Ապրիլ
Երկուշաբթի, ապրիլ 1
Ձեր հաւատքին փորձառութիւնը համբերութիւն կը ներգործէ (Յակ. 1։3)։
Դուն քեզի հարցուր. ‘Երբ ինծի խրատ կը տրուի, ինչպէ՞ս կը հակազդեմ։ Անմիջապէս սխալս կ’ընդունի՞մ, թէ ոչ՝ ինքզինքս կ’արդարացնեմ։ Շուտով ուրիշները կը մեղադրե՞մ’։ Մինչ Աստուածաշունչէն կը կարդաս հաւատարիմ տղամարդոց ու կիներու մասին, նկատի առ թէ անոնք այսպիսի հարցերու նկատմամբ ինչպէ՛ս վարուեցան։ Ամէն մէկուն նկատմամբ դուն քեզի հարցուր. ‘Ինչպէ՞ս կրնամ Եհովայի այս հաւատարիմ ծառան աւելի ընդօրինակել’։ Նաեւ կրնանք օգտուիլ մեր երիտասարդ եւ տարեց հաւատակիցներու օրինակներէն։ Օրինակ, միտքդ կու գա՞յ ժողովքէդ մէկը, որ հաւատարմօրէն կը տոկայ փորձութեան մը, ինչպէս՝ տարեկիցներու ճնշում, ընտանիքի կողմէ հալածանք կամ հիւանդութիւն։ Արդեօք այդ անհատին մէջ կը տեսնե՞ս գովելի յատկութիւն մը, որ կ’ուզես քու մէջդ աւելի զարգացնել։ Անոր օրինակը նկատի առնելով, կրնաս սորվիլ քու փորձութիւններուդ տոկալու գործնական կերպեր։ Շա՜տ ուրախ ենք, որ այս եղբայրներն ու քոյրերը հաւատքի զօրաւոր օրինակներ են (Եբ. 13։7)։ դ22.04 13 ¶13-14
Երեքշաբթի, ապրիլ 2
Աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը (Գործք 20։35)։
Երբ կ’անցնինք դժուար պարագայէ, շնորհակալ կ’ըլլանք երբ հոգատար երէց մը ժամանակ կու տայ, որ մեզի մտիկ ընէ ու մխիթարէ։ Իսկ երբ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը վարելու համար օգնութեան պէտք ունինք, կ’ուրախանանք երբ փորձառու ռահվիրայ մը կ’ընդունի ներկայ ըլլալ եւ առաջարկներ տալ։ Այս բոլոր եղբայրներն ու քոյրերը ուրախութեամբ մեզի կ’օգնեն։ Մենք ալ կրնանք այդ ուրախութիւնը ունենալ, եթէ ուրիշներուն օգնենք։ Եթէ կ’ուզես այս կամ ուրիշ կերպերով ծառայութիւնդ ընդլայնել, ի՞նչը քեզի պիտի օգնէ որ նպատակակէտերուդ հասնիս։ Ուշադիր եղիր որ չդնես նպատակակէտ մը, որ յստակ չէ։ Օրինակ, թերեւս մտածես. ‘Կ’ուզեմ ժողովքին համար աւելին ընել’։ Բայց կրնայ դժուար ըլլալ այդ նպատակակէտին հասնիլ եւ թերեւս անկարելի ըլլայ գիտնալ, թէ ե՛րբ ատոր հասար։ Անոր համար, ընտրէ յստակ եւ մասնայատուկ նպատակակէտ մը։ Եւ կրնաս նոյնիսկ գրել, թէ ի՛նչ է նպատակակէտդ եւ ինչպէ՛ս կրնաս ատոր հասնիլ։ դ22.04 25 ¶12-13
Չորեքշաբթի, ապրիլ 3
Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս (Յակ. 2։8)։
Եհովան հիմա «մեծ բազմութիւն մը» կը հաւաքէ եւ զիրենք կը մարզէ, որ իր Թագաւորութեան հպատակները ըլլան (Յայտ. 7։9, 10)։ Հակառակ անոր որ այս մարդիկը կ’ապրին աշխարհի մը մէջ, որուն մէջ վախ ու պատերազմ կը տիրեն, անոնք ջանք կ’ընեն որ ամէն տեսակի ազգային, ցեղային եւ անձնական ատելութիւններ յաղթահարեն։ Եւ անոնք արդէն հիմակուընէ այլաբանօրէն իրենց սուրերէն խոփեր կը շինեն (Միք. 4։3)։ Փոխանակ մասնակցելու պատերազմներու, որոնք մեծ թիւով մահ կը պատճառեն, անոնք մարդոց կ’օգնեն որ իսկական կեանքը, այսինքն՝ «յաւիտենական կեանքը», գտնեն սորվեցնելով ճշմարիտ Աստուծոյն եւ իր նպատակներուն մասին (Ա. Տիմ. 6։19)։ Ասկէ զատ, թերեւս անոնք իրենց ընտանիքի անդամներուն կողմէ հակառակութիւն դիմագրաւեն, կամ թերեւս դրամական նեղութիւններէ անցնին, քանի որ Աստուծոյ Թագաւորութեան թիկունք կը կանգնին, բայց Եհովան միշտ իրենց պիտի օգնէ որ պէտք եղած բաները ունենան (Մատ. 6։25, 30-33. Ղուկ. 18։29, 30)։ Այս բոլոր իրողութիւնները մեզ կը վստահեցնեն, որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը իրականութիւն է եւ թէ անիկա պիտի շարունակէ Եհովայի նպատակը իրականացնել։ դ22.12 5 ¶13
Հինգշաբթի, ապրիլ 4
Ամէ՛ն, եկո՛ւր, Տէր Յիսուս (Յայտ. 22։20)։
1000 տարուան վերջաւորութեան, երկրի վրայ բոլոր եղողները կատարելութեան հասած պիտի ըլլան։ Այլեւս ո՛չ մէկը պիտի ազդուի Ադամէն ժառանգուած մեղքէն (Հռով. 5։12)։ Ադամական մեղքին անէծքը վերջնականապէս վերցուած պիտի ըլլայ։ Այսպիսով, 1000 տարուան վերջաւորութեան, մարդիկը պիտի ‘ապրին’, քանի որ կատարեալ եղան (Յայտ. 20։5)։ Գիտենք որ Յիսուս Սատանայի ջանքերուն դէմ դրաւ եւ իր ուղղամտութիւնը պահպանեց։ Բայց արդեօք բոլոր կատարեալ մարդիկը նոյնը պիտի ընե՞ն, եթէ Սատանային առիթ տրուի որ զիրենք փորձէ։ Ամէն անհատ ինք իր անձին համար այս հարցումին պիտի պատասխանէ, երբ Սատանան անդունդէն արձակուի 1000 տարուան վերջաւորութեան (Յայտ. 20։7)։ Բոլոր անոնք՝ որոնք այս վերջին փորձին մէջ կը փաստեն հաւատարիմ ըլլալ, պիտի ստանան յաւիտենական կեանքը ու վայելեն իսկական ազատութիւնը (Հռով. 8։21)։ Իսկ անոնք՝ որոնք Եհովային դէմ կ’ըմբոստանան, վերջնականապէս պիտի բնաջնջուին (Յայտ. 20։7-10)։ դ22.05 19 ¶18-19
Ուրբաթ, ապրիլ 5
Դուն անոր գարշապարը պիտի խայթես (Ծն. 3։15)։
Այդ մարգարէութիւնը կատարուեցաւ, երբ Սատանան հրեաները եւ հռոմայեցիները գործածեց Աստուծոյ Որդին մեռցնելու համար (Ղուկ. 23։13, 20-24)։ Ճիշդ ինչպէս որ երբ մէկու մը կրունկը կը վիրաւորուի, ան որոշ ժամանակ կը կաղայ, նոյնպէս Յիսուսի մահը զինք ժամանակաւորապէս անգործունեայ դարձուց եւ ան գերեզմանին մէջ մեռած մնաց երեք օրեր,– բայց ոչ լման երեք օրեր (Մատ. 16։21)։ Ծննդոց 3։15–ի մարգարէութիւնը կատարուելու համար, Յիսուս չէր կրնար գերեզմանին մէջ մնալ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ մարգարէութեան համաձայն, սերունդը օձին գլուխը պիտի ջախջախէր։ Ասիկա կը նշանակէ, որ Յիսուսին գարշապարը պէտք էր ապաքինէր։ Այդպէս ալ եղա՛ւ։ Իր մահէն երեք օր ետք, Յիսուս յարութիւն առաւ որպէս անմահ հոգեղէն արարած։ Եւ Աստուծոյ նշանակած ժամանակին, Յիսուս Սատանան պիտի ոչնչացնէ (Եբ. 2։14)։ Քրիստոս եւ իր իշխանակիցները պիտի բնաջնջեն Աստուծոյ բոլոր թշնամիները,– օձին սերունդը (Յայտ. 17։14. 20։4, 9, 10)։ դ22.07 16 ¶11-12
Շաբաթ, ապրիլ 6
Իմաստուններուն հետ քալողը իմաստուն կ’ըլլայ (Առ. 13։20)։
Ծնողնե՛ր, ձեր զաւակներուն օգնեցէք որ լաւ ընկերներ ընտրեն։ Աստուծոյ Խօսքը յստակօրէն կ’ըսէ, որ մեր ընկերները կրնան լաւ կամ գէշ ազդեցութիւն ունենալ մեր վրայ։ Կը ճանչնա՞ք ձեր զաւակներուն ընկերները։ Ի՞նչ կրնաք ընել, որ ձեր զաւակները ունենան ընկերներ, որոնք Եհովան կը սիրեն (Ա. Կոր. 15։33)։ Կրնաք հրաւիրել հոգեւորապէս լաւ անհատներ, որ մասնակցին ձեր ընտանեկան գործունէութիւններուն (Սաղ. 119։63)։ Թոնի անունով հայր մը կը բացատրէ. «Տարիներու ընթացքին, կինս ու ես մեր տունը հրաւիրած ենք տարբեր տարիքի եւ տարբեր ենթահողերէ եղող եղբայրներ ու քոյրեր։ Անոնք մեզի հետ կը ճաշէին եւ մեր ընտանեկան պաշտամունքին կը մասնակցէին։ Ասիկա լաւ կերպ մըն էր ճանչնալու անոնք, որոնք Եհովան կը սիրեն եւ ուրախութեամբ իրեն կը ծառայեն։. . . Անոնց փորձառութիւնները, նախանձախնդրութիւնը եւ անձնազոհ հոգին մեծապէս ազդած են մեր զաւակներուն եւ անոնց օգնած են, որ Եհովային մօտենան»։ դ22.05 29-30 ¶14-15
Կիրակի, ապրիլ 7
Երկրի վրայ ինչ որ կապէք, երկնքի մէջ կապուած պիտի ըլլայ (Մատ. 18։18)։
Երբ երէցները յանցագործի մը հետ կը տեսնուին, իրենց նպատակն է՝ հասնիլ այն որոշումին, որ երկինքին մէջ արդէն առնուած է։ Այս կարգադրութիւնը ինչպէ՞ս կ’օգտէ ժողովքին։ Անիկա ժողովքը կը պաշտպանէ, վստահ ըլլալով որ անզեղջ մեղաւորները չմնան ժողովքին մէջ, որպէսզի չվնասեն Եհովայի թանկագին ոչխարներուն (Ա. Կոր. 5։6, 7, 11-13. Տիտ. 3։10, 11)։ Անիկա նաեւ կրնայ մեղաւորին օգնել, որ զղջայ եւ Եհովայի ներումէն օգտուի (Ղուկ. 5։32)։ Երէցները զղջացողին համար կ’աղօթեն եւ Եհովայէն կը խնդրեն, որ անոր օգնէ հոգեւորապէս առողջանալու (Յակ. 5։15)։ Եթէ անհատը զղջում ցոյց չի տար, երբ երէցները իրեն հետ հանդիպում ունենան, ժողովքէն կը վտարուի։ Եթէ անհատը յետագային անկեղծօրէն զղջայ եւ իր ընթացքը փոխէ, Եհովան պատրաստ է իրեն ներելու (Ղուկ. 15։17-24)։ Պարագան այսպէս է, նոյնիսկ եթէ անոր մեղքերը շատ լուրջ էին (Բ. Մն. 33։9, 12, 13. Ա. Տիմ. 1։15)։ դ22.06 9 ¶5-6
Երկուշաբթի, ապրիլ 8
Արթո՛ւն կեցէք, հսկեցէ՛ք, վասն զի ձեր հակառակորդը, Սատանան՝ մռնչող առիւծի պէս կը պտըտի ու կը փնտռէ թէ ո՛վ կլլէ (Ա. Պետ. 5։8)։
Եհովայի օգնութեամբ, համայն աշխարհի մէջ քրիստոնեաները դժուար պարագաներ յաղթահարած են եւ կրցած են Սատանային դէմ դնել (Ա. Պետ. 5։9)։ Դո՛ւն ալ կրնաս։ Մօտ ատենէն, Եհովան պիտի պատուիրէ Յիսուսին ու անոր իշխանակիցներուն, որ ‘Սատանային գործերը քանդեն’ (Ա. Յովհ. 3։8)։ Անկէ ետք, երկրի վրայ Աստուծոյ ժողովուրդը ‘ո՛չ մէկ բանէ պիտի վախնայ’ (Եսա. 54։14, ՆԱ. Միք. 4։4)։ Մինչ այդ, պէտք է շատ ջանք թափենք որ մեր վախերը յաղթահարենք։ Պէտք է շարունակենք զօրացնել մեր վստահութիւնը, որ Եհովան իր ծառաները կը սիրէ եւ կը պաշտպանէ։ Օգտակար պիտի ըլլայ խոկալ, թէ Եհովան ինչպէ՛ս անցեալին իր ծառաները պաշտպանած է, եւ ատոր մասին ուրիշներուն պատմել։ Նաեւ կրնանք մեր միտքը պահել, թէ Եհովան ինչպէ՛ս անհատապէս մեզի օգնած է նեղացուցիչ պարագաներ յաղթահարելու։ Այո, Եհովայի օգնութեամբ, կրնա՛նք մեր վախերը յաղթահարել (Սաղ. 34։4)։ դ22.06 19 ¶19-20
Երեքշաբթի, ապրիլ 9
[Անիկա] արձանին երկաթէ ու կաւէ ոտքերուն զարկաւ (Դան. 2։34)։
Այն աշխարհակալ ուժը, որ ներկայացուած է որպէս «երկաթէ ու կաւէ ոտքեր», արդէն կ’իշխէ։ Անիկա մէջտեղ եկաւ Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին, երբ Բրիտանիան եւ Միացեալ Նահանգները սկսան համագործակցիլ՝ կազմելով անկլօամերիկեան աշխարհակալ ուժը։ Նաբուգոդոնոսորի տեսած երազին մէջ կային բաներ, որոնք այս աշխարհակալ ուժը նախորդ թագաւորութիւններէն տարբեր պիտի դարձնէին։ Տեսիլքին մէջ յիշուած նախորդ աշխարհակալ ուժերուն հակառակը, Անկլօ–Ամերիկան կը ներկայացուի ոչ թէ որպէս ամուր մետաղ մը՝ ինչպէս ոսկի կամ արծաթ, հապա որպէս երկաթի եւ կաւի խառնուրդ։ Կաւը կը ներկայացնէ «մարդոց սերունդ»ը, այսինքն՝ հասարակ ժողովուրդը (Դան. 2։43)։ Ինչպէս յստակօրէն կը տեսնենք այսօր, մարդիկ քուէարկութիւններու, քաղաքացիական իրաւունքներու արշաւներու, հաւաքական ցոյցերու եւ աշխատաւորական միութիւններու միջոցաւ կը տկարացնեն այս աշխարհակալ ուժին կարողութիւնը՝ իր քաղաքականութիւնները գործադրելու։ դ22.07 4-5 ¶9-10
Չորեքշաբթի, ապրիլ 10
Իմ կերակուրս այն է, որ ես զիս ղրկողին կամքը ընեմ (Յովհ. 4։34)։
Արդեօք երկու մտքի վրա՞յ ես թէ մկրստուի՛ս կամ ոչ։ Թերեւս լաւ կ’ըլլայ որ դուն քեզի հարցնես. ‘Ինչո՞ւ սպասեմ’ (Գործք 8։36)։ Նկատէ որ Յիսուս իր Հօրը կամքը ընելը նմանցուց ուտելիքի։ Ինչո՞ւ։ Ուտելիքը մեզի համար օգտակար է։ Յիսուս գիտէր, որ ամէն բան որ Եհովան մեզմէ կ’ուզէ որ ընենք մեզի համար օգտակար է։ Եհովան չ’ուզեր որ մենք ընենք բան մը, որ կրնայ մեզի վնասակար ըլլալ։ Արդեօք Եհովային կա՞մքն է որ դուն մկրտուիս։ Այո՛ (Գործք 2։38)։ Ուրեմն կրնաս վստահ ըլլալ, որ իր մկրտուելու պատուէրին հնազանդիլը քեզի օգտակար կ’ըլլայ։ Երբ քեզի շատ համով ճաշ մը հրամցուի, վստահաբար երկու մտքի վրայ չես ըլլար, եթէ պիտի ուտե՛ս կամ ոչ։ Լաւ ինչո՞ւ երկու մտքի վրայ պիտի ըլլաս մկրտուելու նկատմամբ։ Ինչո՞ւ ոմանք կը սպասեն մկրտուելու։ Անոնցմէ շատեր կ’ըսեն. «Դեռ պատրաստ չեմ»։ Իրականութեան մէջ, Եհովային նուիրուելու եւ մկրտուելու որոշումը ամէնէն կարեւոր որոշումն է, որ կեանքիդ մէջ պիտի առնես։ Անոր համար, բնականաբար անոր ժամանակ պիտի տաս, անոր մասին ուշադրութեամբ պիտի մտածես եւ ջանք պիտի թափես, որպէսզի պատրաստ ըլլաս։ դ23.03 7 ¶18-20
Հինգշաբթի, ապրիլ 11
[Կ’ըսէ] որպէս թէ մէկի համար «Եւ քու սերունդիդ», որ Քրիստոս է (Գաղ. 3։16)։
Օծուելով, Յիսուս կնոջ սերունդին գլխաւոր մասը դարձաւ։ Յիսուսի մահէն եւ յարութիւն առնելէն ետք, Աստուած զինք ‘փառքով ու պատուով պսակեց’ եւ իրեն ‘ամէն իշխանութիւն տուաւ երկնքի ու երկրի մէջ’, մէջը ըլլալով՝ իշխանութիւնը ‘Սատանային գործերը քանդելու’ (Եբ. 2։7. Մատ. 28։18. Ա. Յովհ. 3։8)։ Բայց Յիսուսէն զատ ուրիշներ ալ սերունդին մաս պիտի կազմէին։ Պօղոս առաքեալ սերունդին այս մասը յայտնի դարձուց, երբ հրեայ եւ ոչ–հրեայ օծեալ քրիստոնեաներուն գրեց. «Եթէ դուք Քրիստոսինն էք, ուրեմն Աբրահամին սերունդն էք ու խոստումին նայելով՝ ժառանգորդներ» (Գաղ. 3։28, 29)։ Երբ Եհովան քրիստոնեայ մը սուրբ հոգիով օծէ, ան կը դառնայ կնոջ սերունդին մէկ մասը։ Այսպէս, սերունդը բաղկացած է Յիսուս Քրիստոսէն եւ իր 144,000 իշխանակիցներէն (Յայտ. 14։1)։ Անոնք բոլորն ալ ջանք կ’ընեն, որ իրենց Հօր՝ Եհովա Աստուծոյ պէս մտածեն ու վարուին։ դ22.07 16 ¶8-9
Ուրբաթ, ապրիլ 12
Ես ձանձրացած եմ ու չեմ ուզեր յաւիտեան ապրիլ (Յոբ 7։16)։
Կ’ակնկալենք որ փորձութիւններ ունենանք այս վերջին օրերուն (Բ. Տիմ. 3։1)։ Այսպիսի ատեններ թերեւս ընկճուինք եւ տակնուվրայ վիճակի մէջ ըլլանք, մանաւանդ եթէ փորձութիւնները ետեւ–ետեւի կամ նոյնիսկ նոյն ատեն կու գան։ Բայց յիշէ, որ Եհովային աչքը մեր վրայ է եւ իր օգնութեամբ կրնանք առանց վախնալու որեւէ փորձութեան դիմանալ։ Նկատի առ թէ Եհովան ինչպէ՛ս օգնեց հաւատարիմ Յոբին։ Ան կարճ ժամանակուան մէջ շարք մը ցաւալի փորձութիւններ ունեցաւ։ Մէկ օրուան մէջ Յոբ գիտցաւ, որ իր բոլոր կենդանիները գողցուած էին կամ մեռցուած էին, իր ծառաները սպաննուած էին եւ աւելի գէշը, իր զաւակները մեռցուած էին (Յոբ 1։13-19)։ Ատկէ շատ չանցած, երբ ան տակաւին սուգի մէջ էր, ծանր հիւանդութիւն մը ունեցաւ (Յոբ 2։7)։ Եհովային աչքը Յոբին վրայ էր։ Որովհետեւ Եհովան Յոբը կը սիրէր, իրեն պէտք եղածը տուաւ, որ իր փորձութիւններուն դիմանայ եւ հաւատարիմ մնայ։ դ22.08 11 ¶8-10
Շաբաթ, ապրիլ 13
Տէրը իր սիրածը կը խրատէ (Եբ. 12։6)։
Սրբագրութիւնը կրնայ մէկու մը զգացական ցաւ պատճառել։ Կրնանք սկսիլ մտածել թէ ատիկա անարդար էր, մեզի պէտք չէր տրուեր կամ շատ խիստ էր։ Այդպէս մտածելը պիտի չձգէ, որ շատ կարեւոր բան մը հասկնանք, որ է՝ թէ Եհովան մեզ կը սրբագրէ, քանի որ կը սիրէ (Եբ. 12։5, 11)։ Անոր համար, սրբագրութիւնը ընդունէ եւ պէտք եղած փոփոխութիւնները ըրէ։ Յիսուս քանի մը անգամ Պետրոսը սրբագրեց միւս առաքեալներուն առջեւ (Մար. 8։33. Ղուկ. 22։31-34)։ Եւ ասիկա հաւանաբար Պետրոսը ամօթով ձգեց։ Բայց ան հաւատարիմ մնաց Յիսուսին։ Սրբագրութիւնը ընդունեց եւ իր սխալներէն սորվեցաւ։ Անոր համար, Եհովան Պետրոսին հաւատարմութիւնը վարձատրեց, իրեն տալով ժողովքին մէջ լուրջ պատասխանատուութիւններ (Յովհ. 21։15-17. Գործք 10։24-33. Ա. Պետ. 1։1)։ Երբ չենք կեդրոնանար մեր ամօթի զգացումին վրայ, հապա սրբագրումը կ’ընդունինք եւ պէտք եղած փոփոխութիւնները կ’ընենք, թէ՛ մենք եւ թէ ուրիշները կ’օգտուին։ Այդպէս ընելով, աւելի օգտակար պիտի դառնանք թէ՛ Եհովային եւ թէ մեր եղբայրներուն։ դ22.11 21-22 ¶6-7
Կիրակի, ապրիլ 14
Հոն [Իսահակը] ողջակէզ ըրէ (Ծն. 22։2)։
Աբրահամ գիտէր, թէ Եհովան բնաւ անարդար կամ անազնիւ կերպով պիտի չվարուէր։ Պօղոս առաքեալի խօսքերուն համաձայն, ան տրամաբանեց թէ Եհովան պիտի կարենար իր սիրելի որդիին՝ Իսահակին, յարութիւն տալ (Եբ. 11։17-19)։ Եհովան խոստացած էր, թէ Իսահակ ազգ մը մէջտեղ պիտի բերէր, բայց այդ ատեն Իսահակ տակաւին զաւակներ չունէր։ Աբրահամ Եհովան կը սիրէր, անոր համար վստահ էր որ ան արդարութեամբ պիտի վարուէր։ Աբրահամ հաւատքով հնազանդեցաւ, թէեւ ատիկա դժուար էր իրեն համար (Ծն. 22։1-12)։ Ինչպէ՞ս կրնանք զինք ընդօրինակել։ Իրեն պէս, պէտք է շարունակենք Եհովային մասին սորվիլ։ Այդպէս ընելով, Եհովային աւելի պիտի մօտենանք եւ զինք աւելի պիտի սիրենք (Սաղ. 73։28)։ Եւ մեր խիղճը պիտի մարզուի, որ Աստուծոյ մտածելակերպով առաջնորդուի (Եբ. 5։14)։ Այն ատեն, երբ մէկը փորձէ մեզ մղել որ սխալ բան մը ընենք, պիտի մերժենք։ Բնաւ պիտի չուզենք ընել բան մը, որ մեր Հօր ցաւ պատճառէ եւ անոր հետ մեր փոխյարաբերութեան վնաս հասցնէ։ դ22.08 28-29 ¶11-12
Երկուշաբթի, ապրիլ 15
Մարդուն սրտին մէջ եղող վիշտը զանիկա կը ճնշէ, բայց աղէկ խօսքը կ’ուրախացնէ զանիկա (Առ. 12։25)։
Երբ Պօղոս առաքեալը եւ Բառնաբասը նորէն այցելեցին Լիւստրա, Իկոնիոն եւ Անտիոք, «անոնք իւրաքանչիւր եկեղեցիի երէցներ ձեռնադրեցին [«նշանակեցին», ՆԱ]» (Գործք 14։20-22)։ Անկասկած, այդ նշանակուած տղամարդիկը ժողովքներուն համար մխիթարութիւն եղան, ինչպէս որ ներկայիս երէցներն են։ Երէցնե՛ր, արթուն եղէք որպէսզի կարենաք օգնել անոնց, որոնք պէտք ունին քաջալերական «աղէկ խօսք»ի։ Պօղոս իր հաւատակիցներուն յիշեցուց, որ «վկաներու բազմութիւն» մը Եհովայի զօրութեամբ դժուարութիւններու դիմացած էր (Եբ. 12։1)։ Պօղոս գիտէր, որ անցեալին ապրած եւ ամէն տեսակ դժուարութիւններու տոկացած մարդոց կեանքի պատմութիւնները կրնային իր եղբայրներուն ու քոյրերուն քաջութիւն տալ եւ անոնց օգնել, որ կեդրոնացած մնային «կենդանի Աստուծոյ քաղաքին» վրայ (Եբ. 12։22)։ Նոյնն է պարագան այսօր։ Մեզմէ ո՞վ չէ զօրացած՝ կարդալով թէ ինչպէ՛ս Եհովան օգնեց Գեդէօնին, Բարակին, Դաւիթին, Սամուէլին եւ ուրիշ շատերու (Եբ. 11։32-35)։ դ22.08 21-22 ¶5-6
Երեքշաբթի, ապրիլ 16
Ամէն մէկը իր գործերուն համեմատ դատուեցաւ (Յայտ. 20։13)։
Յարութիւն առնողները ո՞ր «գործերուն» հիման վրայ պիտի դատուին։ Այն գործերուն հիման վրայ, որոնք ըրին մեռնելէ առա՞ջ։ Ո՛չ։ Միտքդ բեր, որ երբ անոնք մեռան, իրենց նախկին մեղքերէն արդարացան։ Ուրեմն, իրենց «գործեր»ը չեն կրնար ըլլալ այն գործերը, որոնք անոնք ըրին իրենց նախկին կեանքին ընթացքին, հապա պէտք է որ ըլլան այն գործերը, որոնք կ’ընեն նոր աշխարհին մէջ իրենց մարզումէն ետք։ Նոյնիսկ հաւատարիմ մարդիկ, ինչպէս՝ Նոյ, Սամուէլ, Դաւիթ ու Դանիէլ, պէտք է սորվին Յիսուս Քրիստոսի մասին եւ հաւատան իր զոհին։ Եթէ անո՛նք շատ սորվելիք բան ունին, ալ ո՛ւր մնաց մեղաւորները։ Ի՞նչ պիտի ըլլայ անոնց վերջը, որոնք այս հիանալի առիթը կը մերժեն։ Յայտնութիւն 20։15–ը կ’ըսէ. «Ով որ կեանքի գրքին մէջ գրուած չգտնուեցաւ, կրակի լիճին մէջ ձգուեցաւ»։ Այո, անոնք յաւիտեան պիտի բնաջնջուին։ Ուրեմն, որքա՜ն կարեւոր է որ ամէն ջանք ընենք, որ մեր անունը գրուի կեանքի գիրքին մէջ եւ հոն գրուած մնայ։ դ22.09 18-19 ¶17-19
Չորեքշաբթի, ապրիլ 17
Մաքուր խղճմտանք ունե[ցէք] Աստուծոյ առջեւ ու մարդոց առջեւ (Գործք 24։16)։
Առողջութեան եւ բժշկական դարմանումներու հետ կապուած մեր շատ մը որոշումները հիմնուած են Աստուածաշունչով մարզուած մեր խիղճին վրայ (Ա. Տիմ. 3։9)։ Երբ որոշումներ կ’առնենք եւ անոնց մասին կը խօսինք ուրիշներու հետ, լաւ կ’ըլլայ Փիլիպպեցիս 4։5–ին մէջ եղող սկզբունքը նկատի առնենք. «Ձեր խոհեմութիւնը ամէն մարդու թող յայտնի ըլլայ» (ՆԱ)։ Երբ խոհեմութեամբ կը վարուինք, չափէ դուրս չենք մտահոգուիր մեր առողջութեամբ։ Մենք մեր եղբայրներն ու քոյրերը կը սիրենք ու կը յարգենք, նոյնիսկ եթէ իրենց առած որոշումները մերիններէն տարբեր են (Հռով. 14։10-12)։ Եհովային՝ կեանքի Աղբիւրին՝ հանդէպ մեր գնահատանքը ցոյց կու տանք, երբ մեր կեանքին ուշադրութիւն կ’ընենք եւ իրեն մեր լաւագոյնը կու տանք (Յայտ. 4։10բ)։ Հիմակուհիմա, պիտի ըլլա՛ն հիւանդութիւններ եւ փորձանքներ։ Բայց ասիկա այն կեանքը չէ որ մեր Ստեղծիչը մեզի համար կ’ուզէր։ Ան շատ մօտ ատենէն մեզի պիտի տայ յաւիտենական կեանք, ուր ցաւ ու մահ չկան (Յայտ. 21։4)։ Մինչ այդ, ի՜նչ աղուոր բան է ողջ ըլլալ եւ մեր հոգատար Հօր՝ Եհովային՝ ծառայել։ դ23.02 25 ¶17-18
Հինգշաբթի, ապրիլ 18
Քու թագաւորութիւնդ բաժնուեցաւ եւ Մարերու ու Պարսիկներու տրուեցաւ (Դան. 5։28)։
Եհովան յստակ կերպով ցոյց տուած է, որ «վերին իշխանութիւններ»էն աւելի բարձր է (Հռով. 13։1)։ Նկատի առ երեք օրինակներ։ Եգիպտոսի փարաւոնը Եհովայի ժողովուրդը ստրկացուց եւ կրկին անգամ մերժեց զիրենք ազատ արձակել։ Բայց Եհովան զանոնք ազատեց եւ փարաւոնը Կարմիր ծովուն մէջ խեղդեց (Ել. 14։26-28. Սաղ. 136։15)։ Բաբելոնի Բաղտասար թագաւորը տօնակատարութեան մը ատեն, ‘երկնքի Տէրոջը դէմ ինքզինք բարձրացուց’ եւ ‘արծաթէ ու ոսկիէ շինուած աստուածները գովեց’՝ փոխանակ Եհովան փառաբանելու (Դան. 5։22, 23)։ Բայց Աստուած այդ հպարտ մարդը խոնարհեցուց։ «Նոյն գիշերը», Բաղտասար մեռցուեցաւ եւ իր թագաւորութիւնը տրուեցաւ մարերուն ու պարսիկներուն ձեռքը (Դան. 5։30)։ Պաղեստինի Հերովդէս Ագրիպպաս Ա. թագաւորը Յակոբոս առաքեալը մեռցնել տուաւ, իսկ ետքը՝ նոյն նպատակով Պետրոսը բանտարկեց։ Բայց Եհովան չձգեց որ ան իր ծրագիրը իրականացնէ։ «Տէրոջը հրեշտակը զանիկա զարկաւ» եւ ան մեռաւ (Գործք 12։1-5, 21-23)։ դ22.10 15 ¶12
Ուրբաթ, ապրիլ 19
Ձեզի պիտի լսեմ (Եր. 29։12)։
Մինչ կը կարդանք, թէ ինչպէ՛ս Եհովան հոգ տարաւ անոնց, որոնք իրեն հաւատարիմ էին անցեալին, մեր յոյսը ա՛լ աւելի կը զօրանայ։ Աստուծոյ Խօսքին մէջ ամէն բան «գրուեցաւ որ սորվինք, որպէս զի համբերութիւնով ու գրքերուն մխիթարութիւնով մենք յոյս ունենանք» (Հռով. 15։4)։ Խոկա՛ թէ ինչպէ՛ս Եհովան իր խոստումներուն տէրը եղած է։ Նկատի առ թէ Աստուած Աբրահամին եւ Սառային համար ի՛նչ ըրաւ։ Անոնք տարիք մը հասան, որ այլեւս չէին կրնար զաւակներ ունենալ։ Բայց Աստուած իրենց խոստացաւ, որ զաւակ մը պիտի ունենան (Ծն. 18։10)։ Աբրահամ ինչպէ՞ս հակազդեց այդ լուրին։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «[Ան] հաւատաց՝ թէ ինք շատ ազգերու հայր պիտի ըլլայ» (Հռով. 4։18)։ Թէեւ մարդկային տեսանկիւնէն դիտուած՝ պարագան անյոյս կ’երեւէր, բայց Աբրահամ վստահ էր, որ Եհովան իր խոստումը պիտի կատարէր։ Հաւատարիմ Աբրահամը յուսախաբ չեղաւ (Հռով. 4։19-21)։ Այսպիսի դէպքեր մեզի կը սորվեցնեն, թէ միշտ կրնանք Եհովային վստահիլ որ իր խոստումները կատարէ։ դ22.10 27 ¶13-14
Շաբաթ, ապրիլ 20
Քու աչքերդ քու ուսուցիչներդ [«Մեծ Ուսուցիչդ», ՆԱ] պիտի տեսնեն (Եսա. 30։20)։
Այդ խոստումը իրականացաւ, երբ հրեաները գերութենէն ազատ արձակուեցան։ Եհովան Ուսուցիչ եղաւ եւ զանոնք առաջնորդեց, որ յաջողութեամբ մաքուր պաշտամունքը վերահաստատեն։ Այսօր, մենք ալ օրհնուած ենք որ ունինք Եհովան՝ որպէս մեր Մեծ Ուսուցիչը։ Եսային մեզ կը նկարագրէ որպէս աշակերտներ, որոնք Եհովայէն կը սորվին, ըսելով. «Քու աչքերդ քու ուսուցիչներդ [«Մեծ Ուսուցիչդ», ՆԱ] պիտի տեսնեն»։ Հոս, մեր միտքին մէջ այն պատկերը կը ստեղծուի, թէ ուսուցիչը կեցած է իր աշակերտներուն առջեւ։ Մեզի համար մեծ առանձնաշնորհում մըն է իրմէ սորվիլ այսօր։ Ուրեմն, ան ի՞նչ կերպով մեզի կը սորվեցնէ։ Իր կազմակերպութեան միջոցով, որ մեզի յստակ առաջնորդութիւն կու տայ եւ մենք ատոր համար շնորհակալ ենք։ Այն մարզումը, որ կը ստանանք մեր ժողովներուն, հրատարակութիւններուն, JW հեռատեսիլի կայանի յայտագիրներուն միջոցաւ եւ ուրիշ շատ մը կերպերով, մեզի կ’օգնէ որ ուրախութեամբ համբերենք այս դժուար ժամանակներուն մէջ։ դ22.11 10 ¶8-9
Կիրակի, ապրիլ 21
Աշխարհիս վերջին [«աշխարհի վախճանին», ՆԱ] նշանը ի՞նչ պիտի ըլլայ (Մատ. 24։3)։
Հրէական դրութեան եւ մեր ապրած ‘աշխարհին վերջին’ մասին խօսելով, Յիսուս ըսաւ. «Այն օրուան ու ժամուն համար մէ՛կը չի գիտեր, ո՛չ երկնքի մէջ եղող հրեշտակները եւ ո՛չ Որդին. հապա՝ միայն Հայրը»։ Ետքը, իր բոլոր աշակերտները զգուշացուց որ ‘արթուն մնան’ եւ ‘արթուն կենան’ (Մար. 13։32-37)։ Առաջին դարու հրեայ քրիստոնեաները պէտք էր արթուն մնային, որովհետեւ իրենց կեանքը անկէ կախեալ էր։ Յիսուս իր հետեւորդներուն ըսաւ. «Երբ տեսնէք Երուսաղէմը չորս կողմէն զօրքերով շրջապատուած, այն ատեն գիտցէք թէ անոր աւերումը մօտ է»։ Այն ատեն, անոնք պէտք էր ընէին Յիսուսին ըսածը, որ էր ‘լեռները փախչիլ’ (Ղուկ. 21։20, 21)։ Անոնք որոնք իր խօսքը մտիկ ըրին ազատեցան, երբ հռոմայեցիները Երուսաղէմը կործանեցին։ Այսօր մենք կ’ապրինք այս չար աշխարհի վերջին ժամանակին մէջ։ Ուրեմն պէտք է արթուն մնանք եւ հսկենք։ դ23.02 14 ¶1-3
Երկուշաբթի, ապրիլ 22
Ո՜վ Եհովա՝ Աստուա՛ծ ճշմարտութեան (Սաղ. 31։5)։
Եհովան իր ծառաներուն կը սորվեցնէ, որ պարկեշտ եւ արդար ըլլան։ Եւ այսպէս իրենք իրենց անձին հանդէպ աւելի յարգանք եւ ներքին խաղաղութիւն կ’ունենան (Առ. 13։5, 6)։ Ան քեզի ալ նոյնը ըրա՞ծ է, մինչ Աստուածաշունչը կը սերտէիր։ Դուն սորվեցար որ Եհովային ճամբաները մարդկութեան համար եւ քեզի համար լաւագոյնն են (Սաղ. 77։13)։ Անոր համար, դուն հիմա կ’ուզես Աստուծոյ արդարութիւնը եւ ճշմարտութիւնը պաշտպանել, որպէսզի մեր Եհովա Աստուծոյ մասին Սատանային ըսածները սուտ հանես (Մատ. 6։33)։ Ասիկա ինչպէ՞ս կրնաս ընել։ Կրնաս ապրիլ կերպով մը, որ կարծես թէ յստակօրէն կ’ըսես. «Ես կը մերժեմ Սատանային սուտերը եւ ճշմարտութեան թիկունք կը կանգնիմ։ Ես կ’ուզեմ որ Եհովա՛ն իմ Գերիշխանս ըլլայ, եւ կ’ուզեմ ընել այն ինչ որ ինք կ’ըսէ որ ճիշդ է»։ Ինչպէ՞ս կրնաս ասիկա ընել։ Աղօթքով Եհովային մօտեցիր եւ կեանքդ իրեն նուիրէ, իսկ ետքը մարդոց առջեւ նուիրումդ ցոյց տուր մկրտուելով։ Ճշմարտութիւնը եւ արդարութիւնը սիրելը մեզ կը մղէ որ մկրտուինք։ դ23.03 3 ¶4-5
Երեքշաբթի, ապրիլ 23
Սրտերնիդ չխռովի ու չվախնայ (Յովհ. 14։27)։
Կայ խաղաղութեան տեսակ մը, որուն աշխարհը ծանօթ չէ։ Ատիկա «Աստուծոյ խաղաղութիւն»ն է՝ այն հանդարտութիւնը, որ անհատը կ’ունենայ, քանի որ մեր երկնաւոր Հօր հետ մտերիմ փոխյարաբերութիւն ունի։ Երբ Աստուծոյ խաղաղութիւնը ունինք, ապահով կը զգանք (Փլպ. 4։6, 7)։ Զինք սիրողներուն հետ մտերիմ բարեկամութիւններ կ’ունենանք։ Եւ ‘խաղաղութեան Աստուծոյ’ հետ ջերմ ու մտերիմ փոխյարաբերութիւն կը վայելենք (Ա. Թես. 5։23)։ Երբ մեր Հայրը կը ճանչնանք, իրեն կը վստահինք ու կը հնազանդինք, իր խաղաղութիւնը կրնայ հանդարտեցնել մեր սիրտը, երբ մտահոգիչ պարագայի մը մէջ ենք։ Իրապէս կարելի՞ է որ Աստուծոյ խաղաղութիւնը ունենանք, երբ նեղութեան մը մէջ ենք, ինչպէս երբ հիւանդութիւն մը կը տարածուի, աղէտ մը կը հարուածէ, քաղաքային խռովութիւն կ’ըլլայ կամ հալածանք կ’ունենանք։ Այս նեղութիւններէն որեւէ մէկը կրնայ մեզ շատ վախցնել։ Ուրախ ենք, որ եղբայրներ ու քոյրեր Յիսուսի այս խրատին հետեւած են, ինչպէս որ այսօրուան համարը ցոյց կու տայ։ Եհովայի օգնութեամբ, անոնք կրցած են դժուար պարագաներու ներքեւ խաղաղութիւն ունենալ։ դ22.12 16 ¶1-2
Չորեքշաբթի, ապրիլ 24
Հոգիով բորբոքեցէ՛ք. Տէրոջը ծառայեցէ՛ք (Հռով. 12։11)։
Մեր կեանքի պարագաները մեր ձեռքը չեն, անոր համար կարեւոր է որ չմտածենք, թէ Եհովային համար արժէքաւոր ենք միայն մեր առանձնաշնորհումներուն պատճառով։ Եւ մենք մեզ չբաղդատենք ուրիշներու հետ, որոնց նշանակումները մենք չունինք (Գաղ. 6։4)։ Կարեւոր է որ փնտռենք կերպեր, որոնցմով կրնա՛նք ուրիշներուն օգնել ու Եհովային աւելի ծառայել։ Պիտի կարենաս Եհովայի ծառայութեան մէջ աւելին ընել, եթէ կեանքդ պարզ պահես եւ անտեղի պարտքերու տակ չմտնես։ Պզտիկ նպատակակէտեր դիր, որոնք քեզի պիտի օգնեն մեծ նպատակակէտերուդ հասնելու։ Օրինակ, եթէ կ’ուզես ծառայել որպէս կանոնաւոր ռահվիրայ, կրնա՞ս հիմա ամէն ամիս որպէս օժանդակ ռահվիրայ ծառայել։ Կամ եթէ կ’ուզես օգնական ծառայ ըլլալ, կրնա՞ս աւելի ժամանակ տրամադրել, որ դաշտի ծառայութեան մասնակցիս։ Այն փորձառութիւնը, որ ձեռք կը ձգես հիմա, կրնայ ապագային ծառայութեան նոր դուռեր բանալ։ Անոր համար, վճռէ որեւէ նշանակումի մէջ լաւագոյնդ ընել։ դ22.04 26-27 ¶16-17
Հինգշաբթի, ապրիլ 25
Սիրեցի Տէրը, որովհետեւ լսեց աղօթքս եւ աղաչանքս (Սաղ. 116։1, ՆԹ)։
Եհովան կրնայ մեզի օգնել, որ մեր կեանքի դժուարութիւններուն հետ գլուխ ելլենք եւ մեր սրբազան ծառայութեամբ ուրախանանք։ Երբ Եհովային կը դիմենք հարցի մը շուրջ, որ մեզ կը մտահոգէ, ան անմիջապէս մեզի ոյժ կու տայ, որպէսզի պարագային հետ գլուխ ելլենք։ Բայց եթէ խնդիրը մեր յուսացած ժամանակին չլուծուի, թերեւս պէտք ըլլայ որ Եհովայէն կրկին անգամ զօրութիւն խնդրենք որ դիմանանք։ Եւ ինք մեզմէ կը խնդրէ որ այդպէս ընենք, ինչպէս Եսայիի խօսքերը ցոյց կու տան. «[Եհովային] հանգստութիւն մի՛ տաք» (Եսա. 62։7)։ Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։ Եհովային պէտք է ա՛յնքան աղօթենք, որ կարծես թէ հանգիստ չտանք իրեն։ Եսայիին խօսքերը մեզի կը յիշեցնեն աղօթքին մասին Յիսուսին բերած օրինակները, որոնք կը գտնուին Ղուկաս 11։8-10 եւ 13–ին մէջ։ Հոն Յիսուս մեզ կը քաջալերէ, որ շարունակենք սուրբ հոգին ‘խնդրել’։ Ասկէ զատ, կրնանք Եհովային աղաչել որ մեզի տայ առաջնորդութիւն, որպէսզի կարենանք ճիշդ որոշումներ առնել։ դ22.11 8 ¶1. 9 ¶6-7
Ուրբաթ, ապրիլ 26
Շատ նեղութիւն կրելով կրնաք Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնել (Գործք 14։21)։
Դուն եւ ընտանիքդ կրնաք հիմակուընէ պատրաստուիլ հալածանքի համար։ Փոխանակ երեւակայելու բոլոր գէշ բաները, որոնք կրնան պատահիլ, Եհովային հետ բարեկամութիւնդ զօրացուր եւ զաւակներուդ օգնէ որ նոյնը ընեն։ Եթէ ատեններ մտահոգ կը զգաս, սիրտդ բաց Եհովային (Սաղ. 62։7, 8)։ Ընտանեօք քննարկեցէք, թէ ի՛նչ պատճառներ կան իրեն վստահելու։ Ինչպէս աղէտի պարագային, այս պարագային ալ պատրաստուիլդ եւ Եհովային վստահիլդ զաւակներուդ պիտի օգնեն, որ քաջութիւն եւ խաղաղութիւն ունենան։ Աստուծոյ խաղաղութիւնը մեզի ապահովութեան զգացում կու տայ (Փլպ. 4։6, 7)։ Ատոր միջոցաւ, Եհովան մեր սրտերը կը հանդարտեցնէ հակառակ հիւանդութեան, աղէտներու եւ հալածանքի, որոնք կրնանք ներկայիս դիմագրաւել։ Ան ջանասէր երէցները կը գործածէ մեզ հովուելու համար։ Եւ բոլորիս կու տայ իրարու օգնելու առանձնաշնորհումը։ Հիմա մեր վայելած խաղաղութիւնը մեզ պիտի պատրաստէ գալիք աւելի մեծ փորձութիւններուն համար, նոյնիսկ՝ ‘մեծ նեղութեան’ համար (Մատ. 24։21)։ դ22.12 27 ¶17-18
Շաբաթ, ապրիլ 27
Ես արդարները կանչելու չեկայ, հապա մեղաւորները (Մատ. 9։13)։
Պէտք է ջանք ընենք, որ այլեւս յանցաւոր չզգանք անցեալին մեր գործած լուրջ մեղքերուն պատճառաւ։ Անշուշտ, բնա՛ւ պիտի չուզենք ‘կամաւ [կամ դիտմամբ] մեղք գործել’ եւ մենք մեզ արդարացնել որ փրկանքը ունինք (Եբ. 10։26-31)։ Բայց կրնանք վստահ ըլլալ, որ եթէ մեր գործած մեղքին պատճառաւ լրջօրէն զղջացած ենք, Եհովայէն ու երէցներէն օգնութիւն խնդրած ենք եւ մեր վարքը փոխած ենք, Եհովան մեզի առատապէս ներած է (Եսա. 55։7. Գործք 3։19)։ Փրկանքը այնքա՛ն զօրաւոր է որ կրնայ մեր բոլոր մեղքերը քաւել եւ կարելի պիտի դարձնէ որ Դրախտին մէջ ապրինք։ Դրախտին մէջ կեանքը բնաւ ձանձրացուցիչ պիտի չըլլայ։ Միշտ պիտի ծանօթանանք հետաքրքրական մարդոց եւ պիտի ունենանք գոհացուցիչ գործ։ Եւ ամէնէն աղուոր բանը այն է, որ ամէն մէկ օր պիտի կարենանք մեր երկնաւոր Հայրը աւելի լաւ ճանչնալ եւ իր տուած բաները վայելել։ Մենք պիտի չդադրինք իր մասին նոր բաներ գիտնալէ, եւ իր ստեղծագործութեան մասին շատ բաներ պիտի սորվինք։ դ22.12 13 ¶17, 19
Կիրակի, ապրիլ 28
Քու ու կնոջ մէջտեղ. . . թշնամութիւն պիտի դնեմ (Ծն. 3։15)։
Կարելի չէ որ ‘կինը’ Եւան ըլլար։ Մարգարէութիւնը կ’ըսէ, որ կնոջ սերունդը Սատանային գլուխը պիտի ‘ջախջախէր’։ Օձը հոգեղէն արարած է եւ Եւայի անկատար սերունդէն ոչ մէկ անձ պիտի կարենար զինք ջախջախել։ Ծննդոց 3։15–ին մէջ յիշուած կնոջ ո՛վ ըլլալը յայտնի կը դառնայ Աստուածաշունչի վերջին գիրքին մէջ (Յայտ. 12։1, 2, 5, 10)։ Անիկա սովորական կին մը չէ։ Ան իր ոտքերուն տակ ունի լուսինը, իր գլխուն վրայ ունի 12 աստղէ պսակ մը եւ ծնունդ կու տայ յատուկ զաւակի մը՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան։ Թագաւորութիւնը երկնային է, ուրեմն կինն ալ պէտք է երկնային ըլլայ։ Ան կը ներկայացնէ Եհովայի կազմակերպութեան երկնային մասը, որ բաղկացած է հաւատարիմ հոգեղէն արարածներէ (Գաղ. 4։26)։ Աստուծոյ Խօսքը նաեւ մեզի կ’օգնէ գիտնալու, թէ ո՛վ է կնոջ սերունդին գլխաւոր մասը։ Այս սերունդը պէտք էր Աբրահամէն սերած ըլլար (Ծն. 22։15-18)։ դ22.07 15-16 ¶6-8
Երկուշաբթի, ապրիլ 29
Աստուծոյ խօսքը լսելով ընդունեցիք, ո՛չ թէ իբրեւ մարդոց խօսք, հապա, ինչպէս ճշմարիտ է, որպէս Աստուծոյ խօսք (Ա. Թես. 2։13)։
Եհովային տուած նուէրը՝ Սուրբ Գիրքը, լեցուն է իր իմաստուն խրատներով, որոնք կրնան մարդոց կեանքը փոխել։ Երբ Մովսէս Աստուածաշունչին առաջին գիրքերը գրեց, իսրայէլացիներուն ըսաւ. «Ասիկա ձեզի պարապ բան մը չէ, այլ ձեր կեանքն է» (Բ. Օր. 32։47)։ Անոնք որոնք Սուրբ Գրութիւններուն հնազանդեցան, յաջող եւ ուրախ կեանք ունեցան (Սաղ. 1։2, 3)։ Ճիշդ է որ Աստուածաշունչը գրուեցաւ երկար ժամանակ առաջ, բայց ատիկա նոյնիսկ մեր օրերուն տակաւին կարողութիւնը ունի մարդոց կեանքերը փոխելու։ Սուրբ Գիրքին մէջի իմաստուն խրատները պատմութեան ընթացքին միշտ օգտակար եղած են։ Մինչ Սուրբ Գիրքը կը կարդանք եւ անոր վրայ կը խոկանք, Եհովան մեզի իր սուրբ հոգին պիտի տայ, որպէսզի մեր սորվածը կարենանք մեր կեանքին մէջ գործադրել (Սաղ. 119։27. Մաղ. 3։16. Եբ. 4։12)։ Յստակ է որ Եհովան կ’ուզէ սրտանց մեզի օգնել, անոր համար պէտք է միշտ Սուրբ Գիրքը կարդանք։ դ23.02 3 ¶5-6
Երեքշաբթի, ապրիլ 30
Անիկա ահաւոր աւերներ պիտի գործէ (Դան. 8։24)։
Յայտնութիւն գրքին 13–րդ գլուխը կ’ըսէ, որ եօթներորդ գլուխը՝ անկլօամերիկեան աշխարհակալ ուժը, գազան մըն է, որ ‘գառնուկի նման երկու եղջիւր ունի ու կը խօսի վիշապի պէս’։ Ան ‘մեծ նշաններ կ’ընէ ու մինչեւ անգամ երկնքէն կրակ կ’իջեցնէ երկրի վրայ մարդոց առջեւ’ (Յայտ. 13։11-15)։ Իսկ Յայտնութիւն գրքին 16–րդ եւ 19–րդ գլուխները այս գազանը կը կոչեն «սուտ մարգարէն» (Յայտ. 16։13. 19։20)։ Նոյնանման բան մը Դանիէլ յիշեց, ըսելով որ անկլօամերիկեան աշխարհակալ ուժը «ահաւոր աւերներ պիտի գործէ» (Դան. 8։19, 23, 24)։ Եւ ճիշդ ասիկա տեղի ունեցաւ Համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքին։ Բրիտանացի եւ ամերիկացի գիտնականները միասնաբար հնարեցին այն երկու աթոմական ռումբերը, որոնք կարեւոր դեր խաղցան պատերազմին վերջ դնելու մէջ։ Այդ ռումբերը շինելով, անկլօամերիկեան աշխարհակալ ուժը ‘երկնքէն կրակ իջեցուց երկրի վրայ’։ դ22.05 10 ¶9