Սեպտեմբեր
Ուրբաթ, սեպտեմբեր 1
Իրմէ կ’ուզէին որ երկնքէն նշան մը ցուցնէ իրենց (Մատ. 16։1)։
Յիսուսի սորվեցուցած հիանալի բաները ոմանց համար բաւարար չէին։ Անոնք աւելին ուզեցին։ Բայց երբ ան անոնց ուզած նշանը չտուաւ, անոնք գայթակղեցան (Մատ. 16։4)։ Եբրայերէն Գրութիւնները ի՞նչ մարգարէացած էին։ Մեսիային մասին Եսայի մարգարէն գրեց. «Անիկա պիտի չպոռայ ու պիտի չաղաղակէ եւ իր ձայնը դուրսը լսել պիտի չտայ» (Եսա. 42։1, 2)։ Յիսուս իր ծառայութիւնը ըրաւ համեստօրէն եւ առանց աղմուկ հանելու։ Ան շքեղ տաճարներ չշինեց եւ կրօնական յատուկ զգեստներ չհագուեցաւ, ոչ ալ պահանջեց որ զինք կրօնական տիտղոսներով կոչեն։ Երբ կը դատուէր ու իր կեանքը վտանգի տակ էր, չփորձեց Հերովդէս թագաւորը տպաւորել, իրեն համար նշան մը ընելով (Ղուկ. 23։8-11)։ Ճիշդ է որ Յիսուս հրաշքներ ըրաւ, բայց կեդրոնացաւ բարի լուրը քարոզելու վրայ։ Ան իր աշակերտներուն ըսաւ. «Այս բանին համար եկեր եմ» (Մար. 1։38)։ դ21.05 4 ¶9-10
Շաբաթ, սեպտեմբեր 2
Այս է յաւիտենական կեանքը, որ ճանչնան քեզ միմիայն ճշմարիտ Աստուածդ ու Յիսուս Քրիստոսը, որ դուն ղրկեցիր (Յովհ. 17։3)։
Մենք կը փնտռենք անոնք, որոնք «յաւիտենական կեանքի հանդէպ ճիշդ տրամադրուած» են (Գործք 13։48, ՆԱ)։ Այդ անհատներուն օգնելու համար որ աշակերտներ դառնան, պէտք է անոնց օգնենք, որ Աստուածաշունչէն իրենց սորվածը 1) հասկնան, 2) ընդունին եւ 3) գործադրեն (Կող. 2։6, 7. Ա. Թես. 2։13)։ Ժողովքին մէջ, բոլորը կրնան աշակերտներուն օգնել՝ անոնց սէր ցոյց տալով եւ ընդունուած զգացնելով, երբ ժողովներու կու գան (Յովհ. 13։35)։ Ասկէ զատ, թերեւս պէտք ըլլայ որ ուսուցիչը շատ ժամանակ ու ջանք տրամադրէ աշակերտին օգնելու, որ լքէ հաւատալիքներ կամ սովորութիւններ, որոնք «ամրոցներ»ու պէս են (Բ. Կոր. 10։4, 5)։ Կրնայ ժամանակ առնել, մինչեւ որ աշակերտը քայլեր առնէ եւ ի վերջոյ մկրտութեան նպատակակէտին հասնի։ Բայց մեր ըրած ջանքերը պարապի պիտի չերթան։ դ21.07 3 ¶6
Կիրակի, սեպտեմբեր 3
Ամէն բան փորձեցէ՛ք, բարին ամուր բռնեցէ՛ք (Ա. Թես. 5։21)։
Զօրաւոր համոզում ունի՞նք, թէ մեր սորվեցուցածը ճշմարտութիւնն է եւ թէ մեր պաշտելու կերպը Եհովային ընդունելի է։ Պօղոս առաքեալ համոզուած էր ճշմարտութեան (Ա. Թես. 1։5)։ Եւ այդ համոզումը զգացումներու վրայ չէր հիմնուած։ Պօղոս Աստուծոյ Խօսքը ուշադրութեամբ կը սերտէր։ Ան կը հաւատար, որ «բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է» (Բ. Տիմ. 3։16)։ Իր սերտողութիւնը իրեն ի՞նչ սորվեցուց։ Ան Սուրբ Գրութիւններէն գտաւ փաստեր, որ Յիսուս խոստացեալ Մեսիան էր, ինչ որ հրեայ կրօնական առաջնորդները դիտմամբ կ’անտեսէին։ Այդ կրօնական կեղծաւորները կ’ըսէին, որ Աստուած կը ներկայացնէին, բայց իրենց գործերով զայն կ’ուրանային (Տիտ. 1։16)։ Անոնց հակառակը, Պօղոս չզատեց թէ Աստուծոյ Խօսքին ո՛ր մասերուն պիտի հաւատար։ Ան պատրաստ էր «Աստուծոյ բոլոր կամքը» սորվեցնելու եւ գործադրելու (Գործք 20։27)։ դ21.10 18 ¶1-2
Երկուշաբթի, սեպտեմբեր 4
Մէկը չի կրնար ինծի գալ, եթէ զիս ղրկող Հայրը զանիկա չքաշէ (Յովհ. 6։44)։
Երբ կը տնկենք եւ կը ջրենք, Աստուծոյ դերը պէտք չէ մոռնանք (Ա. Կոր. 3։6, 7)։ Եհովան բոլոր մարդոց կեանքը արժէքաւոր կը նկատէ։ Ան մեզի առանձնաշնորհումը կու տայ որ իր Որդիին հետ աշխատինք, որպէսզի վերջը գալէն առաջ՝ բոլոր ազգերէն մարդիկ հաւաքենք (Ան. 2։7)։ Մեր քարոզչութիւնը կը նմանի ազատարար աշխատանքի, իսկ մենք՝ ազատարար խումբի մը անդամներուն, որոնք կը ղրկուին ազատելու անհատներ, որ հանքի մը մէջ կախուած են։ Թէեւ միայն քանի մը հանքագործներ կը փրկուին, բայց բոլոր ազատարարները կարեւոր աշխատանք կը տանին։ Նոյնը կրնանք ըսել մեր ծառայութեան մասին։ Չենք գիտեր թէ Սատանայի աշխարհէն դեռ քանի՛ անհատներ պիտի փրկուին։ Բայց Եհովան կրնայ մեզմէ ոեւէ մէկը գործածել, որպէսզի անոնց օգնէ։ Անտրէաս կ’ըսէ. «Գիտեմ որ մէկը ճշմարտութիւնը կը գիտնայ եւ կը մկրտուի, քանի որ շատեր միասին աշխատած են անոր օգնելու համար»։ Թող որ մենք ալ այսպիսի դրական կեցուածք ունենանք մեր ծառայութեան հանդէպ։ Եթէ այդպէս ընենք, Եհովան մեզ պիտի օրհնէ, եւ ծառայութիւնը մեզի իսկական ուրախութիւն պիտի բերէ։ դ21.05 19 ¶19-20
Երեքշաբթի, սեպտեմբեր 5
Սատանային որոգայթէն զգաստանան (Բ. Տիմ. 2։26)։
Որսորդի մը միակ ուզածն է՝ իր որսը բռնել կամ մեռցնել։ Ան կրնայ տարբեր տեսակի թակարդներ կամ ծուղակներ գործածել, մէջը ըլլալով Յոբին սուտ մխիթարիչներէն մէկուն յիշածները (Յոբ 18։8-10)։ Որպէսզի որսորդը կարենայ անասուն մը որսալ, զայն լաւ մը կը սերտէ. ո՛ւր կ’երթայ, ի՛նչ կը սիրէ, եւ ո՛ր ծուղակը զինք անակնկալի պիտի բերէ։ Սատանան այդ որսորդին պէս մեզ կը սերտէ։ Կը նկատէ թէ ո՛ւր կ’երթանք եւ ի՛նչ բաներով հետաքրքրուած ենք։ Ետքը, ծուղակը կը դնէ, յուսալով որ մեր չսպասած ատեն մեզ պիտի բռնէ։ Բայց Աստուածաշունչը մեզ կը վստահեցնէ, որ եթէ ալ բռնուինք՝ կրնանք ազատիլ։ Նաեւ մեզի կը սորվեցնէ, թէ ինչպէ՛ս կրնանք այդ ծուղակներուն մէջ բնաւ չիյնալ։ Սատանայի ամէնէն ազդու ծուղակներէն երկուքն են՝ հպարտութիւնն ու ագահութիւնը։ Ան հազարաւոր տարիներէ ի վեր ատոնք յաջողապէս գործածած է։ Ան որսորդի մը պէս՝ իր որսը կը հրապուրէ դէպի իր թակարդը (Սաղ. 91։3)։ Բայց կրնա՛նք Սատանայի կողմէն չբռնուիլ, քանի որ Եհովան մեզի յայտնած է թէ Սատանան ի՛նչ բաներ կը գործածէ մարդիկը բռնելու համար (Բ. Կոր. 2։11)։ դ21.06 14 ¶1-2
Չորեքշաբթի, սեպտեմբեր 6
Մազի ճերմկութիւնը փառաց պսակ է, եթէ անիկա արդարութեան ճամբուն մէջ գտնուի (Առ. 16։31)։
Հաւատարիմ տարեցները թանկագին գանձեր են։ Աստուծոյ Խօսքը անոնց ճերմակ մազերը պսակի կը նմանցնէ (Առ. 20։29)։ Բայց անոնք կրնան շատ դիւրաւ անտեսուիլ։ Այն երիտասարդները, որոնք տարեցներուն արժէքը գիտեն, կրնան շահիլ բան մը, որ բառացի հարստութենէն աւելի օգտակար է։ Հաւատարիմ տարեցները Եհովային աչքին արժէքաւոր են։ Ան անոնց ներքին անձը կը տեսնէ եւ իրենց հիանալի յատկութիւնները գիտէ ու կ’արժեւորէ։ Ան կը գնահատէ, երբ տարեցները երիտասարդներուն կը փոխանցեն այն իմաստութիւնը, որ տարիներ շարունակ ձեռք ձգած են հաւատարմօրէն ծառայելով (Յոբ 12։12. Առ. 1։1-4)։ Ան նաեւ կ’արժեւորէ անոնց տոկունութիւնը (Մաղ. 3։16)։ Անոնց կեանքը խնդիրներէ զերծ չէ եղած, բայց Եհովայի հանդէպ անոնց հաւատքը բնա՛ւ չէ խախտած։ Ապագայի նկատմամբ անոնց յոյսը աւելի զօրաւոր է, քան երբ ճշմարտութիւնը նոր գիտցան։ Եւ Եհովան զիրենք կը սիրէ, քանի որ «ծերութեան ատեն ալ» կը շարունակեն իր անունը հռչակել (Սաղ. 92։12-15)։ դ21.09 2 ¶2-3
Հինգշաբթի, սեպտեմբեր 7
Ամէն մարդ իր գործը թող կշռէ ու ետքը միայն իր անձին վրայ թող պարծենայ (Գաղ. 6։4)։
Ատեն–ատեն աղուոր կ’ըլլայ, եթէ մեր շարժառիթները քննենք։ Թերեւս մենք մեզի հարցնենք. ‘Իմ անձովս ուրախ կը զգամ, միա՞յն երբ ինքզինքս ուրիշներուն հետ բաղդատեմ։ Արդեօք ժողովքին մէջ ծանր կ’աշխատիմ, քանի որ կ’ուզեմ լաւագո՞յնը ըլլալ, կամ գոնէ ուրիշներէն աւելի լա՞ւ ըլլալ. թէ ոչ՝ պարզապէս կ’ուզեմ լաւագոյնս տալ Եհովային’։ Աստուածաշունչը կը յորդորէ որ մենք մեզ չբաղդատենք ուրիշներու հետ։ Ինչո՞ւ։ Մէկ կողմէն, եթէ խորհինք որ մեր եղբօրմէն աւելի լաւ ենք, կրնանք հպարտանալ։ Միւս կողմէն, եթէ կարծենք որ ուրիշներ մեզմէ աւելի լաւ են, հաւանաբար նեղուինք (Հռով. 12։3)։ Պէտք է յիշենք, որ Եհովան մեզ իրեն քաշեց, ոչ թէ քանի որ գեղեցիկ ենք, լաւ կը խօսինք, կամ շատերու կողմէ սիրուած ենք, հապա քանի որ պատրաստ ենք զինք սիրելու եւ իր Որդիին մտիկ ընելու (Յովհ. 6։44. Ա. Կոր. 1։26-31)։ դ21.07 14-15 ¶3-4
Ուրբաթ, սեպտեմբեր 8
Պէտք է շարունակէք ձեր տիրապետող մտածելակերպը նորոգել (Եփ. 4։23, ՆԱ)։
Անշուշտ, մեր միտքը նորոգելու համար, պէտք է աղօթենք, Աստուծոյ Խօսքը սերտենք եւ խոկանք։ Շարունակէ այդպէս ընել եւ Եհովայէն զօրութիւն խնդրէ։ Իր սուրբ հոգիին օգնութեամբ պիտի կարենաս ինքզինքդ ուրիշներու հետ բաղդատելու հակումը յաղթահարել։ Եհովան քեզի պիտի օգնէ որ անդրադառնաս, եթէ նախանձ կամ անտեղի հպարտութիւն ունիս, եւ շուտով արմատախիլ ընես այդ գէշ զգացումները սիրտէդ (Բ. Մն. 6։29, 30)։ Եհովան մեր սիրտը գիտէ։ Նաեւ գիտէ այն պայքարը, որ կը մղենք այս աշխարհին հոգիին եւ մեր անկատարութիւններուն դէմ։ Մինչ Եհովան կը տեսնէ, թէ որքա՜ն ջանք կը թափենք այդ ժխտական ազդեցութիւններուն դէմ պայքարելու, կը սկսի մեզ աւելի սիրել։ Մեզի հանդէպ իր զգացումները նկարագրելու համար, Եհովան կը գործածէ մօր եւ անոր մանուկին օրինակը (Եսա. 49։15)։ Որքա՜ն մխիթարական է տեսնել, որ Եհովան նո՛յնքան խոր սէր կը զգայ մեզի հանդէպ, երբ կը տեսնէ թէ որչա՜փ կը պայքարինք որ իրեն ամբողջ սրտով ծառայենք։ դ21.07 24-25 ¶17-19
Շաբաթ, սեպտեմբեր 9
Խնդացողներուն հետ խնդացէ՛ք (Հռով. 12։15)։
Կրնանք մեր ուրախութիւնը աւելցնել Եհովայի ծառայութեամբ կլանուած ըլլալով, այսինքն՝ մեզի տրուած որեւէ գործ սրտանց եւ ջանասիրութեամբ ընելով։ ‘Անձդ ամբողջութեամբ տրամադրէ’ քարոզչութեան եւ լիովին մասնակցէ ժողովքային գործունէութիւններուն (Գործք 18։5. Եբ. 10։24, 25)։ Ժողովներուն սերտուելիք նիւթերը պատրաստէ։ Միջշաբաթային ժողովներուն մէջ քեզի տրուած որեւէ բաժին լուրջի առ։ Եթէ քեզմէ օգնութիւն կը խնդրեն ժողովքին մէջ որոշ պարտականութեան մը նկատմամբ, ճշդապահ եւ վստահելի եղիր։ Մի՛ մտածեր թէ քեզի տրուած պարտականութիւնը կարեւոր չէ եւ թէ պէտք չկայ ատոր ժամանակ տրամադրելու։ Ջանք թափէ որ հմտութիւններդ բարելաւես (Առ. 22։29)։ Հոգեւոր գործունէութիւններդ եւ նշանակումներդ ո՛րքան աւելի սրտանց ընես, ա՛յնքան աւելի արագ պիտի յառաջդիմես, եւ աւելի ուրախութիւն պիտի ունենաս (Գաղ. 6։4)։ Նաեւ աւելի դիւրին պիտի ըլլայ ուրիշներուն հետ ուրախանալ, երբ անոնք ստանան առանձնաշնորհումներ, որոնք դո՛ւն կ’ուզէիր ստանալ (Գաղ. 5։26)։ դ21.08 22 ¶11
Կիրակի, սեպտեմբեր 10
Վերին իմաստութիւնը նախ՝ սուրբ է, ետքը՝ խաղաղարար, հեզ, հլու, ողորմութիւնով ու բարի պտուղներով լեցուն, անկողմնակալ ու անկեղծ (Յակ. 3։17)։
Պէտք է հպարտ չըլլանք եւ սորվելու պատրաստ ըլլանք։ Ինչպէս որ հիւանդութիւնը կրնայ դժուարացնել, որ սիրտը հանգիստ աշխատի, նոյնպէս հպարտութիւնը կրնայ կարծրացնել այլաբանական սիրտը, այսինքն՝ կրնայ դժուարացնել, որ Եհովայի ուղղութեան հնազանդինք։ Փարիսեցիները իրենց սիրտը այնքա՛ն կարծրացուցին, որ չընդունեցին յստակ փաստը, թէ Յիսուս Աստուծոյ հոգին ունէր եւ Աստուծոյ Որդին էր (Յովհ. 12։37-40)։ Անոնց հպարտութիւնը վտանգաւոր էր, քանի որ իրենց յաւիտենական ապագային ազդեց (Մատ. 23։13, 33)։ Որքա՜ն կարեւոր է, որ շարունակենք թոյլ տալ Աստուծոյ Խօսքին եւ հոգիին, որ մեր անձնաւորութիւնը կաղապարեն եւ ազդեն մեր մտածելակերպին ու որոշումներուն։ Որովհետեւ Յակոբոս խոնարհ էր, պատրաստ էր Եհովայէն սորվելու։ Եւ իր խոնարհութեան շնորհիւ վարպետ ուսուցիչ եղաւ։ դ22.01 10 ¶7
Երկուշաբթի, սեպտեմբեր 11
Շարունակեցէք խնդրել (Մատ. 7։7, ՆԱ)։
Երբ ‘շարունակ աղօթքի ետեւէ ըլլանք’, կրնանք վստահ ըլլալ որ մեր երկնաւոր Հայրը մեզ կը լսէ (Կող. 4։2)։ Թէեւ կրնայ այնպէս թուիլ թէ պատասխանը կ’ուշանայ, Եհովան կը խոստանայ որ պիտի պատասխանէ «պէտք եղած ատեն» (Եբ. 4։16)։ Անոր համար, բնաւ պէտք չէ Եհովան մեղադրենք, եթէ բան մը մեր ակնկալածին պէս արագօրէն չպատահի։ Օրինակ, ոմանք տարիներով աղօթած են, որ տեսնեն թէ ինչպէ՛ս Աստուծոյ Թագաւորութիւնը այս չար աշխարհին վերջը պիտի բերէ։ Յիսուս նոյնիսկ ըսաւ, որ ատոր համար պէտք է աղօթենք (Մատ. 6։10)։ Բայց ի՜նչ յիմարութիւն է, որ մէկը թոյլ տայ որ Աստուծոյ հանդէպ իր հաւատքը տկարանայ, քանի որ վերջը չեկաւ մարդո՛ց ակնկալած ժամանակին (Ամբ. 2։3. Մատ. 24։44)։ Մենք իմաստուն կ’ըլլանք, երբ կը շարունակենք Եհովային սպասել եւ հաւատքով աղօթել։ Վերջը պիտի գայ ճիշդ ժամանակին, քանի որ Եհովան ատոր գալուն ‘օրն ու ժամը’ արդէն որոշած է։ Եւ այդ օրը բոլորին համար լաւագոյն ժամանակը պիտի ըլլայ (Մատ. 24։36. Բ. Պետ. 3։15)։ դ21.08 10 ¶10-11
Երեքշաբթի, սեպտեմբեր 12
Խոնարհութիւնով մէկզմէկ ձեր անձէն լաւ սեպեցէք (Փլպ. 2։3)։
Խոնարհ տարեցները գիտեն, որ մինչ կը ծերանան, չեն կրնար առաջուան պէս գործունեայ ըլլալ։ Օրինակ, մտածէ մեր շրջանային տեսուչներուն մասին։ Երբ 70 տարեկան կ’ըլլան, իրենցմէ կը խնդրուի որ տարբեր նշանակումի մը սկսին։ Ատիկա կրնայ դիւրին չըլլալ։ Անոնք իրենց եղբայրներուն ծառայելու առանձնաշնորհումը մեծապէս կը գնահատէին։ Բայց կը հասկնան, որ աւելի լաւ է որ երիտասարդ եղբայրները այդ գործը ձեռք առնեն։ Այսպիսով ցոյց կու տան, որ ղեւտացիներուն պէս են, որոնք երբ 50 տարեկան ըլլային, պէտք էր որ խորանին մէջ իրենց ծառայութիւնը դադրեցնէին։ Այդ ղեւտացիներուն ուրախութիւնը կախեալ չէր որոշ առանձնաշնորհումէ մը։ Անոնք նախանձախնդրօրէն իրենց կրցածը ըրին եւ երիտասարդներուն ալ օգնեցին (Թւ. 8։25, 26)։ Ներկայիս, նախկին շրջանային տեսուչները թէեւ այլեւս քանի մը ժողովքներու չեն ծառայեր, իսկական օրհնութիւն են այն ժողովքին համար, ուր նշանակուած են։ դ21.09 8-9 ¶3-4
Չորեքշաբթի, սեպտեմբեր 13
Հա՜յր, մեղանչեցի երկնքի դէմ ու քու առջեւդ եւ ա՛լ արժանի չեմ քու որդիդ ըսուելու (Ղուկ. 15։21)։
Յիսուս մոլորած որդիի մը մասին մխիթարական պատմութիւն մը պատմեց, որ կը կարդանք Ղուկաս 15։11-32–ին մէջ։ Երիտասարդ մը իր հօր դէմ ելաւ, տունը ձգեց եւ «հեռու երկիր մը» գնաց։ Հոն, անբարոյ եւ անառակ կեանք մը վարեց։ Բայց երբ խնդիրներու մէջ մտաւ, սկսաւ լրջօրէն մտածել իր առած սխալ որոշումներուն մասին։ Ան անդրադարձաւ թէ իր կեանքը որքա՜ն աւելի լաւ էր, մինչ իր հօր տունն էր։ Ինչպէս Յիսուս ըսաւ, երիտասարդը ‘ինքզինքին եկաւ’։ Ան իր միտքը դրաւ տուն վերադառնալ եւ իր հօրմէն ներում խնդրել։ Երիտասարդին անդրադառնալը, թէ որչա՜փ սխալ որոշումներ առած էր, կարեւոր էր։ Եւ ան պէտք էր բան մը ընէր։ Ան ցոյց տուա՛ւ, որ իր ըրածին համար անկեղծօրէն զղջացած էր։ Այս առակը պարզապէս գեղեցիկ պատմութիւն մը չէ։ Անոր սորվեցուցած սկզբունքները կրնան երէցներուն օգնել գիտնալու, թէ լուրջ մեղք գործող հաւատակիցը իրապէս զղջացա՛ծ է կամ ոչ։ դ21.10 5 ¶14-15
Հինգշաբթի, սեպտեմբեր 14
Երկինքն ու երկիրը. . . պիտի շարժեմ (Ան. 2։6)։
Ի՞նչ բան անշարժ պիտի մնայ, կամ պիտի չվերցուի։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Անշարժ թագաւորութիւնը առած ըլլալով. . . Աստուած պաշտենք հաճելի կերպով, ակնածութեամբ եւ բարեպաշտութեամբ» (Եբ. 12։28)։ Այո, երբ այս վերջին մեծ շարժը վերջանայ, միայն Աստուծոյ Թագաւորութիւնը հաստատուն պիտի մնայ (Սաղ. 110։5, 6. Դան. 2։44)։ Կորսնցնելիք ժամանակ չկայ։ Մարդիկ պէտք է որոշում առնեն. պիտի շարունակե՞ն այս աշխարհի ապրելակերպը ունենալ, ինչ որ կործանումի կը տանի, թէ ոչ՝ Աստուծոյ կամքը ընելու համար իրենց կեանքին մէջ պէտք եղած փոփոխութիւնները պիտի ընեն, ինչ որ յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ (Եբ. 12։25)։ Մեր քարոզչութիւնը մարդոց պիտի օգնէ որոշելու, թէ այս կարեւոր հարցին մէջ որո՛ւն կողմը դիրք պիտի բռնեն։ Թող որ մեր Տէր Յիսուսին խօսքերը միշտ մեր միտքը պահենք. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ վերջը պիտի գայ» (Մատ. 24։14)։ դ21.09 19 ¶18-20
Ուրբաթ, սեպտեմբեր 15
Բնաւ քեզ պիտի չթողում ու բնաւ քեզ երեսէ պիտի չձգեմ (Եբ. 13։5)։
Երէցնե՛ր, յատուկ պատասխանատուութիւն ունիք մխիթարելու այն հաւատակիցները, որոնց սիրելին Եհովան ձգած է (Ա. Թես. 5։14)։ Նախաքայլը առէք ժողովներէն առաջ ու ետք զիրենք քաջալերելու։ Իրենց այցելեցէք եւ իրենց հետ աղօթեցէք։ Իրենց հետ ծառայեցէք, կամ ատեն–ատեն զիրենք հրաւիրեցէք ձեր ընտանեկան պաշտամունքին։ Հոգեւոր հովիւները պէտք է Եհովայի այս վշտացած ոչխարներուն կարեկցութիւն եւ սէր ցոյց տան (Ա. Թես. 2։7, 8)։ Եհովան «չ’ուզեր որ մէ՛կը կորսուի, հապա որ ամէնքը ապաշխարեն» (Բ. Պետ. 3։9)։ Թէեւ անհատը լուրջ մեղք մը գործեց, բայց իր կեանքը տակաւին թանկագին է Աստուծոյ աչքին։ Մտածէ՛ թէ Եհովան մեղաւորներուն համար ի՜նչ սուղ գին մը վճարած է՝ իր սիրելի Որդիին փրկանքը։ Եհովան կարեկցաբար կը փորձէ անոնց օգնել, որ իրեն վերադառնան։ Ան յոյս ունի, որ անոնք պիտի ընտրեն իրեն վերադառնալ, ինչպէս որ կը տեսնենք Յիսուսի պատմած անառակ որդիին առակին մէջ (Ղուկ. 15։11-32)։ դ21.09 30-31 ¶17-19
Շաբաթ, սեպտեմբեր 16
Դուք անոնց աշխատանքէն օգտուեցաք (Յովհ. 4։38)։
Թերեւս ուզածիդ չափ չես կրնար բարի լուրը քարոզել ու սորվեցնել, քանի որ առողջութիւնդ ետեւ կ’երթայ։ Բայց տակաւին կրնաս հունձքին մէջ ունեցած դերովդ ուրախանալ։ Նկատի առ Դաւիթ թագաւորին հետ պատահած դէպքը, երբ ան ու իր տղամարդիկը իրենց ընտանիքներն ու ստացուածքները ազատեցին ամաղեկացիներէն։ Այդ տղամարդոցմէն երկու հարիւրը այնքա՛ն յոգնած էին, որ չէին կրնար կռուիլ, անոր համար մնացին, որ ապրանքներուն վրայ հսկեն։ Յաղթանակ տանելէ ետք, Դաւիթ պատուիրեց որ աւարը հաւասարապէս բաժնուի բոլորին միջեւ (Ա. Թագ. 30։21-25)։ Այս պատմութենէն բան մը կը սորվինք մեր աշակերտելու գործին մասին։ Թերեւս ուզածիդ չափ չկարենաս քարոզել ու աշակերտել։ Բայց եթէ ամէն կարելիդ ընես, կրնաս մեծապէս ուրախանալ ամէն անգամ որ նորեկ մը Եհովան կը ճանչնայ եւ կը մկրտուի։ Եհովան կը տեսնէ որ շատ ջանք կը թափենք եւ զինք շատ կը սիրենք, ուստի մեզ կը վարձատրէ։ Ան նաեւ մեզի կը սորվեցնէ, թէ ինչպէ՛ս կրնանք մեծ հունձքին մէջ մեր ունեցած դերով ուրախանալ (Յովհ. 14։12)։ Կրնանք վստահ ըլլալ, թէ այնքան ատեն որ չենք յանձնուիր, Եհովան մեզի կը հաճի։ դ21.10 28 ¶15-17
Կիրակի, սեպտեմբեր 17
Երիտասարդներուն զարդը անոնց ոյժն է (Առ. 20։29)։
Երբ կը ծերանանք, թերեւս կը վախնանք որ այլեւս պիտի չկարենանք Եհովայի համար նո՛յնքան բան ընել, ո՛րքան առաջ կ’ընէինք։ Այո, թերեւս առաջուան ուժը չունինք, բայց կրնանք մեր ձեռք ձգած իմաստութիւնը եւ փորձառութիւնը գործածել, որ երիտասարդներուն օգնենք իրենց կարողութիւններուն լաւագոյնը գործածելու եւ նոր պատասխանատուութիւններ շալկելու։ Եթէ տարեցները կ’ուզեն երիտասարդներուն օգնել, պէտք է խոնարհ ըլլան։ Խոնարհ անձը ուրիշները իրմէ աւելի լաւ կը նկատէ (Փլպ. 2։3, 4)։ Այն տարեցները, որոնք խոնարհ են, կը գիտակցին որ նոյն բանը կրնաս ընել շատ մը տարբեր կերպերով, որոնք Աստուածաշունչին համաձայն են եւ կը յաջողին։ Անոր համար, անոնք չեն ակնկալեր որ բոլորը ամէն բան այն նոյն կերպով ընեն, որ իրենք անցեալին կ’ընէին (Ժող. 7։10)։ Թէեւ երիտասարդներուն սորվեցնելիք արժէքաւոր բաներ ունին, բայց գիտակից են որ «այս աշխարհի տեսարանը կը փոխուի» եւ թերեւս պէտք ըլլայ, որ նոր պարագաներու յարմարին (Ա. Կոր. 7։31, ՆԱ)։ դ21.09 8 ¶1, 3
Երկուշաբթի, սեպտեմբեր 18
Ո՛վ Տէր, աստուածներուն մէջ քեզի պէս ո՞վ կայ։ Սրբութեան մէջ փառաւորեալ. . . ո՞վ կայ քեզի նման (Ել. 15։11)։
Եհովան բնա՛ւ զինք պաշտողներէն չի պահանջեր, որ ընեն բան մը, որ զիրենք կը նուաստացնէ։ Ան կատարելապէս սուրբ է։ Ասիկա շեշտուեցաւ քահանայապետին խոյրին վրայ դրուած ոսկիէ թիթեղին միջոցաւ, որուն վրայ փորագրուած էր՝ «Սրբութիւն Տեառն [«Սրբութիւնը Եհովայի կը պատկանի», ՆԱ]» (Ել. 28։36-38)։ Երբ ոեւէ մէկը այդ գրութիւնը տեսնէր, վստահ պիտի ըլլար, թէ Եհովան իրապէս սուրբ է։ Բայց թերեւս իսրայէլացի մը չկարենար թիթեղը տեսնել։ Ան տակաւին պիտի գիտնա՞ր թէ Եհովան սուրբ է։ Անշո՛ւշտ։ Իւրաքանչիւր իսրայէլացի այդ մէկը կը գիտնար, երբ Օրէնքը կը կարդացուէր տղամարդոց, կիներուն եւ պզտիկներուն առջեւ (Բ. Օր. 31։9-12)։ Եթէ ներկայ ըլլայիր, այս խօսքերը պիտի լսէիր. «Ե՛ս եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը. ուստի. . . սո՛ւրբ եղէք, քանի որ ես սուրբ եմ»։ «Սո՛ւրբ եղէք ինծի. քանի որ ես՝ Տէրս՝ սուրբ եմ» (Ղեւ. 11։44, 45. 20։7, 26, ԱԾ)։ դ21.12 3 ¶6-7
Երեքշաբթի, սեպտեմբեր 19
Մի՛ մտատանջէք դուք ձեզ (Ղուկ. 12։29, ՆԹ)։
Ոմանք թերեւս կը մտահոգուին, թէ ինչպէ՛ս պիտի ապահովեն ուտելիք, հագուելիք եւ բնակարան։ Անոնք թերեւս կ’ապրին երկրի մը մէջ, ուր շատեր աղքատ են եւ դժուար է գործ գտնել։ Ուստի, իրենց ընտանիքին հոգ տանելու համար, բաւարար դրամ ձեռք չեն ձգեր։ Կամ ընտանիքը դրամական նեղութիւն կը քաշէ, քանի որ ընտանիքին ապրուստը ճարողը մահացած է։ Պիտի օգտուինք, եթէ մեր խնդիրներով մտահոգուելու տեղ, Եհովային վստահինք։ Յիշենք, որ մեր սիրալիր Հայրը մեզի կը խոստանայ, որ եթէ հոգեւոր բաները մեր կեանքին մէջ առաջին տեղը դնենք, մեր նիւթական պէտքերը պիտի հոգայ (Մատ. 6։32, 33)։ Եւ ան մի՛շտ իր խոստումը պահած է (Բ. Օր. 8։4, 15, 16. Սաղ. 37։25)։ Եթէ Եհովան թռչուններուն եւ ծաղիկներուն հոգ կը տանի, վստահաբար պէտք չունինք մտահոգուելու, թէ ի՛նչ պիտի ուտենք կամ ի՛նչ պիտի հագուինք (Մատ. 6։26-30. Փլպ. 4։6, 7)։ Ճիշդ ինչպէս որ սէրը ծնողները կը մղէ, որ իրենց զաւակները նիւթապէս հոգան, նոյնպէս սէրը մեր երկնաւոր Հայրը կը մղէ, որ իր ծառաներուն նիւթական պէտքերը հոգայ։ դ21.12 17 ¶4-5. 18 ¶8
Չորեքշաբթի, սեպտեմբեր 20
Տէրը Յովսէփին հետ էր ու ողորմութիւն ցուցուց անոր (Ծն. 39։21)։
Հետդ պատահա՞ծ է որ մէկը՝ նոյնիսկ հաւատակից մը, քեզ վիրաւորած է։ Նկատէ Յովսէփին օրինակը, որ իր եղբայրներուն երեսէն անարդարութենէ տառապեցաւ։ Ան կեդրոնացած մնաց Եհովային ծառայելուն վրայ, իսկ Եհովան զինք առատօրէն վարձատրեց իր համբերութեան համար։ Ժամանակի ընթացքին Յովսէփ կրցաւ զինք վիրաւորողներուն ներել եւ տեսնել, թէ Եհովան ինչպէ՛ս զինք օրհնած էր (Ծն. 45։5)։ Յովսէփին պէս, կը մխիթարուինք երբ Եհովային կը մօտենանք եւ իրեն կը սպասենք, որ անարդարութիւնները ճիշդ ժամանակին շտկէ (Սաղ. 7։17. 73։28)։ Եթէ անարդարութեան զոհ գացած ես կամ ուրիշ կերպով մը վիրաւորուած ես, յիշէ որ Եհովան «մօտ է անոնց, որոնց սիրտը կոտրած է» (Սաղ. 34։18)։ Ան քեզ կը սիրէ, քանի որ կը համբերես եւ բեռդ իր վրայ ձգած ես (Սաղ. 55։22)։ Ան ամբողջ երկրին Դատաւորն է, եւ բան մը իր աչքէն չի վրիպիր (Ա. Պետ. 3։12)։ Երբ ունիս լուրջ խնդիրներ, որոնք չես կրնար լուծել, արդեօք պատրա՞ստ ես Եհովային սպասելու։ դ21.08 11 ¶14. 12 ¶16
Հինգշաբթի, սեպտեմբեր 21
Իմացէք թէ ի՞նչ է Տէրոջը կամքը (Եփ. 5։17)։
Իմաստութիւն է մեր կեանքը գործածել այնպիսի կերպով մը, որ կը ձգէ որ Եհովան մեզմով ուրախանայ։ Պէտք է որոշենք թէ ի՛նչը ամէնէն կարեւոր բանն է։ Մեր ժամանակը լաւագոյն կերպով գործածելու համար, թերեւս պէտք ըլլայ որ ընտրենք սխալ չեղող երկու բաներէն միայն մէկը։ Ասիկա կը տեսնենք, նկատի առնելով թէ ի՛նչ պատահեցաւ, երբ Յիսուս այցելեց Մարիամին ու Մարթային։ Մարթան շատ ուրախ ըլլալով որ Յիսուս իր հիւրն էր, սկսաւ ճոխ ճաշ մը պատրաստել։ Բայց Մարիամ Յիսուսի ոտքերուն քով նստաւ եւ անոր խօսքերը մտիկ ըրաւ։ Մարթային ըրածը սխալ չէր, բայց Յիսուս ըսաւ որ Մարիամ «աղէկ բաժինը ընտրեց» (Ղուկ. 10։38-42)։ Ժամանակի ընթացքին, Մարիամ թերեւս մոռցաւ թէ այդ օրը ի՛նչ ճաշեցին, բայց կրնանք վստահ ըլլալ, որ ան բնա՛ւ չմոռցաւ, թէ Յիսուսէն ի՜նչ բաներ սորվեցաւ։ Ճիշդ ինչպէս որ Մարիամ արժեւորեց այն ժամանակը, որ Յիսուսին հետ անցուց, նոյնպէս մենք կ’արժեւորենք այն ժամանակը, որ Եհովային հետ կ’անցընենք։ դ22.01 27 ¶5-6
Ուրբաթ, սեպտեմբեր 22
Կը տեսնե՞ս, Աքաաբ իմ առջեւս խոնարհութիւն կ’ընէ (Գ. Թագ. 21։29)։
Թէեւ Աքաաբ Եհովայի առջեւ ինքզինք խոնարհեցուց, բայց ետքը իր ըրածները ցոյց տուին, թէ իր զղջումը իսկական չէր։ Ան չփորձեց իր թագաւորութիւնը Բահաղի պաշտամունքէն մաքրել։ Եւ ժողովուրդը չքաջալերեց, որ Եհովան պաշտեն։ Աքաաբին մահէն ետք, Եհովան յայտնեց թէ ի՛նչ կը մտածէր այդ մարդուն մասին։ Իր Յէու մարգարէին միջոցաւ ըսաւ, որ ան «մեղաւոր» ու չար էր (Բ. Մն. 19։1, 2)։ Մտածէ. եթէ Աքաաբ իսկապէս զղջացած ըլլար, վստահաբար մարգարէն իր մասին պիտի չըսէր թէ չար մարդ մըն էր, որ Եհովան կ’ատէր։ Ուրեմն, յստակ է որ թէեւ Աքաաբ որոշ չափով զղջում ցոյց տուաւ, բայց բնաւ լիովին չզղջաց։ Ի՞նչ կրնանք սորվիլ անոր օրինակէն։ Երբ Եղիան Աքաաբին ըսաւ, որ իր ընտանիքը պիտի պատժուէր, Աքաաբ սկիզբը ինքզինք խոնարհեցուց։ Լա՛ւ ըրաւ։ Բայց ետքը իր ըրածները ցոյց տուին, որ սրտանց չէր զղջացած։ Ուրեմն, զղջումը աւելին կը նշանակէ, քան պարզապէս ժամանակաւորապէս տխուր ըլլալ մեր ըրածին պատճառով։ դ21.10 3 ¶4-5, 7-8
Շաբաթ, սեպտեմբեր 23
Արքայութեան այս աւետարանը. . . պիտի քարոզուի (Մատ. 24։14)։
Եսային մարգարէ էր, եւ թերեւս իր կինն ալ մարգարէական նշանակումներ կը ստանար, քանի որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ, որ «մարգարէուհի» էր (Եսա. 8։1-4)։ Որպէս զոյգ, անոնք Եհովային պաշտամունքը իրենց կեանքին մէջ առաջին տեղը դրած էին։ Ներկայիս, ամուսնացած զոյգերն ալ կրնան կեդրոնանալ Եհովային ծառայելու վրայ։ Անոնք կրնան Եհովային հանդէպ իրենց վստահութիւնը զօրացնել՝ միասնաբար սերտելով Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները եւ տեսնելով որ անոնք միշտ կը կատարուին (Տիտ. 1։2)։ Եւ կրնան մտածել, թէ ինչպէ՛ս կրնան որոշ մարգարէութիւններու կատարման մէջ բաժին բերել։ Օրինակ, կրնան մասնակցիլ Յիսուսի ըսած մարգարէութեան կատարման, որ է՝ բարի լուրը քարոզել համայն աշխարհի մէջ, վերջը գալէն առաջ։ Զոյգը ո՛րքան աւելի վստահ ըլլան, որ մարգարէութիւնները միշտ կը կատարուին, ա՛յնքան աւելի պիտի ուզեն իրենց լաւագոյնը տալ Եհովային։ դ21.11 16 ¶9-10
Կիրակի, սեպտեմբեր 24
Ետքը ըսաւ աշակերտին. «Ահա՛ քու մայրդ» (Յովհ. 19։27)։
Յիսուս մտահոգ էր իր մօրմով, որ հաւանաբար այրի էր։ Ան Մարիամը կը սիրէր եւ կ’ուզէր վստահ ըլլալ, որ ան լաւ հոգատարութիւն պիտի ստանար։ Անոր համար Յովհաննէսէն խնդրեց, որ Մարիամին հոգ տանի, որպէսզի Մարիամ կարենար շարունակել Եհովային ծառայել։ Այդ օրէն ետք, Յովհաննէս Մարիամին համար որդիի մը պէս եղաւ։ Յիսուս ի՜նչ մեծ սէր ցոյց տուաւ այդ թանկագին կնոջ հանդէպ, որ գուրգուրանքով իրեն հոգ տարաւ՝ երբ ծնաւ, եւ իր կողքին կեցած էր՝ երբ կը մեռնէր։ Յիսուսի խօսքէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ Մեր հոգեւոր եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ մեր կապը կրնայ աւելի զօրաւոր ըլլալ, քան ընտանիքի անդամներուն հետ մեր կապը։ Մեր ազգականները թերեւս մեզի հակառակին, բայց ինչպէս Յիսուս խոստացաւ, եթէ Եհովային եւ Իր կազմակերպութեան կառչինք, մեր կորսնցուցածին ‘հարիւրապատիկը պիտի առնենք’։ Շատեր մեզի համար պիտի դառնան սիրալիր տղու, աղջկայ, մօր կամ հօր պէս (Մար. 10։29, 30)։ Ի՞նչ կը զգաս մաս կազմելով հոգեւոր ընտանիքի մը, որուն անդամները միացած են, քանի որ հաւատք ունին, ինչպէս նաեւ սէր՝ Եհովային եւ իրարու հանդէպ (Կող. 3։14. Ա. Պետ. 2։17)։ դ21.04 9-11 ¶7-8
Երկուշաբթի, սեպտեմբեր 25
Բարերարութիւնը ու կարօտեալներուն ողորմութիւնը մի՛ մոռնաք (Եբ. 13։16)։
Երբ հաւատարիմ սէր ունինք, մեզմէ ակնկալուածէն աւելին կ’ընենք։ Ներկայիս, ինչպէս անցեալին, մեր եղբայրներէն ու քոյրերէն շատեր հաւատարիմ սէր ցոյց կու տան իրենց հաւատակիցներուն հանդէպ,– նոյնիսկ անոնց հանդէպ, որոնք անձնապէս չեն ճանչնար։ Օրինակ, երբ լսեն որ տեղ մը բնական աղէտ պատահած է, անմիջապէս կ’ուզեն գիտնալ, թէ ինչպէ՛ս կրնան օգնել։ Երբ ժողովքին մէջ մէկը դժուար ժամանակներէ կ’անցնի, առանց երկմտելու այդ անհատին կ’օգնեն գործնական կերպերով։ Անոնք, առաջին դարու մակեդոնացիներուն պէս, իրենցմէ ակնկալուածէն աւելին կ’ընեն։ Անոնք իրենց ժամանակէն ու ստացուածքէն կու տան (Բ. Կոր. 8։3)։ Ուշադիր երէցները այսօր կը գովեն սիրալիր եղբայրներն ու քոյրերը, իրենց մատուցած օգնութեան համար։ Այսպիսի ժամանակայարմար եւ ջերմ գովասանք, հաւատակիցներուն պէտք եղած ուժը պիտի տայ, որպէսզի չյանձնուին (Եսա. 32։1, 2)։ դ21.11 11 ¶14. 12 ¶21
Երեքշաբթի, սեպտեմբեր 26
Ականջդ ծռէ ու իմաստուններուն խօսքերուն մտիկ ըրէ (Առ. 22։17)։
Բոլորս ատեն–ատեն խրատի պէտք կ’ունենանք։ Կարգ մը պարագաներու, թերեւս մենք նախաքայլը առնելով խրատ խնդրենք մէկէ մը, որ կը յարգենք։ Ուրիշ պարագաներու, եղբայր մը մտահոգ ըլլալով, թերեւս մեզի մօտենայ եւ մեր ուշադրութեան յանձնէ, որ «յանցանքով բռնուելու» վրայ ենք, այսինքն՝ քայլ մը առնելու վրայ ենք, որուն համար ետքը պիտի զղջանք (Գաղ. 6։1)։ Կամ, թերեւս խրատ ստանանք, երբ մէկը մեզ կը սրբագրէ լուրջ սխալի մը համար, որ գործեցինք։ Ինչ կերպով ալ խրատ ստանանք, պէտք է միշտ անոր ականջ տանք, քանի որ այդպէս ընելը մեզի համար օգտակար է եւ կրնայ մեր կեանքը ազատել (Առ. 6։23)։ Այս օրուան համարը մեզ կը քաջալերէ, որ ‘իմաստուններուն խօսքերը մտիկ ընենք’։ Չկայ անձ մը, որ ամէն բան գիտէ. միշտ կ’ըլլայ մէկը, որ մեզմէ աւելի գիտութիւն կամ փորձառութիւն ունի (Առ. 12։15)։ Ուստի, խրատին ականջ տալը խոնարհութեան նշան է։ Եւ ցոյց կու տայ, որ կը գիտակցինք մեր սահմանափակումներուն եւ գիտենք որ մեր նպատակակէտերուն հասնելու համար օգնութեան պէտք ունինք։ Սողոմոն թագաւոր գրեց. «Ծրագիրները. . . բազմաթիւ խորհրդականներով կը յաջողին» (Առ. 15։22, ԱԾ)։ դ22.02 8 ¶1-2
Չորեքշաբթի, սեպտեմբեր 27
Իր յանցանքները ծածկողը յաջողութիւն չի գտներ, բայց զանոնք խոստովանողն ու մէկդի ձգողը ողորմութիւն կը գտնէ (Առ. 28։13)։
Բաւարար չէ որ մեղաւորը պարզապէս ըսէ, որ գէշ կը զգայ իր գործած լուրջ մեղքին համար։ Ան պէտք է իր մտածումներն ու զգացումները փոխէ։ Ան պէտք է իր գէշ ընթացքը ձգէ եւ անգամ մը եւս Եհովայի չափանիշներուն համաձայն ապրի (Եզեկ. 33։14-16)։ Մեղաւորին համար, ամէնէն կարեւոր բանը պէտք է ըլլայ՝ Եհովայի հետ կրկին լաւ փոխյարաբերութիւն ունենալ։ Սակայն, ի՞նչ պէտք է ընես, եթէ գիտնաս որ մտերիմ մէկ բարեկամդ լուրջ մեղք գործած է։ Եթէ փորձես անոր մեղքը ծածկել, իրեն միայն վնաս կը հասցնես։ Այդպիսի ջանքեր բնաւ չեն յաջողիր, քանի որ Եհովան կը դիտէ (Առ. 5։21, 22)։ Բարեկամիդ օգտակար պիտի ըլլաս, եթէ իրեն յիշեցնես, որ երէցները կ’ուզեն իրեն օգնել։ Եթէ բարեկամդ մերժէ երէցներուն խոստովանիլ, դո՛ւն պէտք է երէցներուն պատմես ատոր մասին, այդպիսով ցոյց տալով որ իրապէս կ’ուզես բարեկամիդ օգնել։ դ21.10 7 ¶19-21
Հինգշաբթի, սեպտեմբեր 28
Միայն ձեր անձերուն շահը մի՛ փնտռէք, հապա ամէն մէկը իր ընկերինն ալ (Փլպ. 2։4)։
Բոլորս կրնանք սորվիլ Յիսուսին պէս անձնազոհ ըլլալ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ, թէ ան «ծառայի կերպարանք» առաւ (Փլպ. 2։7)։ Սիրուած ծառայ մը առիթներ կը փնտռէ, որ իր տէրը հաճեցնէ։ Որովհետեւ Եհովայի ծառաներն ենք եւ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն կը ծառայենք, կ’ուզենք աւելի՛ օգտակար ըլլալ իրենց։ Դուն քեզի հարցուր. ‘Որքանո՞վ պատրաստ եմ կարգ մը բաներ զոհելու, որպէսզի ուրիշներուն օգնեմ։ Օգնելու պատրա՞ստ եմ, երբ կամաւորներու պէտք ըլլայ համաժողովներու սրահը մաքրելու համար կամ Թագաւորութեան սրահը նորոգելու համար’։ Ի՞նչ կրնաս ընել, եթէ նկատես որ որոշ մարզի մը մէջ պէտք է բարելաւուիս, բայց փափաքը չունիս պէտք եղած փոփոխութիւնները ընելու։ Սրտանց Եհովային աղօթէ։ Իրեն ըսէ, թէ ի՛նչ կը զգաս, եւ խնդրէ որ քեզի տայ «գործելու թէ՛ փափաքը եւ թէ ուժը» (Փլպ. 2։13, ՆԱ)։ դ22.02 23 ¶9-11
Ուրբաթ, սեպտեմբեր 29
Ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ (Մատ. 11։28)։
Յիսուս ազնուութիւն ցոյց տուաւ, քնքոյշ եւ ճկուն ըլլալով, նոյնիսկ դժուար պարագաներու ներքեւ (Մատ. 11։29, 30)։ Օրինակ, երբ փիւնիկեցի կին մը իրեն աղաչեց որ իր աղջիկը բուժէ, սկիզբը անոր խնդրանքը չըրաւ։ Բայց երբ տեսաւ անոր մեծ հաւատքը, ազնուօրէն բուժեց աղջիկը (Մատ. 15։22-28)։ Թէեւ ան ազնիւ էր, բայց զգացումներով չէր տարուեր։ Երբեմն, ազնուութիւն ցոյց տուաւ՝ սրբագրելով իր սիրած անհատները։ Օրինակ, երբ Պետրոս փորձեց պատճառ ըլլալ, որ Յիսուս Եհովայի կամքը չընէ, Յիսուս բոլոր աշակերտներուն առջեւ զինք յանդիմանեց (Մար. 8։32, 33)։ Ան ասիկա ըրաւ ոչ թէ Պետրոսը պզտիկցնելու համար, հապա զինք մարզելու եւ միւս աշակերտները զգուշացնելու, որ իրենց սահմանը չանցնին։ Անկասկած Պետրոս նեղ կացութեան մատնուեցաւ, բայց տրուած խրատէն օգտուեցաւ։ Սիրած անհատներուդ հանդէպ իսկապէս ազնիւ ըլլալու համար, ատեններ թերեւս պէտք ըլլայ որ իրենց հետ բացէ ի բաց խօսիս։ Երբ այդպէս կ’ընես, Յիսուսը ընդօրինակէ, խրատդ հիմնելով Աստուծոյ Խօսքի սկզբունքներուն վրայ։ դ22.03 11 ¶12-13
Շաբաթ, սեպտեմբեր 30
Ամէն ատեն Աստուծոյ օրհնութեան պատարագ մատուցանենք, այսինքն մեր շրթունքներուն պտուղը, որոնք իր անունը կը դաւանին (Եբ. 13։15)։
Եհովան կը պաշտենք, երբ զինք կը փառաբանենք (Սաղ. 34։1)։ Եհովան կը փառաբանենք, երբ գնահատութեամբ կը խօսինք իր հոյակապ յատկութիւններուն եւ գործերուն մասին։ Եհովայի մասին խօսելիք շատ բաներ պիտի ունենանք, եթէ մեր սիրտը գնահատութեամբ լեցուած է։ Եւ երբ մտածենք բոլոր այն բարիքներուն մասին, որ մեզի համար ըրած է, շատ պատճառներ պիտի ունենանք զինք փառաբանելու։ Իսկ քարոզչութիւնը յատկապէս լաւ առիթ է «Աստուծոյ օրհնութեան պատարագ մատուցանե[լու], այսինքն մեր շրթունքներուն պտուղը»։ Ճիշդ ինչպէս որ Եհովային աղօթելէ առաջ պէտք է լաւ մտածենք թէ իրեն ի՛նչ պիտի ըսենք, նոյնպէս լաւ կ’ըլլայ որ մտածենք, թէ ի՛նչ պիտի ըսենք անոնց՝ որոնց պիտի քարոզենք։ Կ’ուզենք որ մեր փառաբանութեան զոհը մեր լաւագոյնը ըլլայ։ Անոր համար է որ խանդավառօրէն կը քարոզենք։ դ22.03 21 ¶8