Օգոստոս
Երեքշաբթի, օգոստոս 1
Հա՛յր, թողութիւն տուր ատոնց (Ղուկ. 23։34)։
Յիսուս հաւանաբար կ’ակնարկէր հռոմայեցի զինուորներուն, որոնք իր ձեռքերն ու ոտքերը ցիցին գամեցին։ Ան թոյլ չտուաւ, որ իր կրած անարդարութիւնները զինք դառնացնէին կամ բարկացնէին (Ա. Պետ. 2։23)։ Յիսուսին պէս, պէտք է պատրաստ ըլլանք ուրիշներուն ներելու (Կող. 3։13)։ Ոմանք, մէջը ըլլալով մեր ազգականները, թերեւս մեզի հակառակին, քանի որ չեն հասկնար մեր հաւատալիքները եւ ապրելակերպը։ Անոնք թերեւս մեր մասին սուտեր խօսին, ուրիշներուն առջեւ մեզ պզտիկցնեն, մեր հրատարակութիւնները ոչնչացնեն կամ սպառնան որ մեզի ֆիզիքական վնաս պիտի հասցնեն։ Փոխանակ բարկացած մնալու, կրնանք Եհովայէն խնդրել որ հակառակողներուն աչքերը բանայ, որպէսզի օրին մէկը ճշմարտութիւնը տեսնեն (Մատ. 5։44, 45)։ Երբեմն, ներելը դժուար կ’ըլլայ, մանաւանդ եթէ մեզի հետ շատ գէշ կերպով վարուած են։ Բայց եթէ բարկացած մնանք եւ պատրաստ չըլլանք ներելու, մենք մեզի կը վնասենք (Սաղ. 37։8)։ Երբ կ’որոշենք ներել, կ’ընտրենք թոյլ չտալ, որ ժխտական փորձառութիւնները մեզ դառնացնեն (Եփ. 4։31, 32)։ դ21.04 8-9 ¶3-4
Չորեքշաբթի, օգոստոս 2
Քանի՜ անգամներ. . . զայն տրտմեցուցին (Սաղ. 78։40, ՆԹ)։
Արդեօք սիրելիներէդ մէկը ժողովքէն վտարուա՞ծ է։ Սիրտդ կրնայ կտոր–կտոր ըլլալ։ Մտածէ՛ թէ Եհովան ի՛նչ զգացած ըլլալու էր, երբ իր ընտանիքէն եղող կարգ մը հրեշտակներ իրեն կռնակ դարձուցին (Յդ. 6)։ Եւ երեւակայէ իր ցաւը, երբ կը տեսնէր թէ իր սիրելի ժողովուրդը՝ իսրայէլ ազգը, կրկին անգամ իրեն դէմ կ’ելլէր (Սաղ. 78։41)։ Վստա՛հ եղիր, որ մեր սիրալիր երկնաւոր Հայրը նոյնպէս կը ցաւի, երբ սիրելիներէդ մէկը զինք կը ձգէ։ Ան քու ցաւդ կը հասկնայ։ Ան քեզի կարեկցելով պէտք եղած քաջալերութիւնն ու օգնութիւնը պիտի տայ։ Երբ ծնողքի մը թանկագին զաւակը Եհովան կը ձգէ, սովորաբար անոնք հարց կու տան, որ դեռ ի՛նչ կրնային ընել իրենց զաւակին օգնելու համար, որ ճշմարտութեան մէջ մնար։ Եղբայր մը ըսաւ. «Ինքզինքս կ’այպանէի եւ գէշ երազներ կը տեսնէի»։ Քոյր մը, որ նոյնանման պարագայ մը ունէր, յաճախ կը մտածէր. «Ո՞ւր սխալեցայ որպէս մայր։ Կը զգայի որ չեմ կրցած տղուս սրտին մէջ ճշմարտութիւնը քանդակել»։ դ21.09 26 ¶1-2, 4
Հինգշաբթի, օգոստոս 3
Հասկցան որ անոնք տգէտ ու առանց ուսման մարդիկ են (Գործք 4։13)։
Ոմանք կը կարծեն, թէ Եհովայի ծառաները պէտք չէ Սուրբ Գիրքին մասին սորվեցնեն, քանի որ անուանի կրօնական դպրոցներ չեն յաճախած։ Բայց անոնք պէտք է իրողութիւնները քննեն։ Ղուկաս աւետարանագիրը վճռեց ատիկա ընել։ Ան իր միտքը դրաւ, որ ‘ամէն բաներուն ճշդութեամբ տեղեկանար’։ Ան ուզեց որ ընթերցողները Յիսուսի մասին իրենց լսած բաներուն ‘ստուգութիւնը իմանային’ (Ղուկ. 1։1-4)։ Բերիա քաղաքին մէջ ապրող հրեաները Ղուկասին պէս էին։ Երբ առաջին անգամ ըլլալով Յիսուսի մասին բարի լուրը լսեցին, Եբրայերէն Գրութիւններուն դիմեցին, ստուգելու համար թէ արդեօք իրենց ըսուած բաները ճի՞շդ էին (Գործք 17։11)։ Նոյնպէս այսօր, մարդիկ պէտք է իրողութիւնները քննեն։ Պէտք է Աստուծոյ ժողովուրդին մասին իրենց լսածը բաղդատեն Աստուածաշունչին ըսածին հետ։ Նաեւ պէտք է Եհովայի ժողովուրդին այժմու պատմութիւնը սերտեն։ Ասոնք ընելով, թոյլ պիտի չտան որ մարդոց ըսածները զիրենք կուրցնեն։ դ21.05 3 ¶7-8
Ուրբաթ, օգոստոս 4
Լայն բացէք ձեր սրտերը (Բ. Կոր. 6։13)։
Ժողովքիդ մէջ մէկը կա՞յ, որուն կրնաս հիւրասիրութիւն ցոյց տալ։ Ատեններ մեր հաւատակիցները յատկապէս մեր ընկերակցութեան պէտք կ’ունենան։ Ոմանց համար թերեւս դժուար ըլլայ, որ տօնական օրերը անցընեն իրենց ազգականներուն հետ, որոնք Եհովան չեն պաշտեր։ Ուրիշներու համար որոշ թուականներ կրնան ցաւալի ըլլալ, ինչպէս՝ իրենց սիրած մէկ անհատին մահուան օրը։ Երբ անոնց կ’առաջարկենք, որ իրենց հետ ժամանակ անցընենք, ցոյց տուած կ’ըլլանք որ զիրենք կը հոգանք (Փլպ. 2։20)։ Քրիստոնեայ մը շատ մը պատճառներով կրնայ ատեններ միայնակ զգալ։ Բայց չմոռնանք, որ Եհովան շատ լաւ տեղեակ է այդ զգացումին մասին։ Ան մեզի պէտք եղածը կու տայ, յաճախ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն միջոցաւ (Մատ. 12։48-50)։ Մենք ալ մեր կարգին ցոյց կու տանք որ ժողովքին համար շնորհակալ ենք, երբ մեր լաւագոյնը կ’ընենք մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն օգնելու համար։ Ատեններ ի՛նչ ալ զգանք, բնա՛ւ մինակ չենք, քանի որ Եհովան միշտ մեր կողքին է։ դ21.06 13 ¶18-20
Շաբաթ, օգոստոս 5
Ձեր վարքը հեթանոսներուն մէջ բարի պահելով, որպէս զի եթէ ձեզ չարագործներու պէս բամբասեն, ձեր բարի գործերը տեսնելով՝ փառաւորեն Աստուած (Ա. Պետ. 2։12)։
Յիսուս դրական մնաց եւ շարունակեց քարոզել, թէեւ ոմանք իր պատգամին հանդէպ անտարբեր էին։ Ինչո՞ւ։ Ան գիտէր թէ մարդիկ որքա՜ն պէտք ունէին ճշմարտութիւնը գիտնալու եւ ուզեց կարելի եղածին չափ շատ մարդոց առիթը տալ, որ Թագաւորութեան պատգամը ընդունին։ Ան նաեւ գիտէր, թէ ոմանք սկիզբը մտիկ պիտի չընէին, բայց ետքը պիտի ընդառաջէին։ Նկատի առ իր ընտանիքին պարագան։ Իր ամբողջ երեքուկէս տարուան ծառայութեան ընթացքին, իր եղբայրներէն ո՛չ մէկը իր աշակերտը եղաւ (Յովհ. 7։5)։ Բայց իր յարութենէն ետք, իր եղբայրները քրիստոնեաներ դարձան (Գործք 1։14)։ Մենք չենք գիտեր թէ ի վերջոյ որո՛նք Եհովային ծառաները պիտի ըլլան։ Ոմանք ուրիշներէ աւելի ժամանակ կ’առնեն, որպէսզի ճշմարտութիւնը սորվին։ Նոյնիսկ անոնք որոնք չեն ուզեր մեզի մտիկ ընել, մեր վարքը եւ դրական կեցուածքը տեսնելով, թերեւս ի վերջոյ սկսին ‘փառաւորել Աստուած’։ դ21.05 18 ¶17-18
Կիրակի, օգոստոս 6
Երբ կ’երթաք, քարոզեցէք ու ըսէք. «Երկնքի թագաւորութիւնը մօտեցած է» (Մատ. 10։7)։
Երկրի վրայ եղած ատեն, Յիսուս իր հետեւորդներուն տուաւ պատուէր մը, որ երկու մասէ կը բաղկանար։ Անոնց ըսաւ որ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզեն, եւ ցոյց տուաւ թէ ինչպէ՛ս ատիկա ընեն (Ղուկ. 8։1)։ Օրինակ, իր աշակերտներուն ըսաւ որ ի՛նչ ընէին, երբ մարդիկ պատգամը մտիկ ընէին, եւ ի՛նչ ընէին՝ երբ անոնք մտիկ չընէին (Ղուկ. 9։2-5)։ Ան նաեւ բացատրեց, որ իր աշակերտները շատ մարդոց եւ շատ վայրերու մէջ պիտի քարոզէին, երբ ըսաւ որ անոնք «բոլոր ազգերուն վկայութիւն» պիտի տային (Մատ. 24։14. Գործք 1։8)։ Նաեւ, իր հետեւորդներուն ըսաւ, որ մարդոց սորվեցնեն իր պատուիրած բոլոր բաները պահել։ Ան ցոյց տուաւ որ այս կարեւոր գործը պիտի շարունակուէր նոյնիսկ մինչեւ մեր օրերը՝ «մինչեւ աշխարհիս վերջը» (Մատ. 28։18-20)։ Եւ այն յայտնութեան մէջ, որ Յովհաննէսին տուաւ, Յիսուս յստակ կերպով բացատրեց, թէ իր բոլոր աշակերտներէն կ’ակնկալուի, որ ուրիշներուն օգնեն Եհովային մասին գիտնալու (Յայտ. 22։17)։ դ21.07 2-3 ¶3-4
Երկուշաբթի, օգոստոս 7
Սնապարծ չըլլանք՝ մէկզմէկ գրգռելով ու իրարու վրայ նախանձելով (Գաղ. 5։26)։
Ներկայիս, շատեր միշտ ջանք կ’ընեն, որ ուրիշներէն աւելի լաւ երեւին եւ չեն հետաքրքրուած որ իրենց ըրածները ուրիշներուն ինչպէ՛ս կ’ազդեն։ Օրինակ, առեւտրական մը ուրիշներէն աւելի յաջող ըլլալու համար, կրնայ անոնց վնաս հասցնել։ Մրցոյթի մը ընթացքին, մարզիկ մը կրնայ ուրիշ մարզիկ մը դիտմամբ վիրաւորել, որպէսզի ինք յաղթէ։ Աշակերտ մը անուանի համալսարան մը ընդունուելու համար, մուտքի քննութեան մէջ խարդախութիւն կ’ընէ։ Քրիստոնեաներ ըլլալով, կը գիտակցինք որ այսպիսի վարք մը սխալ է. անիկա «մարմնին գործեր»էն մէկն է (Գաղ. 5։19-21)։ Բայց կրնա՞յ ըլլալ, որ Եհովայի ծառաներէն ոմանք ժողովքին մէջ մրցակցութեան հոգի կ’արթնցնեն առանց նոյնիսկ անդրադառնալու։ Այս հարցը կարեւոր է, քանի որ այս հոգին կրնայ մեր եղբայրութեան միութիւնը խանգարել։ Ուստի, լաւ կ’ըլլայ որ սերտենք հին ժամանակներուն ապրած հաւատարիմ անհատներու օրինակները, որոնք մրցակցութեան հոգիին տեղի չտուին։ դ21.07 14 ¶1-2
Երեքշաբթի, օգոստոս 8
Երանի՜ անոր, որ աղքատին հոգ կը տանի։ Նեղութեան օրը Տէրը պիտի փրկէ զանիկա (Սաղ. 41։1)։
Հաւատարիմ սէրը մեզ կը մղէ, որ նեղութեան մէջ եղողներուն օգնութեան հասնինք։ Ազնիւ եղբայրներ ու քոյրեր պատրաստ են վհատած կամ ընկճուած անհատներու կողքին մնալու։ Անոնք իրենց հաւատակիցները կը սիրեն եւ կ’ուզե՛ն իրենց ամէն կարելին ընել անոնց օգնելու համար (Առ. 12։25. 24։10)։ Պօղոս առաքեալ մեզ քաջալերեց, որ այդպէս ընենք, երբ ըսաւ. «Վատասիրտներն ալ մխիթարեցէ՛ք, տկարներուն ձեռնտու եղէ՛ք, ամենուն ալ երկայնամիտ եղէք» (Ա. Թես. 5։14)։ Ընկճուած եղբօր մը կամ քրոջ մը օգնելու ամէնէն ազդու կերպը յաճախ այն է, որ իրեն լսող ականջ դարձնես եւ վստահեցնես որ զինք կը սիրես։ Եհովան կը նկատէ, երբ ազնուաբար կ’օգնես իր թանկագին ոչխարներէն մէկուն։ Առակաց 19։17–ն կ’ըսէ. «Աղքատին ողորմութիւն ընողը Տէրոջը փոխ կու տայ ու Անիկա անոր հատուցում պիտի ընէ»։ դ21.11 10 ¶11-12
Չորեքշաբթի, օգոստոս 9
Ճաշակեցէ՛ք ու տեսէք թէ Տէրը բարի է։ Երանի՜ այն մարդուն որ անոր կը յուսայ (Սաղ. 34։8)։
Հիմա ի՞նչ կրնանք ընել, որպէսզի ապագային համար նախապատրաստուինք։ Պէտք է մեր ունեցածով գոհունակ ըլլանք եւ շատ ուրախ ըլլանք, որ Եհովայի հետ փոխյարաբերութիւն ունինք։ Ո՛րքան աւելի ճանչնանք Եհովան, ա՛յնքան աւելի պիտի համոզուինք, որ կրնա՛յ մեզ պաշտպանել, երբ Մագոգի Գոգը յարձակի։ Այս օրուան համարէն յայտնի կ’ըլլայ, թէ Դաւիթ ինչո՛ւ վստահ էր որ Եհովան իրեն պիտի օգնէր։ Ան յաճախ Եհովային ապաւինեցաւ եւ Ան բնաւ զինք յուսախաբ չըրաւ։ Երբ Դաւիթ պատանի էր եւ պէտք էր հսկայ Գողիաթին դէմ կռուէր, այդ զօրաւոր ռազմիկին ըսաւ. «Այսօր Տէրը քեզ իմ ձեռքս պիտի մատնէ» (Ա. Թագ. 17։46)։ Յետագային, երբ Դաւիթ Սաւուղ թագաւորին ծառայութիւն կ’ընէր, Սաւուղ փորձեց կրկին անգամ զինք մեռցնել։ Բայց ‘Տէրը Դաւիթին հետ էր’ (Ա. Թագ. 18։12)։ Որովհետեւ Դաւիթ անցեալին Եհովայի օգնութիւնը շօշափած էր, ան վստահ էր որ իր խնդիրներուն մէջ Եհովան իրեն պիտի օգնէր։ դ22.01 6 ¶14-15
Հինգշաբթի, օգոստոս 10
Աստուծոյ բոլոր որդիները ցնծութեամբ կ’աղաղակէին (Յոբ 38։7)։
Եհովան ի՛նչ որ ալ ընէ, իր ժամանակը կ’առնէ որ իր ուզածը աւարտին հասցնէ։ Ան այդպէս կ’ընէ թէ՛ իր անուան փառքին եւ թէ ուրիշներուն օգուտին համար։ Օրինակ, նկատի առ թէ ինչպէ՛ս քայլ առ քայլ երկիրը նախապատրաստեց մարդկութեան համար։ Նկարագրելով թէ Եհովան ինչպէ՛ս երկիրը ստեղծեց, Աստուածաշունչը կը նշէ ‘անոր չափերը դնելուն’ մասին, ‘հիմերը հաստատելուն’ մասին եւ ‘անոր անկիւնին քարը դնելուն’ մասին (Յոբ 38։5, 6)։ Եհովան նոյնիսկ ժամանակ տուաւ որ իր գործը քննէ (Ծն. 1։10, 12)։ Կրնա՞ս երեւակայել թէ հրեշտակները ի՛նչ զգացին, երբ տեսան ամէն նոր բան որ Եհովան ստեղծեց։ Որչա՜փ ոգեւորուած ըլլալու էին։ Ատոնք տեսնելով սկսան «ցնծութեամբ աղաղակել»։ Ասկէ ի՞նչ կը սորվինք։ Եհովայի ստեղծագործական գործունէութիւնը հազարաւոր տարիներ առաւ։ Բայց երբ ան քննեց ամէն բան, որ ուշադրութեամբ ստեղծած էր, ըսաւ որ «շատ բարի էր» (Ծն. 1։31)։ դ21.08 9 ¶6-7
Ուրբաթ, օգոստոս 11
Ապրի՛ս, բարի ու հաւատարիմ ծառայ (Մատ. 25։23)։
Յիսուսի տուած առակին մէջ, մարդ մը պիտի ճամբորդէր։ Երթալէ առաջ, ան իր ծառաները կանչեց եւ անոնց տաղանդներ տուաւ, որ աշխատցնեն։ Հաշուի առնելով անոնցմէ ամէն մէկուն կարողութիւնը, մարդը մէկ ծառային տուաւ հինգ տաղանդ, միւսին՝ երկու, իսկ երրորդին՝ մէկ։ Առաջին երկու ծառաները ծանր աշխատեցան, որպէսզի իրենց տիրոջ դրամը աւելցնեն։ Բայց երրորդ ծառան բան մը չըրաւ, որ իրեն տրուած դրամը աւելցնէ։ Անոր համար, իր տէրը զինք վռնտեց։ Առաջին երկու ծառաները շատ լուրջի առին իրենց տրուած պատասխանատուութիւնը եւ ծանր աշխատեցան իրենց տիրոջ ծառայելու համար։ Առ ի արդիւնք, իրենց տիրոջ տաղանդները կրկնապատկեցին։ Տէրը վարձատրեց իրենց ծանր աշխատանքը։ Ան ոչ միայն ուրախացաւ, հապա նաեւ զիրենք արժանի սեպեց նոյնիսկ աւելի պատասխանատուութիւն առնելու։ դ21.08 21 ¶7. 22 ¶9-10
Շաբաթ, օգոստոս 12
Նորէն երկինքն ու երկիրը. . . պիտի շարժեմ (Ան. 2։6)։
Եհովան մեծ համբերութիւն ցոյց տուած է այս վերջին օրերուն ընթացքին։ Ան չ’ուզեր որ մէկը կորսուի (Բ. Պետ. 3։9)։ Ան բոլորին առիթ տուած է որ զղջան։ Բայց իր համբերութիւնը սահման ունի։ Անոնք՝ որոնք կը մերժեն Աստուծոյ Թագաւորութեան թիկունք կանգնիլ, պիտի կրեն այն նոյն հետեւանքները, որ Մովսէսի օրերուն փարաւոնը կրեց։ Եհովան փարաւոնին ըսաւ. «Հիմա իմ ձեռքս պիտի երկնցնեմ՝ որպէս զի քեզ ու քու ժողովուրդդ ժանտախտով զարնեմ ու երկրէն պիտի կորսուիս։ Ասոր համար քեզ վերցուցի, որ իմ զօրութիւնս քեզմով ցուցնեմ ու բոլոր երկրի մէջ իմ անունս պատմուի» (Ել. 9։15, 16)։ Ի վերջոյ, բոլոր ազգերը պիտի գիտնան, որ Եհովան միակ ճշմարիտ Աստուածն է (Եզեկ. 38։23)։ Այս օրուան համարին մէջ նշուած շարժը յաւիտենական կործանում պիտի բերէ անոնց վրայ, որոնք՝ փարաւոնին պէս, կը մերժեն ընդունիլ Եհովայի իշխելու իրաւունքը։ դ21.09 18-19 ¶17-18
Կիրակի, օգոստոս 13
Խնդացողներուն հետ խնդացէ՛ք եւ լացողներուն հետ լացէ՛ք (Հռով. 12։15)։
Սիրտդ կտոր–կտոր եղա՞ծ է, քանի որ սիրելի մը վտարուած է։ Իսկ ի՞նչ կրնաս ընել, եթէ ժողովքին մէջ ոմանց ըսածներէն աւելի գէշ կը զգաս։ Չենք կրնար ակնկալել, որ ամէն ոք միշտ ճիշդ արտայայտուի (Յակ. 3։2)։ Բոլորս անկատար ենք, անոր համար մի՛ զարմանար, եթէ ոմանք չգիտնան ի՛նչ ըսել կամ նոյնիսկ առանց ուզելու ըսեն բաներ, որոնք քեզ կը վիրաւորեն։ Յիշէ Պօղոս առաքեալի խօսքը. ‘Իրարու համբերեցէք եւ իրարու ներեցէք՝ եթէ մէկը մէկուն դէմ տրտունջ մը ունենայ’ (Կող. 3։13)։ Շարունակէ ընտանիքի հաւատարիմ անդամներուն աջակցիլ։ Անոնք որեւէ ժամանակէ աւելի հիմա՛ պէտք ունին քու սիրոյդ եւ քաջալերութեանդ (Եբ. 10։24, 25)։ Ատեններ, վտարուած անհատին ընտանիքի անդամները նկատած են, որ ժողովքին մէջ ոմանք իրենց հետ այնպէս մը կը վարուին, կարծես թէ իրենք ալ վտարուած են։ Բնա՛ւ չենք ուզեր, որ անոնք այդպէս զգան։ Մանաւանդ այն պատանիները, որոնց ծնողները ճշմարտութիւնը ձգած են, գովասանքի ու քաջալերութեան պէտք ունին։ դ21.09 29 ¶13-14. 30 ¶16
Երկուշաբթի, օգոստոս 14
Իմաստունը թող լսէ ու իր իմաստութիւնը աւելցնէ (Առ. 1։5)։
Երբ տարեց մը եւ երիտասարդ մը իրարու հետ կը խօսակցին, երկուքն ալ կ’օգտուին (Հռով. 1։12)։ Դուն, ո՛վ երիտասարդ, ա՛լ աւելի պիտի համոզուիս, որ Եհովան իր հաւատարիմ ծառաներուն հոգ կը տանի, իսկ տարեցը սիրուած պիտի զգայ։ Ան պիտի ուրախանայ քեզի պատմելով, թէ Եհովան ինչպէ՛ս զինք վարձատրած է։ Ճիշդ է որ ֆիզիքական գեղեցկութիւնը տարիքին հետ կ’երթայ, բայց Եհովային հաւատարիմ եղողները տարիէ տարի իր աչքին աւելի գեղեցիկ կը դառնան (Ա. Թես. 1։2, 3)։ Ինչո՞ւ այդպէս կ’ըսենք։ Քանի որ տարիներու ընթացքին անոնք թոյլ տուած են, որ սուրբ հոգին զիրենք մարզէ եւ օգնէ որ գեղեցիկ յատկութիւններ մշակեն։ Ո՛րքան աւելի ճանչնանք մեր թանկագին տարեց եղբայրներն ու քոյրերը եւ անոնցմէ սորվինք, ա՛յնքան աւելի զանոնք պիտի պատուենք եւ թանկագին գանձեր պիտի սեպենք։ Ժողովքը կը զօրանայ, ոչ միայն երբ երիտասարդները տարեցները գանձ կը սեպեն, հապա նաեւ երբ տարեցները երիտասարդները կ’արժեւորեն։ դ21.09 7 ¶15-18
Երեքշաբթի, օգոստոս 15
Մի՛ դատէք, որպէս զի չդատուիք։ Քանզի ի՛նչ դատաստանով որ դատէք, անով պիտի դատուիք (Մատ. 7։1, 2)։
Պէտք է մեր ամէն կարելին ընենք, որ խիստ չըլլանք եւ մեր Աստուծոյն պէս ‘հարուստ ըլլանք ողորմութեամբ’ (Եփ. 2։4, ԱԾ)։ Ուրիշին ողորմիլ չի նշանակեր պարզապէս անոր վրայ խղճալ։ Ողորմող անհատը ուրիշներուն կ’օգնէ գործնական կերպերով։ Անոր համար, բոլորս կրնանք փնտռել մարդիկ, որոնք օգնութեան պէտք ունին՝ մեր ընտանիքին մէջ, ժողովքին մէջ եւ մեր միջավայրին մէջ։ Վստահաբար շատ առիթներ պիտի գտնենք ողորմութիւն ցոյց տալու։ Օրինակ, կրնա՞յ ըլլալ որ կայ մէկը, որ մխիթարութեան պէտք ունի։ Կրնա՞նք մէկու մը գործնական օգնութիւն տալ, թերեւս իրեն ուտելիք բերելով, կամ ուրիշ օգտակար բաներ ընելով։ Կրնա՞յ ըլլալ որ վերընդունուած քրիստոնեայ մը պէտք ունի բարեկամի մը, որ զինք քաջալերէ։ Կրնա՞նք բարի լուրով մխիթարել ուրիշները (Յոբ 29։12, 13. Հռով. 10։14, 15. Յակ. 1։27)։ Եթէ կը նկատենք, թէ ուրիշներ ի՛նչ բաներու պէտք ունին, պիտի տեսնենք թէ մեր չորս կողմը շատ առիթներ կան ողորմութիւն ցոյց տալու։ Երբ կ’ողորմինք, կ’ուրախացնենք մեր երկնաւոր Հայրը, որ «հարուստ է ողորմութեամբ»։ դ21.10 13 ¶20-22
Չորեքշաբթի, օգոստոս 16
Տէրը իմ հովիւս է. ես բանի մը կարօտութիւն պիտի չունենամ (Սաղ. 23։1)։
Սաղմոս 23–ին մէջ, Դաւիթ կը յիշէ բաներ, որոնք իրապէս կարեւոր են, ինչպէս՝ այն լաւ բաները, որոնք Եհովան իրեն կու տայ որպէս իր Հովիւը։ Եհովան զինք «արդարութեան ճամբաներու մէջ կ’առաջնորդէ», եւ թէ՛ լաւ ատեն ու թէ գէշ ատեն օգնութեան կը հասնի։ Դաւիթ կը գիտակցի, որ Եհովայի «խոտաւէտ արօտներու»ն մէջ իր կեանքը առանց խնդիրներու պիտի չըլլայ։ Ան ատեններ պիտի ընկճուի, կարծես թէ «մահուան շուքի ձորին մէջ» կը պտըտի, եւ թշնամիներ պիտի ունենայ։ Բայց Եհովան իր Հովիւը ըլլալով, ան ‘չարէն պիտի չվախնայ’։ Ի՞նչ կերպով Դաւիթին ‘ո՛չ մէկ բարիք պակսեցաւ’։ Ան ունէր ամէն բան, որ իրեն պէտք էր Եհովային մօտիկ մնալու համար։ Եւ իր ուրախութիւնը նիւթական բաներէ կախեալ չէր։ Ան Եհովայի տուածով գոհունակ էր։ Իրեն համար ամենակարեւոր բանն էր՝ Եհովայի օրհնութիւնը եւ պաշտպանութիւնը ունենալ։ Դաւիթի խօսքերէն կրնանք տեսնել, թէ որքա՜ն կարեւոր է որ նիւթական բաներու հանդէպ պատշաճ տեսակէտ ունենանք։ դ22.01 3-4 ¶5-7
Հինգշաբթի, օգոստոս 17
Ամէն մէկը իր վարձքը պիտի առնէ իր աշխատութեան չափովը (Ա. Կոր. 3։8)։
Պատմութեան ընթացքին, Եհովայի ծառաներէն շատեր քարոզած են մարդոց, որոնք չեն ուզած մտիկ ընել։ Օրինակ, Նոյ հաւանաբար տասնամեակներով «արդարութեան քարոզիչ» էր (Բ. Պետ. 2։5)։ Անկասկած ան յոյս ունէր, որ ուրիշներ իրեն մտիկ պիտի ընէին, բայց Եհովան չըսաւ որ ատանկ բան պիտի պատահէր։ Փոխարէնը, երբ Նոյին պատուիրեց որ տապանը շինէ, իրեն ըսաւ. «Տապանը պիտի մտնէք դուն ու քու որդիներդ եւ կինդ ու որդիներուդ կիները քեզի հետ» (Ծն. 6։18)։ Եւ Նոյ՝ նկատի առնելով տապանին չափերն ու մեծութիւնը, թերեւս գիտակցեցաւ որ շատ մարդիկ պիտի չընդառաջէին իր քարոզած պատգամին, քանի որ տապանին մէջ շատ մարդ պիտի չբաւէր (Ծն. 6։15)։ Ինչպէս գիտենք, այդ վայրագ աշխարհէն նոյնիսկ մէկ անձ մտիկ չըրաւ Նոյին (Ծն. 7։7)։ Արդեօք Եհովայի աչքին Նոյ ձախո՞ղ մէկն էր։ Բնաւ երբեք։ Աստուծոյ աչքին Նոյ յաջող քարոզիչ էր, քանի որ հաւատարմօրէն ըրաւ այն ինչ որ իրմէ խնդրած էր որ ընէ (Ծն. 6։22)։ դ21.10 26 ¶10-11
Ուրբաթ, օգոստոս 18
Ես լեցուն գացի ու Տէրը զիս պարապ դարձուց (Հթ. 1։21)։
Երեւակայէ թէ Հռութ ի՛նչ զգացած ըլլալու էր, այս խօսքերը լսելով Նոեմիէն։ Ան իր ամէն կարելին ըրած էր Նոեմիին օգնելու համար։ Անոր հետ լացած էր, զինք մխիթարած էր եւ երկար օրեր անոր հետ քալած էր։ Հակառակ այս բոլորին, Նոեմին ըսաւ. «Տէրը զիս պարապ դարձուց»։ Այս խօսքերով, Նոեմին նոյնիսկ ցոյց չտուաւ, թէ կ’արժեւորէր Հռութին օգնութիւնը, որ իր քով կայնած էր։ Հռութ ի՜նչ մեծ ցաւ զգացած ըլլալու էր։ Հակառակ ասոր, շարունակեց Նոեմիին հետ մնալ (Հթ. 1։3-18)։ Ներկայիս, թերեւս վհատած քոյր մը սկիզբը մեզի հետ վիրաւորական կերպով խօսի,– հակառակ անոր որ շատ ջանք թափած ենք, որ իրեն օգնենք։ Բայց կը փորձենք չվիրաւորուիլ, եւ իր կողքին կը մնանք ու Եհովայէն կը խնդրենք, որ մեզի օգնէ կերպ մը գտնելու որ զինք մխիթարենք (Առ. 17։17)։ Միւս կողմէ, քոյր մը, որ օգնութեան պէտք ունի, թերեւս սկիզբը մեր օգնութիւնը մերժէ։ Բայց հաւատարիմ սէրը մեզ պիտի մղէ, որ իրմէ վազ չանցնինք (Գաղ. 6։2)։ դ21.11 11-12 ¶17-19
Շաբաթ, օգոստոս 19
Սուրբ եղէք ձեր բոլոր վարմունքներուն մէջ (Ա. Պետ. 1։15)։
Աստուածաշունչին մէջ «սուրբ» եւ «սրբութիւն» բառերը հիմնականօրէն կ’ակնարկեն բարոյական եւ կրօնական մաքրութեան։ Այդ բառերը նաեւ կը նշանակեն՝ զատուած ըլլալ Աստուծոյ ծառայելու։ Ուրիշ խօսքով, մենք սուրբ պիտի նկատուինք, եթէ բարոյապէս մաքուր ենք, եթէ Եհովան ընդունելի կերպով կը պաշտենք եւ եթէ իրեն հետ մտերիմ փոխյարաբերութիւն ունինք։ Մենք կը հիանանք այն գաղափարին վրայ, որ թէեւ անկատար ենք եւ Եհովան ամբողջովին սուրբ է, ան տակաւին կ’ուզէ որ իր մտերիմ բարեկամները ըլլանք։ Եհովան ամէն կերպով անարատ եւ մաքուր է։ Այս մէկը գիտենք այն նկարագրութենէն, որ սերովբէները տուին,– հոգեղէն արարածներ, որոնք Եհովայի գահին մօտ կը գտնուին։ Անոնցմէ ոմանք ըսին. «Սուրբ, Սուրբ, Սո՛ւրբ է զօրքերու Տէրը» (Եսա. 6։3)։ Անշուշտ, որպէսզի հրեշտակները իրենց սուրբ Աստուծոյն հետ մտերիմ փոխյարաբերութիւն ունենան, պէտք է իրենք ալ սուրբ ըլլան, եւ իրապէս ալ սուրբ են։ դ21.12 3 ¶4-5
Կիրակի, օգոստոս 20
Նայեցէք որ զգուշութեամբ քալէք, ո՛չ թէ անմիտներու պէս, հապա իմաստուններու պէս։ Ժամանակը ծախու առէք (Եփ. 5։15, 16)։
Պատանիները յաճախ կը մտածեն, թէ ինչպէ՛ս իրենց կեանքը լաւագոյն կերպով գործածեն։ Մէկ կողմէն, ուսուցիչներ ու Վկայ չեղող ընտանիքի անդամներ թերեւս զիրենք քաջալերեն, որ համալսարան երթան, եւ այսպէս լաւ գործ ունենան ու շատ դրամ շահին։ Եթէ այդպէս ընեն, շա՜տ ժամանակ պիտի կորսնցնեն։ Միւս կողմէ, Վկայ եղող ծնողներ ու բարեկամներ թերեւս զիրենք քաջալերեն, որ իրենց կեանքը անցընեն Եհովային ծառայելով։ Ի՞նչը կրնայ օգնել Եհովան սիրող պատանիի մը, որ լաւագոյն որոշումը առնէ։ Ան կրնայ օգտուիլ Եփեսացիս 5։15-17–ն կարդալով եւ անոր վրայ խոկալով։ Այս համարները կարդալէ ետք, պատանին կրնայ ինքն իրեն հարցնել. ‘Ի՞նչ է «Տէրոջը կամքը»։ Ո՞ր ընտրութիւնը Զինք պիտի հաճեցնէ։ Ի՞նչ որոշում առնելը ինծի պիտի օգնէ, որ ժամանակս լաւագոյն կերպով գործածեմ’։ Յիշէ որ «օրերս չար են» եւ այս աշխարհը, որ Սատանային իշխանութեան տակ է, շատ մօտ ատենէն վերջ պիտի գտնէ։ դ22.01 27 ¶5
Երկուշաբթի, օգոստոս 21
Իր եղբայրներն ալ չէին հաւատար իրեն (Յովհ. 7։5)։
Յակոբոս ե՞րբ Յիսուսի հաւատարիմ հետեւորդ եղաւ։ Յիսուս յարութիւն առնելէ ետք, «երեւցաւ Յակոբոսին, ետքը բոլոր առաքեալներուն» (Ա. Կոր. 15։7)։ Այդ հանդիպումէն ետք, ան Յիսուսի աշակերտը եղաւ, եւ ներկայ էր երբ Երուսաղէմի մէջ առաքեալները վերնատան մը մէջ կը սպասէին խոստացեալ սուրբ հոգիին (Գործք 1։13, 14)։ Յետագային, ան ծառայեց որպէս առաջին դարու կառավարիչ մարմինին մէկ անդամը (Գործք 15։6, 13-22. Գաղ. 2։9)։ Իսկ Ք.Ե. 62–էն առաջ, ան ներշնչումով օծեալ քրիստոնեաներուն նամակ մը գրեց։ Անոր գրածը կ’օգտէ մեզի այսօր, ըլլա՛յ մեր յոյսը երկնային կամ երկրային (Յակ. 1։1)։ Առաջին դարու պատմաբան Յովսեպոսի համաձայն, Յակոբոս մահապատիժի ենթարկուեցաւ քահանայապետ Անանիոսի հրամանով։ Յակոբոս մինչեւ իր մահը Եհովայի հաւատարիմ մնաց։ դ22.01 9 ¶3, 5
Երեքշաբթի, օգոստոս 22
Աստուա՜ծ իմ, Աստուա՜ծ իմ, ինչո՞ւ զիս թողուցիր (Մատ. 27։46)։
Դասերէն մէկը, որ այս օրուան համարէն կրնանք սորվիլ, այն է՝ որ պէտք չէ ակնկալենք որ Եհովան մեզ պաշտպանէ մեր հաւատքը փորձող դժուարութիւններէ։ Ճիշդ ինչպէս Յիսուս մինչեւ վերջ փորձուեցաւ, մենք ալ պէտք է պատրաստ ըլլանք հաւատարիմ մնալու մինչեւ մահ,– եթէ պէտք ըլլայ (Մատ. 16։24, 25)։ Սակայն կրնանք վստահ ըլլալ, որ Աստուած պիտի չձգէ, որ մեր կարողութենէն աւելի փորձուինք (Ա. Կոր. 10։13)։ Ուրիշ սորվելիք դաս մը այն է՝ որ թերեւս, Յիսուսին պէս, անարդարութեան զոհ երթանք (Ա. Պետ. 2։19, 20)։ Մեզի կը հակառակին ոչ թէ քանի որ սխալ բան մը ըրած ենք, հապա քանի որ աշխարհէն չենք եւ ճշմարտութեան մասին կը վկայենք (Յովհ. 17։14. Ա. Պետ. 4։15, 16)։ Յիսուս ըմբռնեց թէ Եհովան ինչո՛ւ թոյլ տուաւ որ չարչարուի։ Բայց իրեն հակառակը, հաւատարիմ ծառաներ փորձութեան մէջ երբեմն հարց տուած են, թէ Եհովան ինչո՛ւ թոյլ տուած է որ կարգ մը բաներ պատահին (Ամբ. 1։3)։ Մեր ողորմած ու համբերող Աստուածը կը հասկնայ, որ այդպիսիներ ոչ թէ հաւատքէ կը պակսին, հապա պէտք ունին այնպիսի մխիթարութեան, որ միայն ի՛նք կրնայ տալ (Բ. Կոր. 1։3, 4)։ դ21.04 11 ¶9-10
Չորեքշաբթի, օգոստոս 23
Թո՛ղ իմ աղօթքս խունկի պէս սեպուի քու առջեւդ (Սաղ. 141։2)։
Եհովան մեր պաշտամունքը պիտի ընդունի, եթէ իր նպատակին հետ ներդաշնակ է եւ զինք կը սիրենք ու կը յարգենք։ Գիտենք որ ան պաշտուելու արժանի է եւ կ’ուզենք լաւագոյն կերպով զինք պաշտել։ Եհովան պաշտելու մէկ կերպն է՝ իրեն աղօթել։ Աստուածաշունչը մեր աղօթքները կը բաղդատէ բծախնդրաբար պատրաստուած խունկին հետ, որ կը մատուցուէր սրբարանին մէջ եւ ետքը՝ տաճարին մէջ։ Այդ խունկը Աստուած կը հաճեցնէր։ Նմանապէս, մեր սրտագին աղօթքները իրեն «հաճելի» են, նոյնիսկ եթէ շատ պարզ բառեր գործածենք (Առ. 15։8, ԱԾ. Բ. Օր. 33։10)։ Եհովան կը սիրէ լսել, երբ իրեն կ’արտայայտենք մեր սէրն ու երախտապարտութիւնը։ Ան կ’ուզէ որ իրեն պատմենք մեր մտահոգութիւններուն, մեր յոյսերուն եւ մեր փափաքներուն մասին։ Աղօթելէ առաջ, լաւ կ’ըլլայ որ մտածես թէ ի՛նչ կ’ուզես ըսել։ Այսպէս ընելով, երկնաւոր Հօրդ պիտի մատուցանես լաւագոյն «խունկը»։ դ22.03 20 ¶2. 21 ¶7
Հինգշաբթի, օգոստոս 24
Ձեզի՝ նեղութիւն կրողներուդ՝ մեզի հետ հանգիստ, երբ Տէր Յիսուս երկնքէն յայտնուի իր զօրաւոր հրեշտակներովը (Բ. Թես. 1։7)։
Արմագեդոնին, մեզի պիտի չիյնայ որոշել, թէ ո՛վ Եհովայի ողորմութիւնը պիտի ստանայ եւ ո՛վ՝ ոչ (Մատ. 25։34, 41, 46)։ Պիտի վստահի՞նք Եհովայի դատաստաններուն, թէ ոչ՝ ատոնք մեզ պիտի գայթակղեցնեն։ Յստակ է որ պէտք է հիմա՛ Եհովայի հանդէպ մեր վստահութիւնը զօրացնենք, որպէսզի ապագային ամբողջովին իրեն վստահինք։ Երեւակայէ թէ ի՛նչ վիճակ պիտի տիրէ նոր աշխարհին մէջ։ Սուտ կրօնքը մէջտեղէն վերցուած պիտի ըլլայ, ինչպէս նաեւ վերջ գտած պիտի ըլլան ագահ առեւտրական դրութիւնը եւ քաղաքական դրութիւնը, որ ամբողջ պատմութեան ընթացքին մարդոց ցաւ ու տառապանք պատճառած է։ Այլեւս առողջապահական խնդիրները, ծերութիւնը եւ մեր սիրելիներուն մահը մեր ամէնօրեայ կեանքին մէկ մասը պիտի չըլլան։ Սատանան եւ դեւերը հազար տարի պիտի բանտարկուին։ Եւ անոնց ըմբոստութեան գէշ հետեւանքները վերջ պիտի գտնեն (Յայտ. 20։2, 3)։ Այն ատեն որքա՜ն ուրախ պիտի ըլլանք, որ վստահեցանք այն կերպին, որով Եհովան հարցերը ձեռք կ’առնէ։ դ22.02 6-7 ¶16-17
Ուրբաթ, օգոստոս 25
Երանի՜ խաղաղութիւն ընողներուն (Մատ. 5։9)։
Յիսուս նախաքայլը առաւ որ խաղաղութիւն ընէ եւ ուրիշները քաջալերեց, որ իրենց վէճերուն վերջ դնեն։ Ան սորվեցուց որ պէտք է իրենց եղբօր հետ խաղաղութիւն ընեն, եթէ կ’ուզեն որ Եհովան իրենց պաշտամունքը ընդունի (Մատ. 5։23, 24)։ Եւ կրկին անգամ առաքեալներուն օգնեց, որ չվիճին այն հարցին շուրջ, թէ ո՛վ է մեծագոյնը իրենց մէջ (Ղուկ. 9։46-48. 22։24-27)։ Խաղաղութիւն ընող ըլլալու համար, չի բաւեր խնդիրներ հանող չըլլալ։ Պէտք է նախաքայլը առնենք խաղաղութիւն ընելու եւ եղբայրներն ու քոյրերը քաջալերենք, որ իրենց միջեւ եղած խնդիրները լուծեն (Փլպ. 4։2, 3. Յակ. 3։17, 18)։ Կրնանք մենք մեզի հարցնել. ‘Ի՞նչ զոհողութիւն պատրաստ եմ ընելու, որպէսզի ուրիշներուն հետ խաղաղութիւն ընեմ։ Երբ եղբայր մը կամ քոյր մը զգացումներս վիրաւորէ, ոխ կը պահե՞մ։ Կը սպասե՞մ որ ուրիշը նախաքայլը առնէ խաղաղութիւն ընելու, թէ ոչ՝ ե՛ս առաջին քայլը կ’առնեմ, նոյնիսկ եթէ ինքն է խնդիր հանողը’։ դ22.03 10 ¶10-11
Շաբաթ, օգոստոս 26
Աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը (Գործք 20։35)։
Աստուածաշունչը մարգարէացած էր, որ Աստուծոյ ժողովուրդը Յիսուսի առաջնորդութեան հետեւելով, կամաւորաբար Եհովային պիտի ծառայէր (Սաղ. 110։3)։ Այդ մարգարէութիւնը վստահաբար այսօր կը կատարուի։ Ամէն տարի, Եհովայի նախանձախնդիր ծառաները քարոզչութեան կը տրամադրեն հարիւր միլիոնաւոր ժամեր։ Անոնք ասիկա կ’ընեն կամաւորաբար եւ իրենց հաշւոյն։ Անոնք նաեւ ժամանակ կու տան, որ իրենց հաւատակիցներուն օգնեն ֆիզիքապէս, զգացականօրէն եւ հոգեւորապէս։ Եւ նշանակուած եղբայրները շատ ժամանակ կը յատկացնեն՝ ժողովներուն մէջ իրենց բաժինները պատրաստելու եւ հաւատակիցներուն այցելելու, որ զանոնք քաջալերեն։ Եհովայի ծառաները այս ամէնը կ’ընեն՝ Եհովային եւ ընկերին հանդէպ սէրէ մղուած (Մատ. 22։37-39)։ Յիսուս հոյակապ օրինակ եղաւ ուրիշներուն շահերը իր շահերէն առաջ դնելուն մէջ։ Իսկ մենք մեր ամէն կարելին կ’ընենք, որ իր հետքերուն հետեւինք (Հռով. 15։1-3)։ Եթէ Յիսուսը ընդօրինակենք, օգուտներ պիտի քաղենք։ դ22.02 20 ¶1-2
Կիրակի, օգոստոս 27
Վարձքով բանողին օրական վարձքը մէկ գիշեր մինչեւ առտու թող ձեր քով չմնայ (Ղեւ. 19։13)։
Իսրայէլի մէջ մարդոց մեծամասնութիւնը արտերու մէջ կ’աշխատէին եւ պէտք էր աշխատաւորներուն վարձքը նոյն օրուան վերջաւորութեան տրուէր։ Եթէ աշխատաւորը իր օրուան վարձքը չստանար, պիտի չկարենար այդ օրը իր ընտանիքը կերակրել։ Եհովան բացատրեց. «Անիկա աղքատ է ու անոր խելքը միտքը անոր վրայ է», այսինքն՝ իր կեանքը իր վարձքէն կախեալ է (Բ. Օր. 24։14, 15. Մատ. 20։8)։ Ներկայիս, բազմաթիւ գործաւորներ ոչ թէ ամէն օր, հապա ամիսը մէկ կամ երկու անգամ կը վճարուին։ Բայց եւ այնպէս, Ղեւտացւոց 19։13–ի մէջ յիշուած սկզբունքը տակաւին կը կիրարկուի։ Կարգ մը գործատէրեր իրենց գործաւորները կը շահագործեն, անոնց վճարելով չնչին գումարներ։ Անոնք գիտեն որ իրենց գործաւորները դրամի շա՛տ պէտք ունին եւ անոր համար պիտի չկարենան գործը ձգել։ Այսպիսի գործատէրեր կարծես թէ ‘վարձքով բանողին վարձքը իրենց քով կը ձգեն’։ Գործատէր եղող քրիստոնեան պիտի ուզէ իր գործաւորներուն հետ արդարութեամբ վարուիլ։ դ21.12 10 ¶9-10
Երկուշաբթի, օգոստոս 28
Ծարաւ եմ (Յովհ. 19։28)։
Յիսուս իր բոլոր անցուցածներէն ետք, շատ ծարաւ ըլլալու էր։ Ան իր ծարաւը յագեցնելու համար օգնութեան պէտք ունէր։ Ան իր զգացումները արտայայտելը տկարութիւն չսեպեց։ Մենք ալ պէտք է նոյնը ընենք։ Մեր կեանքին մեծ մասը, թերեւս նախընտրած ենք ուրիշներուն չյայտնել մեր պէտքերուն մասին։ Բայց եթէ այնպէս մը պատահի որ օգնութեան պէտք ունենանք, առանց երկմտելու ուրիշներէն օգնութիւն խնդրենք։ Օրինակ, եթէ տարեց ենք կամ վատառողջ, թերեւս պէտք ըլլայ որ բարեկամէ մը խնդրենք որ ինքնաշարժով մեզ հասցնէ նպարատուն մը կամ բժշկական ժամադրութեան մը։ Կամ եթէ տխուր ենք կամ վհատած, թերեւս պէտք ըլլայ որ երէցէ մը կամ հոգեւորապէս հասուն բարեկամէ մը խնդրենք, որ մեզի մտիկ ընէ կամ «աղէկ խօսք» ըսէ, մեր տրամադրութիւնը բարձրացնելու համար (Առ. 12։25)։ Յիշենք որ մեր եղբայրներն ու քոյրերը մեզ կը սիրեն եւ կ’ուզեն մեզի օգնել «նեղութեան ատեն» (Առ. 17։17)։ Բայց մեր միտքը չեն կրնար կարդալ։ Չեն կրնար գիտնալ, որ օգնութեան պէտք ունինք, եթէ չխօսինք։ դ21.04 11-12 ¶11-12
Երեքշաբթի, օգոստոս 29
Եթէ նեղութեան օրը թուլնաս, ոյժդ քիչ է (Առ. 24։10)։
Մեզմէ շատեր դժուարութեան կը մատնուին, երբ իրենց պարագաները կը փոխուին։ Ոմանք, որոնք երկար տարիներ յատուկ լիաժամ ծառայութեան մէջ էին, տարբեր նշանակում ստացան։ Ուրիշներ իրենց տարիքին պատճառաւ ստիպուեցան ձգել առանձնաշնորհում մը, որ շատ կը սիրէին։ Բնական է որ յուսախաբ զգանք, երբ այսպիսի փոփոխութիւններու ենթարկուինք։ Փոփոխութեան հետ աւելի լաւ կերպով գլուխ կ’ելլենք, երբ հարցերը Եհովային տեսանկիւնէն կը դիտենք։ Ան ներկայիս մեծ բաներ կ’իրագործէ, եւ մենք իր գործակիցները ըլլալու յատուկ առանձնաշնորհումը ունինք (Ա. Կոր. 3։9)։ Մեզի հանդէպ Եհովայի սէրը չի փոխուիր։ Անոր համար, եթէ կազմակերպութեան ըրած մէկ փոփոխութիւնը քեզի ազդէ, շատ ժամանակ մի՛ վատներ մտածելով, թէ ի՛նչ պատճառներով այդ փոփոխութիւնը եղաւ։ Փոխանակ «առաջուան օրերը» կարօտնալու, Եհովայէն խնդրէ որ քեզի օգնէ փոփոխութեան լաւ կողմերը տեսնելու (Ժող. 7։10)։ Դրական կեցուածք պահէ։ Այսպէս, ուրախ եւ հաւատարիմ պիտի մնանք, նոյնիսկ երբ մեր պարագաները կը փոխուին։ դ22.03 17 ¶11-12
Չորեքշաբթի, օգոստոս 30
Տէ՛րը, Տէ՛ր Աստուածը. . . հազարներուն ողորմութիւն ընող (Ել. 34։6, 7)։
Եհովան որո՞նց հանդէպ հաւատարիմ սէր ցոյց կու տայ։ Աստուածաշունչը կը խօսի շատ մը բաներու մասին, որ կրնանք սիրել. օրինակ՝ «երկրագործութիւնը», «գինին ու իւղը», «խրատ»ը, «գիտութիւն»ը եւ «իմաստութիւն»ը (Բ. Մն. 26։10. Առ. 12։1. 21։17. 29։3)։ Սակայն, հաւատարիմ սէր բնաւ ցոյց չի տրուիր առարկաներու կամ գաղափարներու հանդէպ. հապա միայն մարդոց հանդէպ։ Բայց Եհովան ամէն մարդու հանդէպ հաւատարիմ սէր ցոյց չի տար։ Ան զայն ցոյց կու տայ միայն անոնց հանդէպ, որոնք իրեն հետ յատուկ փոխյարաբերութիւն ունին։ Մեր Աստուածը իր բարեկամներուն հաւատարիմ է։ Ան անոնց նկատմամբ հիանալի նպատակ մը ունի եւ զիրենք սիրելէ պիտի չդադրի։ Եհովան ամբողջ մարդկութեան հանդէպ սէր ցոյց տուած է։ Յիսուս Նիկոդէմոս անունով մարդու մը ըսաւ. «Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը [մարդկութիւնը], մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ» (Յովհ. 3։1, 16. Մատ. 5։44, 45)։ դ21.11 2 ¶3. 3-4 ¶6-7
Հինգշաբթի, օգոստոս 31
Ձեր համբերութիւնովը հոգինիդ պիտի փրկէք (Ղուկ. 21։19)։
Այս աշխարհին մէջ կեանքը դժուար է, եւ ապագային թերեւս ա՛լ աւելի դժուար խնդիրներու առջեւ պիտի գտնուինք (Մատ. 24։21)։ Որքա՜ն կը սպասենք այն օրուան, երբ այս ամէնը պիտի մոռցուի–երթայ (Եսա. 65։16, 17)։ Յստակ է որ պէտք է շարունակենք համբերութիւն սորվիլ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Յիսուս ըսաւ. «Ձեր համբերութիւնովը հոգինիդ պիտի փրկէք» (Ղուկ. 21։19)։ Երբ կը մտածենք թէ ուրիշներ ինչպէ՛ս մեր խնդիրներուն պէս խնդիրներու կը տոկան, աւելի ոյժ կ’առնենք որ շարունակենք տոկալ։ Ո՞վ է տոկալուն մէջ լաւագոյն օրինակը։ Եհովա Աստուած։ Զարմացա՞ր։ Թերեւս։ Բայց եթէ մտածես, պիտի գիտնաս ինչո՛ւ։ Այս աշխարհը Սատանային իշխանութեան տակ է, եւ անոր համար խնդիրներով լեցուն է։ Եհովան զօրութիւնը ունի, որ որեւէ ատեն այդ բոլորին վերջ դնէ, բայց կը սպասէ ապագայ օրուան մը (Հռով. 9։22)։ Մինչ այդ, մեր Աստուածը կը շարունակէ համբերել, մինչեւ որ այդ որոշուած օրը հասնի։ դ21.07 8 ¶2-4