Նոյեմբեր
Ուրբաթ, նոյեմբեր 1
Բնաւ ձեր բերնէն ապականեալ խօսք մը թող չելլէ, հապա ինչ որ աղէկ է՝ պէտք եղած շինութեանը համար (Եփ. 4։29)։
Քրիստոնեային բերնէն հայհոյանք պէտք չէ ելլէ։ Բայց կան վիրաւորական խօսքեր ըսելու աննկատ կերպեր, որոնցմէ պէտք է զգուշանանք։ Օրինակ, պէտք է ուշադիր ըլլանք, որ անարգական բաներ չըսենք ուրիշ մշակոյթի մը, ցեղի մը կամ ազգութեան մը մասին։ Նաեւ չենք ուզեր կծու խօսքերով ուրիշները ցաւցնել։ Խօսելակերպովդ ուրիշները քաջալերէ։ Արագ եղիր գովելու մէջ եւ ոչ թէ քննադատելու կամ գանգատելու մէջ։ Իսրայէլացիները շնորհակալ ըլլալու շատ պատճառներ ունէին, բայց յաճախ գանգատեցան։ Միշտ գանգատիլը կրնայ պատճառ դառնալ, որ ուրիշներն ալ սկսին գանգատիլ։ Միտքդ բեր, թէ ինչպէ՛ս տասը լրտեսներուն ժխտական խօսքերուն պատճառաւ, «իսրայէլի բոլոր որդիները տրտնջեցին Մովսէսին ու Ահարոնին դէմ» (Թւ. 13։31–14։4)։ Միւս կողմէ, գովելը կրնայ ուրիշները ուրախացնել։ Ուրեմն, առիթներ փնտռէ, որպէսզի անկեղծօրէն գովես եղբայրներդ ու քոյրերդ։ դ22.04 8 ¶16-17
Շաբաթ, նոյեմբեր 2
Արգանդէն ես քեզի յանձնուեցայ. իմ մօրս որովայնէն դուն ես իմ Աստուածս (Սաղ. 22։10)։
Հին օրերէն ի վեր, Եհովան բազմաթիւ պատանիներու օգնած է, որ իր բարեկամները դառնան։ Ան կրնայ նաեւ քու զաւակներուդ օգնել, որ հոգեւորապէս աճին, եթէ կ’ուզեն (Ա. Կոր. 3։6, 7)։ Նոյնիսկ եթէ զաւակներդ Եհովային ամբողջ սրտով չեն ծառայեր, ան պիտի շարունակէ զիրենք սիրել (Սաղ. 11։4)։ Իսկ երբ ցոյց տան թէ կ’ուզեն զինք հաճեցնել, ան պատրաստ է իրենց օգնելու որ իր բարեկամները ըլլան (Գործք 13։48. Բ. Մն. 16։9)։ Ան կրնայ քեզ մղել ճիշդ բանը ըսելու ճիշդ ատենը,– երբ զաւակներդ ամէնէն շատ ատիկա լսելու պէտք ունին (Առ. 15։23)։ Կամ, ան կրնայ ժողովքէն եղող հոգատար եղբայր մը կամ քոյր մը մղել, որ անոնց հանդէպ յատուկ ուշադրութիւն ցոյց տայ։ Նոյնիսկ զաւակներդ չափահաս դառնալէ ետք, Եհովան կրնայ իրենց միտքը բերել բան մը, որ անցեալին իրենց սորվեցուցած ես (Յովհ. 14։26)։ Երբ շարունակես զաւակներդ կրթել ու մարզել խօսքովդ եւ օրինակովդ, Եհովան քեզ շատ պիտի օրհնէ։ դ22.04 21 ¶18
Կիրակի, նոյեմբեր 3
Վիշապը բարկացաւ (Յայտ. 12։17)։
Որովհետեւ Սատանան այլեւս չի կրնար երկինք երթալ, իր բարկութիւնը կը կեդրոնացնէ օծեալ քրիստոնեաներուն վրայ, որոնք Աստուծոյ Թագաւորութեան ներկայացուցիչներն են եւ ‘Յիսուսին վկայութիւնը ունին’ (Բ. Կոր. 5։20. Եփ. 6։19, 20)։ 1918–ին, ութ պատասխանատու եղբայրներ յանցաւոր նկատուեցան եւ դատապարտուեցան երկար տարիներու բանտարկութեան։ Թուեցաւ թէ այդ օծեալներուն գործը ‘սպաննուեցաւ’ (Յայտ. 11։3, 7-11) Բայց 1919–ի սկիզբը, եղբայրները ազատ արձակուեցան, եւ որոշ ժամանակ մը ետք՝ իրենց դէմ եղած բոլոր մեղադրանքները չեղեալ եղան։ Անոնք անմիջապէս ետ սկսան Թագաւորութեան գործին մէջ առաջնորդութիւն առնել։ Բայց ասիկա չկեցուց Սատանային յարձակումները Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ։ Անկէ ի վեր, Սատանան հալածանքի «գետ» մը կը վազցնէ Աստուծոյ բոլոր ծառաներուն դէմ (Յայտ. 12։15)։ Իսկապէս, բոլորս ‘համբերութեան ու հաւատքի’ պէտք ունինք (Յայտ. 13։10)։ դ22.05 5-6 ¶14-16
Երկուշաբթի, նոյեմբեր 4
Կնքուածներուն համրանքը լսեցի՝ որ էր հարիւր քառասունըչորս հազար (Յայտ. 7։4)։
Յովհաննէս առաքեալ տեսիլքի մը մէջ կը տեսնէ երկու խումբեր, որոնք Եհովայի իշխանութեան թիկունք կը կանգնին եւ յաւիտենական կեանքի օրհնութիւնները կը ստանան։ Առաջին խումբին անդամները 144,000 հոգի են։ Անոնք երկրէն կ’առնուին, որպէսզի երկնքին մէջ կազմեն կառավարութիւն մը, կամ Թագաւորութիւն մը, Յիսուսին հետ։ Անոնք երկրի վրայ պիտի իշխեն (Յայտ. 5։9, 10. 14։3, 4)։ Յովհաննէս կը տեսնէ որ անոնք Յիսուսին հետ կայնած են երկնային Սիօն լերան վրայ (Յայտ. 14։1)։ Առաքեալներու ժամանակներէն ի վեր, հազարաւոր մարդիկ ընտրուած են, որ ըլլան 144,000–էն (Ղուկ. 12։32. Հռով. 8։17)։ Բայց Յովհաննէս ըսաւ, որ վերջին օրերուն ընթացքին, երկրի վրայ միայն քիչ թիւով օծեալներ պիտի ըլլային (Յայտ. 12։17)։ Իսկ մեծ նեղութեան ընթացքին, անոնք երկինք պիտի առնուին, որպէսզի ըլլան 144,000–էն եղող միւս անդամներուն հետ։ Այսպէս, Յիսուսին իշխանակիցներ պիտի ըլլան Աստուծոյ Թագաւորութեան մէջ (Մատ. 24։31. Յայտ. 5։9, 10)։ դ22.05 16 ¶4-5
Երեքշաբթի, նոյեմբեր 5
Երանի՜ թէ իմ պատուիրանքիս մտիկ ընէիր (Եսա. 48։18)։
Յիսուս իր հետեւորդներուն սորվեցուց, որ իրենց անձին նկատմամբ պատշաճ տեսակէտ ունենան։ Զանոնք վստահեցուց. «Ձեր գլխուն բոլոր մազերն ալ համրուած են» (Մատ. 10։30)։ Այդ խօսքը մեզ շատ կը մխիթարէ, մանաւանդ եթէ մեր անձին նկատմամբ ժխտական տեսակէտ ունինք։ Անիկա կը նշանակէ, որ մեր երկնաւոր Հայրը մեզմով խորապէս հետաքրքրուած է. թէ մենք շա՜տ արժէքաւոր ենք իր աչքին։ Եթէ Եհովան թոյլ կու տայ որ զինք պաշտենք եւ կը սեպէ որ արժանի ենք նոր աշխարհին մէջ յաւիտեան ապրելու, պէտք չէ խորհինք որ իր մտածածը սխալ է։ Շուրջ 15 տարի առաջ, Դիտարան–ը քաջալերեց որ մեր անձին հանդէպ հաւասարակշռուած տեսակէտ ունենանք, ըսելով. «Վստահաբար, չենք ուզեր մեր անձին մասին շատ բարձր կարծիք ունենալ ինքնահաւան դառնալու աստիճան. ոչ ալ կ’ուզենք միւս ծայրայեղութեան երթալով, մենք մեզ անարժէք նկատել։ Փոխարէնը, մեր նպատակը պէտք է ըլլայ մեր անձին մասին տրամաբանական տեսակէտ մշակել, հաշուի առնելով մեր կարողութիւնները եւ մեր սահմանափակումները»։ դ22.05 24-25 ¶14-16
Չորեքշաբթի, նոյեմբեր 6
Միայն անոնց համար չեմ աղաչեր, այլ բոլոր անոնց համար ալ. . . որպէս զի ամէնքն ալ մէկ ըլլան (Յովհ. 17։20, 21)։
Ի՞նչ կրնանք ընել, որ ժողովքին միութիւնը պահենք։ Պէտք է խաղաղարար ըլլանք (Մատ. 5։9. Հռով. 12։18)։ Ամէն անգամ որ նախաքայլը կ’առնենք, որ խաղաղ փոխյարաբերութիւն ունենանք ժողովքի մէջ մեր հաւատակիցներուն հետ, հոգեւոր դրախտին գեղեցկութիւնը աւելցուցած կ’ըլլանք։ Մեր միտքը կը պահենք, որ Եհովան է որ հոգեւոր դրախտին մէջ եղող ամէն մէկ անհատը քաշած է ճշմարիտ պաշտամունքին (Յովհ. 6։44)։ Երեւակայէ թէ Եհովան որքա՜ն կ’ուրախանայ, երբ կը տեսնէ որ շատ ջանք կը թափես, որ իր թանկագին ծառաներուն միջեւ եղած խաղաղութիւնն ու միութիւնը զօրացնես (Եսա. 26։3. Ան. 2։7)։ Եհովան իր ծառաներուն շատ մը լաւ բաներ տուած է։ Ինչպէ՞ս կրնանք անոնցմէ լաւագոյն կերպով օգտուիլ։ Կրնանք խորապէս մտածել Աստուծոյ Խօսքէն մեր սորվածներուն մասին։ Սերտելը եւ խոկալը մեզի պիտի օգնեն, որ քրիստոնէական յատկութիւններ զարգացնենք, որոնք մեզ պիտի մղեն «եղբայրսիրութիւն» եւ ‘գորով’ ցոյց տալու (Հռով. 12։10)։ դ22.11 12-13 ¶16-18
Հինգշաբթի, նոյեմբեր 7
Անոնց անօրէնութիւնը պիտի ներեմ ու ա՛լ անոնց մեղքը պիտի չյիշեմ (Եր. 31։34)։
Երբ կ’ընդունինք այն իրողութիւնը, որ Եհովան մեզի ներած է, կը վայելենք «սփոփանքի ժամանակներ», մէջը ըլլալով մտքի խաղաղութիւն եւ մաքուր խիղճ։ Այսպիսի զգացումներ կրնանք ունենալ միայն եթէ Եհովա՛ն մեզի ներէ (Գործք 3։19, 20)։ Երբ ան մեզի կը ներէ, մեզի հետ իր փոխյարաբերութիւնը կատարելապէս կը վերահաստատէ, այնպէս մը որ կարծես մեղք չէինք գործած։ Եհովան մեզի ներելէ ետք, ապագային՝ մեր մեղքին համար բնա՛ւ մեզ պիտի չպատժէ (Եսա. 43։25)։ Ան մեր մեղքերը ‘մեզմէ կը հեռացնէ որչափ որ արեւելքը արեւմուտքէն հեռու է’ (Սաղ. 103։12)։ Երբ կը խոկանք թէ Եհովայի ներումը որքա՜ն մեծ է, մեր սիրտը գնահատանքով եւ երկիւղով կը լեցուի (Սաղ. 130։4)։ Երբ Եհովան պիտի որոշէ ներել կամ ոչ, չի նայիր թէ մեղքը մեծ է կամ պզտիկ է։ Իր գիտելիքները կը գործածէ որպէս Ստեղծիչ, Օրէնսդիր եւ Դատաւոր, ներելու որոշումը առնելու ատեն։ դ22.06 5 ¶12-14
Ուրբաթ, նոյեմբեր 8
Ան որ Աստուծոյ կը մօտենայ, պէտք է որ հաւատայ թէ Աստուած կայ եւ թէ վարձահատոյց կ’ըլլայ անոնց, որ զինք կը փնտռեն (Եբ. 11։6)։
Եհովան գեղեցիկ յոյս մը տուած է բոլոր զինք սիրողներուն։ Մօտ ատենէն հիւանդութիւններուն, ցաւին եւ մահուան վերջ պիտի դնէ (Յայտ. 21։3, 4)։ Ան իրեն յուսացող «հեզեր»ուն պիտի օգնէ, որ երկիրը դրախտի վերածեն (Սաղ. 37։9-11)։ Նաեւ կարելի պիտի դարձնէ, որ իւրաքանչիւրս իրեն հետ ա՛լ աւելի ջերմ եւ մտերիմ փոխյարաբերութիւն ունենանք։ Ի՜նչ հիանալի յոյս մը։ Բայց ինչի՞ հիման վրայ կը հաւատանք, որ Աստուծոյ խոստումները պիտի կատարուին։ Ան մի՛շտ իր խոստումները կը պահէ։ Անոր համար, մենք լաւ պատճառ ունինք ‘մեր յոյսը Տիրոջ վրայ դնելու’ (Սաղ. 27։14, ՆԹ)։ Ասիկա ցոյց կու տանք՝ համբերութեամբ եւ ուրախութեամբ սպասելով, որ Աստուած իր խոստումները կատարէ (Եսա. 55։10, 11)։ Թող որ Եհովային հաւատարիմ մնանք, վստահ ըլլալով, որ ան պիտի վարձատրէ անոնք, «որ զինք կը փնտռեն»։ դ22.06 20 ¶1. 25 ¶18
Շաբաթ, նոյեմբեր 9
Ձեր Հայրը ձեզի պէտք եղածը գիտէ՝ դեռ դուք իրմէ չխնդրած (Մատ. 6։8)։
Մենք կրնանք վստահ ըլլալ, որ որպէս ընտանիքի Գլուխ, Եհովան պիտի յարգէ այն սկզբունքը, որ գրել տուաւ Ա. Տիմոթէոս 5։8–ի մէջ։ Երբ համոզուած ենք, որ Եհովան մեզ ու մեր ընտանիքը կը սիրէ, վստահ կ’ըլլանք որ մեզի պէտք եղած բաները պիտի ունենանք (Մատ. 6։31-33)։ Եհովան կ’ուզէ՛ մեր պէտքերը հոգալ, եւ ի՜նչ աղուոր կը հոգայ։ Երբ երկիրը ստեղծեց, ոչ միայն մեզի տուաւ այն հիմնական բաները, որոնց պէտք ունինք ողջ մնալու համար, հապա նաեւ երկիրը լեցուց այնպիսի բաներով, որոնք մեզի մեծ ուրախութիւն կու տան (Ծն. 2։9)։ Նոյնիսկ եթէ ատեններ միայն անհրաժեշտ բաները ունինք, կեդրոնանանք այն գաղափարին վրայ, թէ ատոնք ունինք՝ քանի որ Եհովա՛ն զանոնք ապահովեց (Մատ. 6։11)։ Պէտք է մեր միտքը պահենք, որ որեւէ նիւթական բան, որ ներկայիս կը զոհենք, բան մը չէ՝ բաղդատած այն բոլոր բաներուն, որոնք մեր սիրալիր Աստուածը մեզի պիտի տայ թէ՛ հիմա եւ թէ ապագային (Եսա. 65։21, 22)։ դ22.06 15 ¶7-8
Կիրակի, նոյեմբեր 10
Հաստատուն կերակուրը չափահասներուն համար է (Եբ. 5։14)։
Նոր հետաքրքրուող անհատները միակ անձերը չեն, որոնք պէտք ունին խոր գիտելիքներ առնելու Եհովայի ու Աստուածաշունչի մասին։ Բոլորս պէտք ունինք։ Պօղոս առաքեալ գրեց, որ Աստուածաշունչէն մեր սորվածը գործադրելով պիտի կարենանք «բարին ու չարը զանազանել»։ Այս դժուար ժամանակներուն, երբ շատեր վերջին ծայր անբարոյ դարձած են, կրնայ դժուար ըլլալ Եհովայի չափանիշներուն համաձայն ապրիլ։ Բայց Յիսուս հոգ կը տանի, որ մեզի պէտք եղածը սորվինք՝ զօրաւոր հաւատք ունենալու համար։ Այդ հոգեւոր սնունդը կը ստանանք Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքէն։ Յիսուսին պէս, Աստուծոյ անունին հետ վարուած ենք ինչպէս որ արժանի է (Յովհ. 17։6, 26)։ Օրինակ, 1931–ին, «Եհովայի վկաներ» սուրբգրային անունը որդեգրեցինք։ Այդպէս ընելով, ցոյց տուինք թէ Եհովային անունը որքա՜ն կարեւոր է մեզի համար եւ թէ կ’ուզենք անով ճանչցուիլ (Եսա. 43։10-12)։ Եւ այդ թուականի հոկտեմբերէն սկսեալ, Աստուծոյ անունը կը դրուի այս պարբերաթերթին ամէն մէկ թիւին կողքին վրայ։ Ասկէ զատ, Սուրբ Գրութիւններու նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը Աստուծոյ անունը վերադարձուցած է բոլոր այն տեղերը, ուր պէտք է ըլլայ։ դ22.07 11 ¶11-12
Երկուշաբթի, նոյեմբեր 11
Քու խօսքդ իմ ոտքերուս ճրագ է ու իմ շաւիղներուս՝ լոյս (Սաղ. 119։105)։
Աստուածաշնչական ճշմարտութեան մաս կը կազմէ նաեւ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին բարի լուրը։ Յիսուս Թագաւորութեան մասին ճշմարտութիւնը նմանցուց պահուած գանձի մը։ Մատթէոս 13։44–ին մէջ, Յիսուս ըսաւ. «Երկնքի թագաւորութիւնը արտի մէջ պահուած գանձի մը նման է, որ մարդ մը գտնելով՝ կը ծածկէ եւ ուրախութենէն կ’երթայ բոլոր ունեցածը կը ծախէ ու այն արտը կը գնէ»։ Նկատէ թէ այդ մարդը գանձը չէր փնտռեր։ Բայց երբ գտաւ, մեծ զոհողութիւններ ըրաւ, որ զայն ունենայ։ Իր ամէն ունեցածը ծախեց։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ գիտէր, թէ այդ գանձը որքա՜ն արժէքաւոր էր։ Մենք գիտենք, որ ոչ մէկ բան որ աշխարհը կ’առաջարկէ աւելի արժէքաւոր է քան այն ուրախութիւնը, որ կու գայ Եհովային ծառայելէն եւ Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ յաւիտեան ապրելու մեր յոյսէն։ Եհովային հետ մտերիմ փոխյարաբերութիւն վայելելու առանձնաշնորհումին համար կ’արժէ որեւէ զոհողութիւն ընել։ Մեզի ամէնէն շատ կ’ուրախացնէ ‘ամէն բանի մէջ զինք հաճեցնելը’ (Կող. 1։10)։ դ22.08 15 ¶8-9. 17 ¶12
Երեքշաբթի, նոյեմբեր 12
Ի՜նչպէս այս մեծ չարութիւնը ընեմ ու Աստուծոյ դէմ մեղանչեմ (Ծն. 39։9)։
Յովսէփ ինչպէ՞ս գիտցաւ, որ Աստուած շնութիւնը «մեծ չարութիւն» պիտի սեպէր։ Մովսիսական օրէնքը շուրջ երկու հարիւր տարի ետք պիտի գրուէր, ուր յստակօրէն պիտի ըսուէր. «Շնութիւն մի՛ ըներ» (Ել. 20։14)։ Սակայն Յովսէփ Եհովան այնքա՛ն լաւ կը ճանչնար, որ կրնար գիտնալ թէ ան ի՛նչ պիտի զգար անբարոյութեան նկատմամբ։ Օրինակ, վստահաբար Յովսէփ գիտէր թէ Եհովայի նպատակն էր, որ ամուսնութիւնը մէկ տղամարդու եւ մէկ կնոջ միջեւ ըլլար։ Նաեւ ան լսած ըլլալու էր, թէ Եհովան ինչպէ՛ս երկու անգամ իր մեծ–հօր մօր՝ Սառային, պատիւը պաշտպանեց, երբ ուրիշներ ուզեցին զինք առնել որպէս իրենց կինը (Ծն. 2։24. 12։14-20. 20։2-7)։ Այս դէպքերուն շուրջ խոկալով, Յովսէփ հասկցաւ թէ Աստուծոյ աչքին ի՛նչ բան ճիշդ է եւ ի՛նչ բան սխալ է։ Քանի որ Յովսէփ իր Աստուածը կը սիրէր, ան նաեւ կը սիրէր Եհովայի արդարութեան չափանիշները եւ վճռած էր ատոնց համաձայն ապրիլ։ դ22.08 26 ¶1-2
Չորեքշաբթի, նոյեմբեր 13
Երկրի հողին մէջ քնացողներուն շատերը պիտի արթննան, ոմանք յաւիտենական կեանքի համար (Դան. 12։2)։
Այս մարգարէութիւնը չի խօսիր այլաբանական յարութեան մը մասին՝ Աստուծոյ ծառաներուն հոգեւորապէս արթննալուն մասին, որ տեղի կ’ունենայ վերջին օրերուն ընթացքին,– ինչպէս որ նախապէս կը հասկնայինք։ Փոխարէնը, այս մարգարէութիւնը կը խօսի մեռելներուն յարութեան մասին, որ տեղի պիտի ունենայ գալիք նոր աշխարհին մէջ։ Ինչո՞ւ այսպէս կ’ըսենք։ Յոբ 17։16–ի մէջ ալ կը գործածուի «հող» բառը, ուր կը խօսուի «գերեզման»ի մասին։ Քանի՛ որ «հող» բառը կրնայ նշանակել «գերեզման», Դանիէլ 12։2–ը պէտք է որ բառացի յարութեան մասին ըլլայ, որ տեղի պիտի ունենայ վերջին օրերը վերջանալէն եւ Արմագեդոն պատերազմէն ետք։ Սակայն Դանիէլ 12։2–ը ի՞նչ ըսել կ’ուզէ, երբ կ’ըսէ թէ ոմանք յարութիւն պիտի առնեն «յաւիտենական կեանքի համար»։ Ըսել կ’ուզէ, որ անոնք որոնք յարութիւն պիտի առնեն եւ 1000 տարուան ընթացքին պիտի ճանչնան, կամ պիտի շարունակեն ճանչնալ, Եհովան ու Յիսուսը եւ անոնց պիտի հնազանդին, ի վերջոյ յաւիտենական կեանք պիտի ստանան (Յովհ. 17։3)։ դ22.09 21 ¶6-7
Հինգշաբթի, նոյեմբեր 14
[Սէրը] ամէն բանի կը հաւատայ (Ա. Կոր. 13։7)։
Այս խօսքը չի նշանակեր թէ Եհովան կ’ուզէ, որ մենք կուրօրէն ուրիշներուն վստահինք։ Փոխարէնը, ան կ’ակնկալէ որ անոնց վստահինք, քանի որ մեր վստահութիւնը շահած են։ Յարգանքին պէս, վստահութիւնը պէտք է շահուի, ինչ որ ժամանակ կ’առնէ։ Ինչպէ՞ս կրնաս եղբայրներուդ ու քոյրերուդ հանդէպ վստահութիւն զարգացնել։ Զանոնք լաւ ճանչցիր։ Իրենց հետ խօսէ ժողովներուն ատեն։ Կարգադրութիւններ ըրէ, որ իրենց հետ ծառայես։ Անոնց հանդէպ համբերող եղիր եւ առիթ տուր, որ ցոյց տան թէ վստահելի են։ Սկիզբը թերեւս որոշես անձնական կեանքիդ մասին ամէն բան չպատմել մէկու մը, որ նոր կը ճանչնաս։ Երբ ձեր կապը զօրանայ, թերեւս աւելի հանգիստ զգաս խոր զգացումներդ արտայայտելու եւ անձնական տեղեկութիւններ տալու (Ղուկ. 16։10)։ Բայց ի՞նչ կրնաս ընել, եթէ եղբայր մը վստահութիւնդ չարաչար գործածէ։ Իրեն հետ բարեկամութիւնդ արագօրէն մի՛ դադրեցներ։ Փոխարէնը, ձգէ որ ժամանակ անցնի։ Եւ թոյլ մի՛ տար որ մէկ–երկու անհատներու սխալները արգելք ըլլան, որ միւս եղբայրներուդ վստահիս։ դ22.09 4 ¶7-8
Ուրբաթ, նոյեմբեր 15
Տէրոջը աչքերը բոլոր երկիրը կը դիտեն (Բ. Մն. 16։9)։
Միքէաս անունով երէց մը կը յիշէ ատեն մը, երբ զգաց որ կարգ մը պատասխանատու եղբայրներ իրեն հետ գէշ կերպով կը վարուէին։ Բայց ան ‘արթուն կեցաւ’, ինքզինքը չկորսնցուց, եւ ջանք ըրաւ որ իր զգացումները զսպէ։ Ան շատ անգամ Եհովային աղօթեց, իրմէ խնդրելով որ իրեն տայ սուրբ հոգին եւ պէտք եղած ուժը, որ դիմանայ։ Ան նաեւ մեր հրատարակութիւններուն մէջ փնտռտուք ընելով, գտաւ տեղեկութիւններ, որոնք կրնային իրեն օգնել։ Մեզի համար դասը ի՞նչ է։ Եթէ կը զգաս որ եղբայր մը կամ քոյր մը քեզի հետ գէշ կերպով կը վարուի, հանդարտ մնա՛ եւ ջանք ըրէ, որ ժխտական զգացումներդ զսպես։ Կրնայ ըլլալ որ չես գիտեր թէ ի՛նչ պարագաներու տակ անհատը այդ խօսքը ըսաւ կամ այդ բանը ըրաւ։ Անոր համար, Եհովային աղօթէ եւ իրմէ խնդրէ որ քեզի օգնէ հարցերը այդ անհատին տեսանկիւնէն դիտելու։ Մտածէ թէ հաւատակիցիդ միտքին մէջ չկար գէշ կերպով վարուիլ, եւ ասիկա քեզի պիտի օգնէ որ իրեն ներես (Առ. 19։11)։ Յիշէ որ Եհովան պարագայէդ տեղեակ է եւ քեզի ուժը պիտի տայ, որ դիմանաս (Ժող. 5։8)։ դ22.11 21 ¶5
Շաբաթ, նոյեմբեր 16
Կեղծաւորներու պիտի չընկերանամ (Սաղ. 26։4)։
Զատէ այնպիսի բարեկամներ, որոնք Եհովան կը սիրեն։ Զատած բարեկամներդ կրնան քեզի օգնել, որ հասուն քրիստոնեայ դառնաս (Առ. 13։20)։ Ճոնին, որ հիմա երէց է, կ’ըսէ. «Երբ պատանի էի, լաւ ընկերներ ունեցայ ծառայութեան մասնակցելով։ Անոնք նախանձախնդիր էին եւ ինծի օգնեցին տեսնելու, թէ ծառայութիւնը կրնայ շատ հաճելի ըլլալ։. . . Նաեւ անդրադարձայ, որ լաւ ընկերներ շատ չունէի, քանի որ ընկերներ կը փնտռէի միայն իմ տարիքիս եղող անձերուն մէջ»։ Իսկ ի՞նչ կրնաս ընել, եթէ ժողովքին մէջ կայ մէկը որ քեզի համար լաւ ընկերակցութիւն չէ։ Պօղոս գիտէր որ առաջին դարու քրիստոնէական ժողովքին մէջ ոմանք հոգեւոր մտածելակերպ չունէին։ Անոր համար, Տիմոթէոսը զգուշացուց որ անոնցմէ հեռու մնայ (Բ. Տիմ. 2։20-22)։ Եհովայի հետ մեր բարեկամութիւնը անգին է։ Մենք շատ ջանք թափած ենք Եհովային մօտ ըլլալու համար։ Անոր համար, պէտք չէ ունենանք այնպիսի բարեկամներ, որոնք այդ բարեկամութեան պիտի վնասեն։ դ22.08 5-6 ¶13-15
Կիրակի, նոյեմբեր 17
Յիմար մարդէն հեռացիր (Առ. 14։7)։
Մենք անոնց պէս չենք, որոնք Եհովայի խրատը կ’ատեն։ Մենք կը սորվինք սիրել Եհովայի մտածելակերպը, մէջը ըլլալով բոլոր իր օրէնքները։ Երբ հնազանդութեան արդիւնքները բաղդատենք անհնազանդութեան հետեւանքներուն հետ, այդ սէրը պիտի զօրանայ։ Ուշադրութիւն ըրէ այն խնդիրներուն, որոնք մարդիկ իրենց գլխուն կը բերեն, երբ յիմարօրէն Եհովայի իմաստուն խրատը կը մերժեն։ Ետքը, մտածէ թէ քու կեանքդ որչա՜փ աւելի աղուոր է, քանի որ Աստուծոյ կը հնազանդիս (Սաղ. 32։8, 10)։ Եհովան բոլորին կու տայ իմաստութիւն, բայց չի ստիպեր որ մէկը ընդունի ատիկա։ Բայց ան կը նկարագրէ, թէ ի՛նչ հետեւանքներ կը սպասեն անոնց, որոնք այդ իմաստութեան ականջ չեն տար (Առ. 1։29-32)։ Անոնք «իրենց ճամբուն պտուղէն պիտի ուտեն»։ Ժամանակի ընթացքին, իրենց ապրելակերպը իրենց գլխուն պիտի բերէ միմիայն փորձանք ու նեղութիւն, եւ անոնք ի վերջոյ պիտի կորսուին։ Միւս կողմէ, անոնց՝ որոնք Եհովայի իմաստուն խրատները մտիկ կ’ընեն ու զանոնք կը գործադրեն, խոստում տրուած է. «Ինծի մտիկ ընողը ապահովութեամբ պիտի բնակի ու չարիքներու վախէն հանդարտ պիտի ըլլայ» (Առ. 1։33)։ դ22.10 21 ¶11-13
Երկուշաբթի, նոյեմբեր 18
Երանի՜ այն ամենուն՝ որոնք Տէրոջմէ կը վախնան ու անոր ճամբաներուն մէջ կը քալեն (Սաղ. 128։1)։
Եհովայէն վախնալ կը նշանակէ, որ զինք այնքա՛ն կը յարգենք, որ չենք ուզեր ընել բան մը, որ զինք պիտի նեղացնէ (Առ. 16։6)։ Անոր համար, միշտ ջանք կ’ընենք որ ճիշդի ու սխալի նկատմամբ Եհովայի չափանիշներուն հետեւինք, որոնց մասին կը կարդանք Աստուածաշունչին մէջ (Բ. Կոր. 7։1)։ Մենք ուրախ պիտի ըլլանք, եթէ սիրենք այն ինչ որ Եհովան կը սիրէ եւ մերժենք իր ատած բաները (Սաղ. 37։27. 97։10. Հռով. 12։9)։ Անհատ մը թերեւս գիտէ, որ Եհովան իշխանութիւն ունի որոշելու թէ ի՛նչը ճիշդ է ու ի՛նչը՝ սխալ։ Բայց ան նաեւ պէտք է ընդունի Աստուծոյ չափանիշներուն համաձայն ապրիլ (Հռով. 12։2)։ Մենք մեր վարքով ցոյց կու տանք, թէ իրապէս կը հաւատանք, որ Եհովայի չափանիշներուն համաձայն ապրիլը լաւագոյն ապրելակերպն է (Առ. 12։28)։ Դաւիթ այդպէս զգաց, երբ Եհովայի մասին ըսաւ. «Կենաց ճամբան ինծի պիտի ցուցնես. երեսիդ առջեւ լեցուն ուրախութիւն կայ, քու աջ կողմդ միշտ հաճութիւններ կան» (Սաղ. 16։11)։ դ22.10 8 ¶9-10
Երեքշաբթի, նոյեմբեր 19
Որդին ինքնիրմէ բան մըն ալ չի կրնար ընել, միայն այն՝ ինչ որ Հայրը կ’ընէ (Յովհ. 5։19)։
Յիսուս իր անձին նկատմամբ հաւասարակշռուած ու խոնարհ տեսակէտ պահպանեց։ Իր նախամարդկային գոյութեան մէջ, հոյակապ բաներ ըրաւ Եհովայի ծառայութեան մէջ։ Իր միջոցաւ «ամէն բան ստեղծուեցաւ, ինչ որ երկինքն է ու ինչ որ՝ երկրի վրայ կայ» (Կող. 1։16)։ Յիսուս իր մկրտութեան ատեն հաւանաբար վերյիշեց ինչ որ իրագործած էր, երբ իր Հօր հետ էր (Մատ. 3։16. Յովհ. 17։5)։ Բայց այդ գիտելիքները պատճառ չեղան, որ Յիսուս հպարտանայ։ Ընդհակառակը, ան բնա՛ւ ինքզինք չտեսաւ ուրիշներուն վրայ։ Իր աշակերտներուն ըսաւ, որ ինք «չեկաւ սպասաւորութիւն ընդունելու, հապա սպասաւորութիւն ընելու եւ իր կեանքը շատերու համար փրկանք տալու» (Մատ. 20։28)։ Ան նաեւ համեստաբար ընդունեց, որ «ինքնիրմէ բան մըն ալ չի կրնար ընել»։ Ի՜նչ խոնարհութիւն։ Ան մեզի համար հոյակապ օրինակ մըն է, որ իր քայլերուն հետեւինք։ դ22.05 24 ¶13
Չորեքշաբթի, նոյեմբեր 20
Թող. . . Տէրոջը դառնայ (Եսա. 55։7)։
Երբ Եհովան պիտի որոշէ ներե՛լ կամ ոչ, նկատի կ’առնէ թէ արդեօք մեղաւորը գիտէ՞ր թէ իր ըրածը սխալ էր։ Յիսուս ասիկա յստակ դարձուց Ղուկաս 12։47, 48–ի մէջ։ Այն անհատը, որ կը ծրագրէ չար բան մը ընել, լիովին գիտնալով որ իր ըրածը Եհովան կը վիրաւորէ, լրջօրէն կը մեղանչէ։ Եհովան թերեւս որոշէ անոր չներել (Մար. 3։29. Յովհ. 9։41)։ Այս պարագային, յոյս կա՞յ որ ան ներուի։ Այո՛։ Եհովան նաեւ նկատի կ’առնէ, թէ արդեօք մեղաւորը անկեղծօրէն զղջացա՞ծ է։ Զղջալ կը նշանակէ՝ «միտքը, կեցուածքը կամ նպատակը փոխել»։ Ասկէ զատ, անհատը խորապէս կը ցաւի ու կը տխրի, քանի որ այդ գէշ բանը ըրաւ կամ քանի որ չըրաւ այն ճիշդ բանը, որ պէտք էր ընէր։ Ան նաեւ կը ցաւի իր հոգեւորապէս տկար վիճակին համար, որ այդ սխալին առաջնորդեց։ դ22.06 5-6 ¶15-17
Հինգշաբթի, նոյեմբեր 21
Ամէն անոնք որ կ’ուզեն աստուածպաշտութեամբ ապրիլ Քրիստոս Յիսուսով՝ հալածանք պիտի կրեն (Բ. Տիմ. 3։12)։
Մեր թշնամիները սուտեր կը տարածեն կամ կասկածներ կ’արթնցնեն Եհովայի կազմակերպութեան մէջ պատասխանատու եղբայրներուն հանդէպ (Սաղ. 31։13)։ Կարգ մը եղբայրներ կը ձերբակալուին եւ կ’ամբաստանուին որպէս ոճրագործներ։ Առաջին դարու քրիստոնեաները նման պարագայէ անցան, երբ Պօղոս առաքեալ ամբաստանուեցաւ եւ ձերբակալուեցաւ։ Ոմանք դադրեցան Պօղոսին թիկունք կանգնելէ, երբ ան Հռոմի մէջ բանտարկուեցաւ (Բ. Տիմ. 1։8, 15. 2։8, 9)։ Երեւակայէ Պօղոս ի՛ նչ զգացած ըլլալու էր։ Ան նեղութիւններ քաշած էր եւ նոյնիսկ իր կեանքը վտանգի տակ դրած էր իրենց համար (Գործք 20։18-21. Բ. Կոր. 1։8)։ Չըլլա՛նք անոնց պէս, որոնք Պօղոսը երեսի վրայ ձգեցին։ Ուրեմն, պէտք չէ զարմանանք որ Սատանան մանաւանդ կը յարձակի պատասխանատու եղբայրներու վրայ։ Իր նպատակն է՝ ձգել որ անոնք ուղղամիտ մնալէ դադրին, ինչպէս նաեւ՝ մեզ վախցնել (Ա. Պետ. 5։8)։ Շարունակէ եղբայրներուդ թիկունք կանգնիլ եւ հաւատարմօրէն իրենց կառչիլ (Բ. Տիմ. 1։16-18)։ դ22.11 16 ¶8-11
Ուրբաթ, նոյեմբեր 22
Դուն Աստուծմէ չե՞ս վախնար (Ղուկ. 23։40)։
Զղջացած չարագործը, որ Յիսուսին քով ցիցէն կախուած էր, հաւանաբար հրեայ էր։ Հրեաները մէկ Աստուած կը պաշտէին, իսկ ուրիշ ազգերէ եղող մարդիկը շատ մը աստուածներ կը պաշտէին (Ել. 20։2, 3. Ա. Կոր. 8։5, 6)։ Եթէ այդ չարագործը ուրիշ ազգերէ ըլլար, այսօրուան համարին հարցումը կրնար ըլլալ այսպէս. «Դուն աստուածներէն չե՞ս վախնար»։ Ատկէ զատ, Յիսուս ղրկուած էր ոչ թէ ուրիշ ազգերէ եղող մարդոց, հապա «Իսրայէլի տանը կորսուած ոչխարներուն» (Մատ. 15։24)։ Աստուած իսրայէլացիներուն յայտնած էր, որ մեռելներուն յարութիւն պիտի տայ։ Թերեւս զղջացած չարագործը ասոր մասին գիտէր, եւ ինչպէս իր խօսքերէն յայտնի է, ան կը մտածէր որ Եհովան Յիսուսին յարութիւն պիտի տայ, որ Աստուծոյ Թագաւորութեան մէջ իշխէ։ Այնպէս կ’երեւի որ չարագործը յուսաց որ Աստուած իրեն ալ յարութիւն տայ։ Հրեայ ըլլալով, զղջացած չարագործը վստահաբար գիտէր Ադամին ու Եւային մասին։ Անոր համար ան հաւանաբար կը հաւատար, որ Ղուկաս 23։43–ին մէջ Յիսուսի նշած Դրախտը երկրի վրայ գեղեցիկ պարտէզ մը պիտի ըլլար (Ծն. 2։15)։ դ22.12 8-9 ¶2-3
Շաբաթ, նոյեմբեր 23
Ասոնք ամէնքը միաբանութեամբ միշտ աղօթք. . . կ’ընէին (Գործք 1։14)։
Մենք միայն Աստուծոյ հոգիին օգնութեամբ է որ կրնանք մեր քարոզչութիւնը կատարել։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Սատանան մեզի դէմ կը պատերազմի, որպէսզի մեր քարոզչութիւնը կեցնէ (Յայտ. 12։17)։ Մարդկային տեսանկիւնէն այնպէս կ’երեւի որ Սատանան այնքա՛ն զօրաւոր է, որ մենք չենք կրնար իրեն դէմ պայքարիլ։ Բայց երբ վկայենք, Սատանային կը յաղթե՛նք (Յայտ. 12։9-11)։ Ինչպէ՞ս։ Երբ ծառայութեան կը մասնակցինք, ցոյց կու տանք որ Սատանային սպառնալիքները մեզ չեն վախցներ։ Այդպէս, ամէն անգամ որ կը քարոզենք, Սատանան կը պարտուի։ Ատիկա ցոյց կու տայ, թէ սուրբ հոգին մեզ կը զօրացնէ եւ թէ մենք ունինք Եհովային հաճութիւնը (Մատ. 5։10-12. Ա. Պետ. 4։14)։ Աստուծոյ հոգին կրնայ մեզի պէտք եղած զօրութիւնը տալ, որպէսզի որեւէ խնդիր յաղթահարենք (Բ. Կոր. 4։7-9)։ Լաւ, ի՞նչ կրնանք ընել, որպէսզի շարունակենք սուրբ հոգին ստանալ։ Պէտք է յարատեւօրէն աղօթենք, համոզուած ըլլալով որ Եհովան մեր աղօթքները պիտի լսէ։ դ22.11 5 ¶10-11
Կիրակի, նոյեմբեր 24
Ձեզի կ’աղաչենք, եղբա՛յրներ, անկարգ վարմունք ունեցողները խրատեցէ՛ք, վատասիրտներն ալ մխիթարեցէ՛ք, տկարներուն ձեռնտու եղէ՛ք, ամենուն ալ երկայնամիտ եղէք (Ա. Թես. 5։14)։
Մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ սէր ցոյց կու տանք ջանք ընելով որ իրար միջեւ եղած խաղաղութիւնը պահենք։ Կ’ուզենք ներելու մէջ Եհովան ընդօրինակել։ Ան ձգեց որ իր Որդին մեռնի մեր մեղքերուն համար, ուրեմն մենք ալ պէտք չէ՞ պատրաստ ըլլանք մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն ներելու, երբ մեզի դէմ մեղք գործեն։ Մենք չենք ուզեր ըլլալ այն չար ծառային պէս, որ Յիսուս յիշեց իր առակներէն մէկուն մէջ։ Նոյնիսկ երբ այս ծառային տէրը ջնջեց իր մեծ պարտքը, ծառան չուզեց ջնջել իր ընկերոջ ունեցած պզտիկ պարտքը (Մատ. 18։23-35)։ Եթէ ժողովքէն մէկու մը հետ սխալ հասկացողութիւն ունեցած ես, կրնա՞ս Յիշատակատօնէն առաջ նախաքայլը առնել իրեն հետ խաղաղութիւն ընելու (Մատ. 5։23, 24)։ Այսպէս ընելով, ցոյց կու տաս որ Եհովան ու Յիսուսը կը սիրես։ դ23.01 29 ¶8-9
Երկուշաբթի, նոյեմբեր 25
Աղքատին ողորմութիւն ընողը Տէրոջը փոխ կու տայ (Առ. 19։17)։
Կրնաս փափկանկատ հարցումներ հարցնել որպէսզի գիտնաս, թէ եղբայրներդ ու քոյրերդ ինչի՛ պէտք ունին (Առ. 20։5)։ Անոնք բաւարար ուտելիք, դեղեր եւ ուրիշ ապրանքներ ունի՞ն։ Կրնա՞յ ըլլալ որ անոնք իրենց գործը կամ նոյնիսկ տունը պիտի կորսնցնեն։ Արդեօք անոնք մեր օգնութեան պէտք ունի՞ն, որպէսզի կառավարութեան դիմեն օգնութեան համար։ Եհովան կ’ուզէ որ բոլորս ուրիշներուն օգնենք ու քաջալերենք (Գաղ. 6։10)։ Նոյնիսկ եթէ պզտիկ կերպով մը մեր սէրը արտայայտենք, ատիկա կրնայ մեծ ազդեցութիւն ձգել հիւանդ մէկու մը վրայ։ Պզտիկ մը կրնայ քարտ կամ գծագրութիւն ղրկել՝ եղբայր մը քաջալերելու համար։ Պատանի մը կրնայ քրոջ մը համար շուկայի գնումները ընել կամ դուրսի գործ մը ընել։ Նաեւ, կարելի է հիւանդ մէկու մը համար ճաշ մը պատրաստել։ Ոմանք շնորհակալական նամակ մը ղրկած են երէցներուն, որոնք յաճախ հիւանդութիւն մը տարածուելու ատեն որեւէ ժամանակէ աւելի զբաղած կ’ըլլան։ Ի՜նչ աղուոր է, երբ մենք մեր կարգին կը շարունակենք ‘մէկզմէկ մխիթարել եւ իրարու օգնել’ (Ա. Թես. 5։11)։ դ22.12 22 ¶2. 23 ¶5-6
Երեքշաբթի, նոյեմբեր 26
Դուք խիստ մոլորած էք (Մար. 12։27)։
Սադուկեցիները շատ լաւ ծանօթ էին Եբրայերէն Գրութիւններուն առաջին հինգ գիրքերուն։ Բայց անոնք այդ ներշնչուած գիրքերուն մէջ գրուած կարեւոր ճշմարտութիւնները անտեսեցին։ Օրինակի համար, նկատի առ թէ Յիսուս ինչպէ՛ս պատասխանեց, երբ սադուկեցիները բարութեան մասին իրեն հետ վիճաբանեցան։ Ան հարցուց անոնց. «Մովսէսին գրքին մէջ չէ՞ք կարդացեր մորենիին վրայ, ի՛նչպէս Աստուած անոր խօսեցաւ՝ ըսելով. ‘Ես եմ Աբրահամին Աստուածը եւ Իսահակին Աստուածը ու Յակոբին Աստուածը’» (Մար. 12։18, 26)։ Թէեւ սադուկեցիները այդ հատուածը վստահաբար շատ անգամներ կարդացած էին, բայց Յիսուսին հարցումը մէջտեղ հանեց որ անոնք աստուածաշնչական կարեւոր ճշմարտութիւն մը անտեսած էին, որ է յարութեան ուսուցումը (Ղուկ. 20։38)։ Ասկէ ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ Երբ կը կարդանք, կ’ուզենք մեր աչքերը բանալ եւ տեսնել թէ մեր կարդացած համարը կամ դէպքը մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ։ Մենք կ’ուզենք հասկնալ ոչ միայն հիմնական ուսուցումները, հապա նաեւ՝ աւելի խոր ճշմարտութիւններ ու սկզբունքներ, որոնք պահուած են։ դ23.02 11 ¶9-10
Չորեքշաբթի, նոյեմբեր 27
Մենք. . . վկաներու բազմութեամբ շրջապատուած ենք (Եբ. 12։1)։
Այսօրուան համարին մէջ նշուած բոլոր վկաները խիստ փորձութիւններու ներքեւ քաջ եւ զօրաւոր մնացին։ Անոնք բոլորն ալ խիստ փորձութիւններէ անցան, բայց իրենց ամբողջ կեանքին ընթացքին Եհովային հաւատարիմ մնացին (Եբ. 11։36-40)։ Անոնց տոկալը եւ ծանր աշխատանքը պարապի՞ էին։ Բնաւ երբեք։ Թէեւ իրենց կեանքին ընթացքին Եհովայի բոլոր խոստումներուն կատարումը չտեսան, բայց շարունակեցին իրենց յոյսը Եհովային վրայ դնել։ Եւ որովհետեւ կասկած չունէին, որ Եհովայի հաճութիւնը ունէին, անոնք վստահ էին որ խոստումներուն կատարումը պիտի տեսնեն (Եբ. 11։4, 5)։ Անոնց օրինակը կրնայ մեր վճռականութիւնը աւելցնել, որ շարունակենք Եհովային յուսալ։ Ներկայիս կ’ապրինք աշխարհի մը մէջ, որ երթալով աւելի գէշ կ’ըլլայ (Բ. Տիմ. 3։13)։ Սատանան տակաւին չէ դադրած Աստուծոյ ժողովուրդը փորձելէ։ Ի՛նչ դժուարութիւններու առջեւ ալ ըլլանք, վճռե՛նք Եհովային համար ծանր աշխատիլ, վստահ ըլլալով թէ «մեր յոյսը դրած ենք կենդանի Աստուծոյ վրայ» (Ա. Տիմ. 4։10, ՆԹ)։ դ22.06 25 ¶17-18
Հինգշաբթի, նոյեմբեր 28
Իմ արիւնէս ի՞նչ օգուտ կ’ըլլայ. . . ։ Միթէ հողը քեզ պիտի գովէ՞ (Սաղ. 30։9)։
Պատճառներէն մէկը թէ ինչո՛ւ պէտք է ջանանք առողջ մնալ, այն է որ կարենանք Եհովային ծառայել լաւագոյն կերպով (Մար. 12։30)։ Անոր համար, չենք ըներ բաներ, որոնք գիտենք որ մեր առողջութեան վնաս պիտի հասցնեն (Հռով. 12։1)։ Անշուշտ, ինչ ալ ընենք, անկարելի է որ հիւանդ չըլլանք։ Բայց մեր ամէն կարելին կ’ընենք, քանի որ կ’ուզենք մեր երկնաւոր Հօր ցոյց տալ որ մենք կը գնահատենք իր տուած նուէրը՝ կեանքը։ Հիւանդութիւնը եւ ծերութիւնը կրնան չձգել, որ ընենք շատ մը բաներ՝ որոնք անցեալին կ’ընէինք։ Անոր համար, թերեւս իրար անցնինք եւ նեղուինք։ Բայց բնա՛ւ պէտք չէ յանձնուինք եւ մեր առողջութիւնը անտեսենք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ որքա՛ն ալ տարիքով մեծ եւ հիւանդ ըլլանք, տակաւին կրնանք Եհովան փառաբանել՝ Դաւիթ թագաւորին պէս։ Մեր սիրտը կը լեցուի, երբ կը նկատենք որ Աստուած մեզ որքա՜ն կ’արժեւորէ, հակառակ անոր որ անկատար ենք (Մատ. 10։29-31)։ Եւ նոյնիսկ եթէ մեռնինք, ան շա՛տ կը փափաքի մեզի յարութիւն տալ (Յոբ 14։14, 15)։ Ուրեմն, այնքան ատեն որ ողջ ենք, կ’ուզենք մեր կարելին ընել որ մեր առողջութիւնն ու կեանքը պաշտպանենք։ դ23.02 20-21 ¶3-5
Ուրբաթ, նոյեմբեր 29
Ով որ Սուրբ Հոգիին դէմ հայհոյէ, յաւիտեան թողութիւն պիտի չունենայ (Մար. 3։29)։
Ուրիշ ոչխարներու մեծ բազմութենէն եղող անհատներուն անունները տակաւին պիտի ըլլա՞ն կեանքի գիրքին մէջ Արմագեդոնէն վերապրելէ ետք։ Այո՛ (Յայտ. 7։14)։ Յիսուս ըսաւ, որ այս ոչխարանման անհատները «յաւիտենական կեանքը» պիտի երթան (Մատ. 25։46)։ Բայց Արմագեդոնէն վերապրելէ ետք, անոնք անմիջապէս յաւիտենական կեանք պիտի չստանան։ Հազարամեային ընթացքին, Յիսուս «պիտի հովուէ զանոնք ու դէպի կենդանի ջուրերու աղբիւրները պիտի առաջնորդէ զանոնք»։ Անոնք, որոնք Քրիստոսի առաջնորդութեան պիտի ընդառաջեն եւ վերջին դատաստանին ատեն Եհովային հաւատարիմ պիտի մնան, իրենց անունները մնայուն կերպով պիտի գրուին կեանքի գիրքին մէջ (Յայտ. 7։16, 17)։ Բայց այծերը Արմագեդոնին պիտի կործանին։ Յիսուս կ’ըսէ, որ անոնք «պիտի երթան յաւիտենական տանջանքը» (Մատ. 25։46)։ Ներշնչումի տակ, Պօղոս առաքեալ մեզի կ’ըսէ որ անոնք «պիտի պատժուին յաւիտենական աւերումով» (Բ. Թես. 1։9. Բ. Պետ. 2։9)։ դ22.09 16 ¶7-8
Շաբաթ, նոյեմբեր 30
Ամէն բանի ատենը կայ (Ժող. 3։1)։
Ընտանիքները բնութեան մէջ կրնան հանգչիլ եւ իրարու հետ աղուոր ժամանակ անցընել։ Ասիկա ընտանեկան կապերը կը զօրացնէ։ Եհովան երկրի վրայ շատ մը տեղեր ստեղծած է, ուր կրնանք մեր սիրած բաները ընել։ Շատ մը ընտանիքներ կը սիրեն միասին ժամանակ անցընել բնութեան մէջ, գիւղը, լեռները կամ ծովեզերքը։ Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ, ծնողները եւ պզտիկները Եհովային ստեղծագործութիւնը պիտի վայելեն այնպիսի կերպերով, որ հիմա կարելի չէ։ Այդ ժամանակ, մենք անասուններէն պիտի չվախնանք, ոչ ալ անոնք մեզմէ պիտի վախնան (Եսա. 11։6-9)։ Մենք լեցուն ժամանակ պիտի ունենանք, որ Եհովային ստեղծած բաները վայելենք (Սաղ. 22։26)։ Ո՛վ ծնողներ, մինչեւ այդ ժամանակը մի՛ սպասէք որ ձեր զաւակներուն օգնէք, որ սկսին ստեղծագործութիւնը վայելել։ Երբ ստեղծագործութենէն օրինակներ գործածէք, որ ձեր զաւակներուն սորվեցնէք Եհովային մասին, անոնք պիտի սկսին զգալ ինչ որ Դաւիթ թագաւոր զգաց, երբ ըսաւ. ‘Ո՛վ Տէր, քու գործերուդ պէս չկայ’ (Սաղ. 86։8)։ դ23.03 25 ¶16-17