Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • աք24 էջ 118-128
  • Դեկտեմբեր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Դեկտեմբեր
  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2024
  • Ենթավերնագիրներ
  • Կիրակի, դեկտեմբեր 1
  • Երկուշաբթի, դեկտեմբեր 2
  • Երեքշաբթի, դեկտեմբեր 3
  • Չորեքշաբթի, դեկտեմբեր 4
  • Հինգշաբթի, դեկտեմբեր 5
  • Ուրբաթ, դեկտեմբեր 6
  • Շաբաթ, դեկտեմբեր 7
  • Կիրակի, դեկտեմբեր 8
  • Երկուշաբթի, դեկտեմբեր 9
  • Երեքշաբթի, դեկտեմբեր 10
  • Չորեքշաբթի, դեկտեմբեր 11
  • Հինգշաբթի, դեկտեմբեր 12
  • Ուրբաթ, դեկտեմբեր 13
  • Շաբաթ, դեկտեմբեր 14
  • Կիրակի, դեկտեմբեր 15
  • Երկուշաբթի, դեկտեմբեր 16
  • Երեքշաբթի, դեկտեմբեր 17
  • Չորեքշաբթի, դեկտեմբեր 18
  • Հինգշաբթի, դեկտեմբեր 19
  • Ուրբաթ, դեկտեմբեր 20
  • Շաբաթ, դեկտեմբեր 21
  • Կիրակի, դեկտեմբեր 22
  • Երկուշաբթի, դեկտեմբեր 23
  • Երեքշաբթի, դեկտեմբեր 24
  • Չորեքշաբթի, դեկտեմբեր 25
  • Հինգշաբթի, դեկտեմբեր 26
  • Ուրբաթ, դեկտեմբեր 27
  • Շաբաթ, դեկտեմբեր 28
  • Կիրակի, դեկտեմբեր 29
  • Երկուշաբթի, դեկտեմբեր 30
  • Երեքշաբթի, դեկտեմբեր 31
Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2024
աք24 էջ 118-128

Դեկտեմբեր

Կիրակի, դեկտեմբեր 1

Ի՞նչ բան զիս կ’արգիլէ մկրտուելէ (Գործք 8։36)։

Եթովպիայէն եկած պաշտօնեան մկրտուելու պատրա՞ստ էր։ Նկատի առ հետեւեալը։ Այս մարդը «Երուսաղէմ եկեր էր երկրպագութիւն ընելու» (Գործք 8։27)։ Ուրեմն ան հրեայ նորահաւատ մը ըլլալու էր, որ հրէականութիւնը ընդունած էր։ Անկասկած որ Եհովային մասին սորված էր Եբրայերէն Գրութիւններէն։ Բայց եւ այնպէս, շատ կ’ուզէր աւելի սորվիլ։ Իրականութեան մէջ, երբ Փիլիպպոս իրեն հանդիպեցաւ ճամբուն վրայ, ան Եսայի մարգարէին գիրքը կը կարդար (Գործք 8։28)։ Կ’ուզէր աւելի սորվիլ։ Ան Եթովպիայէն երկար ճամբորդութիւն ըրած էր դէպի Երուսաղէմի տաճարը, որպէսզի Եհովան պաշտէ։ Փիլիպպոսէն սորվեցաւ կարգ մը կարեւոր նոր ճշմարտութիւններ, մէջը ըլլալով՝ Մեսիային ո՛վ ըլլալը (Գործք 8։34, 35)։ Եհովային եւ իր Որդիին հանդէպ իր սէրը աւելցաւ, եւ մղուեցաւ որոշում մը առնելու, որ իր ամբողջ կեանքը պիտի փոխէր։ Ան ուզեց մկրտուիլ որպէս Յիսուս Քրիստոսի հետեւորդ։ Փիլիպպոս՝ տեսնելով որ այս մարդը պատրաստ էր, զինք մկրտեց։ դ23.03 8-9 ¶3-6

Երկուշաբթի, դեկտեմբեր 2

Ձեր խօսքը ամէն ատեն շնորհքով ըլլայ (Կող. 4։6)։

Չենք կրնար Եհովան հաճեցնել, եթէ ճշմարտութիւնը չենք խօսիր (Առ. 6։16, 17)։ Թէեւ այսօր սուտը մարդոց բերնէն բնականաբար կ’ելլէ, բայց մենք կ’ուզենք այս հարցին շուրջ Եհովայի տեսակէտին հետեւիլ (Սաղ. 15։1, 2)։ Անշուշտ, ուղղակի սուտեր չենք ըսեր, բայց նաեւ զգոյշ կ’ըլլանք, որ դիտմամբ չձգենք որ ուրիշներ սխալ տպաւորութիւն առնեն մեր ըսածէն։ Նաեւ պէտք չէ բամբասենք (Առ. 25։23. Բ. Թես. 3։11)։ Եթէ նկատես, թէ խօսակցութիւն մը սկսաւ բամբասանքի վերածուիլ, ջանք ըրէ որ նիւթը փոխես եւ խօսիս շինիչ բանի մը մասին։ Որովհետեւ կ’ապրինք աշխարհի մը մէջ, ուր անվայել խօսելակերպը տարածուած է, պէտք է շատ ջանք թափենք, որ մեր խօսելակերպը միշտ Եհովային հաճելի ըլլայ։ Ան պիտի օրհնէ մեր ջանքերը, որ մեր լեզուն լաւ կերպով գործածենք՝ ծառայութեան մէջ, ժողովներուն մէջ եւ մեր առօրեայ խօսակցութիւններուն մէջ։ Երբ Եհովան այս չար աշխարհը մէջտեղէն վերցնէ, շա՜տ աւելի դիւրին պիտի ըլլայ մեր խօսելակերպով Եհովան պատուել (Յդ. 15)։ դ22.04 9 ¶18-20

Երեքշաբթի, դեկտեմբեր 3

Մենք զանիկա կը սիրենք, վասն զի ան առաջ մեզ սիրեց (Ա. Յովհ. 4։19)։

Երբ մտածենք թէ Եհովան եւ Յիսուսը որքա՜ն մեզ կը սիրեն, մենք ալ մեր կարգին կը մղուինք զիրենք սիրելու (Ա. Յովհ. 4։10)։ Մենք զիրենք ա՛լ աւելի կը սիրենք, երբ կը գիտակցինք, որ Յիսուս յատուկ մեզի համար մեռաւ։ Պօղոս առաքեալ ասոր գիտակցեցաւ եւ իր գնահատանքը արտայայտեց, երբ գաղատացիներուն գրեց, ըսելով. «Աստուծոյ Որդ[ին]. . . զիս սիրեց ու իր անձը ինծի համար մատնեց» (Գաղ. 2։20)։ Փրկանքին հիման վրայ, Եհովան քեզ իրեն քաշած է, որպէսզի իր բարեկամը ըլլաս (Յովհ. 6։44)։ Քու սիրտդ ուրախութեամբ չի՞ լեցուիր, երբ կը գիտնաս որ Եհովան մէջդ լաւ բան մը տեսած է եւ սուղ գին մը վճարած է, որպէսզի դուն իր բարեկամը սեպուիս։ Ասիկա Եհովային եւ Յիսուսին հանդէպ քու սէրդ չի՞ զօրացներ։ Լաւ կ’ըլլայ, որ մենք մեզի հարցնենք. ‘Այդ սէրը զիս կը մղէ որ ի՞նչ ընեմ’։ Աստուծոյ եւ Քրիստոսին հանդէպ մեր սէրը մեզ կը մղէ որ ուրիշները սիրենք (Բ. Կոր. 5։14, 15. 6։1, 2)։ դ23.01 28 ¶6-7

Չորեքշաբթի, դեկտեմբեր 4

Ժողովուրդներուն շրթունքները մաքուր շրթունքներու պիտի դարձնեմ (Սոփ. 3։9)։

Սուրբ Գիրքը կարեւոր դեր կը խաղայ Աստուծոյ նպատակին մէջ, որ իր ժողովուրդը ‘մէկ սրտով իրեն ծառայութիւն ընէ’։ Եհովան Սուրբ Գիրքը այնպէս մը գրել տուած է, որ միայն խոնարհները կարենան ատիկա հասկնալ (Ղուկ. 10։21)։ Ամէն տեղ մարդիկ Սուրբ Գիրքը կը կարդան։ Բայց միայն խոնարհներն են որ ատիկա իրապէս կը հասկնան եւ ատոր ըսածները կը գործադրեն (Բ. Կոր. 3։15, 16)։ Սուրբ Գիրքը կը ցուցնէ Եհովային իմաստութիւնը։ Եհովան Սուրբ Գիրքը կը գործածէ, ոչ միայն որպէս խումբ մեզի սորվեցնելու, հապա նաեւ անձամբ մեզի սորվեցնելու եւ մխիթարելու։ Երբ որ Եհովային Խօսքը կարդանք, կրնանք զգալ որ ան ամէն մէկովս հետաքրքրուած է (Եսա. 30։21)։ Հետդ եղա՞ծ է որ երբ խնդիր մը ունեցած ես, եւ Սուրբ Գիրքէն համար մը կարդացած ես, զգացած ես որ ատիկա ուղղակի քեզի համար գրուած է։ Բայց Սուրբ Գիրքը այնպէս մը գրուած է, որ միլիոնաւորներ կարենան ատիկա հասկնալ։ Լաւ ինչպէ՞ս կ’ըլլայ որ ատոր մէջի տեղեկութիւնները երբեմն կարծես ճիշդ քեզի համար գրուած կ’ըլլան։ Ասիկա կարելի է, միայն քանի որ ատիկա գրել տուողը Տիեզերքի ամէնէն իմաստուն Անձնաւորութիւնն է (Բ. Տիմ. 3։16, 17)։ դ23.02 4-5 ¶8-10

Հինգշաբթի, դեկտեմբեր 5

Ատոնց վրայ խորհէ ու ատոնցմով պարապէ, որպէս զի քու յառաջդիմութիւնդ ամենուն յայտնի ըլլայ (Ա. Տիմ. 4։15)։

Ճշմարիտ քրիստոնեաներ ըլլալով, մենք Եհովան շատ կը սիրենք։ Անոր համար, կ’ուզենք իրեն լաւագոյն կերպով ծառայել։ Բայց եթէ կ’ուզենք Եհովայի համար մեր ամէն կարելին ընել, պէտք է հոգեւոր նպատակակէտեր դնենք, ինչպէս՝ քրիստոնէական յատկութիւններ մշակել, նոր հմտութիւններ սորվիլ եւ ուրիշներուն ծառայելու կերպեր փնտռել։ Ինչո՞ւ պէտք է ուզենք հոգեւորապէս յառաջդիմել։ Գլխաւոր պատճառը այն է, որ կ’ուզենք մեր սիրալիր երկնաւոր Հայրը հաճեցնել։ Եհովան կ’ուրախանայ, երբ կը տեսնէ որ մեր տաղանդներն ու կարողութիւնները լման կերպով կը գործածենք իր ծառայութեան մէջ։ Ասկէ զատ, կ’ուզենք հոգեւորապէս յառաջդիմել, որպէսզի կարենանք աւելի օգտակար դառնալ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն (Ա. Թես. 4։9, 10)։ Առանց նկատի առնելու թէ քանի տարիէ ի վեր ճշմարտութեան մէջ ենք, բոլորս կրնանք հոգեւորապէս յառաջդիմել։ դ22.04 22 ¶1-2

Ուրբաթ, դեկտեմբեր 6

Անոնք. . . անոր մարմինը պիտի ուտեն ու զանիկա կրակով պիտի այրեն (Յայտ. 17։16)։

Այս աշխարհի քաղաքական տարրերը մօտ օրէն պիտի յարձակին Մեծ Բաբելոնին վրայ, այսինքն՝ բոլոր սուտ կրօնքներուն վրայ։ Այս յարձակումով պիտի սկսի մեծ նեղութիւնը։ Արդեօք ասիկա պատճառ պիտի ըլլա՞յ, որ շատեր որոշեն Եհովան պաշտել։ Ո՛չ։ Ընդհակառակը, Յայտնութիւն գրքին 6–րդ գլուխը ցոյց կու տայ, որ Եհովային չծառայողները պաշտպանութիւն պիտի փնտռեն այս աշխարհի քաղաքական եւ առեւտրական դրութիւններուն քով, որոնք լեռներու նմանցուած են։ Որովհետեւ իր Թագաւորութեան կողմը դիրք պիտի չբռնեն, Եհովան զիրենք պիտի սեպէ հակառակորդներ (Ղուկ. 11։23. Յայտ. 6։15-17)։ Այդ շատ դժուար ժամանակին, Եհովայի հաւատարիմ ծառաները աչքի պիտի զարնեն։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ միակ ժողովուրդը պիտի ըլլան երկրի վրայ, որ Եհովա Աստուածը կը պաշտեն եւ «գազանին» թիկունք չեն կանգնիր (Յայտ. 13։14-17)։ դ22.05 16-17 ¶8-9

Շաբաթ, դեկտեմբեր 7

[Հրեշտակը] ունէր յաւիտենական աւետիսը՝ քարոզելու բոլոր ազգերուն ու ցեղերուն եւ լեզուներուն ու ժողովուրդներուն (Յայտ. 14։6)։

‘Արքայութեան աւետարանը’, այսինքն՝ Թագաւորութեան բարի լուրը, միակ պատգամը չէ, որ Աստուծոյ ժողովուրդը պէտք է յայտարարէ (Մատ. 24։14)։ Անոնք նաեւ պէտք է թիկունք կանգնին այն հրեշտակներուն գործին, որոնք նկարագրուած են Յայտնութիւն գրքին 8-10–րդ գլուխներուն մէջ։ Այդ հրեշտակները կը ծանուցանեն շարք մը վայեր անոնց համար, որոնք Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կը մերժեն։ Այսպէս, Եհովայի վկաները կը ծանուցանեն դատաստանական պատգամ մը, որ ‘կարկուտի ու կրակի’ նմանցուած է, յայտնելով Աստուծոյ դատաստանները Սատանայի չար աշխարհին զանազան մասերուն դէմ (Յայտ. 8։7, 13)։ Մարդիկ պէտք է գիտնան, թէ վերջը մօտ է, որպէսզի իրենց կեանքին մէջ հիմնական փոփոխութիւններ ընելով կարենան Եհովայի բարկութեան օրէն վերապրիլ (Սոփ. 2։2, 3)։ Այս պատգամը ծանուցանելու համար, քաջութեան պէտք ունինք, քանի որ մարդոց համար հաճելի չէ։ Իսկ մեծ նեղութեան ընթացքին, վերջնական դատաստանական պատգամը ա՛լ աւելի խիստ պիտի ըլլայ (Յայտ. 16։21)։ դ22.05 7 ¶18-19

Կիրակի, դեկտեմբեր 8

Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ (Մատ. 22։37)։

Մտածէ զոյգի մը մասին, որ ծնողք պիտի դառնան։ Տարիներու ընթացքին, անոնք լսած են կարգ մը դասախօսութիւններ զաւակ մեծցնելու մասին։ Բայց հիմա այդ դասախօսութիւններուն տուած խրատները աւելի կարեւոր կը դառնան, քանի որ իրե՛նց զաւակը պիտի մեծցնեն։ Ի՜նչ լուրջ պատասխանատուութիւն մը։ Վստահաբար կեանքի նոր պարագաները կրնան ձգել, որ ծանօթ եղող սուրբգրային սկզբունքները տարբեր անկիւնէ դիտենք։ Ասիկա պատճառներէն մէկն է, թէ ինչո՛ւ իսրայէլացի թագաւորներուն պէս, Եհովան պաշտողները կը կարդան Սուրբ Գրութիւնները եւ անոնց վրայ կը խոկան, իրենց կեանքին «բոլոր օրերուն մէջ» (Բ. Օր. 17։19)։ Ծնողնե՛ր, ամենամեծ առանձնաշնորհումներէն մէկը ունիք. ձեր զաւակներուն սորվեցնել Եհովայի մասին։ Բայց չէք ուզեր միայն տեղեկութիւններ տալ ձեր զաւակներուն։ Դուք կ’ուզէք անոնց օգնել, որ Եհովան խորապէս սիրեն։ դ22.05 26 ¶2-3

Երկուշաբթի, դեկտեմբեր 9

Հագէ՛ք նոր անձնաւորութիւնը (Կող. 3։10, ՆԱ)։

Բաւարար չէ որ սխալ ընթացքի մը կամ մեղքի մը համար զղջանք։ Պէտք է նաեւ պատրաստ ըլլանք որ գործի անցնինք։ Դարձի գալը կարեւոր կէտ մըն է, որ Եհովան նկատի կ’առնէ, երբ պիտի որոշէ ներե՛լ կամ ոչ։ Անհատը պէտք է իր ընթացքը փոխէ՝ չար ճամբան ձգելով եւ սկսելով Եհովային ուզած կերպով ապրիլ (Եսա. 55։7)։ Ան պէտք է իր միտքը նորոգէ եւ Եհովայի մտածումով առաջնորդուի (Հռով. 12։2. Եփ. 4։23)։ Ան պէտք է վճռէ իր ետին ձգել իր նախկին գէշ մտածելակերպն ու վարուելակերպը (Կող. 3։7-9)։ Անշուշտ, Քրիստոսի զոհին հանդէպ մեր ունեցած հաւատքին հիման վրայ է, որ Եհովան մեզի կը ներէ եւ մեզ մեր մեղքէն կը մաքրէ։ Եհովան այդ զոհին հիման վրայ մեզի պիտի ներէ, եթէ տեսնէ որ լրջօրէն ջանք կը թափենք որ մեր ընթացքը փոխենք (Ա. Յովհ. 1։7)։ դ22.06 6 ¶16-17

Երեքշաբթի, դեկտեմբեր 10

Բնաւ մի՛ վախնար այն բաներէն որոնք պիտի կրես (Յայտ. 2։10)։

Ամբողջ պատմութեան ընթացքին, մարդիկ իրարու վնաս հասցուցած են (Ժող. 8։9)։ Օրինակ, կարգ մը մարդիկ իրենց հեղինակութիւնը չարաչար կը գործածեն, ոճրագործներ բռնի արարքներ կ’ընեն, դպրոցին մէջ կարգ մը աշակերտներ իրենց դասընկերներուն կը սպառնան, եւ ոմանք նոյնիսկ իրենց ընտանիքի անդամներուն հետ վայրագօրէն կը վարուին։ Ուստի, զարմանալի չէ որ մարդիկ իրարմէ կը վախնան։ Սատանան ինչպէ՞ս կը փորձէ մարդոց հանդէպ մեր վախը շահագործել։ Սատանան մարդոց հանդէպ վախը կը գործածէ, որպէսզի մեզ ստիպէ որ զիջումներ ընենք եւ քարոզելէ կենանք։ Սատանային ազդեցութեամբ, կառավարութիւններ մեր գործը արգիլած են եւ մեզ հալածած են (Ղուկ. 21։12)։ Ասկէ զատ, շատեր սխալ տեղեկութիւններ եւ խորամանկ սուտեր կը տարածեն Եհովայի վկաներուն մասին։ Անոնք որոնք այս սուտերուն կը հաւատան, թերեւս մեզ ծաղրեն, կամ նոյնիսկ մեր վրայ յարձակին (Մատ. 10։36)։ Սատանային այս մեթոտները մեզ կը զարմացնե՞ն։ Բնաւ երբեք։ Ան արդէն ատոնք գործածեց առաջին դարուն (Գործք 5։27, 28, 40)։ դ22.06 16 ¶10-11

Չորեքշաբթի, դեկտեմբեր 11

Անոնք որ շատերը արդարութեան կ’առաջնորդեն՝ աստղերու պէս պիտի փայլին յաւիտեանս յաւիտենից (Դան. 12։3)։

Որո՞նք պիտի ըլլան այն «շատեր»ուն մէջ, որոնք արդարութեան պիտի առաջնորդուին։ Անոնց մէջ պիտի ըլլան՝ յարութիւն առնողները եւ անոնք, որոնք Արմագեդոնէն պիտի վերապրին, ինչպէս նաեւ ոեւէ պզտիկ, որ նոր աշխարհին մէջ պիտի ծնի։ 1000 տարուան վերջաւորութեան, երկրի վրայ բոլոր ապրողները կատարեալ պիտի ըլլան։ Պէտք է յիշենք որ կատարեալ ըլլալը ինքնին չի նշանակեր, որ անձը ինքնաբերաբար յաւիտենական կեանք պիտի ստանայ։ Մտածէ Ադամին ու Եւային մասին։ Անոնք կատարեալ էին, բայց յաւիտենական կեանք ստանալէ առաջ պէտք էր փաստէին, որ Եհովա Աստուծոյ հնազանդ էին։ Ցաւօք սրտի, անոնք իրեն հնազանդ չգտնուեցան (Հռով. 5։12)։ Քանի որ 1000 տարուան վերջաւորութեան բոլորն ալ կատարելութեան հասած պիտի ըլլան, արդեօք բոլոր այդ կատարեալ մարդիկը յաւիտեան Եհովայի իշխանութեան լիովին թիկունք պիտի կանգնի՞ն, թէ ոչ անոնցմէ ոմանք Ադամին ու Եւային պէս կատարեալ ըլլալով հանդերձ՝ անհաւատարիմ պիտի ըլլան։ Այս հարցումը պէտք է պատասխանուի։ դ22.09 22-23 ¶12-14

Հինգշաբթի, դեկտեմբեր 12

Աշխարհի թագաւորութիւնները մեր Տէրոջը ու իր Օծեալինը եղան (Յայտ. 11։15)։

Աշխարհի վիճակները տեսնելով, քեզի համար դժուար կ’ըլլա՞յ դրական մնալ։ Ընտանիքի անդամները երթալով իրարմէ կը պաղին։ Մարդիկ աւելի ու աւելի ջղային, անձնասէր ու վայրագ կը դառնան։ Շատերու համար դժուար է իշխանութիւն ունեցողներուն վստահիլ։ Անդին, այս նոյն վիճակները կրնան քեզի վստահութիւն տալ, որ ամէն բան լաւ պիտի ըլլայ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ մարդիկ կը վարուին ճիշդ այն կերպով, որ Աստուածաշունչը ըսած էր «վերջին օրեր»ուն մասին իր հռչակաւոր մարգարէութեան մէջ (Բ. Տիմ. 3։1-5)։ Անկեղծ անհատ մը չի կրնար չընդունիլ, որ այս մարգարէութիւնը կը կատարուի։ Եւ անոր կատարումը կը փաստէ, որ Քրիստոս Յիսուս սկսած է իշխել որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը։ Բայց ասիկա Թագաւորութեան մասին շատ մը մարգարէութիւններէն միայն մէկն է։ Այս բոլոր մարգարէութիւնները կատարելապէս իրարու համաձայն են՝ ճիշդ փազըլի մը կտորներուն պէս, եւ այսպէս մեր մտքին մէջ յստակ պատկեր մը կը գծեն, թէ դէպքերու Եհովայի ժամանակացոյցին մէջ ո՛ւր ենք։ դ22.07 2 ¶1-2

Ուրբաթ, դեկտեմբեր 13

Իմաստութիւնը կ’արդարանայ իր գործերով (Մատ. 11։19, ՆԱ)։

ՔՈՎԻՏ–19 համավարակին ընթացքին, մեզի յստակ ուղղութիւն տրուեցաւ, թէ ինչպէ՛ս ժողովներու պիտի մասնակցինք եւ ինչպէ՛ս պիտի քարոզենք։ Անմիջապէս սկսանք ժողովներու եւ համաժողովներու ներկայ ըլլալ ինթըրնէթին միջոցաւ։ Իսկ մեր քարոզելու գրեթէ միակ կերպը եղաւ՝ նամակ գրել ու հեռաձայնել։ Եհովան մեր ջանքերը օրհնեց։ Շատ մը մասնաճիւղեր տեղեկագրեցին, որ հրատարակիչներուն թիւը աչքառու կերպով աւելցած է։ Իրականութեան մէջ, շատեր քաջալերական փորձառութիւններ ունեցած են այդ ժամանակամիջոցին։ Թերեւս ոմանց կարծիքով, կազմակերպութիւնը համավարակին նկատմամբ չափէ աւելի զգուշութիւն ցոյց տուած է։ Բայց կրկին անգամ փաստուեցաւ, որ մեր ստացած ուղղութիւնները իմաստուն էին։ Երբ կը մտածենք այն սիրալիր կերպին մասին, որով Յիսուս իր ժողովուրդը կ’առաջնորդէ, վստահութիւն կ’ունենանք որ ապագային ի՛նչ որ ալ պատահի, Եհովան եւ իր սիրելի Որդին մեզի հետ պիտի ըլլան (Եբ. 13։5, 6)։ դ22.07 13 ¶15-16

Շաբաթ, դեկտեմբեր 14

Անդադար աղօթք ըրէ՛ք։ Ամէն բանի մէջ գոհութիւն տուէ՛ք. վասն զի այս է Աստուծոյ կամքը Քրիստոս Յիսուսով ձեր վրայ (Ա. Թես. 5։17, 18)։

Մեր աղօթքներուն մէջ Եհովան փառաբանելէ զատ, կը մղուինք իրեն շնորհակալութիւն յայտնելու իր տուած հիանալի բաներուն համար։ Օրինակ, կրնանք շնորհակալ ըլլալ գոյնզգոյն ծաղիկներուն, տեսակ–տեսակ համեղ ուտելիքներուն եւ մեր բարեկամներուն թարմացուցիչ ընկերակցութեան համար։ Մեր հոգատար Հայրը մեզի կու տայ ասոնք եւ ասոնցմէ աւելին՝ միայն մեզ ուրախացնելու համար (Սաղ. 104։12-15, 24)։ Եւ աւելի կարեւորը, մենք Եհովային շնորհակալութիւն կը յայտնենք իր տուած առատ հոգեւոր սնունդին համար եւ այն հոյակապ յոյսին համար, որ ունինք ապագային նկատմամբ։ Շատ դիւրութեամբ կրնանք մոռնալ Եհովային շնորհակալութիւն յայտնել այն ամէն բաներուն համար, որոնք մեզի համար կ’ընէ։ Ի՞նչ բան կրնայ քեզի օգնել, որ չմոռնաս։ Կրնաս ըրած խնդրանքներուդ համար ցանկ մը պատրաստել եւ ատեն–ատեն նայիլ, թէ Եհովան անոնց ինչպէ՛ս պատասխանած է։ Ետքը, իր օգնութեան համար շնորհակալութիւն յայտնէ (Կող. 3։15)։ դ22.07 22 ¶8-9

Կիրակի, դեկտեմբեր 15

Անոր հաճութիւնը Աստուծոյ օրէնքին մէջ է, եւ ցորեկ ու գիշեր անոր օրէնքին վրայ կը մտածէ (Սաղ. 1։2)։

Գիտենք, որ պարզապէս ճշմարտութիւնը սերտելը չի բաւեր։ Լիովին օգտուելու համար, պէտք է ճշմարտութիւնը ապրինք այն իմաստով, որ պէտք է մեր սորվածը գործադրենք մեր կեանքին մէջ։ Միայն այն ատեն է որ ճշմարտութիւնը մեզի իսկական ուրախութիւն պիտի բերէ (Յակ. 1։25)։ Ինչպէ՞ս կրնանք վստահ ըլլալ, որ ճշմարտութիւնը մեր կեանքին մէջ կը գործադրենք։ Եղբայր մը կը քաջալերէ որ քննենք, թէ ո՛ր մարզերուն մէջ զայն կը գործադրենք եւ ո՛ր մարզերուն մէջ պէտք է աւելի ջանք թափենք։ Ասոր նկատմամբ Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Ի՛նչ աստիճանի որ հասեր ենք նոյն կանոնին համեմատ քալենք, նոյն խորհուրդը ունենանք» (Փլպ. 3։16)։ Վայրկեան մը մտածէ այն օգուտներուն մասին, որ կ’ունենանք, երբ մեր լաւագոյնը կ’ընենք, որ շարունակենք ‘ճշմարտութեան մէջ քալել’։ Ոչ միայն մեր կեանքին որակը կը բարելաւենք, հապա նաեւ Եհովան եւ մեր հաւատակիցները կ’ուրախացնենք (Առ. 27։11. Գ. Յովհ. 4)։ Իրաւ, ասոնցմէ աւելի լաւ պատճառներ ունի՞նք ճշմարտութիւնը սիրելու եւ ապրելու։ դ22.08 19 ¶16-18

Երկուշաբթի, դեկտեմբեր 16

Աստուծոյ հօտը. . . արածեցէք (Ա. Պետ. 5։2)։

Երէցները ինչպէ՞ս կրնան ցոյց տալ, որ Եհովան եւ Յիսուսը կը սիրեն։ Կարեւոր կերպերէն մէկն է Յիսուսին ոչխարներուն պէտքերը հոգալ (Ա. Պետ. 5։1, 2)։ Յիսուս այս մէկը յստակ դարձուց Պետրոս առաքեալին։ Պետրոս երեք անգամ Յիսուսը ուրանալէ ետք, հաւանաբար կ’ուզէր փաստել, որ զինք կը սիրէր։ Յարութիւն առնելէն ետք, Յիսուս Պետրոսին հարցուց. «Սիմո՛ն, Յովնանին որդին, զիս կը սիրե՞ս»։ Կրնանք վստահ ըլլալ, որ Պետրոս պատրաստ էր ամէն բան ընելու, իր Տիրոջ հանդէպ իր սէրը փաստելու համար։ Յիսուս Պետրոսին ըսաւ. «Արածէ՛ իմ ոչխարներս» (Յովհ. 21։15-17)։ Եւ Պետրոս իր ամբողջ կեանքին ընթացքին քնքշութեամբ հոգ տարաւ Տէրոջ ոչխարներուն, փաստելով որ զինք կը սիրէր։ Երէցնե՛ր, ինչպէ՞ս կրնաք ցոյց տալ որ Պետրոսին ուղղուած Յիսուսի խօսքը ձեզի համար կարեւոր է։ Կրնաք Եհովային եւ Յիսուսին հանդէպ ձեր սէրը ցոյց տալ՝ կանոնաւորաբար հովուական այցելութիւններ ընելով եւ յատուկ ջանք թափելով անգործունեաներուն օգնելու որ Եհովային վերադառնան (Եզեկ. 34։11, 12)։ դ23.01 29 ¶10-11

Երեքշաբթի, դեկտեմբեր 17

Աստուած հաւատարիմ է, որ ձեզ պիտի չթողու որ ձեր կարողութենէն աւելի փորձուիք (Ա. Կոր. 10։13)։

Զգոյշ եղիր այն ծուղակէն, որ մտածես թէ մէ՛կը չի հասկնար այն դժուարութիւնը որմէ կ’անցնիս։ Այդպէս մտածելը կրնայ պատճառ ըլլալ, որ կարծես թէ պարագադ անյոյս է եւ թէ զօրութիւնը չունիս սխալ ցանկութիւններու դէմ դնելու։ Աստուածաշունչը ատանկ չ’ըսեր։ Անիկա կ’ըսէ. «Փորձութեանը հետ ազատութեան միջոց մըն ալ պիտի տայ, որպէս զի կարող ըլլաք համբերել»։ Ուրեմն, նոյնիսկ երբ սխալ ցանկութիւն մը մեր մէջ զօրաւոր է, մենք կրնանք յաջողիլ հաւատարիմ մնալ Եհովային։ Եհովայի օգնութեամբ, մենք կրնանք սխալ ցանկութեան տեղի չտալ։ Միշտ ասիկա յիշէ. մենք անկատար ըլլալով, չենք կրնար արգելք ըլլալ որ սխալ ցանկութիւններ արթննան մեր մէջ։ Բայց երբ սխալ ցանկութիւն մը ունենաս, կրնաս անմիջապէս զայն մերժել, ինչպէս որ Յովսէփ ըրաւ, երբ անմիջապէս փախաւ Պետափրէսի կնոջմէն (Ծն. 39։12)։ Սխալ ցանկութիւններու համաձայն մի՛ վարուիր։ դ23.01 12-13 ¶16-17

Չորեքշաբթի, դեկտեմբեր 18

Աստուծոյ քով աչառութիւն չկայ (Հռով. 2։11)։

Եհովային յատկութիւններէն մէկն է արդարութիւնը (Բ. Օր. 32։4)։ Անիկա կապ ունի անաչառութեան հետ, եւ Եհովան անաչառ է՝ զատողութիւն չի դներ (Գործք 10։34, 35)։ Եւ ասիկա յայտնի կ’ըլլայ, երբ նկատի կ’առնենք թէ Սուրբ Գիրքը ի՛նչ լեզուներով գրուեցաւ։ Եհովան խոստացաւ որ վերջին օրերուն, Սուրբ Գիրքին մէջի ճշմարիտ «գիտութիւնը պիտի շատնար»։ Շատեր ատիկա պիտի հասկնային (Դան. 12։4)։ Ասիկա կարելի դարձած է, քանի որ Սուրբ Գիրքը եւ Սուրբ Գիրքին վրայ հիմնուած հրատարակութիւնները թարգմանուած են, հրատարակուած են եւ մարդոց հասած են։ Եհովային ժողովուրդը մինչեւ օրս Աստուծոյ Խօսքը ամբողջութեամբ կամ մասամբ թարգմանած է աւելի քան 240 լեզուներով։ Եւ ոեւէ մէկը կրնայ ձրիօրէն ատիկա ունենալ։ Ասանկով, բոլոր ազգերէն մարդիկ Թագաւորութեան բարի լուրին մասին կը սորվին առաջ որ վերջը գայ (Մատ. 24։14)։ Արդարութեան Աստուածը կ’ուզէ որ կարելի եղածին չափ շատ մարդիկ զինք ճանչնան՝ իր Խօսքը կարդալով։ Քանի որ ան բոլորս շատ կը սիրէ։ դ23.02 5 ¶11-12

Հինգշաբթի, դեկտեմբեր 19

Մի՛ կերպարանիք այս աշխարհին կերպարանքովը, հապա ձեր մտքին նորոգութիւնովը նորոգուեցէ՛ք (Հռով. 12։2)։

Արդարութիւնը կը սիրե՞ս։ Վստահաբար։ Բայց բոլորս անկատար ենք, եւ եթէ ուշադիր չըլլանք, կրնանք դիւրութեամբ ազդուիլ արդարութեան նկատմամբ աշխարհի տեսակէտէն (Եսա. 5։20)։ Յիսուսի օրուան կրօնական առաջնորդները կը սեպէին, թէ ճիշդ բանը կ’ընէին։ Բայց Յիսուս զիրենք խստօրէն դատապարտեց, քանի որ անոնք ուրիշները կը դատէին եւ կը դնէին իրե՛նց չափանիշները, այսինքն՝ ճիշդ ու սխալ վարուելակերպի նկատմամբ իրե՛նց օրէնքները (Ժող. 7։16. Ղուկ. 16։15)։ Մեր օրերուն ալ, ոմանք այդպէս կը վարուին։ Անոնք կ’ըսեն թէ սխալ բան մը չեն ըներ, բայց այդպէս կ’ըսեն հիմնուելով իրե՛նց չափանիշներուն վրայ։ Յաճախ, այդպիսի անհատներ հպարտ են, ուրիշները քննադատական աչքով կը դիտեն կամ կը կարծեն թէ անոնցմէ աւելի լաւ են։ Եհովան այս յատկութիւնները բնա՛ւ չի սիրեր։ Ատիկա ինքնարդարութիւն է եւ արդարութեան հետ կապ չունի։ Արդարութիւնը գեղեցիկ յատկութիւն մըն է։ Պարզ խօսքով, անիկա կը նշանակէ ընել ինչ որ Եհովա Աստուծոյ աչքին ճիշդ է։ Աստուածաշունչին մէջ, այն բառերը, որոնք կը թարգմանուին «արդարութիւն», կու տան ամենաբարձր չափանիշներուն համաձայն ապրելուն գաղափարը, որ են՝ Եհովայի չափանիշները։ դ22.08 27 ¶3-5

Ուրբաթ, դեկտեմբեր 20

Ձեզ բարեկամ անուանեցի (Յովհ. 15։15)։

Յիսուս իր աշակերտներուն վստահեցաւ, հակառակ անոնց սխալներուն (Յովհ. 15։16)։ Երբ Յակոբոսն ու Յովհաննէսը Յիսուսէն խնդրեցին, որ Թագաւորութեան մէջ իրենց յատուկ դիրք մը տայ, Յիսուս չմտածեց որ անոնք սխալ մղումով Եհովային կը ծառայէին, ոչ ալ իրենց առաքեալ ըլլալը չեղեալ ըրաւ (Մար. 10։35-40)։ Ետքը, այն գիշերը որ Յիսուս ձերբակալուեցաւ, իր բոլոր աշակերտները զինք լքեցին (Մատ. 26։56)։ Բայց Յիսուս բնաւ իր յոյսը չկտրեց անոնցմէ։ Ան շատ լաւ գիտէր անոնց անկատարութիւնները, բայց եւ այնպէս ‘զիրենք մինչեւ վերջ սիրեց’ (Յովհ. 13։1)։ Յարութիւն առնելէ ետք, ան նոյնիսկ իր 11 հաւատարիմ առաքեալներուն լուրջ պատասխանատուութիւն մը տուաւ, որ էր՝ աշակերտելու գործին մէջ առաջնորդութիւն առնել եւ իր թանկագին ոչխարներուն հոգ տանիլ (Մատ. 28։19, 20. Յովհ. 21։15-17)։ Այս անկատար մարդոց հանդէպ իր վստահութիւնը տեղին էր։ Անոնք բոլորն ալ հաւատարմօրէն ծառայեցին մինչեւ իրենց մահը։ Իրապէս ալ Յիսուսը մեզի համար շատ լաւ օրինակ է անկատար մարդոց վստահելու նկատմամբ։ դ22.09 6 ¶12

Շաբաթ, դեկտեմբեր 21

Տէրը ինծի հետ է, չեմ վախնար (Սաղ. 118։6)։

Երբ համոզուած ենք, որ Եհովան մեզ կը սիրէ եւ միշտ մեզի հետ է, Սատանան պիտի չկարենայ մեզ վախցնել։ Օրինակ, 118–րդ սաղմոսը գրողը շատ մը նեղացուցիչ պարագաներէ անցաւ։ Ան բազմաթիւ թշնամիներ ունէր, մէջը ըլլալով բարձր դիրք ունեցող անհատներ (համար 9, 10)։ Ատեններ, մեծ ճնշումի տակ էր (համար 13)։ Եւ Եհովայի կողմէ զօրաւոր խրատ ստացած էր (համար 18)։ Ասով հանդերձ, ան ըսաւ. «Չեմ վախնար»։ Ան գիտէր որ թէեւ իր երկնաւոր Հայրը զինք խրատեց, բայց զինք կը սիրէր։ Սաղմոս գրողը համոզուած էր, որ ի՛նչ պարագայի մէջ ալ ըլլար, իր հոգատար Աստուածը միշտ պատրաստ պիտի ըլլար օգնութեան հասնելու (Սաղ. 118։29)։ Պէտք է համոզուած ըլլանք, թէ Եհովան մեզ անհատապէս կը սիրէ։ Այդ համոզումը պիտի օգնէ մեզի, որ յաղթահարենք երեք վախեր. 1) ընտանիքին ապրուստը չճարելու վախը, 2) մարդոց հանդէպ վախը, եւ 3) մահէն վախնալը։ դ22.06 15 ¶3-4

Կիրակի, դեկտեմբեր 22

Երանելի է այն մարդը, որ փորձութեան կը համբերէ։ Վասն զի եթէ փորձուելով ընտիր գտնուի, կենաց պսակը պիտի առնէ (Յակ. 1։12)։

Մենք պէտք է վստահ ըլլանք որ Եհովային պաշտամունքը մեր կեանքին մէջ առաջին տեղը կը դնենք։ Մեր Ստեղծիչը ըլլալով, Եհովան իրապէս արժանի է մեր պաշտամունքին (Յայտ. 4։10բ. 14։6, 7)։ Ուրեմն, մեզի համար ամէնէն կարեւոր բանը պէտք է ըլլայ՝ զինք պաշտել իրեն ընդունելի եղող կերպով, որ է՝ «հոգիով ու ճշմարտութիւնով» (Յովհ. 4։23, 24)։ Մենք կ’ուզենք որ Աստուծոյ սուրբ հոգին առաջնորդէ մեր պաշտամունքը։ Այդպէս, մեր պաշտամունքը պիտի ըլլայ իր Խօսքին մէջ եղող ճշմարտութիւններուն համաձայն։ Մենք կը փափաքինք այս պաշտամունքը մեր կեանքին մէջ առաջին տեղը դնել, նոյնիսկ եթէ կ’ապրինք երկրի մը մէջ, ուր մեր գործը սահմանափակուած կամ արգիլուած է։ Հիմա աւելի քան 150 եղբայրներ ու քոյրեր բանտարկուած են, պարզապէս քանի որ Եհովայի վկաներ են։ Հակառակ ասոր, անոնք ուրախութեամբ իրենց ամէն կարելին կ’ընեն, որ աղօթեն, սերտեն եւ ուրիշներուն պատմեն Աստուծոյ եւ իր Թագաւորութեան մասին։ Երբ մեզ կը նախատեն կամ կը հալածեն, կրնանք ուրախ ըլլալ, գիտնալով որ Եհովան մեզի հետ է եւ մեզ պիտի վարձատրէ (Ա. Պետ. 4։14)։ դ22.10 9 ¶13

Երկուշաբթի, դեկտեմբեր 23

Իմաստութիւնը պաշտպանութիւն կու տայ (Ժող. 7։12, ՆԱ)։

Առակաց գիրքին միջոցաւ Եհովան մեզի իմաստուն խրատներ կու տայ, որոնք բնա՛ւ չեն հիննար, եւ եթէ զանոնք գործադրենք, մեր կեանքը պիտի բարելաւուի։ Նկատի առ երկու իմաստուն խրատներ։ Առաջին, ունեցածովդ գոհացիր։ Առակաց 23։4, 5–ը այս խրատը կու տայ. «Հարուստ ըլլալու մի՛ աշխատիր. . . անիկա անշուշտ իրեն թեւեր կը շինէ ու արծիւի պէս օդը կը թռչի»։ Այսօր, թէ՛ հարուստը եւ թէ աղքատը խենթի պէս դրամ շահելու ետեւէ են։ Յաճախ, ասիկա պատճառ կ’ըլլայ, որ վնաս հասցուի անոնց համբաւին, փոխյարաբերութիւններուն եւ նոյնիսկ՝ առողջութեան (Առ. 28։20. Ա. Տիմ. 6։9, 10)։ Երկրորդ, մտածէ՝ առաջ որ խօսիս։ Եթէ զգոյշ չըլլանք, մեր խօսքերով կրնանք մեծ վնաս հասցնել։ Առակաց 12։18–ը կ’ըսէ. «Մարդիկ կան, որոնց անմիտ խօսքերը սուրի պէս կը խոցոտեն, բայց իմաստուններուն լեզուն բժշկութիւն է»։ Երբ ուրիշներուն թերութիւններուն մասին չենք բամբասեր, խաղաղութիւն պահած կ’ըլլանք (Առ. 20։19)։ դ22.10 21 ¶14. 22 ¶16-17

Երեքշաբթի, դեկտեմբեր 24

Այդ տոմսը կե՛ր ու գնա՛ Իսրայէլի տանը խօսէ՛ (Եզեկ. 3։1)։

Եզեկիէլ պէտք էր լիովին հասկնար մարդոց տրուելիք պատգամը, այսինքն՝ պատգամը պէտք էր իր մէկ մասը դառնար, ազդելով իր ամենաներքին զգացումներուն։ Այն ատեն, զարմանալի բան մը եղաւ. Եզեկիէլ զգաց որ տոմսը «մեղրի պէս անոյշ էր» (Եզեկ. 3։3)։ Քանի որ Եզեկիէլի համար Եհովան ներկայացնելը մեծ պատիւ էր եւ քաղցր ու ախորժելի փորձառութիւն մը (Սաղ. 19։8-11)։ Ան շատ շնորհակալ էր, որ Եհովան զինք նշանակած էր որ իր մարգարէն ըլլար։ Ետքը, Եհովան իրեն ըսաւ. «Իմ բոլոր խօսքերս որոնք քեզի պիտի յայտնեմ, սրտիդ մէջ ընդունէ՛ ու ականջներովդ լսէ՛» (Եզեկ. 3։10)։ Այս խօսքերով, Եհովան կ’ուզէր որ ան տոմսին վրայ գրուած խօսքերը իր միտքը պահէր եւ անոնց վրայ խոկար։ Երբ այդպէս ըրաւ, իր հաւատքը զօրացաւ։ Ատկէ զատ, Եզեկիէլ մարդոց յայտնելիք զօրաւոր պատգամ մը ունեցաւ (Եզեկ. 3։11)։ Աստուծոյ պատգամը իր սրտին մէջ եւ շրթներուն վրայ ըլլալով՝ ան պատրաստ էր իր նշանակումը սկսելու եւ ամբողջացնելու։ դ22.11 6 ¶12-14

Չորեքշաբթի, դեկտեմբեր 25

Խօսք մտիկ ընելը խոյերուն ճարպէն աղէկ է (Ա. Թագ. 15։22)։

Եթէ կազմակերպչական փոփոխութիւնները հաւատարմութիւնդ փորձի տակ դնեն, ի՞նչ պէտք է ընես։ Լիովին թիկունք կանգնէ կազմակերպչական փոփոխութիւններուն։ Կահաթեանները անապատին մէջ ճամբորդած ատեն, ժողովուրդին առջեւէն երթալով՝ ուխտին տապանակը կը շալկէին (Թւ. 3։29, 31. 10։33. Յես. 3։2-4)։ Ասիկա մե՜ծ առանձնաշնորհում մըն էր։ Բայց երբ իսրայէլացիները Աւետեաց երկրին մէջ հաստատուեցան, Կահաթեաններուն նշանակումը փոխուեցաւ։ Այլեւս պէտք չկար ուխտին տապանակը միշտ տեղէ տեղ փոխադրելու։ Կահաթեանները ուրիշ նշանակումներ ստացան (Ա. Մն. 6։31-33. 26։1, 24)։ Բայց Աստուածաշունչին մէջ տեղ մը չէ գրուած, որ անոնք գանգատեցան կամ պահանջեցին աւելի կարեւոր նշանակումներ, քանի որ անցեալին յատուկ նշանակում մը ունէին։ Ասկէ ի՞նչ դաս կը սորվինք։ Ամբողջ սրտովդ թիկունք կանգնէ Եհովայի կազմակերպութեան մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւններուն, նոյնիսկ եթէ անոնք քու նշանակումիդ կ’ազդեն։ Ուրախութիւն գտիր որեւէ նշանակումի մէջ, որ քեզի կը տրուի։ Յիշէ որ նշանակումդ չէ, որ Եհովայի աչքին քեզ արժէքաւոր կը դարձնէ։ Իրեն համար քու հնազանդութիւնդ շա՜տ աւելի կարեւոր է, քան՝ որեւէ նշանակում։ դ22.11 22-23 ¶10-11

Հինգշաբթի, դեկտեմբեր 26

Իմ շղթաս ամօթ չսեպեց (Բ. Տիմ. 1։16)։

Ոնեսիփորոս փնտռեց Պօղոս առաքեալը եւ երբ գտաւ, շատ ջանք թափեց որ իրեն գործնական կերպերով օգնէ։ Այդպէս ընելով, Ոնեսիփորոս իր կեանքը վտանգի տակ դրաւ։ Ասկէ ի՞նչ դաս կը սորվինք։ Պէտք չէ ձգենք, որ մարդոց վախը մեզ ետ պահէ մեր հալածուող եղբայրներուն թիկունք կանգնելէ։ Ընդհակառակը, անոնց դէմ ըսուած սուտերը մերժենք եւ իրենց օգնութեան հասնինք (Առ. 17։17)։ Անոնք մեր սիրոյն եւ աջակցութեան պէտք ունին։ Նկատի առ, թէ ինչպէ՛ս Ռուսիոյ մէջ մեր եղբայրներն ու քոյրերը կը հասնին իրենց հաւատակիցներուն, որոնք կը բանտարկուին։ Երբ մէկը կը դատուի, շատեր դատարան կու գան զինք քաջալերելու համար։ Դասը ի՞նչ է մեզի համար։ Երբ պատասխանատու եղբայրներու մասին գէշ բաներ կը խօսուին կամ անոնք կը ձերբակալուին կամ կը հալածուին, մի՛ վախնար։ Փոխարէնը, անոնց համար աղօթէ, անոնց ընտանիքի անդամներուն հոգ տար եւ ջանք ըրէ անոնց գործնական կերպերով օգնելու (Գործք 12։5. Բ. Կոր. 1։10, 11)։ դ22.11 16-17 ¶11-12

Ուրբաթ, դեկտեմբեր 27

Ինծի մխիթարութիւն [եղան] (Կող. 4։11)։

Երէցները պատասխանատուութիւնը ունին Աստուածաշունչին հիման վրայ քաջալերելու եղբայրներն ու քոյրերը եւ օգնելու անոնց, որոնք ընկճուած են (Ա. Պետ. 5։2)։ Երբ աղէտ մը հարուածէ, երէցները նա՛խ պէտք է վստահ ըլլան, որ ամէն մէկ եղբայր եւ քոյր ապահով է եւ ունի ուտելիք, հագուելիք եւ բնակարան։ Բայց անկէ ետք, աղէտէն ազատողները հաւանաբար ամիսներով պէտք պիտի ունենան հոգեւոր եւ զգացական օգնութեան (Յովհ. 21։15)։ Հարոլտ, որ որպէս Մասնաճիւղի յանձնախումբի մէկ անդամ կը ծառայէ եւ աղէտէ տուժած շատ մը եղբայրներու ու քոյրերու ծանօթացած է, կ’ըսէ. «Ժամանակ կ’առնէ, որ մէկը ինքզինքը գտնէ։ Թերեւս անոնք սկսին իրենց կորսնցուցածներուն հետ հաշտուիլ, բայց մեռած սիրելիի մը, թանկարժէք ստացուածքի մը, կամ մահէն ազատելու մասին յիշատակները կրնան շարունակել զիրենք տանջել։ Այդ յիշատակներուն պատճառաւ, անհատը կրնայ կրկին անգամ սգալ։ Ատիկա հաւատքի պակաս չէ, հապա մարդկային բնական զգացում է»։ Երէցները ‘լացողներուն հետ լալու’ խրատը լուրջի կ’առնեն (Հռով. 12։15)։ դ22.12 22 ¶1. 24-25 ¶10-11

Շաբաթ, դեկտեմբեր 28

Հոգիով գացէք ու մարմնին ցանկութիւնը պիտի չկատարէք (Գաղ. 5։16)։

Մեզի օգնելու համար որ յաջողինք ճիշդը ընելու, Եհովան առատաձեռնօրէն իր սուրբ հոգին կու տայ մեզի։ Երբ իր Խօսքը կը սերտենք, թոյլ կու տանք որ իր հոգին մեզի ազդէ։ Սուրբ հոգին նաեւ կը ստանանք, երբ ժողովներու ներկայ կը գտնուինք։ Հոն կրնանք ժամանակ անցընել եղբայրներու ու քոյրերու հետ, որոնք մեզի պէս շատ ջանք կ’ընեն որ ճիշդը ընեն, եւ ատիկա մեզ կը քաջալերէ (Եբ. 10։24, 25. 13։7)։ Իսկ երբ Եհովային անկեղծօրէն կ’աղօթենք եւ իրմէ կը խնդրենք որ մեզի օգնէ որոշ տկարութիւն մը յաղթահարելու, ան մեզի պիտի տայ իր սուրբ հոգին, որպէսզի կարենանք շարունակել ատոր դէմ պայքարիլ։ Ճիշդ է որ այս բաները ընելը սխալ ցանկութիւնները մէջտեղէն պիտի չվերցնէ, բայց անիկա մեզի պիտի օգնէ որ ատոնց ետեւէն չերթանք։ Երբ հոգեւոր գործունէութիւններու ռութին ունինք, կարեւոր է որ զայն պահենք եւ շարունակենք զարգացնել ճիշդը ընելու փափաքը։ դ23.01 11 ¶13-14

Կիրակի, դեկտեմբեր 29

Ես բանի մը իշխանութեան տակ պիտի չըլլամ (Ա. Կոր. 6։12)։

Թէեւ Աստուածաշունչը առողջութեան կամ սնունդի մասին տեղեկութիւններ տուող գիրք մը չէ, բայց անիկա այս հարցերուն շուրջ Եհովային տեսակէտը կը յայտնէ։ Օրինակ, Եհովան մեզի կ’ըսէ որ մեր մարմինին վնաս հասցնող ‘չարութիւնը հեռացնենք’ (Ժող. 11։10)։ Չափէն աւելի ուտելը եւ չափէն աւելի խմելը, որոնք երկուքն ալ մեր կեանքին վնաս կը հասցնեն, Աստուածաշունչին մէջ դատապարտուած են (Առ. 23։20, ԱԾ)։ Եհովան կ’ակնկալէ որ ինքնազսպում ունենանք, երբ պիտի որոշենք ի՛նչ եւ որքա՛ն պիտի ուտենք եւ խմենք (Ա. Կոր. 9։25)։ Կրնանք առնել որոշումներ, որոնք ցոյց կու տան որ Աստուծոյ տուած նուէրը՝ կեանքը կը գնահատենք, երբ մեր մտածելու կարողութիւնը կը գործածենք (Սաղ. 119։99, 100. Առ. 2։11)։ Օրինակ, մեր ուտելիքը ընտրելու ատեն, լաւ դատողութիւն կը գործածենք։ Եթէ որոշ ուտելիք մը կը սիրենք, բայց գիտենք որ ատիկա մեզ պիտի անհանգստացնէ, մեր տրամաբանութիւնը մեզ կը մղէ որ անիկա չուտենք։ Ասկէ զատ, ցոյց կու տանք որ խելացի ենք, երբ բաւարար չափով կը քնանանք, կանոնաւորաբար մարզանք կ’ընենք եւ միշտ մենք մեզ եւ մեր տունը մաքուր կը պահենք։ դ23.02 21 ¶6-7

Երկուշաբթի, դեկտեմբեր 30

Ի՞նչպէս կը կարդաս (Ղուկ. 10։26)։

Երբ Աստուածաշունչը կը կարդաս, ինչպէ՞ս կրնաս հոգեւոր գանձեր գտնել։ Նկատի առ Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17–ը։ Հոն կ’ըսէ որ «բոլոր գիրքը. . . օգտակար է» 1) սորվեցնելու, 2) յանդիմանելու, 3) շտկելու եւ 4) խրատելու համար։ Այս չորս օգուտները կրնաս քաղել նոյնիսկ Աստուածաշունչի այն գիրքերէն, որոնք շատ չես կարդար։ Դէպքը վերլուծէ՝ տեսնելու համար թէ անիկա ի՛նչ կը սորվեցնէ Եհովային մասին, իր նպատակներուն մասին կամ աստուածային սկզբունքներու մասին։ Նկատի առ թէ ատիկա ինչպէ՛ս օգտակար է յանդիմանելու համար։ Ասիկա ըրէ ուշադիր ըլլալով թէ համարները ինչպէ՛ս քեզի կ’օգնեն, որ գիտնաս եւ մերժես սխալ հակումներ կամ սխալ կեցուածքներ եւ ինչպէ՛ս հաւատարիմ ընթացքի մէջ մնալ։ Ուշադիր եղիր թէ որոշ հատուած մը ինչպէ՛ս կրնաս գործածել, որպէսզի շտկես կամ սրբագրես սխալ տեսակէտ մը, որ ծառայութեան մէջ մէկը ունի։ Նաեւ տես թէ ո՛ր համարներուն մէջ կը գտնես խրատ մը, որ կրնայ քեզի օգնել Եհովային կերպով հարցերը դիտելու։ Երբ այս չորս օգուտները ի մտի ունենաս, պիտի գտնես հոգեւոր գանձեր, որոնք կրնան քեզի օգնել որ աւելի օգտուիս Աստուածաշունչի ընթերցանութենէդ։ դ23.02 11 ¶11

Երեքշաբթի, դեկտեմբեր 31

Անոր թագաւորութիւնը պիտի չաւրուի (Դան. 7։14)։

Դանիէլ գիրքին մէկ մարգարէութիւնը կը յիշէ, որ Յիսուսին իշխանութիւն պիտի տրուէր «եօթը ժամանակ» կոչուող ժամանակամիջոցի մը աւարտէն ետք։ Կարելի՞ է գիտնալ, թէ Յիսուս ե՛րբ Թագաւոր եղաւ (Դան. 4։10-17)։ «Եօթը ժամանակ»ը կը ներկայացնէ 2520 տարի։ Այդ ժամանակամիջոցը սկսաւ Ք.Ա. 607–ին, երբ բաբելոնացիները Երուսաղէմի մէջ Եհովայի գահէն վար առին վերջին թագաւորը։ Եւ վերջ գտաւ Ք.Ե. 1914–ին, երբ Եհովան որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը թագադրեց Յիսուսը՝ ան, «որուն իրաւունքն է» (Եզեկ. 21։25-27)։ «Եօթը ժամանակ»ին մասին մարգարէութիւնը հասկնալը մեզի վստահութիւն կու տայ, որ Եհովան իր խոստումները կը կատարէ ճի՛շդ ատենին։ Ճիշդ ինչպէս որ իր Թագաւորութեան հաստատուելուն համար որոշ ժամանակ որոշած էր, ան պիտի ձգէ որ միւս բոլոր մարգարէութիւններն ալ կատարուին իր ժամանակացոյցին համաձայն։ Այո, Եհովային օրը «պիտի չուշանայ» (Ամբ. 2։3, ԱԾ)։ դ22.07 3 ¶3-5

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել