Մայիս
Չորեքշաբթի, մայիս 1
Անկէ ետքը տեսայ մեծ բազմութիւն մը, որ մէ՛կը չէր կրնար համրել, բոլոր ազգերէն ու ցեղերէն եւ ժողովուրդներէն ու լեզուներէն (Յայտ. 7։9)։
Երկնային խումբը տեսնելէ ետք, Յովհաննէս կը տեսնէ «մեծ բազմութիւն մը», որուն թիւը յայտնի չէ։ Յայտնութիւն 7։14–ը անոնց մասին կ’ըսէ. «Ասոնք են մեծ նեղութենէն եկողները, որոնք իրենց հանդերձները լուացին ու զանոնք Գառնուկին արիւնովը ճերմկցուցին»։ Մեծ նեղութենէն վերապրելէ ետք, այս «մեծ բազմութիւնը» երկրի վրայ հոյակապ օրհնութիւններ պիտի վայելէ (Սաղ. 37։9-11, 27-29. Առ. 2։21, 22. Յայտ. 7։16, 17)։ Մեր յոյսը ըլլա՛յ երկնային կամ երկրային, մենք մեզ կը տեսնե՞նք Յայտնութիւն գրքին 7–րդ գլուխին նկարագրութեան մէջ։ Պէ՛տք է տեսնենք։ Երկու խումբերն ալ որչա՜փ ուրախ պիտի ըլլան, որ ընտրեցին Եհովային իշխանութեան թիկունք կանգնիլ։ դ22.05 16 ¶6-7
Հինգշաբթի, մայիս 2
Իմաստութիւնը Տէրը կու տայ (Առ. 2։6)։
Եթէ երբեք ստիպուած եղած ես, որ կարեւոր որոշում մը առնես, անկասկած աղօթքով իմաստութիւն խնդրած ես, քանի որ գիտես որ անոր պէտք ունիս (Յակ. 1։5)։ Սողոմոն թագաւոր գրեց. «Ամէն բանին գլուխը իմաստութիւնն է» (Առ. 4։7)։ Անշուշտ, ան մասնաւորաբար ակնարկեց այն իմաստութեան, որ Եհովա Աստուծմէ կու գայ։ Բայց աստուածային իմաստութիւնը կրնա՞յ մեզի օգնել, որ ներկայ խնդիրներուն հետ գլուխ ելլենք։ Այո՛, կրնա՛յ։ Կերպ մը, որով կրնանք իրապէս իմաստուն ըլլալ, այն է՝ որ սերտենք ու գործադրենք գերազանց իմաստուն եղող երկու տղամարդոց սորվեցուցածները։ Նա՛խ, նկատի առ Սողոմոնը։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ, որ «Աստուած Սողոմոնին իմաստութիւն ու խիստ շատ հանճար. . . տուաւ» (Գ. Թագ. 4։29)։ Ետքը, նկատի առ Յիսուսը, որ երկրի վրայ ամէնիմաստուն անձը եղած է (Մատ. 12։42)։ Յիսուսի մասին մարգարէացուած էր. «Անոր վրայ պիտի հանգչի Տէրոջը Հոգին, իմաստութեան ու հանճարի Հոգին» (Եսա. 11։2)։ դ22.05 20 ¶1-2
Ուրբաթ, մայիս 3
Թող հզօր գործերդ պատմեմ գալիք բոլոր սերունդներուն (Սաղ. 71։18, ՆԹ)։
Ի՛նչ տարիքի ալ ըլլանք, կրնա՛նք հոգեւոր նպատակակէտեր դնել եւ ատոնց հասնիլ։ Նկատի առ Պեւըրլի անունով 75 տարեկան քրոջ մը օրինակը։ Ան առողջապահական լուրջ խնդիր մը ունէր, որուն պատճառով շատ դժուարութեամբ կը քալէր։ Բայց ուզեց Յիշատակատօնի արշաւին լիովին մասնակցիլ։ Ուստի մասնաւոր նպատակակէտեր դրաւ, եւ երբ ատոնց հասաւ, շատ ուրախացաւ։ Անոր ջանքերը տեսնելով, ուրիշներ ալ մղուեցան աւելի ծառայելու։ Եհովան կ’արժեւորէ մեր տարեց եղբայրներուն ու քոյրերուն ջանքերը, նոյնիսկ եթէ իրենց պարագաներուն պատճառաւ՝ իրենց ամէն ուզածը չեն կրնար ընել (Սաղ. 71։17)։ Դիր նպատակակէտեր, որոնց կրնաս հասնիլ։ Մշակէ յատկութիւններ, որոնք Եհովան կը սիրէ։ Սորվէ հմտութիւններ, որոնք քեզի պիտի օգնեն որ Աստուծոյ եւ իր կազմակերպութեան համար աւելին ընես։ Եղբայրներուդ ու քոյրերուդ աւելի ծառայելու կերպեր փնտռէ։ Այդպէս ընելով, Տիմոթէոսին պէս, Եհովային օրհնութեամբ «յառաջդիմութիւնդ ամենուն յայտնի [պիտի] ըլլայ» (Ա. Տիմ. 4։15)։ դ22.04 27 ¶18-19
Շաբաթ, մայիս 4
Քու մանկութենէդ ի վեր սուրբ գրքերը գիտես (Բ. Տիմ. 3։15)։
Ի՞նչ պիտի ընես, եթէ հակառակ ծանր աշխատանքիդ, զաւակներէդ մէկը ըսէ որ չ’ուզեր Եհովային ծառայել։ Մի՛ եզրակացներ թէ անյաջող ծնող մըն ես։ Բոլորին,– մէջը ըլլալով զաւակդ,– Եհովան տուած է ազատ կամքի պարգեւը. ընտրել իրեն ծառայե՛լ կամ ոչ։ Յոյսդ մի՛ կտրեր որ օրին մէկը պիտի վերադառնայ։ Յիշէ անառակ որդիին առակը (Ղուկ. 15։11-19, 22-24)։ Այդ երիտասարդը գէշ բաներ ըրաւ, բայց վերջաւորութեան վերադարձաւ։ Ո՛վ ծնողներ, Եհովա Աստուած ձեզի հոյակապ առանձնաշնորհում մը տուած է, որ է՝ զինք պաշտող նոր սերունդ մը մէջտեղ բերել (Սաղ. 78։4-6)։ Ասիկա դիւրին պարտականութիւն մը չէ, եւ մենք ձեզ կը գովենք ձեր ծանր աշխատանքին համար, որ ձեր զաւակներուն օգնէք Եհովան սիրելու ու իրեն հնազանդելու։ Կրնաք վստահ ըլլալ, որ մեր սիրալիր երկնաւոր Հօր սիրտը պիտի ուրախացնէք (Եփ. 6։4)։ դ22.05 30-31 ¶16-18
Կիրակի, մայիս 5
Ամբողջ մարմինը, յարմարութեամբ միասին կազմուած է (Եփ. 4։16, ԱԾ)։
Ժողովքին մէջ խաղաղութիւն եւ միութիւն ըլլալու համար, ամէն մէկս պէտք է իր լաւագոյնը ընէ։ Նկատի առ առաջին դարու քրիստոնեաները։ Անոնք զանազան պարգեւներ ու նշանակումներ ունէին (Ա. Կոր. 12։4, 7-11)։ Բայց ասիկա պատճառ չեղաւ, որ անոնք մրցակցին կամ անհամաձայնութիւններ ունենան։ Փոխարէնը, Պօղոս իւրաքանչիւր անհատ քաջալերեց, որ պէտք եղածը ընէ «Քրիստոսին մարմնին շինութեանը համար»։ Ան բացատրեց, որ երբ իւրաքանչիւր անդամ պէտք եղածին պէս կը գործէ՝ մարմինը կ’աճի եւ կը զօրանայ սիրոյ մէջ (Եփ. 4։1-3, 11, 12)։ Անոնք, որոնք այդպէս ըրին, օգնեցին որ ժողովքին մէջ խաղաղութիւն եւ միութիւն ըլլայ, եւ այս յատկութիւնները կը տեսնենք այսօր մեր ժողովքներուն մէջ։ Վճռէ դուն քեզ ուրիշներու հետ չբաղդատել։ Փոխարէնը, Յիսուսէն սորվէ եւ ջանք ըրէ, որ իր յատկութիւնները ընդօրինակես։ Վստահ եղիր որ Եհովան «անիրաւ չէ, որ [գործդ] մոռնայ» (Եբ. 6։10)։ Ան կ’ուրախանայ, երբ կը տեսնէ որ լաւագոյնդ կ’ընես։ դ22.04 14 ¶15-16
Երկուշաբթի, մայիս 6
Քրիստոս Յիսուս աշխարհ եկաւ մեղաւորները փրկելու (Ա. Տիմ. 1։15)։
Ի՜նչ աղուոր է գիտնալը, որ մենք պատասխանատուութիւնը չունինք որոշելու, թէ Եհովան մեղաւորին պիտի ներէ կամ ոչ։ Բայց կայ բան մը, որ պէտք է որոշենք։ Ի՞նչ է ատիկա։ Կարգ մը պարագաներու, անհատ մը մեզի դէմ լուրջ մեղք մը գործած կ’ըլլայ եւ թերեւս խնդրէ, որ իրեն ներենք։ Թերեւս ալ չխնդրէ։ Բայց կրնանք ընտրել իրեն ներել այն առումով, որ որոշենք իրեն հանդէպ մեր ունեցած բարկութենէն ու ոխէն ձերբազատուիլ։ Անշուշտ, ասիկա կրնայ ժամանակ ու ջանք պահանջել, մանաւանդ եթէ խորապէս վիրաւորուած ենք։ Դիտարան–ի 1 դեկտեմբեր 1994 թիւը կ’ըսէ. «Երբ մեղաւորի մը կը ներենք, ասիկա չի նշանակեր որ մեղքին աչք կը խփենք։ Քրիստոնեային համար, ներել կը նշանակէ հարցը վստահութեամբ Եհովայի ձեռքերուն մէջ դնել։ Ան ամբողջ տիեզերքի արդար Դատաւորն է եւ ճիշդ ժամանակին արդարութիւն պիտի ընէ»։ դ22.06 9 ¶6-7
Երեքշաբթի, մայիս 7
Յոյսդ Տիրոջ վրա՛յ դիր (Սաղ. 27։14, ՆԹ)։
Եհովան խոստացաւ որ մեր օրերուն ամէն ազգէ, ցեղէ ու լեզուէ մարդիկ պիտի հաւաքէ եւ զիրենք միացնէ մաքուր պաշտամունքին մէջ։ Ներկայիս, այս յատուկ խումբը ճանչցուած է որպէս «մեծ բազմութիւն» (Յայտ. 7։9, 10)։ Թէեւ այս խումբին մէջ կան աշխարհի չորս կողմէն եղող տղամարդիկ, կիներ ու պզտիկներ, բայց անոնք խաղաղ ու միացած մէկ ընտանիք կը կազմեն (Սաղ. 133։1. Յովհ. 10։16)։ Անոնք միշտ պատրաստ են աւելի լաւ աշխարհի մը մէջ ապրելու յոյսը տալու ոեւէ մէկուն, որ իրենց մտիկ կ’ընէ (Մատ. 28։19, 20. Յայտ. 14։6, 7. 22։17)։ Եթէ մեծ բազմութենէն ես, անկասկած շատ կը գնահատես այն յոյսը, թէ ապագային աւելի լաւ կեանք պիտի ունենաս։ Սատանան չ’ուզեր, որ ապագային նկատմամբ յոյս ունենաս։ Իր նպատակն է՝ ձգել որ մտածես, թէ Եհովան իր խոստումները պիտի չպահէ։ Եթէ Սատանան յաջողի մեր յոյսը խեղդել, մեր քաջութիւնը պիտի կորսնցնենք եւ թերեւս նոյնիսկ Եհովային ծառայելէ դադրինք։ դ22.06 20-21 ¶2-3
Չորեքշաբթի, մայիս 8
[Այս յոյսը] ունինք իբրեւ հաստատ ու անշարժ խարիսխ մը մեր անձին (Եբ. 6։19)։
Մեր հաստատ յոյսը մեզի կ’օգնէ, որ փոթորկանման փորձութիւնները դիմագրաւենք, քանի որ վստահ ենք որ հանդարտ ժամանակներ կը սպասեն մեզի։ Յիշենք, որ Յիսուս զգուշացուց, որ պիտի հալածուինք (Յովհ. 15։20)։ Ուրեմն, մեզի խոստացուած ապագայ վարձատրութեան վրայ խոկալը կ’օգնէ, որ քրիստոնէական ընթացքին մէջ հաստատ մնանք։ Նկատի առ թէ ինչպէս Յիսուսին ունեցած յոյսը զինք անխախտ պահեց, հակառակ անոր որ իրեն դաժան մահ կը սպասէր։ Ք.Ե. 33–ի Պէնտէկոստէին, Պետրոս առաքեալ մէջբերեց Սաղմոս գիրքէն մարգարէութիւն մը, որ գեղեցիկ կերպով կ’արտայայտէր Յիսուսի վստահութիւնն ու հանդարտութիւնը. «Իմ մարմինս. . . յոյսով պիտի հանգստանայ, վասն զի իմ անձս գերեզմանին մէջ պիտի չթողուս ու քու Սուրբիդ ալ ապականութիւն տեսնել պիտի չտաս։. . . Քու երեսիդ ուրախութիւնովը զիս պիտի լեցնես» (Գործք 2։25-28. Սաղ. 16։8-11)։ Յիսուս հաստատ յոյս ունէր, թէ Եհովան իրեն յարութիւն պիտի տար եւ թէ նորէն պիտի ուրախանար ապրելով իր Հօր հետ երկինքին մէջ (Եբ. 12։2, 3)։ դ22.10 25 ¶4-5
Հինգշաբթի, մայիս 9
Ամէնքս ալ շատ յանցանքներ կ’ընենք (Յակ. 3։2)։
Անգամ մը առաքեալներէն երկուքը՝ Յակոբոս եւ Յովհաննէս, իրենց մօրմէն խնդրեցին, որ Յիսուսէն ուզէ, որ Թագաւորութեան մէջ անոր աջ կողմը ու ձախ կողմը նստին (Մատ. 20։20, 21)։ Այս խնդրանքով, Յակոբոսը եւ Յովհաննէսը ցոյց տուին որ հպարտ էին եւ կ’ուզէին ուրիշներէն աւելի կարեւոր ըլլալ (Առ. 16։18)։ Այս առիթով, միայն Յակոբոսը եւ Յովհաննէսը չէին, որոնք այսպիսի գէշ բնաւորութիւններ ցոյց տուին։ Նկատի առ թէ միւս առաքեալները ինչպէ՛ս հակազդեցին. «Երբ միւս տասը աշակերտները լսեցին ասիկա, բարկացան երկու եղբայրներուն վրայ» (Մատ. 20։24, ՆԹ)։ Կրնանք երեւակայել, թէ Յակոբոս ու Յովհաննէս եւ միւս առաքեալները իրարու որքան սուր խօսքեր ըսին։ Յիսուս ի՞նչ ըրաւ։ Ան չբարկացաւ։ Եւ չըսաւ որ աւելի լաւ առաքեալներ պիտի փնտռէր, որոնք աւելի խոնարհութիւն ունէին եւ որոնք իրարու հետ միշտ սիրով պիտի վարուէին։ Փոխարէնը, Յիսուս համբերութեամբ այս անկեղծ մարդոց հետ տրամաբանութեամբ խօսեցաւ (Մատ. 20։25-28)։ Ան շարունակեց իրենց հետ սիրով վարուիլ։ դ23.03 28-29 ¶10-13
Ուրբաթ, մայիս 10
Որդեա՛կ իմ, իմաստուն եղի՛ր ու սիրտս ուրախացո՛ւր, որպէս զի զիս անարգողին պատասխան տամ (Առ. 27։11)։
Շատ բան ըրած ես։ Դուն ժրաջանութեամբ Աստուածաշունչը սերտած ես՝ թերեւս տարիներով։ Սերտողութիւնդ քեզ համոզած է, որ Սուրբ Գիրքը Աստուծոյ Խօսքն է։ Բայց աւելի կարեւորը, սկսած ես ճանչնալ ու սիրել Սուրբ Գիրքին Հեղինակը։ Դուն Եհովան այնքա՛ն շատ սիրեցիր, որ կեանքդ իրեն նուիրեցիր ու մկրտուեցար։ Ասիկա ի՜նչ հոյակապ բան մըն է։ Անկասկած, մկրտուելէ առաջ, հաւատքի տարբեր փորձութիւններ ունեցար։ Բայց մինչ հոգեւորապէս կը հասուննաս, նոր փորձութիւններ պիտի ունենաս։ Սատանան ամէն ջանք պիտի ընէ, որ Եհովան սիրելէ եւ իրեն ծառայելէ դադրիս (Եփ. 4։14)։ Բնա՛ւ պէտք չէ թոյլ տաս, որ ատիկա պատահի։ Ի՞նչը կրնայ քեզի օգնել, որ Եհովային հաւատարիմ մնաս եւ իրեն ծառայելու խոստումդ պահես։ Պէտք է շարունակես յառաջդիմել, քրիստոնէական հասունութեան ‘ձգտելով’ (Եբ. 6։1, ՆԱ)։ դ22.08 2 ¶1-2
Շաբաթ, մայիս 11
Պատուէ՛ քու հայրդ ու մայրդ, ինչպէս քու Տէր Աստուածդ քեզի պատուիրեց, որպէս զի քու օրերդ երկար ըլլան ու քեզի աղէկ ըլլայ (Բ. Օր. 5։16)։
Ընտանիքին մէջ, ամէն մէկ անդամ պատասխանատուութիւնը ունի, որ ընտանեկան հարցերը գաղտնի պահէ։ Օրինակ, թերեւս քոյր մը սովորութիւն մը ունի, որ իր ամուսինը կը խնդացնէ։ Ամուսինը ատոր մասին ուրիշներուն պիտի պատմէ՞ եւ այդպէս քոյրը պիտի ամչցնէ՞։ Անշուշտ ո՛չ։ Ան իր կինը կը սիրէ եւ բնաւ չ’ուզեր ընել բան մը զինք ցաւցնելու համար (Եփ. 5։33)։ Պատանիները կ’ուզեն յարգուած զգալ։ Եւ ծնողները պէտք է ասոր գիտակից ըլլան։ Անոնք իրենց զաւակները ամօթով պիտի չձգեն, ուրիշներուն պատմելով իրենց սխալներուն մասին (Կող. 3։21)։ Իսկ պզտիկներուն բերանը պէտք չէ թոյլ ըլլայ՝ օտարներուն ըսելով բաներ, որոնք կրնան ընտանիքին միւս անդամները նեղ կացութեան մատնել։ Երբ ընտանիքի ամէն մէկ անդամ իր կարգին ընտանեկան հարցերը գաղտնի կը պահէ, ընտանիքի անդամներուն միջեւ եղած կապը կը զօրանայ։ դ22.09 10 ¶9
Կիրակի, մայիս 12
Ո՛վ Յոբ, այս ըսածիս մտիկ ըրէ՛. կեցի՛ր ու. . . մտածէ՛ (Յոբ 37։14)։
Եհովան Յոբին խօսեցաւ՝ իրեն յիշեցնելով Իր անսահման իմաստութիւնը եւ թէ ինչպէ՛ս սիրալիրօրէն հոգ կը տանի իր ստեղծած էակներուն, մէջը ըլլալով շատ մը հիանալի կենդանիներ (Յոբ 38։1, 2. 39։9, 13, 19, 27. 40։15. 41։1, 2)։ Եհովան նաեւ Եղիուս անունով հաւատարիմ երիտասարդ մը գործածեց, Յոբը զօրացնելու եւ մխիթարելու համար։ Եղիուս Յոբը վստահեցուց, որ Եհովան իր ծառաները միշտ կը վարձատրէ իրենց տոկունութեան համար։ Բայց Եհովան նաեւ Եղիուսը մղեց, որ Յոբին սիրալիր խրատ տայ։ Եղիուս Յոբին օգնեց, որ կեդրոնանայ լման պատկերին վրայ եւ իր անձին մասին այդքան չմտածէ, իրեն յիշեցնելով որ մենք շատ պզտիկ ենք՝ բաղդատած Եհովային՝ տիեզերքը Ստեղծողին, հետ։ Եհովան նաեւ նշանակում մը տուաւ Յոբին։ Ան պէտք էր աղօթէր իր երեք ընկերակիցներուն համար, որոնք մեղանչած էին (Յոբ 42։8-10)։ Ներկայիս Եհովան ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնէ նեղութեան ատեն։ Ան մեզի ուղղակիօրէն չի խօսիր, ինչպէս որ Յոբին խօսեցաւ, հապա կը խօսի իր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին, միջոցաւ (Հռով. 15։4)։ դ22.08 11 ¶10-11
Երկուշաբթի, մայիս 13
Աղէկ է միս չուտել եւ գինի չխմել եւ ոեւէ բան չընել՝ որով քու եղբայրդ կրնայ իյնալ կամ գայթակղիլ, կամ տկարանալ (Հռով. 14։21)։
Հռոմի ժողովքը կազմուած էր թէ՛ հրեայ եւ թէ ոչ–հրեայ քրիստոնեաներէ։ Երբ Օրէնքը վերցուեցաւ, Եհովան պաշտողները այլեւս պէտք չունէին հնազանդելու այն օրէնքներուն, որոնց համաձայն կարգ մը ուտելիքներ պէտք չէր ուտէին (Մար. 7։19)։ Անկէ ետք, կարգ մը հրեայ քրիստոնեաներ ազատ զգացին ամէն տեսակ ուտելիք ուտելու։ Բայց ուրիշ հրեայ քրիստոնեաներ կը զգային, թէ ճիշդ չէ այդ ուտելիքները ուտել։ Անոր համար, այս հարցին շուրջ ժողովքին մէջ բաժանումներ եղան։ Պօղոս առաքեալ շեշտեց խաղաղութիւն պահելուն կարեւորութիւնը։ Այսպէս, ան իր հաւատակիցներուն օգնեց տեսնելու, թէ այսպիսի վէճեր որքա՛ն վնասակար էին թէ՛ անհատներու եւ թէ ամբողջ ժողովքին համար (Հռով. 14։19, 20)։ Ինքն ալ պատրաստ էր իր վարուելակերպը փոխելու, որպէսզի ուրիշները չգայթակղեցնէր (Ա. Կոր. 9։19-22)։ Մենք ալ կրնանք իրար շինել եւ խաղաղութիւնը պահել, եթէ չվիճինք բաներու շուրջ, որոնք անձնական նախընտրութեան հարց են։ դ22.08 22 ¶7
Երեքշաբթի, մայիս 14
Տէրը. . . արդարութեան հետեւողը կը սիրէ (Առ. 15։9)։
Եթէ Եհովայի ծառայութեան մէջ որոշ նպատակակէտի մը ետեւէ ենք, շարունակ ջանք կը թափենք որ անոր հասնինք։ Նոյն բանը կրնանք ըսել արդարութեան ետեւէ ըլլալուն մասին։ Եւ Եհովան համբերութեամբ մեզի պիտի օգնէ, որ յառաջդիմենք ու ժամանակի ընթացքին բարելաւուինք (Սաղ. 84։5, 7)։ Եհովան սիրալիր կերպով մեզի կը յիշեցնէ, որ արդարութիւնը բեռ չէ (Ա. Յովհ. 5։3)։ Ընդհակառակը, անիկա պաշտպանութիւն է, որուն ամէն օր պէտք ունինք։ Միտքդ բեր Պօղոս առաքեալին նկարագրած հոգեւոր սպառազինութիւնը (Եփ. 6։14-18)։ Սպառազինութեան ո՞ր մասը զինուորին սիրտը կը պաշտպանէր։ «Արդարութեան զրահը», որ կը ներկայացնէ Եհովայի արդարութեան չափանիշները։ Ճիշդ ինչպէս որ զրահը բառացի սիրտը կը պաշտպանէ, այդպէս ալ Եհովայի արդարութեան չափանիշները կրնան այլաբանական սիրտդ պաշտպանել, այսինքն՝ ներքին անձնաւորութիւնդ։ Այս պատճառով, կարեւոր է որ հոգեւոր սպառազինութեանդ մաս կազմէ արդարութեան զրահը (Առ. 4։23)։ դ22.08 29 ¶13-14
Չորեքշաբթի, մայիս 15
Մեր Աստուծոյն խօսքը յաւիտեան պիտի մնայ (Եսա. 40։8)։
Հազարաւոր տարիներ, Աստուծոյ Խօսքը ուղղութիւն տուած է հաւատարիմ մարդոց եւ կիներու։ Ատիկա ինչպէ՞ս կարելի եղած է։ Եհովան յարմար տեսաւ որ մարդիկ Սուրբ Գրութիւններէն օրինակներ ընեն։ Հակառակ որ ընդօրինակողները անկատար էին, բայց շատ բծախնդիր էին։ Օրինակ, Սուրբ Գրութիւններուն նկատմամբ, ուսումնական մը գրեց. «Կրնանք ըսել, որ Սուրբ Գիրքէն զատ ուրիշ հին գիրք մը չկայ, որ այսքան ճշգրիտ օրինակներ ունի»։ Ուրեմն, կրնանք վստահ ըլլալ, որ այն ինչ որ այսօր Սուրբ Գիրքէն կը կարդանք, բուն Հեղինակին՝ Եհովային միտքերը կը փոխանցէ։ Եհովան կու տայ «ամէն բարի տուրք ու ամէն կատարեալ պարգեւ» (Յակ. 1։17)։ Եւ իր տուած ամէնէն աղուոր նուէրներէն մէկն է Սուրբ Գիրքը։ Ընդհանրապէս նուէրը մեզի գաղափար մը կու տայ, թէ նուիրողը մեզ որքա՛ն լաւ կը ճանչնայ եւ մեր պէտքերը որքա՛ն լաւ գիտէ։ Նոյնը կրնայ ըսուիլ Սուրբ Գիրքը տուողին մասին։ Երբ այս նուէրը կը քննենք, կը գիտնանք որ Եհովան մեզ որքա՛ն լաւ կը ճանչնայ եւ մեր պէտքերը որքա՛ն լաւ գիտէ։ դ23.02 2-3 ¶3-4
Հինգշաբթի, մայիս 16
Երկիրը Տէրոջը գիտութիւնովը պիտի լեցուի (Եսա. 11։9)։
Ի՜նչ հոյակապ պիտի ըլլայ այն օրը, երբ Քրիստոսի Հազարամեայ իշխանութեան ընթացքին երկրի վրայ յարութիւնը սկսի։ Բոլոր անոնք, որոնք սիրելիներ կորսնցուցած են, անհամբեր կը սպասեն, որ զիրենք տեսնեն։ Եհովան ալ այդպէս կը զգայ (Յոբ 14։15)։ Երեւակայէ, թէ ամբողջ աշխարհի մէջ մարդիկ որքա՜ն ուրախ պիտի ըլլան, երբ իրենց սիրելիները յարութիւն առնեն։ «Արդարներ»ը, որոնց անունները կեանքի գիրքին մէջ գրուած են, գերեզմաններէն դուրս պիտի գան «կեանքի յարութեան համար» (Գործք 24։15. Յովհ. 5։29)։ Թերեւս մեր սիրելիներէն շատեր ըլլան այդ արդարներուն մէջ, որոնք Արմագեդոնէն քիչ ետք յարութիւն պիտի առնեն։ Ասկէ զատ, «մեղաւորներ»ը, ինչպէս անոնք որոնք մեռնելէ առաջ բաւարար առիթ չունեցան Եհովան ճանչնալու կամ հաւատարմօրէն իրեն ծառայելու, ետ կեանքի պիտի գան «դատաստանի յարութեան համար» (ՆԱ)։ Բոլոր այս յարութիւն առնողները պէտք պիտի ունենան սորվելու (Եսա. 26։9. 61։11)։ Այդ նպատակով, մարդկութեան պատմութեան մէջ կրթական ամէնէն մեծ ծրագիրը պիտի տարուի (Եսա. 11։10)։ դ22.09 20 ¶1-2
Ուրբաթ, մայիս 17
Անիկա կենդանի Աստուած է (Դան. 6։26)։
Եհովան իր բարձրագոյն իշխանութիւնը ցոյց տուաւ կառավարիչներու ամբողջ միութեան մը վրայ։ Ան իսրայէլացիներուն համար պատերազմեցաւ, անոնց օգնելով որ Աւետեաց երկրէն մեծ տարածքներ գրաւեն (Յես. 11։4-6, 20. 12։1, 7, 24)։ Կրկին անգամ, Եհովան ցոյց տուած է որ Բարձրեալն է։ Երբ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը ինքզինքը գովեց ‘իր զօրութեան ու կարողութեան [եւ] մեծութեան փառքին համար’,– փոխանակ խոնարհաբար ընդունելու որ փառքը միայն Եհովայի՛ն պէտք է տրուի,– Աստուած զինք խենթութեամբ զարկաւ։ Խելքը իրեն վերադառնալէն ետք, Նաբուգոդոնոսոր ‘Բարձրեալը գովեց’ եւ ընդունեց, որ «[Եհովայի] իշխանութիւնը յաւիտենական իշխանութիւն է»։ Ան աւելցուց, որ «անոր ձեռքին դէմ դնող. . . չկայ» (Դան. 4։30, 33-35)։ Սաղմոս գրողը նշեց. «Երանի՜ այն ազգին, որուն Աստուածը Տէրն է ու այն ժողովուրդին, որ իր ժառանգութեան համար ընտրեց» (Սաղ. 33։12)։ Ի՜նչ լաւ պատճառներ ունինք Եհովային հանդէպ ուղղամիտ մնալու։ դ22.10 15-16 ¶13-15
Շաբաթ, մայիս 18
[Քու խօսքդ] ճշմարտութիւն է (Սաղ. 119։160)։
Աստուածաշունչի շատ մը մարգարէութիւններ, որոնք արդէն կատարուած են, մեր վստահութիւնը կ’աւելցնեն որ ապագայի նկատմամբ Աստուծոյ խոստումներն ալ պիտի կատարուին։ Կը զգանք Սաղմոս գրողին պէս, որ Եհովային աղօթեց. «Իմ անձս քու փրկութեանդ կը կարօտի ու ես քու խօսքիդ կը յուսամ» (Սաղ. 119։81)։ Աստուածաշունչին միջոցաւ Եհովան ազնուօրէն մեզի տուած է «ապագայ մը եւ յոյս մը» (Եր. 29։11)։ Մենք ապագային նկատմամբ յոյս կ’առնենք Եհովայի խոստումներէն եւ ոչ թէ մարդոց ջանքերէն։ Անոր համար, շարունակենք Աստուծոյ Խօսքին նկատմամբ մեր վստահութիւնը աւելցնել՝ Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները ուշի–ուշով սերտելով։ Ուրիշ պատճառ մը թէ ինչո՛ւ կրնանք Աստուածաշունչին վստահիլ, այն է որ մարդոց կ’օգնէ, երբ ատոր խրատներուն հետեւին (Սաղ. 119։66, 138)։ Ամուսնացած զոյգեր, որոնք բաժնուելու վրայ էին, այժմ ուրախութեամբ միասին կ’ապրին, քանի որ Աստուածաշունչի խրատները կը գործադրեն։ Անոնց զաւակները ուրախ են որ ընտանիքի մը մէջ են, ուր սիրուած եւ ապահով կը զգան (Եփ. 5։22-29)։ դ23.01 5 ¶12-13
Կիրակի, մայիս 19
Յոյսով ուրախ եղէ՛ք (Հռով. 12։12)։
Նկատէ թէ ինչպէ՛ս անձամբ օգտուած ես Աստուածաշունչի այն խոստումներէն, որոնք կատարուած են։ Օրինակ, Յիսուս խոստացաւ, որ իր Հայրը պէտքերդ պիտի ապահովէ (Մատ. 6։32, 33)։ Յիսուս նաեւ քեզ վստահեցուց, որ Եհովան քեզի սուրբ հոգին պիտի տայ, երբ զայն խնդրես (Ղուկ. 11։13)։ Եհովան այդ խոստումները պահած է։ Կամ թերեւս միտքդ գան ուրիշ խոստումներ, որոնք Եհովան պահած է։ Օրինակի համար, ան խոստացած է քեզի ներել, քեզ մխիթարել եւ հոգեւորապէս կերակրել (Մատ. 6։14. 24։45. Բ. Կոր. 1։3)։ Երբ խոկաս թէ Աստուած քեզի համար արդէն ինչե՜ր ըրած է, ապագային քեզի համար իր ընելիքներուն նկատմամբ յոյսդ պիտի զօրանայ։ Մենք վստահ ենք որ Եհովան իր խոստումները պիտի կատարէ։ Ինչպէս Սաղմոս գրողը ըսաւ. ‘Երանի՜ անոր՝ որուն յոյսը իր Տէր Աստուծոյն վրայ է, որ ճշմարտութիւնը կը պահէ յաւիտեան’ (Սաղ. 146։5, 6)։ դ22.10 28 ¶15, 17
Երկուշաբթի, մայիս 20
Քու վրադ Տէրը պիտի ծագի (Եսա. 60։2)։
Ճշմարիտ պաշտամունքի վերահաստատումի մասին այս մարգարէութիւնը մեզի ալ կը կիրարկուի՞ այսօր։ Անշո՛ւշտ։ Ինչպէ՞ս։ Ք.Ե. 1919–էն ի վեր, միլիոնաւոր մարդիկ ազատ արձակուած են Մեծ Բաբելոնի՝ բոլոր սուտ կրօնքներուն, գերութենէն։ Անոնք ուղղուած են աւելի լաւ տեղ մը, քան՝ իսրայէլացիներուն վերադարձած Աւետեաց երկիրը։ Անոնք հոգեւոր դրախտի մէջ են (Եսա. 51։3. 66։8)։ Ք.Ե. 1919–էն սկսեալ, օծեալ քրիստոնեաները կ’ապրին հոգեւոր դրախտի մէջ։ «Ուրիշ ոչխարներ»ը, որոնք երկրային յոյս ունին, նոյնպէս հաստատուած են հոգեւոր դրախտին մէջ եւ կը վայելեն Եհովայի առատ օրհնութիւնները (Յովհ. 10։16. Եսա. 25։6. 65։13)։ Հոգեւոր դրախտը կը գտնուի ամբողջ աշխարհին մէջ։ Ասկէ կը հասկնանք, որ ո՛ւր որ ալ կ’ապրինք, կրնանք հոգեւոր դրախտին մաս կազմել, այնքան ատեն որ գործունեայ կերպով թիկունք կը կանգնինք ճշմարիտ պաշտամունքին։ դ22.11 11-12 ¶12-15
Երեքշաբթի, մայիս 21
Միթէ դուն յաւիտենական չե՞ս, ո՛վ իմ Տէր Աստուածս, իմ Սուրբս։ Դուն չես մեռնիր (Ամբ. 1։12, ՆԱ)։
Քեզի համար դժուա՞ր է ըմբռնելը, որ Եհովան յաւիտեան գոյութիւն ունեցած է (Եսա. 40։28)։ Շատ մը մարդոց համար դժուար է ատիկա ըմբռնել։ Եղիուս Աստուծոյ մասին ըսաւ. «Անոր տարիներուն համրանքը անքննելի է» (Յոբ 36։26)։ Բայց պարզապէս քանի որ որոշ բան մը չենք հասկնար, ըսել չէ թէ այդպէս չէ։ Օրինակ, թերեւս չհասկնանք թէ ելեկտրականութիւնը ճիշդ ինչպէ՛ս կ’աշխատի։ Բայց ատիկա ըսե՞լ է որ գոյութիւն չունի։ Բնա՛ւ երբեք։ Նոյնպէս, թերեւս մենք՝ մարդիկս, բնաւ չհասկնանք թէ ինչպէ՛ս կարելի է որ Եհովան միշտ գոյութիւն ունեցած է եւ միշտ գոյութիւն պիտի ունենայ։ Բայց ասիկա չի նշանակեր որ ան յաւիտեան չ’ապրիր։ Մենք չենք կրնար Ստեղծիչը կաղապարի մէջ դնել մեր հասկացողութեան հիման վրայ (Հռով. 11։33-36)։ Ան գոյութիւն ունէր տիեզերքին մէջ որեւէ բան գոյութիւն ունենալէ առաջ, մէջը ըլլալով արեւը եւ աստղերը։ Այո, ան գոյութիւն ունէր ‘երկինքը տարածելէ’ առաջ (Եր. 51։15)։ դ22.12 2-3 ¶3-4
Չորեքշաբթի, մայիս 22
Թո՛ղ իմ աղօթքս խունկի պէս սեպուի քու առջեւդ (Սաղ. 141։2)։
Ատեններ, մեզմէ կը խնդրուի որ աղօթքով ուրիշները ներկայացնենք։ Օրինակ, քոյր մը կրնայ իր վարած Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան ներկայ գտնուող քրոջմէն խնդրել որ աղօթէ։ Այդ քոյրը թերեւս աշակերտը լաւ չի ճանչնար։ Անոր համար, կրնայ նախընտրել որ փակման աղօթքը ընէ։ Այդպիսով, ան աւելի դիւրութեամբ պիտի կարենայ իր աղօթքը յարմարցնել աշակերտին պէտքերուն։ Թերեւս եղբօրմէ մը խնդրուի, որ աղօթէ դաշտի ծառայութեան ժողովի մը մէջ կամ ժողովքային հանդիպումի մը մէջ։ Այդ առանձնաշնորհումը ունեցող եղբայրները պէտք է իրենց միտքը պահեն, թէ ժողովին նպատակը ի՛նչ է։ Պէտք չէ աղօթքը օգտագործեն ժողովքին խրատ տալու կամ ծանուցումներ ընելու համար։ Գրեթէ բոլոր ժողովներուն մէջ, ընդամէնը հինգ վայրկեան տրամադրուած է երգեցողութեան եւ աղօթքին։ Անոր համար, աղօթող եղբայրը պէտք չէ ‘շատ խօսի’, մանաւանդ՝ ժողովին սկիզբը (Մատ. 6։7)։ դ22.07 24 ¶17-18
Հինգշաբթի, մայիս 23
Պիտի լսէք պատերազմներ ու պատերազմներու լուրեր։ Զգո՛յշ կեցէք որ չխռովիք, վասն զի այս ամէնը պէտք է որ ըլլան, բայց դեռ վերջը չէ (Մատ. 24։6)։
Յիսուս մարգարէացաւ որ վերջին օրերուն ընթացքին, «տեղ տեղ» մահտարաժամներ, այսինքն՝ համաճարակներ, պիտի ըլլային (Ղուկ. 21։11)։ Ատիկա գիտնալը մեզի ինչպէ՞ս խաղաղութիւն կու տայ։ Մենք չենք զարմանար որ հիւանդութիւններ կը տարածուին, հապա կը գիտակցինք որ դէպքերը կը պատահին այնպէս, ինչպէս Յիսուս ըսած էր։ Ուրեմն, մենք լաւ պատճառ ունինք հետեւելու Յիսուսի խրատին, որ տուաւ վերջին ժամանակին մէջ ապրողներուն, ըսելով. «Զգո՛յշ կեցէք որ չխռովիք»։ Երբ հիւանդութիւն մը տարածուի, միշտ կարելի չըլլար որ ընես այն բաները, որոնք առաջ կ’ընէիր։ Բայց թոյլ մի՛ տար որ անիկա խանգարէ անձնական սերտողութիւնդ կամ ժողովներու ներկայ գտնուիլդ։ Մեր հրատարակութիւններուն եւ վիտէօներուն մէջի փորձառութիւնները քեզի պիտի յիշեցնեն, որ եղբայրներդ ու քոյրերդ այս տեսակ դժուարութիւններու մէջ իրենց ուղղամտութիւնը կը պահեն։ դ22.12 17 ¶4, 6
Ուրբաթ, մայիս 24
Ժամանակ ու դիպուած կը պատահին ամենուն (Ժող. 9։11)։
Յակոբ շատ յստակ դարձուց, որ իր տղան Յովսէփը շատ կը սիրէր (Ծն. 37։3, 4)։ Անոր համար, Յակոբին միւս տղաները Յովսէփին նախանձեցան։ Եւ երբ առիթը գտան, զինք ծախեցին մադիանացի վաճառականներու։ Այդ վաճառականները Յովսէփը տարին Եգիպտոս, որ իր ապրած տեղէն հարիւրաւոր քիլոմեթր հեռու էր։ Եւ զինք ծախեցին փարաւոնին պաշտօնեաներէն մէկուն՝ Պետափրէսին։ Յովսէփի կեանքը որքա՜ն արագ փոխուեցաւ։ Ան իր հօր շատ սիրելի զաւակի դիրքէն մէկ անգամէն իջաւ եգիպտացիի մը ստրուկի դիրքին (Ծն. 39։1)։ Ատեններ կ’ունենանք փորձութիւններ, որոնք ամէն մարդ կ’ունենայ (Ա. Կոր. 10։13)։ Կամ թերեւս չարչարուինք, պարզապէս քանի որ Յիսուսին աշակերտներն ենք։ Օրինակ, կրնան մեզ ծաղրել, մեզի հակառակիլ, կամ նոյնիսկ մեզ հալածել՝ մեր հաւատքին համար (Բ. Տիմ. 3։12)։ Ի՛նչ ալ ըլլայ դժուարութիւնդ, Եհովան կրնա՛յ քեզի յաջողութիւն տալ։ դ23.01 14-15 ¶3-4
Շաբաթ, մայիս 25
Առանց փայտի կրակը կը մարի (Առ. 26։20)։
Ատեններ կը զգանք, որ պէտք է խօսինք հաւատակիցի մը հետ, որ մեզ նեղացուցած է։ Բայց նա՛խ լաւ կ’ըլլայ որ մենք մեզի այս հարցումները հարցնենք. ‘Եղածին մասին ամէն բան կը հասկնա՞մ’ (Առ. 18։13)։ ‘Կրնա՞յ ըլլալ որ իր նպատակը չէր զիս վիրաւորել’ (Ժող. 7։20)։ ‘Ես ալ օրին մէկը նոյն սխալը ըրա՞ծ եմ’ (Ժող. 7։21, 22)։ ‘Արդեօք անհատին հետ խօսելով խնդիրը աւելի պիտի մեծնա՞յ’։ Երբ այսպիսի հարցումներու մասին մտածենք, թերեւս գիտակցինք որ քանի՛ որ մեր եղբայրը կը սիրենք, պարզապէս ամենալաւ բանն է որ եղածը մոռնանք։ Անհատապէս մենք ալ կրնանք փաստել, որ Յիսուսի իսկական հետեւորդներն ենք, երբ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ անձնազոհ սէր ցոյց տանք, հակառակ անոնց անկատարութիւններուն։ Այս միջոցին, թերեւս ուրիշներուն ալ օգնենք, որ գիտնան որ ասիկա է իսկական կրօնքը եւ մեզի միանան պաշտելու Եհովան։ Ուրեմն, վճռենք շարունակել ցոյց տալ այն սէրը, որ ճշմարիտ քրիստոնեաները կը զանազանէ ուրիշներէն։ դ23.03 31 ¶18-19
Կիրակի, մայիս 26
Աստուած սէր է (Ա. Յովհ. 4։8)։
Սուրբ Գիրքը մեզի կ’օգնէ հասկնալու որ Եհովային գլխաւոր յատկութիւնը սէրն է։ Քանի՛ որ ան մեզ կը սիրէ, գրել չէ տուած մանրամասնութիւններ, որոնց պէտք չկայ իրեն ծառայելու համար (Յովհ. 21։25)։ Եւ իր մօտեցումն ալ ցոյց կու տայ որ մեզ կը սիրէ։ Ան Սուրբ Գիրքին մէջ, երկար–բարակ օրէնքներու ցանկ մը չէ տուած։ Եւ ամէն մէկ մանրամասնութիւն չէ յիշած, ըսելով որ ճիշդ ի՛նչ պէտք է ընենք եւ ի՛նչ պէտք չէ ընենք։ Հապա, իրական պատմութիւններու, հետաքրքրական մարգարէութիւններու եւ գործնական խրատներու միջոցաւ մեզի կ’օգնէ որ լաւ որոշումներ առնենք։ Իր այս մօտեցումը զինք կը սիրցնէ մեզի եւ կը ձգէ որ սրտանց իրեն հնազանդինք։ Սուրբ Գիրքը կը ցուցնէ որքա՛ն Եհովան մեզմով հետաքրքրուած է։ Իր Խօսքը լեցուն է պատմութիւններով, որոնք ցոյց կու տան մարդոց զգացումները։ Մենք կրնանք այդ պատմութիւններուն անձնաւորութիւններուն հետ զգալ, քանի որ անոնք ‘մեզի պէս զգացումներ ունէին’ (Յակ. 5։17, ՆԱ)։ Աւելի կարեւորը, երբ կը տեսնենք որ ան ինչպէ՛ս վարուած է մեզի պէս մարդոց հետ, աւելի լաւ կը հասկնանք որ Եհովան «բազմագութ ու ողորմած է» (Յակ. 5։11)։ դ23.02 6-7 ¶13-15
Երկուշաբթի, մայիս 27
Արթո՛ւն կեցէք, հսկեցէ՛ք (Ա. Պետ. 5։8)։
Աստուածաշունչին վերջին գիրքը կը սկսի այս խօսքերով. «Յիսուս Քրիստոսին յայտնութիւնը, որ Աստուած տուաւ իր ծառաներուն ցուցնելու ինչ որ շուտով պիտի ըլլայ» (Յայտ. 1։1)։ Անոր համար մենք այսօր շատ հետաքրքրուած ենք գիտնալու, թէ ներկայիս աշխարհին մէջ ի՛նչ դէպքեր կը պատահին եւ թէ անոնք թերեւս ինչպէ՛ս կը կատարեն աստուածաշնչական մարգարէութիւնները։ Եւ թերեւս ուզենք այս դէպքերուն մասին խօսիլ ուրիշներուն հետ։ Երբ Աստուածաշունչի մարգարէութիւններուն մասին կը խօսինք, պէտք չէ ենթադրութիւններ ընենք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ չենք ուզեր ըսել բան մը, որ կրնայ ժողովքին միութիւնը խանգարել։ Օրինակի համար, թերեւս լսենք որ աշխարհի առաջնորդները կը խօսին թէ ինչպէ՛ս որոշ խնդիր մը պիտի լուծեն եւ խաղաղութիւն ու ապահովութիւն բերեն։ Փոխանակ ենթադրելու որ այս խօսքը կը կատարէ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։3–ի մարգարէութիւնը, պէտք է որ հրատարակուած վերջին տեղեկութիւններուն հետ քայլ պահենք։ Երբ մեր խօսակցութիւնները հիմնուին Եհովայի կազմակերպութեան կողմէ հրատարակուած նիւթերուն վրայ, ժողովքին կ’օգնենք որ միացած մնայ ‘մէկ մտքի վրայ’ (Ա. Կոր. 1։10. 4։6)։ դ23.02 16 ¶4-5
Երեքշաբթի, մայիս 28
Ճշմարտութեան ու հեզութեան եւ արդարութեան համար հեծիր ու քու աջ ձեռքդ քեզի ահաւոր բաներ պիտի սորվեցնէ (Սաղ. 45։4)։
Ինչո՞ւ կը սիրես Յիսուս Քրիստոսը։ Յիսուս կը սիրէ այն ինչ որ ճշմարտութիւն է, խոնարհութիւն է եւ արդարութիւն է։ Եթէ դուն ալ կը սիրես ինչ որ ճշմարիտ ու արդար է, վստահաբար Յիսուս Քրիստոսը պիտի սիրես։ Մտածէ թէ ան ինչպէ՛ս քաջաբար պաշտպանեց այն ինչ որ ճշմարիտ ու արդար է (Յովհ. 18։37)։ Բայց Յիսուս ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ որ խոնարհ է։ Իր օրինակով ցուցուց որ խոնարհ է։ Օրինակի համար, ան միշտ փառքը իր Հօր կը բերէ, եւ ոչ ինքն իրեն (Մար. 10։17, 18. Յովհ. 5։19)։ Յիսուսին խոնարհութիւնը ինչպէ՞ս կ’ազդէ քեզի։ Ասիկա չի՞ ձգեր որ Աստուծոյ Որդին սիրես եւ իրեն հետեւիս։ Անշո՛ւշտ։ Ինչո՞ւ Յիսուս խոնարհ էր։ Որովհետեւ ան կը սիրէր եւ կ’ուզէր ընդօրինակել իր Հայրը, որ նոյնպէս խոնարհ էր (Սաղ. 18։35. Եբ. 1։3)։ Դուն քեզի մօտիկ չե՞ս զգար Յիսուսին, որ կատարելապէս Եհովային յատկութիւնները կ’ընդօրինակէ։ դ23.03 3-4 ¶6-7
Չորեքշաբթի, մայիս 29
Մեռելներուն յարութիւն պիտի ըլլայ, թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն (Գործք 24։15)։
Աստուածաշունչը կը խօսի մարդոց երկու խումբերու մասին, որոնք յարութիւն պիտի առնեն՝ երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու յոյսով. «արդարներ»ը եւ «մեղաւորներ»ը։ «Արդարներ»ը անոնք են, որոնք հաւատարմօրէն Եհովային ծառայեցին, երբ ողջ էին։ Իսկ «մեղաւորներ»ը անոնք են, որոնք Եհովային չծառայեցին։ Որովհետեւ երկու խումբերն ալ յարութիւն կ’առնեն, կրնա՞նք ըսել որ անոնց անունները կեանքի գիրքին մէջ գրուած են։ «Արդարներ»ուն անունները մեռնելէ առաջ գրուեցան կեանքի գիրքին մէջ։ Երբ մեռան իրենց անունները ջնջուեցա՞ն գիրքին մէջէն։ Ո՛չ, քանի որ անոնք տակաւին «կ’ապրին» Եհովայի յիշողութեան մէջ։ Եհովան «մեռելներուն Աստուածը չէ, հապա՝ ողջերուն, որովհետեւ անոր համար՝ բոլորը կ’ապրին» (Ղուկ. 20։38, ԱԾ)։ Ասիկա կը նշանակէ որ, երբ արդարները յարութիւն առնեն՝ երկրի վրայ ապրելու համար, անոնց անունները կեանքի գիրքին մէջ գրուած պիտի մնան, թէեւ՝ մատիտով (Ղուկ. 14։14)։ դ22.09 16 ¶9-10
Հինգշաբթի, մայիս 30
Տէր Աստուած առաւ մարդը ու Եդեմի պարտէզին մէջ դրաւ, որպէս զի զանիկա մշակէ ու պահէ (Ծն. 2։15)։
Եհովան ուզեց որ առաջին մարդը՝ Ադամ՝ վայելէ ստեղծագործութիւնը։ Երբ Եհովան Ադամը ստեղծեց, իրեն շա՛տ գեղեցիկ դրախտ մը տուաւ, որ հոն ապրի, ատոր հոգ տանի եւ ատոր սահմանները ընդլայնէ (Ծն. 2։8, 9)։ Երեւակայէ որ Ադամ որքա՜ն ուրախացած ըլլալու էր, երբ կը դիտէր որ սերմերը ինչպէ՛ս կը ծլին եւ ծաղիկները ինչպէ՛ս կը բացուին։ Եդեմի պարտէզին հոգ տանիլը որքա՜ն մեծ առանձնաշնորհում մը ըլլալու էր Ադամին համար։ Ասկէ զատ, Եհովան Ադամէն խնդրեց որ անասուններուն անուն տայ (Ծն. 2։19, 20)։ Եհովան կրնար ասիկա անձամբ ընել. բայց այս գործը Ադամին տուաւ։ Վստահաբար, Ադամ անասուններուն անուն տալէ առաջ, ուշի–ուշով սերտեց անոնց տեսքը եւ նայեցաւ թէ ինչպէ՛ս կը վարուին։ Այս գործը շատ ուրախացուցած ըլլալու էր Ադամը։ Անկասկած, ասիկա իրեն օգնեց որ տեսնէ, թէ իր Հայրը որքա՜ն իմաստուն է եւ թէ անոր ստեղծած բաները որքա՜ն գեղեցիկ եւ հետաքրքրական են։ դ23.03 16 ¶3
Ուրբաթ, մայիս 31
Անիկա այս բոլոր թագաւորութիւնները պիտի փշրէ ու պիտի հատցնէ ու ինք յաւիտեան պիտի մնայ (Դան. 2։44)։
Անկլօ–Ամերիկան՝ ներկայացուած ըլլալով որպէս հսկայ արձանի մը ոտքերը, վերջին աշխարհակալ ուժն է, որուն մասին Աստուածաշունչը մարգարէացած է (Դան. 2։31-33)։ Որեւէ մարդկային կառավարութիւն անկէ ետք պիտի չիշխէ։ Անիկա պիտի կործանուի Արմագեդոնին, երբ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը զայն եւ բոլոր մարդկային կառավարութիւնները փշրէ (Յայտ. 16։13, 14, 16. 19։19, 20)։ Այս մարգարէութեան մասին գիտնալով ինչպէ՞ս կ’օգտուինք։ Դանիէլի մարգարէութիւնը յաւելեալ փաստ մը կու տայ, թէ մենք վերջին ժամանակին մէջ կ’ապրինք։ Աւելի քան 2500 տարի առաջ, Դանիէլ մարգարէացաւ, որ Բաբելոնէն ետք ուրիշ չորս աշխարհակալ ուժեր Աստուծոյ ժողովուրդին մեծապէս պիտի ազդէին։ Ասկէ զատ, ան յայտնեց թէ անկլօամերիկեան աշխարհակալ ուժը վերջինը պիտի ըլլար։ Ասիկա մեզ կը մխիթարէ եւ յոյս կու տայ, որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մարդկային բոլոր կառավարութիւնները պիտի բնաջնջէ եւ ինք ամբողջ երկրի վրայ պիտի իշխէ։ դ22.07 4 ¶9. 5 ¶11-12