Հոկտեմբեր
Կիրակի, հոկտեմբեր 1
Երանի՜ անոր որ իմ վրայովս չի գայթակղիր (Մատ. 11։6)։
Մեր սորվեցուցածներուն եւ հաւատալիքներուն հիմը Աստուածաշունչն է։ Հակառակ ատոր, այսօր շատեր մեր պատգամը կը մերժեն, քանի որ իրենց կարծիքով մեր պաշտամունքի կերպը շատ պարզ է եւ իրենց ուզած բաները չենք սորվեցներ։ Ինչպէ՞ս կրնանք չգայթակղիլ։ Պօղոս առաքեալ Հռոմի մէջ ապրող քրիստոնեաներուն ըսաւ. «Հաւա՛տքը լսելէն է ու լսելը՝ Աստուծոյ խօսքէն» (Հռով. 10։17)։ Ուստի, մեր հաւատքը կը զօրացնենք Աստուածաշունչը սերտելով եւ ոչ թէ մասնակցելով կրօնական արարողութիւններու, որոնք Աստուածաշունչը սխալ կը նկատէ, որքա՛ն ալ անոնք մեզ քաշեն։ Պէտք է զօրաւոր հաւատք ունենանք՝ հիմնուելով ճշգրիտ գիտութեան վրայ, քանի որ «առանց հաւատքի անհնար է Աստուծոյ հաճելի ըլլալ» (Եբ. 11։1, 6)։ Ուրեմն պէտք չունինք երկինքէն տպաւորիչ նշանի մը, որպէսզի փաստուի թէ ճշմարտութիւնը գտած ենք։ Համոզուելու եւ կասկածները մէկ կողմ դնելու համար, բաւարար է քննել Աստուածաշունչին հաւատք զօրացնող ուսուցումները։ դ21.05 4-5 ¶11-12
Երկուշաբթի, հոկտեմբեր 2
Ինչ որ ինծի պատահեցաւ՝ ա՛լ աւելի աւետարանին յառաջդիմութեանը պատճառ եղաւ (Փլպ. 1։12)։
Պօղոս առաքեալ շատ մը խնդիրներ ունէր։ Ան մանաւանդ զօրութեան պէտք ունէր, երբ իր թշնամիները զինք ծեծեցին, քարկոծեցին եւ բանտարկեցին (Բ. Կոր. 11։23-25)։ Ան ընդունեց որ երբեմն ժխտական զգացումներու դէմ կը պայքարէր (Հռով. 7։18, 19, 24)։ Ան նաեւ որոշ «մարմնի խայթոց» ունէր, որ Աստուծմէ կը խնդրէր որ հեռացնէր (Բ. Կոր. 12։7, 8)։ Եհովան Պօղոսը զօրացուց որ իր ծառայութիւնը կատարէր, հակառակ իր ունեցած բոլոր խնդիրներուն։ Նկատի առ թէ Պօղոս ի՛նչ բաներ իրագործեց։ Օրինակ, երբ ան Հռոմի մէջ տան մը մէջ բանտարկուած էր, բարի լուրը նախանձախնդրօրէն պաշտպանեց հրեաներուն գլխաւորներուն առջեւ եւ թերեւս կառավարական պաշտօնեաներու առջեւ (Գործք 28։17. Փլպ. 4։21, 22)։ Ան նաեւ Կայսերական պահակախումբէն շատերու քարոզեց եւ վկայեց անոնց որոնք իրեն կ’այցելէին (Գործք 28։30-32. Փլպ. 1։13)։ Նոյն ատեն, ան գրեց ներշնչեալ նամակներ, որոնցմէ ճշմարիտ քրիստոնեաները կ’օգտուին մինչեւ օրս։ դ21.05 21 ¶4-5
Երեքշաբթի, հոկտեմբեր 3
Գրուածէն աւելի բան մը չխորհիլ, որ չըլլայ թէ ձեզմէ մէկը հպարտանայ (Ա. Կոր. 4։6)։
Յուդայի Ոզիա թագաւորին հպարտութիւնը պատճառ դարձաւ, որ ուրիշներէն խրատ մտիկ չընէ եւ ընէ բան մը, որուն իրաւասութիւնը չունէր։ Ոզիան շատ կարող մարդ մըն էր։ Ան պատերազմներու մէջ յաղթեց, քաղաքներ շինեց եւ բազմաթիւ այգիներ ունէր։ «Աստուած անոր յաջողութիւն կու տար» (Բ. Մն. 26։3-7, 10)։ Սակայն Աստուածաշունչը կ’ըսէ, որ «երբ ուժովցաւ, անոր սիրտը հպարտանալով չարութիւն ըրաւ»։ Եհովան նախապէս ըսած էր, որ միայն քահանաները կրնային տաճարին մէջ խունկ ծխել։ Բայց Ոզիա թագաւորը տաճար մտաւ այդ մէկը ընելու համար։ Եհովան այս հպարտ մարդուն ըրածին չհաճեցաւ եւ զինք բորոտութեամբ զարկաւ (Բ. Մն. 26։16-21)։ Կրնա՞յ ըլլալ, որ հպարտութեան պատճառով այն նոյն ծուղակին մէջ իյնանք, որուն մէջ Ոզիան ինկաւ։ Այո՛, եթէ մեր անձին չափազանց կարեւորութիւն տանք։ Յիշենք, որ որեւէ ձիրք եւ որեւէ առանձնաշնորհում որ ունինք, Եհովայէն են (Ա. Կոր. 4։7)։ Եթէ հպարտ ըլլանք, Եհովան մեզ պիտի չգործածէ։ դ21.06 16 ¶7-8
Չորեքշաբթի, հոկտեմբեր 4
Դուք անոր համար մի՛ ուրախանաք, որ չար ոգիները ձեզի կը հնազանդին, հապա ուրախացէք որ ձեր անունները երկինքը գրուած են (Ղուկ. 10։20)։
Յիսուս գիտէր թէ իր աշակերտները իրենց ծառայութեան մէջ միշտ հիանալի փորձառութիւններ պիտի չունենային։ Նոյնիսկ չենք գիտեր, թէ Յիսուսի աշակերտներուն մտիկ ընող մարդոցմէն որքա՛նը ի վերջոյ քրիստոնեաներ դարձան։ Աշակերտները պէտք էր ուրախանային՝ ոչ միայն ծառայութեան մէջ իրենց բերած արդիւնքներով, հապա աւելի կարեւորը, գիտնալով որ Եհովան իրենց կը հաճէր իրենց ծանր աշխատանքին համար։ Եթէ ծառայութեան մէջ տոկանք, յաւիտենական կեանք պիտի ունենանք։ Երբ Թագաւորութեան ճշմարտութեան սերմերը ամբողջ սրտով կը ցանենք ու կը մշակենք, ‘հոգիին ալ սերմանած կ’ըլլանք’, թոյլ տալով որ Աստուծոյ սուրբ հոգին ազատօրէն գործէ մեր կեանքին մէջ։ Այնքան ատեն որ չենք յանձնուիր կամ չենք թուլնար, Եհովան կը խոստանայ որ յաւիտենական կեանք պիտի հնձենք, նոյնիսկ եթէ չկարենանք մէկու մը օգնել, որ մկրտութեան հասնի (Գաղ. 6։7-9)։ դ21.10 26 ¶8-9
Հինգշաբթի, հոկտեմբեր 5
Յիսուս. . . խղճաց անոնց վրայ. . . եւ շատ բաներ սորվեցուց անոնց (Մար. 6։34)։
Անգամ մը, Յիսուս եւ իր աշակերտները չափազանց յոգնած էին երկար ատեն քարոզելնուն համար։ Անոնք պէտք ունէին որ տեղ մը հանգչէին, բայց մեծ բազմութիւն մը իրենց ետեւէն եկաւ։ Ժողովուրդին վրայ խղճալով, Յիսուս սկսաւ «շատ բաներ» սորվեցնել անոնց։ Ան ինքզինք մարդոց տեղը դրաւ. տեսաւ որ անոնք որքա՜ն կը տառապէին,– որքա՜ն յոյսի պէտք ունէին,– եւ ուզեց իրենց օգնել։ Ներկայիս, մարդիկ նոյն վիճակը ունին։ Անոնց երեւոյթէն մի՛ խաբուիր։ Անոնք կը նմանին ոչխարներու, որոնք կը թափառին, եւ չունին հովիւ մը, որ զիրենք առաջնորդէ։ Պօղոս առաքեալ այսպիսի մարդոց համար ըսաւ, որ անաստուած են եւ յոյս չունին (Եփ. 2։12)։ Երբ մտածենք, թէ մեր թաղամասի մարդիկը որքա՜ն պէտք ունին Աստուծոյ մասին գիտնալու, սէրն ու կարեկցութիւնը մեզ կը մղեն որ իրենց օգնենք։ Եւ օգնելու լաւագոյն կերպը այն է, որ առաջարկենք իրենց հետ Աստուածաշունչը սերտել։ դ21.07 5 ¶8
Ուրբաթ, հոկտեմբեր 6
Սնապարծ չըլլանք. . . իրարու վրայ նախանձելով (Գաղ. 5։26)։
Անձնակեդրոն անհատը հպարտ եւ անձնասէր է։ Իսկ նախանձոտ անձը ոչ միայն կ’ուզէ ունենալ այն ինչ որ ուրիշ մէկը ունի, հապա կ’ուզէ անկէ զրկել զինք։ Իրականութեան մէջ, նախանձը ատելութեան տեսակ մըն է։ Անձնակեդրոնութիւնը եւ նախանձը կարելի է նմանցնել այն աղտոտութեան, որ օդանաւի մը վառելանիւթին մէջ կ’ըլլայ։ Օդանաւը թռիչք առնելէ ետք, այդ աղտոտութիւնը կրնայ պատճառ ըլլալ, որ օդանաւը իյնայ ու ջախջախուի։ Նոյնպէս, թերեւս մէկը որոշ ժամանակ Եհովային ծառայէ։ Բայց եթէ անձնակեդրոն եւ նախանձոտ է, պիտի իյնայ (Առ. 16։18)։ Ան Եհովային ծառայելէն պիտի կենայ եւ ինքզինքին եւ ուրիշներուն պիտի վնասէ։ Կրնանք անձնակեդրոնութեան դէմ դնել, ի մտի ունենալով Պօղոս առաքեալի խրատը. «Բան մը գրգռութիւնով կամ սնապարծութիւնով մի՛ ընէք. հապա խոնարհութիւնով մէկզմէկ ձեր անձէն լաւ սեպեցէք» (Փլպ. 2։3)։ դ21.07 15-16 ¶6-8
Շաբաթ, հոկտեմբեր 7
Մեր աւետարանը ո՛չ միայն խօսքով քարոզուեցաւ ձեզի, հապա զօրութիւնով ալ եւ Սուրբ Հոգիով ու ստուգութեամբ (Ա. Թես. 1։5)։
Ոմանք կը խորհին, որ ճշմարիտ կրօնքը պէտք է ամէն մէկ հարցումի պատասխանները տայ, նոյնիսկ այն հարցումներուն, որոնց մասին Աստուածաշունչը մասնաւոր բան մը չ’ըսեր։ Ատիկա տրամաբանակա՞ն է։ Նկատի առ Պօղոս առաքեալի օրինակը։ Ան հաւատակիցները քաջալերեց, որ ‘ամէն բան քննեն’, բայց նաեւ ընդունեց որ շատ բաներ կային, որոնք չէր հասկնար (Ա. Թես. 5։21, ԱԾ)։ Ան գրեց. «Շատէն քիչը գիտենք», աւելցնելով՝ «Մենք որպէս թէ [«մետաղեայ», ՆԱ] հայելիի մէջ կը տեսնենք անյայտ կերպով» (Ա. Կոր. 13։9, 12)։ Պօղոս ամէն բան չհասկցաւ, ոչ ալ մենք կը հասկնանք։ Բայց ան ընդհանուր առմամբ Եհովային նպատակները հասկցաւ։ Եւ իր գիտցածը բաւարար էր, որ վստահ ըլլար թէ ճշմարտութիւնը գտած էր։ Կերպ մը, որով կրնանք մեր համոզումը զօրացնել, թէ ճշմարտութիւնը գտած ենք, այն է՝ որ պաշտամունքի նկատմամբ Յիսուսի ձգած օրինակը համեմատենք Եհովայի վկաներու պաշտելու կերպին հետ։ դ21.10 18-19 ¶2-4
Կիրակի, հոկտեմբեր 8
Յիսուն տարեկան ըլլալէ ետքը պաշտօնէն պիտի դադրին (Թւ. 8։25)։
Ո՛վ տարեցներ, շատ բան կրնաք ընել ուրիշներուն օգնելու համար,– ըլլա՛ք լիաժամ ծառայութեան մէջ կամ ոչ։ Ինչպէ՞ս։ Ձեր փոխուած պարագաներուն յարմարեցէք, նոր նպատակակէտեր դրէք եւ կեդրոնացէք այն բաներուն վրայ, որոնք կրնաք ընել եւ ոչ թէ անոնց վրայ՝ որոնք չէք կրնար ընել։ Դաւիթ թագաւոր կը փափաքէր Եհովայի համար տուն մը շինել։ Բայց երբ Եհովան իրեն տեղեկացուց, որ այս առանձնաշնորհումը պիտի տրուէր երիտասարդ Սողոմոնին, Դաւիթ Եհովայի որոշումը ընդունեց եւ ամբողջ սրտով ալ ծրագրին թիկունք կանգնեցաւ (Ա. Մն. 17։4. 22։5)։ Ան չխորհեցաւ թէ այս նշանակումին համար ի՛նք լաւագոյն անձն էր, քանի որ Սողոմոն «անփորձ եւ պատանի» էր (Ա. Մն. 29։1, ՆԱ)։ Դաւիթ գիտէր որ շինարարական ծրագրին յաջողութիւնը կախեալ էր Եհովայի օրհնութենէն եւ ոչ թէ գործին մէջ առաջնորդութիւնը առնողներուն տարիքէն կամ փորձառութենէն։ Դաւիթը ընդօրինակելով, տարեցները գործունեայ կը մնան, նոյնիսկ երբ տարիքին պատճառով իրենց դերը կը փոխուի։ Եւ անոնք գիտեն, որ Եհովան պիտի օրհնէ երիտասարդները, որոնք կ’ընեն այն գործը, որ իրենք առաջ կ’ընէին։ դ21.09 9 ¶4. 10 ¶5, 8
Երկուշաբթի, հոկտեմբեր 9
Դատաստանի մէջ պիտի առաջնորդէ հեզերուն ու իր ճամբան հեզերուն պիտի սորվեցնէ (Սաղ. 25։9)։
Հոգեւոր նպատակակէտերը մեր կեանքին ուղղութիւն եւ իմաստ կու տան։ Բայց գաղտնիքը այն է, որ նպատակակէտեր դնենք մե՛ր կարողութիւններուն եւ պարագաներուն համաձայն։ Եթէ այդպէս չընենք, յուսախաբ պիտի ըլլանք ու պիտի վհատինք (Ղուկ. 14։28)։ Որպէս Եհովայի ծառան, դուն իր բազմազան ընտանիքին յատուկ եւ արժէքաւոր մէկ անդամն ես։ Եհովան քեզ իրեն չքաշեց, քանի որ ուրիշներէ աւելի լաւ էիր։ Ան քեզ քաշեց, քանի որ սրտիդ մէջ նայեցաւ եւ տեսաւ հեզ ու խոնարհ անձ մը, որ պատրաստ էր իրմէ սորվելու եւ կաղապարուելու։ Վստահ եղիր որ ան կը գնահատէ, երբ լաւագոյնդ կ’ընես իրեն ծառայելու համար։ Համբերելդ եւ իրեն հաւատարիմ մնալդ կը փաստեն, որ «բարի եւ յօժար սիրտ» ունիս (Ղուկ. 8։15)։ Ուստի շարունակէ Եհովային քո՛ւ լաւագոյնդ տալ։ Այն ատեն, աղուոր պատճառ պիտի ունենաս, որ ‘միայն քու անձիդ վրայ պարծենաս’ (Գաղ. 6։4)։ դ21.07 24 ¶15. 25 ¶20
Երեքշաբթի, հոկտեմբեր 10
Ան, որ մեղաւորը իր մոլորութեան ճամբայէն կը դարձնէ, հոգի մը մահուանէ կ’ազատէ (Յակ. 5։20)։
Թերեւս պէտք ըլլայ համբերել, մինչ անարդարութեան կը տոկանք։ Օրինակ, երբ երէցները կը գիտնան ժողովքին մէջ եղած լուրջ մեղքի մը մասին, աղօթքով «վերին իմաստութիւնը» կը խնդրեն, որպէսզի պարագային նկատմամբ Եհովայի տեսակէտը ունենան (Յակ. 3։17)։ Անոնց նպատակն է՝ մեղաւորին օգնել որ ‘իր մոլորութեան ճամբայէն դառնայ’ (Յակ. 5։19, 20)։ Անոնք նաեւ կ’ուզեն իրենց ամէն կարելին ընել, որպէսզի ժողովքը պաշտպանեն եւ վիրաւորուածները մխիթարեն (Բ. Կոր. 1։3, 4)։ Եւ երբ երէցները կը գիտնան որ անհատ մը լուրջ մեղք գործած է, նա՛խ պէտք է վստահ ըլլան թէ ի՛նչ բան տեղի ունեցած է, ինչ որ կրնայ ժամանակ առնել։ Ետքը, անոնք կ’աղօթեն եւ զգուշութեամբ Աստուածաշունչէն ‘չափաւորութեամբ կը խրատեն’ անհատը (Եր. 30։11)։ Անոնք շտապ որոշում չեն առներ։ Երբ հարցերը պատշաճ կերպով ձեռք կ’առնեն, ամբողջ ժողովքը կ’օգտուի։ դ21.08 11 ¶12-13
Չորեքշաբթի, հոկտեմբեր 11
Ո՛ւր որ երթաս՝ հոն պիտի երթամ. . . քու ժողովուրդդ իմ ժողովուրդս պիտի ըլլայ ու քու Աստուածդ իմ Աստուածս պիտի ըլլայ (Հթ. 1։16)։
Իսրայէլի մէջ եղած սովի մը պատճառով, Նոեմին, իր ամուսինը եւ երկու տղաքները Մովաբ փոխադրուեցան։ Մովաբի մէջ, Նոեմիի ամուսինը մահացաւ։ Անոր երկու տղաքը ամուսնացան, բայց անոնք ալ մահացան (Հթ. 1։3-5)։ Այս փորձանքները պատճառ եղան, որ Նոեմին ա՛լ աւելի յուսահատի։ Ան այնքա՛ն ընկճուեցաւ, որ խորհեցաւ թէ Եհովան իրեն կը հակառակէր։ Նկատէ թէ Աստուծոյ նկատմամբ իր զգացումները ինչպէ՛ս արտայայտեց. «Տէրոջը ձեռքը իմ վրաս ծանրացաւ»։ «Ամենակարողը դառնութեամբ լեցուց զիս»։ Ան նաեւ ըսաւ. «Տէրը ինծի դէմ վկայութիւն տուաւ ու Ամենակարողը զիս վշտացուց» (Հթ. 1։13, 20, 21)։ Եհովան կը հասկնայ որ «հարստահարութիւնը իմաստունը կը խենթացնէ» (Ժող. 7։7, ԱԾ)։ Ան Հռութը մղեց որ Նոեմիին հասնի եւ իրեն հանդէպ հաւատարիմ սէր ցոյց տայ։ Հռութ ուզե՛ց Նոեմիին հանդէպ սէր ցոյց տալ եւ իրեն ազնուօրէն օգնեց, որ շատ չվհատէր եւ գիտնար որ Եհովան զինք տակաւին կը սիրէր։ դ21.11 9 ¶9. 10 ¶10, 13
Հինգշաբթի, հոկտեմբեր 12
Թող շարունակ խնդրէ Աստուծմէ (Յակ. 1։5, ՆԱ)։
Մեր ներկայ նշանակումներուն վրայ կեդրոնանալը կը նշանակէ՞, որ պէտք չէ շարունակենք մեր ծառայութիւնը ընդարձակելու աւելի կերպեր փնտռել։ Անշուշտ ո՛չ։ Կրնանք եւ պէ՛տք է հոգեւոր նպատակակէտեր դնենք, որոնք մեզի կ’օգնեն, որ աւելի լաւ քարոզիչներ եւ ուսուցիչներ դառնանք, եւ աւելի օգտակար ըլլանք մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն։ Յաջողութիւն կ’ունենանք, երբ իմաստուն եւ համեստ գտնուելով, կեդրոնանանք ուրիշներուն ծառայելուն վրայ, փոխանակ՝ մեր անձին վրայ (Առ. 11։2. Գործք 20։35)։ Ի՞նչ նպատակակէտեր կրնաս դնել։ Եհովայէն խնդրէ որ քեզի օգնէ հասկնալու, թէ ի՛նչ բաներ կրնաս իրագործել (Առ. 16։3)։ Կրնա՞ս ջանք ընել, որ հետեւեալ նպատակակէտերէն մէկուն հասնիս. օժանդակ կամ կանոնաւոր ռահվիրայ ըլլալ, Բեթէլի մէջ ծառայել, աստուածպետական շինարարական յայտագիրներու մասնակցիլ, կամ նոր լեզու մը սորվիլ՝ բարի լուրը քարոզելու համար օտարախօս դաշտի մը մէջ։ դ21.08 23 ¶14-15
Ուրբաթ, հոկտեմբեր 13
Եհովայի հաւատարիմ սէրը յաւիտեան է (Սաղ. 136։1, ՆԱ)։
Եհովան ուրախութիւն կը գտնէ հաւատարիմ սէր ցոյց տալուն մէջ (Ով. 6։6)։ Միքիա մարգարէին միջոցաւ, մեր Աստուածը մեզ կը քաջալերէ որ սիրենք հաւատարիմ սէրը (Միք. 6։8, ՆԱ, ստորանիշ)։ Սակայն, որպէսզի կարենանք ատիկա ընել, նա՛խ պէտք է գիտնանք թէ ի՛նչ ըսել է հաւատարիմ սէր։ Սուրբ Գրութիւններու նոր աշխարհի թարգմանութեան մէջ, «հաւատարիմ սէր» թարգմանուած արտայայտութիւնը կը հանդիպի շուրջ 230 անգամ։ Եթէ մէկը հաւատարիմ սէր ունի, ան ուրիշ անհատ մը այնքա՛ն կը սիրէ, որ պիտի շարունակէ զինք սիրել եւ հաւատարմօրէն իր կողքին պիտի մնայ։ Այս յատկութիւնը յաճախ կը գործածուի, խօսելով մարդոց հանդէպ Աստուծոյ սիրոյն մասին, բայց նաեւ կրնայ ցոյց տալ մարդոց միջեւ եղած սէրը։ Եհովան հաւատարիմ սէր ցոյց տալուն մէջ ամէնէն լաւ օրինակն է։ Զարմանալի չէ որ Դաւիթ թագաւոր այս զգացումները արտայայտեց. «Ո՛վ Տէր, քու ողորմութիւնդ [«հաւատարիմ սէրդ», ՆԱ] մինչեւ երկինք կը հասնի. . . Ի՜նչ գերազանց է քու գթութիւնդ» (Սաղ. 36։5, 7)։ Դաւիթին պէս, մենք ալ խորապէս կը գնահատե՞նք Աստուծոյ հաւատարիմ սէրը։ դ21.11 2 ¶1-2. 3 ¶4
Շաբաթ, հոկտեմբեր 14
Այսպէս աղօթք ըրէք դուք. «Ով Հայր մեր որ երկինքն ես» (Մատ. 6։9)։
Եհովայի ընտանիքին մէջ կան՝ Յիսուսը, որ «բոլոր ստեղծուածներուն անդրանիկ»ն է, եւ բազմաթիւ հրեշտակներ (Կող. 1։15. Սաղ. 103։20)։ Երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, ցոյց տուաւ որ հաւատարիմ մարդիկ կրնան Եհովան իրենց Հայրը սեպել։ Աշակերտներուն խօսելով, Յիսուս Եհովայի մասին ըսաւ՝ ‘իմ Հայրս ու ձեր Հայրը’ (Յովհ. 20։17)։ Եւ երբ Եհովային կը նուիրուինք ու կը մկրտուինք, եղբայրներու ու քոյրերու սիրալիր ընտանիքի մը մաս կը կազմենք (Մար. 10։29, 30)։ Եհովան սիրալիր Հայր մըն է։ Յիսուս կ’ուզէ որ Եհովան նկատենք ինչպէս ինք կը նկատէ՝ ջերմ ու հոգատար ծնող մը, որուն դիւրին է մօտենալ, եւ ոչ թէ պաղ մէկը որ միայն հրամաններ կու տայ։ Ան տիպար աղօթքը սկսաւ այս խօսքով. «Հայր մեր»։ Ան կրնար մեզի սորվեցնել, որ Եհովային ըսենք՝ «Ամենակարող», «Ստեղծիչ» կամ «յաւիտենականութեան Թագաւոր». ասիկա սխալ պիտի չըլլար, քանի որ Աստուածաշունչը այս տիտղոսները գործածելով Եհովան կը նկարագրէ (Ծն. 49։25. Եսա. 40։28. Ա. Տիմ. 1։17, ՆԱ)։ Սակայն Յիսուս գործածեց մտերմիկ բառ մը՝ «Հայր»։ դ21.09 20 ¶1, 3
Կիրակի, հոկտեմբեր 15
Մանասէն իմացաւ թէ Եհովա է Աստուած (Բ. Մն. 33։13)։
Մանասէն յամառօրէն անտեսեց այն զգուշացումները, որ Եհովան իրեն տուաւ Իր մարգարէներուն միջոցով։ Ի վերջոյ, «Տէրը [Յուդայի] վրայ Ասորեստանի թագաւորին զօրագլուխները բերաւ, որոնք Մանասէն կարթերով բռնեցին եւ զանիկա ոտնակապերով կապեցին ու Բաբելոն տարին»։ Հոն, օտար երկրի մը մէջ բանտարկուած ըլլալով, այնպէս կ’երեւի թէ Մանասէն լրջօրէն մտածեց։ Ան «իր հայրերուն Աստուծոյն առջեւ մեծապէս խոնարհեցաւ»։ Ատկէ աւելին ալ ըրաւ։ Ան «իր Տէր Աստուծոյն երեսը փնտռեց»։ Նաեւ, շարունակ «անոր աղօթք ըրաւ» (Բ. Մն. 33։10-12)։ Ժամանակի ընթացքին, Եհովան Մանասէի աղօթքներուն պատասխանեց։ Անոր աղօթքներէն տեսաւ, որ կը փոխուէր։ Ուստի, անոր ներելով՝ զինք ետ իր գահին դարձուց։ Մանասէն այդ առիթը օգտագործելով, ամէն բան ըրաւ որ փաստէ թէ խորապէս զղջացած է։ դ21.10 4 ¶10-11
Երկուշաբթի, հոկտեմբեր 16
Երկուքը մէկէն աղէկ է, վասն զի անոնց աշխատանքը աղէկ վարձք ունի (Ժող. 4։9)։
Ակիւղաս եւ Պրիսկիղա ստիպուեցան իրենց ծանօթ եղող շրջանը ձգել, նոր տուն գտնել եւ նոր վայրի մը մէջ իրենց աշխարհիկ գործը սկսիլ։ Կորնթոսի մէջ անոնք ժողովքին օգնական եղան եւ Պօղոս առաքեալի հետ եղբայրները քաջալերեցին։ Ետքը, անոնք ուրիշ քաղաքներ ալ գացին, ուր քարոզիչներու աւելի պէտք կար (Գործք 18։18-21. Հռով. 16։3-5)։ Անոնք իրապէս վայելեցին հաճոյալի կեանք մը։ Ներկայիս, զոյգը կրնայ Պրիսկիղան եւ Ակիւղասը ընդօրինակել, Թագաւորութեան շահերը իրենց կեանքին մէջ առաջին տեղը դնելով։ Հոգեւոր նպատակակէտերու մասին խօսելու լաւագոյն ժամանակն է՝ ամուսնանալէ առաջ։ Երբ զոյգը միասին հոգեւոր նպատակակէտեր կը դնեն, եւ ջանք կը թափեն որ անոնց հասնին, աւելի առիթներ կ’ունենան Եհովային օգնութիւնը տեսնելու իրենց կեանքին մէջ (Ժող. 4։12)։ դ21.11 16-17 ¶11-12
Երեքշաբթի, հոկտեմբեր 17
Ամէն մարդ իր մայրն ու իր հայրը պէտք է յարգէ. . . ես եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը (Ղեւ. 19։3)։
Յստակ է որ պէտք է լուրջի առնենք Աստուծոյ տուած ուղղութիւնը, որ մեր ծնողները պատուենք։ Ի մտի ունեցիր, որ հայրը ու մայրը յարգելու խօսքը, որ արձանագրուած է Ղեւտացւոց 19։3–ին մէջ, ուղղակի կու գայ այս խօսքէն ետք. «Դուք սուրբ եղէք, քանզի ես, ձեր Եհովա Աստուածը, սուրբ եմ» (Ղեւ. 19։2)։ Երբ կը մտածենք Եհովայի տուած խրատին մասին, որ ծնողները պատուենք, թերեւս մենք մեզի հարց տանք. ‘Ես ծնողներս կը պատուե՞մ’։ Եթէ կը զգաս, որ անցեալին բաւական բան չես ըրած ծնողներուդ համար, անցեալը չես կրնար փոխել, բայց կրնաս հիմակուընէ որոշել բարելաւումներ ընել ծնողներդ աւելի պատուելու համար։ Կրնաս աւելի ժամանակ անցընել անոնց հետ, եւ իրենց աւելի օգտակար ըլլալ՝ նիւթական, հոգեւոր եւ զգացական գետնի վրայ։ Այդպէս ընելով, Ղեւտացւոց 19։3–ին հնազանդած պիտի ըլլաս։ դ21.12 4-5 ¶10-12
Չորեքշաբթի, հոկտեմբեր 18
Մի՛ դատէք (Մատ. 7։1)։
Դաւիթ թագաւոր լուրջ մեղքեր գործեց. օրինակ, Բերսաբէի հետ շնութիւն գործեց եւ անոր ամուսինը սպաննել տուաւ (Բ. Թագ. 11։2-4, 14, 15, 24)։ Այդպիսով, Դաւիթ ոչ միայն ինքն իրեն վնասեց, հապա նաեւ իր ընտանիքին, մէջը ըլլալով՝ իր միւս կիները (Բ. Թագ. 12։10, 11)։ Ուրիշ առիթով մը, Դաւիթ Եհովայի հանդէպ լման վստահութիւն ցոյց չտուաւ, երբ հրամայեց որ Իսրայէլի բանակը համրուի։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ 70,000 իսրայէլացիներ ժանտախտի պատճառաւ մեռան (Բ. Թագ. 24։2-4, 10-15)։ Արդեօք Դաւիթը պիտի դատէի՞ր, ըսելով որ Եհովայի ողորմութեան արժանի չէ։ Եհովան այդպէս չըրաւ։ Ան կեդրոնացաւ Դաւիթի երկա՜ր տարիներու հաւատարմութեան եւ անկեղծ զղջումին վրայ։ Առ ի արդիւնք, անոր այս լուրջ մեղքերը ներեց։ Եհովան գիտէր, որ Դաւիթ զինք շա՜տ կը սիրէր եւ կ’ուզէր ճիշդը ընել։ Մենք շատ երախտապարտ ենք, որ Եհովան կը կեդրոնանայ մեր լաւ յատկութիւններուն ու վարքին վրայ (Գ. Թագ. 9։4. Ա. Մն. 29։10, 17)։ դ21.12 19 ¶11-13
Հինգշաբթի, հոկտեմբեր 19
Իսկոյն անոր աչքերը բացուեցան ու անոր ետեւէն կ’երթար եւ փառք կու տար Աստուծոյ (Ղուկ. 18։43)։
Յիսուս ֆիզիքապէս անկարող եղողներուն հետ կը զգար։ Յիշէ թէ Յիսուս ի՛նչ լուր ղրկեց Յովհաննէս Մկրտիչին. «Կոյրերը կը տեսնեն, կաղերը կը քալեն, բորոտները կը մաքրուին, խուլերը կը լսեն, մեռելները յարութիւն կ’առնեն»։ Իսկ ժողովուրդը Յիսուսի հրաշքները տեսնելով, «Աստուած կը գովաբանէին» (Ղուկ. 7։20-22)։ Ներկայիս, մենք՝ քրիստոնեաներս, ուրախութեամբ Յիսուսի կարեկցութիւնը կ’ընդօրինակենք, անկարողներուն հանդէպ ազնիւ, նկատառու եւ համբերող գտնուելով։ Ճիշդ է որ Եհովան մեզի զօրութիւնը չէ տուած հրաշքներ ընելու, բայց առանձնաշնորհումը ունինք ֆիզիքապէս կամ հոգեւորապէս կոյր եղողներուն տալու այն բարի լուրը, թէ դրախտին մէջ մարդկութիւնը ֆիզիքապէս եւ հոգեւորապէս կատարեալ առողջութիւն պիտի ունենայ (Ղուկ. 4։18, 19)։ Եւ այս բարի լուրը արդէն շատերը կը մղէ, որ Աստուած փառաբանեն։ դ21.12 9 ¶5
Ուրբաթ, հոկտեմբեր 20
Յոբին համբերութիւնը լսեցիք դուք եւ վերջը՝ Տէրոջը անոր ըրածը տեսաք (Յակ. 5։11)։
Յակոբոս իր ըսածը հիմնեց Սուրբ Գրութիւններուն վրայ։ Ան Աստուծոյ Խօսքին միջոցաւ եղբայրներուն օգնեց, որ տեսնեն թէ Եհովան միշտ կը վարձատրէ անոնք, որոնք Յոբին պէս իրեն հաւատարիմ կ’ըլլան։ Ան այս կէտը սորվեցուց՝ գործածելով պարզ բառեր եւ տրամաբանութիւն։ Այսպէս ուշադրութիւն հրաւիրեց, ոչ թէ իր վրայ, հապա Եհովային վրայ։ Դա՞սը. պատգամդ պարզ պահէ եւ Աստուծոյ Խօսքէն սորվեցուր։ Մեր նպատակը պէտք է ըլլայ, ոչ թէ ուրիշներուն ցուցնել թէ մե՛նք որքան շատ գիտենք, հապա ցոյց տալ թէ Եհովա՛ն որքան շատ գիտէ եւ թէ իրենցմով որքա՜ն հետաքրքրուած է (Հռով. 11։33)։ Այդ նպատակին կրնանք հասնիլ, մեր սորվեցուցածները միշտ Աստուածաշունչին վրայ հիմնելով։ Օրինակ, փոխանակ մեր Աստուածաշունչի աշակերտներուն ըսելու, թէ մենք ի՛նչ պիտի ընէինք եթէ իրենց տեղը ըլլայինք, պէտք է օգնենք որ իրենք Աստուածաշունչի օրինակներուն վրայ խոկան եւ հասկնան, թէ Եհովան ի՛նչ կը մտածէ ու ի՛նչ կը զգայ։ Այն ատեն պիտի մղուին իրենց սորվածը գործադրելու, քանի որ կ’ուզեն Եհովա՛ն հաճեցնել, եւ ոչ թէ մեզ։ դ22.01 10-11 ¶9-10
Շաբաթ, հոկտեմբեր 21
Քու ընկերդ քու անձիդ պէս սիրէ՛ (Ղեւ. 19։18)։
Աստուած կ’ուզէ որ ոչ թէ պարզապէս ուրիշին չվնասենք, հապա հետեւինք վերոնշեալ յստակ պատուէրին։ Շատ կարեւոր է որ քրիստոնեան ատիկա ընէ, եթէ կ’ուզէ Աստուած հաճեցնել։ Նկատէ թէ Յիսուս Ղեւտացւոց 19։18–ին մէջ յիշուած պատուէրին կարեւորութիւնը ինչպէ՛ս շեշտեց։ Օր մը փարիսեցի մը Յիսուսին հարցուց. «Ո՞ր պատուիրանքը մեծ է օրէնքին մէջ»։ Յիսուս պատասխանեց՝ ըսելով թէ առաջին ու մեծ պատուիրանքն է՝ Եհովան սիրել ամբողջ սրտով, ամբողջ անձով եւ ամբողջ մտքով։ Ետքը, ան մէջբերեց Ղեւտացւոց 19։18–ը, ըսելով. «Երկրորդը՝ ասոր նման. ‘Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս’» (Մատ. 22։35-40)։ Ընկերին հանդէպ սէր ցոյց տալու շատ մը կերպեր կան։ Անոնցմէ մէկն է՝ գործադրել Ղեւտացւոց 19։18–ի խրատը. «Վրէժ մի՛ առներ եւ. . . ոխ մի՛ պահեր»։ դ21.12 10-11 ¶11-13
Կիրակի, հոկտեմբեր 22
Հովը սաստիկ ըլլալուն՝ վախցաւ։ Երբ սկսաւ ընկղմիլ, աղաղակեց ու ըսաւ. «Տէ՛ր, ազատէ զիս» (Մատ. 14։30)։
Յիսուս շուտով իր ձեռքը երկարեց ու Պետրոս առաքեալը բռնեց։ Կարեւոր է որ յիշենք, թէ Պետրոս կրցաւ ծովուն վրայէն քալել այնքան ատեն որ Յիսուսին վրայ կեդրոնացաւ։ Բայց երբ սաստիկ հովին նայեցաւ, մէջը վախ ու կասկած մտաւ, եւ սկսաւ ընկղմիլ (Մատ. 14։24-31)։ Պետրոսի օրինակէն կրնանք սորվիլ։ Երբ ան նաւէն իջաւ, չակնկալեց որ սաստիկ հովին նայելով պիտի ընկղմէր։ Իր նպատակն էր՝ ծովուն վրայէն քալելով Յիսուսին հասնիլ։ Բայց իր այդ նպատակակէտին վրայ կեդրոնացած չմնաց։ Ճիշդ է որ մենք չենք կրնար ծովուն վրայէն քալել, բայց հաւատքի փորձութիւններ կը դիմագրաւենք։ Եթէ չկեդրոնանանք Եհովայի եւ իր խոստումներուն վրայ, հոգեւորապէս պիտի սկսինք ընկղմիլ։ Սաստիկ հովի պէս եղող ի՛նչ խնդիր ալ ունենանք, պէտք է շարունակենք մեր միտքը կեդրոնացնել Եհովային վրայ եւ մեզի օգնելու իր կարողութեան վրայ։ դ21.12 17-18 ¶6-7
Երկուշաբթի, հոկտեմբեր 23
Ես քու ողորմութեանդ շատութիւնովը քու տունդ պիտի մտնեմ (Սաղ. 5։7)։
Աղօթելը, սերտելը եւ խոկալը մեր պաշտամունքին մէկ մասն են։ Աղօթելով՝ կը խօսինք մեր երկնաւոր Հօր հետ, որ մեզ շատ կը սիրէ։ Երբ Աստուածաշունչը կը սերտենք, Աստուծմէ կը սորվինք, որ ամէն իմաստութեան Աղբիւրն է (Առ. 2։1-5)։ Իսկ երբ կը խոկանք, կը մտածենք իր գեղեցիկ յատկութիւններուն մասին եւ կը յիշենք այն հոյակապ բաները, որ մեզի եւ ամբողջ մարդկութեան համար պիտի ընէ։ Ասիկա մեր ժամանակը գործածելու ամենալաւ կերպն է։ Բայց ի՞նչը կրնայ մեզի օգնել, որ ասիկա ընենք։ Եթէ կարելի է, ընտրէ հանդարտ տեղ մը։ Նկատի առ Յիսուսին օրինակը։ Իր երկրային ծառայութիւնը չսկսած, ան 40 օր անցուց անապատին մէջ (Ղուկ. 4։1, 2)։ Այդ հանդարտ վայրին մէջ, Յիսուս կրնար Եհովային աղօթել եւ խոկալ, թէ իր Հայրը ի՛նչ նպատակով զինք երկիր ղրկեց։ Ասիկա անկասկած Յիսուսին օգնեց, որ նախապատրաստուի գալիք փորձութիւններուն համար։ դ22.01 27-28 ¶7-8
Երեքշաբթի, հոկտեմբեր 24
Ծրագիրները. . . բազմաթիւ խորհրդականներով կը յաջողին (Առ. 15։22, ԱԾ)։
Երէց մը կամ ուրիշ որակեալ եղբայր մը թերեւս մեր ուշադրութեան յանձնէ բան մը, որուն վրայ պէտք է աշխատինք։ Եթէ մէկը մեզ այնքա՛ն կը սիրէ, որ Աստուածաշունչէն խրատ տայ, պէտք է իր ըսածը լուրջի առնենք։ Իրականութեան մէջ, շատ դժուար է ուղղակի խրատը ընդունիլ։ Եւ թերեւս նոյնիսկ վիրաւորուինք։ Ինչո՞ւ։ Թէեւ կ’ընդունինք որ անկատար ենք, բայց մեզի համար կրնայ դժուար ըլլալ խրատ ընդունիլ, երբ մէկը մեր ուշադրութեան յանձնէ որոշ սխալ մը, որ ըրած ենք (Ժող. 7։9)։ Թերեւս մենք մեզ արդարացնենք։ Կրնանք նաեւ կասկածի տակ դնել խրատ տուողին մղումները կամ նեղանալ խրատը տալու իր կերպէն։ Եւ նոյնիսկ կրնանք անհատին մէջ սխալներ փնտռել, խորհելով. ‘Ի՞նչ իրաւունքով ինծի խրատ կու տայ։ Թող երթայ իր սխալներուն նայի’։ Երբ մեզի տրուած խրատը մեզի յարմար չըլլայ, թերեւս զայն անտեսենք կամ ուրիշ մէկու մը դիմենք խրատի համար, յուսալով որ մեր ուզածը լսենք։ դ22.02 8-9 ¶2-4
Չորեքշաբթի, հոկտեմբեր 25
Ձեր զօրութիւնը հանդարտութեամբ ու վստահութեամբ կ’ըլլայ (Եսա. 30։15)։
Կրնա՞յ ըլլալ որ նոր աշխարհին մէջ կարգ մը դժուարութիւններու պատճառով, մեզի համար դիւրին չըլլայ վստահիլ այն կերպին, որով Եհովան հարցերը ձեռք կ’առնէ։ Օրինակ, նկատի առ թէ ի՛նչ պատահեցաւ իսրայէլացիներուն, եգիպտական ստրկութենէն ազատուելէ կարճ ժամանակ ետք։ Ոմանք սկսան գանգատիլ, ըսելով թէ կարօտցած էին Եգիպտոսի մէջ վայելած թարմ ուտելիքները, իսկ Եհովայի տուած մանանայէն զզուած էին (Թւ. 11։4-6. 21։5)։ Կրնա՞յ ըլլալ որ մենք ալ մեծ նեղութենէն ետք նման մտածումներ ունենանք։ Մենք չենք գիտեր որքա՛ն պիտի աշխատինք, մինչեւ որ կործանումին հետեւանքները վերցուին եւ երկիրը կամաց–կամաց դրախտ դառնայ։ Հաւանաբար, շատ գործ պիտի ըլլայ եւ սկիզբը՝ կարգ մը անպատեհութիւններ։ Պիտի համարձակի՞նք Եհովային գանգատելու՝ այն ատեն իր տուած բաներուն համար։ Մէկ բան յստակ է. եթէ հիմա՛ կը գնահատենք Եհովայի տուածները, այն ատեն իր տուածները ա՛լ աւելի պիտի գնահատենք։ դ22.02 7 ¶18-19
Հինգշաբթի, հոկտեմբեր 26
Հրեայ եղող մարդուն քղանցքը պիտի բռնեն ու ըսեն. «Ձեզի հետ երթանք» (Զաք. 8։23)։
Զաքարիա 8։23–ի մարգարէութեան մէջ, «Հրեայ եղող մարդը» եւ «ձեզի» բառերը կ’ակնարկեն նոյն խումբին՝ օծեալ մնացորդին (Հռով. 2։28, 29)։ «Ազգերուն բոլոր լեզուներէն տասը մարդ»ը կը ներկայացնեն ուրիշ ոչխարները։ Անոնք օծեալներուն «քղանցքը» կը բռնեն,– այսինքն՝ անոնց հաւատարմօրէն կը կառչին,– մաքուր պաշտամունքին մէջ անոնց միանալով։ Նմանապէս, Եհովան Եզեկիէլ 37։15-19, 24, 25–ի մարգարէութիւնը կատարեց, թոյլ տալով որ օծեալները եւ ուրիշ ոչխարները իրարու հետ միութեամբ աշխատին։ Մարգարէութիւնը կը յիշէ երկու փայտեր։ Երկնային յոյս ունեցողները «Յուդայի» փայտին պէս են (Յուդան այն ցեղն է, որմէ Իսրայէլի թագաւորները կ’ընտրուէին), իսկ երկրային յոյս ունեցողները «Եփրեմի» փայտին պէս են։ Եհովան այս երկու խումբերը պիտի միացնէր, որպէսզի «մէկ փայտ» ըլլային։ Ասիկա կը նշանակէ, որ անոնք միութեամբ կը ծառայեն մէկ Թագաւորի՝ Յիսուս Քրիստոսի՝ առաջնորդութեան ներքեւ (Յովհ. 10։16)։ դ22.01 22 ¶9-10
Ուրբաթ, հոկտեմբեր 27
Զգոյշ եղէք որ ձեր ողորմութիւնը մարդոց առջեւ չընէք՝ անոնց երեւնալու համար (Մատ. 6։1)։
Յիսուս խօսեցաւ անհատներու մասին, որոնք աղքատներուն նուէրներ կու տային, բայց վստահ կ’ըլլային որ այդ մէկը ուրիշներու առջեւ ընէին։ Այսպիսի բարիքներ Եհովայի աչքին անարժէք էին (Մատ. 6։2-4)։ Կրնանք իսկապէս բարի ըլլալ, միայն եթէ ճիշդ բանը ընենք ոչ–անձնասէր պատճառներով։ Դուն քեզի հարցուր. ‘Երբ գիտեմ թէ ի՛նչ է ընելիք ճիշդ բանը, զայն կ’ընե՞մ։ Բարիք ընելու մղումս ի՞նչ է’։ Եհովան իր հոգին կը գործածէ բաներ իրագործելու համար (Ծն. 1։2)։ Ուստի, հոգիին պտուղին ամէն մէկ երեսակը կրնայ եւ պէտք է մեզ գործի մղէ։ Օրինակ, Յակոբոս աշակերտ գրեց. «Հաւատքը առանց գործերու մեռած է» (Յակ. 2։26)։ Նոյնը կրնայ ըսուիլ հոգիին պտուղին միւս երեսակներուն նկատմամբ։ Ամէն անգամ որ հոգիին պտուղը կը ցուցաբերենք, կը փաստենք թէ Աստուծոյ հոգին մեր մէջ կը գործէ։ դ22.03 11-12 ¶14-16
Շաբաթ, հոկտեմբեր 28
Ձեզ կանչող Սուրբին պէս դուք ալ սուրբ եղէք ձեր բոլոր վարմունքներուն մէջ (Ա. Պետ. 1։15)։
Մենք կանոնաւորաբար Եհովան կը պաշտենք եւ ուրիշներուն համար լաւ բաներ կ’ընենք։ Պետրոս առաքեալ քրիստոնեաները քաջալերեց, որ կարեւոր բան մը ընեն։ Ան քաջալերեց. «Ձեր մտքերը պատրաստեցէք գործունէութեան համար» (Ա. Պետ. 1։13, ՆԱ)։ Ի՞նչ է այդ գործունէութիւնը։ Պետրոս ըսաւ, որ օծեալները ‘պիտի հռչակէին անոր առաքինութիւնները, որ զիրենք խաւարէն իր սքանչելի լոյսին կանչեց’ (Ա. Պետ. 2։9)։ Իրականութեան մէջ, բոլոր քրիստոնեաները այսօր պատիւը ունին ընելու այս շատ կարեւոր գործը, որ մարդոց աւելի՛ կ’օգնէ, քան որեւէ ուրիշ գործ որ կ’ընեն։ Աստուծոյ սուրբ ժողովուրդին համար մասնայատուկ առանձնաշնորհում մըն է, որ կանոնաւորաբար եւ նախանձախնդրօրէն քարոզեն ու սորվեցնեն (Մար. 13։10)։ Երբ մեր լաւագոյնը կ’ընենք, որ ասիկա կատարենք, կը փաստենք որ կը սիրենք մեր Աստուածը եւ մեր ընկերը, ինչպէս նաեւ ցոյց կու տանք, թէ կ’ուզենք մեր ամբողջ վարքին մէջ ‘սուրբ ըլլալ’։ դ21.12 13 ¶18
Կիրակի, հոկտեմբեր 29
Որուն որ դուք բան մը ներէք, ես ալ կը ներեմ (Բ. Կոր. 2։10)։
Պօղոս իր եղբայրներն ու քոյրերը միշտ դրական աչքով կը դիտէր։ Ան գիտէր որ գէշ կերպով վարուիլը չի նշանակեր, որ անձը գէշ է։ Ան եղբայրները կը սիրէր եւ կը կեդրոնանար անոնց լաւ յատկութիւններուն վրայ։ Երբ անոնց համար ճիշդը ընելը դժուար կ’ըլլար, ան կը հաւատար որ անոնք կ’ուզէին ճիշդը ընել եւ պարզապէս օգնութեան պէտք ունէին։ Նկատի առ թէ Պօղոս ինչպէ՛ս վարուեցաւ երկու քոյրերու հետ Փիլիպպէի ժողովքին մէջ (Փլպ. 4։1-3)։ Այնպէս կ’երեւի թէ Եւոդիան եւ Սիւնտիքը իրարմէ նեղուած էին։ Պօղոս անոնց հետ կոշտութեամբ կամ քննադատական կերպով չվարուեցաւ, հապա կեդրոնացաւ անոնց լաւ յատկութիւններուն վրայ։ Անոնք հաւատարիմ քոյրեր էին, որոնք երկար ատեն Եհովային ծառայած էին։ Պօղոս գիտէր, որ Եհովան զիրենք կը սիրէր։ Անոնց հանդէպ դրական տեսակէտ ունենալով, ան մղուեցաւ քոյրերը քաջալերելու, որ իրարու միջեւ խաղաղութիւն ընեն։ Որովհետեւ Պօղոս ուրիշներու լաւ յատկութիւններուն վրայ կը կեդրոնանար, կրցաւ իր ուրախութիւնը պահել եւ նոյն ժողովքին մէջ զօրաւոր բարեկամութիւններ ունենալ։ դ22.03 30 ¶16-18
Երկուշաբթի, հոկտեմբեր 30
Տէրը մօտ է անոնց, որոնց սիրտը կոտրած է ու հոգիով խոնարհածները կ’ապրեցնէ (Սաղ. 34։18)։
Եհովային տուած խաղաղութիւնը մեր սիրտը կը հանդարտեցնէ եւ կ’օգնէ որ յստակօրէն մտածենք։ Նկատէ թէ քոյր մը ինչպէ՛ս այս մէկը շօշափեց։ Ան կ’ըսէ. «Յաճախ շատ մինակ կը զգամ։ Ատեններ այդ զգացումը կը ձգէ որ մտածեմ, թէ Եհովան զիս չի սիրեր։ Բայց երբ ատիկա պատահի, անմիջապէս Եհովային կը պատմեմ, թէ ի՛նչ կը զգամ։ Աղօթելը ինծի կ’օգնէ, որ աւելի լաւ զգամ»։ Իրապէս ալ, աղօթելով կրնանք խաղաղութիւն գտնել (Փլպ. 4։6, 7)։ Վստահ ենք որ Եհովան եւ Յիսուսը մեզի պիտի օգնեն, երբ սիրելի մը կորսնցնենք։ Կը մղուինք կարեկցութեամբ քարոզելու եւ սորվեցնելու, քանի որ Եհովան եւ Յիսուսը այս գեղեցիկ յատկութիւնը ցոյց կու տան։ Իսկ մխիթարական է գիտնալ, որ անոնք մեր տկարութիւններուն կը կարեկցին ու կ’ուզեն մեզի օգնել որ տոկանք։ Անհամբեր կը սպասենք այն օրուան, երբ Եհովան մեր ‘աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ’ (Յայտ. 21։4)։ դ22.01 16 ¶7. 19 ¶19-20
Երեքշաբթի, հոկտեմբեր 31
Նեղ դռնէն ներս մտէք. վասն զի լայն է այն դուռը ու ընդարձակ՝ այն ճամբան, որ դէպի կորուստ կը տանի եւ շատուոր են անոնք, որ անկէ կը մտնեն (Մատ. 7։13)։
Յիսուս յիշեց երկու տարբեր դռներ, որոնցմէ կարելի է մտնել երկու տարբեր ճամբաներ. մէկը՝ «ընդարձակ» է, իսկ միւսը՝ «նեղուածք» (Մատ. 7։14)։ Երրորդ ճամբայ մը չկայ։ Մենք պէտք է որոշենք ո՛ր ճամբան բռնել։ Եւ ասիկա մեր առնելիք ամենակարեւոր որոշումն է, քանի որ մեր յաւիտենական կեանքը անկէ կախեալ է։ Շատ մարդիկ «ընդարձակ» ճամբուն մէջ կը քալեն, քանի որ դիւրին ճամբայ է։ Ցաւօք սրտի, շատեր կ’որոշեն անոր մէջ մնալ եւ ընել ի՛նչ որ բոլորը կ’ընեն։ Անոնք չեն ըմբռներ, որ Բանսարկու Սատանան մարդիկը կը քաջալերէ, որ բռնեն այս ճամբան, որ մահուան կը տանի (Ա. Կոր. 6։9, 10. Ա. Յովհ. 5։19)։ «Ընդարձակ» ճամբուն հակառակը, միւս ճամբան «նեղուածք» է, եւ Յիսուս ըսաւ որ քիչեր զանիկա կը գտնեն։ Ինչո՞ւ։ Նկատէ թէ յաջորդ համարին մէջ, Յիսուս իր հետեւորդները զգուշացուց սուտ մարգարէներէն (Մատ. 7։15)։ դ21.12 22-23¶3-5