Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • աք24 էջ 88-98
  • Սեպտեմբեր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Սեպտեմբեր
  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2024
  • Ենթավերնագիրներ
  • Կիրակի, սեպտեմբեր 1
  • Երկուշաբթի, սեպտեմբեր 2
  • Երեքշաբթի, սեպտեմբեր 3
  • Չորեքշաբթի, սեպտեմբեր 4
  • Հինգշաբթի, սեպտեմբեր 5
  • Ուրբաթ, սեպտեմբեր 6
  • Շաբաթ, սեպտեմբեր 7
  • Կիրակի, սեպտեմբեր 8
  • Երկուշաբթի, սեպտեմբեր 9
  • Երեքշաբթի, սեպտեմբեր 10
  • Չորեքշաբթի, սեպտեմբեր 11
  • Հինգշաբթի, սեպտեմբեր 12
  • Ուրբաթ, սեպտեմբեր 13
  • Շաբաթ, սեպտեմբեր 14
  • Կիրակի, սեպտեմբեր 15
  • Երկուշաբթի, սեպտեմբեր 16
  • Երեքշաբթի, սեպտեմբեր 17
  • Չորեքշաբթի, սեպտեմբեր 18
  • Հինգշաբթի, սեպտեմբեր 19
  • Ուրբաթ, սեպտեմբեր 20
  • Շաբաթ, սեպտեմբեր 21
  • Կիրակի, սեպտեմբեր 22
  • Երկուշաբթի, սեպտեմբեր 23
  • Երեքշաբթի, սեպտեմբեր 24
  • Չորեքշաբթի, սեպտեմբեր 25
  • Հինգշաբթի, սեպտեմբեր 26
  • Ուրբաթ, սեպտեմբեր 27
  • Շաբաթ, սեպտեմբեր 28
  • Կիրակի, սեպտեմբեր 29
  • Երկուշաբթի, սեպտեմբեր 30
Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2024
աք24 էջ 88-98

Սեպտեմբեր

Կիրակի, սեպտեմբեր 1

Եթէ մէկը զինք կրօնասէր կը սեպէ ու իր լեզուին սանձ չի դներ, այլ իր սիրտը կը խաբէ, անոր կրօնասիրութիւնը փուճ է (Յակ. 1։26)։

Երբ մեր խօսելու կարողութիւնը լաւ կերպով կը գործածենք, ուրիշներուն ցոյց կու տանք, որ Եհովայի ծառաներն ենք։ Այդպէս ընելով, անոնց կ’օգնենք որ յստակօրէն տեսնեն «Աստուծոյ ծառայութիւն ընողին եւ անոր ծառայութիւն չընողին տարբերութիւնը» (Մաղ. 3։18)։ Նկատի առ Քիմպըրլի անունով քրոջ մը փորձառութիւնը։ Անոր ըսուեցաւ, որ դասընկերուհիի մը հետ դպրոցական պարտականութիւն մը կատարէ։ Երբ միասին աշխատեցան, դասընկերուհին նկատեց որ Քիմպըրլին միւս աշակերտներէն տարբեր էր։ Ան ուրիշները չէր քննադատեր, լաւ բաներու մասին կը խօսէր եւ չէր հայհոյեր։ Դասընկերուհին ասով տպաւորուեցաւ, եւ ետքը ընդունեց Աստուածաշունչը սերտել։ Եհովան կ’ուրախանայ երբ կը խօսինք կերպով մը, որ կը ձգէ որ մարդիկ ուզեն իր մասին սորվիլ։ Բոլորս կ’ուզենք, որ մեր խօսելակերպը Եհովային փառք բերէ։ դ22.04 5-6 ¶5-7

Երկուշաբթի, սեպտեմբեր 2

[Կիներ] իրենց ստացուածքովը անոր ծառայութիւն կ’ընէին (Ղուկ. 8։3)։

Յիսուս Մարիամ Մագդաղենացին ազատեց եօթը դեւերու ազդեցութենէն։ Մարիամին գնահատանքը զինք մղեց, որ Յիսուսին հետեւորդը դառնայ եւ ծառայութեան մէջ անոր թիկունք կանգնի (Ղուկ. 8։1-3)։ Թէեւ Մարիամ խորապէս կը գնահատէր իրեն համար Յիսուսին ըրածը, բայց թերեւս ան տակաւին չէր գիտեր, թէ Յիսուս ապագային իրեն համար անկէ շա՜տ աւելին պիտի ընէր։ Ան իր կեանքը պիտի զոհէր, ‘որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատար’ յաւիտենական կեանք ունենար (Յովհ. 3։16)։ Բայց եւ այնպէս, Մարիամ Յիսուսին հանդէպ իր գնահատանքը ցոյց տուաւ՝ հաւատարիմ մնալով։ Մինչ Յիսուս տանջանքի ցիցին վրայ կը չարչարուէր, Մարիամ անոր մօտ կեցած էր՝ զգացական գետնի վրայ օգնելով իրեն եւ ուրիշներուն (Յովհ. 19։25)։ Իսկ երբ Յիսուս մեռաւ, Մարիամ եւ ուրիշ երկու կիներ խունկեր բերին՝ անոր մարմինը գերեզմանը դրուելու համար պատրաստելու (Մար. 16։1, 2)։ Մարիամ ուրախացաւ այն պատիւը ունենալով, որ յարութիւն առած Յիսուսը տեսնէ եւ անոր հետ խօսի, մինչդեռ աշակերտներուն մեծամասնութիւնը այդ առիթը չունեցան (Յովհ. 20։11-18)։ դ23.01 27 ¶4

Երեքշաբթի, սեպտեմբեր 3

Երանի՜ թէ պաղ ըլլայիր կամ տաք (Յայտ. 3։15)։

Մենք չենք կրնար պարզապէս ապաւինիլ այն բաներուն, որ Եհովայի ծառայութեան մէջ անցեալին ըրինք։ Նոյնիսկ եթէ առաջուընէ աւելի սահմանափակումներ ունինք, պէտք է շարունակենք «Տէրոջը գործը» ընել, արթուն մնալով մինչեւ վերջ (Ա. Կոր. 15։58. Մատ. 24։13. Մար. 13։33)։ Պէտք է նախանձախնդրութեամբ ու ամբողջ սրտով Եհովան պաշտենք։ Լաւոդիկէի քրիստոնեաներուն ուղղուած Յիսուսի պատգամը ուրիշ խնդիր մը ցոյց տուաւ։ Անոնք իրենց պաշտամունքին մէջ «գաղջ» էին։ Իրենց անտարբերութեան պատճառաւ, Յիսուս իրենց ըսաւ որ «խեղճ ու թշուառական» վիճակի մէջ էին։ Անոնք պէտք էր մեծ նախանձախնդրութիւն ունենային Եհովայի եւ իր պաշտամունքին հանդէպ (Յայտ. 3։16, 17, 19)։ Ի՞նչ է դասը մեզի համար։ Եթէ մեր նախանձախնդրութիւնը նուազած է, պէտք է մեր գնահատանքը աւելցնենք բոլոր լաւ բաներուն հանդէպ, որոնք Եհովան եւ իր կազմակերպութիւնը մեզի կու տան (Յայտ. 3։18)։ Պէտք չէ այնքա՛ն ջանանք հանգստաւէտ կեանք մը ունենալ հիմա, որ Եհովայի պաշտամունքը մեր կեանքին մէջ այլեւս ամէնէն կարեւոր բանը չըլլայ։ դ22.05 3-4 ¶7-8

Չորեքշաբթի, սեպտեմբեր 4

Յիշատակի գիրք գրուեցաւ Տէրոջմէ վախցողներուն համար (Մաղ. 3։16)։

Հազարաւոր տարիներէ ի վեր, Եհովան յատուկ գիրք մը կը գրէ։ Այս գիրքին մէջ շատ մը անուններ գրուած են՝ սկսելով առաջին հաւատարիմ վկայէն՝ Աբէլէն (Ղուկ. 11։50, 51)։ Դարերու ընթացքին, Եհովան անուններ աւելցուցած է, եւ ներկայիս անոր մէջ միլիոնաւոր անուններ կան։ Աստուածաշունչին մէջ, այս գիրքը կը կոչուի «յիշատակի գիրք» եւ «կենաց [այսինքն՝ կեանքի] գիրք» (Մաղ. 3։16. Յայտ. 3։5. 17։8)։ Այս յատուկ գիրքին մէջ կան բոլոր անոնց անունները, որոնք վախով կամ խոր յարգանքով Եհովան կը պաշտեն եւ իր անունը կը սիրեն։ Անոնք յաւիտենական կեանք ունենալու յոյսը ունին։ Ներկայիս մեր անունն ալ կրնայ գրուիլ այս գիրքին մէջ, եթէ Եհովային հետ մտերիմ փոխյարաբերութիւն զարգացնենք իր Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսին, փրկանքին հիման վրայ (Յովհ. 3։16, 36)։ Բոլորս կ’ուզենք, որ մեր անունները գտնուին այս գիրքին մէջ,– մեր յոյսը ըլլայ՝ ապրիլ երկինքի՛ մէջ կամ երկրի վրայ։ դ22.09 14 ¶1-2

Հինգշաբթի, սեպտեմբեր 5

Բանսարկուն, որ զանոնք մոլորեցուց, ձգուեցաւ կրակի ու ծծումբի լիճին մէջ (Յայտ. 20։9)։

Յայտնութիւն գիրքը կը նկարագրէ «մեծ շառագոյն վիշապ մը» (Յայտ. 12։3)։ Այս վիշապը կը պատերազմի Յիսուսին եւ անոր հրեշտակներուն դէմ (Յայտ. 12։7-9)։ Անիկա Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ կը յարձակի եւ քաղաքական գազաններուն իշխանութիւն կու տայ (Յայտ. 12։17. 13։4)։ Ո՞վ է այս վիշապը։ Ան «առաջին օձն» է, որ «Բանսարկու ու Սատանայ կը կոչուի» (Յայտ. 12։9. 20։2)։ Ան է, որ Եհովայի բոլոր թշնամիներուն ետին կը կենայ։ Վիշապին ի՞նչ կը պատահի։ Յայտնութիւն 20։1-3–ը կ’ըսէ որ հրեշտակ մը Սատանան պիտի նետէ անդունդը, որ իրեն համար բանտարկութեան պէս պիտի ըլլայ։ Այս բանտարկութեան ընթացքին, Սատանան այլեւս պիտի «չմոլորեցնէ ազգերը՝ մինչեւ հազար տարին լմննայ»։ Ի վերջոյ, Սատանան եւ իր դեւերը «կրակի ու ծծումբի լիճին մէջ» պիտի ձգուին, ինչ որ կը նշանակէ թէ միանգամ ընդմիշտ պիտի ոչնչացուին։ Երեւակայէ թէ ի՜նչ հրաշալի պիտի ըլլայ կեանքը աշխարհի մը մէջ, ուր Սատանան ու իր դեւերը չկան։ դ22.05 14 ¶19-20

Ուրբաթ, սեպտեմբեր 6

Ան. . . աղէկ գործի մը պարապելով՝ իր ձեռքերովը աշխատի, որպէս զի կարող ըլլայ տալ կարօտ եղողին (Եփ. 4։28)։

Յիսուս կը սիրէր աշխատիլ։ Երբ պատանի էր, ատաղձագործութիւն ըրաւ (Մար. 6։3)։ Անկասկած, իր ծնողները կը գնահատէին իր օգնութիւնը՝ իրենց մեծ ընտանիքին նիւթական պէտքերը հոգալու համար։ Եւ որովհետեւ Յիսուս կատարեալ էր, իր ըրած գործն ալ կատարեալ էր. եւ մարդիկ հաւանաբար կ’ուզէին իր շինածներէն ունենալ։ Ան շատ հաւանաբար իր գործէն հաճոյք կ’առնէր։ Բայց եւ այնպէս, ան ժամանակ տրամադրեց հոգեւոր գործունէութիւններուն (Յովհ. 7։15)։ Իսկ երբ սկսաւ լման ժամանակով քարոզել, իրեն մտիկ ընողներուն ըսաւ. «Գործեցէ՛ք, ո՛չ թէ կորստական կերակուրին համար, հապա այն կերակուրին համար, որ յաւիտենական կեանքի մէջ կը մնայ» (Յովհ. 6։27)։ Իսկ Լերան քարոզին մէջ ըսաւ. «Ձեզի գանձեր դիզեցէք երկինքը» (Մատ. 6։20)։ Աստուածային իմաստութիւնը կ’օգնէ մեզի, որ մեր աշխարհիկ գործին նկատմամբ հաւասարակշռուած տեսակէտ ունենանք։ Աստուածաշունչը կը խրատէ, որ ծանր աշխատինք եւ լաւ գործեր ընենք։ դ22.05 22 ¶9-10

Շաբաթ, սեպտեմբեր 7

Թող. . . մայրդ քու վրադ ուրախանայ (Առ. 23։25)։

Եւնիկէն լաւ օրինակ էր Տիմոթէոսին համար։ Անկասկած, Տիմոթէոս կը տեսնէր, որ իր մօր ըրածներուն ետին կար Եհովայի հանդէպ մեծ սէր, եւ թէ Եհովային ծառայելով ան շատ ուրախ էր։ Նմանապէս, ներկայիս շատ մը մայրեր իրենց ընտանիքի անդամներուն սրտին հասած են «առանց խօսքի» (Ա. Պետ. 3։1, 2)։ Դուն ալ նոյնը կրնաս ընել։ Ինչպէ՞ս։ Եհովային հետ փոխյարաբերութիւնդ ամենակարեւոր բանը թող ըլլայ քեզի համար (Բ. Օր. 6։5, 6)։ Իբրեւ մայր, դուն շատ մը զոհողութիւններ կ’ընես։ Ժամանակդ, դրամդ, քունդ եւ ուրիշ բաներ կը զոհես, որպէսզի զաւակներուդ ֆիզիքական պէտքերուն հոգ տանիս։ Բայց պէտք չէ այնքա՛ն զբաղած ըլլաս այդ պէտքերը հոգալով, որ ժամանակ չունենաս Եհովային հետ փոխյարաբերութիւնդ զօրացնելու։ Կանոնաւորաբար ժամանակ տրամադրէ աղօթելու, Աստուածաշունչը սերտելու եւ ժողովներուն ներկայ ըլլալու։ Այդպէս ընելով, Եհովային աւելի պիտի մօտենաս ու լաւ օրինակ պիտի ըլլաս ընտանիքիդ եւ ուրիշներուն։ դ22.04 16 ¶1. 19 ¶12-13

Կիրակի, սեպտեմբեր 8

Քու ծառաներդ դատէ եւ յանցաւորը դատապարտէ՛ ու անոր ըրածը անոր գլուխը բե՛ր եւ արդարը արդարացո՛ւր ու. . . անոր հատուցում ըրէ՛ (Գ. Թագ. 8։32)։

Մեզ շատ կը հանգստացնէ գիտնալը, որ մենք չենք որոշողը թէ մարդիկ ինչպէ՛ս պէտք է դատուին։ Գերագոյն Դատաւորը ըլլալով, Եհովա՛ն հոգ պիտի տանի այս կարեւոր գործին (Հռով. 14։10-12)։ Կրնանք լիովին վստահ ըլլալ, որ Եհովան մի՛շտ ճիշդի ու սխալի իր կատարեալ չափանիշներուն համաձայն պիտի դատէ (Ծն. 18։25)։ Ան բնա՛ւ անարդար բան մը պիտի չընէ։ Անհամբեր կը սպասենք այն ժամանակին, երբ Եհովան լիովին մէջտեղէն պիտի վերցնէ մարդկային անկատարութեան եւ մեղքին բոլոր գէշ ազդեցութիւնները։ Այդ ժամանակ, մեր բոլոր ֆիզիքական եւ զգացական վէրքերը վերջնականապէս պիտի բուժուին (Սաղ. 72։12-14. Յայտ. 21։3, 4)։ Անոնք բնա՛ւ մեր միտքը պիտի չգան։ Մինչ այդ, որքա՜ն շնորհակալ ենք Եհովայէն, որ մեզի կարողութիւն տուած է, որ զինք ընդօրինակելով ներող ըլլանք։ դ22.06 13 ¶18-19

Երկուշաբթի, սեպտեմբեր 9

Միթէ բոլոր երկրի Դատաւորը արդարութիւն պիտի չընէ՞ (Ծն. 18։25)։

Լաւ դատաւորը պէտք է խորապէս հասկնայ օրէնքը։ Ան պէտք է լաւ գիտնայ թէ ի՛նչը ճիշդ է եւ ի՛նչը՝ սխալ։ Ան նաեւ դատավճիռ արձակելէ առաջ, պէտք է կարենայ հարցին հետ կապ ունեցող բոլոր իրողութիւնները նկատի առնել։ Այս ուղղութեամբ, Եհովան յատուկ է, քանի որ միշտ բոլոր իրողութիւնները գիտէ։ Եհովան մարդկային դատաւորներէն տարբեր է։ Ան միշտ որեւէ հարցի բոլոր իրողութիւնները կատարեալ կերպով կ’ըմբռնէ (Ծն. 18։20, 21. Սաղ. 90։8)։ Ան մարդուն տեսածէն ու լսածէն անդին կ’երթայ։ Ան կատարելապէս կը հասկնայ, թէ ինչպէ՛ս անհատի մը ըրածները կ’ազդուին իր ժառանգական կազմուածքէն, կրթութենէն, միջավայրէն եւ իր զգացական ու մտային վիճակէն։ Եհովան նաեւ սիրտը կը կարդայ։ Ան լիովին գիտէ, թէ ի՛նչ են իւրաքանչիւր անհատի շարժառիթները, միտումները եւ ցանկութիւնները։ Եւ կարելի չէ իրմէ բան մը ծածուկ պահել (Եբ. 4։13)։ Ուստի, երբ Եհովան մէկու մը կը ներէ, կը ներէ քանի որ հարցին բոլոր իրողութիւնները գիտէ։ դ22.06 4 ¶8-9

Երեքշաբթի, սեպտեմբեր 10

Մարդս իր բոլոր ստացուածքը իր կեանքին տեղը կու տայ (Յոբ 2։4)։

Պէտք է ուշադրութեամբ քննենք Յոբին դէմ գործածուած մեթոտները, քանի որ Սատանան այսօր նոյնանման մեթոտներ կը գործածէ մեզի դէմ։ Սատանան ըսել կ’ուզէ, որ մենք իրապէս Եհովան չենք սիրեր եւ մեր կեանքը ազատելու համար պատրաստ ենք Զինք լքելու։ Ան նաեւ ըսել կ’ուզէ, թէ Աստուած մեզ չի սիրեր եւ պիտի չնկատէ զինք հաճեցնելու մեր ջանքերը։ Այս բաները գիտնալով, մենք՝ որ մեր յոյսը Եհովային վրայ դրած ենք, Սատանային մեթոտներէն չենք խաբուիր։ Փորձութիւնները պէտք է առիթ նկատենք՝ մենք մեզ ճանչնալու։ Յոբին փորձութիւնները իրեն օգնեցին, որ նկատէ կարգ մը տկարութիւններ եւ զանոնք սրբագրէ։ Օրինակ, ան գիտցաւ որ պէտք էր խոնարհութեան յատկութիւնը աւելի մշակէր (Յոբ 42։3)։ Մենք ալ փորձութեան տակ կրնանք մեր մասին շատ բան գիտնալ։ Մէյ մը որ մեր տկարութիւնները գիտնանք, կրնանք անոնց վրայ աշխատիլ։ դ22.06 23 ¶13-14

Չորեքշաբթի, սեպտեմբեր 11

Իմ վկաներս դուք էք, կ’ըսէ Տէրը, նաեւ իմ ընտրած ծառաս (Եսա. 43։10)։

Եհովան մեզ կը վստահեցնէ, որ մեզի պիտի օգնէ։ Օրինակ, «Իմ վկաներս դուք էք» խօսքը ըսելէն առաջ, ան ըսաւ. «Երբ ջուրերէն անցնիս, ես քեզի հետ պիտի ըլլամ, երբ գետերէն անցնիս, պիտի չընկղմիս, երբ կրակի մէջէն քալես, պիտի չայրիս, բոցը քեզ պիտի չբռնկեցնէ» (Եսա. 43։2)։ Ծառայութեան մէջ, ատեններ հեղեղի նմանող դժուարութիւններէ կ’անցնինք եւ՝ կրակի նմանող փորձութիւններէ։ Բայց Եհովայի օգնութեամբ կը շարունակենք քարոզել (Եսա. 41։13)։ Այսօր մարդոց մեծամասնութիւնը մեր պատգամը կը մերժէ։ Բայց ատիկա չի նշանակեր որ մենք ձախող ենք։ Մենք կը մխիթարուինք ու կը զօրանանք, գիտնալով որ Եհովան մեզի կը հաճի, երբ հաւատարմօրէն կը շարունակենք քարոզել։ Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Ամէն մէկը իր վարձքը պիտի առնէ իր աշխատութեան չափովը» (Ա. Կոր. 3։8. 4։1, 2)։ դ22.11 3-4 ¶5-6

Հինգշաբթի, սեպտեմբեր 12

Ձեր վարքը հեթանոսներուն մէջ բարի պահե[ցէք] (Ա. Պետ. 2։12)։

Ներկայիս, մենք աստուածաշնչական մարգարէութիւններու կատարումը կը տեսնենք։ «Ազգերուն բոլոր լեզուներէն» մարդիկ կը սորվին խօսիլ աստուածաշնչական ճշմարտութեան մաքուր լեզուն (Զաք. 8։23. Սոփ. 3։9)։ Աւելի քան 8,000,000 մարդիկ 240 երկիրներու մէջ, Եհովայի կազմակերպութեան մաս կը կազմեն, եւ ամէն տարի տասնեակ հազարաւորներ կը մկրտուին։ Սակայն, թիւերէն աւելի կարեւոր են այն հոգեւոր յատկութիւնները,– «նոր անձնաւորութիւնը» (ՆԱ),– որոնք այս նոր աշակերտները մշակած են (Կող. 3։8-10)։ Շատեր դադրած են անբարոյ, վայրագ, կողմնակալ եւ հայրենասէր ըլլալէ։ Կը տեսնենք Եսայի 2։4–ին մէջ գրուած մարգարէութեան կատարումը. անոնք ‘ա՛լ պատերազմ չեն սորվիր’։ Մինչ մեր նոր անձնաւորութեան վրայ ծանր կ’աշխատինք, մարդոց կ’օգնենք Աստուծոյ կազմակերպութեան մօտենալու, եւ այդպէս կը փաստենք, որ կը հետեւինք մեր տեսուչին՝ Քրիստոս Յիսուսին (Յովհ. 13։35)։ Այս բոլորը կ’ըլլայ, քանի որ Յիսուս մեզի պէտք եղած օգնութիւնը կու տայ։ դ22.07 9 ¶7-8

Ուրբաթ, սեպտեմբեր 13

Թո՛ղ իմ աղօթքս խունկի պէս սեպուի քու առջեւդ (Սաղ. 141։2)։

Երբ Եհովային կ’աղօթենք, լաւ կ’ըլլայ որ խոր յարգանքով իրեն մօտենանք։ Մտածէ այն հիանալի տեսիլքներուն մասին, որ Եսային, Եզեկիէլը, Դանիէլը եւ Յովհաննէսը տեսան։ Ատոնք բոլորն ալ Եհովան կը ներկայացնեն որպէս փառաւոր Թագաւոր մը։ Եսային տեսաւ Եհովան, որ «բարձր ու վերացած աթոռի վրայ նստեր էր» (Եսա. 6։1-3)։ Եզեկիէլ տեսաւ, թէ Եհովան նստած էր իր երկնային կառքին վրայ, որուն շուրջը «պայծառութիւն» կար՝ «ծիածանի երեւոյթ»ին պէս (Եզեկ. 1։26-28)։ Դանիէլ տեսաւ «Հինաւուրցը», որ ճերմակ զգեստ հագած էր եւ իր աթոռէն կրակի բոց կ’ելլէր (Դան. 7։9, 10)։ Իսկ Յովհաննէս տեսաւ Եհովան՝ նստած կառքի մը վրայ, որ շրջապատուած էր կանաչ գեղեցիկ ծիածանով (Յայտ. 4։2-4)։ Երբ Եհովայի աննման փառքին շուրջ կը խոկանք, մեզի համար յիշեցում կ’ըլլայ, թէ աղօթքով իրեն մօտենալը ի՜նչ մեծ առանձնաշնորհում մըն է, եւ թէ կարեւոր է որ իրեն աղօթենք խոր յարգանքով։ դ22.07 20 ¶3

Շաբաթ, սեպտեմբեր 14

[Զգոյշ եղէ՛ք] մարդոց խաբէութենէն (Եփ. 4։14)։

Պատանինե՛ր, Սատանան պիտի փորձէ արգելք ըլլալ, որ հոգեւորապէս աւելի յառաջդիմէք։ Կերպերէն մէկը, որ կրնայ գործածել, այն է որ ձեր մտքին մէջ կասկածներ արթնցնէ Աստուածաշունչին կարգ մը ուսուցումներուն նկատմամբ։ Օրինակ, ուշ կամ կանուխ ձեզի պիտի ըսուի բարեշրջութեան տեսութեան մասին, որ Աստուած կ’անպատուէ։ Թերեւս ձեր պզտիկ եղած ատենը այս նիւթին մասին շատ չէիք մտածեր կամ բնա՛ւ չէիք մտածեր։ Բայց հիմա թերեւս այս նիւթը ձեզի դպրոցին մէջ կը սորվեցնեն։ Բարեշրջութեան մասին ուսուցիչներու ըսածները թերեւս ձեզի տրամաբանական եւ համոզիչ թուին։ Սակայն, թերեւս անոնք բնա՛ւ նկատի չեն առած փաստեր, թէ Ստեղծիչ մը գոյութիւն ունի։ Յիշեցէ՛ք Առակաց 18։17–ի սկզբունքը. «Ո՛վ որ առաջինը ըլլայ իր դատը ներկայացնելու՝ իրաւունք ունեցող կը թուի. բայց երբ իր ոսոխը [«հակառակ կողմը», ՆԱ] գայ՝ զայն կը քննէ»։ Փոխանակ կուրօրէն հաւատալու այն գաղափարներուն, որոնք դպրոցին մէջ կը լսէք, ուշադրութեամբ նկատի առէք այն ճշմարտութիւնները, որոնք Աստուծոյ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին մէջ, եւ մեր հրատարակութիւններուն մէջ կրնաք գտնել։ դ22.08 2 ¶2. 4 ¶8

Կիրակի, սեպտեմբեր 15

Անոր մէջ գրուածները պահէ ու կատարէ. քանզի այն ատեն քու գործերդ յառաջ պիտի տանիս եւ այն ատեն յաջողութիւն պիտի գտնես (Յես. 1։8)։

Մենք կ’ուզենք Աստուծոյ Խօսքէն մեր կարդացածը հասկնալ, թէ ոչ պիտի չկարենանք անկէ լման կերպով օգտուիլ։ Օրինակ, նկատի առ այն խօսակցութիւնը, որ եղաւ Յիսուսին եւ «օրինական»ի մը՝ Օրէնքը լաւ գիտցող մարդու մը, միջեւ (Ղուկ. 10։25-29)։ Երբ որ մարդը Յիսուսին հարցուց, որ ի՛նչ պէտք է ընէ որպէսզի յաւիտենական կեանք ունենայ, Յիսուս Աստուծոյ Խօսքին ակնարկելով հարցուց. «Օրէնքին մէջ ի՞նչ գրուած է, ի՞նչպէս կը կարդաս»։ Մարդը կրցաւ ճիշդ պատասխանը տալ, Սուրբ Գրութիւններէն նշելով, որ պէտք է Աստուած սիրէ եւ իր ընկերը սիրէ (Ղեւ. 19։18. Բ. Օր. 6։5)։ Բայց այս հարցումը հարցուց. «Իմ ընկերս ո՞վ է»։ Այսպիսով ցոյց տուաւ որ չէր հասկցած իր կարդացածին իմաստը։ Անոր համար չէր գիտեր այդ համարները իր կեանքին մէջ ինչպէ՛ս գործադրել։ Սուրբ Գրութիւնները հասկնալու համար Եհովայի օգնութեան պէտք ունինք։ Կրնանք իրմէ խնդրել որ սուրբ հոգին տայ, որպէսզի կեդրոնանանք, եւ ետքը իրմէ օգնութիւն խնդրենք որ գործադրենք ինչ որ կարդացինք։ դ23.02 9 ¶4-5

Երկուշաբթի, սեպտեմբեր 16

Ճշմարտութեան մէջ քալե[ցէ՛ք] (Գ. Յովհ. 4)։

«Ինչպէ՞ս ճշմարտութեան եկար»։ Անկասկած, այս հարցումին շատ անգամ պատասխանած ես։ Անիկա առաջին հարցումներէն մէկն է, որ հաւատակիցները կը հարցնեն, երբ իրարու կը ծանօթանան։ Կը սիրենք լսել, թէ մեր եղբայրներն ու քոյրերը ինչպէ՛ս Եհովան ճանչցած են եւ սկսած են զինք սիրել, եւ հաճոյք կ’առնենք, երբ անոնց կը պատմենք թէ ճշմարտութիւնը ի՛նչ կը նշանակէ մեզի համար (Հռով. 1։11)։ Այսպիսի խօսակցութիւններ մեզի կը յիշեցնեն, թէ ճշմարտութիւնը ի՜նչ թանկարժէք է մեզի համար։ Եւ ա՛լ աւելի կը վճռենք շարունակել ճշմարտութեան մէջ քալել, այսինքն՝ շարունակել ապրիլ այնպիսի կերպով, որ վայելենք Եհովայի օրհնութիւնն ու հաճութիւնը։ Ճշմարտութիւնը կը սիրենք շատ մը պատճառներով։ Ամէնէն կարեւոր պատճառը այն է, որ կը սիրենք Եհովա Աստուած՝ ճշմարտութեան Աղբիւրը։ Իր Խօսքէն գիտցած ենք՝ ոչ միայն որ ան երկինքի ու երկրի ամենազօր Ստեղծիչն է, հապա նաեւ՝ որ ան մեր սիրալիր ու հոգատար երկնաւոր Հայրն է (Ա. Պետ. 5։7)։ դ22.08 14 ¶1, 3

Երեքշաբթի, սեպտեմբեր 17

Աղքատները յիշենք (Գաղ. 2։10)։

Պօղոս առաքեալ իր եղբայրներն ու քոյրերը քաջալերեց, որ սէր ցոյց տան «բարեգործութեան» միջոցաւ (Եբ. 10։24)։ Ան եղբայրներուն ու քոյրերուն օգնեց՝ ոչ միայն խօսքով, հապա գործով ալ։ Օրինակ, երբ Հրէաստանի մէջ հաւատակիցները սով կը դիմագրաւէին, Պօղոս անոնց օգնութիւն հասցուց (Գործք 11։27-30)։ Եւ թէեւ ան զբաղած էր քարոզելով ու սորվեցնելով, միշտ կերպեր կը փնտռէր օգնելու կարիքաւորներուն։ Այդպէս ընելով, ան իր հաւատակիցներուն վստահութիւնը զօրացուց, որ Եհովան իրենց հոգ պիտի տանէր։ Այսօր, երբ մեր ժամանակը, ուժը եւ հմտութիւնները կը տրամադրենք աղէտէ տուժածներուն օգնելու համար, մենք ալ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հաւատքը կը շինենք։ Նոյնը ըրած կ’ըլլանք, երբ կանոնաւորաբար նուիրատուութիւններ կ’ընենք համաշխարհային գործին համար։ Այս եւ ուրիշ կերպերով մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն կ’օգնենք, որ վստահ ըլլան, թէ Եհովան բնա՛ւ զիրենք երեսի վրայ պիտի չձգէ։ դ22.08 24 ¶14

Չորեքշաբթի, սեպտեմբեր 18

Մարգարէութիւն մը երբեք մարդոց կամքին պէս չտրուեցաւ, հապա Աստուծոյ սուրբ մարդիկը Սուրբ Հոգիէն շարժուած՝ խօսեցան (Բ. Պետ. 1։21)։

Աստուածաշունչին մէջ կան շատ մը մարգարէութիւններ, որոնք կատարուեցան։ Անոնցմէ ոմանք գրուեցան իրենց կատարուելէն հարիւրաւոր տարիներ առաջ։ Եւ աշխարհիկ պատմութիւնը ատիկա կը փաստէ։ Ասիկա մեզ չի զարմացներ, քանի որ գիտենք թէ մարգարէութիւններ տուողը Եհովան է։ Մտածէ հին Բաբելոն քաղաքի գրաւուելուն վերաբերեալ մարգարէութիւններուն մասին։ Ք.Ա. ութերորդ դարուն, Եսայի մարգարէն ներշնչուեցաւ գրելու, որ այն ատենուան հզօր Բաբելոն քաղաքը պիտի գրաւուէր։ Ան նոյնիսկ տուաւ այն անհատին անունը, որուն ձեռքով քաղաքը պիտի գրաւուէր։ Եւ ըսաւ, թէ քաղաքը ճիշդ ինչպէ՛ս պիտի գրաւուէր (Եսա. 44։27–45։2)։ Եսային նաեւ մարգարէացաւ, որ Բաբելոն ի վերջոյ պիտի կործանուէր եւ ամբողջովին ամայի դառնար (Եսա. 13։19, 20)։ Բաբելոն մարերուն եւ պարսիկներուն ձեռքը ինկաւ Ք.Ա. 539–ին, եւ հիմա անիկա աւերակներու դէզ է։ դ23.01 4 ¶10

Հինգշաբթի, սեպտեմբեր 19

Քաջալերեցէ՛ք իրար (Ա. Թես. 5։11, ՆԹ)։

Եհովան մեզ զատած է, որ զինք պաշտողներու համաշխարհային ընտանիքին մէկ մասը ըլլանք։ Պահ մը մտածէ, թէ ատիկա ի՜նչ մեծ առանձնաշնորհում մըն է եւ ի՜նչ օգուտներ կը բերէ (Մար. 10։29, 30)։ Աշխարհին չորս կողմը, ունինք եղբայրներ ու քոյրեր, որոնք մեզի պէս Եհովան կը սիրեն եւ իրենց լաւագոյնը կ’ընեն, որ իր չափանիշներուն համաձայն ապրին։ Եւ թէեւ լեզուով, մշակոյթով ու հագուելակերպով կրնանք իրարմէ տարբեր ըլլալ, բայց անոնց մօտիկ կը զգանք, նոյնիսկ երբ առաջին անգամ ըլլալով իրենց կը հանդիպինք։ Մենք մանաւանդ կը սիրենք այն պահերը, երբ միասնաբար մեր սիրալիր երկնաւոր Հայրը կը փառաբանենք ու կը պաշտենք, եւ մենք մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ միացած կ’ըլլանք (Սաղ. 133։1)։ Երբեմն, անոնք մեզի կ’օգնեն որ մեր բեռները կրենք (Հռով. 15։1. Գաղ. 6։2)։ Անոնք նաեւ մեզ կը քաջալերեն, որ Եհովայի ծառայութեան մէջ գործունեայ մնանք եւ շարունակենք հոգեւորապէս զօրանալ (Եբ. 10։23-25)։ Մտածէ թէ ի՛նչ պիտի զգայինք, եթէ չունենայինք այն պաշտպանութիւնը, որ ժողովքը կու տայ՝ մեզի օգնելու որ մեր թշնամիներուն՝ Բանսարկու Սատանային, եւ իր չար աշխարհին դէմ կենանք։ դ22.09 2-3 ¶3-4

Ուրբաթ, սեպտեմբեր 20

Իր շրթունքները զսպողը խելացի է (Առ. 10։19)։

Ինքնազսպում ունենալը կրնայ դժուար ըլլալ, երբ ընկերային ցանցերը կը գործածենք։ Եթէ ուշադիր չըլլանք, կրնանք գաղտնի տեղեկութիւններ յայտնել մեծ խումբի մը։ Եւ մէյ մը որ այդ տեղեկութիւնը ընկերային ցանցին մէջ դնենք, այլեւս մեր ձեռքը չէ, թէ անիկա ինչպէ՛ս պիտի գործածուի կամ որքա՛ն վնաս պիտի պատճառէ։ Ինքնազսպում ունենալը նաեւ կրնայ մեզի օգնել որ լուռ մնանք, երբ հակառակորդները փորձեն մեզ ծուղակը ձգել, որ յայտնենք տեղեկութիւններ, որոնք կրնան մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն վնաս հասցնել։ Ասիկա կրնայ պատահիլ, երբ ոստիկանութիւնը մեզ հարցաքննէ երկրի մը մէջ, ուր մեր գործը արգիլուած է կամ սահմանափակուած է։ Այս եւ ուրիշ պարագաներու մէջ, ամէն ջանք ընենք որ մեր ‘բերանը սանձով պահենք’, այսինքն՝ մեր բերանը բռնենք (Սաղ. 39։1)։ Եւ եթէ կ’ուզենք որ մեր ընտանիքը, բարեկամները, եղբայրներն ու քոյրերը կամ ուրիշ ոեւէ մէկը մեզի վստահին, պէ՛տք է ինքնազսպում ունենանք։ դ22.09 12 ¶16

Շաբաթ, սեպտեմբեր 21

Երանելի է այն մարդը,. . . [որուն] հաճութիւնը Աստուծոյ օրէնքին մէջ է, եւ ցորեկ ու գիշեր անոր օրէնքին վրայ կը մտածէ (Սաղ. 1։1, 2)։

Իրապէս ուրախ ըլլալու համար, պէտք է հոգեւորապէս կերակրուինք։ Եւ մենք ատոր պէտք ունինք։ Այդ պատճառով, Յիսուս ըսաւ. «Ոչ միայն հացով կ’ապրի մարդ, հապա այն ամէն խօսքով՝ որ Աստուծոյ բերնէն կ’ելլէ» (Մատ. 4։4)։ Անոր համար, թող որ նոյնիսկ մէկ օր չանցնի առանց Աստուծոյ Խօսքը կարդալու։ Սէրէ մղուած, Եհովան Աստուածաշունչին մէջ ցոյց տուած է, թէ ի՛նչ պէտք է ընենք, որպէսզի ուրախ կեանք մը ապրինք։ Ան մեզի ըսած է թէ ինչպէ՛ս կ’ուզէ որ մեր կեանքը ապրինք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք իրեն մօտենալ եւ մեր մեղքերուն համար ներում ստանալ, եւ թէ ի՛նչ հոյակապ խոստումներ կը սպասեն մեզի ապագային (Եր. 29։11)։ Այս ճշմարտութիւնները կը գտնենք Աստուածաշունչը սերտելով, եւ անոնք մեր սիրտը կ’ուրախացնեն։ Երբ կը զգաս, որ կեանքի հոգերը քեզ կ’ընկճեն, աւելի ժամանակ տուր Աստուածաշունչը կարդալու եւ անոր վրայ խոկալու։ դ22.10 7 ¶4-6

Կիրակի, սեպտեմբեր 22

Մտքով՝ չափահաս [եղէք] (Ա. Կոր. 14։20)։

Տեղին ըլլալով, Աստուածաշունչը մեզ կը քաջալերէ, որ անփորձ չմնանք։ Ճշմարիտ իմաստութիւն ձեռք կը ձգենք, երբ որ մեր կեանքին մէջ կը գործադրենք Աստուածաշունչի սկզբունքները։ Օրէ օր, փորձառաբար կը սորվինք թէ ինչպէ՛ս Աստուածաշունչի սկզբունքները մեզի կ’օգնեն, որ խնդիրներէ հեռու մնանք եւ իմաստուն որոշումներ առնենք։ Լաւ կ’ըլլայ, որ քննենք մեր յառաջդիմութիւնը։ Եթէ որոշ ժամանակէ ի վեր, Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրենք եւ ժողովներու ներկայ կ’ըլլանք, կրնանք մենք մեզի հարցնել թէ ինչո՛ւ տակաւին մեր անձը Եհովային չենք նուիրած եւ չենք մկրտուած։ Եթէ մկրտուած ենք, բարի լուրը քարոզելու եւ սորվեցնելու մէջ կը յառաջդիմե՞նք։ Մեր առած որոշումները ցոյց կու տա՞ն որ Աստուածաշունչի սկզբունքներով կ’առաջնորդուինք։ Ուրիշներու հետ մեր վարուած կերպէն քրիստոնէական յատկութիւններ կ’երեւի՞ն։ Եթէ կը զգանք, որ բարելաւուելու պէտք ունինք, ուշադրութիւն ընենք Եհովայի յիշեցումներուն, որոնք ‘տգէտը իմաստուն կ’ընեն’ (Սաղ. 19։7)։ դ22.10 20 ¶8

Երկուշաբթի, սեպտեմբեր 23

Ոգին ուր որ երթալու ըլլար, անոնք հոն, ոգիին գացած տեղը կ’երթային (Եզեկ. 1։20)։

Եզեկիէլ տեսաւ թէ Աստուծոյ հոգին որքա՜ն զօրաւոր է։ Տեսիլքի մը մէջ, ան տեսաւ թէ Եհովայի սուրբ հոգին ինչպէ՛ս զօրաւոր հոգեղէն արարածներու կ’օգնէր եւ երկնային կառքին հսկայ անիւները կը շարժէր (Եզեկ. 1։21)։ Ասիկա տեսնելով Եզեկիէլ ի՞նչ ըրաւ։ Ան եղածը գրեց. «Երբ տեսայ, երեսիս վրայ ինկայ»։ Այո, ան ապշած գետին ինկաւ (Եզեկ. 2։1)։ Ետքը, երբ որ ան այդ հիանալի տեսիլքին վրայ խոկար, հաւանաբար իր համոզումը կ’աւելնար, որ Աստուծոյ հոգիին օգնութեամբ պիտի կարենար իր ծառայութիւնը կատարել։ Եհովան Եզեկիէլին պատուէր տուաւ. «Որդի՛ մարդոյ, ոտքերուդ վրայ կայնէ՛, որ քեզի հետ խօսիմ»։ Այս պատուէրը, ինչպէս նաեւ Աստուծոյ հոգին, Եզեկիէլին պէտք եղած ուժը տուին որ ոտքի ելլէ (Եզեկ. 2։1, 2)։ Անկէ ետք, իր ծառայութեան ընթացքին, Աստուծոյ «ձեռքը»՝ սուրբ հոգին, զինք առաջնորդեց (Եզեկ. 3։22. 8։1. 33։22. 37։1. 40։1)։ դ22.11 4 ¶7-8

Երեքշաբթի, սեպտեմբեր 24

Քու ականջներդ ետեւէդ խօսք մը պիտի լսեն (Եսա. 30։21)։

Եսայի մարգարէն Եհովան կը նկարագրէ որպէս ուշադիր ուսուցիչ մը, որ իր աշակերտներուն ետեւէն քալելով, անոնց ճամբան ցոյց կու տայ եւ զիրենք կ’առաջնորդէ։ Մենք ալ այսօր Աստուծոյ ձայնը մեր ետեւէն կը լսենք։ Ինչպէ՞ս։ Աստուածաշունչը դարեր առաջ գրուեցաւ եւ երբ զայն կը կարդանք, կարծես թէ մեր ետեւէն Աստուծոյ ձայնը կը լսենք, որ հեռուէն կու գայ (Եսա. 51։4)։ Ինչպէ՞ս կրնանք լիովին օգտուիլ այն առաջնորդութենէն, որ Եհովան կու տայ։ Եսային երկու բան ըսաւ. նա՛խ՝ «ասիկա է ճամբան», ետքը՝ «ասկէ քալեցէք»։ Ուրեմն, չի բաւեր որ միայն «ճամբան» գիտնանք. պէտք է նաեւ ‘անկէ քալենք’։ Այսպէս, նա՛խ Եհովայի Խօսքէն՝ իր կազմակերպութեան օգնութեամբ, կը սորվինք թէ ան ի՛նչ կը պահանջէ մեզմէ։ Ետքը, կը սորվինք թէ ինչպէ՛ս կրնանք գործադրել մեր սորվածը։ Պէտք է այս երկու քայլերն ալ առնենք, որպէսզի կարենանք մեր ծառայութեան մէջ ուրախութեամբ տոկալ։ Միայն այն ատեն է որ վստահ պիտի ըլլանք, որ Եհովան մեզ պիտի օրհնէ։ դ22.11 11 ¶10-11

Չորեքշաբթի, սեպտեմբեր 25

Իմ զատուելէս ետքը ձեր մէջ յափշտակող գայլեր պիտի մտնեն (Գործք 20։29)։

Յիսուսի առաքեալներուն մեծամասնութիւնը մեռնելէն ետք, սուտ քրիստոնեաներ մտան քրիստոնէական ժողովքին մէջ (Մատ. 13։24-27, 37-39)։ Անոնք ‘ծուռ բաներ խօսեցան՝ աշակերտները իրենց ետեւէն քաշելու համար’ (Գործք 20։30)։ Այն «ծուռ բաներ»էն մէկը, որ սուտ քրիստոնեաները սկսան սորվեցնել, այն էր որ Յիսուս ոչ թէ իր մարմինը ‘մէկ անգամ պատարագ մատուցանեց՝ շատերուն մեղքերը վերցնելու համար’, ինչպէս Աստուածաշունչը կ’ըսէ, հապա թէ իր զոհը պէտք է կրկին ու կրկին անգամ մատուցուի (Եբ. 9։27, 28)։ Այսօր շատ մը անկեղծ մարդիկ այդ սուտ վարդապետութեան կը հաւատան։ Անոնք եկեղեցիներուն մէջ կանոնաւորաբար կը հաւաքուին,– ատեններ ամէն օր,– մասնակցելու արարողութեան մը, որ կը կոչեն «Պատարագ»։ Ուրիշ կրօնական կազմակերպութիւններ այդքան յաճախ Յիսուսին մահը չեն յիշատակեր եւ անոնց անդամներուն մեծամասնութեան համար յստակ չէ թէ Յիսուսի զոհը ի՛նչ ըրած է։ դ23.01 21 ¶5

Հինգշաբթի, սեպտեմբեր 26

Մի՛ մոռնաք բարեգործութիւն ընել եւ օգնել ուրիշներուն (Եբ. 13։16, ՆԹ)։

Հազարամեայ իշխանութեան ընթացքին, Յիսուս մեռելներուն յարութիւն պիտի տայ եւ Եհովային հնազանդող մարդոց պիտի օգնէ, որ կատարեալ դառնան։ Այն մարդիկը, որոնք Եհովան պիտի դատէ որպէս արդար, «պիտի ժառանգեն երկիրը ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին» (Սաղ. 37։10, 11, 29)։ Որքա՜ն ուրախալի է գիտնալ, որ ‘վերջին թշնամին՝ մահը, պիտի խափանուի’ (Ա. Կոր. 15։26)։ Յաւիտեան ապրելու մեր յոյսը հաստատօրէն հիմնուած է Աստուծոյ Խօսքին վրայ։ Այդ յոյսը կրնայ մեզի օգնել, որ Եհովային հաւատարիմ մնանք այս դժուար օրերուն ընթացքին։ Բայց որպէսզի Եհովան մեզի հաճի, իրեն եւ Յիսուսին հաւատարիմ մնալու մեր գլխաւոր պատճառը պէտք է ըլլայ ոչ թէ ողջ մնալու փափաքը, հապա՝ անոնց հանդէպ մեր խոր սէրը (Բ. Կոր. 5։14, 15)։ Այդ սէրը մեզ կը մղէ, որ զիրենք ընդօրինակենք եւ մեր յոյսը ուրիշներուն հետ բաժնենք (Հռով. 10։13-15)։ Մինչ կը սորվինք ըլլալ ոչ–անձնասէր եւ առատաձեռն, կը դառնանք այնպիսի անհատներ, որոնք Եհովան կ’ուզէ որպէս բարեկամներ ունենալ յաւիտեան։ դ22.12 6-7 ¶15-16

Ուրբաթ, սեպտեմբեր 27

Ամէն անոնք որ կ’ուզեն աստուածպաշտութեամբ ապրիլ Քրիստոս Յիսուսով՝ հալածանք պիտի կրեն (Բ. Տիմ. 3։12)։

Հալածանքը կրնայ մեզմէ խլել շատ մը բաներ, որոնք ընդհանրապէս մեզի կ’օգնեն, որ խաղաղ զգանք։ Կրնանք մտահոգ զգալ, վախնալով թէ ասկէ ետք ի՛նչ պիտի ըլլայ։ Բնական է որ այսպէս զգանք։ Բայց պէտք է զգոյշ ըլլանք։ Յիսուս ցոյց տուաւ, որ հալածանքը կրնար պատճառ ըլլալ, որ իր հետեւորդները գայթակղէին (Յովհ. 16։1, 2)։ Ճիշդ է որ Յիսուս ըսաւ թէ պէտք է ակնկալենք որ հալածանք ըլլայ, բայց նաեւ մեզ վստահեցուց որ կրնա՛նք հաւատարիմ մնալ (Յովհ. 15։20. 16։33)։ Երբ մեր գործը արգիլուած կամ սահմանափակուած է, թերեւս մեզի ուղղութիւններ տրուին մասնաճիւղին եւ երէցներուն կողմէ։ Ատոնց նպատակն է մեզ պաշտպանել, վստահ ըլլալ որ շարունակ հոգեւոր սնունդ կը ստանանք, եւ մեզի օգնել որ շարունակենք կարելի եղածին չափ քարոզել։ Ամէն ջանք ըրէ, որ տրուած ուղղութեան հնազանդիս (Յակ. 3։17)։ Ասկէ զատ, մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն մասին տեղեկութիւններ բնաւ մի՛ ըսեր անոնց, որոնք իրաւունք չունին գիտնալու (Ժող. 3։7)։ դ22.12 20-21 ¶14-16

Շաբաթ, սեպտեմբեր 28

Ձեզմէ իւրաքանչիւրը նոյն ջանքը [«ժրաջանութիւնը», ՆԱ] ցուցնէ (Եբ. 6։11)։

Ներկայիս, Յիսուս կը շարունակէ իր աշակերտները առաջնորդել, մինչ անոնք ամբողջ աշխարհի մէջ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին կը քարոզեն։ Յիսուս իր բաժինը ըրած է։ Եհովայի կազմակերպութեան միջոցաւ, ան մեզ կը մարզէ որ քարոզենք եւ մեզի կու տայ գործիքներ, որոնց պէտք ունինք բարի լուրը քարոզելու համար (Մատ. 28։18-20)։ Իսկ մենք մեր բաժինը կ’ընենք՝ քարոզչութեան եւ աշակերտելու գործին մէջ ժրաջան ըլլալով, ինչպէս նաեւ արթուն մնալով՝ մինչ կը սպասենք որ Եհովան այս աշխարհին վերջը բերէ։ Եբրայեցիս 6։11, 12–ի խրատը գործադրելով մեր յոյսը հաստատ պիտի բռնենք «մինչեւ վերջ»։ Եհովան որոշած է այն օրն ու ժամը՝ երբ Սատանայի աշխարհին վերջ պիտի դնէ։ Երբ այդ օրը գայ, Եհովան անպայման պիտի կատարէ իր Խօսքին մէջ յիշուած մարգարէութիւնները։ Մինչ այդ, ատեններ թերեւս այնպէս մը երեւնայ, որ այս աշխարհին վերջը գալու կ’ուշանայ, բայց եւ այնպէս Եհովային օրը «պիտի չուշանայ» (Ամբ. 2։3, ԱԾ)։ Ուրեմն, վճռենք ‘Տէրոջը սպասել’ եւ ‘մեր փրկութեան Աստուծոյն յուսալ’ (Միք. 7։7)։ դ23.02 19 ¶15-16

Կիրակի, սեպտեմբեր 29

Չկա՛յ մէկը քեզի նման (Սաղ. 40։5, ՆԹ)։

Լեռը մագլցողին նպատակն է հասնիլ լերան գագաթը։ Բայց ճամբուն վրայ շատ մը առիթներ ունի կենալու եւ տեսարանը վայելելու։ Նոյն կերպով ժամանակ տուր որ կանոնաւորաբար կենաս ու մտածես, թէ Եհովան ինչպէ՛ս քեզի յաջողութիւն կու տայ, նոյնիսկ երբ դժուարութիւններէ կ’անցնիս։ Ամէն մէկ օրուան վերջաւորութեան դուն քեզի հարցուր. ‘Ի՞նչ կերպով Եհովային օրհնութիւնը տեսայ այսօր։ Թէեւ փորձութիւնս դեռ չվերջացաւ, Եհովան ինչպէ՞ս ինծի կ’օգնէ որ տոկամ’։ Տե՛ս գոնէ մէկ օրհնութիւն մը, որ Եհովան քեզի տուած է քեզի յաջողութիւն տալու համար։ Թերեւս կ’աղօթես որ փորձութիւնդ վերջանայ (Փլպ. 4։6)։ Բայց պէտք է նաեւ հիմա՛ մեր վայելած օրհնութիւններէն տեղեակ ըլլանք։ Ի վերջոյ, Եհովան կը խոստանայ որ մեզ պիտի զօրացնէ եւ պիտի օգնէ որ տոկանք։ Ուրեմն, բնա՛ւ թեթեւի մի՛ առներ այն իրողութիւնը, որ Եհովան քեզի թիկունք կը կանգնի։ Այսպէս, պիտի տեսնես թէ Եհովան քեզի պիտի օգնէ որ յաջողիս, նոյնիսկ դժուար ժամանակներուն (Ծն. 41։51, 52)։ դ23.01 19 ¶17-18

Երկուշաբթի, սեպտեմբեր 30

Արտորա [«մտքիդ մէջ վառ պահէ», ՆԱ] Աստուծոյ օրուանը գալուն (Բ. Պետ. 3։12)։

Դուն քեզի հարցուր. ‘Ապրելակերպս ցոյց կու տա՞յ որ կը հասկնամ թէ վերջը մօտ է։ Ուսումի եւ գործի վերաբերեալ որոշումներս ցոյց կու տա՞ն որ Եհովային ծառայելը կեանքիս մէջ ամէնէն կարեւոր բանն է։ Կը հաւատա՞մ թէ Եհովան իմ եւ ընտանիքիս պէտքերը պիտի հոգայ’։ Մտածէ թէ Եհովան որքա՜ն կ’ուրախանայ, երբ կը տեսնէ որ կը ջանանք ամէն բանի մէջ իր կամքը ընել (Մատ. 6։25-27, 33. Փլպ. 4։12, 13)։ Պէտք է միշտ մեր մտածելակերպը քննենք եւ ատոր հիման վրայ պէտք եղած որեւէ փոփոխութիւն ընենք։ Պօղոս կորնթացիներուն ըսաւ. «Փորձեցէք ձեր անձերը թէ հաւատքին մէ՞ջն էք. քննեցէք ձեր անձերը» (Բ. Կոր. 13։5)։ Անոր համար պէտք է շարունակ մեր միտքը նորոգենք՝ Աստուծոյ Խօսքը կարդալով, սորվելով իրեն պէս մտածել, եւ ընելով պէտք եղածը, որպէսզի Եհովան հաճեցնենք (Ա. Կոր. 2։14-16)։ դ23.01 9 ¶5-6

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել