Յունիս
Շաբաթ, յունիս 1
Մարմինս որդերով ու հողի կոշտերով ծածկուած է։ Մորթս կը ճեղքուի ու կը հալի (Յոբ 7։5)։
Յոբ շատ աղուոր կեանք մը ունէր։ Ան Եհովային հետ մտերիմ բարեկամութիւն կը վայելէր։ Մեծ եւ ուրախ ընտանիք ունէր ու շատ հարուստ էր (Յոբ 1։1-5)։ Բայց միայն մէկ օրուան մէջ, ան գրեթէ իր ամէն ունեցածը կորսնցուց։ Նա՛խ, իր հարստութիւնը կորսնցուց (Յոբ 1։13-17)։ Ետքը, իր բոլոր զաւակները մեռան։ Երեւակայէ այն ցնցումը, վիշտը եւ յուսահատութիւնը, որ Յոբ ու իր կինը ունեցան, երբ լսեցին որ իրենց տասը զաւակներն ալ մեռան։ Զարմանալի չէ որ Յոբ իր պատմուճանը պատռեց եւ գետին ինկաւ (Յոբ 1։18-20)։ Ետքը, Սատանան Յոբին շատ ցաւալի ու նեղացուցիչ հիւանդութիւն մը տուաւ (Յոբ 2։6-8)։ Ատեն մը, Յոբ մեծապէս յարգուած էր իր շրջանակին կողմէ։ Մարդիկ խրատի համար իրեն կը դիմէին (Յոբ 31։18)։ Բայց հիմա իրմէ հեռու կը մնային։ Ան մերժուած էր իր եղբայրներուն եւ մտերիմ բարեկամներուն կողմէ, եւ նոյնիսկ իր տան ծառաները իր երեսին չէին նայեր (Յոբ 19։13, 14, 16)։ դ22.06 21 ¶5-6
Կիրակի, յունիս 2
Ամէն բան [սիրով] աճեցնենք (Եփ. 4։15)։
Մկրտուելէ ետք, բոլորս պէտք է հետեւինք այն խրատին, որ Պօղոս առաքեալ տուաւ Եփեսոսի մէջ գտնուող հաւատակիցներուն։ Ան զանոնք քաջալերեց, որ շարունակեն յառաջդիմել, ըսելով որ «կատարեալ» քրիստոնեաներ դառնան (Եփ. 4։13)։ Արդէն Եհովան շա՜տ կը սիրես։ Բայց անոր հանդէպ սէրդ կրնայ աճիլ։ Պօղոս առաքեալ կերպ մը ցոյց տուաւ, որ գրուած է Փիլիպպեցիս 1։9–ին մէջ։ Պօղոս աղօթեց, որ փիլիպպեցիներուն սէրը «հետզհետէ աւելի շատնայ»։ Ուրեմն, Եհովայի հանդէպ մեր սէրը կրնա՛յ աճիլ։ Ինչպէ՞ս։ Ճշգրիտ ‘գիտութիւն ու իմաստութիւն’ ձեռք ձգելով։ Եհովան ո՛րքան աւելի կը ճանչնանք, ա՛յնքան աւելի զինք կը սիրենք եւ կը գնահատենք իր անձնաւորութիւնը եւ գործելակերպը։ Զինք հաճեցնելու մեր փափաքը կ’աւելնայ, եւ բնա՛ւ չենք ուզեր ընել բան մը, որ զինք յուսախաբ կ’ընէ։ Մեր լաւագոյնը կ’ընենք, որ հասկնանք թէ մեզմէ ի՛նչ կ’ուզէ եւ թէ ինչպէ՛ս կրնանք ատիկա ընել։ դ22.08 2-3 ¶3-4
Երկուշաբթի, յունիս 3
Յիսուս Քրիստոսին յայտնութիւնը, որ Աստուած տուաւ իր ծառաներուն ցուցնելու ինչ որ շուտով պիտի ըլլայ (Յայտ. 1։1)։
Յայտնութիւն գրքին մէջ գրուածը ոչ թէ ընդհանուր մարդկութեան համար է, հապա՝ Աստուծոյ նուիրուած ծառաներուն համար։ Աստուծոյ ժողովուրդը ըլլալով, չենք զարմանար գիտնալով որ բաժին կը բերենք այս հիանալի գրքին մարգարէութիւններուն կատարումին մէջ։ Տարեց Յովհաննէս առաքեալը յստակացուց, թէ այդ մարգարէութիւններուն կատարման ժամանակը ե՛րբ պիտի ըլլար։ Ան ըսաւ. «Ներշնչմամբ յայտնուեցայ Տէրոջ օրուան մէջ» (Յայտ. 1։10, ՆԱ)։ Երբ Յովհաննէս այս խօսքը գրեց շուրջ Ք.Ե. 96–ին, «Տէրոջ օրը» տակաւին շատ հեռու էր (Մատ. 25։14, 19. Ղուկ. 19։12)։ Աստուածաշունչի մարգարէութիւնը ցոյց կու տայ, որ այդ օրը սկսաւ 1914–ին, երբ Յիսուս երկնքի մէջ Թագաւոր եղաւ։ Այդ տարիէն սկսեալ, Յայտնութիւն գրքին մարգարէութիւնները, որոնք կապ ունին Աստուծոյ ժողովուրդին հետ, սկսան կատարուիլ։ Այո, մենք հիմա կ’ապրինք «Տէրոջ օրուան մէջ» (Յայտ. 1։3, ՆԱ)։ դ22.05 2 ¶2-3
Երեքշաբթի, յունիս 4
Գազանը բռնուեցաւ ու անոր հետ սուտ մարգարէն (Յայտ. 19։20)։
Գազանը եւ սուտ մարգարէն տակաւին ողջ ըլլալով, ծծումբով վառուած կրակին լիճը ձգուեցան։ Ուրեմն, մինչ Աստուծոյ այս քաղաքական թշնամիները տակաւին կ’իշխեն, միանգամ ընդմիշտ պիտի ոչնչացուին։ Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ մեզի համար։ Որովհետեւ քրիստոնեաներ ենք, պէտք է Աստուծոյ եւ իր Թագաւորութեան հաւատարիմ ըլլանք (Յովհ. 18։36)։ Պէտք է չէզոք մնանք՝ աշխարհի քաղաքականութիւններուն չխառնուելով։ Սակայն չէզոք մնալը կրնայ շատ դժուար ըլլալ, քանի որ կառավարութիւնները կը պահանջեն, որ իրենց թիկունք կանգնինք մեր խօսքերով ու գործերով։ Անոնք, որոնք իրենց ճնշումին տեղի կու տան, գազանին դրոշմը կը ստանան (Յայտ. 13։16, 17)։ Եւ այդ դրոշմը ստացողը պիտի չունենայ Եհովայի հաճութիւնը եւ յաւիտենական կեանքի յոյսը (Յայտ. 14։9, 10. 20։4)։ Շատ կարեւոր է, որ իւրաքանչիւրս լման կերպով չէզոք մնանք, ի՛նչ ճնշումի տակ ալ դրուինք կառավարութիւններուն կողմէ։ դ22.05 10-11 ¶12-13
Չորեքշաբթի, յունիս 5
Իր գործին մէջ ժիր մարդ մը կը տեսնե՞ս, անիկա թագաւորներուն առջեւ պիտի կենայ, բայց աննշան մարդոց առջեւ պիտի չկենայ (Առ. 22։29)։
Կրնաս նպատակակէտ դնել՝ օգտակար հմտութիւն մը սորվիլ։ Եթէ մեր հմտութիւնները զարգացնենք, պատրաստ պիտի ըլլանք աւելի պատասխանատուութիւններ շալկելու։ Պահ մը մտածէ. Բեթէլի համալիրներու, համաժողովի սրահներու եւ Թագաւորութեան սրահներու շինարարութիւնը կը պահանջէ մեծ թիւով աշխատաւորներ։ Այդ ծրագիրներուն մասնակցողներէն շատեր հմտութիւններ սորված են, աշխատելով վարպետ եղբայրներու հետ։ Ներկայիս, եղբայրներ ու քոյրեր համաժողովի սրահներ եւ Թագաւորութեան սրահներ նորոգելու համար պէտք եղած հմտութիւնները կը սորվին։ Այս եւ ուրիշ կերպերով, Եհովա Աստուած՝ «յաւիտենականութեան Թագաւոր»ը, եւ Քրիստոս Յիսուս՝ «թագաւորներուն Թագաւորը», հրաշալի բաներ կ’իրագործեն հմուտ աշխատաւորներու միջոցով (Ա. Տիմ. 1։17, ՆԱ. 6։15)։ Մենք կ’ուզենք ծանր աշխատիլ եւ մեր հմտութիւնները գործածել Եհովա՛ն փառաւորելու համար, եւ ոչ թէ մենք մեզ (Յովհ. 8։54)։ դ22.04 24 ¶7. 25 ¶11
Հինգշաբթի, յունիս 6
Արծաթը հովանի է (Ժող. 7։12, ԱԾ)։
Սողոմոն մեծահարուստ էր եւ շքեղ պալատի մը մէջ կ’ապրէր (Գ. Թագ. 10։7, 14, 15)։ Միւս կողմէ, Յիսուս քիչ ստացուածք ունէր եւ անձնական տուն չունէր (Մատ. 8։20)։ Բայց եւ այնպէս, երկուքն ալ նիւթական բաներուն նկատմամբ հաւասարակշռուած տեսակէտ ունէին, քանի որ իրենց իմաստութիւնը Եհովա Աստուծմէ էր։ Սողոմոն ընդունեց, որ դրամով կրնանք կեանքի անհրաժեշտ պէտքերը եւ մեր սրտին փափաքած կարգ մը բաները ձեռք ձգել։ Բայց Սողոմոն հարուստ ըլլալով հանդերձ, գիտակցեցաւ որ դրամէն աւելի կարեւոր բաներ կան։ Օրինակ, ան գրեց. «Բարի անունը շատ հարստութենէն աւելի ընտիր է» (Առ. 22։1)։ Ան նաեւ նկատեց, որ քիչ կը պատահի որ անոնք՝ որոնք դրամը կը սիրեն, իրենց ունեցածով գոհունակ ըլլան (Ժող. 5։10, 12)։ Եւ ան զգուշացուց մեր ամբողջ վստահութիւնը դրամին վրայ դնելէ, քանի որ մեր ունեցած դրամը կրնայ արագօրէն շոգիանալ (Առ. 23։4, 5)։ դ22.05 21 ¶4-5
Ուրբաթ, յունիս 7
Տէրը պիտի սպասէ, որպէս զի ձեզի գթութիւն ընէ ու պիտի բարձրանայ, որպէս զի ձեզի ողորմի. քանզի Տէրը արդար Աստուած մըն է։ Երանի՜ այն ամենուն, որ անոր կը սպասեն (Եսա. 30։18)։
Երբ մեր ներկայ օրհնութիւններուն վրայ խոկանք, Եհովայի հետ մեր փոխյարաբերութիւնը պիտի զօրանայ։ Իսկ ապագայ օրհնութիւններուն վրայ խոկալը պիտի օգնէ, որ Եհովային յաւիտեան ծառայելու մեր յոյսը մեզի համար իրական դառնայ։ Այս ամէնը մեզի պիտի օգնէ, որ Եհովային աւելի ուրախութեամբ ծառայենք։ Եհովան մեզի համար «պիտի բարձրանայ», երբ այս չար աշխարհին վերջ դնէ։ Ան՝ «արդար Աստուած մը» ըլլալով, պիտի չձգէ որ Սատանայի աշխարհը մնայ մէկ օր աւելի, քան ինչ որ արդարութիւնը կը պահանջէ (Եսա. 25։9)։ Անոր համար, մենք Եհովային հետ համբերութեամբ կը սպասենք, որ փրկութեան օրը գայ։ Մինչ այդ, վճռած ենք շարունակել աղօթել, Աստուծոյ Խօսքը սերտել ու գործադրել, եւ մեր օրհնութիւններուն վրայ խոկալ։ Եթէ այդպէս ընենք, Եհովան մեզի պիտի օգնէ որ մեր պաշտամունքին մէջ ուրախութեամբ տոկանք։ դ22.11 13 ¶18-19
Շաբաթ, յունիս 8
Քու մօրդ օրէնքը մի՛ մերժեր (Առ. 1։8)։
Թէեւ Աստուածաշունչը չի խօսիր Տիմոթէոսի մկրտութեան մասին, բայց դժուար չէ երեւակայել այն ուրախութիւնը, որ իր մայրը՝ Եւնիկէ՝ ունեցաւ այդ օրը (Առ. 23։25)։ Ան յաջողած էր իր տղուն սորվեցնել, որ սիրէ Եհովան եւ իր Որդին՝ Յիսուս Քրիստոսը։ Տիմոթէոս մեծցաւ կրօնապէս բաժնուած ընտանիքի մէջ։ Իր հայրը յոյն էր, իսկ մայրն ու մեծ մայրը հրեաներ էին (Գործք 16։1)։ Հաւանաբար երբ Տիմոթէոս պատանի էր, Եւնիկէն եւ Լաւոդիան նոր կրօնք մը ընդունեցին. քրիստոնէութիւնը։ Բայց իր հայրը քրիստոնեայ չդարձաւ։ Տիմոթէոս ի՞նչ կրօնք պիտի ընտրէր։ Ներկայիս, քրիստոնեայ մայրերն ալ իրենց ընտանիքը կը սիրեն։ Անոնց ամբողջ փափաքն է իրենց զաւակներուն օգնել, որ Եհովային հետ մտերիմ բարեկամութիւն ունենան։ Եւ մեր Աստուածը մեծապէս կ’արժեւորէ անոնց թափած ջանքերը (Առ. 1։8, 9)։ Եհովան բազմաթիւ մայրեր առաջնորդած է, մինչ անոնք իրենց զաւակներուն օգնած են, որ ճշմարտութիւնը ընդունին։ դ22.04 16 ¶1-3
Կիրակի, յունիս 9
Աստուած անոնց սրտին մէջ դրաւ, որ իր կամքը կատարեն (Յայտ. 17։17)։
Մօտ ատենէն Եհովան այդ քաղաքական ուժերուն սրտին մէջ պիտի դնէ, որ «իր կամքը կատարեն»։ Արդիւնքը ի՞նչ պիտի ըլլայ։ Այդ քաղաքական ուժերը՝ «տասը թագաւորները», սուտ կրօնական կազմակերպութիւններուն վրայ պիտի յարձակին եւ զանոնք պիտի բնաջնջեն (Յայտ. 17։1, 2, 12, 16)։ Ինչպէ՞ս գիտենք որ Մեծ Բաբելոնին վերջը մօտ է։ Այս հարցումին պատասխանը գիտնալու համար, օգտակար է յիշել որ հին Բաբելոն քաղաքը մասամբ պաշտպանուած էր Եփրատ գետի ջուրերով։ Յայտնութիւն գիրքը Մեծ Բաբելոնի միլիոնաւոր հետեւորդները կը նմանցնէ զայն պաշտպանող «ջուրեր»ու (Յայտ. 17։15)։ Բայց անիկա նաեւ կը յայտնէ, որ ջուրերը պիտի ցամքէին, ինչ որ կը նշանակէ թէ բոլոր սուտ կրօնքները իրենց հետեւորդներէն շատեր պիտի կորսնցնէին (Յայտ. 16։12)։ Այս մարգարէութիւնը ինչպէ՞ս կը կատարուի։ Ներկայիս, բաւական մարդիկ սուտ կրօնքը ձգած են եւ իրենց խնդիրներուն լուծումները ուրիշ տեղ կը փնտռեն։ դ22.07 5-6 ¶14-15
Երկուշաբթի, յունիս 10
Դատաստանը անողորմ պիտի ըլլայ անոր որ ողորմութիւն չ’ըներ եւ ողորմութիւնը կը պարծենայ դատաստանին դիմաց (Յակ. 2։13)։
Երբ կը ներենք, ցոյց կու տանք որ Եհովայի ողորմութիւնը կը գնահատենք։ Առակի մը մէջ, Յիսուս Եհովան նմանցուց տիրոջ մը, որ իր ծառաներէն մէկուն մեծ պարտքը իրեն շնորհեց։ Բայց ծառան ողորմութեամբ չվարուեցաւ ծառայակիցի մը հետ, որ իրեն չնչին գումար մը պարտական էր (Մատ. 18։23-35)։ Այսպէս Յիսուս մեզի սորվեցուց, որ եթէ իրապէս կը գնահատենք մեզի հանդէպ Եհովայի ցոյց տուած մեծ ողորմութիւնը, պիտի մղուինք ուրիշներուն ներելու (Սաղ. 103։9)։ Տարիներ առաջ, Դիտարան–ը ըսաւ. «Մեր ընկեր արարածին որքա՛ն ալ շատ ներենք, պիտի չհասնինք Աստուծոյ ներումին տարողութեան, որ մեզի հանդէպ ցոյց տուաւ Քրիստոսի զոհին հիման վրայ»։ Ներողները պիտի ներուին։ Եհովան կ’ողորմի անոնց, որոնք ողորմութիւն ցոյց կու տան (Մատ. 5։7)։ Յիսուս ատիկա յստակ դարձուց, երբ աշակերտներուն սորվեցուց ինչպէս աղօթել (Մատ. 6։14, 15)։ դ22.06 10 ¶8-9
Երեքշաբթի, յունիս 11
Երկրի բոլոր ազգերը քու սերունդովդ պիտի օրհնուին (Ծն. 22։18)։
Յիսուս երկիր եկաւ որպէս մարդ արարած։ Ան կատարելապէս ընդօրինակեց իր Հօր անձնաւորութիւնը (Յովհ. 14։9)։ Ուստի, Յիսուսին մասին սորվելով, մենք կրցած ենք Եհովա Աստուածը ճանչնալ ու սիրել։ Նաեւ օգտուած ենք Յիսուսի սորվեցուցածներէն եւ այն կերպէն, որով ներկայիս քրիստոնէական ժողովքը կ’առաջնորդէ։ Ան մեզի սորվեցուցած է ապրիլ այնպիսի կերպով մը, որ Եհովային հաճութիւնը ունենանք։ Եւ Յիսուսի մեռնիլը բոլորիս կ’օգտէ։ Երբ Յիսուս յարութիւն առաւ, Եհովան ընդունեց անոր կատարեալ զոհը, որ «մեզ ամէն մեղքէ կը սրբէ» (Ա. Յովհ. 1։7)։ Յիսուս այժմ փառաւոր եւ անմահ Թագաւոր է։ Մօտ ատենէն, ան օձին գլուխը պիտի ջախջախէ (Ծն. 3։15)։ Աստուծոյ ծառաները որքա՜ն ուրախ պիտի ըլլան, երբ Սատանան բնաջնջուի։ Մինչ այդ, մի՛ յանձնուիր։ Մեր Աստուածը վստահելի է։ Ան անհամար օրհնութիւններ պիտի բերէ ‘երկրի բոլոր ազգերուն’։ դ22.07 18 ¶13. 19 ¶19
Չորեքշաբթի, յունիս 12
Այդ նեղութիւններուն մէջ ապրելու կոչուած ենք (Ա. Թես. 3։3, ՆԹ)։
Պէտք է ճկուն ըլլանք, երբ նպատակակէտեր կը դնենք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ մեր պարագաները մեր ձեռքը չեն։ Նկատի առնենք օրինակ մը։ Պօղոս առաքեալ օգնեց, որ Թեսաղոնիկէի մէջ նոր ժողովք հաստատուի։ Բայց հակառակորդները զինք ստիպեցին, որ այդ քաղաքէն հեռանայ (Գործք 17։1-5, 10)։ Եթէ ան հոն մնար, եղբայրներուն կեանքը վտանգի տակ պիտի դնէր։ Բայց Պօղոս չյանձնուեցաւ։ Ան յարմարեցաւ փոխուող պարագաներուն։ Ետքը, ան Տիմոթէոսը ղրկեց, որպէսզի Թեսաղոնիկէի նոր քրիստոնեաներուն հոգեւոր պէտքերուն հոգ տանի (Ա. Թես. 3։1, 2)։ Թեսաղոնիկեցիները վստահաբար ուրախացան։ Կրնանք դաս մը սորվիլ այն փորձառութենէն, որ Պօղոսին հետ պատահեցաւ Թեսաղոնիկէի մէջ։ Թերեւս ծառայութեան առանձնաշնորհումի մը կը ձգտինք, բայց մեր պարագաներուն պատճառով չենք կրնար ատոր հասնիլ (Ժող. 9։11)։ Եթէ պարագադ այդ է, զատէ տարբեր նպատակակէտ մը, որուն կրնաս հասնիլ։ դ22.04 25-26 ¶14-15
Հինգշաբթի, յունիս 13
Երանելի է այն մարդը, որ փորձութեան կը համբերէ (Յակ. 1։12)։
Եհովան մեզ կը մխիթարէ՝ յոյս տալով ապագային նկատմամբ։ Նկատի առ Աստուածաշունչէն քանի մը գաղափարներ, որոնք կրնան մեզ մխիթարել, երբ դժուարութիւններէ կ’անցնինք։ Իր Խօսքին մէջ, Եհովան մեզ կը վստահեցնէ, որ ոչ մէկ բան,– մէջը ըլլալով խիստ փորձութիւններ,– «կրնայ մեզ զատել [իր] սէրէն» (Հռով. 8։38, 39)։ Ան նաեւ մեզ կը վստահեցնէ, որ մօտ է «այն ամենուն որ զինք կը կանչեն» աղօթքով (Սաղ. 145։18)։ Եհովան մեզի կ’ըսէ, որ եթէ իրեն ապաւինինք, կրնանք դիմանալ որեւէ փորձութեան եւ նոյնիսկ՝ որոշ չափով ուրախ ըլլալ, երբ կը տառապինք (Ա. Կոր. 10։13. Յակ. 1։2)։ Աստուածաշունչը նաեւ մեզի կը յիշեցնէ, որ մեր դժուարութիւնները ժամանակաւոր եւ կարճ են՝ բաղդատած այն յաւիտենական օրհնութիւններուն հետ, որոնք ան մեզի համար պատրաստած է (Բ. Կոր. 4։16-18)։ Նաեւ յիշենք, որ Եհովան մեզի հաստատ յոյս կու տայ, որ պիտի վերցնէ մեր բոլոր փորձութիւններուն բուն պատճառը՝ Սատանան եւ իր չար հետեւորդները (Սաղ. 37։10)։ Գոց սորվա՞ծ ես կարգ մը սուրբգրային համարներ, որոնք կրնան քեզի օգնել ապագայ փորձութիւններու տոկալու։ դ22.08 11 ¶11
Ուրբաթ, յունիս 14
Անոնց մասին խորհեցէք (Փլպ. 4։8)։
Արդեօք ատեններ կը մտահոգուի՞ս, եթէ պիտի կարենաս օրէ օր, տարիէ տարի ապրիլ Եհովայի արդար չափանիշներուն համաձայն։ Եհովան կը խոստանայ, որ մեր արդարութիւնը կրնայ «ծովուն ալիքներուն պէս» ըլլալ (Եսա. 48։18)։ Երեւակայէ թէ ծովեզերքը կեցած՝ ծովուն ալիքները կը դիտես, թէ ինչպէ՛ս անվերջ կու գան ու կ’երթան։ Այդ խաղաղ մթնոլորտին մէջ, պիտի մտածէի՞ր որ օրին մէկը այդ ալիքները կրնան մէկ անգամէն կենալ։ Ո՛չ։ Գիտես, որ անոնք պիտի շարունակեն գալ–երթալ։ Արդարութիւնդ կրնայ նմանիլ ծովու ալիքներու։ Ինչպէ՞ս։ Եթէ որոշում մը պիտի առնես, նախ նկատի առ թէ Եհովան ի՛նչ կ’ուզէ որ ընես։ Ետքը, ատոր համաձայն վարուէ։ Որոշումդ որքա՛ն ալ դժուար ըլլայ, քեզ շատ սիրող Հայրդ միշտ պատրաստ պիտի ըլլայ քեզի ոյժ տալու եւ օգնելու, որ շարունակես ամէն օր ճիշդը ընել (Եսա. 40։29-31)։ դ22.08 30 ¶15-17
Շաբաթ, յունիս 15
Հազար տարին լրանալէն վերջը պիտի արձակուի Սատանան իր բանտէն (Յայտ. 20։7)։
Սատանան 1000 տարի պիտի բանտարկուի։ Այդ ժամանակամիջոցին, ան պիտի չկարենայ ոեւէ մէկը մոլորեցնել։ Սակայն 1000 տարուան վերջաւորութեան, Սատանան ազատ պիտի արձակուի։ Այն ատեն, ան պիտի փորձէ կատարեալ մարդիկը մոլորեցնել։ Երկրի վրայ ապրող բոլոր կատարեալ մարդիկը այդ փորձին ատեն առիթը պիտի ունենան ցոյց տալու, թէ ի՛նչ կեցուածք ունին Աստուծոյ անուան եւ իր գերիշխանութեան նկատմամբ (Յայտ. 20։7-10)։ Անոնցմէ ամէն մէկուն հակազդեցութիւնը պիտի որոշէ, եթէ անոնց անունները մնայուն կերպով կեանքի գիրքին մէջ պիտի գրուին կամ ոչ։ Ոմանք, որոնց թիւը յայտնի չէ, Ադամին ու Եւային պէս պիտի վարուին. անոնք պիտի մերժեն Եհովայի իշխանութիւնը։ Անոնց ի՞նչ պիտի պատահի։ Յայտնութիւն 20։15–ը կ’ըսէ. «Ով որ կեանքի գրքին մէջ գրուած չգտնուեցաւ, կրակի լիճին մէջ ձգուեցաւ»։ Այո, այս ըմբոստները ամբողջովին պիտի ոչնչացուին՝ յաւիտեան։ Բայց կատարեալ մարդոց մեծամասնութիւնը վերջին փորձէն պիտի անցնի։ դ22.09 23-24 ¶15-16
Կիրակի, յունիս 16
Եթէ Մովսէսին աւանդած սովորութեանը համեմատ չթլփատուիք, չէք կրնար փրկուիլ (Գործք 15։1)։
Քրիստոնէական ժողովքին մէջ ոմանք կը պնդէին որ ոչ–հրեայ նորահաւատները պէտք էր թլփատուէին, թերեւս որպէսզի ժողովքէն դուրս եղող մարդիկ զիրենք չայպանէին (Գաղ. 6։12)։ Պօղոս առաքեալ այդ տեսակէտին բնա՛ւ համաձայն չէր, բայց փոխանակ պնդելու որ իր տեսակէտին հետեւէին, ան հարցը խոնարհաբար ներկայացուց Երուսաղէմի մէջ եղող առաքեալներուն եւ երէցներուն (Գործք 15։2)։ Քանի՛ որ Պօղոս հարցը այս կերպով ձեռք առաւ, ան այդ քրիստոնեաներուն օգնեց, որ ժողովքին ուրախութիւնն ու խաղաղութիւնը պահպանեն (Գործք 15։30, 31)։ Եթէ լուրջ վէճ մը ծագի, խաղաղութիւնը պահած կ’ըլլանք, երբ առաջնորդութեան համար կը դիմենք այն անհատներուն, որոնք Եհովան նշանակած է իր ժողովքին հոգ տանելու համար։ Յաճախ, աստուածաշնչական առաջնորդութիւն կարելի է գտնել մեր հրատարակութիւններուն մէջ կամ կազմակերպութեան տուած ուղղութիւններուն մէջ։ Եթէ այդ ուղղութիւններուն հետեւինք եւ չպարտադրենք մեր անձնական տեսակէտները, ժողովքին խաղաղութիւնը պահած պիտի ըլլանք։ դ22.08 22 ¶8-9
Երկուշաբթի, յունիս 17
Բարեկամը ամէն ատեն կը սիրէ (Առ. 17։17)։
Երբեմն, մեզմէ շատեր պէտք կը զգան, որ մտերիմ բարեկամի մը իրենց սիրտը պարպեն։ Եւ ատեններ ատիկա կրնայ դժուար ըլլալ։ Մենք թերեւս վարժուած չենք, որ մեր ներքին զգացումները ուրիշի մը պատմենք։ Եւ կրնանք յուսախաբ ըլլալ, եթէ գիտնանք որ ետքը մեր բարեկամը մեր ըսածը ուրիշներու հասցուց։ Միւս կողմէ, շատ կ’արժեւորենք այն անհատը, որ կրնայ գաղտնիք մը պահել։ Այն երէցները, որոնք գաղտնապահ են, իրենց եղբայրներուն համար «հովին դէմ դնող պատսպարանի պէս ու փոթորիկին դէմ դնող ծածկոցի պէս» են (Եսա. 32։2)։ Մենք կրնանք երէցներուն հետ որեւէ բանի մասին խօսիլ, վստահ ըլլալով որ մեր ըսածը գաղտնի պիտի մնայ։ Եւ զանոնք չենք ստիպեր, որ մեզի հետ բաժնեն գաղտնի տեղեկութիւններ։ Ատկէ զատ, շատ կը գնահատենք մեր երէցներուն կիները, քանի որ անոնք իրենց ամուսիններուն բերանը չեն փնտռեր՝ փորձելով գաղտնի տեղեկութիւններ քաշել։ Իրաւ, ի՜նչ աղուոր է որ երէց մը իր կնոջ չի պատմեր եղբայրներուն ու քոյրերուն մասին անձնական տեղեկութիւններ։ դ22.09 11 ¶10-11
Երեքշաբթի, յունիս 18
Ես եմ Աստուած. հեթանոսներուն մէջ պիտի բարձրանամ (Սաղ. 46։10)։
Կրնանք վստահ ըլլալ, որ Եհովան իր հաւատարիմ ծառաները պիտի ազատէ գալիք ‘մեծ նեղութեան’ ընթացքին (Մատ. 24։21. Դան. 12։1)։ Ան ասիկա պիտի ընէ, երբ աշխարհի կառավարութիւններու միութիւն մը, որ Աստուածաշունչը կը կոչէ Մագոգի Գոգը, կատաղի կերպով յարձակի աշխարհի շուրջ գտնուող Եհովայի հաւատարիմ ծառաներուն վրայ։ Նոյնիսկ եթէ այդ միութեան մէջ կան Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան բոլոր 193 անդամները, Բարձրեալին քով անոնք բան մը չե՛ն։ Եհովան կը խոստանայ. «Շատ ազգերու առջեւ պիտի փառաւորուիմ ու սրբուիմ եւ ճանչցուիմ ու պիտի գիտնան թէ՝ ե՛ս եմ Տէրը» (Եզեկ. 38։14-16, 23) Գոգի յարձակումը պատճառ պիտի ըլլայ, որ Եհովան «բոլոր աշխարհի թագաւորներ»ը ոչնչացնէ Արմագեդոն պատերազմին ատեն (Յայտ. 16։14, 16. 19։19-21)։ Եւ «ուղիղները երկրի վրայ պիտի բնակին եւ կատարեալները անոր մէջ պիտի մնան» (Առ. 2։21)։ դ22.10 16-17 ¶16-17
Չորեքշաբթի, յունիս 19
Աստուած կ’ուզէ որ բոլոր մարդիկ փրկուին ու ճշմարտութիւնը ճանչնան (Ա. Տիմ. 2։4)։
Մենք չենք կրնար սրտերը կարդալ։ Միայն Եհովան «հոգիները կը կշռէ [«շարժառիթները կը քննէ», ՆԱ]» (Առ. 16։2)։ Ան ամէն տեսակ ենթահողէ եւ մշակոյթէ մարդիկ կը սիրէ։ Եւ Եհովան մեզ կը քաջալերէ, որ ‘լայն բանանք մեր սրտերը’ (Բ. Կոր. 6։13)։ Անոր համար, ջանք կ’ընենք որ մեր հոգեւոր ընտանիքին մէջ բոլորը սիրենք եւ զանոնք չդատենք։ Ասիկա նաեւ կը նշանակէ, որ պէտք չէ ժողովքէն դուրս եղող անհատները դատենք։ Օրինակ, պիտի դատե՞ս ազգականներէդ մէկը, որ քու հաւատքդ չունի, ըսելով. «Անկարելի է որ այդ անհատը ճշմարտութեան գայ»։ Այդպէս ընելով, մեր սահմանը անցած կ’ըլլանք եւ ինքնարդար կեցուածք ցոյց տուած կ’ըլլանք։ Եհովան տակաւին ‘ամէն տեղ բոլոր մարդոց’ առիթ կու տայ, որ զղջան (Գործք 17։30)։ Միշտ յիշէ՛, որ ինքնարդարութիւնը անարդարութեան մէկ տեսակ է։ Թո՛ղ որ Եհովայի արդարութեան չափանիշներուն հանդէպ մեր սէրը մեզի ուրախութիւն տայ եւ մեզի օգնէ, որ ուրիշներուն համար լաւ օրինակ ըլլանք, ինչ որ պիտի ձգէ որ անոնք մեզ եւ Աստուած աւելի սիրեն։ դ22.08 31 ¶20-22
Հինգշաբթի, յունիս 20
Պիտի գիտնան թէ իրենց մէջ մարգարէ մը կայ (Եզեկ. 2։5)։
Մենք կ’ակնկալենք որ մինչ մեր քարոզչութիւնը կը կատարենք, հակառակութեան պիտի հանդիպինք։ Եւ ապագային այդ հակառակութիւնը պիտի աւելնայ (Դան. 11։44. Բ. Տիմ. 3։12. Յայտ. 16։21)։ Բայց մենք կրնանք վստահ ըլլալ, որ Եհովան մեզի պէտք եղած օգնութիւնը պիտի տայ։ Ինչո՞ւ այդպէս կ’ըսենք։ Քանի որ անցեալին Եհովան միշտ իր ծառաներուն օգնած է, որ իրենց նշանակումները կատարեն՝ որքա՛ն ալ ատոնք դժուար ըլլային։ Նկատի առ Եզեկիէլը, որ Բաբելոնի մէջ աքսորեալ հրեաներուն քարոզեց։ Ան ի՞նչ տեսակ մարդոց պիտի քարոզէր։ Եհովան անոնց համար ըսաւ, որ «պնդերես», «խստասիրտ» եւ «ապստամբ» էին։ Անոնք կարիճներու պէս վնասակար ու վտանգաւոր էին։ Անոր համար, զարմանալի չէ որ Եհովան կրկին անգամ Եզեկիէլին ըսաւ. «Մի՛ վախնար» (Եզեկ. 2։3-6)։ Եզեկիէլ կրցաւ իր քարոզելու նշանակումը կատարել, քանի որ 1) Եհովային կողմէ ղրկուած էր, 2) Եհովայի հոգին իրեն ոյժ տուաւ, եւ 3) Եհովային խօսքերը իր հաւատքը զօրացուցին։ դ22.11 2 ¶1-2
Ուրբաթ, յունիս 21
Այն օրը որ անկէ ուտես, անշուշտ պիտի մեռնիս (Ծն. 2։17)։
Եհովան երկրի վրայ բոլոր բաները այնպէս մը ստեղծեց, որ որոշ ժամանակ ապրին եւ ետքը մեռնին։ Բայց ան մարդ արարածին տուաւ բնաւ չմեռնելու առիթը։ Ասկէ զատ, ան մեր մէջ զօրաւոր փափաք դրած է, որ շարունակենք ապրիլ։ Աստուածաշունչը մարդոց նկատմամբ կ’ըսէ, որ Աստուած անոնց մէջ «յաւիտենականութիւնը ճանչնալու փափաքը դրաւ» (Ժող. 3։11)։ Ասիկա պատճառներէն մէկն է, թէ մենք ինչո՛ւ մահը թշնամի կը նկատենք (Ա. Կոր. 15։26)։ Օրինակ, եթէ լուրջ հիւանդութիւն մը ունենանք, մեր պարագան կ’ընդունինք ու կը յանձնուի՞նք։ Անշո՛ւշտ ոչ։ Բժիշկի կը դիմենք։ Եւ թերեւս դեղ առնենք, որպէսզի այդ հիւանդութեան դէմ դնենք։ Ամէն բան կ’ընենք որ չմեռնինք։ Իսկ երբ մեր սիրած անհատներէն մէկը մեռնի,– ըլլայ ան երիտասարդ կամ տարեց,– զգացական խոր ցաւ կը զգանք (Յովհ. 11։32, 33)։ Վստահաբար, մեր սիրալիր Ստեղծիչը մեզի պիտի չտար յաւիտեան ապրելու փափաքն ու կարողութիւնը, եթէ իր նպատակը չըլլար որ մարդիկ շարունակեն ապրիլ։ դ22.12 3 ¶5. 4 ¶7
Շաբաթ, յունիս 22
Ձեր եղբայրներն ալ աշխարհի մէջ նոյն չարչարանքները կը կրեն (Ա. Պետ. 5։9)։
Այս դժուար ժամանակներուն, մեր հաւատակիցներէն շատեր թերեւս հիւանդ են, կը վախնան կամ մինակ կը զգան։ Եղբայրներուդ ու քոյրերուդ հետ կապի մէջ մտիր։ Հիւանդութեան մը տարածուելուն պատճառաւ, թերեւս ստիպուինք ֆիզիքական հեռաւորութիւն պահել, նոյնիսկ երբ անոնց հետ ենք։ Այդպիսի պարագայի, թերեւս Յովհաննէս առաքեալին պէս զգաս, որ ուզեց իր բարեկամ Գայիոսը դէմ առ դէմ տեսնել (Գ. Յովհ. 13, 14)։ Բայց Յովհաննէս գիտէր որ այդ ատեն զինք չէր կրնար տեսնել։ Անոր համար Յովհաննէս ըրաւ ինչ որ ձեռքէն կու գար. նամակ գրեց Գայիոսին։ Եթէ չես կրնար միշտ եղբայրներուդ ու քոյրերուդ անձամբ այցելել, փորձէ անոնց հետ կապի մէջ մտնել ուրիշ կերպերով։ Երբ հաւատակիցներուդ հետ կապի մէջ ըլլաս, աւելի ապահով եւ խաղաղ պիտի զգաս։ Իսկ եթէ չափէ դուրս կը մտահոգուիս, երէցներուն դիմէ եւ անոնցմէ քաջալերութիւն ստացիր (Եսա. 32։1, 2)։ դ22.12 17-18 ¶6-7
Կիրակի, յունիս 23
Յովսէփին տէրը առաւ զանիկա ու բանտը դրաւ, այն տեղը, ուր թագաւորին բանտարկեալները կապուած էին (Ծն. 39։20)։
Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ որոշ ժամանակ մը Յովսէփին ոտքերը կապեցին եւ անոր վիզը երկաթ անցուցին (Սաղ. 105։17, 18)։ Յովսէփի պարագան ա՛լ աւելի գէշ դարձաւ։ Սկիզբը ան ստրուկ էր, որուն կը վստահէին, բայց հիմա դարձաւ բանտարկեալ մը։ Հետդ եղա՞ծ է, որ նեղացուցիչ պարագայի մը մէջ եղած ես եւ պարագադ աւելի գէշ դարձած է, հակառակ աղօթքներուդ։ Այդպէս կրնա՛յ ըլլալ։ Սատանային իշխած աշխարհին մէջ, Եհովան արգելք չըլլար որ փորձութիւններ ունենանք (Ա. Յովհ. 5։19)։ Բայց կրնաս մէկ բանէ վստահ ըլլալ. Եհովան շատ լաւ տեղեակ է թէ ինչերէ՛ կ’անցնիս, եւ քեզ կը հոգայ (Մատ. 10։29-31. Ա. Պետ. 5։6, 7)։ Ասկէ զատ, ան խոստացած է. «Բնաւ քեզ պիտի չթողում ու բնաւ քեզ երեսէ պիտի չձգեմ» (Եբ. 13։5)։ Եհովան կրնայ քեզի օգնել տոկալու, նոյնիսկ երբ պարագադ անյոյս թուի։ դ23.01 16 ¶7-8
Երկուշաբթի, յունիս 24
[Մեր Աստուածը] առատապէս կը ներէ (Եսա. 55։7)։
Սուրբ Գիրքին մէջ ուրիշ կերպով մըն ալ կը տեսնենք Եհովային սէրը։ Սուրբ Գիրքը յստակ կը դարձնէ որ Եհովան մեզ երեսի վրայ պիտի չձգէ երբ սխալներ ընենք։ Օրինակ, իսրայէլացիները շատ անգամ սխալներ ըրին։ Բայց երբ որ զղջացին, Աստուած իրենց ներեց։ Առաջին դարու քրիստոնեաներն ալ գիտէին, որ Եհովան զիրենք կը սիրէ։ Օրինակ, Պօղոս առաքեալ Եհովային Խօսքը փոխանցեց քրիստոնեաներուն եւ անոնց ըսաւ որ ‘ներեն եւ մխիթարեն’ այն անհատը, որ լուրջ մեղք մը գործած էր, բայց ետքը՝ զղջացած (Բ. Կոր. 2։6, 7. Ա. Կոր. 5։1-5)։ Ի՜նչ աղուոր բան է որ Եհովան չմերժեց իրեն ծառայողները, պարզապէս քանի որ սխալներ ըրին։ Հապա, սիրով անոնց օգնեց, սրբագրեց եւ ուզեց որ ետ իր բարեկամները ըլլան։ Եհովան այսօր ալ կը խոստանայ որ պիտի ներէ բոլոր զղջացող մեղաւորներուն (Յակ. 4։8-10)։ Սուրբ Գիրքը կը յայտնէ Աստուծոյ իմաստութիւնը, արդարութիւնը եւ սէրը։ Անիկա կը փաստէ որ Եհովան կ’ուզէ որ իրեն ծանօթանանք եւ իր ընկերները դառնանք։ դ23.02 7 ¶16-17
Երեքշաբթի, յունիս 25
Աղէկ կ’ընէք՝ եթէ անոր ուշադրութիւն ընէք (Բ. Պետ. 1։19)։
Լաւ պատճառներ ունինք հետաքրքրուելու, թէ ներկայ աշխարհի դէպքերը ինչպէ՛ս կը կատարեն Աստուածաշունչի մարգարէութիւնը։ Օրինակ, Յիսուս ետեւ–ետեւի նշեց մասնաւոր դէպքեր, որոնք մեզի կ’օգնեն գիտնալու որ Սատանայի աշխարհին վերջը կը մօտենայ (Մատ. 24։3-14)։ Պետրոս առաքեալ մեզ քաջալերեց որ մարգարէութեան կատարումին ուշադրութիւն ընենք, որպէսզի մեր հաւատքը զօրաւոր մնայ (Բ. Պետ. 1։20, 21)։ Պետրոս առաքեալ կ’ուզէ որ հաւասարակշռուած մնանք, երբ որ աստուածաշնչական մարգարէութիւններուն մասին կը մտածենք։ Ան կը քաջալերէ որ մեր մտքին մէջ ‘Աստուծոյ օրուան գալը’ արագացնենք (Բ. Պետ. 3։11-13)։ Ինչո՞ւ։ Ոչ թէ քանի որ կ’ուզենք գիտնալ թէ ո՛ր ‘օրը եւ ժամուն’ Եհովան Արմագեդոնը պիտի բերէ, հապա քանի որ կ’ուզենք մնացած ժամանակը գործածել «սուրբ վարմունք ու բարեպաշտութիւն» ցոյց տալու (Մատ. 24։36. Ղուկ. 12։40)։ Մենք կ’ուզենք ճիշդ կերպով վարուիլ եւ վստահ ըլլալ որ ամէն ինչ որ կ’ընենք Եհովայի ծառայութեան մէջ, կ’ընենք քանի որ զինք կը սիրենք։ Բայց ատոր վրայ կեդրոնացած մնալու համար, պէտք է որ մենք մեզի ուշադիր ըլլանք։ դ23.02 16 ¶4, 6
Չորեքշաբթի, յունիս 26
Ուրիշ ոչխարներ ալ ունիմ. . . զանոնք ալ պէտք է որ բերեմ (Յովհ. 10։16)։
Կան բաներ, որոնք «ուրիշ ոչխարներ»ը պէտք է հիմա՛ ընեն, որպէսզի իրենց թոյլ տրուի որ Դրախտին մէջ ապրին։ Մենք պէտք է Յիսուսին հանդէպ մեր զգացումները ցոյց տանք։ Օրինակ, իրեն հանդէպ մեր սէրը ցոյց կու տանք, իր օծեալ եղբայրներուն հետ մեր վարուած կերպով։ Յիսուս ըսաւ որ ոչխարները պիտի դատէր այդ բանին հիման վրայ (Մատ. 25։31-40)։ Կրնանք անոնց թիկունք կանգնիլ, նախանձախնդրօրէն իրենց օգնելով քարոզելու եւ սորվեցնելու գործին մէջ (Մատ. 28։18-20)։ Պէտք չունինք սպասելու որ Դրախտին մէջ ըլլանք, որպէսզի ըլլանք այնպիսի անհատներ, որոնք Եհովան կը հաւնի։ Հիմակուընէ իսկ կրնանք ջանք ընել որ պարկեշտ ըլլանք մեր խօսքերով ու գործերով, եւ հաւասարակշռուած կեանք վարենք։ Եւ կրնանք ջանք թափել որ Եհովային, մեր կողակիցին ու հաւատակիցներուն հաւատարիմ մնանք։ Ո՛րքան աւելի ձգտինք ապրիլ Եհովայի չափանիշներուն համաձայն այս չար աշխարհին մէջ, ա՛յնքան աւելի դիւրին պիտի ըլլայ ատոնց համաձայն ապրիլ Դրախտին մէջ։ Նաեւ կրնանք զարգացնել ձիրքեր ու հմտութիւններ, ցոյց տալու համար որ կը պատրաստուինք հոն ապրելու։ դ22.12 11-12 ¶14-16
Հինգշաբթի, յունիս 27
Ան որ զիս կը սիրէ՝ իմ Հօրմէս պիտի սիրուի (Յովհ. 14։21)։
Մենք մեր Թագաւորը՝ Յիսուսը կը սիրենք, քանի որ ան ամենալաւ Կառավարիչն է։ Եհովա՛ն զինք մարզեց եւ նշանակեց որ կառավարէ (Եսա. 50։4, 5)։ Մտածէ նաեւ Յիսուսի անձնազոհ սիրոյն մասին (Յովհ. 13։1)։ Քու Թագաւորդ ըլլալով, Յիսուս լիովին արժանի է քու սիրոյդ։ Ան բացատրեց, որ զինք իրապէս սիրողները, որոնք բարեկամներ կը կոչէ, իրենց սէրը ցոյց կու տան իր պատուիրաններուն հնազանդելով (Յովհ. 14։15. 15։14, 15)։ Իրապէս ի՜նչ պատիւ է, որ Եհովայի Որդիին բարեկամը ըլլանք։ Գիտես որ Յիսուսը խոնարհ է եւ կատարելապէս իր Հայրը կ’ընդօրինակէ։ Սորվեցար որ ան անօթիները կերակրեց, ընկճուածները մխիթարեց եւ նոյնիսկ հիւանդները բժշկեց (Մատ. 14։14-21)։ Կը տեսնես ինչպէ՛ս ան իր ժողովքը կ’առաջնորդէ այսօր (Մատ. 23։10)։ Եւ գիտես որ ան շա՜տ աւելին պիտի ընէ ապագային, որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը։ Ինչպէ՞ս կը ցուցնես որ իրեն հանդէպ սէր ունիս։ Իր օրինակին հետեւելով։ Եւ ասիկա կրնաս սկսիլ ընել՝ քու անձդ Եհովային նուիրելով եւ մկրտուելով։ դ23.03 4 ¶8, 10
Ուրբաթ, յունիս 28
Աչքերնիդ վե՛ր վերցուցէք ու նայեցէ՛ք, ասոնք ո՞վ ստեղծեց (Եսա. 40։26)։
Եհովան ստեղծեց ամէ՛ն բան. երկնքի մէջ, երկրի վրայ եւ ծովերուն մէջ։ Եւ ատոնք իր մասին շատ բան կը սորվեցնեն մեզի (Սաղ. 104։24, 25)։ Մենք այնպէս մը ստեղծուած ենք, որ երբ բնութեան գեղեցկութիւնը դիտենք, ուրախանանք։ Ասկէ զատ, Եհովան մեզի կարողութիւն տուած է որ տեսնենք, լսենք, դպչինք, համտեսենք եւ հոտոտանք։ Այս զգայարանքները մեզի կ’օգնեն, որ իր ստեղծած տարբեր բաները վայելենք։ Մենք պէտք է ստեղծագործութիւնը դիտենք ուրիշ կարեւոր պատճառի մըն ալ համար։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ ատիկա մեզի կը սորվեցնէ Եհովային յատկութիւններուն մասին (Հռով. 1։20)։ Օրինակ, նայէ Եհովային ստեղծած բաներուն, որոնք շատ լաւ կերպով ծրագրած է։ Ատոնց մէջ Եհովային իմաստութիւնը կը տեսնե՞ս։ Մտածէ մեր կերած տարբեր–տարբեր ուտելիքներուն մասին։ Ատոնք ցոյց չե՞ն տար որ Եհովան մարդիկը կը սիրէ։ Երբ որ ստեղծագործութեան մէջ Եհովային յատկութիւնները կը տեսնենք, իրեն աւելի՛ կը ծանօթանանք եւ կ’ուզենք իրեն աւելի մօտենալ։ դ23.03 16 ¶4-5
Շաբաթ, յունիս 29
Քու խօսքիդ սկիզբը ճշմարտութիւն է (Սաղ. 119։160)։
Մինչ այս աշխարհին վիճակը աւելի գէշ կ’ըլլայ, ճշմարտութեան հանդէպ մեր վստահութիւնը փորձի տակ պիտի դրուի։ Թերեւս մարդիկ փորձեն մեր մտքին մէջ կասկածներ ցանել, թէ արդեօք Աստուածաշունչը ճշմարի՞տ է, կամ թէ արդեօք Եհովան հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան նշանակա՞ծ է ներկայիս իր ծառաները առաջնորդելու համար։ Բայց եթէ համոզուած ենք որ Եհովային Խօսքը միշտ ճշմարիտ է, պիտի կարենանք մեր հաւատքին վրայ եղող յարձակումներուն դէմ դնել։ Պիտի վճռենք Եհովային ‘կանոնները կատարել յաւիտեան՝ մինչեւ վերջ’ (Սաղ. 119։112)։ ‘Պիտի չամչնանք’ ուրիշներուն խօսելու ճշմարտութեան մասին եւ զանոնք քաջալերելու որ անոր համաձայն ապրին (Սաղ. 119։46)։ Եւ պիտի կարենանք համբերութեամբ եւ ուրախութեամբ տոկալ ամէնէն դժուար պարագաներուն, ինչպէս՝ հալածանքը (Կող. 1։11. Սաղ. 119։143, 157)։ Ճշմարտութիւնը մեզի կ’օգնէ որ հանդարտ եւ վստահ ըլլանք։ Անիկա մեզի յոյս կու տայ, որ աւելի լաւ ապագայ պիտի ունենանք Աստուծոյ Թագաւորութեան իշխանութեան տակ։ դ23.01 7 ¶16-17
Կիրակի, յունիս 30
Նոր պատուիրան մը կու տամ ձեզի, որ մէկզմէկ սիրէք, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի, որ դուք ալ մէկզմէկ սիրէք (Յովհ. 13։34)։
Իր մահուան նախորդող գիշերը, Յիսուս բաւական ժամանակ անցուց իր աշակերտներուն համար աղօթելով՝ իր Հօրմէն խնդրելով որ ‘զանոնք չարէն պահէ’ (Յովհ. 17։15)։ Յիսուս ի՜նչ մեծ սէր ունէր։ Քիչ ետք, ի՛նք դժուար փորձութենէ պիտի անցնէր, բայց իր առաքեալներո՛վ մտահոգուած էր։ Մենք՝ Յիսուսը ընդօրինակելով, միայն մեր պէտքերուն մասին չենք մտածեր։ Փոխարէնը, միշտ կ’աղօթենք մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն համար։ Այդպէս ընելով, կը հնազանդինք իրար սիրելու Յիսուսի պատուէրին, եւ Եհովային ցոյց կու տանք, որ մեր հաւատակիցները շատ կը սիրենք։ Մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն համար աղօթելով, մեր ժամանակը պարապի չ’երթար։ Աստուծոյ Խօսքը մեզի կ’ըսէ, որ «արդարին ջերմեռանդ աղօթքը շատ ազդեցութիւն ունի» (Յակ. 5։16)։ Մեր հաւատակիցները մեր աղօթքներուն պէտք ունին, քանի որ շատ մը դժուար պարագաներէ կ’անցնին։ դ22.07 23-24 ¶13-15