Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • աք23 էջ 67-77
  • Յուլիս

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Յուլիս
  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2023
  • Ենթավերնագիրներ
  • Շաբաթ, յուլիս 1
  • Կիրակի, յուլիս 2
  • Երկուշաբթի, յուլիս 3
  • Երեքշաբթի, յուլիս 4
  • Չորեքշաբթի, յուլիս 5
  • Հինգշաբթի, յուլիս 6
  • Ուրբաթ, յուլիս 7
  • Շաբաթ, յուլիս 8
  • Կիրակի, յուլիս 9
  • Երկուշաբթի, յուլիս 10
  • Երեքշաբթի, յուլիս 11
  • Չորեքշաբթի, յուլիս 12
  • Հինգշաբթի, յուլիս 13
  • Ուրբաթ, յուլիս 14
  • Շաբաթ, յուլիս 15
  • Կիրակի, յուլիս 16
  • Երկուշաբթի, յուլիս 17
  • Երեքշաբթի, յուլիս 18
  • Չորեքշաբթի, յուլիս 19
  • Հինգշաբթի, յուլիս 20
  • Ուրբաթ, յուլիս 21
  • Շաբաթ, յուլիս 22
  • Կիրակի, յուլիս 23
  • Երկուշաբթի, յուլիս 24
  • Երեքշաբթի, յուլիս 25
  • Չորեքշաբթի, յուլիս 26
  • Հինգշաբթի, յուլիս 27
  • Ուրբաթ, յուլիս 28
  • Շաբաթ, յուլիս 29
  • Կիրակի, յուլիս 30
  • Երկուշաբթի, յուլիս 31
Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2023
աք23 էջ 67-77

Յուլիս

Շաբաթ, յուլիս 1

[Խրատը] ետքը արդարութեան խաղաղարար պտուղը կը հատուցանէ անով վարժուողներուն (Եբ. 12։11)։

Վտարումը Եհովայի կարգադրութեան մէկ մասն է։ Մէկը այսպէս կրթելը իրեն օգնելու լաւագոյն կերպն է եւ ժողովքին մէջ միւսներուն համար ալ օգտակար է։ Եթէ երէցներուն որոշումին մասին ժխտական խօսք մը լսես, յիշէ որ խօսողը հարցին միայն մէկ կողմը կը ներկայացնէ։ Մենք պարզապէս բոլոր իրողութիւնները չենք գիտեր։ Ուստի իմաստութիւն է վստահիլ, որ դատական յանձնախումբի երէցները ամէն ջանք ըրին, որ սուրբգրային սկզբունքներուն հետեւին եւ «Տէրոջ» համար դատեն (Բ. Մն. 19։6)։ Երբ երէցներուն որոշումին թիկունք կը կանգնիս, կրնաս վտարուած սիրելիիդ օգնել, որ Եհովային վերադառնայ։ Էլիզապէթ անունով քոյր մը կ’ըսէ. «Մեր չափահաս տղուն հետ կապը կտրելը շատ դժուար էր։ Բայց երբ Եհովային վերադարձաւ, ընդունեց որ արժանի էր վտարուելու։ Յետագային ըսաւ, որ շատ մը դասեր սորվեցաւ»։ դ21.09 28-29 ¶11-12

Կիրակի, յուլիս 2

Տնանկ որբեւայրի մըն ալ տեսաւ, որ հոն երկու լումայ ձգեց (Ղուկ. 21։2)։

Պահ մը մտածէ այրիին մասին։ Վստահաբար, ան կ’ուզէր աւելին տալ Եհովային։ Սակայն տուաւ այն ինչ որ կրնար՝ իր լաւագոյնը։ Եւ Յիսուս գիտէր, որ անոր նուիրատուութիւնը իր Հօր աչքին շա՜տ թանկագին էր։ Ուստի կարեւոր դաս մը կը սորվինք. Եհովան կը հաճի երբ իրեն մեր լաւագոյնը կու տանք, այսինքն՝ իրեն կը ծառայենք մեր ամբողջ սրտով եւ ամբողջ անձով (Մատ. 22։37. Կող. 3։23)։ Եհովան կ’ուրախանայ, երբ կը տեսնէ որ կ’ընենք ամէն ինչ որ կրնանք։ Այդ սկզբունքը կը կիրարկուի զինք պաշտելու տրամադրած մեր ժամանակին եւ ուժին, օրինակ՝ ծառայութեան եւ ժողովներուն վերաբերեալ։ Այրիին պատմութենէն քաղուած դասը ինչպէ՞ս կրնաս գործադրել։ Փորձէ մտածել անհատներու մասին, որոնք պիտի քաջալերուին, եթէ իրենց յիշեցնես թէ իրենց ջանքերը Եհովան կը հաճեցնեն։ Օրինակի համար՝ տարեց քոյր մը, որ թերեւս յանցաւոր կամ անպէտ կը զգայ, քանի որ վատառողջութեան կամ քիչ ոյժ ունենալուն պատճառաւ այլեւս առաջուան պէս չի ծառայեր։ դ21.04 6 ¶17, 19-20

Երկուշաբթի, յուլիս 3

Երանի՜ այն մարդուն՝ որ կը տոկայ փորձութեան. որովհետեւ երբ փորձարկուի եւ ընտիր գտնուի՝ պիտի ստանայ կեանքի պսակը (Յակ. 1։12)։

Եհովան գիտէ թէ ե՛րբ է այս չար աշխարհին վերջ դնելու լաւագոյն ժամանակը։ Իր համբերութիւնը թոյլ տուած է, որ միլիոնաւորներ հաւաքուին, որոնք զինք կը պաշտեն ու կը փառաբանեն։ Անոնք բոլորը ուրախ են, որ Եհովայի համբերութիւնը թոյլ տուած է որ ծնին, իր մասին սորվին եւ իրենց կեանքը իրեն նուիրեն։ Երբ տեսնենք որ միլիոնաւոր մարդիկ մինչեւ վերջ համբերեցին, յստակ պիտի դառնայ որ Եհովան ճիշդ որոշումը առաւ, երբ որոշեց համբերել։ Հակառակ Սատանային պատճառած ամբողջ ցաւին ու տառապանքին, Եհովան կը մնայ ուրախ Աստուածը (Ա. Տիմ. 1։11)։ Մենք ալ կրնանք ուրախ մնալ, մինչ համբերութեամբ կը սպասենք որ Եհովան իր անունը սրբացնէ, գերիշխանութիւնը ջատագովէ, ամէն չարութեան վերջ դնէ եւ մեր ներկայ խնդիրները լուծէ։ Թող վճռենք համբերել եւ մխիթարուիլ այն գաղափարով, որ մեր երկնաւոր Հայրն ալ կը համբերէ։ դ21.07 13 ¶18-19

Երեքշաբթի, յուլիս 4

Նազարէթէն կարելի՞ է որ աղէկ բան մը ելլէ (Յովհ. 1։46)։

Առաջին դարուն, շատեր Յիսուսին չհաւատացին։ Ան իրենց աչքին պարզապէս աղքատ ատաղձագործի մը տղան էր։ Եւ ան Նազարէթէն էր, որ շատ կարեւոր քաղաք մը չէր սեպուեր։ Նոյնիսկ Նաթանայէլ, որ Յիսուսին աշակերտը եղաւ, սկիզբը ըսաւ. «Նազարէթէն կարելի՞ է որ աղէկ բան մը ելլէ»։ Ան թերեւս ի մտի ունէր Միքիա 5։2–ի մարգարէութիւնը, որ կ’ըսէ թէ Մեսիան Բեթլեհէմի մէջ պիտի ծնէր, եւ ոչ թէ Նազարէթի մէջ։ Եսային մարգարէացած էր, որ Յիսուսի թշնամիները Մեսիայի «ազգատոհմ»ով պիտի չհետաքրքրուէին (Եսա. 53։8)։ Անոնք պէտք էր ժամանակ տային, որպէսզի քննէին Յիսուսի ենթահողը, եւ ատիկա բաղդատէին Մեսիային մասին եղած մարգարէութիւններուն հետ։ Եթէ այդպէս ընէին, պիտի գիտնային թէ Յիսուս Բեթլեհէմի մէջ ծնած էր եւ Դաւիթ թագաւորին սերունդէն էր (Ղուկ. 2։4-7)։ Ուստի, Յիսուս ծնա՛ւ այն քաղաքին մէջ, որ Միքիա 5։2–ը ըսած էր։ Ուրեմն, խնդիրը ի՞նչ էր։ Մարդիկ դատելու մէջ շատ արագ էին։ Անոնք բոլոր տեղեկութիւնները չէին գիտեր։ Այս պատճառով գայթակղեցան։ դ21.05 3 ¶4-6

Չորեքշաբթի, յուլիս 5

Արդարը. . . թող յանդիմանէ զիս, ատիկա օծումի իւղ է (Սաղ. 141։5, ԱԾ)։

Աստուածաշունչը կը խօսի անհատներու մասին, որոնք օրհնուեցան, քանի որ իրենց տրուած խրատը ընդունեցին։ Նկատի առ Յոբին օրինակը։ Թէեւ ան աստուածավախ մարդ մըն էր, բայց կատարեալ չէր։ Զօրաւոր ճնշումի տակ ըլլալով, ան սխալ միտքեր արտայայտեց։ Առ ի արդիւնք, ան ուղղակի խրատ ստացաւ թէ՛ Եղիուսին կողմէ եւ թէ Եհովային կողմէ։ Յոբ ի՞նչ ըրաւ։ Ան ըսաւ. «Կը խօսէի, բայց չէի հասկնար. . . իմ անձս կ’արհամարհեմ, հողի ու մոխիրի վրայ կը զղջամ» (Յոբ 42։3-6, 12-17)։ Ան իր խոնարհութիւնը փաստեց, ընդունելով Եղիուսի խրատը, հակառակ անոր որ Եղիուս իրմէ շա՜տ աւելի երիտասարդ էր (Յոբ 32։6, 7)։ Նոյնպէս, խոնարհութիւնը մեզի պիտի օգնէ, որ խրատը գործադրենք նոյնիսկ եթէ կը զգանք, որ մեզի չի կիրարկուիր, կամ զայն տուողը մեզմէ աւելի երիտասարդ է։ Իրականութեան մէջ, մեզմէ ո՞վ պէտք չունի յառաջդիմելու հոգիին պտուղը մշակելու մէջ եւ քրիստոնէական ծառայութեան մէջ։ դ22.02 11 ¶8. 12 ¶12

Հինգշաբթի, յուլիս 6

Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք (Յովհ. 13։35)։

Ժողովքին մէջ բոլորը պէտք է ջերմ եւ խաղաղ մթնոլորտ ստեղծեն, որպէսզի չըլլայ թէ ոեւէ մէկը ամբողջովին միայնակ զգայ։ Ուրիշները կրնան շա՜տ քաջալերուիլ մեր ըսածներով ու ըրածներով։ Ի՞նչ կրնաս ընել՝ օգնելու անոնց, որոնք ճշմարտութեան մէջ առանձին են, որպէսզի զգան թէ ժողովքին մէկ մասն են։ Դո՛ւն բարեկամութիւն առաջարկէ։ Կրնանք ասիկա ընել, ջերմօրէն ընդունելով Աստուածաշունչի աշակերտները, որոնք կը սկսին ժողովներու գալ (Հռով. 15։7)։ Կ’ուզենք ժամանակի ընթացքին զօրաւոր բարեկամութիւններ հաստատել։ Ուստի նորեկներով անկեղծօրէն հետաքրքրուէ եւ անոնց հետ ազնուութեամբ վարուէ։ Ջանք ըրէ որ հասկնաս թէ ինչերէ՛ կ’անցնին, առանց նեղ կացութեան մատնող հարցումներ հարցնելու։ Ոմանք թերեւս դժուարութիւն ունենան իրենց զգացումներուն մասին խօսելու, անոր համար ուշադիր եղիր որ զիրենք չստիպես որ խօսին։ Փափկանկատ եղիր եւ հարցուր այնպիսի հարցումներ, որոնք իրենց հանգիստ պիտի զգացնեն, եւ համբերութեամբ մտիկ ըրէ իրենց պատասխանները։ Օրինակ, կրնաս հարցնել թէ ինչպէ՛ս ճշմարտութիւնը գիտցան։ դ21.06 11 ¶13-14

Ուրբաթ, յուլիս 7

Իմ ձայնիս մտիկ պիտի ընեն եւ ըլլան մէկ հօտ ու մէկ հովիւ (Յովհ. 10։16)։

Մենք շա՛տ կ’արժեւորենք միասնաբար Եհովային ծառայելը որպէս «մէկ հօտ»՝ «մէկ հովիւ»ի առաջնորդութեան տակ։ Կազմակերպուած ենք՝ կատարելու Եհովայի կամքը գիրքը (արաբ.), էջ 165–ին մէջ կ’ըսէ. «Որովհետեւ այդ միութիւնը կը վայելենք, պատասխանատուութիւն ունինք զայն պահպանելու»։ Անոր համար, «մենք մեզ պէտք է մարզենք, որ մեր եղբայրներն ու քոյրերը նկատենք այնպէս՝ ինչպէս Եհովան կը նկատէ»։ Եհովայի աչքին, բոլորս թանկագին «պզտիկներ» ենք։ Դուն ալ այդպէս կը զգա՞ս եղբայրներուդ ու քոյրերուդ հանդէպ։ Եհովան կ’արժեւորէ ամէն ինչ որ կ’ընես իրենց օգնելու (Մատ. 10։42)։ Մեր հաւատակիցները կը սիրենք։ Անոր համար, վճռած ենք «գայթակղութիւն չդնել ոեւէ եղբօր» առջեւ (Հռով. 14։13)։ Մեր եղբայրներն ու քոյրերը մեզմէ աւելի լաւ կը սեպենք, եւ կ’ուզենք իրենց սրտանց ներել։ Մենք մեզի թոյլ չտանք, որ մէկէ մը գայթակղինք, հապա «իրարու հետ խաղաղութեամբ եւ շինութեամբ ապրինք» (Հռով. 14։19)։ դ21.06 24 ¶16-17

Շաբաթ, յուլիս 8

Աստուած կ’աճեցնէ (Ա. Կոր. 3։7)։

Եթէ ուշադրութեամբ սերտողութիւն կ’ընենք եւ Աստուծոյ Խօսքին ու իր կազմակերպութեան խրատները կը գործադրենք, կամաց–կամաց քրիստոսանման անձնաւորութիւն պիտի ունենանք։ Նաեւ Աստուած աւելի լաւ պիտի ճանչնանք։ Յիսուս օրինակով մը բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս մեր քարոզած Թագաւորութեան պատգամը կը նմանի պզտիկ սերմի մը, որ աստիճանաբար կ’աճի անկեղծ սիրտ ունեցող անհատներուն մէջ։ Ան ըսաւ. «Սերմը կը բուսնի ու կը մեծնայ ու ինք [սերմնացանը] չի գիտեր թէ ի՛նչպէս։ Քանզի հողը ինքնիրմէ պտուղ կու տայ. առաջ խոտը, ետքը հասկը, անկէ ետք լեցուն ցորենը հասկին մէջ» (Մար. 4։27, 28)։ Յիսուս ուզեց բացատրել, որ ճիշդ ինչպէս որ բոյս մը կամաց–կամաց կ’աճի, այնպէս ալ Թագաւորութեան պատգամը ընդունող անձ մը կամաց–կամաց հոգեւորապէս կ’աճի։ Օրինակ, երբ մեր անկեղծ աշակերտները Եհովային կը մօտենան, կը սկսինք տեսնել իրենց ըրած լաւ փոփոխութիւնները (Եփ. 4։22-24)։ Բայց պէտք է մեր միտքը պահենք, որ Եհովան է որ այդ պզտիկ սերմը կ’աճեցնէ։ դ21.08 8-9 ¶4-5

Կիրակի, յուլիս 9

Աչքերով տեսնելը հոգիով փափաքելէն աղէկ է (Ժող. 6։9)։

Կրնանք ուրախութիւն գտնել, եթէ զայն փնտռենք ճիշդ տեղը։ Անձ մը, որ իր ‘աչքերով տեսածէն’ հաճոյք կ’առնէ, կը գնահատէ իր ունեցածը, օրինակ՝ իր ներկայ պարագաները։ Ատոր հակառակը, այն անձը, որ իր փափաքներով կը տարուի, շարունակ կ’երազէ ունենալ բան մը, որ իրականութեան մէջ չի կրնար ունենալ։ Լաւ, ասկէ ի՞նչ դաս կը սորվինք։ Ուրախութիւն գտնելու համար, պէտք է կեդրոնանանք մեր ունեցածին վրայ եւ այն նպատակակէտերուն վրայ, որոնց կարելի է հասնիլ։ Արդեօք մէկը իրապէս կրնա՞յ իր ունեցածով բաւարարուիլ։ Շատեր կը կարծեն թէ կարելի չէ, քանի որ մենք կը սիրենք շարունակ նոր բաներ սորվիլ։ Բայց իրականութեան մէջ, կարելի՛ է։ Կրնա՛նք մեր ‘աչքերուն տեսածը’ վայելել։ Ինչպէ՞ս։ Գիտնալու համար, նկատի առ տաղանդներուն առակը, որ Մատթէոս 25։14-30–ի մէջ գրուած է, եւ տես թէ մեր ներկայ պարագաներուն մէջ ինչպէ՛ս կրնանք ուրախութիւն գտնել եւ նոյնիսկ մեր ուրախութիւնը աւելցնել։ դ21.08 21 ¶5-6

Երկուշաբթի, յուլիս 10

Ես բարձր ու սուրբ տեղը կը բնակիմ, բայց կոտրած ու խոնարհ հոգի ունեցողին հետ եմ (Եսա. 57։15)։

Եհովան «կոտրած ու խոնարհ հոգի ունեցող»ները խորապէս կը հոգայ։ Բոլո՛րս՝ եւ ոչ միայն երէցները, կրնանք քաջալերել մեր սիրելի եղբայրներն ու քոյրերը։ Զիրենք քաջալերելու կերպ մըն է՝ իրենցմով անկեղծօրէն հետաքրքրուիլ։ Եհովան կ’ուզէ որ իրենց ցոյց տանք թէ ինք որքա՜ն զիրենք կը սիրէ (Առ. 19։17)։ Մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն կրնանք նաեւ օգնել խոնարհ ու համեստ ըլլալու։ Չենք ուզեր ամբողջ ուշադրութիւնը մեր վրայ հրաւիրել, քանի որ չենք ուզեր որ ուրիշներ մեզի նախանձին։ Փոխարէնը, մեր կարողութիւններն ու գիտելիքները կը գործածենք ուրիշները քաջալերելու համար (Ա. Պետ. 4։10, 11)։ Ուրիշներուն հետ ինչպէ՛ս վարուելուն նկատմամբ շատ բան կրնանք սորվիլ Յիսուսի օրինակէն։ Ան պատմութեան մէջ մեծագոյն մարդը ըլլալով հանդերձ՝ ‘հեզ ու սրտով խոնարհ’ էր (Մատ. 11։28-30)։ Ան սորվեցուց՝ գործածելով պարզ լեզու եւ գրաւիչ օրինակներ, որոնք խոնարհ մարդոց սրտին հասան (Ղուկ. 10։21)։ դ21.07 23 ¶11-12

Երեքշաբթի, յուլիս 11

Քու ծերերուդ հարցուր ու թող քեզի ըսեն (Բ. Օր. 32։7)։

Նախաքայլը առ տարեցներուն հետ խօսելու։ Ճիշդ է որ թերեւս անոնց տեսողութիւնը տկարացած է, աւելի դանդաղ կը քալեն եւ լսելի ձայնով չեն խօսիր, բայց անոնք մէջէն երիտասարդ են եւ Եհովայի քով «բարի անուն» շինած են (Ժող. 7։1)։ Յիշէ թէ Եհովան ինչո՛ւ զանոնք գանձ կը նկատէ։ Շարունակէ զանոնք պատուել։ Եղիսէին պէս եղիր։ Ան պնդեց որ Եղիային հետ մնայ այն վերջին օրը, որ միասին էին։ Եղիսէն երեք անգամ ըսաւ. «Ես քեզ չեմ թողուր» (Դ. Թագ. 2։2, 4, 6)։ Տարեցներով անկեղծօրէն հետաքրքրուէ՝ ազնուութեամբ անոնց հարցումներ հարցնելով (Առ. 1։5. 20։5)։ Հարցուր այսպիսի հարցումներ. «Երբ ճշմարտութիւնը նոր գտար, ի՞նչ բան քեզ համոզեց, որ ատիկա ճշմարտութիւնն է»։ «Փորձառութիւններդ քեզ ինչպէ՞ս Եհովային մօտեցուցած են»։ «Քու կարծիքովդ, Եհովայի ծառայութեան մէջ ուրախ մնալու գաղտնիքը ի՞նչ է» (Ա. Տիմ. 6։6-8)։ Ետքը, անոնց պատմածը մտիկ ըրէ։ դ21.09 5 ¶14. 7 ¶15

Չորեքշաբթի, յուլիս 12

Աստուած է որ ձեզ եռանդուն կը դարձնէ, ձեզի տալով գործելու թէ՛ փափաքը եւ թէ ուժը, իր հաճութեանը համար (Փլպ. 2։13, ՆԱ)։

Երբ ամէն ջանք կ’ընես, որ քարոզելու եւ աշակերտելու պատուէրին հնազանդիս, ցոյց տուած կ’ըլլաս որ Աստուած կը սիրես (Ա. Յովհ. 5։3)։ Մտածէ ասոր մասին. Եհովային հանդէպ սէրդ քեզ արդէն մղած է, որ տունէ տուն քարոզես։ Այս պատուէրին հնազանդիլը դիւրի՞ն էր։ Հաւանաբար, ո՛չ։ Երբ քարոզչութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով դուռի մը մօտեցար, վստահաբար ջղագրգիռ էիր։ Բայց գիտէիր որ Յիսուս կ’ուզէ որ այս գործը ընես, եւ իր պատուէրին հնազանդեցար։ Եւ ժամանակի ընթացքին, քեզի համար աւելի դիւրին եղաւ քարոզել։ Հիմա խօսինք Աստուածաշունչի դաս վարելուն մասին։ Նոյնիսկ գաղափարը քեզ կը վախցնէ՞։ Թերեւս։ Սակայն, կրնաս Եհովայէն օգնութիւն խնդրել, որ ջղագրգռութիւնդ յաղթահարես եւ քաջութիւն հաւաքես դաս առաջարկելու։ Եհովան կրնա՛յ քեզի օգնել որ աշակերտելու փափաքդ աւելցնես։ դ21.07 3 ¶7

Հինգշաբթի, յուլիս 13

Ան կը ստիպէր. . . որ իրենց աջ ձեռքին վրայ կամ իրենց ճակատին վրայ դրոշմ ընդունին (Յայտ. 13։16)։

Անցեալին, ստրուկներուն վրայ դրոշմ կամ նշան կը դրուէր, ցոյց տալու համար, թէ ո՛վ էր անոնց տէրը։ Այսօր ալ կառավարութիւնները բոլոր մարդոցմէ պիտի ակնկալեն, որ այլաբանական նշան ունենան իրենց ձեռքին կամ ճակատին վրայ։ Անոնք պիտի ուզեն, որ մարդիկ իրենց մտքերով ու գործերով ցոյց տան, թէ իրե՛նց կը պատկանին ու թիկունք կը կանգնին։ Այս այլաբանական նշանը պիտի ընդունի՞նք եւ կառավարութիւններուն թիկունք պիտի կանգնի՞նք։ Անոնք որոնք կը մերժեն նշանը ունենալ, դժուարութիւններու եւ վտանգի առջեւ պիտի գտնուին։ Յայտնութիւն գիրքը կը բացատրէ. «Որպէսզի մէ՛կը չկրնայ գնել կամ ծախել, բայց միայն ան՝ որ ունի դրոշմը» (Յայտ. 13։17)։ Բայց Աստուծոյ ժողովուրդը գիտէ, թէ Աստուած ի՛նչ պիտի ընէ անոնց, որոնք Յայտնութիւն 14։9, 10–ին մէջ նշուած նշանը ունին։ Փոխանակ այդ նշանը ունենալու, անոնք այլաբանօրէն իրենց ձեռքին վրայ պիտի գրեն. «Ես Տէրոջն եմ» (Եսա. 44։5)։ Հիմա է ժամանակը վստահ ըլլալու որ Եհովային հանդէպ մեր հաւատարմութիւնը զօրաւոր է։ Եթէ զօրաւոր է, Եհովան ուրախութեամբ պիտի ըսէ որ մենք իրն ենք։ դ21.09 18 ¶15-16

Ուրբաթ, յուլիս 14

Երկաթը երկաթով կը սրուի ու մարդը իր բարեկամին երեսը կը սրէ (Առ. 27։17)։

Մեր ծառայութիւնը կատարելու համար, կրնանք ուրիշներուն օգնութենէն օգտուիլ։ Պօղոս Տիմոթէոսին սորվեցուց քարոզել ու աշակերտել եւ զինք քաջալերեց, որ նոյնը ուրիշներուն սորվեցնէ (Ա. Կոր. 4։17)։ Մենք ալ կրնանք Տիմոթէոսին պէս մեր ժողովքին մէջ եղող փորձառու անհատներէն սորվիլ։ Նաեւ, պէտք է աղօթքով Եհովայէն օգնութիւն խնդրենք։ Ամէն անգամ որ կը քարոզես, խնդրէ որ Եհովան քեզ առաջնորդէ։ Առանց իր զօրաւոր սուրբ հոգիին օգնութեան, բա՛ն մը պիտի չկարենանք իրագործել (Սաղ. 127։1. Ղուկ. 11։13)։ Երբ Եհովային օգնութիւնը կը խնդրես, մասնայատուկ բաներ նշէ։ Օրինակ, իրմէ խնդրէ որ քեզ ուղղէ դէպի այն անհատները, որոնք կ’ուզեն իր մասին գիտնալ։ Ասկէ զատ, պէտք է ժամանակ տանք անձնական սերտողութեան։ Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ. «Քնն[եցէք] թէ ի՞նչ է Աստուծոյ կամքը, որ բարի ու հաճելի եւ կատարեալ է» (Հռով. 12։2)։ Ո՛րքան աւելի համոզուած ըլլանք որ Աստուծոյ մասին ճշմարտութիւնը գիտենք, ա՛յնքան աւելի համոզումով պիտի խօսինք ծառայութեան մէջ։ դ21.05 18 ¶14-16

Շաբաթ, յուլիս 15

Ձեր աշխատութիւնը պարապ չէ Տէրոջմով (Ա. Կոր. 15։58)։

Թերեւս մէկու մը հետ Աստուածաշունչը կը սերտես։ Ամէն ջանք կը թափես, որ լաւ ուսուցիչ ըլլաս եւ աշակերտիդ համար շատ կ’աղօթես։ Բայց ան իր սորվածը չի գործադրեր, եւ կը ստիպուիս սերտողութիւնը կեցնել։ Կամ թերեւս անձամբ մէկու մը չես օգնած, որ մկրտութեան հասնի։ Արդեօք պէ՞տք է յանցաւոր զգաս, թերեւս խորհելով որ Եհովան ծառայութիւնդ չ’օրհներ։ Նկատէ թէ Եհովան ի՛նչ բանի հիման վրայ կ’որոշէ, թէ մեր քարոզչութիւնը յաջո՛ղ է կամ ոչ։ Ան կը տեսնէ մեր ջանքերը եւ տոկունութիւնը։ Եհովայի աչքին, մեր ծառայութիւնը յաջող կ’ըլլայ, երբ զայն նախանձախնդրութեամբ եւ սիրով կ’ընենք, ի՛նչ ալ ըլլայ մարդոց հակազդեցութիւնը։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Աստուած անիրաւ չէ, որ ձեր գործը մոռնայ ու այն սէրը զոր իր անուանը համար ցուցուցիք, որ սուրբերուն ծառայեցիք ու կը ծառայէք» (Եբ. 6։10)։ Եհովան կը յիշէ մեր ջանքերն ու սէրը, նոյնիսկ եթէ անոնք դրական արդիւնք չտան։ Ուստի, քեզի ալ կրնայ կիրարկուիլ Պօղոսի խօսքը այս օրուան համարին մէջ։ դ21.10 25 ¶4-6

Կիրակի, յուլիս 16

Այն ամէնը, որ Հայրը ինծի կու տայ, ինծի պիտի գան եւ ան, որ ինծի կու գայ, բնաւ դուրս պիտի չհանեմ (Յովհ. 6։37)։

Իր աշակերտներուն հետ վարուած կերպէն յայտնի եղաւ Յիսուսին ազնուութիւնն ու սէրը։ Ան գիտէր որ անոնք տարբեր կարողութիւններ եւ պարագաներ ունէին։ Այդ պատճառով, բոլորը չէին կրնար նոյն պատասխանատուութիւնները ձեռք առնել, ոչ ալ կրնային նոյն յաջողութիւնները ունենալ ծառայութեան մէջ։ Սակայն ան գնահատեց ամէն մէկուն սրտագին ջանքերը։ Յիսուս ցոյց տուաւ որ այսպէս կը մտածէր, երբ պատմեց տաղանդներուն առակը։ Այդ առակին մէջ տէրը ամէն մէկ ծառային գործ մը նշանակեց «անոր կարողութեանը չափ»։ Երկու աշխատասէր ծառաներէն մէկը միւսէն աւելի շահ ըրաւ, բայց տէրը երկուքն ալ նոյն խօսքերով գովեց. «Ապրի՛ս, բարի ու հաւատարիմ ծառայ» (Մատ. 25։14-23)։ Յիսուս մեզի հետ ազնուութեամբ եւ սիրալիր կերպով կը վարուի։ Ան գիտէ որ մեր կարողութիւններն ու պարագաները իրարմէ տարբեր են եւ կ’ուրախանայ երբ մեր լաւագոյնը կ’ընենք։ Լաւ կ’ընենք, եթէ մենք ալ Յիսուսին պէս վարուինք ուրիշներուն հետ։ դ21.07 23 ¶12-14

Երկուշաբթի, յուլիս 17

Ես իմ ձեռքս իմ տիրոջս չեմ երկնցներ (Ա. Թագ. 24։11)։

Դաւիթ թագաւոր միշտ ալ ողորմութիւն ցոյց չտուաւ։ Օրինակ, երբ Նաբաղ, որ կոշտ ու կոպիտ մարդ մըն էր, անարգալից կերպով խօսեցաւ, եւ չուզեց իրեն եւ իր տղամարդոց ուտելիք տալ, Դաւիթ կատղեցաւ եւ որոշեց Նաբաղը եւ անոր տան մէջ եղող բոլոր տղամարդիկը մեռցնել։ Բայց Նաբաղի կինը Աբիգիան, ազնիւ եւ համբերատար ըլլալով, արագօրէն Դաւիթին ուտելիք բերաւ։ Այսպիսով, Դաւիթ Նաբաղը եւ անոր տղամարդիկը չմեռցուց (Ա. Թագ. 25։9-22, 32-35)։ Նկատէ թէ երբ Դաւիթ բարկութեան տեղի տուաւ, որոշեց Նաբաղը եւ անոր տղամարդիկը մեռցնել։ Եւ ետքը, Դաւիթ Նաթանի առակին մէջի մարդուն համար ըսաւ, որ մեռնելու արժանի էր։ Երկրորդ պարագային, թերեւս հարց տանք թէ մարդ մը, որ սովորաբար փափուկ սիրտ ունէր, ինչպէ՛ս կրնայ ըլլալ, որ այսպիսի խիստ խօսք մը ըսէ։ Մտածէ թէ Դաւիթի կեանքին մէջ ի՛նչ բան պատահած էր։ Այդ ատեն, ան յանցաւոր խիղճ ունէր։ Խիստ ըլլալը եւ դատողական հոգի ունենալը ցոյց կու տան, որ անհատին հոգեւոր վիճակը լաւ չէ։ դ21.10 12 ¶17-18, 20

Երեքշաբթի, յուլիս 18

Սո՛ւրբ եղէք, քանզի ես սուրբ եմ (Ա. Պետ. 1։16)։

Այս օրուան համարին խօսքէն յայտնի կ’ըլլայ, որ կրնա՛նք Եհովան ընդօրինակել, որ սրբութեան լաւագոյն օրինակն է։ Մեր ամբողջ վարքին մէջ պէտք է սուրբ ըլլանք։ Ատիկա թերեւս անկարելի թուի, քանի որ անկատար ենք։ Բայց Պետրոս առաքեալի օրինակը ցոյց կու տայ, թէ կրնա՛նք սուրբ ըլլալ։ Շատեր՝ երբ կը մտածեն սուրբի մը մասին, կ’երեւակայեն մէկը որ բնա՛ւ չի ժպտար, կրօնական զգեստ հագած է եւ միշտ լուրջ է։ Բայց ասիկա ճիշդ չէ։ Եհովան, որ սուրբ է, նկարագրուած է որպէս ուրախ Աստուած (Ա. Տիմ. 1։11)։ Եւ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Երանի՜ այն ժողովուրդին՝ որուն Աստուածը Եհովան է» (Սաղ. 144։15)։ Իսկ Յիսուս դատապարտեց անոնք որոնք մասնայատուկ հագուստներ կը հագուէին եւ ուրիշներուն երեւելու համար լաւ բաներ կ’ընէին (Մատ. 6։1. Մար. 12։38)։ Ճշմարիտ քրիստոնեաները գիտեն ի՛նչ կը նշանակէ սուրբ ըլլալ՝ սորվելով Աստուածաշունչին ըսածը սրբութեան մասին։ Մենք համոզուած ենք, որ մեր սիրալիր Աստուածը բնա՛ւ չի տար պատուէր մը, որուն չենք կրնար հնազանդիլ։ դ21.12 2 ¶1, 3

Չորեքշաբթի, յուլիս 19

Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ (Մար. 12։30)։

Աստուած ազնիւ գտնուելով՝ մեզի շա՜տ մը պարգեւներ տուած է։ Ամենամեծ պարգեւներէն մէկը՝ զինք պաշտելու կարողութիւնն է։ Եհովային ցոյց կու տանք որ զինք կը սիրենք՝ իր ‘պատուիրանքները պահելով’ (Ա. Յովհ. 5։3)։ Պատուէրներէն մէկը, որուն Եհովան կ’ուզէ որ հնազանդինք, Յիսուսի այն պատուէրն է, որ աշակերտենք ու մկրտենք (Մատ. 28։19)։ Յիսուս նաեւ մեզի պատուիրեց, որ իրար սիրենք (Յովհ. 13։35)։ Եհովան իրեն հնազանդ եղողները իր երկրպագուներու համաշխարհային ընտանիքին մէկ մասը պիտի դարձնէ (Սաղ. 15։1, 2)։ Ասկէ զատ, ուրիշներուն հանդէպ սէր ցոյց տանք։ Սէրը Եհովային ամենակարեւոր յատկութիւնն է (Ա. Յովհ. 4։8)։ Զինք ճանչնալէ առաջ, Եհովա՛ն մեզ սիրեց (Ա. Յովհ. 4։9, 10)։ Զինք կ’ընդօրինակենք, երբ ուրիշներուն հանդէպ սէր ցոյց կու տանք (Եփ. 5։1)։ Ատիկա ընելու լաւագոյն կերպերէն մէկն է՝ օգնել որ Եհովային մասին սորվին, մինչ տակաւին ժամանակ կայ (Մատ. 9։36-38)։ Այսպէս, իրենց առիթ կու տանք, որ Աստուծոյ ընտանիքէն ըլլան։ դ21.08 5-6 ¶13-14

Հինգշաբթի, յուլիս 20

Ասկէ աւելի մեծ սէր մէ՛կը չի կրնար ունենալ (Յովհ. 15։13)։

Եհովայի հանդէպ Յիսուսի խոր սէրը զինք մղեց, որ զոհողութիւններ ընէ իր Հօր համար եւ մեզի համար (Յովհ. 14։31)։ Երկրի վրայ, Յիսուս իր ապրելակերպով ցոյց տուաւ, թէ որքա՜ն կը սիրէ մարդիկը։ Ան ամէն օր գթասիրտ ու կարեկից էր, նոյնիսկ երբ ոմանք իրեն հակառակեցան։ Իր սէրը գլխաւորաբար ցոյց տուաւ՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին սորվեցնելով (Ղուկ. 4։44, 45)։ Ան նաեւ իր անձնազոհ սէրը փաստեց՝ յօժարելով չարչարուիլ ու մեռնիլ մեղաւորներու ձեռքով։ Այսպէս, ան ճամբան բացաւ, որ բոլորս ալ ձեռք ձգենք յաւիտենական կեանքը։ Մենք Եհովային նուիրուեցանք ու մկրտուեցանք, քանի որ զինք շատ կը սիրենք։ Անոր համար, Յիսուսին պէս, պէտք է Եհովային հանդէպ սէր ցոյց տանք՝ մարդոց հետ մեր վարուած կերպով։ Յովհաննէս առաքեալ գրեց. «Ան որ իր եղբայրը չի սիրեր՝ որ կը տեսնէ, Աստուած՝ որ չի տեսներ, ի՞նչպէս կրնայ սիրել» (Ա. Յովհ. 4։20)։ դ22.03 10 ¶8-9

Ուրբաթ, յուլիս 21

Նայեցէք որ զգուշութեամբ քալէք, ո՛չ թէ անմիտներու պէս, հապա իմաստուններու պէս։ Ժամանակը ծախու առէք (Եփ. 5։15, 16)։

Թէեւ կը սիրենք Եհովային հետ ժամանակ անցընել, բայց ասիկա ընելը միշտ դիւրին չէ։ Մեր կեանքը խճողուած է, ատոր համար կրնայ դժուար ըլլալ, որ հոգեւոր գործունէութիւններու համար ժամանակ տրամադրենք։ Մեր աշխարհիկ գործը, ընտանեկան պատասխանատուութիւնները եւ ուրիշ անհրաժեշտ գործունէութիւններ կրնան մեր ժամանակը այնքա՛ն սպառել, որ զգանք թէ ժամանակ չունինք աղօթելու, սերտելու կամ խոկալու։ Ուրիշ բան մըն ալ կայ, որ կրնայ մեր ժամանակը խլել։ Եթէ ուշադիր չըլլանք, կրնանք զբաղիլ այնպիսի բաներով, որոնք ինքնին սխալ չեն, բայց կը գողնան այն ժամանակը, որ կրնանք գործածել Եհովային մօտենալու։ Օրինակ, լաւ է որ ատեն–ատեն ժամանց ունենանք։ Բայց նոյնիսկ լաւ ժամանցը կրնայ մեր ժամանակէն այնքա՛ն առնել, որ քիչ ժամանակ կը մնայ հոգեւոր գործունէութիւններու համար։ Պէտք է յիշենք, որ ժամանցը ամենակարեւոր բանը չէ մեր կեանքին մէջ (Առ. 25։27. Ա. Տիմ. 4։8)։ դ22.01 26 ¶2-3

Շաբաթ, յուլիս 22

Ձեր քով պանդխտացող օտարականը ձեր երկրին բնիկին պէս թող ըլլայ ձեզի եւ քու անձիդ պէս սիրէ՛ զանիկա (Ղեւ. 19։34)։

Երբ Եհովան իսրայէլացիներուն պատուիրեց, որ իրենց ընկերը սիրեն, ըսել չուզեց որ միայն իսրայէլացիներու հանդէպ սէր ցոյց տան։ Անոնք պէտք էր իրենց մէջ եղող օտարականներն ալ սիրէին։ Ասիկա յստակ է Ղեւտացւոց 19։33, 34–ին մէջ։ Իսրայէլացիները պէտք էր օտարականին հետ վարուէին ինչպէս որ իրենց «երկրին բնիկին» հետ կը վարուէին, եւ պէտք էր ‘զինք սիրէին’ իրենց անձին պէս։ Օրինակ, անոնք պէտք էր թոյլ տային, որ թէ՛ օտարականները եւ թէ աղքատները օգտուէին ճռաքաղութեան կարգադրութենէն (Ղեւ. 19։9, 10)։ Ներկայիս, օտարներ սիրելու սկզբունքը քրիստոնեաներուն ալ կը կիրարկուի (Ղուկ. 10։30-37)։ Ինչպէ՞ս։ Միլիոնաւոր գաղթականներ կան, եւ թերեւս ոմանք քու շրջանիդ մէջ կ’ապրին։ Կարեւոր է որ այս տղամարդոց, կիներուն եւ պզտիկներուն հետ յարգանքով վարուինք։ դ21.12 12 ¶16

Կիրակի, յուլիս 23

Տէրը փնտռողներուն ո՛չ մէկ բարիք պիտի պակսի (Սաղ. 34։10, ԱԾ)։

Ո՛րքան աւելի Եհովայի առաջնորդութիւնը խնդրենք, ա՛յնքան աւելի վստահութիւն պիտի ունենանք, որ ան մեզ պիտի ազատէ ապագային։ Ատեններ, որոշ պարագաներու մէջ կը գտնուինք, որոնք կը պահանջեն որ զօրաւոր հաւատք ունենանք եւ պատրաստ ըլլանք Եհովային ապաւինելու. օրինակ, երբ պէտք ըլլայ որ գործատէրէն խնդրենք արձակուրդ, որպէսզի ներկայ գտնուինք համաժողովի մը, կամ խնդրենք որ գործի յայտագիրը փոխէ, որպէսզի կարենանք բոլոր ժողովներուն ներկայ ըլլալ եւ ծառայութեան ա՛լ աւելի մասնակցիլ։ Սեպենք որ գործատէրը մեր խնդրանքը մերժեց եւ մեր գործը կորսնցուցինք։ Հաւատք ունի՞նք, թէ Եհովան բնա՛ւ մեզ պիտի չձգէ եւ միշտ մեզի պէտք եղածը պիտի տայ (Եբ. 13։5)։ Լիաժամ ծառայութեան մէջ եղողներէն շատեր կրնան պատմել փորձառութիւններ, թէ ինչպէ՛ս Եհովան իրենց օգնեց, երբ իր օգնութեան շատ պէտք ունէին։ Եհովան հաւատարիմ է։ Եհովան մեր կողմը ըլլալով, պէտք չունինք գալիք օրերէն վախնալու։ Մեր Աստուածը մեզ պիտի չլքէ այնքան ատեն որ իր շահերը մեր կեանքին մէջ առաջին տեղը կը դնենք։ դ22.01 7 ¶16-17

Երկուշաբթի, յուլիս 24

Ձեր դատաստանը մարդու չի վերաբերիր, հապա Տէրոջը (Բ. Մն. 19։6)։

Երէցներուն հանդէպ մեր վստահութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ փորձի տակ դրուիլ։ Եթէ վտարուող անհատ մը մեզի մտերիմ է, թերեւս մտահոգուինք թէ արդեօք երէցները բոլոր իրողութիւնները նկատի առի՞ն կամ արդեօք իրապէ՞ս դատեցին, ինչպէս որ Եհովան պիտի դատէր։ Ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել, որ որոշումին նկատմամբ ճիշդ տեսակէտը ունենանք։ Մենք պէտք է մեր միտքը պահենք, որ վտարումը Եհովայի կարգադրութիւնն է եւ ժողովքին օգուտին համար է ու կրնայ մեղաւորին օգնել։ Եթէ չզղջացող մեղաւորը շարունակէ ժողովքին մէկ մասը ըլլալ, ժողովքը կրնայ իրմէ գէշ կերպով ազդուիլ (Գաղ. 5։9)։ Ասկէ զատ, ան կրնայ չհասկնալ թէ իր ըրածը որքա՜ն լուրջ է եւ չմղուիլ իր մտածելակերպն ու գործերը փոխելու, Եհովային հաճութիւնը ետ շահելու համար (Ժող. 8։11)։ Կրնանք վստահ ըլլալ, որ երբ երէցները պիտի որոշեն անհատ մը վտարե՛լ կամ ոչ, անոնք այս պատասխանատուութիւնը շատ լուրջի կ’առնեն։ դ22.02 5-6 ¶13-14

Երեքշաբթի, յուլիս 25

Ջախջախուած եղէգը պիտի չփշրէ ու պլպլած պատրոյգը պիտի չմարէ (Մատ. 12։20)։

Համբերութեան ու ազնուութեան պէտքը կայ, մանաւանդ երբ խրատ ստացողը սկիզբը չ’ուզեր ընդունիլ իրեն տրուած սուրբգրային խրատը։ Երէցը պէտք է զգոյշ ըլլայ, որ չջղայնանայ երբ իր տուած խրատը անմիջապէս չ’ընդունուիր կամ չի գործադրուիր։ Ուստի, երէցը իր անձնական աղօթքներուն մէջ կրնայ Եհովայէն խնդրել, որ անհատին օգնէ, որ հասկնայ խրատ տրուելուն պատճառը եւ զայն գործադրէ։ Խրատ ստացողը թերեւս ժամանակի պէտք ունենայ, որպէսզի մտածէ խրատին մասին։ Եթէ երէցը համբերող եւ ազնիւ ըլլայ, խրատ տալուն կերպը պատճառ պիտի չըլլայ, որ անհատը խրատէն շեղի. հապա պիտի կեդրոնանայ խրատին գաղափարին վրայ։ Եւ անշուշտ, խրատը պէտք է միշտ Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած ըլլայ։ Մենք կ’ուզենք որ մեր խրատը ըլլայ ոչ միայն օգտակար, հապա նաեւ՝ ‘սիրտ ուրախացնող’ (Առ. 27։9, ԱԾ)։ դ22.02 18 ¶17. 19 ¶19

Չորեքշաբթի, յուլիս 26

Ուշացած յոյսը սիրտը կը հիւանդացնէ (Առ. 13։12)։

Երբ կ’աղօթենք ուժի համար, որ փորձութեան մը կամ տկարութեան մը հետ գլուխ ելլենք, թերեւս զգանք որ մեր աղօթքներուն պատասխանը կ’ուշանայ։ Ինչո՞ւ Եհովան անմիջապէս չի պատասխաներ մեր բոլո՛ր աղօթքներուն։ Ան մեր անկեղծ աղօթքները կը նկատէ որպէս փաստ, որ իրեն կը հաւատանք (Եբ. 11։6)։ Ան նաեւ հետաքրքրուած է տեսնելով, թէ որքա՛ն վճռած ենք մեր աղօթքներուն համաձայն ապրիլ եւ իր կամքը կատարել (Ա. Յովհ. 3։22)։ Ուրեմն պէտք է համբերութիւն ցուցաբերենք եւ մեր աղօթքներուն համաձայն վարուինք, մինչ կը ջանանք գէշ սովորութիւն մը կամ տկարութիւն մը յաղթահարել։ Յիսուս մեզի հասկցուց, որ մեր աղօթքներէն ոմանք անմիջապէս պիտի չպատասխանուէին։ Ան յորդորեց. «Խնդրեցէ՛ք եւ պիտի տրուի ձեզի. փնտռեցէ՛ք եւ պիտի գտնէք. դուռը զարկէք եւ պիտի բացուի ձեզի։ Վասն զի ամէն ով որ կը խնդրէ՝ կ’առնէ, եւ ով որ կը փնտռէ՝ կը գտնէ եւ ով որ դուռը կը զարնէ՝ պիտի բացուի անոր» (Մատ. 7։7, 8)։ դ21.08 8 ¶1. 10 ¶9-10

Հինգշաբթի, յուլիս 27

Ո՜րչափ կը սիրեմ քու օրէնքդ։ Ա՛յն է ամէն օր իմ մտածութիւնս (Սաղ. 119։97)։

Ստեղծիչիդ հանդէպ հաւատք կերտելու համար, պէտք է շարունակես Աստուծոյ Խօսքը սերտել (Յես. 1։8)։ Ուշադրութիւն դարձուր Աստուածաշունչի մարգարէութիւններուն եւ անոր ներքին ներդաշնակութեան։ Այդպէս ընելով, հաւատքդ պիտի զօրանայ, որ սիրալիր եւ իմաստուն Ստեղծիչ մը մեզ ստեղծած է եւ ինք Աստուածաշունչը գրել տուած է (Բ. Տիմ. 3։14. Բ. Պետ. 1։21)։ Նաեւ, երբ Աստուծոյ Խօսքը կը սերտես, նկատի առ թէ ատոր խրատները որքա՜ն օգտակար են։ Օրինակ, Աստուածաշունչը շատոնց զգուշացուցած է որ դրամասիրութիւնը վնասակար է եւ որ «շատ ցաւեր»ու դուռ կը բանայ (Ա. Տիմ. 6։9, 10. Առ. 28։20. Մատ. 6։24)։ Այո, Աստուածաշունչի զգուշացումը, որ պէտք չէ դրամը սիրենք, իրապէս օգտակար խրատ մըն է։ Կրնա՞ս միտքդ բերել ուրիշ սուրբգրային սկզբունքներ, որոնք օգտակար գտած ես։ Ո՛րքան աւելի գնահատենք Աստուածաշունչի խրատները, ա՛յնքան աւելի խրատի մը համար պիտի դիմենք մեր իմաստուն եւ սիրալիր Ստեղծիչին (Յակ. 1։5)։ Առ ի արդիւնք, մեր կեանքէն աւելի հաճոյք պիտի առնենք (Եսա. 48։17, 18)։ դ21.08 17-18 ¶12-13

Ուրբաթ, յուլիս 28

Աստուած անիրաւ չէ, որ ձեր գործը մոռնայ ու այն սէրը զոր իր անուանը համար ցուցուցիք (Եբ. 6։10)։

Եթէ տարիքով կը մեծնաս, վստահ եղիր որ Եհովան կը յիշէ այն ինչ որ անցեալին ըրած ես։ Դուն նախանձախնդրօրէն քարոզչութեան թիկունք կանգնած ես։ Տոկացած ես շատ մը դժուարութիւններու, որոնցմէ ոմանք սիրտդ կոտրած են։ Աստուածաշունչի արդար չափանիշներուն կառչած ես, ծանր պատասխանատուութիւններ շալկած ես, եւ ուրիշները մարզած ես։ Լաւագոյնդ ըրած ես որ համակերպիս այն շատ մը փոփոխութիւններուն, որ Եհովայի կազմակերպութիւնը ըրած է։ Ուրիշներուն աջակցած ես եւ զիրենք քաջալերած ես, որ լիաժամ ծառայութեան մէջ մնան։ Եհովան քեզ շատ կը սիրէ հաւատարիմ մնալուդ համար։ Ան կը խոստանայ որ ‘իր սուրբերը [«հաւատարիմները», ՆԱ] երեսէ պիտի չձգէ’ (Սաղ. 37։28)։ Ան քեզ կը վստահեցնէ. «Մինչեւ ձեր ալեւորութիւնը ես ձեզ պիտի կրեմ» (Եսա. 46։4)։ Ուստի մի՛ մտածեր, թէ քանի որ կը մեծնաս, այլեւս Եհովայի կազմակերպութեան մէջ դեր մը չունիս։ Շա՜տ արժէքաւոր ես։ դ21.09 3 ¶4

Շաբաթ, յուլիս 29

Տէրը կը գթայ իրմէ վախցողներուն վրայ (Սաղ. 103։13)։

Եհովան կ’ողորմի, քանի որ անսահման իմաստութիւն ունի։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ, որ «վերին իմաստութիւնը» լեցուն է «ողորմութիւնով ու բարի պտուղներով» (Յակ. 3։17)։ Եհովան գիտէ, որ իր զաւակները կ’օգտուին, երբ իրենց կ’ողորմի (Եսա. 49։15)։ Իր ողորմութիւնը անկատար մարդոց յոյս կու տայ ապագային նկատմամբ։ Ուստի, քանի որ Եհովան շատ իմաստուն է, միշտ կ’ողորմի երբ ատիկա ընելու պատճառ մը գտնէ։ Բայց գիտէ ե՛րբ պէտք չէ ողորմի։ Իմաստուն ըլլալով, բնա՛ւ չ’ողորմիր այն աստիճան, որ գէշ ընթացքին աչք խփէ։ Ենթադրենք որ Աստուծոյ ծառայ մը կ’որոշէ անբարոյ կեանք մը ապրիլ։ Ի՞նչ պէտք է ընենք։ Պօղոս ներշնչումի տակ գրեց, որ անոր հետ ‘չյարաբերինք’ (Ա. Կոր. 5։11, ԱԾ)։ Անզեղջ մեղաւորները ժողովքէն կը վտարուին։ Ատիկա կարեւոր է եթէ կ’ուզենք մեր հաւատարիմ եղբայրներն ու քոյրերը պաշտպանել եւ Եհովայի սուրբ ճամբաներուն համաձայն վարուիլ։ դ21.10 9-10 ¶7-8

Կիրակի, յուլիս 30

Աստուած յօժարակամ տուողը կը սիրէ (Բ. Կոր. 9։7)։

Եհովան կը պաշտենք, երբ նուիրատուութիւն կ’ընենք։ Իսրայէլացիները պէտք չէր Եհովայի առջեւ պարապ ձեռքով ներկայանային (Բ. Օր. 16։16)։ Անոնք պէտք էր իրենց պարագաներուն համաձայն նուէր մը բերէին։ Այսպէս, անոնք իրենց գնահատանքը կը յայտնէին այն բոլոր կարգադրութիւններուն համար, որոնք եղած էին իրենց հոգեւոր օգտին համար։ Ինչպէ՞ս կրնանք արտայայտել Եհովայի հանդէպ մեր սէրը եւ հոգեւոր կարգադրութիւններուն նկատմամբ մեր գնահատանքը։ Կերպերէն մէկը այն է՝ որ տեղական ժողովքին եւ համաշխարհային գործին նիւթապէս թիկունք կանգնինք։ Այս ուղղութեամբ, Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Եթէ նախապէս յօժարութիւն ըլլայ, տալը ընդունելի է՝ մէկու մը ունեցածին համեմատ, եւ ո՛չ թէ չունեցածին համեմատ» (Բ. Կոր. 8։4, 12, ԱԾ)։ Եհովան կ’արժեւորէ որեւէ սրտագին նուիրատուութիւն որ կ’ընենք, նոյնիսկ եթէ շատ քիչ բան մըն է (Մար. 12։42-44)։ դ22.03 24 ¶13

Երկուշաբթի, յուլիս 31

Վատասիրտները մխիթարեցէ՛ք, տկարներուն ձեռնտու եղէ՛ք, ամենուն ալ երկայնամիտ եղէք (Ա. Թես. 5։14)։

Երէցները չեն կրնար Եհովայի ժողովուրդին դիմագրաւած բոլոր դժուարութիւններուն արգելք ըլլալ։ Բայց եւ այնպէս, Եհովան կ’ուզէ որ անոնք իրենց ամէն կարելին ընեն, որ իր ոչխարները քաջալերեն ու պաշտպանեն։ Երէցնե՛րը, ինչպէ՞ս կրնաք ժամանակ գտնել, որ պէտք եղած օգնութիւնը տաք։ Հետեւեցէք Պօղոս առաքեալի օրինակին։ Ան միշտ պատրաստ էր եղբայրներն ու քոյրերը գովելու եւ քաջալերելու։ Լաւ կ’ըլլայ, եթէ զինք ընդօրինակէք եւ եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ սիրով ու ազնուութեամբ վարուիք (Ա. Թես. 2։7, 8)։ Պօղոս հաւատակիցները վստահեցուց, որ զիրենք կը սիրէր եւ թէ Եհովան ալ զիրենք կը սիրէր (Բ. Կոր. 2։4. Եփ. 2։4, 5)։ Ան ժողովքի մէջի անհատները իր բարեկամները սեպեց եւ անոնց հետ ժամանակ անցուց։ Ան ցոյց տուաւ, որ իրենց կը վստահէր, եւ բացէ ի բաց կը խօսէր իր մտահոգութիւններուն եւ տկարութիւններուն մասին (Բ. Կոր. 7։5. Ա. Տիմ. 1։15)։ Բայց ան չկեդրոնացաւ իր խնդիրներուն վրայ, հապա ուզեց իր եղբայրներուն ու քոյրերուն օգնել։ դ22.03 28 ¶9-10

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել