու սերտէ եւ կրնայ JW Հեռատեսիլի կայանը դիտել։ Եւ երբ երէցները տեսնեն, որ իր կեանքին մէջ փոփոխութիւններ կը մտցնէ, կրնան ատեն–ատեն անձնական խրատ եւ ուղղութիւն տալ՝ իրեն օգնելու որ Եհովային հետ իր փոխյարաբերութիւնը վերականգնէ եւ վերընդունուի որպէս Եհովայի վկայ։ դ21.10 10 ¶9, 11

Երեքշաբթի, մայիս 16

Ոչ թէ ամէն ով որ ինծի «Տէ՛ր, Տէ՛ր», կ’ըսէ, պիտի մտնէ երկնքի թագաւորութիւնը (Մատ. 7։21)։

Այսօր, մենք կը հետեւինք պաշտամունքի մէջ առաջին դարու քրիստոնեաներուն ձգած օրինակին։ Օրինակ, մենք կազմակերպուած ենք այն նոյն կերպով, որ այդ քրիստոնեաները կազմակերպուած էին։ Ճիշդ անոնց պէս, մեր մէջ ալ կան շրջագայող տեսուչներ, երէցներ եւ օգնական ծառաներ (Փլպ. 1։1, ՆԱ. Տիտ. 1։5, ՆԱ)։ Եւ անոնց պէս, կը յարգենք Եհովայի օրէնքները՝ սեռային յարաբերութեան եւ ամուսնութեան ու արեան գործածութեան նկատմամբ, ինչպէս նաեւ ժողովքը կը պաշտպանենք անզեղջ մեղաւորներէն (Գործք 15։28, 29. Ա. Կոր. 5։11-13. 6։9, 10. Եբ. 13։4)։ Սուրբ Գիրքը յստակօրէն կ’ըսէ, որ կայ միայն ‘մէկ հաւատք’, կամ մէկ կրօնք, որ Աստուծոյ ընդունելի է (Եփ. 4։4-6)։ Մեզի համար ի՜նչ մեծ առանձնաշնորհում է՝ Եհովայի ժողովուրդին մէկ մասը ըլլալ եւ Եհովայի ու իր նպատակներուն մասին ճշմարտութիւնը գիտնալ։ Թող որ շարունակենք զօրաւոր համոզումով ճշմարտութիւնը ամուր բռնել։ դ21.10 22-23 ¶15-17

Չորեքշաբթի, մայիս 17

Դուք երեւցէք ու կեցէ՛ք, որպէս զի Տէրոջը ձեզի ըրած փրկութիւնը տեսնէք (Բ. Մն. 20։17)։

Երբ ամմոնացիները, մովաբացիները եւ Սէիրի լերան բնակիչները Յովսափատ թագաւորին, իր ընտանիքին եւ իր ժողովուրդին սպառնացին, ան Եհովային դիմեց օգնութեան համար (Բ. Մն. 20։1, 2)։ Յովսափատի խոր վստահութիւնը իր սիրելի երկնաւոր Հօր հանդէպ յայտնի կ’ըլլայ իր աղօթքին մէջ, որ արձանագրուած է Բ. Մնացորդաց 20։5-12–ի մէջ։ Եհովան ղեւտացի Յազիէլի միջոցաւ պատասխանեց Յովսափատին, ըսելով այս օրուան համարին խօսքերը։ Յովսափատ Եհովային լիովին վստահելով ըրաւ ի՛նչ որ իրեն ըսուեցաւ։ Ան առաջին գիծին վրայ դրաւ, ոչ թէ փորձառու եւ քաջ զինուորներ, հապա երգողներ։ Եհովան Յովսափատը յուսախաբ չըրաւ, եւ անոր յաղթանակ տուաւ (Բ. Մն. 20։18-23)։ դ21.11 15 ¶6-7

Հինգշաբթի, մայիս 18

Տէրոջը ողորմութեամբ չհատանք, վասն զի անոր գթութիւնը չպակսեցաւ (Ող. 3։22)։

Երբ փորձութեան մէջ ենք, կրնանք վստահ ըլլալ, որ Եհովան մեզի պիտի օգնէ, որ իրեն հաւատարիմ մնանք (Բ. Կոր. 4։7-9)։ Կրնանք վստահ ըլլալ, որ Եհովան պիտի շարունակէ մեզի հանդէպ հաւատարիմ սէր ցոյց տալ, քանի որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Տէրոջը աչքը իրմէ վախցողներուն ու իր ողորմութեանը յուսացողներուն վրայ է» (Սաղ. 33։18-22)։ Երբ դեռ չէինք սկսած Եհովային ծառայել, կը ստանայինք այն նոյն սէրը, որ Եհովան ընդհանուր առմամբ մարդկութեան հանդէպ ցոյց կու տայ։ Բայց իր ծառաները ըլլալով, նաեւ կ’օգտուինք իր հաւատարիմ սէրէն։ Այդ սէրը Եհովան կը մղէ, որ իր զօրաւոր բազուկներով մեզի փաթթուկ ընէ։ Ան միշտ մեզ իրեն մօտիկ պիտի պահէ եւ մեզի նկատմամբ իր նպատակը պիտի իրագործէ։ Ան կ’ուզէ որ իր բարեկամները ըլլանք յաւիտեա՛ն (Սաղ. 46։1, 2, 7)։ Ուստի ի՛նչ փորձութիւն ալ դիմագրաւենք, Եհովան մեզի պէտք եղած զօրութիւնը պիտի տայ, որպէսզի իրեն հաւատարիմ մնանք։ դ21.11 7 ¶17-18

Ուրբաթ, մայիս 19

Իրարու հանդէպ հանդուրժող եղէք, եւ ներեցէք իրարու (Կող. 3։13, ՆԹ)։

Շատեր տեսած են անհատներ, որոնք ոխ պահած են՝ գործակիցի, դասընկերի, ազգականի կամ ընտանիքի մէկ անդամին դէմ, նոյնիսկ երկա՜ր տարիներ։ Յիշէ թէ Յովսէփին տասը եղբայրները իրեն դէմ ոխ պահեցին, ինչ որ յետագային ձգեց որ իրեն հետ ատելութեամբ վարուին (Ծն. 37։2-8, 25-28)։ Յովսէփ անոնց հետ բոլորովին տարբեր կերպով վարուեցաւ։ Երբ հեղինակութիւն ունէր եւ կրնար իր եղբայրներէն վրէժ առնել, անոնց ողորմեցաւ։ Ան անոնց դէմ բնա՛ւ ոխ չէր պահած։ Յովսէփին ըրածը համաձայն էր այն խրատին, որ յետագային արձանագրուեցաւ Ղեւտացւոց 19։18–ին մէջ (Ծն. 50։19-21)։ Աստուած հաճեցնել ուզող քրիստոնեաները պէտք է ընդօրինակեն Յովսէփը, որ իր եղբայրներուն ներեց, փոխանակ անոնց դէմ ոխ պահելու կամ անոնցմէ վրէժ առնելու։ Յիսուս ալ նշեց, որ ներենք մեզի դէմ մեղանչողներուն (Մատ. 6։9, 12)։ Նոյնպէս, Պօղոս առաքեալ խրատեց. «Սիրելինե՛ր, վրէժխնդրութիւն մի՛ ընէք ձեր անձերուն համար» (Հռով. 12։19)։ դ21.12 11 ¶13-14

Շաբաթ, մայիս 20

Անիկա իրմէ վախցողներուն փափաքը կը լեցնէ եւ անոնց աղաղակը կը լսէ ու կը փրկէ զանոնք (Սաղ. 145։19)։

Ք.Ե. 33–ի նիսան 14–ի գիշերը, Յիսուս Գեթսեմանիի պարտէզը գնաց։ Հոն, իր սիրտը պարպեց Եհովային առջեւ (Ղուկ. 22։39-44)։ Այդ դժուար պահերուն, Յիսուս «սաստիկ գոչումով ու արցունքով. . . աղաչանք մատուցանեց» (Եբ. 5։7)։ Ան ինչի՞ մասին աղօթեց։ Զօրութիւն խնդրեց, որպէսզի Եհովային հաւատարիմ մնայ եւ անոր կամքը կատարէ։ Եհովան իր Որդիին սրտագին աղօթքը լսեց եւ հրեշտակ մը ղրկեց զինք զօրացնելու համար։ Յիսուս գիտակից էր որ շատ կարեւոր է որ հաւատարիմ մնայ եւ իր Հօր անունը պաշտպանէ։ Եհովան մտիկ ըրաւ Յիսուսի անկեղծ խնդրանքները։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Յիսուսի բուն մտահոգութիւնն էր՝ իր Հօր հաւատարիմ մնալ եւ անոր անունը պաշտպանել։ Եթէ մեր մտահոգութիւնն է՝ նոյն բանը ընել, ան մեր աղօթքներուն պիտի պատասխանէ եւ մեզի պիտի օգնէ (Սաղ. 145։18)։ դ22.01 18 ¶15-17

Կիրակի, մայիս 21

Գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք. . . սորվեցուցէք անոնց (Մատ. 28։19, 20)։

Ներկայիս շատեր մեր պատգամը կը մերժեն, քանի որ քաղաքականութեան չենք մասնակցիր։ Իրենց կարծիքով, մենք պէտք է քուէարկենք։ Բայց կը գիտակցինք որ Եհովային տեսանկիւնէն, եթէ մարդկային առաջնորդ մը ընտրենք որ մեր վրայ իշխէ, Զինք մերժած կ’ըլլանք (Ա. Թագ. 8։4-7)։ Նաեւ թերեւս մարդիկ ըսեն, որ պէտք է դպրոցներ ու հիւանդանոցներ շինենք եւ ուրիշ բարեսիրական գործեր ընենք։ Անոնք կը գայթակղին, քանի որ կը կեդրոնանանք քարոզչութեան վրայ, եւ ոչ թէ աշխարհի խնդիրները լուծելու վրայ։ Ինչպէ՞ս կրնանք չգայթակղիլ (Մատ. 7։21-23)։ Մենք գլխաւորաբար պէտք է կեդրոնացած մնանք Յիսուսին պատուիրած գործին վրայ։ Բնա՛ւ պէտք չէ տարուինք այս աշխարհին քաղաքական եւ ընկերային հարցերով։ Մենք մարդիկը կը սիրենք եւ երբ խնդիրներ ունենան, իրենց հետ կը զգանք։ Բայց գիտենք որ իրենց օգնելու լաւագոյն կերպն է՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին սորվեցնել եւ օգնել, որ Եհովային հետ բարեկամութիւն ունենան։ դ21.05 7 ¶19-20

Երկուշաբթի, մայիս 22

Վերջին օրերը չար ժամանակներ պիտի գան (Բ. Տիմ. 3։1)։

Թէեւ շատ մը կառավարիչներ կ’ըսեն որ Աստուծոյ կը ծառայեն, բայց իրենց իշխանութեան կառչած են։ Ուստի, ինչպէս Յիսուսի օրերուն, նոյնպէս մեր օրերուն, կառավարիչները կը հակառակին Եհովայի Օծեալին՝ յարձակելով անոր հաւատարիմ հետեւորդներուն վրայ (Գործք 4։25-28)։ Եհովան ինչպէ՞ս կը հակազդէ։ Սաղմոս 2։10-12–ը կը պատասխանէ. «Ուստի հիմա, ո՛վ թագաւորներ, մտքերնիդ առէք, երկրի՛ դատաւորներ, խրատուեցէ՛ք։ Երկիւղով ծառայեցէ՛ք Տէրոջը, ու դողալով անկէ վախցէ՛ք։ Որդին համբուրեցէք՝ որպէս զի չբարկանայ ու ճամբուն մէջ չկորսուիք, երբ անոր բարկութիւնը քիչ մը բորբոքի։ Երանի՜ այն ամենուն որոնք անոր կը յուսան»։ Եհովան ազնիւ գտնուելով այդ հակառակորդներուն առիթ կու տայ, որ ճիշդ որոշումը առնեն։ Անոնք տակաւին կրնան իրենց միտքը փոխել եւ Եհովայի Թագաւորութիւնը ընդունիլ։ Բայց ժամանակը վերջանալու վրայ է (Եսա. 61։2)։ Հիմա որեւէ ժամանակէ աւելի կարեւոր է, որ մարդիկ իրողութիւնները գիտնան եւ ճիշդ ընտրութիւնը ընեն։ դ21.09 15-16 ¶8-9

Երեքշաբթի, մայիս 23

Կերակուր ու հանդերձ ունենալով՝ անոնցմով բաւականանանք (Ա. Տիմ. 6։8)։

Պօղոս առաքեալ ըսել ուզեց, որ պէտք է բաւարարուինք այն նիւթական բաներով, որ ունինք (Փլպ. 4։12)։ Մեր ունեցած ամէնէն արժէքաւոր բանը՝ Աստուծոյ հետ մեր փոխյարաբերութիւնն է, եւ ոչ թէ որեւէ նիւթական բան որ ունինք (Ամբ. 3։17, 18)։ Նկատի առ թէ Մովսէս իսրայէլացիներուն ի՛նչ ըսաւ, անապատին մէջ 40 տարի անցընելէ ետք. «Քու Տէր Աստուածդ քու ձեռքիդ բոլոր գործերուն մէջ օրհնեց քեզ. . . քու Տէր Աստուածդ այս քառասուն տարին քեզի հետ էր ու բանի մը պակասութիւն չքաշեցիր» (Բ. Օր. 2։7)։ Այդ 40 տարիներուն ընթացքին, Եհովան իսրայէլացիներուն մանանայ տուաւ, որ ուտեն։ Բնաւ չմաշեցան անոնց հագուստները, որ հագած էին երբ Եգիպտոսէն ելան (Բ. Օր. 8։3, 4)։ Եհովան պիտի ուրախանայ, եթէ սորվինք գոհունակ ըլլալ։ Ան կ’ուզէ որ գնահատենք նոյնիսկ այն պարզ բաները, որ մեզի կու տայ. զանոնք օրհնութիւն սեպենք եւ անոնց համար շնորհակալ ըլլանք։ դ22.01 5 ¶10-11

Չորեքշաբթի, մայիս 24

Քու բոլոր սրտովդ Տէրոջը ապաւինէ եւ քու իմաստութեանդ մի՛ վստահիր (Առ. 3։5)։

Ամուսիննե՛ր, դուք պատասխանատուութիւն ունիք ձեր ընտանիքին հոգ տանելու, ատոր համար ծանր կ’աշխատիք ընտանիքին ապրուստը ճարելու համար։ Երբ լուրջ խնդիրի մը առջեւ գտնուիք, թերեւս խորհիք որ կրնաք առանձին զայն լուծել։ Սակայն, մի՛ ապաւինիք ձեր կարողութիւններուն, հապա Եհովային օգնութիւնը խնդրեցէք, աղօթելով՝ թէ՛ առանձին եւ թէ ձեր կնոջ հետ։ Եհովային ուղղութիւնը փնտռեցէք՝ դիմելով Աստուածաշունչին եւ սուրբգրային հրատարակութիւններուն, եւ ձեր գտած խրատը գործադրեցէք։ Ոմանք թերեւս անմտութիւն սեպեն Աստուածաշունչին հիման վրայ ձեր առած որոշումը եւ ըսեն որ դրամը եւ ինչ որ դրամը կը գնէ լաւագոյն ապահովութիւնը կու տայ ձեր ընտանիքին։ Բայց մի՛ մոռնաք Յովսափատ թագաւորին օրինակը (Բ. Մն. 20։1-30)։ Ան Եհովային վստահեցաւ եւ իր գործերով ցոյց տուաւ իր վստահութիւնը։ Եհովան զինք չլքեց, ձեզ ալ պիտի չլքէ (Սաղ. 37։28. Եբ. 13։5)։ դ21.11 15 ¶6. 16 ¶8

Հինգշաբթի, մայիս 25

Աստուած. . . անիրաւութիւն չունի (Բ. Օր. 32։4)։

Աստուած մեզ իր պատկերով ստեղծած է, անոր համար շատ կ’ուզենք, որ մարդիկ իրարու հետ արդարութեամբ վարուին (Ծն. 1։26)։ Բայց քանի որ անկատար ենք, կրնանք հարցերը սխալ կերպով դատել, նոյնիսկ երբ կը կարծենք թէ բոլոր իրողութիւնները գիտենք։ Օրինակ, յիշէ որ Յովնան գոհ չէր, երբ Եհովան որոշեց նինուէցիներուն ողորմիլ (Յովն. 3։10–4։1)։ Բայց տես թէ արդիւնքը ի՛նչ եղաւ։ Աւելի քան 120,000 նինուէցիներ զղջացին եւ ազատեցան։ Ուրեմն, Յովնա՛նը,– եւ ոչ թէ Եհովան,– պէտք էր իր մտածելակերպը սրբագրէր։ Եհովան պարտաւոր չէ իր որոշումները բացատրելու մարդոց։ Ճիշդ է որ ան անցեալին թոյլ տուաւ, որ իր ծառաները իրենց մտահոգութիւնները արտայայտէին այն որոշումներուն նկատմամբ, որ առած էր կամ պիտի առնէր (Ծն. 18։25. Յովն. 4։2, 3)։ Եւ ատեններ իր առած որոշումներուն համար բացատրութիւն տուաւ (Յովն. 4։10, 11)։ Բայց եւ այնպէս, Եհովան պէտք չունի մեր հաւանութիւնը ստանալու՝ որոշում մը առնելէ առաջ կամ ետք (Եսա. 40։13, 14. 55։9)։ դ22.02 3-4 ¶5-6

Ուրբաթ, մայիս 26

Ան որ ձեր մէջ մեծ է, պզտիկի պէս թող ըլլայ եւ առաջնորդը՝ սպասաւորի պէս (Ղուկ. 22։26)։

Մենք «պզտիկ»ի պէս կը վարուինք, երբ ուրիշները ‘մեր անձէն լաւ կը սեպենք’ (Փլպ. 2։3)։ Այդպիսի մտածելակերպ ո՛րքան աւելի քուկդ դարձնես, ա՛յնքան աւելի քիչ հաւանականութիւն պիտի ըլլայ, որ ուրիշները գայթակղեցնես։ Մեր բոլոր եղբայրներն ու քոյրերը որոշ մարզի մը մէջ մեզմէ աւելի լաւ են։ Ատիկա դժուար չէ տեսնել, երբ կը կեդրոնանանք անոնց լաւ յատկութիւններուն վրայ։ Պէտք է լուրջի առնենք այն խրատը, որ Պօղոս առաքեալ կորնթացիներուն ըսաւ. «Ո՞վ է ան որ քեզ տարբեր կ’ընէ ուրիշներէն եւ ի՞նչ ունիս որ չես առեր եւ եթէ առիր, ինչո՞ւ չառածի պէս կը պարծենաս» (Ա. Կոր. 4։7)։ Պէտք է ուշադիր ըլլանք, որ չըլլայ թէ մեր անձին վրայ ուշադրութիւն հրաւիրենք կամ մենք մեզ ուրիշներէն աւելի լաւ սեպենք։ Եթէ եղբայր մը լաւ դասախօս մըն է կամ քոյր մը Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու ձիրքը ունի, պէտք է արագ ըլլայ վարկը Եհովային տալու։ դ21.06 22 ¶9-10

Շաբաթ, մայիս 27

Ցանէ՛ քու սերմդ, եւ. . . մի՛ հանգչեցներ ձեռքդ (Ժող. 11։6, ԱԾ)։

Շատ մը Վկաներու համար, երթալով աւելի դժուար կ’ըլլայ մարդիկ իրենց տուները գտնելը։ Կարգ մը հրատարակիչներ կ’ապրին այնպիսի վայրեր, ուր շատ կան յատուկ հսկողութեան տակ եղող շէնքեր կամ մուտքը արգիլուած շրջաններ։ Հոն կրնայ պահակ մը ըլլալ, որ չի ձգեր որ մէկը մտնէ, եթէ չէ հրաւիրուած որոշ տանտէրի մը կողմէ։ Ուրիշ հրատարակիչներ քիչ տանտէրերու կը հանդիպին կամ իրենց թաղամասին մէջ քիչեր կ’ապրին։ Ոմանք թերեւս երկար ճամբայ կտրեն միայն մէկ տանտիրոջ հասնելու համար. եւ կը պատահի որ ան տունը չ’ըլլար։ Եթէ այսպիսի դժուարութիւններ ունիս, մի՛ յանձնուիր։ Փորձէ տարբեր ժամ մը ընտրել մարդոց քարոզելու։ Աւելի մարդոց պիտի հանդիպիս, եթէ քարոզես այն ատեն, երբ հաւանական է որ անոնք տունը ըլլան։ Մարդիկ վերջ ի վերջոյ տուն պիտի գան։ Շատ մը եղբայրներ եւ քոյրեր գործնական կը տեսնեն կէսօրէ ետք կամ իրիկունը քարոզել, քանի որ այդ ժամերուն աւելի մարդիկ տունը կը գտնեն։ Առաւել, տանտէրերը թերեւս աւելի հանգիստ ըլլան եւ սիրտ ունենան խօսելու։ դ21.05 15 ¶5, 7

Կիրակի, մայիս 28

Պարապ տեղը զիս կը պաշտեն, մարդոց պատուիրած բաները իբրեւ վարդապետութիւն սորվեցնելով (Մար. 7։7)։

Այսօր ալ նոյն խնդիրը կը տեսնե՞նք։ Այո՛։ Շատեր կը նեղանան, երբ Եհովայի վկաները իրենց հետ չեն մասնակցիր ոչ–սուրբգրային աւանդութիւններու, ինչպէս՝ ծննդեան տարեդարձները եւ Սուրբ Ծնունդը։ Ուրիշներ կը բարկանան, երբ Վկաները ազգայնական տօներ չեն տօներ կամ չեն հետեւիր թաղման արարողութիւններու, որոնք Աստուծոյ Խօսքին համաձայն չեն։ Եհովայի վկաներէն այս կերպով գայթակղողները թերեւս իրապէս կը հաւատան, որ Աստուած իրենց պաշտամունքի կերպը կ’ընդունի։ Բայց անոնք չեն կրնար զինք հաճեցնել, եթէ Աստուածաշունչին յստակ ուսուցումներէն աւելի կը նախընտրեն աշխարհին սովորութիւնները (Մար. 7։8, 9)։ Ինչպէ՞ս կրնանք չգայթակղիլ։ Պէտք է զօրաւոր սէր մշակենք Եհովայի օրէքներուն եւ սկզբունքներուն հանդէպ (Սաղ. 119։97, 113, 163-165)։ Երբ Եհովան սիրենք, պիտի մերժենք որեւէ աւանդութիւն, որ զինք չի հաճեցներ։ Թոյլ պիտի չտանք որ որեւէ բան աւելի կարեւոր ըլլայ քան՝ Եհովայի հանդէպ մեր սէրը։ դ21.05 6 ¶15-16

Երկուշաբթի, մայիս 29

Ամէն բանի մէջ արթո՛ւն կեցիր, նեղութիւններու համբերէ՛, աւետարանիչի գործ գործէ՛ (Բ. Տիմ. 4։5)։

Ինչպէ՞ս կրնանք Պօղոս առաքեալի խրատը գործադրել։ Պէտք է մեր հաւատքը զօրաւոր պահենք՝ կանոնաւորաբար սերտելով, շարունակ աղօթելով եւ զբաղած մնալով այն գործին մէջ, որ Եհովան մեզի տուած է (Բ. Տիմ. 4։4)։ Եթէ հաւատք ունինք, իրար պիտի չանցնինք երբ ժխտական բաներ լսենք մեր մասին (Եսա. 28։16)։ Մեր սէրը Եհովային հանդէպ, իր Խօսքին հանդէպ եւ մեր եղբայրներուն հանդէպ, մեզի պիտի օգնէ, որ ճշմարտութիւնը ձգողներուն պատճառով չգայթակղինք։ Առաջին դարուն, շատեր գայթակղեցան եւ Յիսուսը մերժեցին։ Բայց ուրիշ շատեր զինք ընդունեցին։ Անոնց մէջ կային՝ Սենետրիոնի առնուազն մէկ անդամ եւ նոյնիսկ «քահանաներէն շատեր» (Գործք 6։7. Մատ. 27։57-60. Մար. 15։43)։ Նոյնպէս այսօր, միլիոնաւորներ չեն գայթակղիր։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները գիտեն եւ կը սիրեն։ Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ. «Քու օրէնքդ սիրողներուն շատ խաղաղութիւն կայ ու անոնց գայթակղութիւն չկայ» (Սաղ. 119։165)։ դ21.05 13 ¶20-21

Երեքշաբթի, մայիս 30

Իմ զօրութիւնս տկարութեան մէջ կը կատարուի (Բ. Կոր. 12։9)։

Պօղոս առաքեալ շատ լաւ գիտէր, թէ ամէն բան որ ծառայութեան մէջ կ’ընէր, իր ուժով չէր, հապա՝ Եհովային ուժով։ Եհովան իր սուրբ հոգիին միջոցով Պօղոսին ոյժ տուաւ, որ իր ծառայութիւնը լիովին կատարէր, թէեւ հալածուեցաւ, բանտարկուեցաւ եւ ուրիշ խնդիրներ ունեցաւ։ Պօղոսի երիտասարդ ընկերակիցն ալ՝ Տիմոթէոսը, պէտք էր Աստուծոյ ուժին ապաւինէր իր ծառայութիւնը կատարելու համար։ Ան Պօղոսին ընկերակցեցաւ միսիոնարական երկար ճամբորդութիւններու մէջ։ Ատկէ զատ, Պօղոս զինք ղրկեց որ ժողովքները քաջալերէր (Ա. Կոր. 4։17)։ Թերեւս Տիմոթէոս զգաց, թէ որակեալ չէր ատոնք ընելու, եւ թերեւս Պօղոս ատոր համար իրեն ըսաւ. «Չըլլայ որ մէկը քու երիտասարդութիւնդ անարգէ» (Ա. Տիմ. 4։12)։ Եւ այդ ժամանակ, Տիմոթէոս ալ մարմնի խայթոց մը ունէր,– «յաճախակի հիւանդութիւններ» (Ա. Տիմ. 5։23)։ Բայց ան գիտէր թէ Եհովայի զօրաւոր սուրբ հոգին իրեն պէտք եղած ուժը պիտի տար, որ բարի լուրը քարոզէր եւ իր եղբայրներուն ծառայէր (Բ. Տիմ. 1։7)։ դ21.05 21 ¶6-7

Չորեքշաբթի, մայիս 31

Քու հօտերուդ աղէ՛կ նայէ (Առ. 27։23)։

Յակոբոս 1։19–ի սկզբունքը վստահաբար կը կիրարկուի խրատ տուողներուն։ Յակոբոս աշակերտ գրեց. «Ամէն մարդ թող արագ ըլլայ լսելու մէջ եւ ծանր՝ խօսելու եւ ծանր՝ բարկանալու մէջ»։ Երէց մը կրնայ կարծել թէ բոլոր իրողութիւնները գիտէ, բայց իրապէս գիտէ՞։ Առակաց 18։13–ը կ’ըսէ. «Ո՛վ որ բան մը չլսած պատասխան կու տայ, յիմարութիւն ու նախատինք է իրեն»։ Ամէնէն լաւն է՝ իրողութիւնները ուղղակիօրէն գիտնալ խնդրոյ առարկայ անձէն։ Անոր համար, երէց մը պէտք է խօսելէ առաջ՝ մտիկ ընէ։ Ան կրնայ հարցնել. «Ինչերէ՞ կ’անցնիս» եւ «Ինչպէ՞ս կրնամ քեզի օգնել»։ Եթէ երէցները ժամանակ տան որ իրողութիւնները գիտնան, աւելի հաւանական է որ հաւատակիցներուն օգտակար ըլլան եւ զանոնք քաջալերեն։ Լաւ խրատ տալու համար չի բաւեր քանի մը համարներ կարդալ կամ առաջարկներ տալ։ Եղբայրներն ու քոյրերը պէտք ունին, որ տեսնեն թէ երէցները իրենցմով հետաքրքրուած են, զիրենք կը հասկնան եւ կ’ուզեն իրենց օգնել։ դ22.02 17 ¶14-15

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել