Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • աք24 էջ 98-108
  • Հոկտեմբեր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Հոկտեմբեր
  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2024
  • Ենթավերնագիրներ
  • Երեքշաբթի, հոկտեմբեր 1
  • Չորեքշաբթի, հոկտեմբեր 2
  • Հինգշաբթի, հոկտեմբեր 3
  • Ուրբաթ, հոկտեմբեր 4
  • Շաբաթ, հոկտեմբեր 5
  • Կիրակի, հոկտեմբեր 6
  • Երկուշաբթի, հոկտեմբեր 7
  • Երեքշաբթի, հոկտեմբեր 8
  • Չորեքշաբթի, հոկտեմբեր 9
  • Հինգշաբթի, հոկտեմբեր 10
  • Ուրբաթ, հոկտեմբեր 11
  • Շաբաթ, հոկտեմբեր 12
  • Կիրակի, հոկտեմբեր 13
  • Երկուշաբթի, հոկտեմբեր 14
  • Երեքշաբթի, հոկտեմբեր 15
  • Չորեքշաբթի, հոկտեմբեր 16
  • Հինգշաբթի, հոկտեմբեր 17
  • Ուրբաթ, հոկտեմբեր 18
  • Շաբաթ, հոկտեմբեր 19
  • Կիրակի, հոկտեմբեր 20
  • Երկուշաբթի, հոկտեմբեր 21
  • Երեքշաբթի, հոկտեմբեր 22
  • Չորեքշաբթի, հոկտեմբեր 23
  • Հինգշաբթի, հոկտեմբեր 24
  • Ուրբաթ, հոկտեմբեր 25
  • Շաբաթ, հոկտեմբեր 26
  • Կիրակի, հոկտեմբեր 27
  • Երկուշաբթի, հոկտեմբեր 28
  • Երեքշաբթի, հոկտեմբեր 29
  • Չորեքշաբթի, հոկտեմբեր 30
  • Հինգշաբթի, հոկտեմբեր 31
Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2024
աք24 էջ 98-108

Հոկտեմբեր

Երեքշաբթի, հոկտեմբեր 1

Ժողովին մէջ քեզ պիտի գովեմ (Սաղ. 22։22)։

Բոլորս կրնանք ժողովներուն մասնակցիլ, միասնաբար երգելով եւ լաւ պատրաստուած պատասխաններ տալով։ Ոմանց համար դժուար է մարդոց առջեւ երգել կամ պատասխան տալ։ Եթէ պարագադ այդպէս է, նկատի առ թէ ուրիշներ ինչպէ՛ս իրենց վախերը յաղթահարած են։ Երգելու նկատմամբ, ոմանք օգտակար գտած են սրտանց երգելը։ Ժողովի ընթացքին երգելու մեր գլխաւոր պատճառը այն է, որ կ’ուզենք Եհովան փառաբանել։ Անոր համար, երգերը պատրաստէ, ինչպէս որ ժողովներուն նիւթերը կը պատրաստես եւ ջանա՛ գիտնալ թէ ինչպէ՛ս երգին բառերը կապ ունին ժողովի նիւթերուն հետ։ Նաեւ, կեդրոնացիր բառերուն վրայ եւ ոչ թէ երգելու կարողութեանդ վրայ։ Ոմանց համար ժողովներուն մէջ պատասխան տալը շատ դժուար է։ Ի՞նչը կ’օգնէ։ Ջանա՛ կանոնաւորաբար պատասխան տալ։ Յիշէ, որ խնդիր չէ եթէ պատասխանդ կարճ, պարզ եւ ուղղակի ըլլայ։ Եհովան մեծապէս կը գնահատէ, երբ կը վճռենք զինք փառաբանել ժողովներուն մէջ։ դ22.04 7-8 ¶12-15

Չորեքշաբթի, հոկտեմբեր 2

Տէրը իմ օգնականս է, ուստի ես պիտի չվախնամ (Եբ. 13։6)։

«Օգնական» թարգմանուած բառը կ’ակնարկէ մէկու մը, որ կը վազէ օգնելու անհատի մը, որ օգնութիւն կը խնդրէ։ Երեւակայէ, թէ Եհովան ինչպէ՛ս կ’աճապարէ, որ հասնի եւ ազատէ նեղութեան մէջ եղող մէկը։ Վստահաբար, կը համաձայնիս որ այս նկարագրութիւնը ցոյց կու տայ, թէ Եհովան կը փափաքի,– այո, պատրա՛ստ է,– մեր Օգնականը ըլլալու։ Եւ Եհովան մեր կողքին ունենալով կրնանք ուրախութեամբ դիմանալ որեւէ փորձութեան։ Եհովան ի՞նչ երեք կերպերով մեզի կ’օգնէ։ Կրնանք պատասխանը առնել Եսայի գիրքէն։ Ինչո՞ւ։ Եսայիի գրած մարգարէութիւններէն շատեր այսօր Աստուծոյ ծառաներուն կը կիրարկուին։ Ասկէ զատ, Եսային յաճախ Եհովան կը նկարագրէ այնպէս մը, որ մեզի դիւրին է հասկնալ։ Օրինակի համար, նկատի առնենք Եսայի գիրքին 30–րդ գլուխը։ Եսային Եհովան կը նկարագրէ այնպիսի լեզուով, որ մեր միտքին մէջ պատկերներ կը գծէ, թէ Եհովան ինչպէ՛ս՝ 1) մեզի ուշի–ուշով մտիկ կ’ընէ եւ մեր աղօթքներուն կը պատասխանէ, 2) մեզ կ’առաջնորդէ, եւ 3) մեզի օրհնութիւններ կու տայ հիմա՛ եւ ապագային։ դ22.11 8 ¶2-3

Հինգշաբթի, հոկտեմբեր 3

Բնաւ մի՛ վախնար այն բաներէն որոնք պիտի կրես։. . . Մինչեւ մահ հաւատարիմ եղէ՛ք ու ձեզի կենաց պսակը պիտի տամ (Յայտ. 2։10)։

Զմիւռնիայի եւ Ֆիլատելֆիայի ժողովքներուն ուղղուած Յիսուսի պատգամներուն մէջ, ան անոնց ըսաւ որ հալածանքէն չվախնան, քանի որ իրենց հաւատարմութիւնը պիտի վարձատրուէր (Յայտ. 3։10)։ Պէտք է ակնկալենք հալածանքը եւ պատրաստ ըլլանք անոր տոկալու (Մատ. 24։9, 13. Բ. Կոր. 12։10)։ Յայտնութիւն գիրքը մեզի կ’ըսէ որ Աստուծոյ ժողովուրդը պիտի հալածուէր մեր օրերուն, այսինքն՝ «Տէրոջ օրուան մէջ» (Յայտ. 1։10, ՆԱ)։ Յայտնութիւն գրքին 12–րդ գլուխը կը յայտնէ, թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը հաստատուելէն անմիջապէս ետք, երկինքին մէջ պատերազմ եղաւ։ Միքայէլ՝ փառաւորուած Յիսուս Քրիստոս, եւ իր հրեշտակները պատերազմեցան Սատանային եւ դեւերուն դէմ (Յայտ. 12։7, 8)։ Աստուծոյ այդ թշնամիները պարտուեցան ու դէպի երկիր վռնտուեցան, եւ անոնք երկրի բնակիչներուն վրայ ահռելի չարչարանք բերին (Յայտ. 12։9, 12)։ դ22.05 5 ¶12-13

Ուրբաթ, հոկտեմբեր 4

Մեր Տէր Աստուծոյն քով անիրաւութիւն, աչառութիւն. . . չկայ (Բ. Մն. 19։7)։

Եհովային դատաստանները միշտ արդար են։ Ան բնա՛ւ կողմ չի բռներ։ Իր ներումը բնաւ կախեալ չէ անհատին դրսերեւոյթէն, հարստութենէն, դիրքէն կամ կարողութիւններէն (Ա. Թագ. 16։7. Յակ. 2։1-4)։ Ո՛չ մէկը կրնայ զինք ճնշել կամ կաշառել։ Յուսախաբութեամբ կամ զգացումներով չի տարուիր, երբ որոշումներ կ’առնէ (Ել. 34։7)։ Անկասկած, Եհովայի հասկացողութիւնը եւ խոր ըմբռնումը զինք լաւագոյն Դատաւորը կը դարձնեն (Բ. Օր. 32։4)։ Եբրայերէն Գրութիւններուն գրողները անդրադարձան, որ Եհովայի ներումը բացառիկ է։ Կարգ մը պարագաներու, անոնք գործածեցին եբրայերէն բառ մը, որ ըստ աշխատասիրութեան մը, «կը գործածուի միայն նկարագրելու համար այն կերպը, որով Աստուա՛ծ մեղաւորներուն կը ներէ»։ Այդ բառը բնա՛ւ չի նկարագրեր այն սահմանափակ կերպը, որով մարդ արարածը ուրիշի մը կը ներէ։ Միայն Եհովան կրնայ զղջացող մեղաւորի մը կատարելապէս ներել։ դ22.06 4 ¶10-11

Շաբաթ, հոկտեմբեր 5

Կրթէ՛ մանուկը իր ճամբան սկսած ատենը, որպէս զի իր ծերութեան ատենն ալ անկէ չխոտորի (Առ. 22։6)։

Եթէ զաւակներ կը մեծցնես առանց ամուսինի կամ կրօնապէս բաժնուած ընտանիքի մէջ, վստահ եղիր որ քու լաւ օրինակդ շուրջիններդ կը զօրացնէ եւ կը քաջալերէ։ Ի՞նչ պիտի ընես, եթէ թուի թէ ջանքերդ արդիւնք չեն տար։ Յիշէ որ զաւակ կրթելը ժամանակ կ’առնէ։ Երբ սերմ մը կը ցանես, ատեններ թերեւս հարց տաս, թէ արդեօք անիկա պիտի աճի ու պտուղ տա՞յ։ Թէեւ չես կրնար վստահ ըլլալ որ պիտի աճի, կը շարունակես ջրել, որպէսզի աճելու լաւագոյն պայմանները ապահովես (Մար. 4։26-29)։ Նոյնպէս, որպէս մայր թերեւս ատեններ հարց տաս, թէ արդեօք զաւակներուդ սրտին կը հասնի՞ս։ Ի վերջոյ, անո՛նք պիտի որոշեն ինչ ընել։ Բայց եթէ շարունակես ամէն կարելիդ ընել, որ զիրենք մարզես ու կրթես, իրենց լաւագոյն պայմանները կ’ապահովես, որ հոգեւորապէս աճին։ դ22.04 20 ¶16-17

Կիրակի, հոկտեմբեր 6

Կոտորածին առջեւէն՝ հպարտութիւն ու կործանման առջեւէն ամբարտաւանութեան ոգին կ’երթայ (Առ. 16։18)։

Երբ Սողոմոն Եհովային հաւատարիմ էր, իր անձին նկատմամբ հաւասարակշռուած տեսակէտ ունէր։ Երբ երիտասարդ էր, համեստօրէն իր սահմանափակումները ընդունելով՝ Եհովայէն առաջնորդութիւն խնդրեց (Գ. Թագ. 3։7-9)։ Իր իշխանութեան սկիզբը, ան նաեւ գիտէր հպարտ դառնալուն վտանգին մասին։ Ցաւօք սրտի, Սողոմոն իր իսկ խրատը չգործադրեց։ Ինչպէ՞ս։ Որոշ ժամանակ ետք, ան հպարտութեամբ Աստուծոյ պահանջները անտեսեց։ Օրինակ, օրէնքներէն մէկը ըսաւ որ եբրայեցի թագաւորը «իր կիները թող չշատցնէ, որպէս զի սիրտը չխոտորի» (Բ. Օր. 17։17)։ Բայց Սողոմոն այս օրէնքը անտեսեց եւ առաւ 700 կին ու 300 հարճ (Գ. Թագ. 11։1-3)։ Թերեւս ան մտածեց, որ ասիկա իրեն համար խնդիրներ պիտի չպատճառէր։ Ժամանակի ընթացքին, Սողոմոն Եհովայէն հեռանալու հետեւանքները կրեց (Գ. Թագ. 11։9-13)։ դ22.05 23 ¶12

Երկուշաբթի, հոկտեմբեր 7

«Արդարը հաւատքով պիտի ապրի» ու «եթէ մէկը ետ քաշուի, իմ հոգիս անոր պիտի չհաճի» (Եբ. 10։38)։

Մարդիկ այսօր շատ կարեւոր որոշումի մը առջեւ կեցած են։ Անոնք պէտք է որոշեն, թէ որո՛ւն թիկունք պիտի կանգնին. Եհովայի՞ն որպէս տիեզերքի Կառավարիչ, թէ ոչ՝ իր դաժան թշնամիին՝ Սատանային։ Երրորդ ընտրութիւն մը չկայ։ Եւ իրենց յաւիտենական ապագան կախեալ է այս որոշումէն (Մատ. 25։31-33, 46)։ Իսկ «մեծ նեղութեան» ընթացքին պիտի որոշուի, թէ անոնք փրկուի՛ն կամ ոչ (Յայտ. 7։14. 14։9-11. Եզեկ. 9։4, 6)։ Եթէ ընտրած ես Եհովայի իշխանութեան թիկունք կանգնիլ, իմաստուն որոշում մը առած ես։ Եւ հիմա կ’ուզես ուրիշներուն օգնել, որ ճիշդ ընտրութիւնը ընեն։ Օրհնութիւններ պիտի վայելեն անոնք՝ որոնք Եհովայի իշխանութեան հաւատարմաբար թիկունք կը կանգնին։ Մենք պէտք է սերտենք այս կարեւոր ճշմարտութիւնները։ Այդպէս ընելով, ա՛լ աւելի պիտի վճռենք շարունակել Եհովային ծառայել եւ պիտի կարենանք մեր սորվածը գործածել ուրիշներուն օգնելու, որ ճիշդ որոշումը առնեն ու անոր կառչին։ դ22.05 15 ¶1-2

Երեքշաբթի, հոկտեմբեր 8

Երանի՜ է ձեզի, երբ. . . սուտ տեղը ամէն կերպ գէշ խօսքեր կը խօսին ձեր վրայ (Մատ. 5։11)։

Մենք պէտք է Եհովային ականջ տանք եւ ոչ թէ մեր թշնամիներուն։ Յոբ Եհովային ուշի–ուշով մտիկ ըրաւ, երբ իրեն խօսեցաւ։ Ան Յոբին հետ տրամաբանեց. ‘Ես գիտեմ ամէն ինչ, որ քեզի պատահած է։ Կը կարծես որ չե՞մ կրնար քեզի հոգ տանիլ’։ Յոբ խոնարհութեամբ պատասխանեց եւ Եհովայի հանդէպ խոր գնահատանքով ըսաւ. «Ես քու մասիդ ականջով լսեր էի, բայց հիմա աչքս կը տեսնէ քեզ» (Յոբ 42։5)։ Երբ Յոբ այս խօսքը ըսաւ, տակաւին մոխիրի մէջ նստած էր, իր մարմինը վէրքերով պատուած էր։ Բայց եւ այնպէս, Եհովան Յոբը վստահեցուց որ զինք կը սիրէ եւ իրեն կը հաճի (Յոբ 42։7, 8)։ Այսօր ալ թերեւս մարդիկ մեզի անարժէք զգացնեն ու նախատեն։ Անոնք թերեւս փորձեն մեր կամ մեր կազմակերպութեան համբաւը աւրել։ Յոբի պատմութենէն կը սորվինք թէ Եհովան վստահ է, որ փորձութեան տակ իրեն հաւատարիմ պիտի մնանք։ դ22.06 24 ¶15-16

Չորեքշաբթի, հոկտեմբեր 9

Գառնուկին հարսանիքը հասաւ (Յայտ. 19։7)։

Թէեւ Մեծ Բաբելոնի կործանումը մեծ ուրախութիւն պիտի պատճառէ երկնքի մէջ, բայց կայ ուրիշ բան մը, որ ա՛լ աւելի մեծ ուրախութիւն պիտի բերէ (Յայտ. 19։1-3)։ Ատիկա Յայտնութիւն գրքին ամենակարեւոր իրադարձութիւնն է՝ «Գառնուկին հարսանիքը»։ Արմագեդոն պատերազմէն ճիշդ առաջ, բոլոր 144,000–ը երկինքը պիտի ըլլան։ Սակայն, հարսանիքը այդ ժամանակ պիտի չըլլայ (Յայտ. 21։1, 2)։ Գառնուկին հարսանիքը տեղի կ’ունենայ Արմագեդոն պատերազմէն ու Աստուծոյ բոլոր թշնամիները բնաջնջուելէ ետք (Սաղ. 45։3, 4, 13-17)։ Գառնուկին հարսանիքին ի՞նչ տեղի պիտի ունենայ։ Ինչպէս ամուսնութիւնը կը միացնէ տղամարդն ու կինը, այս այլաբանական հարսանիքը կը միացնէ Թագաւորը՝ Յիսուս Քրիստոսը, իր «հարս»ին՝ 144,000–ին հետ։ Այս կարեւոր դէպքով պիտի հաստատուի նոր կառավարութիւնը, որ 1000 տարի երկրի վրայ պիտի իշխէ (Յայտ. 20։6)։ դ22.05 17 ¶11-13

Հինգշաբթի, հոկտեմբեր 10

Երանի՜ է այն ծառային, որ իր տէրը. . . պիտի տեսնէ թէ այնպէս ըրած է (Մատ. 24։46)։

Յիսուս մարգարէացաւ, որ վերջին օրերուն պիտի նշանակէր «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան», որպէսզի հոգեւոր կերակուր ապահովէր (Մատ. 24։45)։ Անոր համար, կ’ակնկալենք որ ծառան իր գործով շատ զբաղած ըլլայ մեր օրերուն։ Այդպէս ալ եղած է։ Մեր տեսուչը օծեալ տղամարդոց պզտիկ խումբ մը գործածած է, որպէսզի Աստուծոյ ժողովուրդին եւ հետաքրքրուող անհատներուն ‘ատենին կերակուր’ տայ։ Այս տղամարդոց նպատակը չէ մեր հաւատքին վրայ իշխել (Բ. Կոր. 1։23)։ Փոխարէնը, անոնք կը գիտակցին, որ Յիսուս Քրիստոս մեր ‘առաջնորդն ու հրամանատարն’ է (Եսա. 55։4)։ 1919–էն սկսեալ, հաւատարիմ ծառան տարբեր–տարբեր հրատարակութիւններ պատրաստած է, որպէսզի նոր հետաքրքրուող անհատներ իրենց կեանքին մէջ առաջին անգամ ըլլալով համտեսեն օգտակար հոգեւոր սնունդը։ 1921–ին, ծառան գիրք մը պատրաստեց, որ կը կոչուի Աստուծոյ քնարը։ Ժամանակի ընթացքին, մարդոց պէտքերը փոխուելով, յաւելեալ հրատարակութիւններ պատրաստուեցան։ Ո՞ր հրատարակութիւնը քեզի օգնած է, որ երկնաւոր Հայրդ ճանչնաս ու սիրես։ դ22.07 10 ¶9-10

Ուրբաթ, հոկտեմբեր 11

Յաւիտեան զիս քու առջեւդ կը կայնեցնես (Սաղ. 41։12)։

Եհովան ամէնէն առատաձեռն Անձնաւորութիւնն է։ Ի՛նչ որ ալ իրեն տաս, ան քեզի միշտ շա՜տ աւելին պիտի տայ (Մար. 10։29, 30)։ Ան նոյնիսկ հիմակուընէ՝ այս չար աշխարհին մէջ, քեզի պիտի տայ շատ հետաքրքրական կեանք մը, եւ դուն պիտի օրհնուիս եւ ուրախ պիտի ըլլաս։ Եւ ասիկա միայն սկիզբն է։ Կրնաս յաւիտեան ծառայել քու սիրելի Հօրդ։ Այն սէրը որ ունիս անոր հանդէպ, շարունակ պիտի աւելնայ, եւ իրականութեան մէջ դուն պիտի ապրիս այնքա՛ն ատեն որ ինք կ’ապրի, այսինքն՝ յաւիտեա՛ն։ Երբ նուիրումի եւ մկրտութեան քայլերը առնես, պատիւը ունիս քու Հօրդ տալու շատ արժէքաւոր բան մը։ Ան քեզի տուած է ամէնէն լաւ բաները եւ կեանքիդ ամէնէն ուրախ պահերը։ Ասոր փոխարէն, դուն կրնաս երկինքի ու երկրի Տիրոջը տալ բան մը, որ ինք չունի, ան ալ՝ քու սիրայօժար նուիրումդ եւ ծառայութիւնդ է (Յոբ 1։8. 41։11. Առ. 27։11)։ Կեանքդ գործածելու ասկէ աւելի լաւ կերպ մը կա՞յ։ դ23.03 6 ¶16-17

Շաբաթ, հոկտեմբեր 12

Երիտասարդը ինչո՞վ մաքրէ իր ճամբան։ Քու խօսքիդ համեմատ անոր զգուշութիւն ընելով (Սաղ. 119։9)։

Պատանեկութեան ատեն, սեռային փափաքներդ կրնան շատ զօրաւոր ըլլալ։ Եւ թերեւս ուրիշներ քեզ ճնշեն, որ սեռային անբարոյութիւն ընես։ Սատանան կ’ուզէ, որ այդ փափաքներուն տեղի տաս։ Ի՞նչ բան կրնայ քեզի օգնել, որ բարոյապէս մաքուր մնաս (Ա. Թես. 4։3, 4)։ Անձնական աղօթքներուդ մէջ, զգացումներդ պատմէ Եհովային։ Իրեն ըսէ, թէ իրականութեան մէջ ի՛նչ կը զգաս եւ խնդրէ որ քեզ զօրացնէ (Մատ. 6։13)։ Յիշէ որ Եհովան կ’ուզէ քեզի օգնել եւ ոչ թէ պատժել (Սաղ. 103։13, 14)։ Մի՛ փորձեր խնդիրներդ մինակդ լուծել։ Ծնողներուդ պատմէ պայքարիդ մասին։ Անշուշտ, այսպիսի անձնական նիւթերու մասին խօսիլը դիւրին չէ, բայց ատիկա ընելը կարեւոր է։ Աստուածաշունչը կարդալով եւ անոր սկզբունքներուն վրայ խոկալով, աւելի դիւրութեամբ պիտի կարենաս առնել որոշումներ, որոնք Եհովան կը հաճեցնեն։ Պիտի նկատես որ պէտք չունիս ամէն մէկ պարագայի համար օրէնք մը ունենալու, քանի որ սկսած ես հարցերու շուրջ Եհովային մտածելակերպը հասկնալ։ դ22.08 5 ¶10-12

Կիրակի, հոկտեմբեր 13

Եթէ մէկը իրեններուն. . . հոգ չի տանիր, անիկա հաւատքը ուրացած է (Ա. Տիմ. 5։8)։

Քրիստոնեայ ընտանիքի գլուխը իր ընտանիքին նիւթապէս հոգ տանելու պատասխանատուութիւնը լուրջի կ’առնէ։ Եթէ ընտանիքի գլուխ ես, թերեւս մտահոգ ես որ չկարենաս ընտանիքիդ ուտելիք ապահովել եւ տան վարձքը վճարել։ Թերեւս նաեւ կը վախնաս, որ եթէ գործդ կորսնցնես, պիտի չկարենաս ուրիշը գտնել։ Կամ ալ թերեւս կը մտածես որ չես կրնար նուազ դրամով ապրիլ։ Սատանան կրցած է այսպիսի վախեր շահագործել, որպէսզի ոմանք կեցնէ Եհովայի ծառայելէ։ Սատանան կը փորձէ մեզի հաւատալ տալ, թէ Եհովան մեզի հոգ չի տանիր եւ թէ պիտի չօգնէ մեր ընտանիքին պէտքերը հոգալու։ Ատիկա կը ձգէ որ մտածենք, թէ ամէն բան պէտք է ընենք, որ մեր գործը պահենք, նոյնիսկ եթէ աստուածաշնչական սկզբունքները պիտի անտեսենք։ դ22.06 15 ¶5-6

Երկուշաբթի, հոկտեմբեր 14

[Այդ յոյսը] ունինք իբրեւ հաստատ ու անշարժ խարիսխ մը մեր անձին (Եբ. 6։19)։

Գիտենք որ մեր Աստուածը «ողորմած ու բարերար, երկայնամիտ եւ առատ [է]՝ ողորմութիւնով ու ճշմարտութիւնով» (Ել. 34։6)։ Եհովան արդարութիւնը կը սիրէ (Եսա. 61։8)։ Ան կը ցաւի մեր տառապանքը տեսնելով եւ պատրաստ է,– այո՛, մեծ փափաք ունի,– իր նշանակած ժամանակին, վերջ դնելու ամբողջ չարչարանքին (Եր. 29։11)։ Ի՜նչ հոյակապ բան մը։ Ուրեմն, այս բոլոր յատկութիւններուն համար է որ Եհովան այսչա՛փ կը սիրենք։ Ուրիշ ի՞նչ պատճառով ճշմարտութիւնը կը սիրենք։ Անիկա մեզի մեծ օգուտներ կը բերէ։ Նկատի առ օրինակ մը։ Աստուածաշնչական ճշմարտութեան մաս կը կազմէ ապագային նկատմամբ մեր յոյսը։ Ճիշդ ինչպէս որ նաւու մը խարիսխը զայն անշարժ կը պահէ, նոյնպէս Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած մեր յոյսը կրնայ մեզի օգնել, որ հանդարտ մնանք կեանքի դժուարութիւններուն դիմաց։ Այս օրուան համարին մէջ, Պօղոս առաքեալ կը խօսէր երկնային յոյսին մասին, որ օծեալ քրիստոնեաները շատ կ’արժեւորեն։ Բայց իր խօսքերը նաեւ կը կիրարկուին այն քրիստոնեաներուն, որոնք անհամբեր կը սպասեն, որ դրախտային երկրի վրայ յաւիտեան ապրին (Յովհ. 3։16)։ Վստահաբար, երբ յաւիտենական կեանքի յոյսին մասին գիտցանք, մեր կեանքը իմաստ ունեցաւ։ դ22.08 14-15 ¶3-5

Երեքշաբթի, հոկտեմբեր 15

Արեւը ձեր բարկութեանը վրայ մարը թող չմտնէ (Եփ. 4։26)։

Վստահութիւնը սիրոյ վրայ հիմնուած է։ Առաջին Կորնթացիս նամակին 13–րդ գլուխը կը խօսի սիրոյ շատ մը երեսակներուն մասին, որոնք կրնան մեզի օգնել, որ ուրիշներուն հանդէպ վստահութիւն ունենանք կամ այդ վստահութիւնը ետ հաստատենք (Ա. Կոր. 13։4-8)։ Օրինակ, 4–րդ համարը կ’ըսէ որ «սէրը երկայնամիտ է, քաղցր է»։ Եհովան մեզի կը համբերէ, նոյնիսկ երբ իրեն դէմ մեղք կը գործենք։ Ուրեմն, պէտք է որ մենք ալ համբերենք մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն, եթէ անոնք իրենց գործերով կամ խօսքերով մեզ ջղայնացնեն կամ վիրաւորեն։ Իսկ 5–րդ համարը կ’ըսէ. «[Սէրը] բարկութեան չի գրգռուիր, չարութիւն չի խորհիր [«վիրաւորանքները չի հաշուեր», ՆԱ]»։ Մենք չենք ուզեր շարունակ մեր միտքը բերել այն բոլոր սխալները, որոնք մեր եղբայրը մեզի դէմ ըրած է՝ ապագային իրեն յիշեցնելու համար։ Ժողովող 7։9–ն (ՆԱ) կ’ըսէ, որ պէտք չէ ‘արագ ըլլանք վիրաւորուելու մէջ’։ Ուրեմն, ջանք ըրէ որ եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ զգաս այն ինչ որ Եհովան կը զգայ։ Ան զիրենք կը սիրէ եւ իրենց մեղքերը «տետրակի մը մէջ չի գրեր»։ Մենք ալ պէտք չէ ատանկ ընենք (Սաղ. 130։3)։ Փոխանակ կեդրոնանալու անոնց սխալներուն վրայ, ջանք թափէ անոնց լաւ յատկութիւնները նկատելու (Մատ. 7։1-5)։ դ22.09 4 ¶6-7

Չորեքշաբթի, հոկտեմբեր 16

Նեղութեան ժամանակ պիտի ըլլայ (Դան. 12։1)։

Դանիէլ գիրքը կը թուէ, թէ ի՛նչ հիանալի դէպքեր պիտի պատահին վերջին ժամանակին ընթացքին։ Օրինակ, Դանիէլ 12։1–ը կը յայտնէ, թէ Միքայէլ, որ Յիսուս Քրիստոսն է, ‘[Աստուծոյ] ժողովուրդին որդիներուն վրայ կը կենայ’։ Մարգարէութեան այդ մասը սկսաւ կատարուիլ 1914–ին, երբ Յիսուս նշանակուեցաւ որպէս Աստուծոյ երկնային Թագաւորութեան Թագաւորը։ Սակայն, Դանիէլ նաեւ մարգարէացաւ որ Յիսուս պիտի ‘ելլէր այնպիսի նեղութեան ժամանակ, որուն նմանը ազգ ըլլալէն մինչեւ այդ ատեն եղած չէ’։ Այդ «նեղութեան ժամանակ»ը Մատթէոս 24։21–ի մէջ նշուած «մեծ նեղութիւն»ն է։ Այդ նեղութեան ժամանակին վերջաւորութեան, այսինքն՝ Արմագեդոնին, Յիսուս պիտի ելլէ, կամ գործի պիտի անցնի, Աստուծոյ ժողովուրդը պաշտպանելու համար։ Յայտնութիւն գիրքը անոնց մասին կը խօսի որպէս ‘մեծ նեղութենէն եկող’ մեծ բազմութիւն մը (Յայտ. 7։9, 14)։ դ22.09 21 ¶4-5

Հինգշաբթի, հոկտեմբեր 17

Ով որ ինծի դէմ մեղանչեց, զանիկա իմ գրքէս պիտի աւրեմ (Ել. 32։33)։

Այն անունները, որոնք ներկայիս կեանքի գիրքին մէջ գրուած են, կրնան աւրուիլ, կամ ջնջուիլ։ Կրնանք ըսել, որ սկիզբը Եհովան անունները կարծես թէ մատիտով կը գրէ (Յայտ. 3։5)։ Մենք պէտք է ամէն ջանք ընենք, որ մեր անունները գիրքին մէջ մնան, մինչեւ որ մելանով գրուին ու չջնջուին։ Խումբ մը, որոնց անունները գրուած են կեանքի գիրքին մէջ, կազմուած է անոնցմէ, որոնք ընտրուած են Յիսուսին հետ իշխելու երկինքին մէջ։ Փիլիպպէի հաւատակիցներուն ուղղուած Պօղոս առաքեալի խօսքին համաձայն, այս խումբի անհատներուն անունները այժմ կը գտնուին կեանքի գիրքին մէջ (Փլպ. 4։3)։ Բայց որպէսզի անոնց անունները այս գիրքին մէջ մնան, անոնք պէտք է հաւատարիմ մնան։ Այսպէս, երբ իրենց վերջնական կնքումը կը ստանան, իրենց անունները մնայուն կերպով կը գրուին այս գիրքին մէջ։ Ասիկա կը պատահի կա՛մ իրենց մեռնելէն առաջ, կամ ալ մեծ նեղութիւնը սկսելէն առաջ (Յայտ. 7։3)։ դ22.09 14 ¶3. 15 ¶5-6

Ուրբաթ, հոկտեմբեր 18

Երանի՜ անոնց, որ Աստուծոյ խօսքը կը լսեն ու կը պահեն (Ղուկ. 11։28)։

Հետդ պատահա՞ծ է որ մէկը նախասիրած ճաշդ շինէ, բայց դուն այնքա՛ն կ’աճապարես, կամ այնքա՛ն մտազբաղ ես, որ փոխանակ ամէն մէկ պատառէն հաճոյք առնելու, ետեւ–ետեւի կը կլլես։ Ուտելէ ետք, կ’անդրադառնաս որ շատ արագ կերար, եւ կը մտածես. ‘Երանի դանդաղ ուտէի եւ ամէն մէկ պատառին համը առնէի’։ Նոյնպէս եղա՞ծ է որ Աստուածաշունչը այնքա՛ն արագ կարդացած ես, որ կարդացածիդ համը չես առած։ Ժամանակդ առ որ Աստուծոյ Խօսքը կարդալէն հաճոյք առնես. երեւակայէ տեսարանները, լսէ ձայները եւ մտածէ կարդացածիդ վրայ։ Այս փորձառութեան ամէն մէկ վայրկեանը ուրախութիւնդ պիտի աւելցնէ։ Յիսուս «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» նշանակեց, որպէսզի մեզի ատենին հոգեւոր կերակուր տայ, եւ մենք հոգեւորապէս շա՜տ լաւ կը կերակրուինք (Մատ. 24։45)։ Հաւատարիմ ծառային պատրաստած ամէն հոգեւոր կերակուր հիմնուած է Աստուածաշունչին վրայ (Ա. Թես. 2։13)։ դ22.10 7-8 ¶6-8

Շաբաթ, հոկտեմբեր 19

Խիստ լեցուած է մեր անձը հանգիստ վայելողներուն նախատինքովը (Սաղ. 123։4)։

Աստուածաշունչը նախատեսեց, որ վերջին օրերուն շատ ծաղր ընողներ պիտի ըլլային (Բ. Պետ. 3։3, 4)։ Անոնք ծաղր կ’ընեն, քանի որ կ’ուզեն «իրենց ամբարիշտ ցանկութիւններուն» ետեւէն երթալ (Յդ. 7, 17, 18)։ Ինչպէ՞ս կրնանք զգոյշ ըլլալ, որ ծաղր ընողներուն պէս չըլլանք։ Կերպերէն մէկն է՝ հեռու մնալ անոնցմէ, որոնք քննադատական հոգի ունին (Սաղ. 1։1)։ Ասիկա կը նշանակէ, որ մտիկ պիտի չընենք կամ պիտի չկարդանք որեւէ բան, որ կու գայ հաւատուրացներէն։ Մենք կը գիտակցինք, որ եթէ զգոյշ չըլլանք, կրնանք քննադատական հոգի զարգացնել եւ սկսիլ կասկածներ ունենալ Եհովայի գործելակերպին եւ իր կազմակերպութեան միջոցաւ մեր ստացած ուղղութիւններուն նկատմամբ։ Որպէսզի այդ ծուղակին մէջ չիյնանք, կրնանք մենք մեզի հարցնել. ‘Երբ նոր ուղղութիւն մը կամ բացատրութիւն մը կը ստանամ, արդեօք միշտ ժխտական բա՞ն մը ունիմ ըսելիք։ Սովորութիւն ունի՞մ կեդրոնանալու առաջնորդութիւն առնողներուն սխալներուն վրայ’։ Երբ շուտով մեր մէջ սրբագրենք այդպիսի հակումներ, Եհովան մեզմով պիտի ուրախանայ (Առ. 3։34, 35)։ դ22.10 20 ¶9-10

Կիրակի, հոկտեմբեր 20

Իսրայէլի տունը քեզի մտիկ ընել պիտի չուզեն (Եզեկ. 3։7)։

Աստուծոյ հոգին Եզեկիէլը զօրացուց, որ կարենար իր նշանակումը կատարել, որ էր՝ քարոզել իր թաղամասի «պնդերես ու խստասիրտ» մարդոց։ Եհովան Եզեկիէլին ըսաւ. «Ահա անոնց երեսին դէմ քու երեսդ պինդ ու անոնց ճակատին դէմ քու ճակատդ պինդ ըրի։ Քու ճակատդ վէմէն ամուր՝ ադամանդի պէս ըրի։ Անոնցմէ մի՛ վախնար ու անոնց երեսէն մի՛ զարհուրիր» (Եզեկ. 3։8, 9)։ Կարծես թէ Եհովան Եզեկիէլին կ’ըսէր. ‘Մի՛ ձգեր որ իրենց յամառութիւնը քեզ ընկճէ։ Ես քեզ պիտի զօրացնեմ’։ Աստուծոյ հոգին Եզեկիէլը տարաւ իր քարոզելու թաղամասը։ Եզեկիէլ գրեց. «Տէրոջը ձեռքը իմ վրաս եղաւ զօրութեամբ»։ Իրեն հետ մէկ շաբաթ առաւ որ պատգամը ըմբռնէ, որպէսզի կարենայ զայն համոզումով փոխանցել (Եզեկ. 3։14, 15)։ Ետքը, Եհովան իրեն ըսաւ որ դաշտ մը երթայ, ուր ‘հոգին իր վրայ եկաւ’ (Եզեկ. 3։23, 24)։ Եզեկիէլ պատրաստ էր իր ծառայութիւնը սկսելու։ դ22.11 4-5 ¶8-9

Երկուշաբթի, հոկտեմբեր 21

Մինչեւ ե՞րբ, ով Տէր, պիտի աղաղակեմ ու պիտի չլսես. . . Ինչո՞ւ. . . նեղութիւնը կ’երեւցնես (Ամբ. 1։2, 3)։

Ամբակում մարգարէն շատ դժուարութիւններէ անցաւ։ Անգամ մը, ան կասկածեցաւ որ Եհովան զինք կը հոգար։ Իր զգացումները Եհովային արտայայտեց աղօթքով։ Եհովան իր այս հաւատարիմ ծառային սրտանց աղօթքին պատասխանեց (Ամբ. 2։2, 3)։ Ամբակում, խոկալէ ետք, թէ ինչպէ՛ս Եհովան իր ժողովուրդը ազատած էր, ետ ուրախութիւն գտաւ։ Ան համոզուեցաւ, որ Եհովան իրեն հոգ կը տանէր եւ պիտի օգնէր, որ ուրախութեամբ դիմանայ որեւէ դժուարութեան (Ամբ. 3։17-19)։ Ասկէ ի՞նչ դաս կը սորվինք։ Երբ նեղութիւններէ կ’անցնիս, աղօթէ Եհովային եւ իրեն պատմէ ամէն ինչ որ կը զգաս։ Սպասէ տեսնելու, թէ ինչպէ՛ս քեզի պիտի օգնէ։ Երբ այդպէս ընես, կրնաս վստահ ըլլալ, որ Եհովան քեզի պէտք եղած զօրութիւնը պիտի տայ, որ դիմանաս։ Եւ երբ իր օգնութիւնը զգաս, իրեն հանդէպ հաւատքդ պիտի զօրանայ։ Եթէ հոգեւոր ռութինդ պահես, թոյլ պիտի չտաս որ դժուարութիւնները կամ կասկածները քեզ Եհովայէն զատեն (Ա. Տիմ. 6։6-8)։ դ22.11 15 ¶6-7

Երեքշաբթի, հոկտեմբեր 22

Ճշմարիտ կ’ըսեմ քեզի, ‘Դուն այսօր ինծի հետ դրախտին մէջ պիտի ըլլաս’ (Ղուկ. 23։43)։

Յիսուս եւ իր կողքին եղող երկու չարագործները դանդաղօրէն կը մեռնէին (Ղուկ. 23։32, 33)։ Չարագործները՝ երկուքն ալ Յիսուսի մասին գէշ կերպով խօսած էին (Մատ. 27։44. Մար. 15։32)։ Բայց անոնցմէ մէկուն սրտին վիճակը փոխուեցաւ։ Ան ըսաւ. «Տէ՛ր, յիշէ՛ զիս, երբ քու թագաւորութիւնովդ գաս»։ Յիսուս պատասխանեց՝ այսօրուան համարին խօսքը ըսելով (Ղուկ. 23։39-42)։ Չարագործին ուղղուած Յիսուսին խօսքը մեզ պէտք է մղէ, որ մտածենք թէ Դրախտին մէջ կեանքը ինչպէ՛ս պիտի ըլլայ։ Իրականութեան մէջ, Դրախտին մասին բան մը կրնանք սորվիլ Սողոմոն թագաւորին խաղաղ իշխանութենէն։ Եւ կրնանք վստահ ըլլալ, որ Յիսուս՝ Սողոմոնէն աւելի մեծ եղողը, եւ իր իշխանակիցները երկրի վրայ հիանալի պայմաններ պիտի հաստատեն (Մատ. 12։42)։ Բնական է որ «ուրիշ ոչխարներ»ը պէ՛տք է որ հետաքրքրուած ըլլան թէ ի՛նչ պէտք է ընեն, որպէսզի իրենց թոյլատրուի Դրախտին մէջ յաւիտեան ապրիլ (Յովհ. 10։16)։ դ22.12 8 ¶1. 9 ¶4

Չորեքշաբթի, հոկտեմբեր 23

Քու աղաղակիդ ձայնը լսածին պէս շուտով քեզի պիտի ողորմի (Եսա. 30։19)։

Եսային մեզ կը վստահեցնէ, որ Եհովան ուշադրութեամբ մեզի մտիկ պիտի ընէ, երբ Իրեն աղաղակենք եւ շուտով պիտի պատասխանէ մեր աղօթքներուն։ Ան կ’աւելցնէ. «Քեզի պատասխան պիտի տայ»։ Այս խօսքերէն կը տեսնենք, որ Եհովան զօրաւոր փափաք ունի օգնելու անոնց, որոնք իրեն կը դիմեն։ Եւ ասիկա գիտնալը մեզի կ’օգնէ, որ ուրախութեամբ դիմանանք։ Եհովան մեր ամէն մէկուն աղօթքին ուշադրութիւն կը դարձնէ։ Ինչո՞ւ կրնանք այդպէս ըսել։ Քանի որ Եսայի գիրքին 30–րդ գլուխին առաջին մասին մէջ, «դուք» դերանունը կը գործածուի, որովհետեւ Եհովան իր ժողովուրդին կը խօսի, բայց 19–րդ համարին մէջ «քեզի» դերանունը գործածուած է, քանի որ Եհովան կը խօսի անհատներու։ Եսային կը գրէ. «Ա՛լ բնաւ պիտի չլաս», «քեզի պիտի ողորմի», «քեզի պատասխան պիտի տայ»։ Քանի որ Եհովան սիրալիր Հայր է, ան մեզի անհատապէս հոգ կը տանի եւ իւրաքանչիւրիս աղօթքին ականջ կու տայ (Սաղ. 116։1. Եսա. 57։15)։ դ22.11 9 ¶5-6

Հինգշաբթի, հոկտեմբեր 24

Օձերու պէս խորագէտ եղէք եւ աղաւնիներու պէս միամիտ (Մատ. 10։16)։

Երբ հակառակ հալածանքին կը քարոզենք ու կը սորվեցնենք, ուրախութիւն ու խաղաղութիւն կը գտնենք։ Օրինակ, երբ առաջին դարուն հրէական իշխանութիւնները առաքեալներուն պատուիրեցին, որ քարոզելէ դադրին, այդ հաւատարիմ տղամարդիկը որոշեցին Աստուծոյ հնազանդիլ։ Անոնք շարունակեցին քարոզել, եւ այդ գործը իրենց ուրախութիւն բերաւ (Գործք 5։27-29, 41, 42)։ Անշուշտ երբ մեր գործը սահմանափակուած է, քարոզելու ատեն պէտք է իմաստուն ըլլանք։ Բայց եթէ մեր լաւագոյնը ընենք, պիտի ունենանք այն խաղաղութիւնը, որ կու գայ Եհովան հաճեցնելէն եւ փրկարար պատգամ մը բաժնելէն։ Վստահ եղիր որ նոյնիսկ ամենադժուար ժամանակներուն, մենք կրնա՛նք խաղաղութիւն ունենալ։ Այդպիսի պարագաներու, պէտք է յիշենք, որ մենք պէտք ունինք այն խաղաղութեան, որ միայն Եհովան կրնայ տալ մեզի։ Անոր համար իրեն վստահէ, երբ հիւանդութիւն մը տարածուի, աղէտ մը հարուածէ, կամ հալածանք ըլլայ։ Իր կազմակերպութեան մօտիկ մնացիր։ Եւ կեդրոնացիր այն հոյակապ ապագային վրայ, որ քեզի կը սպասէ։ Մինչ այդպէս կ’ընես, ‘խաղաղութեան Աստուածը քեզի հետ պիտի ըլլայ’ (Փլպ. 4։9)։ դ22.12 21 ¶17-18

Ուրբաթ, հոկտեմբեր 25

Նոր անձնաւորութիւնը ձեր վրայ հագէք (Եփ. 4։24, ՆԱ)։

Ատիկա ընելու համար, պէտք է շատ ջանք թափենք։ Պէտք է շատ մը բնաւորութիւններ փոխենք, մէջը ըլլալով՝ ‘դառնութիւնը, բարկութիւնը եւ սրտմտութիւնը’, կամ ջղայնութիւնը (Եփ. 4։31, 32)։ Ատիկա ինչո՞ւ կրնայ դժուար ըլլալ։ Քանի որ կարգ մը բնաւորութիւններ կրնան խորապէս արմատացած ըլլալ։ Օրինակ, Աստուածաշունչը կ’ըսէ, որ կարգ մը մարդիկ «բարկասիրտ» եւ «ցասկոտ» են, այսինքն՝ ջղայնանալու պատրաստ (Առ. 29։22)։ Որպէսզի անհատ մը կարենայ արմատացած բնաւորութիւններ զսպել, հաւանաբար պէտք է շարունակ ջանք թափէ նոյնիսկ մկրտութենէն ետք (Հռով. 7։21-23)։ Եհովային աղօթէ այն բնաւորութեան մասին, որուն նկատմամբ կը պայքարիս, եւ վստահ եղիր որ քեզի մտիկ պիտի ընէ եւ պիտի օգնէ (Ա. Յովհ. 5։14, 15)։ Ճիշդ է որ Եհովան հրաշքով այդ բնաւորութիւնը պիտի չվերցնէ, բայց քեզի զօրութիւնը պիտի տայ, որ ատոր դէմ պայքարիս (Ա. Պետ. 5։10)։ Միեւնոյն ատեն, աղօթքներուդ համաձայն վարուէ՝ չընելով բաներ, որոնք հին անձնաւորութեան գիծերը ետ մէջտեղ պիտի հանեն։ Եւ մի՛ ձգեր որ միտքդ սխալ ցանկութիւններու վրայ կեդրոնանայ (Փլպ. 4։8. Կող. 3։2)։ դ23.01 10 ¶7, 9-10

Շաբաթ, հոկտեմբեր 26

Ան որ Աստուած կը սիրէ, իր եղբայրն ալ պէտք է սիրէ (Ա. Յովհ. 4։21)։

Մեր սէրը ցոյց տալու կերպ մըն է նախանձախնդրօրէն քարոզել։ Մենք կը խօսինք բոլոր անոնց, որոնց կը հանդիպինք։ Եւ մարդոց միջեւ տարբերութիւն չենք դներ իրենց ցեղին, ազգութեան, դրամական վիճակին կամ ընկերային ենթահողին հիման վրայ։ Այսպէս կը վարուինք Եհովային նպատակին համաձայն, որ «բոլոր մարդիկ փրկուին եւ ճշմարտութիւնը գիտնան» (Ա. Տիմ. 2։4)։ Նաեւ ցոյց կու տանք, որ Աստուած եւ Քրիստոս կը սիրենք՝ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ սէր ցոյց տալով։ Մենք անոնցմով կը հետաքրքրուինք եւ իրենց կ’օգնենք իրենց փորձութիւններուն ատեն։ Զիրենք կը մխիթարենք, երբ սիրելի մը կորսնցուցած են, իրենց կ’այցելենք, երբ հիւանդ են եւ ամէն ջանք կ’ընենք որ զիրենք քաջալերենք, երբ ընկճուած են (Բ. Կոր. 1։3-7. Ա. Թես. 5։11, 14)։ Շարունակ կ’աղօթենք իրենց համար, քանի որ գիտենք թէ «արդարին ջերմեռանդ աղօթքը շատ ազդեցութիւն ունի» (Յակ. 5։16)։ դ23.01 28-29 ¶7-8

Կիրակի, հոկտեմբեր 27

Մէկզմէկ մխիթարեցէ՛ք եւ իրարու օգնեցէ՛ք (Ա. Թես. 5։11)։

Ինչպէս շինարար մը ժամանակի ընթացքին իր հմտութիւնները կը զարգացնէ, մենք ալ կրնանք հմուտ դառնալ իրար շինելու մէջ։ Կրնանք ուրիշներու ոյժ տալ, որ փորձութիւններու դիմանան՝ իրենց հետ բաժնելով այն անհատներուն օրինակները, որոնք անցեալին տոկացած են (Եբ. 11։32-35. 12։1)։ Կրնանք խաղաղութիւն յառաջ մղել՝ ուրիշներու լաւ յատկութիւններուն մասին խօսելով, խաղաղութիւնը պահել՝ երբ անիկա վտանգի տակ է, եւ զայն ետ հաստատել՝ երբ վէճեր ըլլան (Եփ. 4։3)։ Եւ կրնանք շարունակել մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հաւատքը շինել՝ անոնց հետ բաժնելով աստուածաշնչական կարեւոր ճշմարտութիւններ, գործնական օգնութիւն տալով եւ օգնելով անոնց, որոնք հոգեւորապէս տկարացած են։ Մենք ալ կրնանք ուրախ եւ գոհունակ ըլլալ, երբ եղբայրներուն ու քոյրերուն կ’օգնենք որ իրենց հաւատքը զօրանայ։ Եւ հակառակ բառացի շէնքերուն, որոնք ի վերջոյ կրնան փլիլ, մեր գործին արդիւնքները կրնան մնալ յաւիտեա՛ն։ դ22.08 22 ¶6. 25 ¶17-18

Երկուշաբթի, հոկտեմբեր 28

Իմաստութիւնը Տէրը կու տայ, գիտութիւնն ու հանճարը անոր բերնէն են (Առ. 2։6)։

Յիսուս յիշեց կարեւոր յատկութիւն մը որ պէտք ունինք, եթէ պիտի հասկնանք ինչ որ կը կարդանք Աստուծոյ Խօսքին մէջ։ Այդ յատկութիւնը խորատեսութիւնն է (Մատ. 24։15)։ Ի՞նչ է խորատեսութիւնը։ Անիկա այն կարողութիւնն է, որով կը հասկնանք թէ որոշ գաղափար մը ի՛նչ կապ ունի ուրիշ գաղափարի մը հետ եւ ինչպէ՛ս կը տարբերի անկէ, ինչպէս նաեւ կը տեսնենք բան մը, որ յստակօրէն ըսուած չէ։ Ասկէ զատ, Յիսուս ըսաւ որ այս յատկութեան պէտք ունինք որպէսզի կրնանք զանազանել, թէ ո՛ր դէպքերը Աստուածաշունչին մարգարէութիւնները կը կատարեն։ Այս յատկութեան պէտք ունինք նաեւ, որպէսզի կրնանք լիովին օգտուիլ այն բոլոր բաներէն, որ կը կարդանք Աստուածաշունչին մէջ։ Եհովան իր ծառաներուն խորատեսութիւն կու տայ։ Անոր համար, իրեն աղօթէ խնդրելով որ քեզի օգնէ, որ այս յատկութիւնը զարգացնես։ Լաւ, ինչպէ՞ս կրնաս աղօթքիդ համաձայն վարուիլ։ Ուշադրութեամբ վերլուծէ կարդացածդ եւ տես թէ անիկա ի՛նչ կապ ունի գիտցածներուդ հետ։ Տե՛ս թէ կարդացածիդ իմաստը ի՛նչ է եւ թէ ինչպէ՛ս կրնաս գործադրել քու կեանքիդ մէջ (Եբ. 5։14)։ Երբ խորատեսութեամբ կը կարդաս, Աստուածաշունչը աւելի լաւ պիտի հասկնաս։ դ23.02 10 ¶7-8

Երեքշաբթի, հոկտեմբեր 29

Անով կ’ապրինք եւ կը շարժինք ու կանք (Գործք 17։28)։

Երեւակայէ որ ընկերներէդ մէկը քեզի կը նուիրէ շատ հին բայց արժէքաւոր գլուխ գործոց գծագրութիւն մը։ Ճիշդ է որ անոր գոյնը տեղ–տեղ գացած է եւ հինցած է, բայց անիկա միլիոնաւոր տոլարներ կ’արժէ։ Անշուշտ, այդ գծագրութիւնը կ’ուզես արժեւորել եւ պաշտպանել։ Նոյնպէս, Եհովան մեզի տուած է արժէքաւոր նուէր մը՝ կեանքը։ Իրականութեան մէջ, Եհովան ցոյց կու տայ որ մեր կեանքը շա՜տ կ’արժեւորէ՝ իր Որդին որպէս փրկանք տալով մեզի համար (Յովհ. 3։16)։ Եհովան կեանքի Աղբիւրն է (Սաղ. 36։9)։ Պօղոս առաքեալն ալ այս ճշմարտութեան կը հաւատար, քանի որ ըսաւ. «Անով կ’ապրինք եւ կը շարժինք ու կանք» (Գործք 17։25, 28)։ Ուրեմն, կրնա՛նք ըսել որ մեր կեանքը Աստուծոյ կողմէ նուէր է։ Ան մեզի պէտք եղած ամէն բան կու տայ, որպէսզի շարունակենք ապրիլ (Գործք 14։15-17)։ Բայց Եհովան մեր կեանքը հրաշքով չի պահպաներ։ Հապա մեզմէ կ’ակնկալէ որ կարելի եղածին չափ հոգ տանինք մեր ֆիզիքական եւ հոգեւոր առողջութեան (Բ. Կոր. 7։1)։ դ23.02 20 ¶1-2

Չորեքշաբթի, հոկտեմբեր 30

Բոլոր քեզի ըսած խօսքերս գրքի մը մէջ գրէ՛ (Եր. 30։2)։

Մենք Եհովային շատ շնորհակալ ենք Սուրբ Գիրքին համար։ Անոր միջոցաւ ան մեզի կու տայ իմաստուն խրատներ, որոնք կրնան մեզի օգնել, որ մեր խնդիրներուն հետ գլուխ ելլենք։ Ան նաեւ մեզի հոյակապ յոյս կու տայ ապագային նկատմամբ։ Բայց ամէնէն կարեւորը, Եհովան Սուրբ Գիրքին միջոցաւ կը յայտնէ իր անձնաւորութիւնը։ Երբ Իր գեղեցիկ յատկութիւններուն վրայ կը խոկանք, շա՜տ կ’ազդուինք եւ կ’ուզենք իր մտերիմ բարեկամը ըլլալ (Սաղ. 25։14)։ Եհովան կ’ուզէ որ մարդիկ իրեն ծանօթանան եւ ճանչնան։ Օրինակ, անցեալին ան ինքզինք ճանչցուց երազներու, տեսիլքներու եւ նոյնիսկ հրեշտակներու միջոցաւ (Թւ. 12։6. Գործք 10։3, 4)։ Բայց մենք այս բոլորին մասին պիտի չգիտնայինք, եթէ անոնք գրուած չըլլային։ Անոր համար, Եհովան մարդոց ըսաւ, որ ‘գրքի մը մէջ գրեն’ այն ինչ որ կ’ուզէ որ սորվինք։ Մենք կրնանք վստահ ըլլալ, որ Սուրբ Գիրքին միջոցաւ մեզի հետ կապի մէջ մնալու իր այս կերպը շատ լաւ եւ օգտակար կերպ է, քանի որ «Աստուծոյ ճամբան կատարեալ է» (Սաղ. 18։30)։ դ23.02 2 ¶1-2

Հինգշաբթի, հոկտեմբեր 31

Աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը (Գործք 20։35)։

Օգտակար նպատակակէտեր դիր։ Ընտրէ նպատակակէտեր, որոնք հաւատքդ պիտի զօրացնեն եւ քեզի պիտի օգնեն, որ աւելի հասուն քրիստոնեայ դառնաս (Եփ. 3։16)։ Օրինակ, թերեւս որոշես անձնական սերտողութիւնդ եւ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւնդ բարելաւել (Սաղ. 1։2, 3)։ Կամ թերեւս պէտք ունիս աւելի յաճախ եւ աւելի սրտանց աղօթելու։ Թերեւս ալ պէտք է ուշադիր ըլլաս, թէ ի՛նչ ժամանց կ’ընտրես կամ ժամանակդ ինչպէ՛ս կը գործածես (Եփ. 5։15, 16)։ Երբ ուրիշներուն կ’օգնես, աւելի հասուն քրիստոնեայ կը դառնաս։ Օրինակ, կրնաս նպատակակէտ դնել որ ժողովքի տարեցներուն եւ հիւանդներուն օգնես։ Կրնաս իրենց դուրսի գործերը ընել կամ իրենց օգնել, որ գիտնան թէ ինչպէ՛ս իրենց ելեկտրոնային սարքերը գործածեն։ Նաեւ կրնաս սէր ցոյց տալ ժողովքէն դուրս եղող մարդոց հանդէպ, անոնց խօսելով Թագաւորութեան բարի լուրին մասին (Մատ. 9։36, 37)։ Եւ եթէ կարելի է, նպատակակէտ դիր, որ լիաժամ ծառայութեան որեւէ տեսակի մասնակցիս։ դ22.08 6 ¶16-17

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել