Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • աք23 էջ 57-67
  • Յունիս

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Յունիս
  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2023
  • Ենթավերնագիրներ
  • Հինգշաբթի, յունիս 1
  • Ուրբաթ, յունիս 2
  • Շաբաթ, յունիս 3
  • Կիրակի, յունիս 4
  • Երկուշաբթի, յունիս 5
  • Երեքշաբթի, յունիս 6
  • Չորեքշաբթի, յունիս 7
  • Հինգշաբթի, յունիս 8
  • Ուրբաթ, յունիս 9
  • Շաբաթ, յունիս 10
  • Կիրակի, յունիս 11
  • Երկուշաբթի, յունիս 12
  • Երեքշաբթի, յունիս 13
  • Չորեքշաբթի, յունիս 14
  • Հինգշաբթի, յունիս 15
  • Ուրբաթ, յունիս 16
  • Շաբաթ, յունիս 17
  • Կիրակի, յունիս 18
  • Երկուշաբթի, յունիս 19
  • Երեքշաբթի, յունիս 20
  • Չորեքշաբթի, յունիս 21
  • Հինգշաբթի, յունիս 22
  • Ուրբաթ, յունիս 23
  • Շաբաթ, յունիս 24
  • Կիրակի, յունիս 25
  • Երկուշաբթի, յունիս 26
  • Երեքշաբթի, յունիս 27
  • Չորեքշաբթի, յունիս 28
  • Հինգշաբթի, յունիս 29
  • Ուրբաթ, յունիս 30
Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2023
աք23 էջ 57-67

Յունիս

Հինգշաբթի, յունիս 1

Աղքատ որբեւայրի մըն ալ եկաւ ու երկու լումայ ձգեց, որ նաքարակիտ մը կ’ընէ (Մար. 12։42)։

Կեանքը շատ դժուար է այս այրիին համար։ Ան հաւանաբար բաւարար դրամ չունի կեանքի անհրաժեշտ բաները ապահովելու։ Բայց եւ այնպէս, ան գանձանակներէն մէկուն կը մօտենայ եւ ատոր մէջ զգուշութեամբ դրամ կը նետէ, որ պզտիկ ըլլալուն պատճառով ձայն չի հաներ։ Յիսուս գիտէ անոր դրածը,– երկու լումայ, որ գործածուելիք ամենապզտիկ դրամն է։ Ատիկա նոյնիսկ չի բաւեր մէկ ճնճղուկ գնելու, որ ամէնէն աժան թռչուններէն մէկն է։ Յիսուս այս այրիով շատ կը տպաւորուի։ Ան աշակերտները իր քով կը կանչէ, այրին անոնց ուշադրութեան կը յանձնէ եւ կ’ըսէ. «Այս աղքատ որբեւայրին գանձանակը ստակ ձգողներուն ամենէն աւելին ձգեց»։ Եւ կը բացատրէ. «Ամէնքը [մանաւանդ հարուստները] իրենց աւելցածէն ձգեցին. բայց ասիկա իր չքաւորութենէն՝ ունեցածին բոլորը ձգեց՝ իր բոլոր ապրուստը» (Մար. 12։43, 44)։ Երբ այս հաւատարիմ այրին իր ունեցած դրամը տուաւ, ան իր վստահութիւնը Եհովայի վրայ դրաւ, որ իրեն հոգ տանի (Սաղ. 26։3)։ դ21.04 6 ¶17-18

Ուրբաթ, յունիս 2

Դուք Երուսաղէմը ձեր ուսմունքովը լեցուցիք (Գործք 5։28)։

Յիսուս իր երկրային ծառայութեան ընթացքին, շարունակ դրական մնաց եւ կ’ուզէ որ իր հետեւորդներն ալ ծառայութեան մէջ դրական մնան (Յովհ. 4։35, 36)։ Մինչ իր աշակերտներուն հետ էր, անոնք շատ խանդավառ էին քարոզելու (Ղուկ. 10։1, 5-11, 17)։ Սակայն ան ձերբակալուելէ եւ մեռնելէ ետք, աշակերտները քարոզելու իրենց փափաքը ժամանակաւորապէս կորսնցուցին (Յովհ. 16։32)։ Յիսուս յարութիւն առնելէ ետք, զիրենք քաջալերեց որ քարոզելու վրայ կեդրոնանան։ Իսկ երկինք համբառնալէ ետք, իր աշակերտները այնքա՛ն մեծ նախանձախնդրութեամբ քարոզեցին, որ թշնամիները գանգատեցան, ինչպէս որ այս օրուան համարը ցոյց կու տայ։ Յիսուս առաջին դարու քրիստոնեաները առաջնորդեց մինչ կը քարոզէին, եւ Եհովան զանոնք օրհնեց. շատեր պատգամը ընդունեցին։ Օրինակ, Ք.Ե. 33–ի Պէնտէկոստէին, շուրջ 3000 անհատներ մկրտուեցան (Գործք 2։41)։ Եւ աշակերտներուն թիւը խիստ աւելցաւ (Գործք 6։7)։ Բայց Յիսուս մարգարէացած էր, որ վերջին օրերուն շա՜տ աւելի մեծ թիւով մարդիկ բարի լուրը պիտի ընդունէին (Յովհ. 14։12. Գործք 1։8)։ դ21.05 14 ¶1-2

Շաբաթ, յունիս 3

Երանի՜ անոր որ իմ վրայովս չի գայթակղիր (Մատ. 11։6)։

Կը յիշե՞ս այն ժամանակը, երբ անդրադարձար որ ճշմարտութիւնը գտած ես։ Կարծեցիր որ ամէն մարդ պիտի ուրախանայ գիտնալով այն բաները, որոնց սկսար հաւատալ։ Համոզուած էիր որ Աստուածաշունչին պատգամը իրենց պիտի տար իմաստալից կեանք մը հիմա եւ հոյակապ յոյս մը ապագային համար (Սաղ. 119։105)։ Անոր համար, սկսար սորված ճշմարտութիւններդ խանդավառութեամբ բարեկամներուդ եւ ազգականներուդ պատմել։ Բայց ի՞նչ եղաւ։ Անակնկալի եկար, երբ տեսար որ շատեր ըսածներդ մերժեցին։ Պէտք չէ զարմանանք, երբ ուրիշներ մեր քարոզած պատգամը մերժեն։ Յիսուսի օրերուն, մարդոց մեծամասնութիւնը զինք մերժեց, թէեւ հրաշքներ ըրաւ՝ փաստելով որ Աստուծոյ կողմէ ղրկուած էր։ Օրինակ, Յիսուս Ղազարոսը յարուցանեց,– հրաշք մը, որ հակառակորդները չկրցան ուրանալ։ Այսուհանդերձ, հրեայ առաջնորդները չընդունեցին զինք որպէս Մեսիան։ Անոնք նոյնիսկ ուզեցին սպաննել թէ՛ Յիսուսը եւ թէ Ղազարոսը (Յովհ. 11։47, 48, 53. 12։9-11)։ դ21.05 2 ¶1-2

Կիրակի, յունիս 4

Մէկտեղ հաւաքուիլը չթողունք. . . հապա մէկզմէկ յորդորենք (Եբ. 10։25)։

Ջանք ըրէ որ կանոնաւորաբար ժողովներու ներկայ ըլլաս։ Թէ՛ պիտի օգտուիս ու քաջալերուիս յայտագրէն եւ թէ պիտի կարենաս եղբայրներդ ու քոյրերդ աւելի լաւ ճանչնալ։ Ժողովքին մէջ փնտռէ բարեկամներ, որոնցմէ կրնաս սորվիլ, նոյնիսկ եթէ նոյն տարիքի չէք կամ տարբեր ենթահողերէ եկած էք։ Աստուածաշունչը մեզի կը յիշեցնէ, որ իմաստութիւնը «ծերերուն քովն է» (Յոբ 12։12)։ Տարիքով աւելի մեծ անհատներն ալ շատ բան կրնան սորվիլ հաւատարիմ երիտասարդներէն։ Օրինակ, Դաւիթ Յովնաթանէն շատ աւելի երիտասարդ էր, բայց ասիկա արգելք չեղաւ իրենց մտերիմ բարեկամութեան (Ա. Թագ. 18։1)։ Դաւիթ եւ Յովնաթան իրարու օգնեցին, որ Եհովային ծառայեն դժուար պարագաներու ներքեւ (Ա. Թագ. 23։16-18)։ Իրինա անունով քոյր մը, որ ներկայիս իր ընտանիքին մէջ միակ Վկան է, կ’ըսէ. «Մեր եղբայրներն ու քոյրերը կրնան իրապէս դառնալ մեր հոգեւոր ծնողները կամ հարազատները։ Եհովան կրնայ զանոնք գործածել, որ մեր զգացական պէտքերը գոցէ»։ Բարեկամներդ կ’ուզեն քեզ քաջալերել եւ քեզի օգնել, բայց պէտք ունին որ իրենց գիտցնես, թէ ինչպէ՛ս կրնան ատիկա ընել։ դ21.06 10-11 ¶9-11

Երկուշաբթի, յունիս 5

Այսպէս իմ երկնաւոր Հայրս պիտի ընէ ձեզի եթէ ձեր սրտերէն չներէք ամէն մէկդ իր եղբօրը յանցանքները (Մատ. 18։35)։

Յիսուս առակ մը պատմեց թագաւորի մը եւ անոր ծառային մասին։ Թագաւորը ծառային շնորհեց մեծ պարտք մը, որ կարողութիւն չունէր վճարելու։ Ետքը, նոյն ծառան մերժեց շատ աւելի պզտիկ պարտք մը շնորհել իր ծառայակիցին։ Ի վերջոյ, թագաւորը այդ անգութ ծառան բանտը նետեց։ Ծառային ըրածները ոչ միայն իրեն վնաս բերին, հապա ուրիշներուն ալ։ Առաջին, ան անգթօրէն իր ծառայակիցին վնասեց՝ զինք ‘բանտը դնել տալով, մինչեւ որ պարտքը վճարէ’։ Երկրորդ, ուրիշ ծառաներու ալ վնաս հասցուց, որոնք տեսած էին իր ըրածը։ «Երբ իր ծառայակիցները տեսան եղած բաները, խիստ տրտմեցան» (Մատ. 18։30, 31)։ Նոյնպէս, ուրիշներ կ’ազդուին մեր ըրածներէն։ Ի՞նչ կ’ըլլայ, եթէ մէկը մեզի դէմ սխալի եւ մենք չուզենք իրեն ներել։ Առաջին, զինք պիտի ցաւցնենք՝ իրեն չներելով, զինք անտեսելով եւ իրեն հանդէպ սէր ցոյց չտալով։ Երկրորդ, ժողովքին մէջ ուրիշներ հանգիստ պիտի չզգան, տեսնելով թէ այդ անձին հետ խաղաղութիւն չունինք։ դ21.06 22 ¶11-12

Երեքշաբթի, յունիս 6

[Պիտի] ապականես երկիրը ապականողները (Յայտ. 11։18)։

Սատանան կը սիրէ ցածցնել ու նուաստացնել մարդիկը, որոնք Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած են։ Երբ Աստուած Նոյի օրերուն «տեսաւ, որ մարդոց չարութիւնը երկրի վրայ կը շատնայ. . . մարդը ստեղծելուն զղջաց ու իր սրտին մէջ տրտմեցաւ» (Ծն. 6։5, 6, 11)։ Անկէ ի վեր, վիճակները լաւացա՞ծ են։ Անշուշտ ոչ։ Սատանան որքա՜ն ուրախ ըլլալու է, տեսնելով որ աշխարհը լեցուած է ամէն տեսակի սեռային անբարոյութեամբ, մէջը ըլլալով՝ հակառակ սեռերու եւ նոյն սեռի միջեւ անբարոյ արարքները (Եփ. 4։18, 19)։ Սատանան մանաւանդ կ’ուրախանայ, երբ կը յաջողի ճշմարիտ պաշտամունքի մէջ եղողները լուրջ մեղքի մէջ ձգել։ Սատանայի իշխանութեան ներքեւ, մարդը ոչ միայն «ուրիշ մարդու վրայ կ’իշխէ իրեն թշուառութեան համար», հապա նաեւ Եհովային կողմէ իրեն վստահուած երկրին ու անասուններուն լաւ հոգ չի տանիր (Ժող. 8։9. Ծն. 1։28)։ Արդի՞ւնքը։ Կարգ մը մասնագէտներ կ’ըսեն, որ մարդոց ըրածներուն պատճառաւ, աւելի քան մէկ միլիոն բոյսերու եւ անասուններու տեսակներ գալիք տարիներուն ընթացքին պիտի ոչնչանան։ դ21.07 12 ¶13-14

Չորեքշաբթի, յունիս 7

[Եհովան] առատապէս կը ներէ (Եսա. 55։7)։

Աստուծոյ ծառաներէն ոմանք միշտ յանցաւոր կը զգան իրենց անցեալի մեղքերուն պատճառով։ Անոնք տակաւին կը մտածեն, որ Եհովան բնա՛ւ իրենց պիտի չներէ, որքա՛ն ալ զղջացած ըլլան։ Կրնաս այդպէս չզգալ, եթէ հասկնաս որ Եհովան իրապէս կ’ուզէ իր հաւատարիմ սէրը ցոյց տալ քեզի հանդէպ։ Կրնա՛ս ուրախութեամբ եւ մաքուր խղճմտանքով ծառայել իրեն։ Ասիկա կարելի է, քանի որ «անոր Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսին արիւնը մեզ ամէն մեղքէ կը սրբէ» (Ա. Յովհ. 1։7)։ Երբ գործուած մեղքի մը պատճառով ընկճուած ես, միտքդ բեր որ Եհովան պատրաստ է եւ կ’ուզէ՛ ներել զղջացող մեղաւորին։ Նկատի առ, թէ ինչպէ՛ս սաղմոսերգու Դաւիթ հաւատարիմ սէրը եւ ներումը իրարու հետ կը կապէ։ Ան գրեց. «Որչափ որ երկինքը երկրէն բարձր է, այնչափ իր ողորմութիւնը իրմէ վախցողներուն վրայ զօրաւոր է։ Որչափ որ արեւելքը արեւմուտքէն հեռու է, այնչափ հեռացուց մեզմէ մեր յանցանքները» (Սաղ. 103։11, 12)։ դ21.11 5-6 ¶12-13

Հինգշաբթի, յունիս 8

Անոր տղաքը կ’ելլեն ու զանիկա երանելի կ’անուանեն։ Անոր այրն ալ զանիկա կը գովէ (Առ. 31։28)։

Քրիստոնեայ ամուսինը պէտք է իր կինը պատուէ (Ա. Պետ. 3։7)։ Պատուել կը նշանակէ՝ ուրիշներուն յատուկ ուշադրութիւն եւ յարգանք ցոյց տալ։ Օրինակ, ամուսինը իր կինը պատուած կ’ըլլայ, երբ անոր կարեւոր կը զգացնէ եւ անոր կրցածէն աւելի չի պահանջեր։ Նաեւ, ամուսինը իր կինը չի բաղդատեր ուրիշ կիներու հետ։ Կին մը ինչպէ՞ս պիտի զգար, եթէ ամուսինը այդպէս ընէր։ Ռոզա անունով քրոջ մը Վկայ չեղող ամուսինը յաճախ զինք կը բաղդատէ ուրիշ կիներու հետ։ Անոր անազնիւ խօսքերը պատճառ եղած են, որ Ռոզան ոչ միայն իր ինքնավստահութիւնը կորսնցնէ, հապա կասկած ունենայ, որ ոեւէ մէկը զինք կը սիրէ։ Ան կ’ըսէ. «Միշտ պէտք ունիմ, որ ինծի յիշեցուի որ Եհովան զիս կ’արժեւորէ»։ Ասոր հակառակը, քրիստոնեայ ամուսինը իր կնոջ պատիւ կու տայ։ Ան գիտէ որ այդպէս ընելը լաւ կերպով կ’ազդէ անոր հետ եւ Եհովային հետ իր փոխյարաբերութեան։ Իր կինը պատուող ամուսինը անոր մասին լաւ բաներ կ’ըսէ մարդոց, եւ անոր կ’ըսէ թէ զինք կը սիրէ եւ թէ ան արժէքաւոր է։ դ21.07 22 ¶7-8

Ուրբաթ, յունիս 9

Ես համբերութեամբ պիտի սպասեմ (Միք. 7։7, ՆԱ)։

Յուսախաբ կ’ըլլա՞ս երբ ապսպրած ապրանքդ, որուն շատ պէտք ունիս, ակնկալած ժամանակիդ չի հասնիր։ Բայց եթէ գիտնաս որ վաւերական պատճառներով ապրանքը չհասաւ, հաւանաբար պիտի չուզե՞ս համբերութեամբ սպասել։ Առակաց 13։11–ի օրինակը մեզի կը սորվեցնէ, թէ ինչո՛ւ պէտք է համբերող ըլլանք։ Առակը կ’ըսէ. «Անիրաւութեամբ [«Արագօրէն», ՆԱ] հաւաքուած հարստութիւնը պիտի պակսի, բայց իր աշխատութիւնով [«բայց քիչ–քիչ», ՆԱ] հաւաքողը պիտի շատցնէ»։ Այս համարէն ի՞նչ կը սորվինք։ Ամէն բան զգուշութեամբ եւ համբերութեամբ ընելով, իմաստուն անձ մը լաւագոյն արդիւնքներու պիտի հասնի։ Իսկ Առակաց 4։18–ը կ’ըսէ, որ «արդարներուն ճամբան ծագող լոյսի պէս է, որ երթալով կը լուսաւորուի, մինչեւ կատարեալ օր ըլլայ»։ Այս համարը ցոյց կու տայ, որ Եհովան իր ժողովուրդին կամաց–կամաց կ’օգնէ, որ իր նպատակը հասկնան։ Այս համարը նաեւ կրնայ մեզի օգնել հասկնալու, թէ քրիստոնեան ինչպէ՛ս իր կեանքին մէջ փոփոխութիւններ կ’ընէ եւ երթալով Եհովային աւելի կը մօտենայ։ Հոգեւոր աճումը անկարելի է արագացնել. ատիկա ժամանակ կ’առնէ։ դ21.08 8 ¶1, 3-4

Շաբաթ, յունիս 10

Ահաւասիկ ես. զի՛ս ղրկէ (Եսա. 6։8)։

Շատ գործ ունինք ընելիք, մինչ այս չար աշխարհը իր վերջին կը մօտենայ (Մատ. 24։14. Ղուկ. 10։2. Ա. Պետ. 5։2)։ Բոլորս կ’ուզենք լաւագոյն կերպով Եհովային ծառայել։ Շատեր իրենց ծառայութիւնը կ’ընդարձակեն։ Ոմանք կը փափաքին որպէս ռահվիրայ ծառայել։ Ուրիշներ կը փափաքին Բեթէլին մէջ ծառայել կամ աստուածպետական շէնքերու շինարարութեան մասնակցիլ։ Իսկ բազմաթիւ եղբայրներ կը ձգտին ծառայել որպէս օգնական ծառայ կամ երէց (Ա. Տիմ. 3։1, 8)։ Եհովան որքա՜ն ուրախ ըլլալու է այսպիսի պատրաստակամ հոգի տեսնելով իր ժողովուրդին մէջ (Սաղ. 110։3)։ Բայց արդեօք ընկճուա՞ծ ես, քանի որ որոշ հոգեւոր նպատակակէտի մը դեռ չես հասած։ Եթէ այո՛, ապրումներդ Եհովայի հետ բաժնէ (Սաղ. 37։5-7)։ Ատկէ զատ, հասուն եղբայրներու կարծիքը հարցուր, թէ ինչպէ՛ս կրնաս ծառայութեանդ մէջ բարելաւուիլ, եւ ետքը լաւագոյնդ ըրէ, որ իրենց խրատը գործադրես։ Եթէ այդպէս ընես, հաւանաբար այդ առանձնաշնորհումը պիտի ստանաս կամ այդ նպատակակէտին պիտի հասնիս։ դ21.08 20 ¶1. 21 ¶4

Կիրակի, յունիս 11

Եհովան. . . իր հաւատարիմները պիտի չլքէ (Սաղ. 37։28, ՆԱ)։

Այրի մարգարէուհին՝ Աննան, 84 տարեկան էր, բայց «տաճարէն չէր զատուեր»։ Կանոնաւորաբար տաճար երթալուն համար Եհովան զինք օրհնեց, եւ թոյլ տուաւ որ Յիսուս մանուկը տեսնէ (Ղուկ. 2։36-38)։ Մեր օրերուն շատ մը հաւատարիմ տարեցներ հոյակապ օրինակ են երիտասարդներուն համար։ Շա՜տ պիտի քաջալերուիս, եթէ ժամանակ տաս՝ անոնց հարցումներ հարցնելու եւ մտիկ ընելու, մինչ կը պատմեն, թէ ի՛նչ ուրախ փորձառութիւններ ունեցած են Եհովայի կազմակերպութեան մէջ։ Տարեց եղբայրներն ու քոյրերը Եհովայի կազմակերպութեան մէջ կարեւոր դեր ունին։ Անոնք տեսած են, թէ ինչպէ՛ս Եհովան շատ մը կերպերով ցոյց տուած է, որ իր կազմակերպութեան եւ իրենց կը հաճի։ Անոնք իրենց սխալներէն կարեւոր դասեր սորված են։ Զանոնք նկատէ որպէս «իմաստութեան աղբիւր» եւ իրենց փորձառութենէն սորվէ (Առ. 18։4)։ Եթէ ժամանակ տաս զիրենք ճանչնալու, հաւատքդ պիտի զօրանայ։ դ21.09 3 ¶4. 4 ¶7-8. 5 ¶11, 13

Երկուշաբթի, յունիս 12

Քիչուորը՝ հազարաւոր ու պզտիկը մեծ ազգ պիտի ըլլայ (Եսա. 60։22)։

Եհովայի ժողովուրդը կը գործածէ «ազգերուն կաթը» (Եսա. 60։5, 16)։ Ճշմարտութիւնը ընդունող տղամարդիկն ու կիները իրենց հետ տարբեր–տարբեր հմտութիւններ ու կարողութիւններ կը բերեն։ Այսպիսով, քարոզչութիւնը կը կատարուի 240 երկիրներու մէջ եւ աւելի քան 1000 լեզուներով հրատարակութիւններ լոյս կը տեսնեն։ Այս վերջին օրերուն, ազգերը շարժելը մարդիկը կը ստիպէ որ որոշում մը առնեն։ Արդեօք Աստուծոյ Թագաւորութեան թիկունք պիտի կանգնի՞ն, թէ ոչ՝ իրենց վստահութիւնը պիտի դնեն այս աշխարհի կառավարութիւններուն վրայ։ Ասիկա կարեւոր որոշում մըն է, որ ամէն մարդ պէտք է առնէ։ Թէեւ Եհովայի ծառաները կը հնազանդին այն երկրին օրէնքներուն, ուր կ’ապրին, բայց ամբողջովին չէզոք կը մնան այս աշխարհի քաղաքական հարցերուն մէջ (Հռով. 13։1-7)։ Անոնք գիտեն, որ Թագաւորութիւնը մարդկութեան խնդիրներուն միակ լուծումն է։ Եւ Թագաւորութիւնը այս աշխարհին մէկ մասը չէ (Յովհ. 18։36, 37)։ դ21.09 17-18 ¶13-14

Երեքշաբթի, յունիս 13

Անոր առջեւ սրտերնիդ բացէք (Սաղ. 62։8)։

Երբ սիրած անհատներէդ մէկը Եհովան կը ձգէ, շատ կարեւոր է որ շարունակես դուն քեզ եւ ընտանիքիդ միւս անդամները զօրացնել։ Ատիկա ինչպէ՞ս կրնաս ընել։ Եհովայէն ոյժ առ՝ կանոնաւորաբար Աստուածաշունչը կարդալով եւ անոր վրայ խոկալով, ինչպէս նաեւ ժողովներուն ներկայ գտնուելով։ Ճոաննան, որուն հայրն ու քոյրը ճշմարտութիւնը ձգեցին, կ’ըսէ. «Վրաս խաղաղութիւն կու գայ, երբ կը կարդամ Աստուածաշունչի անձնաւորութիւններու մասին, ինչպէս՝ Աբիգիան, Եսթերը, Յոբը, Յովսէփը եւ Յիսուսը։ Անոնց օրինակները սիրտս ու միտքս դրական մտածումներով կը լեցնեն, որոնք ցաւս կը մեղմացնեն»։ Երբ նեղացուցիչ զգացումներ ունենաս, Եհովային աղօթելէ մի՛ դադրիր։ Մեր սիրալիր Աստուծոյ աղաչէ, որ քեզի օգնէ հարցը իր տեսանկիւնէն դիտելու, քեզի հասկացողութիւն տայ եւ ‘երթալու ճամբադ քեզի ցուցնէ’ (Սաղ. 32։6-8)։ Անշուշտ, ամենաներքին զգացումներդ Եհովային պատմելը կրնայ ցաւդ աւելցնել։ Բայց ան վիշտդ լիովին կը հասկնայ։ Ան կը խնդրէ որ սիրտդ իրեն առջեւ բանաս (Ել. 34։6. Սաղ. 62։7)։ դ21.09 28 ¶9-10

Չորեքշաբթի, յունիս 14

Ատիկա է սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ, ատոր մտիկ ըրէք (Մատ. 17։5)։

Պետրոս, Յակոբոս եւ Յովհաննէս առաքեալները հիանալի տեսիլք մը տեսան Ք.Ե. 32–ի Պասեքէն ետք։ Բարձր լերան մը վրայ,– որ հաւանաբար Հերմոն լերան մէկ մասն էր,– Յիսուս անոնց առջեւ այլակերպեցաւ։ «Իր երեսը փայլեցաւ արեգակի պէս ու իր հանդերձները ճերմկցան լոյսի պէս» (Մատ. 17։1-4)։ Առաքեալները լսեցին Աստուծոյ ձայնը, որ ըսաւ. «Ատիկա է սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ, ատոր մտիկ ըրէք»։ Երեք առաքեալներն ալ իրենց կեանքի ընթացքով ցոյց տուին, որ Յիսուսին մտիկ ըրին։ Կ’ուզենք զիրենք ընդօրինակել։ Որքա՜ն երախտապարտ ենք, որ Եհովան մեզի սիրալիր ուղղութիւն կու տայ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ, որ ժողովքին գլուխն է (Եփ. 5։23)։ Թող վճռենք Յիսուսին ‘մտիկ ընել’՝ Պետրոս, Յակոբոս եւ Յովհաննէս առաքեալներուն պէս։ Այսպէս վարուելով, հիմա շատ մը օրհնութիւններ պիտի վայելենք, իսկ ապագային՝ անվերջ ուրախութիւն։ դ21.12 22 ¶1. 27 ¶19

Հինգշաբթի, յունիս 15

Քեզ չափաւորութեամբ պիտի խրատեմ (Եր. 30։11)։

Կորնթոսի մէջ քրիստոնեայ մը իր հօր կնոջ հետ անբարոյ կեանք կը վարէր։ Պօղոս առաքեալ կորնթացիներուն ուղղութիւն տուաւ, որ զայն վտարեն։ Ժողովքին մէջ ոմանք գէշ կերպով կ’ազդուէին այդ մարդուն անբարոյ վարքէն։ Անոնցմէ ոմանք ալ ատիկա նոյնիսկ սխալ չէին նկատեր (Ա. Կոր. 5։1, 2, 13)։ Ատեն մը ետք, Պօղոս լսեց որ այդ մարդը իրապէս զղջացած էր։ Պօղոս երէցներուն ըսաւ. ‘Ներեցէք անոր ու մխիթարեցէք զայն’։ Տե՛ս թէ ինչո՛ւ այդպէս ըսաւ. «Որ չըլլայ թէ այնպիսին չափազանց տրտմութենէն ընկղմի»։ Պօղոս զղջացող մարդուն վրայ խղճաց։ Առաքեալը չուզեց տեսնել, որ մարդը իր ըրածով այնքա՛ն ջախջախուի, որ յանձնուի եւ ներում խնդրելէ դադրի (Բ. Կոր. 2։5-8, 11)։ Եհովան ընդօրինակելով, երէցները կ’ուզեն ողորմիլ։ Անոնք վճռական կ’ըլլան երբ անհրաժեշտ է, բայց կ’ողորմին երբ կարելի է, այսինքն՝ երբ ողորմելու հիմ կայ։ Ապա թէ ոչ, ատիկա ո՛չ թէ ողորմիլ պիտի սեպուի, հապա՝ հանդուրժել։ դ21.10 11 ¶12-15

Ուրբաթ, յունիս 16

Վրէժ մի՛ առներ եւ. . . ոխ մի՛ պահեր (Ղեւ. 19։18)։

Վիրաւորուած զգացումները կարելի է նմանցնել ֆիզիքական վէրքերու։ Վէրքերէն ոմանք պզտիկ են, իսկ ոմանք ալ լուրջ են։ Օրինակ, խոհանոցին մէջ, երբ բանջարեղէն կը կտրենք, թերեւս մեր մատը վիրաւորենք։ Ճիշդ է որ կը ցաւինք, բայց մէկ կամ երկու օր ետք, թերեւս նոյնիսկ մոռնանք, թէ վէրքին տեղը ո՛ւր էր։ Նմանապէս, կարգ մը վիրաւորանքներ չնչին են։ Օրինակ, բարեկամ մը թերեւս առանց մտածելու ըսէ կամ ընէ բան մը, որ մեզ կը վիրաւորէ, բայց կրնանք դիւրաւ իրեն ներել։ Միւս կողմէ, եթէ խորունկ վէրք ունինք, պէտք կ’ըլլայ որ բժիշկ մը զայն կարէ ու վիրակապով ծածկէ։ Եթէ շարունակ այդ վէրքին հետ խաղանք, մենք մեզի պիտի վնասենք։ Ցաւալի է տեսնել անհատ մը, նման բան մը կ’ընէ, երբ զգացական գետնի վրայ խորապէս կը վիրաւորուի։ Ան անդադար կը մտածէ եղած վիրաւորանքին մասին։ Բայց ոխ պահողը միայն իր անձին կը վնասէ։ Որքա՜ն աւելի լաւ է հնազանդիլ այս օրուան համարին տուած խրատին։ դ21.12 12 ¶15

Շաբաթ, յունիս 17

Դուն ինչո՞ւ քու եղբայրդ կը դատես (Հռով. 14։10)։

Սեպենք թէ երէց մը կը մտածէ հաւատակիցի մը հագուելուն եւ շքուելուն մասին։ Երէցը կրնայ հարց տալ. ‘Սուրբգրային պատճառ մը կա՞յ, որ բան մը ըսեմ’։ Չուզելով իր անձնական կարծիքը տալ, երէցը կրնայ ուրիշ երէցէ մը կամ հասուն հրատարակիչէ մը խնդրել իր գաղափարը։ Անոնք միասնաբար կրնան հագուելակերպի մասին Պօղոս առաքեալի տուած խրատը աչքէ անցընել (Ա. Տիմ. 2։9, 10)։ Պօղոս յիշեց ընդհանուր սկզբունքներ, որոնք ցոյց կու տան թէ քրիստոնեային հագուստը պէտք է ըլլայ վայելուչ, պատշաճ եւ համեստ։ Ան չդրաւ կանոններ, թէ անհատ մը ի՛նչ կրնայ հագնիլ եւ ի՛նչ չի կրնար հագնիլ։ Ան ընդունեց, որ քրիստոնեաները կրնան իրենց ճաշակին համաձայն հագուիլ, այնքան ատեն որ Սուրբ Գիրքին չափանիշները կը յարգեն։ Ուստի, երէցները պէտք է նկատի առնեն թէ անհատին ընտրած հագուստը պատշաճ ու համե՛ստ է կամ ոչ։ Լաւ կ’ըլլայ, որ ի մտի ունենանք թէ երկու հասուն քրիստոնեաներ կրնան տարբեր ընտրութիւններ ընել, որոնք երկուքն ալ ընդունելի են։ Պէտք չէ ճիշդի ու սխալի նկատմամբ մեր չափանիշները պարտադրենք մեր հաւատակիցներուն։ դ22.02 16 ¶9-10

Կիրակի, յունիս 18

Ձեզմէ ամէն մէկը իր եղբօրը ողորմութիւն ու գթութիւն թող ընէ (Զաք. 7։9)։

Իրարու հանդէպ հաւատարիմ սէր ցոյց տալու կարեւոր պատճառներ ունինք։ Ի՞նչ են ատոնցմէ ոմանք։ Նկատէ թէ այս ներշնչեալ առակները ինչպէ՛ս կը պատասխանեն այդ հարցումին. «Ողորմութիւնն ու ճշմարտութիւնը թող քեզ չթողուն։ . . .Այն ատեն Աստուծոյ եւ մարդոց առջեւ շնորհք ու բարի համարում պիտի գտնես»։ «Ողորմած մարդը իր անձին աղէկութիւն կ’ընէ»։ «Արդարութեան ու ողորմածութեան հետեւողը կեանք. . . պիտի գտնէ» (Առ. 3։3, 4. 11։17. 21։21)։ Այս առակները երեք պատճառներ կու տան, թէ ինչո՛ւ պէտք է հաւատարիմ սէր ցոյց տանք։ Առաջին, հաւատարիմ սէր ցոյց տալով Աստուծոյ աչքին արժէքաւոր կ’ըլլանք։ Երկրորդ, հաւատարիմ սէր ցոյց տալով մե՛նք կ’օգտուինք։ Օրինակ, մնայուն բարեկամութիւններ կ’ունենանք։ Երրորդ, հաւատարիմ սէր ցոյց տալը ապագայ օրհնութիւններ կը բերէ, մէջը ըլլալով յաւիտենական կեանքը։ Ուրեմն, կարեւոր պատճառեր ունինք որ Եհովայի այս յիշեցումին հետեւինք. «Ձեզմէ ամէն մէկը իր եղբօրը ողորմութիւն [«հաւատարիմ սէր», ՆԱ] ու գթութիւն թող ընէ»։ դ21.11 8 ¶1-2

Երկուշաբթի, յունիս 19

Մեր հաւատքը աւելցուր (Ղուկ. 17։5)։

Եթէ անցեալի կամ ներկայի փորձութիւնները ցոյց տուին հաւատքիդ մէջ տկարութիւն մը, մի՛ ընկճուիր։ Ասիկա առիթ սեպէ որ հաւատքդ զօրացնես։ Եհովային սրտանց աղօթէ, մանաւանդ երբ մեծ խնդիր մը ունիս։ Գիտակցէ թէ Եհովան կրնայ ընտանիքին կամ հաւատակիցներուն միջոցաւ պէտք եղած օգնութիւնը տալ։ Երբ Եհովային թոյլ տաս, որ քեզի օգնէ որ ներկայ փորձութիւններուդ տոկաս, աւելի վստահ պիտի ըլլաս որ ան քեզի պիտի օգնէ որ տոկաս որեւէ փորձութեան, որ ապագային թերեւս ունենաս։ Յիսուս իր աշակերտներուն օգնեց, որ տեսնեն մարզեր, որոնց մէջ աւելի հաւատքի պէտք ունէին։ Բայց ան բնա՛ւ կասկած չունէր, որ անոնք Եհովայի օգնութեամբ պիտի կարենային ապագայ փորձութիւններու տոկալ (Յովհ. 14։1. 16։33)։ Ասկէ զատ, ան վստահ էր որ զօրաւոր հաւատքը մեծ բազմութեան մը պիտի օգնէր, որ մեծ նեղութենէն վերապրի (Յայտ. 7։9, 14)։ Դուն ալ պիտի ըլլաս այդ մեծ բազմութեան մէջ, եթէ հիմա ամէն առիթ օգտագործես, որ հաւատքդ զօրացնես (Եբ. 10։39)։ դ21.11 25 ¶18-19

Երեքշաբթի, յունիս 20

Տէրոջը հրեշտակը իր բանակը անկէ վախցողներուն չորս կողմը կը դնէ (Սաղ. 34։7)։

Մենք չենք ակնկալեր հրաշքով պաշտպանուիլ, բայց գիտենք թէ ան որ Եհովային կ’ապաւինի, մնայուն վնաս պիտի չկրէ։ Մօտ ապագային, մեր վստահութիւնը՝ որ Եհովան կրնա՛յ մեզ պաշտպանել, պիտի փորձուի։ Երբ Մագոգի Գոգը,– աշխարհի կառավարութիւններու միութիւն մը,– Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ յարձակի, այնպէս մը պիտի թուի որ մեր կեանքը վտանգի տակ է։ Այն ատեն պէտք է համոզուած ըլլանք, որ Եհովան կրնա՛յ եւ պիտի՛ ազատէ մեզ։ Յարձակողներուն աչքին, մենք անպաշտպան ոչխարներու պէս պիտի երեւինք (Եզեկ. 38։10-12)։ Որովհետեւ զէնք պիտի չունենանք եւ պատերազմի համար մարզուած պիտի չըլլանք, անոնք մեզ դիւրին որս պիտի նկատեն։ Պիտի չտեսնեն ինչ որ մենք հաւատքի աչքով կը տեսնենք՝ բազմաթիւ հրեշտակներ, որոնք Աստուծոյ ժողովուրդին չորս կողմը բանակած են, որպէսզի մեզ պաշտպանեն։ Ի՜նչ անակնկալ մը կը սպասէ անոնց, երբ երկնային բանակները մեզ պաշտպանելու համար սկսին պատերազմիլ (Յայտ. 19։11, 14, 15)։ դ22.01 6 ¶12-13

Չորեքշաբթի, յունիս 21

Եղբայրութիւնը սիրեցէ՛ք (Ա. Պետ. 2։17)։

Որովհետեւ մեր բոլոր եղբայրներն ու քոյրերը կարեւոր են Եհովայի համար, մեզի համար ալ կարեւոր պէտք է ըլլան։ Պէտք է պատրաստ ըլլանք մեր ամէն կարելին ընելու, որ զիրենք պաշտպանենք եւ հոգանք։ Եթէ գիտնանք որ մէկը վիրաւորած ենք, պէտք չէ հարցը թեթեւի առնենք՝ մտածելով որ անհատը չափէ դուրս զգայուն է եւ պէտք է եղածը մոռնայ։ Ոմանք թերեւս ինչո՞ւ կը նեղուին։ Կարգ մը եղբայրներ ու քոյրեր, թերեւս իրենց ենթահողին պատճառով, անարժէք կը զգան։ Ոմանք նոր եկած են ճշմարտութեան եւ դեռ չեն գիտեր որ ուրիշներուն պէտք է ներեն, երբ անոնք սխալներ ընեն։ Ի՛նչ ալ ըլլայ պարագան, պէտք է մեր ամէն կարելին ընենք, որ խաղաղութիւնը ետ բերենք։ Իսկ միւս կողմէ, այն անձը, որ յաճախ ուրիշներէն կը նեղուի, պէտք է անդրադառնայ որ ատիկա հաճելի բնաւորութիւն մը չէ, եւ պէտք է անոր վրայ աշխատի։ Այդպէս ընելով, թէ՛ մտքի խաղաղութիւն պիտի ունենայ եւ թէ ուրիշներուն հետ լաւ փոխյարաբերութիւն։ դ21.06 21 ¶7

Հինգշաբթի, յունիս 22

Տէրը մօտ է այն ամենուն որ զինք կը կանչեն, այն ամենուն՝ որ ճշմարտութեամբ զինք կը կանչեն (Սաղ. 145։18)։

Յիսուս մեր զգացումները կը հասկնայ։ Երբ մտահոգ ու տխուր ենք, որքա՜ն կ’ուրախանանք կարեկից բարեկամի մը տուած մխիթարութեամբ, մանաւանդ եթէ ան նոյնանման դժուարութիւններէ անցած է։ Յիսուս այսպիսի բարեկամ մըն է։ Ան գիտէ ի՛նչ ըսել է տկար ըլլալ եւ օգնութեան պէտք ունենալ։ Ան մեր տկարութիւնները կը հասկնայ եւ վստահաբար «պէտք եղած ատեն» մեզի պիտի օգնէ (Եբ. 4։15, 16)։ Ճիշդ ինչպէս որ Յիսուս ընդունեց հրեշտակի մը օգնութիւնը Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ, նոյնպէս մենք պատրաստ պէտք է ըլլանք ընդունելու Եհովայի տուած օգնութիւնը՝ հրատարակութեան մը, վիտէոյի մը կամ դասախօսութեան մը միջոցաւ, ինչպէս նաեւ երէցի մը կամ ուրիշ հասուն բարեկամի մը քաջալերական այցելութեան միջոցաւ (Ղուկ. 22։39-44)։ Եհովան մեզի իր խաղաղութիւնը պիտի տայ եւ մեզ պիտի զօրացնէ։ Երբ աղօթենք, պիտի ստանանք «Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է» (Փլպ. 4։6, 7)։ դ22.01 18-19 ¶17-19

Ուրբաթ, յունիս 23

Առաքեալներէն ու երէցներէն ապսպրուած հրամանները կ’աւանդէին (Գործք 16։4)։

Եհովան միշտ ճիշդ բանը կ’ընէ։ Բայց թերեւս դժուարութիւն ունենանք իր մարդկային ներկայացուցիչներուն վստահելու։ Թերեւս հարց տանք, թէ արդեօք Եհովայի կազմակերպութեան մէջ հեղինակութիւն ունեցողներուն ուղղութիւնները իրապէս Եհովայէ՞ն կու գան, թէ ոչ՝ իրենցմէ։ Իրականութեան մէջ, չենք կրնար ըսել որ Եհովային կը վստահինք, եթէ չենք վստահիր երկրի վրայ իր ներկայացուցիչներուն, որոնց ինք կը վստահի։ Ներկայիս, Եհովան իր կազմակերպութեան երկրային մասը կ’առաջնորդէ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին միջոցով (Մատ. 24։45)։ Առաջին դարու կառավարիչ մարմինին պէս, այս ծառան ամբողջ աշխարհի մէջ գտնուող Աստուծոյ ժողովուրդին գործունէութիւնը կը վերահսկէ եւ երէցներուն ուղղութիւններ կու տայ։ Երէցներն ալ, իրենց կարգին, վստահ կ’ըլլան որ այդ ուղղութիւնները կը գործադրուին ժողովքներուն մէջ։ Մենք ցոյց կու տանք, որ կը վստահինք այն կերպին, որով Եհովան հարցերը ձեռք կ’առնէ, հետեւելով կազմակերպութեան եւ երէցներուն կողմէ տրուած ուղղութիւններուն։ դ22.02 4 ¶7-8

Շաբաթ, յունիս 24

Բարիք գործելէն չձանձրանանք (Գաղ. 6։9)։

Մենք շա՜տ ուրախ ենք եւ հպարտ ենք, որ Եհովայի վկաներ ենք։ Կ’ուրախանանք, երբ «յաւիտենական կեանքի հանդէպ ճիշդ տրամադրուած» անձի մը կ’օգնենք, որ հաւատացեալ դառնայ (Գործք 13։48, ՆԱ)։ Մեր զգացումները նման են Յիսուսի զգացումներուն, որ «Հոգիով ուրախացաւ», երբ իր աշակերտները իրեն պատմեցին քարոզչութեան մէջ իրենց ունեցած լաւ փորձառութիւնները (Ղուկ. 10։1, 17, 21)։ Պօղոս առաքեալ Տիմոթէոսը յորդորեց. «Զգուշութիւն ըրէ քու անձիդ ու վարդապետութեանդ»։ Ինչո՞ւ։ Ան ըսաւ. «Այդպէս ընելով՝ քեզ ալ պիտի ապրեցնես ու զանոնք ալ, որոնք քեզի մտիկ կ’ընեն» (Ա. Տիմ. 4։16)։ Կը տեսնենք որ մեր քարոզչութիւնը կեանքեր կը փրկէ։ Մենք Աստուծոյ Թագաւորութեան հպատակները ըլլալով, միշտ ուշադիր կ’ըլլանք թէ ինչպէ՛ս կը վարուինք։ Կ’ուզենք միշտ այնպէս մը վարուիլ, որ Եհովային փառք բերենք եւ ցոյց տանք, որ մեր քարոզած բարի լուրին կը հաւատանք (Փլպ. 1։27)։ Եւ ցոյց կու տանք, որ ‘զգուշութիւն կ’ընենք մեր վարդապետութեանը’՝ ծառայութեան համար լաւ պատրաստուելով եւ մէկու մը վկայելէ առաջ Եհովային օրհնութիւնը խնդրելով։ դ21.10 24 ¶1-2

Կիրակի, յունիս 25

Հագէ՛ք նոր անձնաւորութիւնը (Կող. 3։10, ՆԱ)։

Մէկը որ «նոր անձնաւորութիւնը» ունի, Եհովան կ’ընդօրինակէ։ Անհատը նոր անձնաւորութիւնը իր վրայ կ’առնէ, Աստուծոյ հոգիին պտուղը ցուցաբերելով՝ թոյլ տալով որ սուրբ հոգին իր մտածումներուն, զգացումներուն եւ գործերուն ազդէ։ Օրինակ, ան Եհովան եւ Իր ժողովուրդը կը սիրէ (Մատ. 22։36-39)։ Ան կը շարունակէ ուրախ մնալ, նոյնիսկ երբ դժուարութիւններէ կ’անցնի (Յակ. 1։2-4)։ Ան խաղաղութիւն ընող է (Մատ. 5։9)։ Ուրիշներուն հետ համբերութեամբ ու ազնուութեամբ կը վարուի (Կող. 3։12, 13)։ Ան կը սիրէ բարիք ընել (Ղուկ. 6։35)։ Իր գործերով ցոյց կու տայ, որ իր երկնաւոր Հօր հանդէպ զօրաւոր հաւատք ունի (Յակ. 2։18)։ Ան հանդարտ կը մնայ, երբ մէկը զինք ջղայնացնէ, եւ ինքզինք կը զսպէ փորձութեան տակ (Ա. Կոր. 9։25, 27. Տիտ. 3։2)։ Նոր անձնաւորութիւնը հագնելու համար, պէտք է զարգացնենք այն բոլոր յատկութիւնները, որոնք յիշուած են Գաղատացիս 5։22, 23–ի մէջ եւ Աստուածաշունչի ուրիշ հատուածներու մէջ։ դ22.03 8-9 ¶3-4

Երկուշաբթի, յունիս 26

Ինծի նմանեցէ՛ք (Ա. Կոր. 11։1)։

Երէցները կրնան Պօղոս առաքեալը ընդօրինակել, պատրաստ ըլլալով որեւէ առիթով վկայութիւն տալու (Եփ. 6։14, 15)։ Պօղոսին պէս, երէցները կրնան ծառայութեան ժամանակը գործածել ուրիշները մարզելու, մէջը ըլլալով օգնական ծառաները (Ա. Պետ. 5։1, 2)։ Բայց երէցները պէտք չէ այնքա՛ն զբաղած ըլլան իրենց նշանակումներով, որ անտեսեն քարոզչութիւնը (Մատ. 28։19, 20)։ Որպէսզի հաւասարակշռուած մնան, ատեններ պէտք է կարգ մը նշանակումներ մերժեն։ Թերեւս աղօթելէ ետք, անոնք անդրադառնան, որ եթէ որոշ նշանակում մը ընդունին, պիտի չկարենան աւելի կարեւոր բաները ընել, ինչպէս՝ ընտանեկան պաշտամունքը վարել, քարոզչութեան լիովին մասնակցիլ կամ զաւակները մարզել, որ քարոզեն։ Անոնք կրնան վստահ ըլլալ, որ Եհովան կը հասկնայ որ կ’ուզեն ամէն բանի մէջ հաւասարակշռուած ըլլալ։ դ22.03 27 ¶4, 7. 28 ¶8

Երեքշաբթի, յունիս 27

Մի՛ վախնաք անոնցմէ՝ որ մարմինը կը սպաննեն ու չեն կրնար հոգին սպաննել (Մատ. 10։28)։

Կը յիշե՞ս այն ժամանակը, երբ քիչ մը կը վախնայիր Եհովայի վկայ մը դառնալու։ Թերեւս զգացիր թէ բնա՛ւ պիտի չկարենայիր պաշտօնապէս քարոզել։ Կամ թերեւս վախցար, որ ընտանիքդ կամ բարեկամներդ քեզի հակառակին։ Եթէ պարագադ այդպէս էր, կրնաս աշակերտիդ հետ զգալ։ Յիսուս ըսաւ թէ կարելի է որ կարգ մը մարդիկ այս տեսակ վախեր ունենան։ Սակայն իր հետեւորդները քաջալերեց, որ թոյլ չտան որ վախերը զիրենք կեցնեն Եհովային ծառայելէ (Մատ. 10։16, 17, 27)։ Աշակերտդ շարունակ մարզէ, որ իր հաւատքին մասին ուրիշներուն պատմէ։ Յիսուսի աշակերտները թերեւս ջղագրգիռ էին, երբ զիրենք քարոզելու ղրկեց։ Բայց Յիսուս իրենց օգնեց, ըսելով թէ ո՛ւր քարոզեն եւ ի՛նչ պատգամ տան (Մատ. 10։5-7)։ Ինչպէ՞ս կրնաս Յիսուսը ընդօրինակել։ Աշակերտիդ օգնէ, որ տեսնէ թէ ո՛ւր կրնայ քարոզել։ Օրինակ, իրեն հարցուր եթէ գիտէ մէկը, որ Աստուածաշունչի որոշ ճշմարտութենէ մը կրնայ օգտուիլ։ Ետքը իրեն օգնէ, որ իր ըսելիքը պատրաստէ, իրեն ցոյց տալով այդ ճշմարտութեան մասին պատմելու պարզ կերպ մը։ դ21.06 6 ¶15-16

Չորեքշաբթի, յունիս 28

Բոլոր ազգերը պիտի շարժեմ։ Բոլոր ազգերուն ցանկալի բաները պիտի գան (Ան. 2։7)։

«Քանի մը վայրկեանուան մէջ խանութներն ու հին շէնքերը սկսան փլիլ»։ «Չորս կողմը մարդիկ իրար անցած կը վազէին. . . Շատեր ըսին որ շուրջ երկու վայրկեան տեւեց։ Բայց ինծի համար չվերջանալիք եղաւ»։ Այսպէս արտայայտուեցան ոմանք, որոնք 2015–ին Նեփալը հարուածող երկրաշարժէն ազատեցան։ Սակայն, այս վայրկեանին մենք կը տեսնենք բոլոր ազգերուն շարժը։ Անգէ մարգարէն գրեց Եհովայի խօսքը. «Քիչ ատենէն նորէն երկինքն ու երկիրը. . . պիտի շարժեմ» (Ան. 2։6)։ Անգէի նկարագրած շարժը չի նմանիր բառացի երկրաշարժի, որ միայն աւերում կը բերէ։ Փոխարէնը, անիկա լաւ արդիւնքներ կու տայ։ Եհովան ինք մեզի կ’ըսէ. «Բոլոր ազգերը պիտի շարժեմ։ Բոլոր ազգերուն ցանկալի բաները պիտի գան եւ այս տունը փառքով պիտի լեցնեմ»։ դ21.09 14 ¶1-3

Հինգշաբթի, յունիս 29

Դուք անոնք էք՝ որ միշտ ինծի հետ կը կենայիք իմ փորձութիւններուս մէջ (Ղուկ. 22։28)։

Եթէ կ’ուզես մէկու մը բարեկամը ըլլալ, պէտք է յաճախ իրեն հետ խօսիս եւ իրեն պատմես քու մասիդ։ Նոյնը կրնանք ըսել Եհովային հետ մեր բարեկամութեան մասին։ Երբ աղօթքով մեր զգացումները, մտածումները եւ մտահոգութիւնները իրեն կ’արտայայտենք, ցոյց կու տանք որ իրեն կը վստահինք եւ գիտենք որ մեզ կը սիրէ (Սաղ. 94։17-19. Ա. Յովհ. 5։14, 15)։ Հաւատարիմ բարեկամներու հետ ընկերակցէ. անոնք Եհովայէն նուէր են (Յակ. 1։17)։ Մեր երկնաւոր Հայրը մեզի հանդէպ անձնական հետաքրքրութիւն ցոյց կու տայ, մեզի տալով եղբայրներէ ու քոյրերէ բաղկացած հոգեւոր ընտանիք մը, որ «ամէն ատեն կը սիրէ» (Առ. 17։17)։ Կողոսացիներուն ուղղած իր նամակին մէջ, Պօղոս առաքեալ յիշեց իրեն օգնող կարգ մը քրիստոնեաներ եւ ըսաւ, որ իրեն «մխիթարութիւն» եղան (Կող. 4։10, 11)։ Նոյնիսկ Յիսուս պէտք ունեցաւ այն օգնութեան, որ ստացաւ հրեշտակային ու մարդկային բարեկամներէ, եւ զայն գնահատեց (Ղուկ. 22։43)։ Մեր մտահոգութիւնները հոգեւորապէս հասուն բարեկամի մը պատմելը տկարութեան նշան չէ, հապա մեզ կը պաշտպանէ։ դ21.04 24-25 ¶14-16

Ուրբաթ, յունիս 30

[Սէրը] ամէն բանի կը զիջանի, ամէն բանի կը հաւատայ, ամէն բանի կը յուսայ, ամէն բանի կը համբերէ (Ա. Կոր. 13։7)։

Ի՞նչ կրնաս ընել, եթէ հաւատակից մը շա՛տ նեղացուցիչ կերպով հետդ վարուած է։ Ամէն ջանք ըրէ որ խաղաղութիւնը պահես։ Աղօթքով զգացումներդ Եհովային պատմէ։ Իրմէ խնդրէ որ քեզ վիրաւորող անհատը օրհնէ եւ քեզի օգնէ որ անոր լաւ յատկութիւնները տեսնես, այսինքն՝ այն յատկութիւնները որ Եհովան կը սիրէ անոր մէջ (Ղուկ. 6։28)։ Եթէ եղբօրդ ըրածը չես կրնար մոռնալ, մտածէ թէ ի՛նչն է ամէնէն լաւ կերպը իրեն մօտենալու։ Լաւ կ’ըլլայ որ մտածես, թէ ան բնա՛ւ դիտմամբ քեզ պիտի չվիրաւորէր (Մատ. 5։23, 24)։ Երբ իրեն կը խօսիս, ենթադրէ որ լաւ շարժառիթներ ունի։ Իսկ եթէ չ’ուզեր հետդ խաղաղութիւն ընել, իրեն համբերէ։ Եղբօրմէդ յոյսդ մի՛ կտրեր (Եփ. 4։32)։ Ամէնէն կարեւորը, մէջդ ոխ կամ բարկութիւն մի՛ պահեր, քանի որ ատիկա կրնայ Եհովային հետ բարեկամութեանդ վնաս հասցնել։ Բնաւ թոյլ մի՛ տար որ որեւէ բան քեզ գայթակղեցնէ։ Այդպէս ընելով, կը փաստես որ Եհովան ամէն բանէ աւելի կը սիրես (Սաղ. 119։165)։ դ21.06 23 ¶15

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել