Նոյեմբեր
Չորեքշաբթի, նոյեմբեր 1
Ամէն ոք ալ Աստուծմէ սորված պիտի ըլլայ (Յովհ. 6։45)։
Եհովան շատ մը կերպերով մեզի կ’օգնէ։ Ան կրնայ քեզի օգնել, որ հակառակորդի մը դիմաց հանդարտ մնաս։ Ան նաեւ կրնայ քեզի օգնել, որ պէտք եղած համարը յիշես, երբ հետաքրքրուած տանտէրի մը հետ կը խօսիս։ Եւ ան քեզի ոյժ կու տայ, որ շարունակես դիմանալ, երբ թաղամասիդ մէջ անտարբերութիւն կը դիմագրաւես (Եր. 20։7-9)։ Եհովան նաեւ մեզի հանդէպ իր բարութիւնը ցոյց տուած է ծառայութեան համար մեզ մարզելով։ Միջշաբաթային ժողովներուն մէջ, լաւ պատրաստուած՝ «Ծառայութեան համար առաջարկներ» կը լսենք եւ մեզի քաջալերութիւն կը տրուի, որ ատոնք ծառայութեան մէջ գործածենք։ Սկիզբը, թերեւս քիչ մը վախնանք նոր բան մը փորձելու, բայց երբ նոր մօտեցում մը փորձենք, թերեւս տեսնենք որ ատիկա թաղամասի մարդոց համար գրաւիչ է։ Նաեւ, ժողովներուն եւ համաժողովներուն մեզի քաջալերութիւն կը տրուի, որ մասնակցինք ծառայութեան այն տեսակներուն, որոնք ասկէ առաջ չենք փորձած։ Նորէն, թերեւս ստիպուինք մեր հանգիստը մէկ կողմ դնել, բայց երբ այդպէս ընենք՝ Եհովան մեզ պիտի օրհնէ։ դ21.08 27 ¶5-6
Հինգշաբթի, նոյեմբեր 2
Ժամանակը ծախու առէք, վասն զի օրերս չար են (Եփ. 5։16)։
Կորնթացիներուն ուղղած իր նամակին մէջ, Պօղոս առաքեալ զօրաւոր խրատ մը տուաւ։ Ետքը, անոնց քով Տիտոսը ղրկեց։ Եւ շա՜տ ուրախացաւ, երբ իմացաւ որ խրատը ընդունած էին եւ գործադրած էին (Բ. Կոր. 7։6, 7)։ Երէցները կրնան Պօղոսի օրինակին հետեւիլ, հաւատակիցներուն հետ ժամանակ անցընելով։ Ասիկա ընելու կերպերէն մէկը այն է, որ ժողովներուն կանուխ գան, որպէսզի ուրիշներուն հետ իմաստալից խօսակցութիւններ ունենան։ Յաճախ կարելի է քանի մը վայրկեանուան մէջ եղբայր մը կամ քոյր մը քաջալերել (Հռով. 1։12)։ Պօղոսի օրինակին հետեւելով, երէց մը նաեւ կրնայ Աստուծոյ Խօսքը գործածելով հաւատակիցներուն հաւատքը զօրացնել եւ զիրենք վստահեցնել, որ Աստուած զիրենք կը սիրէ։ Ան ամէն առիթով զիրենք կը գովէ։ Երբ պէտք ըլլայ որ խրատ տայ, իր խրատը Աստուծոյ Խօսքին վրայ կը հիմնէ։ Ան մասնայատուկ բայց ազնիւ կերպով կը խօսի, քանի որ կ’ուզէ որ իր խրատը գործադրուի (Գաղ. 6։1)։ դ22.03 28-29 ¶11-12
Ուրբաթ, նոյեմբեր 3
Այս գանձը մեր մէջ կը կրենք՝ կաւէ անօթներու պէս, որպէսզի յստակօրէն երեւի՝ թէ այս անսահման զօրութիւնը Աստուծմէ է որ կու գայ, եւ ո՛չ թէ մեզմէ (Բ. Կոր. 4։7, ՆԹ)։
Ներկայիս, Եհովան իր ծառաներուն «անսահման զօրութիւն» կու տայ, որպէսզի շարունակեն հաւատարմօրէն իրեն ծառայել։ Միջոցներէն մէկը, որով կը զօրանանք, աղօթքն է։ Եփեսացիս 6։18–ին մէջ, Պօղոս առաքեալ մեզ կը քաջալերէ որ Աստուծոյ ‘ամէն ատեն աղօթենք’։ Եւ Աստուած մեր աղօթքներուն պիտի պատասխանէ՝ մեզ զօրացնելով։ Ատեններ ջախջախուած կը զգանք կամ չենք գիտեր ինչի՛ մասին աղօթենք։ Բայց Եհովան մեզ կը հրաւիրէ որ իրեն աղօթենք, նոյնիսկ եթէ մեզի համար դժուար է մեր միտքերը եւ զգացումները բառերով արտայայտել (Հռով. 8։26, 27)։ Ան նաեւ մեզ կը զօրացնէ Սուրբ Գիրքին միջոցաւ։ Ինչպէս որ Պօղոս Սուրբ Գրութիւններէն ոյժ եւ մխիթարութիւն առաւ, մենք ալ կրնանք նոյնը ընել (Հռով. 15։4)։ Երբ Աստուածաշունչը կը կարդանք եւ անոր վրայ կը խոկանք, Եհովան իր սուրբ հոգիով կրնայ մեզի օգնել հասկնալու, թէ գրուածը ինչպէ՛ս կը կիրարկուի մեր պարագային (Եբ. 4։12)։ դ21.05 22 ¶8-10
Շաբաթ, նոյեմբեր 4
Աստուած է որ ձեզ եռանդուն կը դարձնէ, ձեզի տալով գործելու թէ՛ փափաքը եւ թէ ուժը (Փլպ. 2։13, ՆԱ)։
Մենք սորվեցնելու պատուէրը լուրջի կ’առնենք, թէեւ դժուարութիւններ ունինք, որոնք թերեւս չեն ձգեր, որ աշակերտելու գործին մէջ ընենք ա՛յնքան, ո՛րքան կ’ուզենք ընել։ Թերեւս կը զգանք որ մեր պարագաները մեզ կը սահմանափակեն։ Օրինակ, կարգ մը հրատարակիչներ տարիքով աւելի մեծ են կամ տկար առողջութիւն ունին։ Ա՞յդ է պարագադ։ Եթէ այո, յիշէ որ կրնանք ելեկտրոնային միջոցներով արդիւնաբեր դասեր վարել։ Ուստի, կրնաս քու տունդ նստած՝ դաս սկսիլ ու վարել։ Ուրիշ առաւելութիւն մըն ալ կայ։ Ոմանք կը սիրեն Աստուածաշունչը սերտել, բայց զբաղած են այն ժամերուն, երբ մեր եղբայրները ընդհանրապէս կը ծրագրեն քարոզել։ Սակայն, թերեւս անոնք ազատ են առտու կանուխ կամ ուշ գիշերով։ Կրնա՞ս այս ժամերուն մէկու մը հետ սերտել։ Յիսուս գիշերով սորվեցուց Նիկոդէմոսին, քանի որ անոր այդպէս կը յարմարէր (Յովհ. 3։1, 2)։ դ21.07 5 ¶10-11
Կիրակի, նոյեմբեր 5
Այս ժողովուրդը ինծի բերնովը կը մօտենայ եւ զիս շրթունքներովը կը պատուէ, բայց անոնց սիրտը ինձմէ հեռու է (Եսա. 29։13)։
Յովհաննէս Մկրտիչին աշակերտները զարմացան, երբ տեսան որ Յիսուսի աշակերտները ծոմ չէին պահեր։ Յիսուս բացատրեց որ անոնք պէտք չունին ծոմ պահելու, մինչ ինք ողջ է (Մատ. 9։14-17)։ Բայց եւ այնպէս, փարիսեցիները եւ ուրիշ հակառակողներ Յիսուսը դատապարտեցին, քանի որ իրենց սովորութիւններուն եւ աւանդութիւններուն չէր հետեւեր։ Անոնք ջղայնացան, երբ ան Շաբաթ օրով հիւանդներ բժշկեց (Մար. 3։1-6. Յովհ. 9։16)։ Մէկ կողմէ, անոնք հպարտօրէն կ’ըսէին թէ Շաբաթը կը պահէին, իսկ միւս կողմէ խնդիր չունէին տաճարին մէջ առեւտուր ընելու։ Անոնք կատղեցան, երբ Յիսուս զիրենք դատապարտեց ատոր համար (Մատ. 21։12, 13, 15)։ Եւ այն մարդիկը, որոնց Յիսուս քարոզեց Նազարէթի ժողովարանին մէջ, շատ բարկացան, երբ իսրայէլի պատմութենէն օրինակներ գործածեց, իրենց ցոյց տալու թէ անձնասէր էին եւ հաւատք չունէին (Ղուկ. 4։16, 25-30)։ Այսպէս, շատեր Յիսուսը մերժեցին, քանի որ իրենց սպասած կերպով չվարուեցաւ (Մատ. 11։16-19)։ դ21.05 5-6 ¶13-14
Երկուշաբթի, նոյեմբեր 6
Անոր խորհուրդները գիտենք (Բ. Կոր. 2։11)։
Եհովան մեզ կը զգուշացնէ հպարտութենէն ու ագահութենէն, մեզ քաջալերելով որ դասեր քաղենք ուրիշներու փորձառութենէն։ Երբ ագահութեան մասին մտածենք, հաւանաբար Սատանան մեր միտքը կու գայ։ Եհովայի հրեշտակը ըլլալով, ան շատ մը հոյակապ առանձնաշնորհումներ ունեցած ըլլալու էր։ Բայց ատոնցմով չբաւարարուեցաւ եւ աւելին ուզեց։ Ան ուզեց այն պաշտամունքը, որուն միայն Եհովան արժանի է։ Ուզելով որ իրեն պէս ըլլանք, Սատանան կը փորձէ մեզ մղել, որ մեր ունեցածով չգոհանանք։ Առաջին անգամ այդպէս ըրաւ, երբ Եւային խօսեցաւ։ Եհովան առատաձեռնօրէն Եւային եւ իր ամուսինին թոյլ տուած էր, որ «պարտէզին բոլոր ծառերէն» ուտէին՝ բացի մէկ ծառէ (Ծն. 2։16)։ Սակայն Սատանան Եւան խաբեց եւ ձգեց որ մտածէ, թէ պէ՛տք է այդ մէկ արգիլուած ծառէն ուտէ։ Եւան իր ունեցածը չգնահատեց, հապա աւելի՛ն ուզեց։ Եւ գիտենք ատոր արդիւնքը ի՛նչ եղաւ։ Եւան մեղքին տեղի տուաւ եւ ի վերջոյ՝ մեռաւ (Ծն. 3։6, 19)։ դ21.06 14 ¶2-3. 17 ¶9
Երեքշաբթի, նոյեմբեր 7
Աճեցէք ու շատցէք ու երկիրը լեցուցէք եւ անոր տիրեցէք (Ծն. 1։28)։
Եհովան ուզեց, որ Ադամն ու Եւան զաւակներ ունենան եւ երկրին լաւ հոգ տանին։ Եթէ անոնք հնազանդօրէն Եհովայի խնդրածը ընէին, իրենք եւ իրենց սերունդը իր ընտանիքի անդամները պիտի մնային յաւիտեա՛ն։ Ադամն ու Եւան Եհովայի ընտանիքին մէջ կարեւոր տեղ ունէին։ Ինչպէս որ Սաղմոս 8։5–ի մէջ արձանագրուած է, Դաւիթ մարդուն ստեղծուելուն մասին ըսաւ. «Քիչ մը վար ըրիր զանիկա հրեշտակներէն, փառքով ու պատուով պսակեցիր զանիկա»։ Ճիշդ է որ մարդոց չտրուեցան հրեշտակներուն ունեցած նոյն զօրութիւնը, ուշիմութիւնը եւ կարողութիւնները (Սաղ. 103։20)։ Բայց եւ այնպէս, մարդը միայն «քիչ մը վար» է այդ ուժեղ հոգեղէն արարածներէն։ Ցաւօք սրտի, Ադամն ու Եւան Եհովայի ընտանիքին մէջ իրենց տեղը կորսնցուցին։ Ասիկա շա՛տ գէշ հետեւանքներ ունեցած է իրենց սերունդին վրայ։ Բայց Եհովային նպատակը չէ փոխուած։ Ան կ’ուզէ որ հնազանդ մարդիկը իր զաւակները ըլլան յաւիտեա՛ն։ դ21.08 2-3 ¶2-4
Չորեքշաբթի, նոյեմբեր 8
«Զօրութեամբ չէ եւ ուժով չէ, հապա իմ Հոգիովս», կ’ըսէ զօրքերու Տէրը (Զաք. 4։6)։
Այսօր, Եհովայի ծառաներէն շատեր հակառակութիւն կը դիմագրաւեն։ Օրինակ, ոմանք կ’ապրին երկիրներու մէջ, ուր մեր գործը արգիլուած է, եւ անոնք թերեւս ձերբակալուին ու ‘կուսակալներու եւ թագաւորներու առջեւ տարուին’, անոնց վկայութիւն ըլլալու համար (Մատ. 10։17, 18)։ Ուրիշ Վկաներ տարբեր տեսակի հակառակութիւն կը դիմագրաւեն։ Անոնք կ’ապրին երկրի մը մէջ, ուր կրնան ազատօրէն Եհովան պաշտել, բայց իրենց ընտանիքի անդամները կը փորձեն արգելք ըլլալ որ Եհովային ծառայեն (Մատ. 10։32-36)։ Շատ մը պարագաներու, ընտանիքի անդամները հակառակելէ կը կենան, երբ կը տեսնեն որ իրենց ջանքերը արդիւնք չեն տար։ Եւ կարգ մը պարագաներու, անոնք որոնք վայրագօրէն հակառակեցան, ետքը նախանձախնդիր Վկաներ դարձան։ Երբ հակառակութիւն դիմագրաւես, մի՛ յանձնուիր։ Քաջ եղիր։ Եհովան իր զօրաւոր սուրբ հոգիով քեզի կ’օգնէ. ուստի, պէտք չունիս բանէ մը վախնալու։ դ22.03 16 ¶8
Հինգշաբթի, նոյեմբեր 9
Ո՛վ Տէրը սիրողներ, չարութիւնը ատեցէ՛ք (Սաղ. 97։10)։
Աստուածաշունչը կը յայտնէ, որ Եհովան կ’ատէ «ամբարտաւան աչքեր, ստախօս լեզու, անմեղ արիւն թափող ձեռքեր» (Առ. 6։16, 17)։ Ան նաեւ «արիւնահեղ ու խաբեբայ մարդէն կը գարշի» (Սաղ. 5։6, ԱԾ)։ Եհովան այս բաները այնքա՛ն կ’ատէ որ Նոյի օրերուն, բոլոր չարերը մէջտեղէն վերցուց, քանի որ երկիրը բռնութեամբ լեցուցին (Ծն. 6։13)։ Նաեւ, Մաղաքիա մարգարէին միջոցաւ, Եհովան ըսաւ որ ինք կ’ատէ անոնք՝ որոնք նենգութեամբ կը ծրագրեն իրենց անմեղ կողակիցէն ամուսնալուծուիլ։ Ան այսպիսիներու պաշտամունքը կը մերժէ եւ անոնցմէ հաշիւ պիտի պահանջէ իրենց ըրածին համար (Մաղ. 2։13-16. Եբ. 13։4)։ Եհովան կ’ուզէ որ ‘չարէն զզուինք’ (Հռով. 12։9)։ «Զզուիլ» կը նշանակէ՝ բան մը խորապէս ատել եւ անկէ գանիլ։ Ուստի, Եհովային ատած մէկ բանը ընելու գաղափարն իսկ պէտք է մեզի համար պժգալի ըլլայ։ դ22.03 4-5 ¶11-12
Ուրբաթ, նոյեմբեր 10
Երանի՜ այն ամենուն, որ անոր կը սպասեն (Եսա. 30։18)։
Մօտ ատենէն, մեր երկնաւոր Հայրը իր Թագաւորութեան միջոցով մեզ առատապէս պիտի օրհնէ։ Անոնք, որոնք Եհովային կը սպասեն, բազմաթիւ օրհնութիւններ պիտի ստանան թէ՛ հիմա եւ թէ գալիք նոր աշխարհին մէջ։ Երբ Աստուծոյ ժողովուրդը մտնէ նոր աշխարհը, անոնք անգամ մըն ալ պիտի չստիպուին տոկալ այն մտահոգութիւններուն եւ դժուարութիւններուն, որոնք այսօր ունին։ Ո՛չ անարդարութիւն, ոչ ալ ցաւ պիտի ըլլան (Յայտ. 21։4)։ Այլեւս հոգ պիտի չընենք որ թերեւս մեզի պէտք եղած բանը չստանանք, քանի որ առատութիւն պիտի ըլլայ (Սաղ. 72։16. Եսա. 54։13)։ Ասիկա ի՜նչ մեծ օրհնութիւն պիտի ըլլայ։ Ներկայիս, Եհովան մեզ կը պատրաստէ իր իշխանութեան ներքեւ ապրելու համար, մեզի օգնելով որ գէշ սովորութիւնները յաղթահարենք եւ զարգացնենք յատկութիւններ, որոնք իրեն հաճելի են։ Մի՛ վհատիր եւ մի՛ յանձնուիր։ Աւելի լաւ օրեր մեզի կը սպասեն։ Մեր առջեւ հիանալի ապագայ մը ըլլալով, թող որ շարունակենք համբերութեամբ սպասել Եհովային, մինչ իր խոստումները կը կատարէ։ դ21.08 13 ¶17-19
Շաբաթ, նոյեմբեր 11
Բարերարութիւնը ու կարօտեալներուն ողորմութիւնը մի՛ մոռնաք, վասն զի Աստուած այնպիսի պատարագներու կը հաւնի (Եբ. 13։16)։
Պօղոս առաքեալի նամակը ստանալէն շատ չանցած, Հրէաստանի մէջ քրիստոնեաները ստիպուեցան իրենց տուները, գործերը, քրիստոնեայ չեղող ազգականները ձգել եւ ‘լեռները փախչիլ’ (Մատ. 24։16)։ Այդ ժամանակ, անկասկած մեծ պէտք կար որ իրարու օգնէին։ Եթէ նախապէս կը գործադրէին Պօղոսի խրատը, որ իրենց ունեցածով իրարու օգնէին, իրենց համար աւելի դիւրին պիտի ըլլար նոր ապրելակերպին վարժուիլը։ Մեր հաւատակիցները միշտ մեզի չեն ըսեր, թէ ի՛նչ բաներու պէտք ունին։ Ուստի եղիր այնպիսի մէկը, որմէ դիւրին է օգնութիւն խնդրել։ Վստահաբար կը ճանչնաս ժողովքիդ մէջ եղբայրներ ու քոյրեր, որոնք միշտ պատրաստ են օգնութեան ձեռք տալու։ Անոնք բնա՛ւ մեզի չեն զգացներ որ բեռ ենք։ Մենք գիտենք որ միշտ կրնանք անոնց դիմել, երբ օգնութեան պէտք ըլլայ, եւ շատ կ’ուզենք իրենց պէս ըլլալ։ դ22.02 23-24 ¶13-15
Կիրակի, նոյեմբեր 12
Ջանացէք Սուրբ Հոգիին միաբանութիւնը խաղաղութեան կապովը պահել (Եփ. 4։3)։
Վերջին տարիներուն պէտք եղած է, որ շատ մը ժողովքներ եւ շրջաններ տարբեր կերպով կազմակերպուին։ Եթէ մեզմէ խնդրուի, որ նոր ժողովքի մը մաս կազմենք, թերեւս մեզի համար դժուար ըլլայ մեր բարեկամները եւ ընտանիքը ձգել։ Իրականութեան մէջ, երէցները Աստուծոյ կողմէ ուղղութիւն չեն ստանար, թէ ամէն մէկ հրատարակիչ ո՛ւր նշանակեն։ Եւ այս իրողութիւնը կրնայ մեզի համար դժուարացնել, որ անոնց ուղղութիւններուն հետեւինք։ Բայց Եհովան երէցներուն կը վստահի, որ այդ որոշումները առնեն։ Ուրեմն, մենք ալ պէտք է անոնց վստահինք։ Ինչո՞ւ պէտք է երէցներուն հետ համագործակցինք եւ անոնց որոշումներուն թիկունք կանգնինք, նոյնիսկ եթէ տարբեր նախընտրութիւն ունինք։ Քանի որ այդպէս ընելով կ’օգնենք, որ Աստուծոյ ժողովուրդը միացած մնայ։ Ժողովքը կը զօրանայ, երբ բոլորը խոնարհաբար կը հետեւին երէցներու մարմինի որոշումներուն (Եբ. 13։17)։ Եւ ամէնէն կարեւորը, Եհովային ցոյց կու տանք, որ իրեն կը վստահինք, համագործակցելով անոնց հետ, որոնց վստահած է մեզի հոգ տանիլը (Գործք 20։28)։ դ22.02 4-5 ¶9-10
Երկուշաբթի, նոյեմբեր 13
Միտք դիր կարդալու, յորդորելու, սորվեցնելու (Ա. Տիմ. 4։13)։
Եթէ մկրտուած եղբայր մըն ես, կրնաս խօսելու եւ սորվեցնելու հմտութիւնդ բարելաւել։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ եթէ կարդալով, խօսելով եւ սորվեցնելով ‘պարապիս’, կամ զբաղած ըլլաս, քեզի մտիկ ընողները պիտի օրհնուին (Ա. Տիմ. 4։15)։ Նպատակակէտ դիր, որ սերտես եւ գործադրես խօսակցութեան իւրաքանչիւր յատկութիւն, որ կը քննարկուի Աւելի լաւ կարդանք եւ սորվեցնենք գրքոյկին մէջ։ Յատկութիւն առ յատկութիւն սերտէ, տունը լաւ փորձ ըրէ, եւ ջանք թափէ որ այդ յատկութիւնը բաժինիդ մէջ գործադրես։ Խրատ խնդրէ օժանդակ խրատատուէն կամ ուրիշ երէցներէ, որոնք ծանր «կ’աշխատին խօսքը քարոզելով ու սորվեցնելով» (Ա. Տիմ. 5։17)։ Կեդրոնացիր ոչ միայն գրքոյկէն սորված դասդ գործադրելուն վրայ, հապա նաեւ քեզի մտիկ ընողներուն օգնելու վրայ, որ իրենց հաւատքը զօրացնեն, կամ զիրենք գործի մղելու վրայ։ Այդպէս ընելով, քու եւ անոնց ուրախութիւնը պիտի աւելնայ։ դ21.08 24 ¶17
Երեքշաբթի, նոյեմբեր 14
Խոնարհութիւնով մէկզմէկ ձեր անձէն լաւ սեպեցէք (Փլպ. 2։3)։
Եթէ ուրիշները մեզմէ աւելի լաւ կը սեպենք, պիտի չմրցակցինք անոնց հետ, որոնք մեզմէ աւելի մեծ ձիրքեր եւ կարողութիւններ ունին։ Ընդհակառակը, անոնց համար ուրախ պիտի ըլլանք, մանաւանդ եթէ իրենց ձիրքերը կը գործածեն Եհովայի ծառայութեան մէջ՝ զինք փառաբանելու համար։ Արդիւնքը պիտի ըլլայ, որ ժողովքին մէջ բոլորս խաղաղութեան ու միութեան պիտի նպաստենք։ Կրնանք նախանձին դէմ դնել, եթէ համեստութիւն մշակենք, այսինքն՝ մեր սահմանափակումներուն գիտակից ըլլանք։ Եթէ համեստ ենք, պիտի չփորձենք փաստել, թէ մենք բոլորէն աւելի լաւ կամ աւելի տաղանդաւոր ենք։ Հապա պիտի տեսնենք թէ անոնցմէ ի՛նչ կրնանք սորվիլ։ Օրինակ, սեպենք թէ ժողովքին մէջ եղբայր մը հոյակապ դասախօս է։ Կրնանք իրեն հարցնել, թէ իր դասախօսութիւնները ինչպէ՛ս կը պատրաստէ։ Եթէ քոյր մը լաւ խոհարարուհի է, կրնանք իրմէ խնդրել որ մեզի օգնէ այդ մարզին մէջ բարելաւուելու։ դ21.07 16 ¶8-9
Չորեքշաբթի, նոյեմբեր 15
Աստուած. . . անիրաւութիւն չունի (Բ. Օր. 32։4)։
Թուոց գիրքին մէջ կը կարդանք, որ Եհովան մահուան դատապարտեց իսրայէլացի մը, Շաբաթ օրով փայտ հաւաքելուն համար։ Անդին, Բ. Թագաւորաց գիրքին մէջ կը կարդանք, որ ան ներեց Դաւիթին, որ շնութիւն ըրած էր եւ մարդ սպաննած էր (Թւ. 15։32, 35. Բ. Թագ. 12։9, 13)։ Թերեւս հարց տանք. ‘Ինչո՞ւ Եհովան ներեց Դաւիթին, որ շնութիւն ըրած էր եւ մարդ սպաննած էր, բայց մահուան դատապարտեց մէկը, որ ըստ երեւոյթին՝ նուազ լուրջ մեղք մը գործած էր’։ Աստուածաշունչը դէպքի մը բոլոր մանրամասնութիւնները միշտ չի յիշեր։ Օրինակ, գիտենք որ Դաւիթ անկեղծօրէն զղջաց իր ըրածներուն համար (Սաղ. 51։2-4)։ Բայց Շաբաթի օրէնքը կտրող մարդը ինչպիսի՞ մէկն էր։ Իր ըրածին համար զղջա՞ց։ Ասկէ առաջ, Եհովային օրէնքները կտրա՞ծ էր։ Կրնա՞յ ըլլալ, որ նախապէս իրեն զգուշացումներ տրուած էին, բայց ինք զանոնք անտեսած էր կամ նոյնիսկ մերժած էր։ Աստուածաշունչը բան մը չ’ըսեր։ Սակայն, մենք մեր Աստուծոյն մասին այնքան շատ բան գիտենք, որ վստահ ենք թէ ան «արդար է իր բոլոր ճամբաներուն մէջ» (Սաղ. 145։17)։ դ22.02 2-3 ¶3-4
Հինգշաբթի, նոյեմբեր 16
Իմաստութիւնը համեստներուն հետ է (Առ. 11։2, ՆԱ)։
Համեստ անձը ինքն իրմէ չ’ակնկալեր որ ընէ աւելին, քան ի՛նչ որ կրնայ։ Այդպէս ընելով, պիտի մնայ ուրախ եւ պիտի շարունակէ ծանր աշխատիլ։ Համեստ անձը կրնանք նմանցնել մէկու մը, որ հեծիկով զառիվեր կ’ելլէ։ Ան նոյն արագութեամբ վեր պիտի չելլէ։ Թէեւ հեծիկը աւելի դանդաղ պիտի քշէ, բայց պիտի շարունակէ դէպի յառաջ երթալ։ Նոյնպէս համեստ անձը գիտէ, թէ ե՛րբ պէտք է փոփոխութիւններ ընէ կամ «արագութիւնը դանդաղեցնէ», որպէսզի շարունակէ Եհովային ծառայել եւ ուրիշներուն օգտակար ըլլալ (Փլպ. 4։5, ՆԱ)։ Նկատի առ թէ Բերզելի 80 տարեկան էր, երբ Դաւիթ թագաւոր զինք հրաւիրեց, որ պալատական ըլլայ։ Համեստ ըլլալով, Բերզելին թագաւորին հրաւէրը մերժեց։ Իր սահմանափակումներուն գիտակից ըլլալով, ան յանձնարարեց որ երիտասարդ Քամաամը երթայ իր տեղը (Բ. Թագ. 19։35-37)։ Բերզելիին պէս, տարեցները ուրախութեամբ երիտասարդներուն կու տան առիթը, որ ծառայեն։ դ21.09 10 ¶6-7
Ուրբաթ, նոյեմբեր 17
Մէ՛կը չի գիտեր թէ ո՞վ է Որդին, բայց միայն Հայրը եւ թէ ո՞վ է Հայրը, բայց միայն Որդին եւ ան՝ որուն Որդին կ’ուզէ յայտնել (Ղուկ. 10։22)։
Քեզի համար դժուա՞ր է Եհովան սիրալիր Հայր նկատել։ Ոմանց համար դժուար է։ Եթէ մեր հայրը ազնիւ չէ եղած, կրնայ դիւրին չըլլալ երեւակայել հայր մը, որ մեզ կը սիրէ։ Շա՜տ կը մխիթարուինք գիտնալով որ Եհովան կատարելապէս մեր զգացումները կը հասկնայ։ Ան կ’ուզէ մեզի մօտիկ ըլլալ։ Անոր համար, իր Խօսքը մեզ կը քաջալերէ. «Աստուծոյ մօտեցէ՛ք ու անիկա ձեզի պիտի մօտենայ» (Յակ. 4։8)։ Եհովան մեզ կը սիրէ եւ կ’ուզէ մեզի համար լաւագոյն Հայրը ըլլալ։ Յիսուս կրնայ մեզի օգնել, որ Եհովային մօտենանք։ Ան Եհովան այնքա՛ն լաւ կը ճանչնայ եւ իր յատկութիւնները այնքա՛ն լաւ կ’ընդօրինակէ, որ ըսաւ. «Ան որ զիս տեսաւ՝ Հայրը տեսաւ» (Յովհ. 14։9)։ Մեծ եղբօր մը պէս, Յիսուս մեզի կը սորվեցնէ թէ ինչպէ՛ս կրնանք մեր Հայրը յարգել եւ անոր հնազանդիլ, զայն չտխրեցնել եւ անոր հաճութիւնը շահիլ։ Բայց մանաւանդ Յիսուսի երկրային կեանքին ընթացքը ցոյց կու տայ, թէ Եհովան որչա՜փ ազնիւ ու սիրառատ է։ դ21.09 21 ¶4-5
Շաբաթ, նոյեմբեր 18
Աստուծոյ հօտը որ ձեր մէջ է՝ արածեցէք (Ա. Պետ. 5։2)։
Եհովայի ժողովուրդը միացած է միակ ճշմարիտ Աստուծոյ պաշտամունքին մէջ։ Եհովան երէցներուն տուած է ժողովքը մաքուր պահելու ծանր պատասխանատուութիւնը։ Եթէ քրիստոնեայ մը լուրջ մեղք մը գործէ, Եհովան երէցներէն կը պահանջէ, որ որոշեն թէ անհատը ժողովքին մէջ կրնա՛յ մնալ կամ ոչ։ Անոնք պէտք է մէջտեղ հանեն, թէ անհատը իր ըրածին համար իրապէս գէշ կը զգա՛յ կամ ոչ։ Թերեւս ան ըսէ, որ զղջացած է, բայց արդեօք իր ըրածը կ’ատէ՞։ Արդեօք վճռա՞ծ է, որ այդ մեղքը այլեւս չգործէ։ Եթէ չար ընկերակցութիւնները իր մեղք գործելուն պատճառն են, արդեօք պատրա՞ստ է անոնց հետ իր կապը կտրելու։ Երէցները աղօթքով եւ աստուածաշնչական սկզբունքներու հիման վրայ, բոլոր իրողութիւնները կը քննեն եւ նկատի կ’առնեն, թէ անհատը ինչպէ՛ս կը զգայ իր ըրածին նկատմամբ։ Ետքը, կ’որոշեն թէ ան ժողովքին մէջ կրնա՛յ մնալ կամ ոչ։ Կարգ մը պարագաներու, անհատը պէտք է վտարուի (Ա. Կոր. 5։11-13)։ դ22.02 5 ¶11-12
Կիրակի, նոյեմբեր 19
Հագէ՛ք նոր անձնաւորութիւնը (Կող. 3։10, ՆԱ)։
Մեր մկրտութեան վրայ անցած ըլլան օրեր կամ տասնեակ տարիներ, բոլորս կ’ուզենք ունենալ այն անձնաւորութիւնը, որ Եհովան կը սիրէ։ Այդ անձը ըլլալու համար, պէտք է մեր մտածումը զսպենք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ մեր մտածումները մեծապէս կը կաղապարեն մեր անձնաւորութիւնը։ Եթէ միշտ կը մտածենք մեր մարմնաւոր ցանկութիւններուն մասին, գէշ բաներ պիտի ըսենք ու ընենք (Եփ. 4։17-19)։ Միւս կողմէ, եթէ մեր միտքը լաւ մտածումներով կը լեցնենք, շատ աւելի հաւանական է, որ խօսինք ու վարուինք այնպիսի կերպով մը, որ կը հաճեցնէ մեր Հայրը՝ Եհովան (Գաղ. 5։16)։ Սակայն, չենք կրնար բոլոր գէշ մտածումները արգիլել, որ մեր միտքը գան։ Բայց կրնա՛նք ընտրել անոնց համաձայն չվարուիլ։ Մկրտուելէ առաջ, պէտք է այլեւս չխօսինք ու չվարուինք կերպով մը, որ Եհովան կ’ատէ։ Ասիկա հին անձնաւորութիւնը մեր վրայէն հանելու առաջին ու ամենակարեւոր քայլն է։ Սակայն, լիովին Եհովան հաճեցնելու համար, պէտք է նաեւ հագնինք նոր անձնաւորութիւնը։ դ22.03 8 ¶1-2
Երկուշաբթի, նոյեմբեր 20
Ամէն կերպով ինքզինքնիդ ցուցուցիք թէ այդ բանին մէջ մաքուր էք (Բ. Կոր. 7։11)։
Երէցներուն համար դիւրին չէ գիտնալ, թէ լուրջ մեղք գործած անհատ մը իրապէս կը զղջա՛յ կամ ոչ։ Ինչո՞ւ։ Անոնք չեն կրնար սրտերը կարդալ, ուստի պէտք է փորձեն փաստեր գտնել, որ իրենց եղբայրը սկսած է իր ըրածը ատել, եւ իրապէս կը փոխէ իր մտածելակերպը, զգացումներն ու արարքները։ Ասիկա կրնայ բաւական ժամանակ պահանջել, որպէսզի անհատը պէտք եղած փոփոխութիւնները ընէ։ Ցոյց տալու համար թէ իրապէս զղջացած է, վտարուած անհատը կանոնաւորաբար ժողովներու պիտի գայ եւ պիտի հետեւի երէցներու խրատին, որ յաճախ աղօթէ եւ սերտէ։ Ան նաեւ ջանք պիտի ընէ, որ հեռու մնայ այն պարագաներէն, որոնք զինք մեղքի առաջնորդեցին։ Եթէ ծանր աշխատի, որ նորէն Եհովայի հետ լաւ փոխյարաբերութիւն ունենայ, ան կրնայ վստահ ըլլալ որ Եհովան իրեն լիովին պիտի ներէ եւ երէցները զինք ժողովքին մէջ պիտի վերընդունին։ դ21.10 6 ¶16-18
Երեքշաբթի, նոյեմբեր 21
Դուն քեզի կուռք չշինես, ո՛չ վերը երկնքի մէջ, ո՛չ վարը երկրի վրայ. . . անոնց երկրպագութիւն չընես (Ել. 20։4, 5)։
Որովհետեւ Յիսուս խորապէս կը սիրէր Աստուած, միայն զինք պաշտեց թէ՛ երկինքին մէջ եւ թէ երկրի վրայ (Ղուկ. 4։8)։ Ան իր աշակերտներուն ըսաւ, որ նոյնը ընեն։ Յիսուս եւ իր հաւատարիմ աշակերտները պաշտամունքի մէջ նկարներ կամ արձաններ բնա՛ւ չգործածեցին։ Որովհետեւ Եհովան չի տեսնուիր, մարդուն շինած որեւէ բան Եհովայի փառքին քովէն նոյնիսկ չ’անցնիր (Եսա. 46։5)։ Իսկ ի՞նչ կրնանք ըսել «սուրբեր»ու նկարներու կամ արձաններու աղօթելու մասին։ Տասը պատուիրաններուն երկրորդին մէջ, Եհովան ըսաւ այս օրուան համարին խօսքերը։ Ատոնք յստակ են անոնց համար, որոնք կ’ուզեն Աստուած հաճեցնել։ Աշխարհիկ պատմաբաններ կ’ըսեն, որ առաջին դարու քրիստոնեաները միայն Աստուած կը պաշտէին։ Ներկայիս, Եհովայի վկաները առաջին դարու քրիստոնեաներուն օրինակին կը հետեւին։ դ21.10 19-20 ¶5-6
Չորեքշաբթի, նոյեմբեր 22
Ան որ տանիքին վրայ է, թող չիջնէ իր տունէն բան մը առնելու (Մատ. 24։17)։
Յիսուս Հրէաստանի մէջ ապրող առաջին դարու քրիստոնեաները զգուշացուց, որ ժամանակ մը պիտի գար, երբ Երուսաղէմը ‘չորս կողմէն զօրքերով պիտի շրջապատուէր’ (Ղուկ. 21։20-24)։ Երբ ատիկա տեղի ունենար, անոնք պէտք էր ‘լեռները փախչէին’։ Այսպէս պիտի ազատէին, բայց իրենց ետին շա՜տ բաներ պիտի ձգէին։ Տարիներ առաջ, Դիտարան–ը այս կերպով բացատրեց. «Անոնք դաշտեր ու տուներ լքեցին, նոյնիսկ առանց իրենց ինչքերը հաւաքելու իրենց տուներէն։ Եհովայի պաշտպանութեան ու պահպանութեան ապաւինելով, անոնք իր պաշտամունքը կարեւոր նկատուած որեւէ բանէ առաջ դրին»։ Դիտարան–ը աւելցուց. «Նիւթական բաներու հանդէպ մեր ունեցած տեսակէտը պիտի փորձուի. արդեօք մեզի համար անոնք ամենակարեւոր բանե՞րն են, թէ ոչ՝ Աստուծոյ կողմը դիրք բռնողներուն համար եղած փրկութեան աւելի կարեւորութիւն կու տանք։ Այո, մեր փախչիլը թերեւս կարգ մը նեղութիւններ ու զրկանքներ պատճառէ մեզի։ Հարկ եղածը ընելու պատրաստ պէտք է ըլլանք»։ դ22.01 4 ¶7-8
Հինգշաբթի, նոյեմբեր 23
Ո՛վ Աստուած, ի՜նչ թանկագին է հաւատարիմ սէրդ (Սաղ. 36։7, ՆԱ)։
Իսրայէլացիները Եգիպտոսէն ելլելէն շատ չանցած, Եհովան Մովսէսին ինքզինք ներկայացուց, յայտնելով իր անունն ու յատկութիւնները։ Ան ըսաւ. «Տէ՛րը, Տէ՛ր Աստուածը, ողորմած ու բարերար, երկայնամիտ եւ առատ՝ ողորմութիւնով ու ճշմարտութիւնով, հազարներուն ողորմութիւն ընող, անօրէնութիւնը, յանցանքը ու մեղքը ներող» (Ել. 34։6, 7)։ Այս գեղեցիկ խօսքերով, Եհովան Մովսէսին շատ յատուկ բան մը յայտնեց իր հաւատարիմ սիրոյն մասին։ Ի՞նչ է ատիկա։ Եհովան ինքզինք նկարագրեց ոչ թէ պարզապէս որպէս մէկը, որ հաւատարիմ սէր ունի, հապա՝ որ առատ է հաւատարիմ սիրով։ Այս նկարագրութիւնը Աստուածաշունչին մէջ վեց անգամ ալ կը հանդիպի (Թւ. 14։18. Նէ. 9։17. Սաղ. 86։15. 103։8. Յվլ. 2։13. Յովն. 4։2)։ Ամէն անգամ, այդ նկարագրութիւնը միայն Եհովայի մասին է եւ ոչ թէ մարդոց։ Աչքառու չէ՞, որ Եհովան այդչափ կը շեշտէ հաւատարիմ սիրոյ իր յատկութիւնը։ դ21.11 2-3 ¶3-4
Ուրբաթ, նոյեմբեր 24
Հոգ մի՛ ընէք ձեր կեանքին համար (Մատ. 6։25)։
Ամուսնացած զոյգերը կրնան օգտուիլ Պետրոս առաքեալի եւ իր կնոջ օրինակէն։ Յիսուսին ծանօթանալուն վրայ շուրջ վեց ամիսէն մէկ տարի անցնելէ ետք, Պետրոս առաքեալ կարեւոր որոշումի մը առջեւ գտնուեցաւ։ Ան ձկնորսութիւն ընելով իր ընտանիքը կը պահէր։ Հետեւաբար, երբ Յիսուս զինք հրաւիրեց որ իրեն հետեւի լման ժամանակով, Պետրոս ստիպուած էր հաշուի առնել իր ընտանեկան պարագան (Ղուկ. 5։1-11)։ Ան ընդունեց Յիսուսին հետ քարոզել, եւ կասկած չունինք որ իր կինը իրեն թիկունք կանգնեցաւ։ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ, որ Յիսուսի յարութենէն ետք, Պետրոսին կինը առնուազն որոշ ժամանակ մը իրեն հետ ճամբորդեց (Ա. Կոր. 9։5)։ Եւ իր օրինակելի քրիստոնեայ կին ըլլալը Պետրոսին խօսքի ազատութիւն տուաւ, որ քրիստոնեայ ամուսիններուն եւ կիներու խրատ տայ (Ա. Պետ. 3։1-7)։ Ուրեմն, յստակ է որ թէ՛ Պետրոս եւ թէ իր կինը Եհովայի խոստումին վստահեցան, թէ իրենց նիւթական պէտքերը պիտի ապահովէր, եթէ Թագաւորութիւնը իրենց կեանքին մէջ առաջին տեղը դնէին (Մատ. 6։31-34)։ դ21.11 18 ¶14
Շաբաթ, նոյեմբեր 25
Ինծի նմանեցէ՛ք (Ա. Կոր. 11։1)։
Պօղոս առաքեալ եղբայրներն ու քոյրերը կը սիրէր։ Ան իրենց համար ծանր կ’աշխատէր (Գործք 20։31)։ Անոր համար է որ անոնք Պօղոսը շատ կը սիրէին։ Առիթով մը, Եփեսոսի երէցները ‘սաստիկ լացին’, երբ գիտցան որ այլեւս զինք պիտի չտեսնէին (Գործք 20։37)։ Նմանապէս, մեր ջանասէր երէցները շատ կը սիրեն եղբայրներն ու քոյրերը եւ ամէն բան կ’ընեն, որ իրենց օգնեն (Փլպ. 2։16, 17)։ Սակայն, երբեմն երէցները դժուարութիւններ կ’ունենան։ Ի՞նչ բան կրնայ իրենց օգնել։ Մեր աշխատասէր երէցները կրնան նկատի առնել Պօղոսի օրինակը։ Ան գերմարդկային կարողութիւններ չունէր։ Անկատար մարդ էր եւ ատեններ կը պայքարէր, որ շիտակ բանը ընէր (Հռով. 7։18-20)։ Ատկէ զատ, ան լեցուն ուրիշ դժուարութիւններ ունէր։ Բայց չյանձնուեցաւ, ոչ ալ իր ուրախութիւնը կորսնցուց։ Եթէ երէցները Պօղոսը ընդօրինակեն, իրենք ալ կրնան իրենց դժուարութիւնները յաղթահարել եւ Եհովայի ծառայութեան մէջ ուրախ ըլլալ։ դ22.03 26 ¶1-2
Կիրակի, նոյեմբեր 26
Իմ շաբաթներս պէտք է պահէք։ Ես եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը (Ղեւ. 19։3)։
Ղեւտացւոց 19։3–ը կը նշէ Շաբաթ պահելը։ Օրէնքին տակ չըլլալով, մենք շաբաթական Շաբաթը չենք պահեր։ Սակայն, կրնանք շատ բան սորվիլ նկատի առնելով, թէ իսրայէլացիները ինչպէ՛ս Շաբաթը կը պահէին, եւ անկէ ինչպէ՛ս կ’օգտուէին։ Անոնք Շաբաթ օրը գործ չէին ըներ եւ հոգեւոր բաներու վրայ կը կեդրոնանային։ Ատոր համար է որ Յիսուս Նազարէթի մէջ Շաբաթ օրը ժողովարան կ’երթար եւ Աստուծոյ Խօսքը կը կարդար (Ել. 31։12-15. Ղուկ. 4։16-18)։ Ղեւտացւոց 19։3–ի մէջ արձանագրուած Աստուծոյ պատուէրը՝ «Իմ շաբաթներս պէտք է պահէք», պէտք է մեզ մղէ որ մեր առօրեայ գործունէութիւններէն ժամանակ առնենք ու զայն տրամադրենք հոգեւոր բաներու։ Արդեօք այս ուղղութեամբ պէ՞տք է փոփոխութիւններ ընես։ Եթէ կանոնաւորաբար ժամանակ տրամադրես որ հոգեւոր բաներու վրայ կեդրոնանաս, պիտի զարգացնես Եհովայի հետ ջերմ փոխյարաբերութիւն մը, որ անհրաժեշտ է սուրբ ըլլալու համար։ դ21.12 5 ¶13
Երկուշաբթի, նոյեմբեր 27
Ես արդարները կանչելու չեկայ, հապա մեղաւորները՝ ապաշխարութեան (Ղուկ. 5։32)։
Երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, ամէն տեսակ մարդոց հետ ժամանակ անցուց։ Ան սեղան նստաւ հարուստներու եւ հեղինակաւորներու հետ։ Բայց նաեւ իր ժամանակին մեծ մասը անցուց աղքատներու եւ ճնշուած անհատներու հետ։ Ատկէ զատ, ան կարեկցեցաւ անոնց, որոնք «մեղաւորներ» կը սեպուէին։ Կարգ մը հպարտ անհատներ Յիսուսի ըրածէն գայթակղեցան։ Անոնք իր աշակերտներուն հարցուցին. «Ինչո՞ւ համար մաքսաւորներուն եւ մեղաւորներուն հետ կ’ուտէք ու կը խմէք»։ Յիսուս պատասխանեց՝ այս օրուան համարին խօսքը ըսելով (Ղուկ. 5։29-31)։ Մեսիայի գալէն շատ առաջ, Եսայի մարգարէն ըսած էր որ աշխարհը զինք պիտի չընդունէր։ Մարգարէութիւնը ըսաւ. «Անիկա մարդոցմէ անարգուեցաւ ու երեսէ ձգուեցաւ. . . Անկէ երես դարձնելու մարդու պէս եղաւ, անարգուեցաւ ու զանիկա չյարգեցինք» (Եսա. 53։3)։ Մարդիկ Մեսիայէն երես պիտի դարձնէին, ուստի առաջին դարու հրեաները պէտք էր ակնկալէին որ Յիսուս մերժուէր։ դ21.05 8-9 ¶3-4
Երեքշաբթի, նոյեմբեր 28
Տէրը զանիկա ոտքի պիտի հանէ (Յակ. 5։15)։
Կարգ մը քրիստոնեաներ տրուած խրատը արագօրէն չէին գործադրեր (Յակ. 1։22)։ Ոմանք աչառութեամբ կը վարուէին (Յակ. 2։1-3)։ Իսկ ուրիշներ ալ անզուսպ լեզու ունէին (Յակ. 3։8-10)։ Թէեւ այդ քրիստոնեաները լուրջ խնդիրներ ունէին, բայց Յակոբոս յոյս ունէր, որ անոնք կրնային փոխուիլ։ Ան իր խրատները ազնիւ եւ ուղղակի կերպով տուաւ, ինչպէս նաեւ քաջալերեց յաւելեալ օգնութիւն խնդրել երէցներէն (Յակ. 5։13, 14)։ Դա՞սը. իրապաշտ ու դրական եղիր։ Շատեր, որոնց հետ Աստուածաշունչը կը սերտենք, թերեւս դժուարութիւն ունենան անոր տուած խրատները գործադրելու (Յակ. 4։1-4)։ Թերեւս իրենց հետ ժամանակ առնէ, որ գէշ յատկութիւններէն ձերբազատուին եւ անոնց տեղ քրիստոնէավայել յատկութիւններ մշակեն։ Պէտք է քաջութիւնը ունենանք մեր աշակերտներուն ըսելու, թէ ի՛նչ բան պէտք է փոխեն։ Նաեւ պէտք է դրական մնանք, վստահելով որ Եհովան խոնարհ մարդիկը իրեն պիտի քաշէ եւ անոնց զօրութիւնը պիտի տայ այդ փոփոխութիւնները իրենց կեանքին մէջ ընելու (Յակ. 4։10)։ դ22.01 11 ¶11-12
Չորեքշաբթի, նոյեմբեր 29
Ով որ աղքատին աղաղակը չլսելու համար իր ականջը կը գոցէ, ինք ալ պիտի աղաղակէ ու իրեն լսող պիտի չըլլայ (Առ. 21։13)։
Բոլոր քրիստոնեաները ջանք կ’ընեն, որ Եհովային պէս ողորմին։ Ինչո՞ւ։ Պատճառներէն մէկը այն է, որ Եհովան մտիկ պիտի չընէ անոնց, որոնք ուրիշներուն չեն ողորմիր։ Մեզմէ ո՛չ մէկը կ’ուզէ, որ Եհովան իր աղօթքները մտիկ չընէ, անոր համար զգոյշ կ’ըլլանք, որ խստասիրտ չըլլանք։ Մենք չենք մերժեր մտիկ ընել հաւատակիցի մը, որ կը տառապի։ Հապա միշտ պատրաստ ենք «աղքատին աղաղակը» լսելու։ Նոյնպէս, ականջ կու տանք այս ներշնչեալ խօսքին. «Դատաստանը անողորմ պիտի ըլլայ անոր որ ողորմութիւն չ’ըներ» (Յակ. 2։13)։ Եթէ յիշենք որ մենք որքա՜ն ողորմութեան պէտք ունինք, աւելի պիտի կարենանք ողորմութիւն ցոյց տալ ուրիշներուն։ Մանաւանդ կ’ուզենք ողորմութիւն ցոյց տալ, երբ զղջացող մեղաւոր մը ժողովքին կը վերադառնայ։ Աստուածաշունչը կը յիշէ անհատներ, որոնք ազնիւ ու ողորմած էին։ Անոնց օրինակները կրնան մեզի օգնել, որ ողորմութիւն ցոյց տանք եւ խստասիրտ չըլլանք։ դ21.10 12 ¶16-17
Հինգշաբթի, նոյեմբեր 30
Հոս նստեցէք մինչեւ որ ես երթամ հոն աղօթք ընեմ (Մատ. 26։36)։
Իր երկրային կեանքին վերջին գիշերը, Յիսուս փնտռեց հանդարտ տեղ մը, ուր կրնար խոկալ եւ աղօթել։ Ան ընտրեց Գեթսեմանիի պարտէզը։ Այդ առիթով, ան իր աշակերտներուն կարեւոր բան մը ըսաւ աղօթքին մասին։ Երբ անոնք Գեթսեմանիի պարտէզը հասան, թերեւս կէս գիշերը անց էր։ Յիսուս առաքեալներէն խնդրեց որ ‘արթուն մնան’, եւ գնաց աղօթելու (Մատ. 26։37-39)։ Բայց մինչ ան կ’աղօթէր, անոնք քունի անցան։ Երբ տեսաւ որ կը քնանան, անոնց ըսաւ. «Արթուն կեցէք եւ աղօթք ըրէք» (Մատ. 26։40, 41)։ Ան գիտակցեցաւ, որ անոնք մեծ ճնշումի տակ էին եւ յոգնած էին։ Ան կարեկից գտնուելով ըսաւ, որ «մարմինը տկար է»։ Յիսուս երկու անգամ եւս գնաց աղօթելու, իսկ աշակերտները աղօթելու տեղ՝ քնացան (Մատ. 26։42-45)։ դ22.01 28 ¶10-11