Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • աք23 էջ 118-128
  • Դեկտեմբեր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Դեկտեմբեր
  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2023
  • Ենթավերնագիրներ
  • Ուրբաթ, դեկտեմբեր 1
  • Շաբաթ, դեկտեմբեր 2
  • Կիրակի, դեկտեմբեր 3
  • Երկուշաբթի, դեկտեմբեր 4
  • Երեքշաբթի, դեկտեմբեր 5
  • Չորեքշաբթի, դեկտեմբեր 6
  • Հինգշաբթի, դեկտեմբեր 7
  • Ուրբաթ, դեկտեմբեր 8
  • Շաբաթ, դեկտեմբեր 9
  • Կիրակի, դեկտեմբեր 10
  • Երկուշաբթի, դեկտեմբեր 11
  • Երեքշաբթի, դեկտեմբեր 12
  • Չորեքշաբթի, դեկտեմբեր 13
  • Հինգշաբթի, դեկտեմբեր 14
  • Ուրբաթ, դեկտեմբեր 15
  • Շաբաթ, դեկտեմբեր 16
  • Կիրակի, դեկտեմբեր 17
  • Երկուշաբթի, դեկտեմբեր 18
  • Երեքշաբթի, դեկտեմբեր 19
  • Չորեքշաբթի, դեկտեմբեր 20
  • Հինգշաբթի, դեկտեմբեր 21
  • Ուրբաթ, դեկտեմբեր 22
  • Շաբաթ, դեկտեմբեր 23
  • Կիրակի, դեկտեմբեր 24
  • Երկուշաբթի, դեկտեմբեր 25
  • Երեքշաբթի, դեկտեմբեր 26
  • Չորեքշաբթի, դեկտեմբեր 27
  • Հինգշաբթի, դեկտեմբեր 28
  • Ուրբաթ, դեկտեմբեր 29
  • Շաբաթ, դեկտեմբեր 30
  • Կիրակի, դեկտեմբեր 31
Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2023
աք23 էջ 118-128

Դեկտեմբեր

Ուրբաթ, դեկտեմբեր 1

Իմ ձայնիս մտիկ պիտի ընեն (Յովհ. 10։16)։

Յիսուս իր հետեւորդներուն հետ իր ունեցած փոխյարաբերութիւնը համեմատեց հովիւին եւ անոր ոչխարներուն միջեւ եղած կապին հետ (Յովհ. 10։14)։ Այս համեմատութիւնը տեղին է, քանի որ ոչխարները իրենց հովիւը կը ճանչնան եւ անոր ձայնին կ’ընդառաջեն։ Ճամբորդ մը փորձառաբար այս մէկը տեսաւ։ Ան ըսաւ. «Ես եւ ուրիշներ ուզեցինք ոչխարներ նկարել եւ փորձեցինք անոնք մեզի մօտեցնել։ Բայց մեզի չհետեւեցան, քանի որ մեր ձայները չէին ճանչնար։ Մէյ մըն ալ իրենց հովիւը եկաւ, որ պզտիկ տղայ մըն էր, եւ հազիւ անոր ձայնը լսեցին, իրեն հետեւեցան»։ Այդ ճամբորդողին փորձառութիւնը մեզի կը յիշեցնէ ի՛նչ որ Յիսուս ըսաւ իր ոչխարներուն՝ աշակերտներուն, մասին։ Ան ըսաւ. «Իմ ձայնիս մտիկ պիտի ընեն»։ Բայց Յիսուս երկինքն է։ Ուստի, ինչպէ՞ս կրնանք ըսել, որ իրեն մտիկ կ’ընենք։ Կարեւոր կերպ մը այն է, որ իր ուսուցումները մեր կեանքին մէջ գործադրենք (Մատ. 7։24, 25)։ դ21.12 16 ¶1-2

Շաբաթ, դեկտեմբեր 2

Ամէնքը մեղք գործեցին եւ Աստուծոյ փառքէն պակսեցան (Հռով. 3։23)։

Պօղոս առաքեալ նախապէս քրիստոնեաները խստօրէն կը հալածէր։ Բայց ետքը, ան ընդունեց իր սխալները եւ պատրաստ էր փոխելու իր կեցուածքն ու անձնաւորութիւնը (Ա. Տիմ. 1։12-16)։ Եւ Եհովայի օգնութեամբ, Պօղոս սիրալիր, կարեկից եւ խոնարհ հովիւ դարձաւ։ Ան շատ լաւ գիտէր իր անկատարութիւնները, բայց ընտրեց ոչ թէ ատոնց վրայ կեդրոնանալ, հապա՝ հաւատալ որ Եհովան իրեն պիտի ներէ (Հռով. 7։21-25)։ Ան չակնկալեց որ կատարեալ ըլլայ։ Փոխարէնը, ամէն ջանք թափեց իր քրիստոնէական անձնաւորութիւնը բարելաւելու, եւ Եհովայի օգնութեան ապաւինեցաւ, որպէսզի իր գործը կատարէր (Ա. Կոր. 9։27. Փլպ. 4։13)։ Երէցները չեն նշանակուած, քանի որ կատարեալ են։ Սակայն Եհովան կ’ակնկալէ, որ անոնք իրենց սխալները ընդունին եւ քրիստոնէական անձնաւորութիւնը մշակեն (Եփ. 4։23, 24)։ Երէցը պէտք է ինքզինք քննէ Աստուծոյ Խօսքին համաձայն եւ պէտք եղած փոփոխութիւնները ընէ։ Ետքը, Եհովան իրեն պիտի օգնէ որ ուրախ եւ յաջող ըլլայ (Յակ. 1։25)։ դ22.03 29-30 ¶13-15

Կիրակի, դեկտեմբեր 3

Մի՛ դատէք (Մատ. 7։1)։

Ի՞նչ պէտք է ընենք, եթէ նկատենք թէ մեր հաւատակիցներէն մէկը դատած ենք։ Յիշենք որ պէտք է մեր եղբայրները սիրենք (Յակ. 2։8)։ Նաեւ, պէտք է Եհովային սրտանց աղօթենք, խնդրելով որ մեզի օգնէ որ այլեւս չդատենք։ Կրնանք մեր աղօթքներուն համաձայն վարուիլ, նախաքայլը առնելով խօսելու այն անհատին հետ, որուն մասին ժխտական կարծիք ունինք։ Կրնանք խնդրել, որ միասին ծառայենք կամ միասին ճաշենք։ Մինչ մեր եղբայրը աւելի լաւ կը ճանչնանք, ջանանք իր մէջ լաւ յատկութիւնները տեսնել, ինչպէս որ Եհովան եւ Յիսուսը կ’ընեն։ Այսպէս ցոյց կու տանք, որ մտիկ կ’ընենք Բարի Հովիւին պատուէրը, որ չշարունակենք դատել։ Ճիշդ ինչպէս որ ոչխարները իրենց հովիւին ձայնը մտիկ կ’ընեն, նոյնպէս Յիսուսի հետեւորդները իր ձայնը մտիկ կ’ընեն։ Ըլլա՛նք «պզտիկ հօտ»էն կամ «ուրիշ ոչխարներ»էն, թող որ շարունակենք Բարի Հովիւին ձայնը մտիկ ընել (Ղուկ. 12։32. Յովհ. 10։11, 14, 16)։ դ21.12 19 ¶11. 21 ¶17-18

Երկուշաբթի, դեկտեմբեր 4

Անիկա ծերերուն իրեն տուած խորհուրդը մերժեց (Գ. Թագ. 12։8)։

Երբ Ռոբովամ Իսրայէլի թագաւորը եղաւ, ժողովուրդը իր քովը եկաւ եւ խնդրեց, որ թեթեւցնէ այն բեռը, որ իր հայրը Սողոմոն դրած էր իրենց վրայ։ Ռոբովամ որոշեց Իսրայէլի ծերերէն խրատ առնել, թէ ինչպէ՛ս պիտի պատասխանէր ժողովուրդին։ Լաւ ըրաւ։ Ծերերը իրեն ըսին, որ եթէ ժողովուրդին խնդրանքը ընէ, անոնք միշտ իրեն թիկունք պիտի կանգնին (Գ. Թագ. 12։3-7)։ Ըստ երեւոյթին, այս խրատը Ռոբովամին հաշւոյն չեկաւ, անոր համար խրատ խնդրեց տղամարդոցմէ, որոնք իրեն հետ մեծցած էին։ Անոնք ըսին որ ժողովուրդին բեռը ծանրացնէ (Գ. Թագ. 12։9-11)։ Ռոբովամ կրնար Եհովային հարցնել, թէ ո՛ր խրատին պէտք է հետեւի։ Փոխարէնը, ան երիտասարդ տղամարդոց մտիկ ըրաւ։ Հետեւանքը շատ գէշ եղաւ Ռոբովամին եւ ժողովուրդին համար։ Մեր պարագային ալ, կրնայ մեզի խրատ մը տրուիլ, որ շատ չենք հաւնիր։ Բայց եթէ անիկա Աստուծոյ Խօսքին վրայ հիմնուած է, պէտք է զայն ընդունինք։ դ22.02 9 ¶6

Երեքշաբթի, դեկտեմբեր 5

Երիտասարդներուն զարդը անոնց ոյժն է (Առ. 20։29)։

Խոնարհ ու համեստ անձը կը կեդրոնանայ ոչ թէ երիտասարդներուն անփորձութեան վրայ, հապա անոնց ուժին վրայ։ Ան զիրենք ոչ թէ մրցակիցներ կը նկատէ, հապա՝ գործակիցներ։ Տարեցները կը սեպեն, որ երիտասարդները Եհովայէն նուէր մըն են, որուն համար շնորհակալ են։ Մինչ իրենց ուժը կը պակսի, տարեցները շնորհակալ են որ անոնք, որոնք երիտասարդութեան ուժը ունին, պատրաստ են եւ կարող են պէտքը գոցելու եւ ժողովքին ծառայելու։ Աստուածաշունչին մէջ, Նոեմին հիանալի օրինակ մըն է տարեցի մը, որ շնորհակալութեամբ երիտասարդի մը օգնութիւնը ընդունեց։ Սկիզբը, Նոեմին խնդրեց որ իր հարսը՝ Հռութ, վերադառնար իր ժողովուրդին քով։ Բայց երբ Հռութ պնդեց որ Նոեմիին հետ վերադառնար Բեթլեհէմ, Նոեմին ընդունեց Հռութին օգնութիւնը (Հթ. 1։7, 8, 18)։ Եւ երկու կիներն ալ ի՜նչ աղուոր օրհնուեցան (Հթ. 4։13-16)։ Խոնարհութիւնը տարեցները պիտի մղէ, որ Նոեմիին օրինակին հետեւին։ դ21.09 10-11 ¶9-11

Չորեքշաբթի, դեկտեմբեր 6

Աստուած անիրաւ չէ, որ ձեր գործը մոռնայ ու այն սէրը զոր. . . ցուցուցիք (Եբ. 6։10)։

Մեր երկնաւոր Հայրը կը հասկնայ մեր իւրաքանչիւրին պարագաները։ Թերեւս դուն կրնաս աւելի բաներ ընել, քան՝ անոնք որ կը ճանչնաս ու կը սիրես։ Կամ ալ թերեւս ուրիշներուն չափ շատ բան չես կրնար ընել, տարիքիդ, վատառողջութեանդ կամ ընտանեկան պատասխանատուութիւններուդ պատճառաւ։ Մի՛ ընկճուիր (Գաղ. 6։4)։ Եհովան քո՛ւ գործդ պիտի չմոռնայ։ Այնքան ատեն որ լաւագոյնդ կու տաս եւ ճիշդ մղումով կու տաս, ան տուածդ պիտի ընդունի։ Եհովան նոյնիսկ սրտիդ փափաքները գիտէ։ Ան կ’ուզէ որ ուրախ ըլլաս այն բաներով, որ կրնա՛ս ընել իր պաշտամունքին մէջ։ Արդէն մտքի խաղաղութիւն ունինք, քանի որ գիտենք թէ Եհովան զինք պաշտողներուն կ’օգնէ, երբ խնդիրներ կ’ունենան (Եսա. 41։9, 10)։ Վստահաբար լաւ պատճառներ ունինք ուրախ ըլլալու, երբ կը պաշտենք մեր սիրալիր Հայրը, որ արժանի է իր բոլոր ստեղծածներէն «փառք ու պատիւ եւ զօրութիւն առնելու» (Յայտ. 4։10բ)։ դ22.03 24 ¶16. 25 ¶18

Հինգշաբթի, դեկտեմբեր 7

Քու պատուիրանքներդ պահելու արտորացի ու չուշացայ (Սաղ. 119։60)։

Մենք կ’ուզենք Յիսուսը ընդօրինակել, բայց պէտք չէ յանձնուինք, եթէ չկարենանք զինք կատարեալ կերպով ընդօրինակել (Յակ. 3։2)։ Գծագրութիւն սորվող աշակերտ մը չի կրնար իր ուսուցիչին պէս կատարեալ կերպով գծել։ Բայց ան պիտի շարունակէ յառաջդիմել՝ իր սխալներէն սորվելով եւ ջանալով կարելի եղածին չափ իր ուսուցիչը ընդօրինակել։ Նմանապէս, աւելի մօտէն պիտի հետեւինք Յիսուսի օրինակին, եթէ գործադրենք ինչ որ կը սորվինք Աստուածաշունչէն եւ ջանանք մեր սխալները սրբագրել (Սաղ. 119։59)։ Մենք կ’ապրինք անձնասէր աշխարհի մը մէջ։ Բայց Եհովայի ծառաները տարբեր են աշխարհէն։ Յիսուսի անձնազոհութեան օրինակը մեր սրտին դպչած է եւ վճռած ենք իրեն պէս ըլլալ (Ա. Պետ. 2։21)։ Երբ մեր լաւագոյնը կ’ընենք, որ Յիսուսի անձնազոհութիւնը ընդօրինակենք, ուրախ պիտի ըլլանք, քանի որ Եհովան կը հաճեցնենք։ դ22.02 24 ¶16. 25 ¶18

Ուրբաթ, դեկտեմբեր 8

Որոնց մէջ քանի մը դժուարիմաց խօսքեր կը գտնուին (Բ. Պետ. 3։16)։

Այսօր, Եհովան իր Խօսքին միջոցաւ իր ժողովուրդին ուղղութիւն կու տայ։ Եթէ ժամանակ տանք, որ խոկանք Եհովայի սորվեցուցածներուն վրայ, պիտի կարենանք իր ուղղութեան հետեւիլ եւ մեր քարոզչութիւնը կատարել (Ա. Տիմ. 4։15, 16)։ Եհովան ուղղութիւն տալու համար նաեւ կը գործածէ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» (Մատ. 24։45)։ Երբեմն, այս ծառան թերեւս տայ ուղղութիւններ, որոնք լիովին չհասկնանք։ Օրինակ, թերեւս ստանանք մասնաւոր ուղղութիւններ, որոնք մեզ կը պատրաստեն բնական աղէտէ մը ազատելու, եւ մեր կարծիքով՝ հաւանական չէ որ այդ աղէտը մեր շրջանին մէջ պատահի։ Ի՞նչ պէտք է ընենք, եթէ զգանք որ տրուած ուղղութիւնները գործնական չեն։ Կրնանք մտածել Աստուածաշունչի պատմութիւններու մասին, որոնք կարդացած ենք։ Երբեմն, Աստուծոյ ծառաները ստացան ուղղութիւն մը, որ գործնական չերեւցաւ, բայց իրենց կեանքը ազատեց (Դատ. 7։7. 8։10)։ դ22.03 18-19 ¶15-16

Շաբաթ, դեկտեմբեր 9

Հա՛յր, քու ձեռքդ կ’աւանդեմ իմ հոգիս (Ղուկ. 23։46)։

Յիսուս ամենայն վստահութեամբ ըսաւ այս օրուան համարին խօսքը։ Ան գիտէր, թէ իր ապագան Եհովայէն կախեալ էր։ Եւ վստահ էր որ իր Հայրը զինք պիտի յիշէր։ Յիսուսի խօսքէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ Յօժար եղիր կեանքդ Եհովային ձեռքերուն մէջ դնելու։ Ատիկա ընելու համար, պէտք է ‘քու բոլոր սրտովդ Տէրոջը ապաւինիս’ (Առ. 3։5)։ Նկատի առ Ճոշուային օրինակը, 15 տարեկան Վկայ մը, որ մահացու հիւանդութիւն ունէր։ Ան մերժեց բժշկական դարմանումներ, որոնք Աստուծոյ օրէնքը կը կտրէին։ Մեռնելէ քիչ առաջ, ան իր մօր ըսաւ. «Մամա՛, ես Եհովային ձեռքերուն մէջ եմ։ . . .Եւ ամենայն վստահութեամբ կ’ըսեմ քեզի. ես վստահ եմ որ Եհովան ինծի յարութիւն պիտի տայ։ Ան իմ սիրտս կարդացած է եւ գիտէ որ զինք շա՜տ կը սիրեմ»։ Լաւ կ’ըլլայ որ մեզմէ իւրաքանչիւրը հարցնէ. ‘Եթէ կեանքս վտանգի տակ է եւ հաւատքս կը փորձուի, արդեօք կեանքս Եհովայի ձեռքերուն մէջ պիտի դնե՞մ եւ պիտի վստահի՞մ որ ան զիս պիտի յիշէ’։ դ21.04 12-13 ¶15-16

Կիրակի, դեկտեմբեր 10

Ան որ կ’ոռոգէ՝ ինքն ալ պիտի ոռոգուի (Առ. 11։25)։

Եհովայի ժողովուրդը կը զօրանայ ծառայութեան միջոցաւ։ Երբ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւններուն մասին ուրիշներուն կը խօսինք, կը թարմանանք՝ անոնք մտիկ ընեն կամ ոչ։ Ոմանք իրենց պարագաներուն պատճառով թերեւս զգան թէ ծառայութեան մէջ շատ բան չեն կրնար ընել։ Եթէ այդպէս կը զգաս, յիշէ որ Եհովան կ’ուրախանայ եթէ լաւագոյնդ ընես։ Եհովան կը տեսնէ ու կը գնահատէ ծառայութեան մասնակցելու մեր փափաքը, նոյնիսկ եթէ ստիպուած ենք տունը մնալ։ Ան կրնայ առիթներ ստեղծել, որ մեզի հոգ տանողներուն կամ բժիշկներուն եւ հիւանդապահներուն վկայենք։ Եթէ ներկայիս մեր ըրածը բաղդատենք անցեալին մեր ըրածին հետ, կրնանք ընկճուիլ։ Բայց եթէ տեսնենք թէ Եհովան ինչպէ՛ս հիմա մեզի կ’օգնէ, զօրութիւն պիտի ունենանք ուրախութեամբ տոկալու մեր դժուարութիւններուն։ Չենք գիտեր թէ ճշմարտութեան սերմերէն որո՛նք արմատ պիտի կապեն եւ պիտի սկսին աճիլ (Ժող. 11։6)։ դ21.05 24-25 ¶14-17

Երկուշաբթի, դեկտեմբեր 11

Ինչո՞ւ համար Տէրոջը խօսքը անարգեցիր անոր աչքերուն առջեւ չարութիւն ընելով (Բ. Թագ. 12։9)։

Ագահութիւնը պատճառ դարձաւ որ Դաւիթ թագաւոր մոռնայ այն ինչ որ Եհովան իրեն տուած էր, մէջը ըլլալով՝ հարստութիւն, երեւելի դիրք եւ իր թշնամիներէն շատերու վրայ յաղթանակ։ Դաւիթ գնահատութեամբ կ’ընդունէր, որ Եհովայի պարգեւները «համրանքէն աւելի շատ են» (Սաղ. 40։5)։ Բայց որոշ մէկ հանգրուանի, ան մոռցաւ ի՛նչ որ Եհովան իրեն տուած էր։ Թէեւ քանի մը կիներ ունէր, սկսաւ իր սրտին մէջ ուրիշ մարդու մը կնոջ ցանկալ։ Այդ կինը Բերսաբէն էր, իսկ անոր ամուսինը՝ քետացի Ուրիան։ Դաւիթ անձնասիրաբար Բերսաբէին հետ սեռային յարաբերութիւն ունեցաւ. եւ Բերսաբէն յղի մնաց։ Չի բաւեր որ շնութիւն ըրաւ, Դաւիթ նաեւ ծրագրեց որ Ուրիան սպաննուի (Բ. Թագ. 11։2-15)։ Դաւիթին խելքը ո՞ւր էր։ Ամէն խելքովը կը կարծէր թէ Եհովան չի՞ տեսներ։ Թէեւ Դաւիթ տարիներով Եհովային հաւատարմօրէն ծառայած էր, բայց ագահութեան տեղի տուաւ եւ սուղ գին վճարեց ատոր համար։ Ետքը Դաւիթ իր յանցանքը ընդունեց եւ զղջաց։ Որքա՜ն ուրախացաւ, երբ Եհովան իրեն ներեց (Բ. Թագ. 12։7-13)։ դ21.06 17 ¶10

Երեքշաբթի, դեկտեմբեր 12

Ոչ թէ մենք ինքնիրեննիս բաւական ենք. . . հապա մեր կարողութիւնը Աստուծմէ է (Բ. Կոր. 3։5)։

Թերեւս մենք մեզի չենք վստահիր, որ պիտի կարենանք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը վարել։ Թերեւս զգանք թէ մէկու մը հետ սերտելէ առաջ, պէտք է աւելի գիտութիւն կամ հմտութիւն ունենանք որպէս ուսուցիչ։ Եթէ այդպէս կը զգաս, նկատի առ երեք բաներ, որոնք ինքնավստահութիւնդ պիտի աւելցնեն։ Առաջին, Եհովան քեզ որակեալ կը նկատէ ուրիշներուն սորվեցնելու։ Երկրորդ, Յիսուս՝ որուն ‘ամէն իշխանութիւն տրուած է երկնքի ու երկրի մէջ’, սորվեցնելու պատուէրը տուած է քեզի (Մատ. 28։18)։ Եւ երրորդ, կրնաս Եհովայէն եւ ուրիշներէն օգնութիւն ստանալ։ Եհովան Յիսուսին օգնեց, որ գիտնայ ի՛նչ խօսի, եւ կրնայ քեզի ալ օգնել (Յովհ. 8։28. 12։49)։ Ասկէ զատ, կրնաս դաշտի ծառայութեան խումբի տեսուչէն, հմուտ ռահվիրայէ մը կամ փորձառու հրատարակիչէ մը խնդրել, որ քեզի օգնէ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսելու եւ վարելու։ Կրնաս անոնց հետ իրենց վարած դասերուն ներկայ ըլլալ, եւ այդպէս վստահութիւն ձեռք պիտի ձգես։ դ21.07 6 ¶12

Չորեքշաբթի, դեկտեմբեր 13

Ան որ քիչ բանի մէջ հաւատարիմ է, շատի մէջ ալ հաւատարիմ կ’ըլլայ եւ ան որ քիչի մէջ անիրաւ է, շատի մէջ ալ անիրաւ կ’ըլլայ (Ղուկ. 16։10)։

Մինչ այս չար աշխարհին վերջը կը մօտենայ, պէտք է որեւէ ժամանակէ աւելի վստահինք այն կերպին, որով Եհովան հարցերը ձեռք կ’առնէ։ Ինչո՞ւ։ Մեծ նեղութեան ընթացքին, թերեւս մեզի տրուին ուղղութիւններ, որոնք կրնան մեր աչքին տարօրինակ ըլլալ եւ գործնական կամ տրամաբանական չըլլալ։ Անշուշտ, Եհովան անձամբ մեզի պիտի չխօսի. ան շատ հաւանաբար ուղղութիւններ պիտի տայ իր նշանակած ներկայացուցիչներուն միջոցով։ Այդ ատեն ժամանակը չէ տրուած ուղղութիւնը հարցականի տակ դնելու կամ հարց տալու. ‘Այս ուղղութիւնը իրապէ՞ս Եհովայի կողմէ է, թէ ոչ՝ առաջնորդութիւն առնող եղբայրներուն անձնական որոշումն է’։ Այդ կարեւոր հանգրուանին, Եհովային եւ իր կազմակերպութեան պիտի վստահի՞ս։ Պատասխանը կախեալ է այն բանէն, թէ հիմա քեզի տրուած ուղղութիւնները ի՛նչ աչքով կը դիտես։ Եթէ հիմա տրուած ուղղութիւններուն կը վստահիս եւ յօժարաբար կը հնազանդիս, շատ հաւանաբար նոյնը պիտի ընես մեծ նեղութեան ընթացքին։ դ22.02 6 ¶15

Հինգշաբթի, դեկտեմբեր 14

Ձեզի հետ բաղդատած՝ ես ի՞նչ ըրի (Դատ. 8։2, ՆԱ)։

Եհովայի օգնութեամբ Գեդէօն եւ իր 300 տղամարդիկը հոյակապ յաղթանակ տարին, որ կրնար զիրենք հպարտացնել։ Եփրեմի տղամարդիկը Գեդէօնին քով եկան կռուելու, քանի որ սկիզբէն իսկ զիրենք չէր հրաւիրած թշնամիներուն դէմ պատերազմելու (Դատ. 8։1)։ Գեդէօն օրինակով մը ցոյց տուաւ, թէ Եհովան ինչպէ՛ս զանոնք օրհնած էր։ Այսպէս, «անոնց սիրտը հանդարտեցաւ» (Դատ. 8։3)։ Ան հպարտութեան տեղի չտուաւ, խաղաղութիւն պահպանելու համար։ Եփրեմեաններուն օրինակէն կը սորվինք, որ պէտք է կեդրոնանանք ոչ թէ մեր պատիւը պաշտպանելուն վրայ, հապա Եհովային պատիւ բերելուն վրայ։ Ընտանիքներու գլուխները եւ երէցները կրնան Գեդէօնէն սորվիլ։ Եթէ մէկը մեր ըրածին համար մեզմէ նեղուի, հարցին պէտք է իր ակնոցով նայինք։ Նաեւ կրնանք անհատը գովել լաւ բանի մը համար, որ ըրած է։ Ատիկա մեզմէ խոնարհութիւն պիտի պահանջէ։ Բայց խաղաղութիւնը մեր արժանապատուութենէն շա՜տ աւելի կարեւոր է։ դ21.07 16-17 ¶10-12

Ուրբաթ, դեկտեմբեր 15

Մեր պատկերին. . . պէս մարդ ընենք (Ծն. 1։26)։

Եհովան մեզ պատուեց, իր պատկերով մեզ ստեղծելով։ Որովհետեւ իր պատկերով ստեղծուած ենք, իր հոյակապ յատկութիւններէն շատերը կրնանք զարգացնել ու ցոյց տալ, ինչպէս՝ սէր, կարեկցութիւն, հաւատարմութիւն եւ արդարութիւն (Սաղ. 86։15. 145։17)։ Այսպիսի յատկութիւններ մշակելով, Եհովան կը պատուենք եւ կը փաստենք որ իրեն երախտապարտ ենք (Ա. Պետ. 1։14-16)։ Երբ մեր երկնաւոր Հօր հաճելի եղած կերպով կը վարուինք, ուրախ եւ գոհունակ կ’ըլլանք։ Նաեւ, քանի որ Եհովայի յատկութիւններուն պէս յատկութիւններ ունինք, կրնանք դառնալ այնպիսի անհատներ, որոնք կ’ուզէ ունենալ իր ընտանիքին մէջ։ Ան մեզի համար յատուկ բնակարան պատրաստեց (Յոբ 38։4-6. Եր. 10։12)։ Որովհետեւ ազնիւ ու առատաձեռն է, Եհովան մեզի համար բազմաթիւ լաւ բաներ պատրաստեց, որպէսզի կեանքէն հաճոյք առնենք (Սաղ. 104։14, 15, 24)։ Ան ժամանակ տրամադրեց իր ստեղծած բաներուն մասին մտածելու, եւ «տեսաւ որ բարի են» (Ծն. 1։10, 12, 31)։ դ21.08 3 ¶5-6

Շաբաթ, դեկտեմբեր 16

Հոգիին պտուղը այս է. սէր, խնդութիւն, խաղաղութիւն, երկայնմտութիւն, քաղցրութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն, հեզութիւն, ժուժկալութիւն (Գաղ. 5։22, 23)։

Բոլորս քարոզելու եւ աշակերտելու նշանակումը ունինք (Մատ. 28։19, 20. Հռով. 10։14)։ Կ’ուզե՞ս այս շատ կարեւոր գործին մէջ հմտութիւններդ բարելաւել։ Սերտէ Աւելի լաւ կարդանք եւ սորվեցնենք գրքոյկը, եւ ետքը մասնաւոր նպատակակէտեր դիր, որ կարենաս սորվածդ գործադրել։ Երբ նկատի կ’առնես, թէ ի՛նչ նպատակակէտեր պիտի դնես, մի՛ անտեսեր ամենակարեւոր նպատակակէտերէն մէկը՝ քրիստոնէական յատկութիւններ մշակել (Կող. 3։12. Բ. Պետ. 1։5-8)։ Անկասկած բոլորս կ’ուզենք Եհովային համար աւելին ընել, քան ինչ որ հիմա կ’ընենք։ Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ, լիովին պիտի կարենանք իրեն ծառայել։ Մինչ այդ, մեր առջեւը եղող պատեհութիւնները գործածելով, կրնանք մեր ուրախութիւնը աւելցնել եւ յուսախաբութիւնները նուազեցնել։ Եւ ինչ որ ա՛լ աւելի կարեւոր է, Եհովային՝ մեր ուրախ Աստուծոյն, փառք ու պատիւ պիտի բերենք (Ա. Տիմ. 1։11)։ Ուստի, մեր ունեցած առանձնաշնորհումներով ուրախանանք։ դ21.08 25 ¶18-20

Կիրակի, դեկտեմբեր 17

Ան որ Աստուծոյ կը մօտենայ, պէտք է որ հաւատայ թէ Աստուած կայ (Եբ. 11։6)։

Եթէ մեծցար Վկայ ընտանիքի մը մէջ, հաւանաբար Եհովայի մասին պզտիկ տարիքիդ գիտցար։ Քեզի սորվեցուցին որ ինք Ստեղծիչն է, հոյակապ յատկութիւններ ունի եւ մարդկութեան նկատմամբ սիրալիր նպատակ մը ունի (Ծն. 1։1. Գործք 17։24-27)։ Սակայն շատ մը մարդիկ չեն հաւատար, որ Աստուած գոյութիւն ունի, ալ ուր մնաց որ ինքն է Ստեղծիչը։ Փոխարէնը, անոնք կը հաւատան թէ կեանքը պատահմամբ մէջտեղ եկաւ եւ ետքը դանդաղօրէն բարեշրջուեցաւ կեանքի բարդ տեսակներու։ Այս գաղափարին կը հաւատան անհատներ, որոնք շատ բարձր ուսում ունին։ Անոնք թերեւս պնդեն թէ գիտութիւնը փաստած է, որ Աստուածաշունչը սխալ է, եւ թէ Ստեղծիչին կը հաւատան միայն տգէտ, տկար կամ միամիտ մարդիկը։ Առանց նկատի առնելու թէ քանի՛ տարի է որ Եհովայի վկայ ենք, բոլորս պէտք է շարունակենք մեր հաւատքը կերտել։ Եթէ այդպէս ընենք, պիտի չմոլորինք Սուրբ Գիրքին դէմ խօսող մարդոց «փիլիսոփայութիւնով ու փուճ խաբէութիւնով» (Կող. 2։8)։ դ21.08 14 ¶1-3

Երկուշաբթի, դեկտեմբեր 18

Արժանի ես, Տէ՛ր, փառք ու պատիւ եւ զօրութիւն առնելու (Յայտ. 4։10բ)։

Աբէլ, Նոյ, Աբրահամ եւ Յոբ ցոյց տուին, որ Եհովան կը սիրեն ու կը յարգեն։ Ինչպէ՞ս։ Իրենց հնազանդութեան, հաւատքին եւ զոհերուն միջոցաւ։ Յստակ է, որ անոնք իրենց լաւագոյնը ըրին որ Եհովան պատուեն, եւ ան իրենց պաշտամունքը ընդունեց։ Անկէ ետք, Եհովան Մովսիսական օրէնքը տուաւ իսրայէլացիներուն։ Այս օրէնքներուն մէջ կային ուղղութիւններ, թէ Եհովան ինչպէ՛ս կ’ուզէր որ պաշտուէր։ Յիսուսի մահէն ու յարութենէն ետք, Եհովան այլեւս չպահանջեց Մովսիսական օրէնքին հնազանդիլ (Հռով. 10։4)։ Քրիստոնեաները պիտի հետեւէին նոր օրէնքի մը, որ էր «Քրիստոսին օրէնքը» (Գաղ. 6։2)։ Անոնք կրնային այս «օրէնք»ին հնազանդիլ, ոչ թէ շատ մը կանոններու կառչելով, հապա Յիսուսը ընդօրինակելով եւ անոր ուսուցումներուն հետեւելով։ Այսօր ալ քրիստոնեաները իրենց լաւագոյնը կ’ընեն, որ Քրիստոսին հետեւին, որպէսզի Եհովան հաճեցնեն ու ‘իրենց անձերուն հանգստութիւն գտնեն’ (Մատ. 11։29)։ դ22.03 20-21 ¶4-5

Երեքշաբթի, դեկտեմբեր 19

Ինք անապատ տեղեր կը քաշուէր եւ աղօթք կ’ընէր (Ղուկ. 5։16)։

Եհովան իր զաւակներուն մտիկ կ’ընէ։ Երբ իր Որդին երկրի վրայ էր, անոր աղօթքները լսեց։ Անոր աղօթքները լսեց, երբ լուրջ որոշումներու առջեւ էր, ինչպէս՝ 12 առաքեալներ զատել (Ղուկ. 6։12, 13)։ Եհովան նաեւ Յիսուսին ականջ տուաւ, երբ ան վերջին ծայր մտահոգ էր։ Մատնուելէ ճիշդ առաջ, Յիսուս ջերմեռանդօրէն իր Հօր աղօթեց իր առջեւ եղող դժուար փորձութեան նկատմամբ։ Եհովան ոչ միայն Յիսուսին աղօթքը լսեց, հապա նաեւ հրեշտակ մը ղրկեց, իր սիրելի Որդին զօրացնելու համար (Ղուկ. 22։41-44)։ Ներկայիս, Եհովան կը շարունակէ իր ծառաներուն աղօթքները մտիկ ընել եւ ատոնց պատասխանել ճիշդ ժամանակին եւ կարելի եղած լաւագոյն կերպով (Սաղ. 116։1, 2)։ Նկատի առ թէ Հնդկաստանի մէջ քոյր մը ասիկա ինչպէ՛ս իր մորթին վրայ զգաց։ Ան լուրջ զգացական խնդիրներէ կը տառապէր եւ անկեղծօրէն Եհովային կ’աղօթէր ատոր մասին։ Ան կը գրէ. «Մայիս 2019–ի ամսական յայտագիրը, որ մտահոգութեան հետ գլուխ ելլելու մասին էր, ճիշդ ինծի համար էր։ Անիկա իմ աղօթքներուս պատասխանն էր»։ դ21.09 21-22 ¶6-7

Չորեքշաբթի, դեկտեմբեր 20

Լեռները թող փախչին (Ղուկ. 21։21)։

Պահ մը երեւակայէ, թէ այդ առաջին դարու քրիստոնեաներուն համար որքա՜ն դժուար ըլլալու էր գրեթէ ամէն բան իրենց ետին ձգել եւ նոր կեանք մը սկսիլ նոր վայրի մը մէջ։ Պէտք էր հաւատք ունենային, որպէսզի վստահէին, թէ Եհովան իրենց պէտք եղածը իրենց պիտի տար։ Այս ուղղութեամբ կար բան մը, որ կրնար իրենց օգնել։ Հռոմայեցիները Երուսաղէմը պաշարելէ հինգ տարի առաջ, Պօղոս առաքեալ եբրայեցիներուն արժէքաւոր խրատ մը տուաւ. «Բարքերնիդ արծաթասէր չըլլա՛յ, բաւական սեպեցէք որչափ բան որ ձեռքերնիդ կայ. վասն զի ինք ըսաւ թէ՝ ‘Բնաւ քեզ պիտի չթողում ու բնաւ քեզ երեսէ պիտի չձգեմ’. այնպէս որ կը համարձակինք ըսելու. ‘Տէրը իմ օգնականս է, ուստի ես պիտի չվախնամ. մարդը ինծի ի՞նչ պիտի ընէ’» (Եբ. 13։5, 6)։ Անկասկած, անոնք՝ որոնք հռոմէական պաշարումէն առաջ Պօղոսի խրատին ականջ տուին, կրցան աւելի դիւրաւ յարմարիլ իրենց նոր կեանքին, որ աւելի պարզ էր։ Անոնք վստահ էին, որ Եհովան իրենց հիմնական պէտքերը պիտի ապահովէր։ դ22.01 4 ¶7, 9

Հինգշաբթի, դեկտեմբեր 21

[Եհովայի] ողորմութիւնները իր բոլոր գործերուն վրայ են (Սաղ. 145։9)։

Երբ մտածենք անհատի մը մասին որ կ’ողորմի, թերեւս մեր միտքը գայ մէկը որ սրտի մօտիկ, կարեկից եւ առատաձեռն է, Յիսուսի յիշած բարի սամարացիին առակին պէս։ Այդ մարդը «ողորմութիւն ըրաւ» հրեայի մը, որ գողերը ծեծեր ու կողոպտեր էին։ Ան այդ հրեային «խղճաց» եւ սիրալիրօրէն իրեն հոգ տարաւ (Ղուկ. 10։29-37)։ Այս առակը ցոյց կու տայ մեր Աստուծոյն գեղեցիկ յատկութիւններէն մէկը՝ ողորմութիւն։ Ան կ’ողորմի, քանի որ մեզ կը սիրէ։ Եւ ամէն օր շատ մը կերպերով մեզի կ’ողորմի։ Կարելի է ողորմութիւն ցոյց տալ ուրիշ կերպով ալ. չպատժել մէկը, որ պատիժի արժանի է։ Այդ առումով Եհովան անշուշտ մեզի հանդէպ ողորմած գտնուած է։ Սաղմոս գրողը ըսաւ. «Անիկա մեր մեղքերուն համեմատ չըրաւ մեզի» (Սաղ. 103։10)։ Իսկ ուրիշ ատեններ Եհովան կրնայ մեղաւոր մը զօրաւոր կերպով կրթել։ դ21.10 8 ¶1-2

Ուրբաթ, դեկտեմբեր 22

Իմ ողորմութիւնս քեզմէ պիտի չվերնայ (Եսա. 54։10)։

Եհովան իր հաւատարիմ սէրը ցոյց կու տայ անոնց հանդէպ, որոնք իրեն հետ մտերիմ փոխյարաբերութիւն ունին, այսինքն՝ իր ծառաները։ Ասիկա յստակ կը դառնայ Դաւիթի եւ Դանիէլի ըսածներէն։ Դաւիթ ըսաւ. «Քու ողորմութիւնդ քեզ ճանչցողներուն շարունակէ» եւ «Տէրոջը ողորմութիւնը յաւիտեանս յաւիտենից իրմէ վախցողներուն վրայ է»։ Իսկ Դանիէլ ըսաւ. «Ո՛հ, Տէ՛ր, մեծ եւ ահաւոր Աստուած, որ քեզ սիրողներուն եւ քու պատուիրանքներդ պահողներուն ուխտն ու ողորմութիւնը կը պահես» (Սաղ. 36։10. 103։17. Դան. 9։4)։ Այս ներշնչեալ խօսքերը կը յայտնեն, որ Եհովան իր ծառաներուն հանդէպ հաւատարիմ սէր ցոյց կու տայ, քանի որ անոնք զինք կը ճանչնան, իրմէ կը վախնան, զինք կը սիրեն եւ իր պատուիրանքները կը պահեն, այսինքն՝ միայն անոնց հանդէպ, որոնք ճիշդ կերպով զինք կը պաշտեն։ Երբ դեռ չէինք սկսած Եհովային ծառայել, կը ստանայինք այն նոյն սէրը, որ Եհովան ընդհանուր առմամբ մարդկութեան հանդէպ ցոյց կու տայ (Սաղ. 104։14)։ Սակայն որպէս իր ծառաները, նաեւ իր հաւատարիմ սէրէն կ’օգտուինք։ դ21.11 4 ¶8-9

Շաբաթ, դեկտեմբեր 23

Քու Տէր Աստուծոյդ երկրպագութիւն ընես (Մատ. 4։10)։

Որքա՛ն ալ մեզ ճնշեն, մենք որոշած ենք հնազանդիլ Յիսուսի այս խօսքին։ Ներկայիս, շատեր կը սիրեն հռչակաւոր քարոզիչներու մտիկ ընել։ Եւ անոնց վրայ այնքա՛ն հիացած են, որ քիչ կը մնայ որ զանոնք պաշտեն։ Անոնց եկեղեցիները կ’երթան, անոնց գիրքերը կը գնեն, եւ դրամական մեծ նուիրատուութիւններ կ’ընեն անոնց կամ այն կազմակերպութիւններուն, որոնց անոնք թիկունք կը կանգնին։ Անոնց իւրաքանչիւր խօսքին կը հաւատան։ Արդեօք եթէ Յիսուսը տեսնէին, այսքա՛ն խանդավառ պիտի ըլլայի՞ն։ Անդին, Եհովայի ճշմարիտ երկրպագուները կղերականներ չունին։ Թէեւ մենք մեր մէջ առաջնորդութիւն առնողները կը յարգենք, բայց կ’ընդունինք այն ինչ որ Յիսուս յստակօրէն սորվեցուց. «Դուք ամէնքդ եղբայր էք» (Մատ. 23։8-10)։ Մենք մարդիկը չենք աստուածացներ, ըլլա՛ն անոնք կրօնական առաջնորդներ կամ կառավարիչներ։ Եւ իրենց կրօնական կամ քաղաքական նպատակներուն թիկունք չենք կանգնիր։ Փոխարէնը, կը մնանք չէզոք եւ աշխարհէն զատուած։ Ուստի այս բոլոր բաներուն մէջ, մենք շատ տարբեր ենք ուրիշ կրօնքներէ, որոնք անունով քրիստոնէական են (Յովհ. 18։36)։ դ21.10 20 ¶6-7

Կիրակի, դեկտեմբեր 24

Ես եմ Եհովան, քու Աստուածդ. . . ինձմէ զատ ուրիշ աստուածներ չունենաս (Ել. 20։2, 3)։

Իւրաքանչիւր քրիստոնեայ, որ կ’ուզէ սուրբ ըլլալ, պէտք է վստահ ըլլայ, որ ո՛չ մէկ բան կամ ո՛չ մէկ անձ աւելի կարեւոր ըլլայ, քան Եհովային հետ իր փոխյարաբերութիւնը։ Եւ քանի որ Եհովայի վկաներ անունը կը կրենք, վճռած ենք չընել բան մը, որ իր սուրբ անուան վրայ նախատինք կը բերէ (Ղեւ. 19։12. Եսա. 57։15)։ Եհովայի օրէնքներուն հնազանդելով, իսրայէլացիները ցոյց պիտի տային, որ ընդունած էին Եհովան որպէս իրենց Աստուածը։ Ղեւտացւոց 18։4–ը կ’ըսէ. «Իմ պատուիրանքներս կատարեցէ՛ք եւ իմ կանոններս պահեցէք, որպէս զի անոնցմով քալէք։ Ես եմ Տէրը, ձեր Աստուածը»։ 19–րդ գլուխը կը թուէ այդ «կանոններ»էն ոմանք։ Օրինակ, 5-8, 21, 22–րդ համարները կը խօսին անասնական զոհերուն մասին։ Իսրայէլացիները այդ զոհերը պէտք էր ընէին այնպիսի կերպով մը, որ ‘Տէրոջը սուրբ բանը չպղծէին’։ Այս համարները կարդալը պէտք է մեզ մղէ, որ ուզենք Եհովան հաճեցնել եւ ընդունելի օրհնութեան պատարագ մատուցանել, ինչպէս որ Եբրայեցիս 13։15–ը մեզ կը քաջալերէ որ ընենք։ դ21.12 5 ¶14-15

Երկուշաբթի, դեկտեմբեր 25

Քու երիտասարդութեանդ կնոջը հետ ուրախ եղիր (Առ. 5։18)։

Ներկայիս, երիտասարդ զոյգերը կրնան օգտուիլ Եհովային ապաւինող անհատներու փորձառութենէն։ Կարգ մը զոյգեր տասնեակ տարիներ անցուցած են լիաժամ ծառայութեան մէջ։ Կրնաք անոնցմէ խրատ խնդրել, երբ կը մտածէք ձեր նպատակակէտերուն մասին։ Ասիկա կերպ մըն է, որով ցոյց կու տաք թէ Եհովային կը վստահիք (Առ. 22։17, 19)։ Այո, ամուսնութիւնը Եհովային կողմէ նուէր է (Մատ. 19։5, 6)։ Ան կ’ուզէ որ զոյգերը կեանքը վայելեն։ Ո՛վ երիտասարդ զոյգեր, քննեցէք թէ ինչպէ՛ս ձեր կեանքը կը գործածէք։ Արդեօք ձեր ամէն կարելին կ’ընէ՞ք որ Եհովային ցոյց տաք, թէ իր տուած պարգեւները որքա՜ն կը գնահատէք։ Եհովային աղօթեցէք, իր Խօսքին մէջ փնտռեցէք սկզբունքներ, որոնք ձեր պարագային կը կիրարկուին, եւ զանոնք գործադրեցէք։ Կրնաք վստահ ըլլալ, որ պիտի ունենաք ուրախ կեանք մը, եթէ Եհովային ծառայելու վրայ կեդրոնանաք։ դ21.11 18 ¶16. 19 ¶18

Երեքշաբթի, դեկտեմբեր 26

Ամէնքս ալ շատ յանցանքներ կ’ընենք (Յակ. 3։2)։

Յակոբոս իր անձին հանդէպ ճիշդ տեսակէտը պահպանեց։ Ան չսեպեց, որ միւս քրիստոնեաներէն աւելի լաւ էր, քանի որ Յիսուսի եղբայրն էր կամ քանի որ կարեւոր նշանակումներ ունէր։ Ան իր հաւատակիցներուն ըսաւ. «Իմ սիրելի՛ եղբայրներս» (Յակ. 1։16, 19. 2։5)։ Եւ այն տպաւորութիւնը չտուաւ, թէ կատարեալ էր։ Դա՞սը. յիշէ որ բոլորս մեղաւորներ ենք։ Պէտք չէ մտածենք, որ մենք կերպով մը մեր աշակերտներէն աւելի լաւ ենք։ Ինչո՞ւ։ Եթէ մեր աշակերտին այն տպաւորութիւնը տանք, որ մենք սխալներ չենք ըներ, ան կրնայ ընկճուիլ, մտածելով թէ բնա՛ւ պիտի չկարենայ Աստուծոյ բոլոր պահանջները ընել։ Բայց եթէ անկեղծօրէն ընդունինք, որ մեզի համար միշտ դիւրին չէ եղած Աստուածաշունչին սկզբունքները գործադրել, եւ բացատրենք թէ Եհովան մեզի օգնած է, որ մեր կեանքին մէջ պէտք եղած փոփոխութիւնները ընենք, մեր աշակերտին պիտի օգնենք տեսնելու, թէ ինքն ալ կրնայ Եհովային ծառայել։ դ22.01 11-12 ¶13-14

Չորեքշաբթի, դեկտեմբեր 27

Ձեզմէ ամէն մէկը նոյն միտքը թող ունենայ, որ Քրիստոս Յիսուսին մէջ էր (Փլպ. 2։5)։

Ո՛րքան աւելի Յիսուսին պէս մտածենք, ա՛յնքան աւելի իրեն պէս պիտի վարուինք եւ ա՛յնքան աւելի պիտի յաջողինք իր անձնաւորութիւնը ունենալ (Եբ. 1։3)։ Թերեւս մտածենք. ‘Յիսուս կատարեալ է։ Ես բնա՛ւ չեմ կրնար կատարելապէս իրեն պէս ըլլալ’։ Եթէ այդպէս կը զգաս, յիշէ այս կէտերը։ Առաջին, դուն այնպէս մը ստեղծուած ես, որ Եհովային եւ Յիսուսին նմանիս։ Ուստի, կրնա՛ս զիրենք ընդօրինակել եւ կրնա՛ս որոշ չափով յաջողիլ (Ծն. 1։26)։ Երկրորդ, Աստուծոյ սուրբ հոգին ամենազօրաւոր ուժն է տիեզերքին մէջ։ Անոր օգնութեամբ, կրնաս իրագործել բաներ, որոնք առանձին բնա՛ւ չես կրնար ընել։ Երրորդ, Եհովան քեզմէ չ’ակնկալեր, որ ներկայիս կատարելապէս ցուցաբերես հոգիին պտուղը։ Իրականութեան մէջ, մեր սիրալիր Հայրը 1000 տարի յատկացուցած է, որպէսզի երկրային յոյս ունեցողները կատարելութեան հասնին (Յայտ. 20։1-3)։ Ինչ որ Եհովան ներկայիս մեզմէ կը պահանջէ, այն է՝ որ մեր լաւագոյնը ընենք եւ օգնութեան համար իրեն ապաւինինք։ դ22.03 9 ¶5-6

Հինգշաբթի, դեկտեմբեր 28

Բնաւ խօսք չկայ իմ լեզուիս վրայ, ահա, ո՛վ Տէր, դուն ամէնը գիտես (Սաղ. 139։4)։

Աղօթելը միակ կերպը չէ, որով կրնանք Եհովայի հետ մեր կապը զօրացնել։ Իր Խօսքը սերտելը եւ ժողովներուն ներկայ ըլլալը կրնան մեզի օգնել, որ իրեն մօտենանք։ Ինչպէ՞ս կրնաս լաւագոյն կերպով գործածել այն ժամանակը, որ կ’անցընես սերտելու ատեն եւ ժողովներուն մէջ։ Դուն քեզի հարցուր. ‘Ի՞նչ բան կեդրոնացումս կը խանգարէ ժողովներուն ընթացքին կամ սերտելու ատեն’։ Կրնա՞յ ըլլալ որ սմարթֆոնիդ կամ ուրիշ ելեկտրոնային սարքի մը միջոցաւ քեզի կու գայ հեռաձայն, ե–նամակ կամ մէսըճ։ Երբ կը նկատես որ միտքդ կը ցրուի, մինչ կը սերտես կամ ժողովի մը ներկայ ես, Եհովայէն խնդրէ որ քեզի օգնէ կեդրոնանալու։ Եթէ մտահոգ ես, կրնայ դիւրին չըլլալ որ հոգերդ մէկ կողմ դնես եւ հոգեւոր բաներու վրայ կեդրոնանաս, բայց կարեւոր է որ այս մէկը ընես։ Ուստի, աղօթքով Աստուծոյ խաղաղութիւնը խնդրէ, որ պիտի պաշտպանէ ոչ միայն սիրտդ, այլ նաեւ մտային կարողութիւններդ (Փլպ. 4։6, 7)։ դ22.01 29-30 ¶12-14

Ուրբաթ, դեկտեմբեր 29

Ականջդ ծռէ ու իմաստուններուն խօսքերուն մտիկ ըրէ (Առ. 22։17)։

Ոզիա թագաւորը խրատը մերժեց։ Ան Եհովայի տաճարին այն մասը մտաւ, որ միայն քահանաներուն արտօնուած էր մտնել, եւ փորձեց խունկ մատուցանել։ Քահանաները իրեն ըսին. «Ո՛վ Ոզիա, քեզի չ’իյնար որ Տէրոջը խունկ ծխես, հապա Ահարոնեան քահանաներուն»։ Ոզիան ի՞նչ ըրաւ։ Եթէ խոնարհաբար խրատը ընդունէր եւ անմիջապէս տաճարէն հեռանար, Եհովան թերեւս իրեն ներէր։ Փոխարէնը, «Ոզիա բարկացաւ»։ Ան ինչո՞ւ խրատը մերժեց։ Այնպէս կ’երեւի որ ան զգաց, թէ թագաւոր ըլլալով, կրնար իր ամէն ուզածը ընել։ Բայց Եհովան հարցը այդ կերպով չէր դիտեր։ Ոզիան իր հպարտութեան պատճառաւ բորոտութեամբ զառնուեցաւ, եւ «մինչեւ իր մահուան օրը բորոտած էր» (Բ. Մն. 26։16-21)։ Անոր օրինակէն կը սորվինք, թէ ո՛վ որ ալ ըլլանք, եթէ սուրբգրային խրատը մերժենք, Եհովայի հաճութիւնը պիտի կորսնցնենք։ դ22.02 9 ¶7

Շաբաթ, դեկտեմբեր 30

Ապաշխարեցէ՛ք ու դարձի՛ եկէք, որպէս զի մեղքերնիդ ջնջուի. որպէս զի սփոփանքի ժամանակները գան Տէրոջը երեսէն (Գործք 3։19, 20)։

Անձ մը, որուն վրայ «հին անձնաւորութիւնը» կ’իշխէ, ընդհանրապէս մարմնաւոր կերպով կը մտածէ ու կը վարուի (Կող. 3։9, ՆԱ)։ Ան կրնայ անձնասէր, դիւրաւ բարկացող, անշնորհակալ եւ հպարտ ըլլալ։ Ան կը սիրէ պոռնկագրական նիւթեր եւ անբարոյ ու վայրագ ֆիլմեր դիտել։ Անշուշտ լաւ յատկութիւններ ունի, եւ թերեւս յանցաւոր կը զգայ իր ըսած կամ ըրած գէշ բաներուն համար։ Բայց զօրաւոր փափաք չունի իր մտածելակերպը եւ վարուելակերպը փոխելու (Գաղ. 5։19-21. Բ. Տիմ. 3։2-5)։ Որովհետեւ անկատար ենք, մեզմէ ո՛չ մէկը կրնայ լման կերպով իր սրտէն ու մտքէն հանել բոլոր գէշ մտածումները եւ ցանկութիւնները։ Ատեն–ատեն պիտի ըսենք կամ ընենք բան մը, որուն համար ետքը պիտի զղջանք (Եր. 17։9. Յակ. 3։2)։ Բայց երբ հին անձնաւորութիւնը մեր վրայէն հանենք, մարմնաւոր յատկութիւնները եւ սովորութիւնները այլեւս մեր վրայ չեն իշխեր։ Տարբեր անձ մը կ’ըլլանք (Եսա. 55։7)։ դ22.03 3 ¶4-5

Կիրակի, դեկտեմբեր 31

Խոնարհութիւնով մէկզմէկ ձեր անձէն լաւ սեպեցէք (Փլպ. 2։3)։

Երէցնե՛ր, եղբայրներուն լաւ յատկութիւններուն վրայ կեդրոնացէք։ Թէեւ անկատար են, բայց ամէն մէկը ունի գեղեցիկ յատկութիւններ։ Ճիշդ է որ երէցները ատեն–ատեն խրատ կու տան։ Բայց Պօղոս առաքեալին պէս, անոնք պէտք է ջանք ընեն, որ չկեդրոնանան անհատին վիրաւորական խօսքերուն եւ արարքներուն վրայ։ Փոխարէնը, լաւ կ’ըլլայ որ նկատի առնեն, թէ ան Եհովան կը սիրէ, իր ծառայութեան մէջ կը տոկայ եւ կրնա՛յ աւելի լաւ մէկը ըլլալ։ Այն երէցները, որոնք կը կեդրոնանան ուրիշներու լաւ յատկութիւններուն վրայ, ժողովքին մէջ կը ստեղծեն ջերմ մթնոլորտ մը, ուր եղբայրները սիրուած կը զգան։ Յիշեցէք որ Եհովան ձեզմէ չի խնդրեր, որ կատարեալ ըլլաք. հապա կը խնդրէ որ հաւատարիմ ըլլաք (Ա. Կոր. 4։2)։ Կրնաք վստահ ըլլալ, որ Ան կ’արժեւորէ ամէն բան, որ կ’ընէք իր ծառայութեան մէջ։ Ան բնա՛ւ «անիրաւ չէ, որ ձեր գործը մոռնայ ու այն սէրը զոր իր անուանը համար ցուցուցիք, որ սուրբերուն ծառայեցիք ու կը ծառայէք» (Եբ. 6։10)։ դ22.03 31 ¶19, 21

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել