Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • աք24 էջ 67-77
  • Յուլիս

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Յուլիս
  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2024
  • Ենթավերնագիրներ
  • Երկուշաբթի, յուլիս 1
  • Երեքշաբթի, յուլիս 2
  • Չորեքշաբթի, յուլիս 3
  • Հինգշաբթի, յուլիս 4
  • Ուրբաթ, յուլիս 5
  • Շաբաթ, յուլիս 6
  • Կիրակի, յուլիս 7
  • Երկուշաբթի, յուլիս 8
  • Երեքշաբթի, յուլիս 9
  • Չորեքշաբթի, յուլիս 10
  • Հինգշաբթի, յուլիս 11
  • Ուրբաթ, յուլիս 12
  • Շաբաթ, յուլիս 13
  • Կիրակի, յուլիս 14
  • Երկուշաբթի, յուլիս 15
  • Երեքշաբթի, յուլիս 16
  • Չորեքշաբթի, յուլիս 17
  • Հինգշաբթի, յուլիս 18
  • Ուրբաթ, յուլիս 19
  • Շաբաթ, յուլիս 20
  • Կիրակի, յուլիս 21
  • Երկուշաբթի, յուլիս 22
  • Երեքշաբթի, յուլիս 23
  • Չորեքշաբթի, յուլիս 24
  • Հինգշաբթի, յուլիս 25
  • Ուրբաթ, յուլիս 26
  • Շաբաթ, յուլիս 27
  • Կիրակի, յուլիս 28
  • Երկուշաբթի, յուլիս 29
  • Երեքշաբթի, յուլիս 30
  • Չորեքշաբթի, յուլիս 31
Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2024
աք24 էջ 67-77

Յուլիս

Երկուշաբթի, յուլիս 1

Օրինակ եղիր հաւատացեալներուն՝ խօսքով (Ա. Տիմ. 4։12)։

Խօսելու մեր կարողութիւնը մեր սիրալիր Աստուծմէ նուէր մըն է։ Սակայն, խօսելու կարողութիւնը սկսաւ սխալ գործածուիլ։ Սատանան Եւային սուտ խօսեցաւ, եւ այդ սուտին պատճառով մեղքն ու անկատարութիւնը մէջտեղ եկան (Ծն. 3։1-4)։ Ադամ իր լեզուն սխալ գործածեց, երբ իր սխալներուն համար մեղադրեց Եւան եւ նոյնիսկ Եհովան (Ծն. 3։12)։ Կայէնը Եհովային սուտ խօսեցաւ, Աբէլը մեռցնելէ ետք (Ծն. 4։9)։ Ներկայիս, դժուար է գտնել ֆիլմ մը, որուն մէջ գէշ խօսքեր չկան։ Աշակերտները աղտոտ խօսքեր կը լսեն դպրոցը, իսկ մեծերը՝ գործատեղը։ Եթէ զգոյշ չըլլանք, կրնանք գէշ լեզու լսելուն այնքա՛ն վարժուիլ, որ կը սկսինք զայն գործածել։ Անշուշտ, քրիստոնեաներ ըլլալով՝ կ’ուզենք Եհովան հաճեցնել ու բնա՛ւ աղտոտ լեզու չգործածել։ Կ’ուզենք խօսելու պարգեւը լաւ գործածել, մեր Աստուածը փառաբանելով։ դ22.04 4 ¶1-3

Երեքշաբթի, յուլիս 2

Չէք կրնար Աստուծոյ ծառայել, որքան ատեն որ կը ծառայէք դրամին (Մատ. 6։24, ՆԹ)։

Յիսուս նիւթական բաներուն նկատմամբ հաւասարակշռուած տեսակէտ ունէր։ Ան կը սիրէր ուտել եւ խմել (Ղուկ. 19։2, 6, 7)։ Առիթով մը, ան բարձր որակի գինի ըրաւ, ինչ որ իր առաջին հրաշքն էր (Յովհ. 2։10, 11)։ Իսկ իր մեռած օրը, սուղ հագուստ հագած էր (Յովհ. 19։23, 24)։ Բայց ան թոյլ չտուաւ, որ նիւթական բաները իր կեանքին մէջ ամենակարեւոր տեղը գրաւեն։ Յիսուս սորվեցուց, որ եթէ նա՛խ Թագաւորութիւնը փնտռենք, Եհովան մեր պէտքերը պիտի ապահովէ (Մատ. 6։31-33)։ Շատեր դրամին նկատմամբ Եհովայի իմաստուն խրատները գործադրելով օգտուած են։ Նկատի առ Տէնիէլ անունով ամուրի եղբօր մը օրինակը։ Ան կ’ըսէ. «Պատանեկան տարիքիս որոշեցի հոգեւոր գործունէութիւնները կեանքիս մէջ ամէնէն կարեւոր բանը դարձնել»։ Իր կեանքը պարզ պահելով, ան կրցաւ իր ժամանակը եւ հմտութիւնները գործածել բազմաթիւ աստուածպետական ծրագիրներու համար։ Ան կ’աւելցնէ. «Ո՛չ մէկ գումար կրնայ այն օրհնութիւններուն տեղը առնել, որ Եհովան ինծի տուած է»։ դ22.05 21-22 ¶6-7

Չորեքշաբթի, յուլիս 3

[Եհովան] ձեզ խաւարէն իր սքանչելի լոյսին կանչեց (Ա. Պետ. 2։9)։

Կրնանք ցոյց տալ, որ ճշմարտութիւնը կը սիրենք, կանոնաւորաբար սերտելով Աստուածաշունչը եւ աստուածաշնչական հրատարակութիւնները։ Ի վերջոյ, միշտ կան բաներ որ կրնանք սորվիլ, նոյնիսկ եթէ երկար ատենէ ի վեր ճշմարտութեան մէջ ենք։ Սերտողութիւնը ծանր աշխատանք է, բայց կ’արժէ՛ ջանք թափել։ Մեզմէ ո՛չ բոլորը կը սիրեն կարդալ ու սերտել։ Եհովան մեզ կը քաջալերէ, որ շարունակենք ‘փնտռել’ ու ‘խնդրել’ ճշմարտութեան աւելի խոր հասկացողութիւն (Առ. 2։4-6)։ Երբ այդպիսի ջանքեր կը թափենք, միշտ օգուտներ կը քաղենք։ Աստուածաշունչի անձնական ընթերցանութեան մասին խօսելով, Քօրին ըսաւ, որ իր կարդացած ամէն մէկ համարին վրայ կը կեդրոնանայ։ Ան կը բացատրէ. «Կը կարդամ ամէն մէկ ստորանիշ, կը բանամ համարին հետ կապ ունեցող ամէն մէկ համար եւ յաւելեալ փնտռտուք կ’ընեմ։. . . Այս մեթոտէն շա՜տ կ’օգտուիմ»։ Չնայած թէ ի՛նչ մեթոտ կը գործածենք, ճշմարտութեան հանդէպ մեր գնահատանքը ցոյց կու տանք, երբ զայն սերտելու համար ժամանակ կու տանք եւ ջանք կը թափենք (Սաղ. 1։1-3)։ դ22.08 17 ¶13. 18-19 ¶15-16

Հինգշաբթի, յուլիս 4

Ես անոր քով ճարտարապետ էի եւ ամէն օր անոր զուարճութիւնն էի ու միշտ անոր առջեւ կ’ուրախանայի (Առ. 8։30)։

Երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, ստեղծագործութենէն օրինակներ գործածեց, որ իր աշակերտներուն սորվեցնէ իր Հօր մասին։ Նկատի առնենք իր սորվեցուցածներէն դաս մը։ Եհովան բոլո՛րս կը սիրէ։ Լերան քարոզին մէջ, Յիսուս իր աշակերտներուն խօսեցաւ արեւուն եւ անձրեւին մասին, որոնք շատերու կողմէ թեթեւի կ’առնուին։ Թէ՛ արեւը եւ թէ անձրեւը կարեւոր են, որ մենք կարենանք ապրիլ։ Եհովան կրնա՛ր իրեն չծառայող մարդիկը զրկել արեւէն եւ անձրեւէն, բայց ան սէրէ մղուած անանկ չըրաւ (Մատ. 5։43-45)։ Այս դասին միջոցաւ, Յիսուս իր աշակերտներուն սորվեցուց որ Եհովան կ’ուզէ որ մենք սէր ցոյց տանք բոլոր մարդոց։ Ուրեմն, ամէն անգամ որ տեսնենք հիանալի արեւամուտ մը կամ թեթեւ անձրեւ մը, կրնանք մտքերնիս բերել որ Եհովան բոլո՛րս կը սիրէ։ Մարդոց միջեւ զատողութիւն չի դներ։ Իր այս օրինակը կրնայ մեզ քաջալերել, որ մենք ալ սէրէ մղուած բոլոր մարդոց քարոզենք։ դ23.03 17 ¶9-10

Ուրբաթ, յուլիս 5

Մեծ զարմանքով զարմացայ (Յայտ. 17։6)։

Ի՞նչ բան զարմացուց Յովհաննէս առաքեալը։ Կին մը, որ կարմիր գազանի մը վրայ նստած՝ զայն կը քշէր։ Ան «մեծ պոռնիկ» մըն է եւ իր անունը «Մեծ Բաբելոն» է։ Ան ‘երկրին թագաւորներուն հետ պոռնկութիւն կ’ընէ’ (Յայտ. 17։1-5)։ Ո՞վ է «Մեծ Բաբելոն»ը։ Այս կինը չի կրնար ներկայացնել քաղաքական կազմակերպութիւն մը, քանի որ իր մասին կ’ըսուի որ աշխարհի քաղաքական առաջնորդներուն հետ պոռնկութիւն կ’ընէ (Յայտ. 18։9)։ Եւ այն իրողութիւնը, որ ան գազանին վրայ նստած է ու զայն կը քշէ, ցոյց կու տայ որ ան կը ջանայ այդ կառավարիչները ղեկավարել։ Ասկէ զատ, ան չի կրնար ներկայացնել Սատանայի աշխարհին ագահ առեւտրական մասը, քանի որ այս վերջինը անջատօրէն ներկայացուած է որպէս «երկրին վաճառականները» (Յայտ. 18։11, 15, 16)։ Նաեւ, գիտենք որ հին Բաբելոնը սուտ պաշտամունքի կեդրոն էր։ Ուրեմն, Մեծ Բաբելոնը կը ներկայացնէ սուտ պաշտամունքի բոլոր տեսակները, այո՝ աշխարհի բոլոր սուտ կրօնքները (Յայտ. 17։5, 18)։ դ22.05 11 ¶14-16

Շաբաթ, յուլիս 6

Ձեր հակառակորդը, Սատանան՝ մռնչող առիւծի պէս կը պտըտի ու կը փնտռէ թէ ո՛վ կլլէ (Ա. Պետ. 5։8)։

Բնականաբար, մայր մը ատեններ կը մտահոգուի, թէ արդեօք իր զաւակը պիտի ընտրէ՞ Եհովային ծառայել։ Ծնողները գիտեն, թէ Սատանային աշխարհը ի՜նչ մեծ ճնշում կը դնէ իրենց զաւակներուն վրայ։ Ատկէ զատ, շատ մը մայրեր իրենց զաւակները կը մեծցնեն կա՛մ առանց ամուսինի, կամ ալ ամուսինի մը հետ, որ Եհովան չի պաշտեր։ Բայց միայն կրօնապէս բաժնուած ընտանիքները չեն որ դժուարութիւններ ունին։ Նոյնիսկ երբ երկու ծնողներն ալ ճշմարտութեան մէջ են, տակաւին իրենց համար կրնայ դժուար ըլլալ իրենց զաւակներուն սորվեցնել, որ Եհովային հաւատարմօրէն ծառայեն։ Ամէն պարագայի, պէտք չունիս շատ մտահոգուելու։ Եհովան քեզի պիտի օգնէ։ Կրնաս փորձառու ծնողներու հարցնել, թէ եղած գործիքները ինչպէ՛ս կը գործածեն իրենց ընտանեկան պաշտամունքին մէջ (Առ. 11։14)։ Ասկէ զատ, Եհովան կրնայ քեզի օգնել, որ կարենաս զաւակներուդ հետ խօսակցիլ։ Իրմէ խնդրէ որ քեզի օգնէ գիտնալու, թէ ի՛նչ հարցումներ պիտի հարցնես՝ անոնց մտքին ու սրտին մէջ եղածը մէջտեղ հանելու համար (Առ. 20։5)։ դ22.04 17 ¶4, 7. 18 ¶9

Կիրակի, յուլիս 7

Կ’աղօթեմ որ ձեր սէրը հետզհետէ աւելի շատնայ գիտութիւնով ու իմաստութիւնով (Փլպ. 1։9)։

Եհովային հանդէպ մեր սէրը կրնայ աճիլ, երբ աւելի լաւ կը ճանչնանք իր Որդին, որ հայելիի պէս կ’արտացոլէ իր Հօր անձնաւորութիւնը (Եբ. 1։3)։ Եւ Յիսուսը ճանչնալու լաւագոյն կերպն է՝ չորս Աւետարանները սերտել։ Եթէ տակաւին չունիս Աստուածաշունչը ամէն օր կարդալու սովորութիւնը, կրնաս այսօրուընէ սկսիլ։ Յիսուսի մասին եղող պատմութիւնները կարդալու ատեն, կեդրոնացիր անոր յատկութիւններուն վրայ։ Մարդոց համար դիւրին էր իրեն մօտենալ, եւ անոնք հանգիստ կը զգային իրեն հետ խօսելով։ Ան պզտիկները սիրալիր կերպով իր գիրկը առաւ (Մար. 10։13-16)։ Ան իր աշակերտներուն հանգիստ կը զգացնէր, անոնք ալ իր ներկայութեան ազատ կը զգային ըսելու իրենց միտքին մէջինը (Մատ. 16։22)։ Գիտենք որ Յիսուս իր Հօր կը նմանէր, անոր համար գիտենք որ Եհովայի՛ն ալ դիւրին է մօտենալ։ Մենք կրնանք Իրեն աղօթել։ Երբ կ’աղօթենք, կրնանք մեր բոլոր մտածումներն ու զգացումները իրեն ըսել, վստահ ըլլալով որ մեզ պիտի չդատէ։ Ան մեզ կը սիրէ ու կը հոգայ (Ա. Պետ. 5։7)։ դ22.08 3 ¶4-5

Երկուշաբթի, յուլիս 8

Դո՛ւն, ո՛վ Տէր, բարի ու ներող ես (Սաղ. 86։5)։

Մեր Ստեղծիչը ըլլալով, Եհովան մեր մասին ամէն բան գիտէ։ Ի՜նչ սքանչելի բան մըն է, որ Եհովան երկրի վրայ եղող իւրաքանչիւր անձին մասին ամէն մանրամասնութիւն գիտէ (Սաղ. 139։15-17)։ Ուստի, ան կրնայ տեսնել այն բոլոր անկատարութիւնները, որ մեր ծնողքէն ժառանգած ենք։ Ան նոյնիսկ գիտէ այն բոլոր փորձառութիւնները, որոնք մեր անձնաւորութիւնը կաղապարած են։ Մեզ այսքան լաւ ճանչնալով, Եհովան կը մղուի ի՞նչ ընելու։ Ան կը մղուի մեզի հետ ողորմութեամբ վարուելու (Սաղ. 78։39. Սաղ. 103։13, 14)։ Եհովան ցոյց տուած է որ շատ կ’ուզէ ներել։ Ան կը հասկնայ, որ առաջին մարդուն՝ Ադամին՝ ըրածին պատճառաւ, բոլորս մեղքին ու մահուան անէծքին տակ եկանք (Հռով. 5։12)։ Ո՛չ մէկ կերպով կրնայինք մենք մեզ կամ ուրիշը ազատել այս անէծքէն (Սաղ. 49։7-9)։ Բայց մեր սիրալիր Աստուածը կարեկցութիւն ցոյց տուաւ եւ կարգադրութիւն ըրաւ, որ անկէ ազատինք։ Յովհաննէս 3։16–ը կ’ըսէ, որ Եհովան իր միածին Որդին ղրկեց, որպէսզի մեզի համար մեռնի (Մատ. 20։28. Հռով. 5։19)։ դ22.06 3 ¶5-6

Երեքշաբթի, յուլիս 9

Ողորմած մարդը իր անձին աղէկութիւն կ’ընէ (Առ. 11։17)։

Յոբին հետ Եհովայի վարուած կերպէն յստակ դարձաւ, որ Եհովան ներողները պիտի ներէ։ Եղիփազ, Բաղդատ եւ Սոփար իրենց սուր խօսքերով խորապէս վիրաւորած էին հաւատարիմ Յոբը։ Եհովան Յոբին ըսաւ, որ իրենց համար աղօթէ։ Յոբ աղօթելէ ետք, ան զինք օրհնեց (Յոբ 42։8-10)։ Բարկացած մնալը կը վնասէ։ Բարկանալը ծանր բեռի մը պէս է, եւ Եհովան կ’ուզէ որ հանգստանանք՝ այդ բեռէն ձերբազատուելով (Եփ. 4։31, 32)։ Ան կը խրատէ. «Դադարէ՛ բարկութենէ ու սրդողիլը վերջացուր» (Սաղ. 37։8)։ Այդ խրատին հետեւիլը իմաստութիւն է, քանի որ բարկանալը կրնայ մեր ֆիզիքական եւ մտային առողջութեան վնասել (Առ. 14։30)։ Մեր բարկանալը մեզ վիրաւորողին չ’ազդեր, ճիշդ ինչպէս որ մեր թոյն խմելը իրեն չի վնասեր։ Ուրեմն, ուրիշներուն ներելով մենք մեզի նուէր կու տանք։ Մտքի ու սրտի խաղաղութիւն կը գտնենք եւ կը կարողանանք Եհովայի ծառայութիւնը շարունակել։ դ22.06 10 ¶9-10

Չորեքշաբթի, յուլիս 10

Հաւատքի ու սիրոյ զրահը մեր վրայ հագնինք ու փրկութեան յոյսին սաղաւարտը գլուխնիս դնենք (Ա. Թես. 5։8)։

Մեր յոյսը՝ այլաբանական սաղաւարտի մը պէս կը պաշտպանէ մեր մտածելակերպը եւ չի ձգեր, որ անձնակեդրոն կեանք մը ապրինք, ինչ որ Եհովայի հետ մեր փոխյարաբերութեան վնաս պիտի հասցնէ (Ա. Կոր. 15։33, 34)։ Մեր յոյսի սաղաւարտը կրնայ նաեւ մեզ պաշտպանել այն գաղափարէն, թէ Եհովան ուրախացնելու մեր ջանքերը պարապի են։ Յիշէ որ Յոբի կեղծ մխիթարիչներէն մէկը՝ Եղիփազը, նման գաղափարներ ըսաւ Յոբին։ Եղիփազ ըսաւ. «Մարդը ի՞նչ է, որ մաքուր ըլլայ»։ Եւ աւելցուց. «Ահա Աստուած իր սուրբերուն չի հաւատար ու երկինք անոր աչքերուն առջեւ մաքուր չէ» (Յոբ 15։14, 15)։ Ասոնք ի՜նչ սուտեր են։ Մի՛ մոռնար որ այս մտածելակերպին ետին Սատանան կայ։ Սատանան գիտէ, որ եթէ դուն քեզի թոյլ տաս կեդրոնանալու այսպիսի գաղափարներու վրայ, յոյսդ պիտի տկարանայ։ Փոխարէնը, մերժէ այս սուտերը։ Միտքդ կասկած թող չըլլայ, թէ Եհովան կ’ուզէ որ դուն յաւիտեան ապրիս եւ թէ ինք քեզի պիտի օգնէ, որ այդ նպատակակէտին հասնիս (Ա. Տիմ. 2։3, 4)։ դ22.10 25-26 ¶8-10

Հինգշաբթի, յուլիս 11

Յոբ իր շրթունքներովը չմեղանչեց (Յոբ 2։10)։

Սատանան ուզեց որ Յոբ հաւատար թէ կը չարչարուէր, քանի որ Եհովայի հաճութիւնը կորսնցուցած էր։ Օրինակ, Սատանան զօրաւոր հով գործածեց, որպէսզի փլէ այն տունը, ուր Յոբին տասը զաւակները միասին ճաշ կ’ուտէին (Յոբ 1։18, 19)։ Ան նաեւ պատճառ եղաւ, որ երկինքէն կրակ իջնէ եւ կործանէ ոչ միայն Յոբին հօտերը, հապա նաեւ անոր ծառաները, որոնք անոնց հոգ կը տանէին (Յոբ 1։16)։ Որովհետեւ հովն ու կրակը երկինքէն եկան, Յոբ եզրակացուց թէ անոնք Եհովայէն էին։ Եւ այս պատճառաւ մտածեց, թէ ինք կերպով մը Եհովան նեղացուցած էր։ Այսուհանդերձ, ան չուզեց իր երկնաւոր Հայրը անիծել։ Ան ընդունեց, որ տարիներու ընթացքին Եհովայէն բազմաթիւ լաւ բաներ ստացած էր։ Ուստի տրամաբանեց որ եթէ ուրախ էր լաւ բաները ընդունելու, ուրեմն պէտք է պատրաստ ըլլայ գէշ բաներն ալ ընդունելու։ Եւ ըսաւ. «Օրհնեալ ըլլայ Տէրոջը անունը» (Յոբ 1։20, 21)։ դ22.06 21 ¶7

Ուրբաթ, յուլիս 12

Իմ անուանս համար ամենուն ատելի պիտի ըլլաք։ Բայց ո՛վ որ մինչեւ վերջը համբերէ՝ անիկա պիտի ապրի (Մար. 13։13)։

Յիսուս իր աշակերտներուն նոյնանման զգուշացում մը տուաւ, որ գրուած է Յովհաննէս 17։14–ին մէջ։ Մենք այդ մարգարէութեան կատարումը մեր աչքով տեսած ենք, մանաւանդ վերջին 100 տարուան ընթացքին։ Ինչպէ՞ս։ 1914–ին Յիսուս Մեսիական Թագաւոր ըլլալէ կարճ ժամանակ ետք, Սատանան երկինքէն վար ձգուեցաւ եւ կործանումի դատապարտուած է (Յայտ. 12։9, 12)։ Բայց ան ձեռքերը ծալած չի սպասեր։ Սատանան կատղած է եւ իր բարկութիւնը Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ կը պարպէ (Յայտ. 12։13, 17)։ Անոր համար, Սատանայի աշխարհը որեւէ ժամանակէ աւելի կ’ատէ Աստուծոյ ժողովուրդը։ Բայց մենք պատճառ չունինք վախնալու Սատանայէն եւ անոր հետեւորդներէն։ Փոխարէնը, ունինք այն նոյն համոզումը, որ Պօղոս առաքեալ ունէր, երբ գրեց. «Եթէ Աստուած մեր կողմն է, ո՞վ պիտի ըլլայ մեզի հակառակ» (Հռով. 8։31)։ Ուրեմն, կրնանք Եհովայի հանդէպ կատարեալ վստահութիւն ունենալ։ դ22.07 18 ¶14-15

Շաբաթ, յուլիս 13

Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի (Մատ. 24։14)։

Յիսուս չէր մտահոգուեր, թէ աշխատողներուն թիւը բաւարար պիտի չըլլար, մինչ աշխարհին վերջը մօտենար։ Ան գիտէր, թէ սաղմոս գրողին մարգարէական խօսքերը պիտի կատարուէին. «Ժողովուրդդ քու զօրութեանդ օրը յօժարակամ պիտի ըլլայ» (Սաղ. 110։3)։ Ուրեմն, եթէ քարոզչութեան կը մասնակցիս, Յիսուսին եւ հաւատարիմ ծառային թիկունք կը կանգնիս եւ կ’օգնես, որ այս մարգարէութիւնը կատարուի։ Գործը յառաջ կ’երթայ, բայց դժուարութիւններ կան։ Դժուարութիւններէն մէկը, որ Թագաւորութեան քարոզիչները կ’ունենան, հակառակութիւնն է։ Հաւատուրացներ, կրօնական առաջնորդներ եւ քաղաքագէտներ շատերու սխալ գաղափար տուած են մեր գործին մասին։ Եթէ մեր ազգականները, ճանչուորները եւ գործընկերները այս փրոփականտէն ազդուին, թերեւս մեզ ճնշեն, որ Եհովային ծառայելէ եւ քարոզելէ դադրինք։ Կարգ մը երկիրներու մէջ, մեր թշնամիները մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն կը սպառնան, անոնց վրայ կը յարձակին կամ զիրենք կը ձերբակալեն եւ նոյնիսկ բանտը կը նետեն։ դ22.07 8 ¶1. 9 ¶5-6

Կիրակի, յուլիս 14

Շատ նեղութիւն կրելով կրնաք Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնել (Գործք 14։21)։

Եհովան կ’ակնկալէ, որ ժամանակ տանք Աստուածաշունչը կանոնաւորաբար սերտելու եւ մեր կարդացածին մասին խորապէս մտածելու։ Երբ մեր սորվածը կը գործադրենք, մեր հաւատքը աւելի կը զօրանայ, եւ մեր երկնաւոր Հօր աւելի կը մօտենանք։ Այսպիսով, ոյժ կ’առնենք փորձութիւններու տոկալու համար։ Եհովան նաեւ իր սուրբ հոգին կու տայ անոնց, որոնք իր Խօսքին կ’ապաւինին։ Եւ այդ հոգին կրնայ մեզի տալ «սովորականը գերազանցող ուժը» (ՆԱ), որ որեւէ փորձութեան տոկանք (Բ. Կոր. 4։7-10)։ Եհովայի օգնութեամբ, «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» առատութեամբ կը հրատարակէ յօդուածներ, վիտէօներ եւ երաժշտութիւն, որոնք կրնան մեզի օգնել զօրաւոր հաւատք ունենալու եւ հոգեւորապէս արթուն մնալու (Մատ. 24։45)։ Եհովան իր ժողովուրդը մարզած է, որ դժուար ժամանակներուն իրար սիրեն ու մխիթարեն (Բ. Կոր. 1։3, 4. Ա. Թես. 4։9)։ Մեր եղբայրներն ու քոյրերը պատրաստ են մեզի օգնելու, որ հաւատարիմ մնանք, երբ դժուարութիւններէ կ’անցնինք։ դ22.08 12 ¶12-13. 13 ¶14

Երկուշաբթի, յուլիս 15

Ջանա[ցէք] Սուրբ Հոգիին միաբանութիւնը խաղաղութեան կապովը պահել (Եփ. 4։3)։

Ազատօրէն խօսելով մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն լաւ յատկութիւններուն մասին, մենք կը զօրացնենք անոնց միջեւ եղող բարեկամութիւնները եւ իրարու միջեւ եղած սէրը։ Ատեններ, նոյնիսկ հասուն քրիստոնեաներ թերեւս իրարու հետ չհամաձայնին կամ վիճին։ Այս մէկը պատահեցաւ Պօղոս առաքեալին եւ իր մտերիմ ընկերոջ՝ Բառնաբասին հետ։ Այս երկու տղամարդիկը մեծ վիճաբանութիւն մը ունեցան, թէ Մարկոսը իրենց հետ միսիոնարական ճամբորդութեան տանի՛ն կամ ոչ։ Անոնք իրար վրայ պոռթկացին եւ իրարմէ զատուեցան (Գործք 15։37-39)։ Բայց Պօղոս, Բառնաբաս եւ Մարկոս իրարու հետ հաշտուեցան։ Ետքը, Պօղոս դրական կերպով խօսեցաւ Բառնաբասին եւ Մարկոսին մասին (Ա. Կոր. 9։6. Կող. 4։10)։ Մենք ալ պէտք է լուծենք որեւէ խնդիր, որ ժողովքին մէջ ուրիշներու հետ ունինք եւ շարունակենք կեդրոնանալ անոնց լաւ յատկութիւններուն վրայ։ Այդպէս, խաղաղութիւն ու միութիւն յառաջ պիտի մղենք։ դ22.08 23 ¶10-11

Երեքշաբթի, յուլիս 16

Մի՛ դատէք, որպէս զի չդատուիք (Մատ. 7։1)։

Մինչ շատ ջանք կը թափենք, որ Եհովայի արդար չափանիշներուն համաձայն ապրինք, պէտք է զգոյշ ըլլանք որ ուրիշները չդատենք եւ ինքնարդար չըլլանք։ Մենք մեր միտքը կը պահենք որ Եհովան է «բոլոր երկրի Դատաւորը» (Ծն. 18։25)։ Ան դատելու գործը մեզի չէ տուած։ Նկատի առ արդար Յովսէփին օրինակը։ Ան չդատեց ուրիշները՝ նոյնիսկ անոնք, որոնք իրեն հետ գէշ կերպով վարուեցան։ Իր եղբայրները իր վրայ յարձակեցան, զինք ստրկութեան ծախեցին եւ իրենց հայրը համոզեցին որ ան մեռած էր։ Տարիներ ետք, Յովսէփ իր ընտանիքին հետ միացաւ։ Ան, որ այն ատեն զօրաւոր կառավարիչ մըն էր, կրնար իր եղբայրները խստօրէն դատել եւ անոնցմէ վրէժ առնել։ Իր եղբայրները ատկէ՛ կը վախնային, թէեւ անկեղծօրէն զղջացած էին իրենց ըրածին համար։ Բայց Յովսէփ զիրենք վստահեցուց, ըսելով. «Մի՛ վախնաք, միթէ ես Աստուծոյ տե՞ղն եմ» (Ծն. 37։18-20, 27, 28, 31-35. 50։15-21)։ Ան խոնարհաբար վարուեցաւ եւ դատելը ձգեց Եհովային։ դ22.08 30 ¶18-19

Չորեքշաբթի, յուլիս 17

Երբ ձեռքէդ աղէկութիւն ընել կու գայ, կարօտ եղողէն մի՛ խնայեր զանիկա (Առ. 3։27)։

Գիտէի՞ր որ Եհովան կրնայ քեզ գործածել, որպէսզի մէկու մը ջերմեռանդ աղօթքին պատասխանէ։ Դուն կրնաս օգնել, ըլլա՛ս երէց, օգնական ծառայ, ռահվիրայ, հրատարակիչ, երիտասարդ կամ տարեց, եւ քոյր կամ եղբայր։ Երբ Եհովան սիրող մէկը իրմէ օգնութիւն կը խնդրէ, Եհովան կը գործածէ երէցները եւ ուրիշ հաւատարիմ ծառաներ, որպէսզի «մխիթարութիւն» ըլլան այդ անձին (Կող. 4։11)։ Ի՜նչ մեծ առանձնաշնորհում է՝ այդ կերպով ծառայել Եհովային եւ մեր եղբայրներուն։ Ատիկա ընելու առիթ կը բացուի, երբ հիւանդութիւն մը տարածուի, աղէտ մը ըլլայ կամ հալածանք սկսի։ Թերեւս կ’ուզենք ուրիշներուն օգնել, բայց ատիկա կրնայ դժուար ըլլալ, եթէ մեր ընտանիքն ալ օգնութեան պէտք ունի։ Բայց տակաւին կ’ուզենք մեր եղբայրներուն օգնել, եւ Եհովան կ’ուրախանայ, երբ իրենց համար մեր ամէն կարելին կ’ընենք (Առ. 19։17)։ դ22.12 22 ¶1-2

Հինգշաբթի, յուլիս 18

Այս է իմ պատուէրս, որ մէկզմէկ սիրէք, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի (Յովհ. 15։12)։

Սէրը վստահութեան հիմն է։ Յիսուս ըսաւ որ երկու մեծագոյն պատուիրաններն են՝ Եհովան սիրել եւ ընկերը սիրել (Մատ. 22։37-39)։ Եհովային հանդէպ մեր սէրը մեզ կը մղէ, որ իրեն պէս վստահելի ըլլանք։ Մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ մեր սէրը մեզ կը մղէ, որ իրենց անձնական հարցերը գաղտնի պահենք։ Բնաւ չենք ուզեր ըսել բան մը, որ իրենց վնաս պիտի հասցնէ, նեղ կացութեան պիտի մատնէ կամ պիտի ցաւցնէ։ Խոնարհութիւնն ալ մեզի պիտի օգնէ որ վստահելի ըլլանք։ Խոնարհ քրիստոնեան չի փորձեր ըլլալ առաջին անձը, որ ուրիշներուն բան մը կ’ըսէ՝ զիրենք տպաւորելու համար (Փլպ. 2։3)։ Նաեւ, ան չի փորձեր ինքզինք շատ կարեւոր մէկը ընել՝ ցուցնելով որ գիտէ բան մը, որ ուրիշներուն չի կրնար ըսել։ Ատկէ զատ, խոնարհ անձը չի տարածեր իր անձնական տեսակէտները հարցերու շուրջ, որոնք Աստուածաշունչին կամ մեր հրատարակութիւններուն մէջ չեն քննարկուած։ դ22.09 12 ¶12-13

Ուրբաթ, յուլիս 19

Գիտութիւնը պիտի շատնայ (Դան. 12։4)։

Հրեշտակ մը Դանիէլին ըսաւ, որ Աստուծոյ ժողովուրդը աւելի լիովին պիտի կարենար հասկնալ Դանիէլի գրքին մէջի մարգարէական խօսքերը, բայց ‘ամբարիշտ մը բնաւ պիտի չհասկնար’ (Դան. 12։10)։ Հիմա՛ է ժամանակը փաստելու, որ մենք չարերուն մաս չենք կազմեր (Մաղ. 3։16-18)։ Եհովան կը հաւաքէ անոնք, որոնք «սեփական գանձ» կը սեպէ, այսինքն՝ շատ թանկագին ստացուածք։ Եւ մենք անշուշտ կ’ուզենք անոնց մէջ ըլլալ։ Իսկապէս հետաքրքրական ժամանակներու մէջ կ’ապրինք։ Բայց մօտ ատենէն, շա՜տ աւելի ուշագրաւ դէպքեր պիտի պատահին։ Շուտով, պիտի տեսնենք թէ ինչպէ՛ս ամբողջ չարութիւնը վերջ պիտի գտնէ։ Ատկէ ետք, պիտի տեսնենք Դանիէլին տրուած Եհովայի խոստումին կատարումը. «Օրերուն վերջը քեզի շնորհուած տեղը պիտի կենաս» (Դան. 12։13)։ Կը սպասե՞ս այն օրուան, երբ Դանիէլը եւ սիրելիներդ ետ պիտի ‘կենան’։ Եթէ այո, ամէն կարելիդ ըրէ հիմա՛, որ հաւատարիմ ըլլաս։ Այդպէս ընելով կրնաս վստահ ըլլալ, որ անունդ գրուած պիտի մնայ Եհովայի կեանքի գիրքին մէջ։ դ22.09 24 ¶17. 25 ¶19-20

Շաբաթ, յուլիս 20

Ես քեզ կը ղրկեմ (Եզեկ. 2։3)։

Այս խօսքերը Եզեկիէլը զօրացուցած ըլլալու էին։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ան վստահաբար յիշեց, որ Եհովան նոյնանման խօսքեր ըսած էր Մովսէսին ու Եսայիին, երբ զիրենք նշանակեց որպէս մարգարէներ (Ել. 3։10. Եսա. 6։8)։ Եզեկիէլ նաեւ գիտէր, թէ Եհովան ինչպէ՛ս իրենց օգնած էր որ դժուարութիւններ յաղթահարէին։ Անոր համար, երբ Եհովան երկու անգամ իրեն ըսաւ. «Ես քեզ. . . կը ղրկեմ», լաւ պատճառ ունէր վստահ ըլլալու թէ ան իրեն պիտի օգնէր։ Ատկէ զատ, Եզեկիէլ գիրքին մէջ կրկին անգամ եկած է՝ «Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ» (Եզեկ. 3։16. 6։1)։ Ուրեմն, վստահաբար Եզեկիէլ համոզուած էր թէ Եհովան զինք ղրկած էր։ Ասկէ զատ, ան քահանայի որդի ըլլալով, հաւանաբար գիտէր թէ ինչպէ՛ս Եհովան պատմութեան ընթացքին իր մարգարէները վստահեցուց որ իրենց հետ էր։ Ան Իսահակին, Յակոբին եւ Երեմիային ըսած էր. «Ես քեզի հետ եմ» (Ծն. 26։24. 28։15. Եր. 1։8)։ դ22.11 3 ¶3

Կիրակի, յուլիս 21

Այս է յաւիտենական կեանքը (Յովհ. 17։3)։

Նոյնիսկ երբ Ադամն ու Եւան մեղք գործեցին եւ իրենց զաւակներուն վրայ մահը բերին, Եհովան իր նպատակը չփոխեց (Եսա. 55։11)։ Տակաւին իր նպատակն է որ հաւատարիմ մարդիկ յաւիտեան ապրին։ Նկատի առ բոլոր այն բաները, որոնք Եհովան ըսաւ եւ ըրաւ իր նպատակը իրականացնելու համար։ Ան խոստացած է, որ մեռելներուն յարութիւն պիտի տայ եւ իրենց առիթ պիտի տայ, որ յաւիտեան ապրին (Գործք 24։15. Տիտ. 1։1, 2)։ Հաւատարիմ Յոբը վստահ էր, թէ Եհովան իրապէս կ’ուզէ մեռելներուն յարութիւն տալ (Յոբ 14։14, 15)։ Իսկ Դանիէլ մարգարէն կը գիտակցէր, որ մարդիկ կրնան յարութիւն առնել եւ յաւիտեան ապրելու առիթը ունենալ (Սաղ. 37։29. Դան. 12։2, 13)։ Եւ Յիսուսի օրերու հրեաները գիտէին, որ Եհովան կրնար իր հաւատարիմ ծառաներուն «յաւիտենական կեանք» տալ (Ղուկ. 10։25. 18։18)։ Յիսուս ալ կրկին անգամ խօսեցաւ այս խոստումին մասին, եւ ինք ալ յարութիւն ստացաւ իր Հօր կողմէն (Մատ. 19։29. 22։31, 32. Ղուկ. 18։30. Յովհ. 11։25)։ դ22.12 4-5 ¶8-9

Երկուշաբթի, յուլիս 22

Ես քեզի՛ յուսացի, ո՛վ Տէր (Սաղ. 31։14)։

Եհովան մեզ կը հրաւիրէ, որ իրեն մօտենանք (Յակ. 4։8)։ Ան կ’ուզէ ըլլալ մեր Աստուածը, Հայրը եւ Բարեկամը։ Ան մեր աղօթքներուն կը պատասխանէ եւ կ’օգնէ մեզի դժուար ժամանակներուն։ Եհովան նաեւ իր կազմակերպութեան միջոցաւ մեզի կը սորվեցնէ եւ կը պաշտպանէ։ Մենք կրնանք Եհովային մօտենալ՝ իրեն աղօթելով, իր Խօսքը կարդալով եւ անոր վրայ խոկալով։ Այդպէս ընելով, մեր սիրտը կը լեցուի իրեն հանդէպ սիրով ու գնահատութեամբ, եւ կը մղուինք իրեն տալու այն հնազանդութիւնն ու փառաբանութիւնը, որոնց ան մեծապէս արժանի է (Յայտ. 4։10բ)։ Ո՛րքան աւելի Եհովան ճանչնանք, ա՛յնքան աւելի պիտի վստահինք իրեն եւ իր կազմակերպութեան, որ նշանակած է մեզի օգնելու համար։ Սակայն Սատանան կը փորձէ կամաց–կամաց այնպէս մը ընել, որ դադրինք Եհովային եւ իր կազմակերպութեան վստահելէ։ Բայց մենք կրնանք իր յարձակումներէն պաշտպանուիլ։ Երբ Եհովային հանդէպ զօրաւոր հաւատք եւ ամուր վստահութիւն ունենանք, զինք եւ իր կազմակերպութիւնը բնա՛ւ պիտի չձգենք (Սաղ. 31։13, 14)։ դ22.11 14 ¶1-3

Երեքշաբթի, յուլիս 23

Իրենց մարմինները կրակի տուին, որպէս զի իրենց Աստուծմէն զատ ուրիշ Աստուծոյ մը ծառայութիւն ու երկրպագութիւն չընեն (Դան. 3։28)։

Շատ մը քրիստոնեաներ իրենց ազատութիւնը եւ նոյնիսկ կեանքը վտանգի տակ դրած են Եհովայի սիրոյն՝ որպէս իրենց Գերիշխանը։ Անոնք վճռած են հաւատարիմ մնալ Եհովային, ինչպէս ըրին երեք եբրայեցիները, որոնք Բարձրեալին հաւատարիմ մնացին եւ ան զիրենք կրակի հնոցէն ազատեց։ Սաղմոսերգու Դաւիթ գրեց Աստուծոյ հանդէպ ուղղամիտ մնալուն կարեւորութեան մասին. «Տէրը պիտի դատէ ժողովուրդները. ո՛վ Տէր, իմ դատաստանս տես, իմ ունեցած անարատութեանս ու անմեղութեանս նայելով» (Սաղ. 7։8)։ Ան նաեւ գրեց. «Կատարելութիւնը եւ ուղղութիւնը զիս թող պահեն, վասն զի քեզի սպասեցի» (Սաղ. 25։21)։ Ապրելու լաւագո՛յն կերպն է՝ Եհովային հաւատարիմ մնալ։ Այն ատեն պիտի զգանք այն ինչ որ Սաղմոս գրողը ըսաւ. «Երանի՜ ճամբով անբիծներուն [«ուղղամիտներուն», ՆԱ], որոնք Տէրոջը օրէնքին մէջ կը քալեն» (Սաղ. 119։1)։ դ22.10 17 ¶18-19

Չորեքշաբթի, յուլիս 24

Ստեղծագործութեան ընդմէջէն կ’իմացուին ու կը տեսնուին Աստուծոյ աներեւոյթ յատկանիշները (Հռով. 1։20, ՆԹ)։

Յոբ իր կեանքին ընթացքին շատերու հետ խօսակցեցաւ։ Բայց իր ամէնէն տպաւորիչ խօսակցութիւնը Եհովա Աստուծոյ հետ էր։ Այդ խօսակցութեան ընթացքին, Եհովան Յոբին ըսաւ որ իր ստեղծած կարգ մը հիանալի բաներուն նայի։ Ասիկա Յոբին պիտի օգնէր, որ տեսնէ թէ Եհովան որքա՜ն իմաստուն է եւ իրեն պիտի վստահեցնէր, որ Ան կրնայ իր ծառաներուն բոլոր պէտքերը հոգալ։ Օրինակ, Եհովան Յոբին յիշեցուց որ ինք անասուններուն հոգ կը տանի։ Ուրեմն, կրնար Յոբին ալ հոգ տանիլ (Յոբ 38։39-41. 39։1, 5, 13-16)։ Ստեղծագործութիւնը դիտելով, Յոբը շա՛տ բան սորվեցաւ Եհովային յատկութիւններուն մասին։ Մենք ալ շատ բան կրնանք սորվիլ Աստուծոյ մասին, երբ որ ստեղծագործութիւնը դիտենք։ Բայց թերեւս ասիկա ընելը միշտ դիւրին չ’ըլլար։ Եթէ քաղաքի մը մէջ կ’ապրինք, թերեւս առիթը չունենանք որ ամէն օր բնութիւն տեսնենք։ Նոյնիսկ եթէ քաղաքէ դուրս կ’ապրինք, թերեւս շատ քիչ ժամանակ ունենանք, որ ստեղծագործութիւնը ուշի–ուշով դիտենք։ Բայց կ’արժէ ժամանակ տրամադրել եւ ջանք ընել, որ ստեղծագործութիւնը դիտենք։ դ23.03 15 ¶1-2

Հինգշաբթի, յուլիս 25

Խորագէտը չարիքը կը տեսնէ ու կը զգուշանայ (Առ. 22։3)։

Յիսուս ըսաւ, որ «մեծ երկրաշարժներ» եւ ուրիշ աղէտներ պիտի ըլլային վերջը գալէն առաջ (Ղուկ. 21։11)։ Ան նաեւ ըսաւ որ ‘անօրէնութիւնը պիտի շատնար’, ինչ որ այսօր կը տեսնենք։ Օրինակ, կը տեսնենք չարագործութիւններ, բռնութիւն եւ ահաբեկչութիւն (Մատ. 24։12)։ Յիսուս չըսաւ որ այդ ցաւալի բաները պիտի պատահէին միայն անոնց, որոնք Եհովան մերժած են։ Իրականութեան մէջ, Եհովայի հաւատարիմ ծառաներէն շատեր աղէտներու զոհ գացած են (Եսա. 57։1. Բ. Կոր. 11։25)։ Եհովան թերեւս մեզ հրաշքով չպաշտպանէ բոլոր աղէտներէն, բայց մեզի պիտի տայ պէտք եղածը, որպէսզի մնանք հանդարտ եւ խաղաղ։ Մեզի համար ասիկա ընելը աւելի դիւրին պիտի ըլլայ, եթէ ատոր համար առաջուընէ պատրաստուած ենք։ Բայց պատրաստուիլը կը նշանակէ՞ որ մենք Եհովային հանդէպ հաւատք չունինք։ Ընդհակառա՛կը։ Աղէտի մը համար նախապատրաստուիլը ցոյց կու տայ, որ մենք հաւատք ունինք որ Եհովան կարող է մեզի հոգ տանիլ։ Ինչո՞ւ այդպէս կ’ըսենք։ Աստուծոյ Խօսքը մեզի կ’ըսէ որ աղէտներու համար նախապատրաստուինք։ դ22.12 18 ¶9-10

Ուրբաթ, յուլիս 26

Աստուած ղրկեց զիս ձեր առջեւէն՝ կեանք պահելու համար (Ծն. 45։5)։

Երբ Յովսէփ բանտն էր, Եհովան Եգիպտոսի թագաւորին երկու մտահոգեցնող երազներ տուաւ։ Երբ թագաւորը գիտցաւ որ Յովսէփ կարողութիւնը ունէր երազներ մեկնաբանելու, զինք կանչեց։ Եհովայի օգնութեամբ, Յովսէփ երազները մեկնաբանեց, եւ փարաւոն տպաւորուեցաւ այն գործնական խրատով, որ իրեն տուաւ։ Երբ փարաւոն տեսաւ թէ Եհովան այս երիտասարդին հետ էր, զինք նշանակեց որ ամբողջ Եգիպտոսի մէջ ուտելիք ապահովէ (Ծն. 41։38, 41-44)։ Ետքը, խիստ սով մը եղաւ, որմէ ազդուեցաւ ոչ միայն Եգիպտոսը, հապա նաեւ Քանանը, ուր Յովսէփին ընտանիքը կ’ապրէր։ Հիմա Յովսէփ կրնար իր ընտանիքը ազատել եւ այսպէս պահպանել այն սերունդը, որմէ Մեսիան պիտի գար։ Յստակ է որ Եհովա՛ն Յովսէփին ամէն բանի մէջ յաջողութիւն տուաւ։ Վերջաւորութեան, Եհովան Յովսէփի եղբայրներուն չար ծրագիրը օգտագործեց որպէսզի իր նպատակը կատարէ։ դ23.01 17 ¶11-12

Շաբաթ, յուլիս 27

Զգուշացէք ձեր անձերուն (Ղուկ. 21։34)։

Այն անհատը որ կը զգուշանայ իր անձին՝ կամ ինքնիրեն ուշադիր կ’ըլլայ, կը տեսնէ այն վտանգները, որոնք Եհովային հետ իր ունեցած փոխյարաբերութեան գէշ կերպով պիտի ազդեն, եւ պէտք եղած քայլերը կ’առնէ, որ անոնցմէ հեռու մնայ։ Այսպիսով, ան Աստուծոյ սիրոյն մէջ կը մնայ (Առ. 22։3. Յդ. 20, 21)։ Պօղոս առաքեալն ալ քրիստոնեաներուն խրատ տուաւ, որ իրենք իրենց անձերուն ուշադիր ըլլան։ Օրինակի համար, ան Եփեսացի քրիստոնեաներուն ըսաւ. «Նայեցէք որ զգուշութեամբ քալէք, ո՛չ թէ անմիտներու պէս, հապա իմաստուններու պէս» (Եփ. 5։15, 16)։ Մեր հոգեւորութիւնը միշտ վտանգի տակ է, ատոր համար Աստուածաշունչը մեզի խրատ կու տայ, որ ‘իմանանք թէ ի՛նչ է Տէրոջը կամքը’, որպէսզի կրնանք որեւէ մէկ տեսակ վտանգի հետ գլուխ ելլել (Եփ. 5։17)։ Իմաստուն որոշումներ առնելու համար, պէտք է որ գիտնանք թէ ի՛նչ է «Տէրոջը կամքը»։ Ասիկա կրնանք ընել կանոնաւորաբար Աստուծոյ Խօսքը սերտելով եւ անոր վրայ խոկալով։ Ո՛րքան աւելի Եհովային կամքը հասկնանք եւ «Քրիստոսին միտքը» ունենանք, ա՛յնքան աւելի «իմաստուններու պէս» պիտի քալենք, նոյնիսկ երբ մասնաւոր օրէնքներ չկան թէ ի՛նչ կերպով պէտք է վարուինք (Ա. Կոր. 2։14-16)։ դ23.02 16-17 ¶7-9

Կիրակի, յուլիս 28

Ձեր մտքին նորոգութիւնովը նորոգուեցէ՛ք, որպէս զի քննէք թէ ի՞նչ է Աստուծոյ կամքը, որ բարի ու հաճելի եւ կատարեալ է (Հռով. 12։2)։

Տունդ որքա՞ն յաճախ կը մաքրես։ Թերեւս առաջ որ փոխադրուիս, զայն ծայրէ ծայր մաքրեցիր։ Ի՞նչ պիտի ըլլայ եթէ անկէ ետք անգամ մըն ալ տունդ չմաքրես։ Շուտով ամէն տեղ ետ փոշի պիտի ըլլայ։ Ուրեմն, որպէսզի տունդ շարունակ աչքի հաճելի ըլլայ, պէտք է որ զայն կանոնաւորաբար մաքրես։ Նոյնպէս պէտք է շարունակ ջանք թափենք մեր մտածելակերպին եւ անձնաւորութեան նկատմամբ։ Անշուշտ, մկրտուելէ առաջ շատ ջանք ըրինք որ մեր կեանքին մէջ պէտք եղած փոփոխութիւնները ընենք՝ ‘մեր անձերը մարմնի ու հոգիի ամէն կերպ պղծութենէ մաքրելու համար’ (Բ. Կոր. 7։1)։ Բայց հիմա պէտք է հետեւինք Պօղոսի խրատին, որ ‘շարունակենք մեր տիրապետող մտածելակերպը նորոգել’ (Եփ. 4։23, ՆԱ)։ Այս աշխարհի «փոշին» կրնայ դիւրաւ մեր վրայ հաւաքուիլ։ Որպէսզի այդպէս չըլլայ եւ որպէսզի Եհովային աչքին հաճելի մնանք, պէտք է որ կանոնաւորաբար քննենք մեր մտածելակերպը, անձնաւորութիւնը եւ ցանկութիւնները։ դ23.01 8 ¶1-2

Երկուշաբթի, յուլիս 29

Տեսաւ Աստուծոյ Հոգին, որ աղաւնիի պէս կ’իջնէր ու կու գար իր վրայ (Մատ. 3։16)։

Երեւակայէ թէ ի՜նչ աղուոր բան մըն էր Յիսուսին մտիկ ընելը, երբ ան կը սորվեցնէր։ Յիսուս շատ անգամ Սուրբ Գրութիւններէն մէջբերեց, նոյնիսկ գոց ըսաւ։ Երբ ան մկրտուեցաւ եւ սուրբ հոգիով օծուեցաւ, ետ յիշեց երկինքին մէջ իր ունեցած յիշատակները։ Իրականութեան մէջ, ան սկսաւ Սուրբ Գրութիւններէն մէջբերել իր մկրտութենէն անմիջապէս ետք, եւ շարունակեց ասիկա ընել նոյնիսկ իր մեռնելէն առաջ իր վերջին խօսքերուն մէջ (Բ. Օր. 8։3. Սաղ. 31։5. Ղուկ. 4։4. 23։46)։ Եւ իր ամբողջ երեքուկէս տարուան ծառայութեան ընթացքին, Յիսուս շատ անգամ մարդոց առջեւ Սուրբ Գրութիւնները կարդաց, անոնք մէջբերեց եւ բացատրեց (Մատ. 5։17, 18, 21, 22, 27, 28. Ղուկ. 4։16-20)։ Յիսուս իր ծառայութիւնը սկսելէն տարիներ առաջ, Աստուծոյ Խօսքը կը կարդար ու կը լսէր։ Տունին մէջ, Յիսուս վստահաբար Սուրբ Գրութիւններէն համարներ կը լսէր Յովսէփէն ու Մարիամէն (Բ. Օր. 6։6, 7)։ Ասկէ զատ, վստահաբար Յիսուս ամէն շաբաթ իր ընտանիքին հետ ժողովարան կ’երթար (Ղուկ. 4։16)։ Եւ հոն ուշադրութեամբ կը լսէր այն ինչ որ Սուրբ Գրութիւններէն կը կարդացուէր։ դ23.02 8 ¶1-2

Երեքշաբթի, յուլիս 30

Քու Տէր Աստուածդ սիրես (Մար. 12։30)։

Եհովան սիրելու շատ մը պատճառներ կան։ Օրինակի համար, դուն սորվեցար որ ան «կեանքի աղբիւր»ն է եւ թէ ան կու տայ «ամէն բարի տուրք ու ամէն կատարեալ պարգեւ» (Սաղ. 36։9. Յակ. 1։17)։ Քու վայելած ամէն մէկ նուէրդ մեր առատաձեռն եւ սիրոյ Հօրմէն կու գայ։ Եհովան մեզի տուած է հոյակապ նուէր մը՝ փրկանքը։ Ինչո՞ւ այդպէս կ’ըսենք։ Նկատի առ Եհովային եւ իր Որդիին միջեւ եղած կապը։ Յիսուս ըսաւ. «Իմ Հայրս զիս կը սիրէ» եւ «Ես Հայրը կը սիրեմ» (Յովհ. 10։17. 14։31)։ Միլիառաւոր տարիներու ընթացքին, իրենց միջեւ եղած կապը աւելի զօրացաւ (Առ. 8։22, 23, 30)։ Վայրկեան մը երեւակայէ որ Աստուած որքա՛ն ցաւ զգաց, երբ թոյլ տուաւ որ իր Որդին չարչարուի եւ մեռնի։ Եհովան մարդկութիւնը, դուն ալ մէջը ըլլալով, այնքա՛ն սիրեց, որ յօժար էր իր սիրելի Որդին զոհելու, որպէսզի դուն եւ ուրիշներ կրնաք յաւիտեան ապրիլ (Յովհ. 3։16. Գաղ. 2։20)։ Չկայ ասկէ աւելի զօրաւոր պատճառ մը որ Աստուած սիրես։ դ23.03 4-5 ¶11-13

Չորեքշաբթի, յուլիս 31

Զայն որ ունիք՝ պահեցէք (Յայտ. 2։25)։

Պէտք է հաւատուրացներուն սորվեցուցածները մերժենք։ Յիսուս յանդիմանեց Պերգամոնի մէջ ոմանք, քանի որ ժողովքին մէջ բաժանումներ կը պատճառէին (Յայտ. 2։14-16)։ Ան գովեց Թիւատիրի քրիստոնեաները՝ «Սատանային ծածուկ բաներ»էն հեռու մնալնուն համար, եւ զիրենք քաջալերեց որ ճշմարտութիւնը ‘պահեն’ (Յայտ. 2։24-26)։ Հոն եղող տկար քրիստոնեաները, որոնք սկսած էին սուտ ուսուցումներու հետեւիլ, պէտք էր զղջային։ Ի՞նչ է դասը մեզի համար։ Մենք պէտք է Եհովային մտքին հակառակ եղող որեւէ ուսուցում մերժենք։ Հաւատուրացները թերեւս «աստուածպաշտութեան կերպարանքը» ունենան, բայց անոնք «անոր զօրութիւնը ուրացած են» (Բ. Տիմ. 3։5)։ Մեզի համար աւելի դիւրին պիտի ըլլայ այդպիսի սուտ ուսուցումներ զանազանել եւ մերժել, եթէ Աստուծոյ Խօսքին ժրաջան աշակերտներ ըլլանք (Բ. Տիմ. 3։14-17. Յդ. 3, 4)։ Պէտք է վստահ ըլլանք, թէ մեր պաշտամունքը Եհովային ընդունելի է։ Եթէ բան մը կ’ընենք, որ մեր պաշտամունքը անընդունելի կը դարձնէ, պէտք է անմիջապէս գործի անցնինք, որպէսզի հարցը շտկենք (Յայտ. 2։5, 16. 3։3, 16)։ դ22.05 4 ¶9. 5 ¶11

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել