Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • աք24 էջ 78-88
  • Օգոստոս

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Օգոստոս
  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2024
  • Ենթավերնագիրներ
  • Հինգշաբթի, օգոստոս 1
  • Ուրբաթ, օգոստոս 2
  • Շաբաթ, օգոստոս 3
  • Կիրակի, օգոստոս 4
  • Երկուշաբթի, օգոստոս 5
  • Երեքշաբթի, օգոստոս 6
  • Չորեքշաբթի, օգոստոս 7
  • Հինգշաբթի, օգոստոս 8
  • Ուրբաթ, օգոստոս 9
  • Շաբաթ, օգոստոս 10
  • Կիրակի, օգոստոս 11
  • Երկուշաբթի, օգոստոս 12
  • Երեքշաբթի, օգոստոս 13
  • Չորեքշաբթի, օգոստոս 14
  • Հինգշաբթի, օգոստոս 15
  • Ուրբաթ, օգոստոս 16
  • Շաբաթ, օգոստոս 17
  • Կիրակի, օգոստոս 18
  • Երկուշաբթի, օգոստոս 19
  • Երեքշաբթի, օգոստոս 20
  • Չորեքշաբթի, օգոստոս 21
  • Հինգշաբթի, օգոստոս 22
  • Ուրբաթ, օգոստոս 23
  • Շաբաթ, օգոստոս 24
  • Կիրակի, օգոստոս 25
  • Երկուշաբթի, օգոստոս 26
  • Երեքշաբթի, օգոստոս 27
  • Չորեքշաբթի, օգոստոս 28
  • Հինգշաբթի, օգոստոս 29
  • Ուրբաթ, օգոստոս 30
  • Շաբաթ, օգոստոս 31
Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2024
աք24 էջ 78-88

Օգոստոս

Հինգշաբթի, օգոստոս 1

Իր առջեւ յիշատակի գիրք գրուեցաւ Տէրոջմէ վախցողներուն համար ու անոր անուան վրայ մտածողներուն համար (Մաղ. 3։16)։

Քու կարծիքովդ, պատճառներէն մէկը ի՞նչ է, որուն համար Եհովան «յիշատակի գիրք»ին մէջ կը գրէ անոնց անունները, որոնց խօսակցութիւնը ցոյց կու տայ, որ իրմէ կը վախնան եւ իր անուան վրայ կը մտածեն։ Մեր խօսակցութիւնը մեր սրտին մէջինը կը յայտնէ։ Յիսուս ըսաւ. «Բերանը սրտին աւելցուքէն կը խօսի» (Մատ. 12։34)։ Եհովան կ’ուզէ, որ բոլոր զինք սիրողները կեանքը վայելեն յաւիտեան՝ նոր աշխարհին մէջ։ Մեր խօսելակերպը կրնայ որոշել, թէ Եհովան մեր պաշտամունքը պիտի ընդունի՛ կամ ոչ (Յակ. 1։26)։ Աստուած չսիրողներէն ոմանք բարկութեամբ, կոշտութեամբ եւ հպարտութեամբ կը խօսին (Բ. Տիմ. 3։1-5)։ Մենք չենք ուզեր անոնց պէս ըլլալ, հապա կ’ուզենք մեր խօսելակերպով Եհովան հաճեցնել։ Բայց ան մեզի պիտի հաճի՞, եթէ ժողովներուն մէջ կամ ծառայութեան ընթացքին ազնուօրէն խօսինք, իսկ ընտանիքի անդամներուն հետ կոշտօրէն ու վիրաւորական կերպով խօսինք, երբ ուրիշներ մեզ չեն տեսներ ու մեզ չեն լսեր (Ա. Պետ. 3։7)։ դ22.04 5 ¶4-5

Ուրբաթ, օգոստոս 2

Անոնք պիտի ատեն պոռնիկը ու զանիկա պիտի ամայացնեն ու մերկացնեն եւ անոր մարմինը պիտի ուտեն ու զանիկա կրակով պիտի այրեն (Յայտ. 17։16)։

Աստուած տասը եղջիւրներուն եւ գազանին սրտին մէջ կը դնէ, որ Մեծ Բաբելոնը կործանեն։ Այո, Եհովան կառավարութիւնները պիտի մղէ, որ գործածեն կարմիր գազանը, այսինքն՝ Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը, որպէսզի յարձակին բոլոր սուտ կրօնքներուն վրայ եւ զանոնք լման կերպով կործանեն (Յայտ. 18։21-24)։ Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ մեզի համար։ Մենք պէտք է պահենք այն պաշտամունքը, որ ‘Աստուծոյ քով մաքուր ու անարատ’ է (Յակ. 1։27)։ Բնա՛ւ չենք ուզեր ազդուիլ Մեծ Բաբելոնի սուտ ուսուցումներէն, հեթանոսական տօներէն, ցած բարոյականութենէն եւ ոգեհարցական սովորութիւններէն։ Եւ պիտի չդադրինք մարդոց ըսելէ, որ ‘ելլեն ատոր մէջէն’, որպէսզի անոր մեղքերուն մասնակից չըլլան (Յայտ. 18։4)։ դ22.05 11 ¶17. 14 ¶18

Շաբաթ, օգոստոս 3

Տէրոջը ողորմութիւնները. . . պիտի յիշեմ (Եսա. 63։7)։

Ծնողնե՛ր, առիթներ ստեղծեցէք, որ ձեր զաւակներուն սորվեցնէք Եհովայի մասին եւ այն բոլոր լաւ բաներուն մասին, որոնք ձեզի համար ըրած է (Բ. Օր. 6։6, 7)։ Ասիկա կարեւոր է, մանաւանդ եթէ կրօնապէս բաժնուած ընտանիք ունենալով, տունը չէք կրնար կանոնաւորաբար ձեր զաւակներուն հետ սերտել։ Քրիսթին անունով քոյր մը կ’ըսէ. «Տունը այնքա՛ն քիչ առիթ ունէի հոգեւոր նիւթերու մասին խօսելու, որ որեւէ յարմար պահ կ’օգտագործէի»։ Ասկէ զատ, Եհովայի կազմակերպութեան եւ եղբայրներուն ու քոյրերուն մասին դրական կերպով արտայայտուեցէք։ Երէցները մի՛ քննադատէք։ Եթէ անոնց մասին լաւ բաներ ըսէք, ձեր զաւակներուն համար դիւրին պիտի ըլլայ անոնց մօտենալ, երբ օգնութեան պէտք ունենան։ Տան խաղաղութիւնը պահեցէք։ Ձեր կողակիցին եւ զաւակներուն հանդէպ ձեր սէրը միշտ արտայայտեցէք։ Ձեր կողակիցին մասին ազնուութեամբ եւ յարգալից կերպով խօսեցէք, եւ ձեր զաւակներուն սորվեցուցէք որ նոյնը ընեն։ Այսպէս կը ստեղծէք խաղաղ մթնոլորտ մը, որ կ’օգնէ Եհովային մասին սորվելու (Յակ. 3։18)։ դ22.04 18 ¶10-11

Կիրակի, օգոստոս 4

Գիտեմ քու գործերդ (Յայտ. 3։1)։

Եփեսոսի ժողովքին ուղղած իր պատգամով, Յիսուս նշեց որ անոնք կը համբերէին եւ կը շարունակէին Եհովային ծառայել, հակառակ շատ մը դժուարութիւններու։ Սակայն, անոնք Եհովայի հանդէպ իրենց առաջուան սէրը կորսնցուցած էին։ Անոնք պէտք էր իրենց սէրը ետ բորբոքէին, թէ ոչ՝ իրենց պաշտամունքը ընդունելի պիտի չըլլար։ Այսօր մենք ալ համբերելէն ու տոկալէն աւելին պէտք է ընենք։ Պէտք է համբերենք ճիշդ պատճառներով։ Եհովան կը նայի ոչ միայն թէ ի՛նչ կ’ընենք, հապա նաեւ թէ ինչո՛ւ կ’ընենք։ Իրեն համար մեր մղումները կարեւոր են, քանի որ կ’ուզէ որ զինք պաշտենք խոր սէրէ եւ գնահատանքէ մղուած (Առ. 16։2. Մար. 12։29, 30)։ Պէտք է շարունակենք արթուն մնալ։ Սարդիկէի ժողովքին անդամները տարբեր խնդիր մը ունէին։ Անցեալին, անոնք հոգեւորապէս գործունեայ էին, բայց այժմ սկսած էին Աստուծոյ ծառայութեան մէջ ծուլանալ։ Յիսուս իրենց ըսաւ, որ ‘արթուն կենան’ (Յայտ. 3։1-3)։ Անշուշտ, Եհովան մեր գործը պիտի չմոռնայ (Եբ. 6։10)։ դ22.05 3 ¶6-7

Երկուշաբթի, օգոստոս 5

Ամէն աշխատանքի մէջ օգուտ մը կայ (Առ. 14։23)։

Սողոմոն ըսաւ որ ծանր աշխատանքը կրնայ մէկը շատ ուրախացնել, ինչ որ «Աստուծոյ պարգեւն է» (Ժող. 5։18, 19)։ Ան այս մէկը փորձառաբար գիտէր, քանի որ ծանր աշխատող էր։ Տուներ շինեց, այգիներ տնկեց եւ պարտէզներ ու աւազաններ ըրաւ։ Քաղաքներ ալ շինեց (Գ. Թագ. 9։19. Ժող. 2։4-6)։ Անկասկած, ծանր աշխատանքը իրեն որոշ չափով գոհունակութիւն տուաւ։ Բայց գիտէր, որ իրապէս ուրախ ըլլալու համար, պէտք էր աւելին ընէր։ Ուստի, Եհովային համար ալ շատ բաներ ըրաւ։ Օրինակ, Եհովայի պաշտամունքին համար գեղեցիկ տաճար մը շինել տուաւ, որ եօթը տարուան մէջ ամբողջացաւ (Գ. Թագ. 6։38. 9։1)։ Այդ բոլոր բաները ընելէն ետք, Սողոմոն անդրադարձաւ որ անհատի մը համար ամենակարեւոր բանն է՝ Եհովային ծառայել։ Ան գրեց. «Այս բոլոր խօսքին վախճանը լսենք։ Աստուծմէ վախցի՛ր ու անոր պատուիրանքները պահէ՛» (Ժող. 12։13)։ դ22.05 22 ¶8

Երեքշաբթի, օգոստոս 6

Աստուած Քրիստոսով ներեց ձեզի (Եփ. 4։32)։

Աստուածաշունչը կը յիշէ բազմաթիւ անհատներ, որոնց Եհովան շատ ներեց։ Ո՞վ միտքդ կու գայ։ Թերեւս Մանասէ թագաւորը։ Ան ահռելի կերպերով Եհովային դէմ մեղանչեց։ Ան սուտ պաշտամունքը քաջալերեց եւ իր զաւակները զոհ մատուցանեց կուռքերու։ Ան նոյնիսկ Եհովայի սուրբ տաճարին մէջ կուռք մը կանգնեցուց։ Անոր մասին Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Տէրոջը առջեւ շատ չարութիւն ըրաւ ու զանիկա բարկացուց» (Բ. Մն. 33։2-7)։ Բայց եւ այնպէս, երբ Մանասէն սրտանց զղջաց, Եհովան իրեն առատապէս ներեց (Բ. Մն. 33։12, 13)։ Թերեւս նաեւ միտքդ կու գայ Դաւիթ թագաւորը, որ Եհովային դէմ լուրջ մեղքեր գործեց, մէջը ըլլալով շնութիւն եւ մարդասպանութիւն։ Բայց երբ Դաւիթ անկեղծօրէն զղջաց եւ ընդունեց իր սխալները, Եհովան իրեն ալ ներեց (Բ. Թագ. 12։9, 10, 13, 14)։ Այո, կրնանք վստահ ըլլալ, որ Եհովան շատ կ’ուզէ ներել։ դ22.06 3 ¶7

Չորեքշաբթի, օգոստոս 7

Դո՛ւք ալ համբերութիւն ունեցէ՛ք, սրտերնիդ հաստա՛տ բռնեցէք (Յակ. 5։8)։

Մեր յոյսը զօրաւոր պահելը միշտ դիւրին չ’ըլլար։ Մինչ Աստուծոյ կը սպասենք, թերեւս անհամբեր դառնանք։ Սակայն, քանի՛ որ Եհովան յաւիտենական է, ան ժամանակը մեզի պէս չի նկատեր (Բ. Պետ. 3։8, 9)։ Ան իր նպատակը լաւագոյն կերպով պիտի իրականացնէ, բայց թերեւս մեր սպասածէն տարբեր ժամանակ մը։ Մինչ համբերութեամբ կը սպասենք որ Աստուած իր խոստումները իրականացնէ, ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ որ մեր յոյսը զօրաւոր պահենք (Յակ. 5։7)։ Մօտիկ մնա՛ Եհովային՝ մեր յոյսը իրականացնողին։ Իրականութեան մէջ, Աստուածաշունչը մեր յոյսը կը կապէ հաւատքին հետ, թէ Եհովան գոյութիւն ունի եւ թէ ան «վարձահատոյց կ’ըլլայ անոնց, որ զինք կը փնտռեն» (Եբ. 11։1, 6)։ Եհովան ո՛րքան աւելի իրական ըլլայ մեզի համար, ա՛յնքան աւելի վստահ պիտի ըլլանք, որ ան իր խոստումներուն տէրը պիտի ըլլայ։ Մեր հաւատքը զօրաւոր պահելու համար, պէտք է Եհովային աղօթենք եւ իր Խօսքը կարդանք։ Թէեւ Եհովան չենք տեսներ, կրնանք իրեն մօտենալ։ Կրնանք իրեն խօսիլ աղօթքի միջոցաւ, վստահ ըլլալով որ մեզի մտիկ պիտի ընէ (Եր. 29։11, 12)։ դ22.10 26-27 ¶11-13

Հինգշաբթի, օգոստոս 8

Յոբ իր բերանը բացաւ ու իր [«ծննդեան», ՆԱ] օրը անիծեց (Յոբ 3։1)։

Երեւակայէ այս տեսարանը։ Յոբ մոխիրի մէջ նստած, շարունակ ցաւի մէջ է (Յոբ 2։8)։ Իր բարեկամները անդադար իրեն կ’ըսեն, որ լաւ անձ մը չէ եւ ամէն ինչ որ ըրած է արժէք մը չունի։ Իր փորձութիւնները ծանր բեռ մըն են, իսկ զաւակներուն կորուստը իր սիրտը կտոր–կտոր կ’ընէ։ Սկիզբը, Յոբ լուռ է (Յոբ 2։13)։ Եթէ իր ընկերակիցներուն միտքէն կ’անցնի, որ Եհովային կռնակ պիտի դարձնէ, անոնք շատ սխալ են։ Տեղ մը կու գայ, որ Յոբ,– հաւանաբար գլուխը վերցնելով եւ ուղղակի այս կեղծ բարեկամներուն նայելով,– կ’ըսէ. «Մինչեւ մեռնիլս իմ ուղղութիւնս ձեռքէ պիտի չձգեմ» (Յոբ 27։5)։ Ի՞նչը Յոբին օգնեց, որ այսքան քաջ ու զօրաւոր ըլլայ՝ հակառակ իր ամբողջ տառապանքին։ Նոյնիսկ երբ իր հոգեկանը գետինն էր, ան բնա՛ւ իր յոյսը չկտրեց, որ զինք սիրող Աստուածը ի վերջոյ զինք պիտի հանգստացնէր։ Ան գիտէր, որ նոյնիսկ եթէ մեռնէր, Եհովան իրեն յարութիւն պիտի տար (Յոբ 14։13-15)։ դ22.06 22 ¶9

Ուրբաթ, օգոստոս 9

Այսպէս աղօթք ըրէք դուք. «Ով Հայր մեր որ երկինքն ես, քու անունդ սուրբ ըլլայ. Քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ» (Մատ. 6։9, 10):

Մեզի տրուած է հոյակապ առանձնաշնորհում մը. աղօթքով մօտենալ երկինքը եւ երկիրը Ստեղծողին։ Պահ մը մտածէ. կրնանք մեր սիրտը Եհովային առջեւ պարպել որեւէ ժամու եւ որեւէ լեզուով։ Կրնանք աղօթել՝ ըլլանք հիւանդանոցը կամ բանտը, վստահ ըլլալով որ մեր հոգատար Հայրը մեզի պիտի լսէ։ Աղօթքի առանձնաշնորհումը բնա՛ւ թեթեւի չենք առներ։ Դաւիթ թագաւոր աղօթելու առանձնաշնորհումը շա՜տ գնահատեց։ Ան Եհովային երգեց. «Թո՛ղ իմ աղօթքս խունկի պէս սեպուի քու առջեւդ» (Սաղ. 141։1, 2)։ Դաւիթի ժամանակ, այն սուրբ խունկը, որ քահանաները ճշմարիտ պաշտամունքին համար կը գործածէին, մեծ խնամքով կը պատրաստուէր (Ել. 30։34, 35)։ Խունկը յիշելով, Դաւիթ ցոյց տուաւ որ կ’ուզէր լաւ մտածել, թէ ի՛նչ պիտի ըսէր իր երկնաւոր Հօր։ Մենք ալ անկեղծօրէն կը փափաքինք այդպէս ընել։ Կ’ուզենք որ մեր աղօթքները Եհովան հաճեցնեն։ դ22.07 20 ¶1-2. 21 ¶4

Շաբաթ, օգոստոս 10

«Վրէժխնդրութիւնը ի՛մս է, ե՛ս պիտի հատուցանեմ», կ’ըսէ Տէրը (Հռով. 12։19)։

Վրէժխնդրութիւնը Եհովային կը պատկանի։ Եհովան մեզի իրաւունք չէ տուած, որ մեզի դէմ մեղք գործողէն վրէժ առնենք (Հռով. 12։20, 21)։ Որովհետեւ մեր տեսակէտը սահմանափակ ու անկատար է, բնականաբար չենք կրնար Աստուծոյ պէս հարցերը ճիշդ կերպով դատել (Եբ. 4։13)։ Եւ երբեմն թոյլ կու տանք, որ մեր զգացումները ազդեն մեր դատողութեան։ Եհովան Յակոբոսը ներշնչեց, որ գրէ. «Մարդուն բարկութիւնը Աստուծոյ արդարութիւնը չի կատարեր» (Յակ. 1։20)։ Կրնանք վստահ ըլլալ, որ Եհովան ճիշդ բանը պիտի ընէ եւ պիտի ձգէ, որ ի վերջոյ կատարեալ արդարութիւն ըլլայ։ Ներելը ցոյց կու տայ, որ Եհովայի արդարութեան կը վստահինք։ Երբ հարցերը Եհովայի ձեռքերուն մէջ կը դնենք, ցոյց կու տանք թէ վստահ ենք, որ մեղքի պատճառած բոլոր վնասները պիտի վերցնէ։ Իր խոստացած նոր աշխարհին մէջ, զգացական վէրքերը բնաւ «պիտի չյիշուին ու մարդուս միտքը պիտի չգան» (Եսա. 65։17)։ դ22.06 10 ¶11-12

Կիրակի, օգոստոս 11

Իմ անուանս համար բոլոր ազգերուն ատելի պիտի ըլլաք (Մատ. 24։9)։

Այն իրողութիւնը, որ մեզ այսչա՛փ կ’ատեն, ինքնին փաստ մըն է, որ Եհովայի հաճութիւնը ունինք (Մատ. 5։11, 12)։ Այս հակառակութեան ետին Սատանան կայ։ Բայց Յիսուս իրմէ շա՜տ աւելի զօրաւոր է։ Յիսուսի օգնութեամբ, բարի լուրը կը հասնի բոլոր ազգերէն մարդոց։ Ուրիշ դժուարութիւն մը, որ ունինք որպէս Թագաւորութեան քարոզիչներ, այն է որ մարդիկ տարբեր–տարբեր լեզուներով կը խօսին։ Յիսուս Յովհաննէս առաքեալին տուած յայտնութեան մէջ ըսաւ, որ մեր օրերուն այս դժուարութիւնը պիտի չազդէր բարի լուրի տարածման (Յայտ. 14։6, 7)։ Ինչպէ՞ս։ Մենք կարելի եղածին չափ շատ մարդոց առիթ կու տանք, որ Թագաւորութեան պատգամը ընդունին։ Այսօր, աշխարհին չորս կողմը գտնուող մարդիկ կրնան jw.org կայքին վրայ կարդալ սուրբգրային նիւթեր՝ աւելի քան 1000 լեզուներով։ Կառավարիչ մարմինը արտօնութիւն տուաւ, որ Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն գիրքը,– աշակերտելու համար գործածուող մեր հիմնական գործիքը,– թարգմանուի աւելի քան 700 լեզուներու։ դ22.07 9 ¶6-7

Երկուշաբթի, օգոստոս 12

Խորհրդականներու բազմութեամբ փրկութիւն [«յաջողոթիւն», ՆԱ] կ’ըլլայ (Առ. 11։14)։

Յիսուս մարդոց հետ կը զգար։ Մատթէոս առաքեալ կ’ըսէ. «Ժողովուրդները տեսնելով, անոնց վրայ խղճաց, վասն զի յոգնած ու ցիրուցան եղած էին հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս» (Մատ. 9։36)։ Իսկ Եհովան ի՞նչ կը զգայ։ Յիսուս ըսաւ. «Ձեր երկնաւոր Հայրը չի հաճիր որ այս պզտիկներէն մէկը կորսուի» (Մատ. 18։14)։ Ասիկա մեզ շա՜տ կը թարմացնէ։ Երբ Յիսուսը աւելի լաւ կը ճանչնանք, Եհովային հանդէպ մեր սէրը կ’աճի։ Նաեւ կրնաս սորվիլ, թէ ինչպէ՛ս սէրդ աւելցնես եւ հասուն քրիստոնեայ դառնաս, ժամանակ անցընելով ժողովքիդ հասուն եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ եւ զանոնք ճանչնալով։ Ուշադրութիւն ըրէ, թէ ի՜նչ ուրախ են։ Անոնք չեն զղջացած իրենց որոշումին համար, որ Եհովային ծառայեն։ Իրենցմէ խնդրէ, որ քեզի պատմեն, թէ Եհովայի ծառայութեան մէջ ի՛նչ փորձառութիւններ ունեցած են։ Իսկ երբ կարեւոր որոշում մը պիտի առնես, իրենցմէ խրատ խնդրէ։ Յիշէ որ «խորհրդականներու բազմութեամբ փրկութիւն [«յաջողութիւն», ՆԱ] կ’ըլլայ»։ դ22.08 3 ¶6-7

Երեքշաբթի, օգոստոս 13

Տէրոջը աչքերը արդարներուն վրայ են (Ա. Պետ. 3։12)։

Բոլորս կերպով մը պիտի փորձուինք։ Բայց երբ փորձութենէ անցնինք, բնա՛ւ առանձին պիտի չըլլանք։ Սիրալիր հօր մը պէս, Եհովայի աչքը միշտ մեր վրայ է։ Ան մեր կողքին է, պատրաստ է մեզի մտիկ ընելու, երբ օգնութիւն կը խնդրենք եւ կ’ուզէ մեզի ձեռք տալ (Եսա. 43։2)։ Մենք համոզուած ենք, որ կրնանք նեղութեան դիմանալ, քանի որ ան մեզի պէտք եղածը տուած է. աղօթքը, Աստուածաշունչը, առատ հոգեւոր սնունդը եւ հոգատար եղբայրներն ու քոյրերը, որպէսզի նեղ պարագաներու մէջ մեր օգնութեան հասնին։ Որքա՜ն շնորհակալ ենք, որ ունինք երկնաւոր Հայր մը, որ մեր վրայ կը հսկէ։ «Մեր սրտերը անով կ’ուրախանան» (Սաղ. 33։21)։ Կրնանք Եհովային ցոյց տալ, որ կը գնահատենք իր հոգատարութիւնը, օգտուելով իր բոլոր տուածներէն։ Պէտք է նաեւ մեր կարգին ամէն բան ընենք, որ Աստուած շարունակէ մեզի հոգ տանիլ։ Ուրիշ խօսքով, եթէ շարունակենք մեր ամէն կարելին ընել, որ Եհովային հնազանդինք, անոր աչքը մեր վրայ պիտի ըլլայ յաւիտեա՛ն։ դ22.08 13 ¶15-16

Չորեքշաբթի, օգոստոս 14

Քու խօսքիդ սկիզբը ճշմարտութիւն է (Սաղ. 119։160)։

Այսօր շատեր չեն գիտեր որո՛ւն վստահիլ։ Անոնք չեն գիտեր, թէ հեղինակութիւն ունեցող մարդիկ, ինչպէս՝ քաղաքագէտներ, գիտնականներ եւ առեւտրականներ, իրենցմով իրապէս հետաքրքուա՛ծ են կամ ոչ։ Ասկէ զատ, անոնք յարգանք չունին կրօնական առաջնորդներուն հանդէպ։ Ուրեմն, զարմանալի չէ որ չեն վստահիր Աստուածաշունչին՝ այն գիրքին, որուն իբր թէ այդ առաջնորդները կը հետեւին։ Եհովային ծառաները ըլլալով, մենք համոզուած ենք թէ ի՛նքն է ‘ճշմարտութեան Աստուածը’ եւ թէ միշտ լաւագոյնը կ’ուզէ մեզի համար (Սաղ. 31։5. Եսա. 48։17)։ Գիտենք որ կրնա՛նք վստահիլ Աստուածաշունչին մէջ մեր կարդացածին։ Մենք կը համաձայնինք Աստուածաշունչի ուսումնականի մը գրածին հետ։ Ան ըսաւ որ ‘Աստուծոյ ըսածներուն մէջ, բա՛ն մը չկայ որ սուտ է եւ իր բոլոր ըսածները անպայման պիտի կատարուին։ Եւ Աստուծոյ ժողովուրդը կրնա՛յ իր ըսածներուն վստահիլ, քանի որ իրե՛ն կը վստահի’։ դ23.01 2 ¶1-2

Հինգշաբթի, օգոստոս 15

Իրարու հոգ տանինք (Եբ. 10։24)։

Մենք մեր եղբայրներն ու քոյրերը կը շինենք, երբ Եհովայի հանդէպ անոնց հաւատքը կը զօրացնենք։ Ոմանք կը ծաղրուին Վկայ չեղող անհատներու կողմէ։ Ուրիշներ լուրջ առողջապահական խնդիրներ ունին, կամ մէկէ մը վիրաւորուած են եւ այդ զգացումներուն դէմ կը պայքարին։ Ոմանք ալ երկար ժամանակ կը սպասեն այս դրութեան աւարտին։ Այսպիսի պարագաներ կրնան քրիստոնեաներուն հաւատքը փորձել։ Առաջին դարու քրիստոնեաներն ալ նման դժուարութիւններ ունէին։ Պօղոս առաքեալ Սուրբ Գրութիւնները գործածեց, որպէսզի եղբայրներուն ու քոյրերուն հաւատքը շինէ։ Օրինակ, հրեայ քրիստոնեաները թերեւս չէին գիտեր ինչպէ՛ս պատասխանել Եհովան չպաշտող իրենց ազգականներուն, որոնք կ’ըսէին թէ հրէականութիւնը աւելի լաւ է քրիստոնէութենէն։ Անկասկած, եբրայեցի քրիստոնեաներուն ուղղուած Պօղոսի նամակը զիրենք շատ զօրացուց (Եբ. 1։5, 6. 2։2, 3. 9։24, 25)։ Անոնք կրնային իր զօրաւոր պատճառաբանութիւնները գործածել իրենց անհաւատ ազգականներուն պատասխանելու համար։ դ22.08 23-24 ¶12-14

Ուրբաթ, օգոստոս 16

Օրհնեալ ըլլայ այն մարդը, որ Տէրոջը կ’ապաւինի (Եր. 17։7)։

Սատանայի աշխարհին մէջ ապրող մարդիկը չեն գիտեր, թէ որո՛ւն կրնան վստահիլ։ Անոնք միշտ յուսախաբ կ’ըլլան առեւտրականներու եւ քաղաքական ու կրօնական առաջնորդներու վարքէն։ Շատեր կը զգան, որ չեն կրնար վստահիլ իրենց բարեկամներուն, դրացիներուն եւ նոյնիսկ ընտանիքի անդամներուն։ Բայց ասիկա մեզ պէտք չէ զարմացնէ, քանի որ Աստուածաշունչը մարգարէացած էր, որ ‘վերջին օրերուն, մարդիկ անսուրբ, բանսարկու, մատնիչ պիտի ըլլային’։ Մարդիկ ունին այն նոյն յատկութիւնները, որոնք ունի այս աշխարհի աստուածը, որ բնաւ վստահելի մէկը չէ (Բ. Տիմ. 3։1-4. Բ. Կոր. 4։4)։ Սակայն մենք՝ քրիստոնեաներս, գիտենք որ կրնանք Եհովային լիովին վստահիլ։ Համոզուած ենք, որ ան մեզ կը սիրէ եւ իր բարեկամները բնաւ ‘երեսէ պիտի չձգէ’ (Սաղ. 9։10)։ Նաեւ, կրնանք վստահիլ Յիսուս Քրիստոսին, քանի որ ան իր կեանքը տուաւ մեզի համար (Ա. Պետ. 3։18)։ Ասկէ զատ, մեր անձնական փորձառութենէն գիտենք, որ Աստուածաշունչը վստահելի առաջնորդութիւն կու տայ (Բ. Տիմ. 3։16, 17)։ դ22.09 2 ¶1-2

Շաբաթ, օգոստոս 17

Երանի՜ այն ամենուն՝ որոնք Տէրոջմէ կը վախնան ու անոր ճամբաներուն մէջ կը քալեն (Սաղ. 128։1)։

Իսկական ուրախութիւնը պարզապէս հաճելի զգացում մը չէ, որ կու գայ ու կ’երթայ։ Մէկը կրնայ իսկական ուրախութիւն վայելել իր ամբողջ կեանքին ընթացքին։ Ինչպէ՞ս։ Յիսուս իր Լերան քարոզին մէջ ըսաւ. «Երջանիկ են անոնք, որոնք գիտակից են իրենց հոգեւոր կարիքներուն» (Մատ. 5։3, ՆԱ)։ Յիսուս գիտէր, որ մարդիկ այնպէս մը ստեղծուած են, որ մեծ փափաք ունին իրենց Ստեղծիչը՝ Եհովա Աստուած, ճանչնալու եւ պաշտելու։ Ատիկա մեր «հոգեւոր կարիք»ն է։ Եւ քանի՛ որ Եհովան «երանելի [կամ՝ ուրախ] Աստուած»ն է, զինք պաշտողները նոյնպէս կրնան ուրախ ըլլալ (Ա. Տիմ. 1։11)։ Անպայման պէտք է կատարեա՞լ պայմաններու մէջ ապրինք, որ ուրախ ըլլանք։ Ո՛չ։ Յիսուս ըսաւ որ նոյնիսկ «սգաւորներ»ը կրնան ուրախ ըլլալ։ Յիսուս նոյն բանը ըսաւ անոնց մասին, որոնք «հալածուած են արդարութեան համար» (Մատ. 5։4, 10, 11)։ Յիսուս մեզի կը սորվեցնէր, թէ պայման չէ որ մէկը կատարեալ պարագաներ ունենայ, որպէսզի ուրախ ըլլայ։ Մենք կրնանք ուրախ ըլլալ, երբ մեր հոգեւոր պէտքերը կը գոհացնենք եւ Աստուծոյ կը մօտենանք (Յակ. 4։8)։ դ22.10 6 ¶1-3

Կիրակի, օգոստոս 18

Խոհեմ մարդը կը լռէ (Առ. 11։12)։

Խորատեսութիւնը քրիստոնեայի մը պիտի օգնէ, որ գիտնայ թէ ե՛րբ է ‘լռելու ժամանակը ու խօսելու ժամանակը’ (Ժող. 3։7)։ Կարգ մը մշակոյթներու մէջ կ’ըսեն. «Խօսքը արծաթ է, բայց լռութիւնը՝ ոսկի»։ Ուրիշ խօսքով, ատեններ աւելի լաւ է որ մէկը լուռ մնայ, քան թէ խօսի։ Նկատի առ օրինակ մը։ Փորձառու երէցէ մը յաճախ կը խնդրուի, որ օգնէ ուրիշ ժողովքներու, որոնք դժուար խնդիրներ ունին։ Ասոր նկատմամբ, երէց մը ըսաւ. «Ան միշտ զգոյշ է, որ ուրիշ ժողովքներու մասին գաղտնի տեղեկութիւններ մեզի չըսէ»։ Այս երէցը իր իմաստութեամբ արժանացած է իր ժողովքին մէջ միւս երէցներուն յարգանքին։ Անոնք վստահ են, որ իրենց գաղտնի հարցերը բնաւ ուրիշներուն պիտի չպատմէ։ Պարկեշտութիւնը ուրիշ կարեւոր յատկութիւն մըն է, որ պէտք է ունենանք, եթէ կ’ուզենք որ մեզի վստահին։ Մենք պարկեշտ անհատի մը կը վստահինք, քանի որ գիտենք որ ան միշտ ճշմարտութիւնը պիտի ըսէ (Եփ. 4։25. Եբ. 13։18)։ դ22.09 12 ¶14-15

Երկուշաբթի, օգոստոս 19

Իմաստութիւն, հանճար կամ խորհուրդ մը չկայ որ Տէրոջը դէմ կենայ (Առ. 21։30)։

Շատեր իրենց ականջները կը գոցեն, երբ որ ճշմարիտ իմաստութիւնը «դուրսը բարձրաձայն կ’աղաղակէ» (Առ. 1։20)։ Ըստ Աստուածաշունչին, կան երեք խումբեր, որոնք կը մերժեն իմաստութիւնը. ‘անմիտներ’ը, ‘ծաղր ընողներ’ը եւ ‘յիմարներ’ը (Առ. 1։22-25)։ ‘Անմիտներ’ը, կամ՝ անփորձները, անոնք են, որոնք միամիտ են, դիւրաւ կը համոզուին կամ կը խաբուին (Առ. 14։15)։ Օրինակ, մտածէ այն միլիոնաւորներուն մասին, որոնք խաբուած են իրենց կրօնական կամ քաղաքական առաջնորդներուն կողմէն։ Ոմանք կը ցնցուին, գիտնալով որ այս առաջնորդները իրենց վրայ խնդացած են։ Բայց Առակաց 1։22–ին մէջ յիշուած անփորձները իրե՛նք ընտրած են այդպէս ըլլալ, քանի որ կ’ախորժին ատկէ (Եր. 5։31)։ Անոնք չեն ուզեր Աստուածաշունչին ըսածները սորվիլ կամ անոր չափանիշներուն համաձայն ապրիլ։ Վստահաբար, չենք ուզեր նմանիլ անոնց, որոնք կ’ուզեն տգէտ մնալ (Առ. 1։32. 27։12)։ դ22.10 19 ¶5-7

Երեքշաբթի, օգոստոս 20

Հնազանդ եղէ՛ք ամէն մարդկային հեղինակութեան (Ա. Պետ. 2։13)։

Աստուծոյ կազմակերպութիւնը մեզի ուղղութիւններ կու տայ, որպէսզի ապահով մնանք։ Միշտ մեզի յիշեցումներ կը տրուին որ երէցներուն տանք մեր հեռաձայնի թիւն ու հասցէն, որպէսզի անոնք կարենան անակնկալ պարագայի մը մեզի հետ կապ պահել։ Թերեւս նաեւ ուղղութիւններ ստանանք տունը մնալու, տունէն հեռանալու, աղէտէ տուժածներուն տրուած օգնութիւնը ստանալու կամ ինչպէ՛ս եւ ե՛րբ ուրիշներուն օգնելու վերաբերեալ։ Եթէ չհնազանդինք, կրնանք վտանգի տակ դնել մեր եւ երէցներուն կեանքը, որոնք մեր վրայ կը հսկեն (Եբ. 13։17)։ Բնական աղէտի կամ քաղաքային խռովութիւններու պատճառաւ տեղահանուած շատ մը եղբայրներ ու քոյրեր իրենց լաւագոյնը ըրած են, որ նոր պարագային յարմարին եւ անմիջապէս մասնակցած են աստուածպետական գործունէութիւններու։ Առաջին դարու քրիստոնեաներուն պէս, որոնք ցիրուցան եղած էին հալածանքի պատճառաւ, անոնք կը շարունակեն ‘խօսքը քարոզել’ (Գործք 8։4)։ Քարոզելը անոնց օգնած է, որ Թագաւորութեան վրայ կեդրոնանան, եւ ոչ թէ դժուար պարագաներու։ Եւ այդպէս, անոնք կրցած են իրենց ուրախութիւնն ու խաղաղութիւնը պահպանել։ դ22.12 19-20 ¶12-13

Չորեքշաբթի, օգոստոս 21

Տէրը ինծի հետ է, չեմ վախնար (Սաղ. 118։6)։

Եհովան ամէն մէկս կ’արժեւորէ։ Յիսուս իր առաքեալները քարոզելու ղրկելէ առաջ, անոնց օգնեց որ հակառակութենէ չվախնան (Մատ. 10։29-31)։ Ան իրենց այս դասը սորվեցուց, գործածելով ճնճղուկին օրինակը, որ Իսրայէլի մէջ ամէնէն սովորական թռչուններէն մէկն էր։ Յիսուսի օրերուն, այս թռչունը շատ արժէք չունէր։ Բայց ան իր աշակերտներուն ըսաւ. «Անոնցմէ մէկը գետինը չ’իյնար առանց ձեր Հօրը հրամանին»։ Ետքը աւելցուց. «Շատ ճնճղուկներէ լաւ էք դուք»։ Ասանկով, Յիսուս իր աշակերտներուն վստահեցուց, որ Եհովան իրենցմէ ամէն մէկը անձամբ կ’արժեւորէ։ Անոր համար, անոնք պէտք չունէին հալածանքէ վախնալու։ Վստահաբար, ետքը, աշակերտները Յիսուսին խօսքը յիշեցին, ամէն անգամ որ գիւղերը քարոզելու կ’երթային եւ ճամբան ճնճղուկներ կը տեսնէին։ Դուն ալ, ամէն անգամ որ պզտիկ թռչուն մը տեսնես, յիշէ որ Եհովան անձամբ քեզ կ’արժեւորէ, քանի որ դուն ալ ‘շատ ճնճղուկներէ լաւ ես’։ Այնքա՛ն ատեն որ Եհովան քեզի կռնակ կը կենայ, պէտք չունիս հակառակորդներէն վախնալու։ դ23.03 18 ¶12

Հինգշաբթի, օգոստոս 22

Քարշելի ըրիք մեր հոտը Փարաւոնին առջեւ ու անոր ծառաներուն առջեւ, մեզ սպաննելու համար անոնց ձեռքը սուր տալով (Ել. 5։21)։

Ատեններ նեղութիւններ կ’ունենանք,– ինչպէս՝ ընտանիքի կողմէ հակառակութիւն եւ գործը կորսնցնել։ Երկար ատեն խնդիրներու տոկալը կրնայ պատճառ դառնալ, որ մեր յոյսը կորսնցնենք եւ ընկճուինք։ Սատանան այս առիթը կ’օգտագործէ, որպէսզի ձգէ որ կասկածինք, թէ Եհովան մեզ կը սիրէ։ Ան նաեւ կ’ուզէ որ մտածենք թէ Եհովան կամ իր կազմակերպութիւնն է մեր տառապանքին պատճառը։ Նման բան մը պատահեցաւ իսրայէլացիներէն ոմանց հետ՝ Եգիպտոսի մէջ եղած ատեն։ Սկիզբը, անոնք հաւատացին, որ Մովսէսն ու Ահարոնը Եհովայի կողմէ նշանակուած էին՝ զիրենք ստրկութենէն ազատելու (Ել. 4։29-31)։ Բայց ետքը, երբ փարաւոն անոնց կեանքը դժուարացուց, անոնք սկսան Մովսէսն ու Ահարոնը մեղադրել իրենց խնդիրներուն համար (Ել. 5։19, 20)։ Այո, անոնք Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաներուն դէմ խօսեցան։ Ի՜նչ ցաւալի է։ Եթէ երկար ժամանակ նեղութիւններու կը տոկաս, Եհովային աղօթէ եւ օգնութեան համար իրեն ապաւինէ։ դ22.11 15 ¶5-6

Ուրբաթ, օգոստոս 23

Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ ժամանակ պիտի գայ եւ հիմա ալ է, երբ մեռելները պիտի լսեն Աստուծոյ Որդիին ձայնը եւ անոնք որ կը լսեն, պիտի ապրին (Յովհ. 5։25)։

Քանի՛ որ Եհովան կեանքի Աղբիւրն է, ան զօրութիւնը ունի մարդիկը ետ կեանքի բերելու։ Օրինակ, ան իր Եղիա մարգարէին զօրութիւն տուաւ, որ Սարեփթայէն եղող այրի կնոջ մը որդիին յարութիւն տայ (Գ. Թագ. 17։21-23)։ Աւելի ուշ, ան Եղիսէ մարգարէին օգնեց, որ Սունամացի կնոջ մը տղան ետ կեանքի բերէ (Դ. Թագ. 4։18-20, 34-37)։ Այս եւ յարութեան ուրիշ դէպքեր կը փաստեն, որ Եհովան զօրութիւնը ունի մարդիկը ետ կեանքի բերելու։ Յիսուս ալ մինչ երկրի վրայ էր, ցոյց տուաւ որ Եհովան իրեն զօրութիւնը տուած էր որ մարդոց յարութիւն տայ (Յովհ. 11։23-25, 43, 44)։ Այժմ ան երկինքի մէջ է, եւ իրեն տրուած է ‘ամէն իշխանութիւն երկնքի ու երկրի մէջ’։ Այդպիսով, ան կարողութիւնը ունի կատարելու այն խոստումը, որ «բոլոր գերեզմաններուն մէջ եղողները» ետ կեանքի պիտի գան՝ անվերջ կեանք ունենալու յոյսով (Մատ. 28։18. Յովհ. 5։26-29)։ դ22.12 5 ¶10

Շաբաթ, օգոստոս 24

Իսրայէլի տունը քեզի մտիկ ընել պիտի չուզեն, վասն զի չեն ուզեր ինծի մտիկ ընել (Եզեկ. 3։7)։

Եզեկիէլը մերժելով, իսրայէլացիները մերժած պիտի ըլլային Եհովան։ Այսօրուան համարի խօսքերը Եզեկիէլը վստահեցուցին, որ մարդոց կողմէ մերժուիլը չէր նշանակեր որ ան ձախող էր որպէս մարգարէ։ Եհովան նաեւ զինք վստահեցուց, որ երբ իր ծանուցանած դատաստանները կատարուէին, մարդիկ ‘պիտի գիտնային թէ իրենց մէջ մարգարէ մը կար’ (Եզեկ. 2։5. 33։33)։ Այս մխիթարական միտքերը անկասկած Եզեկիէլին ոյժ տուին, որ իր ծառայութիւնը կատարէ։ Մենք ալ ոյժ կ’առնենք գիտնալով, որ Եհովայի կողմէ ղրկուած ենք։ Եհովան մեզ պատուած է՝ կոչելով իր «վկաները» (Եսա. 43։10)։ Ի՜նչ մեծ առանձնաշնորհում մը։ Ինչպէս որ ան Եզեկիէլին ըսաւ՝ «Մի՛ վախնար», մեզի ալ կ’ըսէ՝ «Մի՛ վախնաք ու մի՛ զարհուրիք» (Եզեկ. 2։6)։ Ուրեմն, ինչո՞ւ պատճառ չունինք հակառակորդներէն վախնալու։ Քանի որ Եզեկիէլին պէս Եհովային կողմէ ղրկուած ենք եւ ան մեզի պիտի օգնէ (Ես. 44։8)։ դ22.11 3-4 ¶4-5

Կիրակի, օգոստոս 25

Հաւատարիմ հոգի ունեցողը բանը կը ծածկէ (Առ. 11։13)։

Մենք խորապէս կը գնահատենք մեր վստահելի երէցներն ու օգնական ծառաները։ Այդ հաւատարիմ եղբայրները մեզի հոգեւորապէս լաւ հոգ կը տանին, եւ Եհովային շնորհակալ ենք իրենց համար։ Լաւ, մե՛նք ի՞նչ կերպերով կրնանք ցոյց տալ որ վստահելի ենք։ Մենք կը սիրենք մեր եղբայրներն ու քոյրերը եւ հետաքրքրուած ենք գիտնալու, թէ ինչպէ՛ս են։ Սակայն, պէտք է հաւասարակշռուած ըլլանք եւ իրենց անձնական կեանքին չխառնուինք։ Առաջին դարու քրիստոնէական ժողովքին մէջ ոմանք ‘շատախօս ու հետաքրքիր էին եւ անպատեհ բաներ կը խօսէին’ (Ա. Տիմ. 5։13)։ Վստահաբար, չենք ուզեր իրենց պէս ըլլալ։ Բայց սեպենք որ մէկը մեզի անձնական տեղեկութիւն կու տայ իր մասին եւ մեզմէ կը խնդրէ, որ ուրիշին չըսենք։ Օրինակ, քոյր մը թերեւս մեզի ըսէ, թէ որոշ առողջապահական խնդիրէ մը կ’անցնի կամ ուրիշ դժուարութիւն մը ունի եւ մեզմէ խնդրէ որ ատիկա մէջերնիս մնայ։ Պէտք է իր փափաքը յարգենք։ դ22.09 10 ¶7-8

Երկուշաբթի, օգոստոս 26

Ձեր մտքին նորոգութիւնովը նորոգուեցէ՛ք (Հռով. 12։2)։

Չենք կրնար պարզապէս մեր կեանքը զարդարել միայն քանի մը բարի գործերով։ Փոխարէնը, պէտք է քննենք մեր ներքին անձնաւորութիւնը եւ ընենք պէտք եղած փոփոխութիւնները, որպէսզի կարելի եղածին չափ Եհովայի չափանիշներուն համաձայն ապրինք։ Եւ ատիկա պէտք է ընենք՝ ոչ թէ մէկ անգամ, հապա շարունակաբար։ Երբ կատարելութեան հասնինք, միշտ պիտի կարենանք Եհովան հաճեցնել ամէն բանի մէջ։ Մինչ այդ, պէտք է շարունակենք ջանք թափել որ այդ նպատակակէտին հասնինք։ Նկատէ թէ Հռովմայեցիս 12։2–ին մէջ Պօղոս ինչպէ՛ս մեր միտքը նորոգելը կապեց Աստուծոյ կամքը հասկնալուն հետ։ Փոխանակ թոյլ տալու որ այս աշխարհը մեզ կաղապարէ, պէտք է նա՛խ մենք մեզ քննենք, տեսնելու թէ որքա՛ն թոյլ կու տանք որ Աստուծոյ մտածելակերպը, եւ ոչ թէ աշխարհի մտածելակերպը, ազդէ մեր նպատակակէտերուն եւ որոշումներուն։ դ23.01 8-9 ¶3-4

Երեքշաբթի, օգոստոս 27

Հոգդ Տէրոջը վրայ ձգէ՛ ու ան քեզ պիտի խնամէ. անիկա արդարը երբեք պիտի չսասանեցնէ (Սաղ. 55։22)։

Եհովան մեզի հետ եղած ամէն մէկ դէպքի կը միջամտէ՞։ Ան մեր կեանքին մէջ ամէն մէկ դէպք այնպէս մը կ’ուղղէ՞, որ գէշ բաները լաւ բանի դառնան։ Ո՛չ։ Այդ գաղափարը Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած չէ (Ժող. 8։9. 9։11)։ Բայց մէկ բանէ վստահ ենք։ Երբ փորձութեան մը մէջ ենք, Եհովան անկէ տեղեակ է եւ կը լսէ երբ իր օգնութեան կը դիմենք (Սաղ. 34։15. Եսա. 59։1)։ Ատկէ զատ, Եհովան կրնայ մեզի օգնել, որ յաջողութեամբ տոկանք դժուարութիւններու։ Ինչպէ՞ս։ Կերպերէն մէկը, որով Եհովան մեզի կ’օգնէ, յաճախ ճիշդ ժամանակին մխիթարութիւն ու քաջալերութիւն տալն է (Բ. Կոր. 1։3, 4)։ Կրնա՞ս յիշել անգամ մը, երբ Եհովան քեզ մխիթարած ու քաջալերած է, երբ ամէնէն շատ ատոր պէտք ունէիր։ Յաճախ միայն դժուարութիւն մը անցնելէն ետք է, որ ետեւ նայելով կը տեսնենք թէ Եհովան ինչպէ՛ս մեզի օգնած է։ դ23.01 17-18 ¶13-15

Չորեքշաբթի, օգոստոս 28

Գազանը, որ կար ու չկայ. . . դէպի կորուստ կ’երթայ (Յայտ. 17։11)։

Այս գազանը շատ կը նմանի եօթը գլուխ ունեցող գազանին, բայց կարմիր է եւ իր մասին կը խօսուի որպէս «գազանին պատկերը» եւ «ութերորդ» թագաւոր (Յայտ. 13։14, 15. 17։3, 8)։ Յովհաննէս կ’ըսէ, որ անիկա կար, ետքը անհետացաւ, ապա ետ մէջտեղ եկաւ։ Ասիկա շատ լաւ կերպով կը նկարագրէ Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը, որ համաշխարհային քաղաքական դրութեան շահերը յառաջ կը մղէ։ Անիկա սկիզբը կը կոչուէր Ազգերու դաշնակցութիւն։ Ետքը, Համաշխարհային Բ. պատերազմի ընթացքին անհետացաւ։ Իսկ աւելի ուշ, մէջտեղ եկաւ որպէս Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւն։ Իրենց փրոփականտին միջոցով, այս գազանները մարդիկը կը դրդեն, որ Եհովային եւ իր ժողովուրդին հակառակին։ Այլաբանօրէն, անոնք «բոլոր աշխարհի թագաւորները» կը հաւաքեն Արմագեդոն պատերազմին համար, որ է՝ ‘Ամենակալ Աստուծոյ մեծ օրը’ (Յայտ. 16։13, 14, 16)։ դ22.05 10 ¶10-11

Հինգշաբթի, օգոստոս 29

Ի՞նչպէս կը կարդաս (Ղուկ. 10։26)։

Երբ Յիսուս սորվեցաւ Սուրբ Գրութիւնները անձամբ կարդալ, թէ՛ Սուրբ Գրութիւնները լաւ գիտցաւ, թէ ալ սիրեց եւ ձգեց որ իր կեանքին ազդեն։ Օրինակ, յիշէ տաճարին մէջ ի՛նչ եղաւ, երբ Յիսուս միայն 12 տարեկան էր։ Ուսուցիչները, որոնք Մովսիսական օրէնքը շատ լաւ գիտէին, «կը զարմանային [Յիսուսին] իմաստութեանը ու պատասխաններուն վրայ» (Ղուկ. 2։46, 47, 52)։ Մենք ալ կրնանք Աստուծոյ Խօսքը գիտնալ եւ սիրել, եթէ զայն կանոնաւորաբար կարդանք։ Կրնանք սորվիլ այն խօսքերէն, որ Յիսուս ըսաւ Օրէնքը շատ լաւ գիտցողներու, ինչպէս՝ դպիրները, փարիսեցիները եւ սադուկեցիները։ Անոնք շատ անգամ կը կարդային Սուրբ Գրութիւնները, բայց իրենց կարդացածէն չէին օգտուեր։ Յիսուս շեշտեց երեք կերպեր, որոնցմով այս մարդիկը չկրցան օգտուիլ Սուրբ Գրութիւններէն։ Յիսուսին խօսքերը կրնան մեզի օգնել, որ 1) մեր կարդացածը հասկնանք, 2) հոգեւոր գանձեր գտնենք եւ 3) ձգենք որ Աստուծոյ Խօսքը մեզ կաղապարէ։ դ23.02 8-9 ¶2-3

Ուրբաթ, օգոստոս 30

Խորագէտը չարիքը կը տեսնէ ու կը զգուշանայ (Առ. 22։3)։

Կարգ մը վտանգներ, որոնցմէ ուշադիր պէտք է ըլլանք, ասոնք են. անլուրջ սիրախօսութիւն, չափէն աւելի խմել, չափէն աւելի ուտել, վիրաւորական խօսքեր ըսել, ինչպէս նաեւ՝ վայրագ ժամանց, պոռնկագրութիւն եւ ասոնց պէս բաներ (Սաղ. 101։3)։ Բանսարկուն, միշտ առիթներ կը փնտռէ որ Եհովային հետ մեր փոխյարաբերութեան վնաս հասցնէ (Ա. Պետ. 5։8)։ Եթէ արթուն չենք, Սատանան կրնայ մեր սրտին եւ մտքին մէջ ցանել նախանձի, անպարկեշտութեան, ագահութեան, ատելութեան, հպարտութեան եւ ոխակալութեան սերմեր (Գաղ. 5։19-21)։ Եթէ շուտով քայլեր չառնենք որ ասոնք մեր սրտէն դուրս հանենք, անոնք պիտի շարունակեն աճիլ թունաւոր բոյսի մը պէս եւ խնդիրներ պիտի հանեն (Յակ. 1։14, 15)։ Խորամանկ վտանգ մըն է՝ չար ընկերակցութիւնը։ Պէտք է յիշենք որ անոնք, որոնց հետ ժամանակ կ’անցընենք, շատ զօրաւոր ազդեցութիւն պիտի ունենան մեր վրայ (Ա. Կոր. 15։33)։ Եթէ մենք մեզի ուշադիր ըլլանք, պիտի չընկերակցինք անոնց, որոնք Եհովայի չափանիշներուն համաձայն չեն ապրիր (Ղուկ. 21։34. Բ. Կոր. 6։15)։ Մենք վտանգը պիտի տեսնենք եւ անկէ հեռու պիտի մնանք։ դ23.02 16 ¶7. 17 ¶10-11

Շաբաթ, օգոստոս 31

Ասիկա է Աստուծոյ սէրը, որ անոր պատուիրանքները պահենք (Ա. Յովհ. 5։3)։

Եհովային մասին աւելի սորվելուդ համար, սկսած ես զինք աւելի սիրել։ Անշուշտ կ’ուզես իրեն աւելի մօտենալ թէ՛ հիմա եւ թէ յաւիտեան, եւ կրնա՛ս ասիկա ընել։ Ան քեզ ազնուօրէն կը քաջալերէ, որ իր սիրտը ուրախացնես (Առ. 23։15, 16)։ Եւ ասիկա կրնաս ընել ոչ միայն խօսքերով, հապա նաեւ գործերով։ Հիմա՛ ապրած կերպովդ ցոյց պիտի տաս որ իրապէս Եհովան կը սիրես։ Ատիկա լաւագոյն նպատակն է, որ կեանքիդ մէջ կրնաս դնել։ Ինչպէ՞ս կրնաս Եհովային հանդէպ սէրդ ցոյց տալ։ Նախ յատուկ աղօթք մը կ’ընես, որուն մէջ անձդ միակ ճշմարիտ Աստուծոյն կը նուիրես (Սաղ. 40։8)։ Ետքը, այդ անձնական նուիրումդ ուրիշներուն կը գիտցնես՝ մկրտուելով։ Ասիկա ուրախ եւ կարեւոր պահ մը կը դառնայ քեզի համար։ Նոր կեանք մը կը սկսիս, բայց ոչ թէ դուն քեզի համար, հապա Եհովային համար (Հռով. 14։8. Ա. Պետ. 4։1, 2)։ Թերեւս ասիկա մեծ քայլ մը երեւի, եւ այդպէս ալ է։ Բայց ատիկա առիթը կը բանայ որ լաւագոյ՛ն կեանքը վայելես։ դ23.03 5-6 ¶14-15

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել