Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • աք24 էջ 27-37
  • Մարտ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Մարտ
  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2024
  • Ենթավերնագիրներ
  • Ուրբաթ, մարտ 1
  • Շաբաթ, մարտ 2
  • Կիրակի, մարտ 3
  • Երկուշաբթի, մարտ 4
  • Երեքշաբթի, մարտ 5
  • Չորեքշաբթի, մարտ 6
  • Հինգշաբթի, մարտ 7
  • Ուրբաթ, մարտ 8
  • Շաբաթ, մարտ 9
  • Կիրակի, մարտ 10
  • Երկուշաբթի, մարտ 11
  • Երեքշաբթի, մարտ 12
  • Չորեքշաբթի, մարտ 13
  • Հինգշաբթի, մարտ 14
  • Ուրբաթ, մարտ 15
  • Շաբաթ, մարտ 16
  • Կիրակի, մարտ 17
  • Երկուշաբթի, մարտ 18
  • Երեքշաբթի, մարտ 19
  • Չորեքշաբթի, մարտ 20
  • Հինգշաբթի, մարտ 21
  • Ուրբաթ, մարտ 22
  • Շաբաթ, մարտ 23
  • ՅԻՇԱՏԱԿԱՏՕՆԻՆ ԹՈՒԱԿԱՆԸ
    Արեւամուտէն ետք
    Կիրակի, մարտ 24
  • Երկուշաբթի, մարտ 25
  • Երեքշաբթի, մարտ 26
  • Չորեքշաբթի, մարտ 27
  • Հինգշաբթի, մարտ 28
  • Ուրբաթ, մարտ 29
  • Շաբաթ, մարտ 30
  • Կիրակի, մարտ 31
Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2024
աք24 էջ 27-37

Մարտ

Ուրբաթ, մարտ 1

Ինչո՞ւ. . . կը պարծենաս (Ա. Կոր. 4։7)։

Իր առաջին նամակին մէջ, Պետրոս առաքեալ եղբայրները յորդորեց, որ իրենց պարգեւները եւ տաղանդները գործածեն իրենց հաւատակիցները քաջալերելու համար։ Ան գրեց. «Ամէն մէկը ինչ շնորհք որ առաւ, զանիկա իրարու մատակարարեցէ՛ք [«զանիկա գործածեցէ՛ք՝ իրարու ծառայելով», ՆԱ] Աստուծոյ զանազան շնորհներուն բարի տնտեսներու պէս» (Ա. Պետ. 4։10)։ Պէտք չէ մեր պարգեւները լիովին գործածելէ ետ կենանք, վախնալով որ ուրիշներ թերեւս մեզի նախանձին կամ ընկճուին։ Բայց պէտք է զգոյշ ըլլանք, որ անոնցմով չպարծենանք (Ա. Կոր. 4։6)։ Յիշենք, որ այն կարողութիւնները որ ունինք, Աստուծոյ կողմէ տրուած պարգեւներ են։ Պէտք է այդ պարգեւները գործածենք ժողովքին շինութեան համար, եւ ոչ թէ լաւ երեւնալու համար (Փլպ. 2։3)։ Երբ մեր ուժն ու կարողութիւնները կը գործածենք Աստուծոյ կամքը ընելու համար, պատճառ պիտի ունենանք ուրախանալու՝ ոչ թէ քանի որ ուրիշներէն աւելի կու տանք կամ կը փորձենք անոնցմէ աւելի լաւ երեւնալ, հապա քանի որ մեր պարգեւները կը գործածենք Եհովային փառք բերելու համար։ դ22.04 11-12 ¶7-9

Շաբաթ, մարտ 2

Բաց իմ աչքերս, որպէս զի քու օրէնքէդ հրաշքներ տեսնեմ (Սաղ. 119։18)։

Յիսուս կը սիրէր Սուրբ Գրութիւնները եւ իր զգացումները մարգարէական կերպով արձանագրուած են Սաղմոս 40։8–ին մէջ։ Հոն կ’ըսէ. «Ով իմ Աստուածս, քու կամքդ կատարել փափաքեցայ ու քու օրէնքդ իմ ներսիդիս է»։ Ասոր համար, ուրախ էր եւ յաջողեցաւ Եհովայի ծառայելուն մէջ։ Մենք ալ կրնանք ուրախ ըլլալ եւ յաջողիլ, եթէ ջանք թափենք որ Աստուծոյ Խօսքը մեր սրտին մէջ մտնէ (Սաղ. 1։1-3)։ Յիսուսին խօսքերէն եւ օրինակէն օգտուելով, Սուրբ Գիրքը կարդալու մեր կերպերը լաւացնենք։ Օրինակ, կրնանք Սուրբ Գիրքի համարները աւելի լաւ հասկնալ, եթէ աղօթենք, դանդաղօրէն կարդանք, հարցումներ հարցնենք եւ կարճ նոթեր առնենք։ Կրնանք խորատեսութիւն գործածել՝ մեր կարդացածը ուշադրութեամբ վերլուծելով սուրբգրային հրատարակութիւններու օգնութեամբ։ Ասկէ զատ, կրնանք ձգել որ Աստուծոյ Խօսքը մեզ կաղապարէ, երբ որ ճիշդ կեցուածքով ատիկա կարդանք։ Ուրեմն, երբ որ այս կերպերով ջանք կ’ընենք որ Սուրբ Գիրքը կարդանք, մեր կարդացածէն աւելի պիտի օգտուինք եւ Եհովային աւելի պիտի մօտենանք (Սաղ. 119։17. Յակ. 4։8)։ դ23.02 13 ¶15-16

Կիրակի, մարտ 3

Աշխատասէր մարդուն ծրագիրները իրաւամբ առատութիւն կը բերեն (Առ. 21։5)։

Ընտրէ մասնայատուկ նպատակակէտ մը, եւ ետքը գործնական քայլեր առ նպատակակէտիդ հասնելու համար։ Ինչպէ՞ս կրնաս ասիկա ընել։ Սեպենք որ կ’ուզես սորվեցնելու կարողութիւնդ բարելաւել։ Կրնաս Աւելի լաւ կարդանք եւ սորվեցնենք գրքոյկը ուշադրութեամբ սերտել։ Երբ միջշաբաթային ժողովին մէջ բաժին ստանաս, փորձառու եղբօրմէ մը խնդրէ որ քեզի մտիկ ընէ, մինչ բաժինդ փորձ կ’ընես եւ առաջարկներ տայ, թէ ինչպէ՛ս կրնաս բարելաւուիլ։ Բաժինդ կանուխ պատրաստէ։ Այսպէս եղբայրներդ ու քոյրերդ պիտի տեսնեն, թէ ջանասէր ու վստահելի ես (Բ. Կոր. 8։22)։ Իսկ ի՞նչ կրնաս ընել, եթէ կ’ուզես զարգացնել հմտութիւն մը, որ քեզի համար դժուար է։ Մի՛ յանձնուիր։ Արդեօք Տիմոթէոս վարպետ դասախօս կամ ուսուցիչ եղա՞ւ։ Աստուածաշունչը բան մը չ’ըսեր։ Բայց Պօղոսի խրատին հետեւելով, ան անկասկած աստիճանաբար աւելի լաւ կերպով կատարեց իր պատասխանատուութիւնները (Բ. Տիմ. 3։10)։ դ22.04 24-25 ¶8-11

Երկուշաբթի, մարտ 4

Տեսայ թէ ծովէն գազան մը կ’ելլէր, որը ունէր եօթը գլուխ ու տասը եղջիւր (Յայտ. 13։1)։

Եօթը գլուխ ունեցող գազանը ի՞նչ կը ներկայացնէ։ Կը տեսնենք, որ այս գազանը ինձի նման է, բայց ոտքերը արջի ոտքերուն պէս են ու բերանը առիւծի բերանին պէս է, եւ ունի տասը եղջիւր։ Այս գազանին ունեցած ֆիզիքական յատկութիւնները նաեւ Դանիէլ գրքի 7–րդ գլուխին մէջ յիշուած չորս գազաններէն ամէն մէկուն ֆիզիքական մէկ յատկութիւնն են։ Բայց Յայտնութիւն գրքին մէջ այս բոլոր յատկութիւնները կը գտնուին մէկ գազանի մէջ, եւ ոչ թէ չորս անջատ գազաններու մէջ։ Այս գազանը միայն մէկ կառավարութիւն կամ աշխարհակալ ոյժ չի ներկայացներ։ Յովհաննէս կ’ըսէ որ ան կ’իշխէ «բոլոր ցեղերուն եւ ժողովուրդներուն ու լեզուներուն եւ ազգերուն վրայ»։ Ուրեմն, անիկա մէկ կառավարութենէ աւելի մեծ է (Յայտ. 13։7)։ Հետեւաբար, ան կը ներկայացնէ բոլոր քաղաքական ուժերը, որոնք մարդկութեան վրայ իշխած են ամբողջ պատմութեան ընթացքին (Ժող. 8։9)։ Ասոր նկատմամբ ուրիշ փաստ մը այն է, որ Աստուածաշունչին մէջ տաս թիւը յաճախ կը գործածուի ամբողջութիւն ցոյց տալու համար։ դ22.05 9 ¶6

Երեքշաբթի, մարտ 5

Ինք անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ (Յայտ. 21։4)։

Որո՞նք պիտի օգտուին այս հոյակապ կարգադրութիւններէն։ Ամէնէն առաջ, Արմագեդոնէն վերապրող մեծ բազմութիւնը եւ բոլոր անոնք՝ որոնք պիտի ծնին նոր աշխարհին մէջ։ Յայտնութիւն գրքին 20–րդ գլուխը նաեւ կը խոստանայ, որ մեռելները յարութիւն պիտի առնեն (Յայտ. 20։11-13)։ Յարութիւն պիտի առնեն թէ՛ «արդարներ»ը եւ թէ մեղաւորները, որոնք Եհովային մասին սորվելու բաւարար առիթ չունեցան (Գործք 24։15. Յովհ. 5։28, 29)։ Ասիկա կը նշանակէ՞ որ Հազարամեայ իշխանութեան ընթացքին ամէն անհատ յարութիւն պիտի առնէ։ Ո՛չ։ Անոնք որոնք իրենց մահէն առաջ Եհովային ծառայելու առիթը մերժեցին, յարութիւն պիտի չառնեն։ Անոնք փաստեցին որ արժանի չեն դրախտային երկրի վրայ ապրելու (Մատ. 25։46. Բ. Թես. 1։9. Յայտ. 17։8. 20։15)։ դ22.05 18 ¶16-17

Չորեքշաբթի, մարտ 6

Որո՞ւ պիտի երթանք, դուն յաւիտենական կեանքի խօսքեր ունիս (Յովհ. 6։69)։

«Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառային» միջոցաւ, Յիսուս երկրի վրայ հիմնած է հիանալի կազմակերպութիւն մը, ճշմարիտ պաշտամունքը հաստատելու համար (Մատ. 24։45)։ Ի՞նչ կը զգաս այդ կազմակերպութեան նկատմամբ։ Թերեւս մտածես այսօրուան համարին խօսքերուն մասին, որ Պետրոս ըսաւ Յիսուսին։ Մենք ո՞ւր պիտի ըլլայինք, եթէ Եհովայի կազմակերպութեան չծանօթանայինք։ Անոր միջոցաւ, Քրիստոս հոգ կը տանի, որ հոգեւորապէս լաւ կերակրուինք։ Ան նաեւ մեզ կը մարզէ, որ ծառայութեան մէջ հմուտ ըլլանք։ Ասկէ զատ, ան մեզի կ’օգնէ որ «նոր անձնաւորութիւնը» հագնինք, որպէսզի Եհովային հաճելի ըլլանք (Եփ. 4։24, ՆԱ)։ Նեղութեան ժամանակներուն, Յիսուս իմաստուն առաջնորդութիւն կու տայ։ Այդ առաջնորդութեան օգուտները տեսանք, երբ ՔՈՎԻՏ–19 համավարակը սկսաւ։ Մինչ աշխարհի մէջ շատեր չէին գիտեր ինչպէս վարուիլ, Յիսուս հոգ տարաւ որ մենք յստակ առաջնորդութիւն ստանանք, որպէսզի ապահով ըլլանք։ դ22.07 12 ¶13-14

Հինգշաբթի, մարտ 7

Աւելի կարեւոր բաները ընտրեցէք (Փլպ. 1։10, ՆԱ)։

Եհովան իսրայէլացիներուն պատուիրեց, որ իրենց զաւակներուն կանոնաւորաբար սորվեցնեն իր մասին (Բ. Օր. 6։6, 7)։ Ծնողները օրուան ընթացքին շատ առիթներ ունէին, որ իրենց զաւակներուն հետ խօսէին եւ անոնց սրտին մէջ Եհովայի հանդէպ սէր քանդակէին։ Օրինակ, իսրայէլացի տղան կրնար իր հօր հետ ժամերով ցանել կամ հնձել։ Իսկ իր քոյրը կրնար տան մէջ իր մօր օգնել տունի գործերուն մէջ, ինչպէս՝ կարել, մանել եւ եփել։ Մինչ ծնողները եւ զաւակները իրարու հետ կ’աշխատէին, կրնային խօսակցիլ շատ մը կարեւոր նիւթերու շուրջ։ Օրինակ, անոնք կրնային խօսիլ Եհովայի բարութեան մասին եւ թէ ինչպէ՛ս իրենց ընտանիքին կ’օգնէ։ Բազմաթիւ երկիրներու մէջ, ծնողներն ու զաւակները չեն կրնար իրարու հետ շատ ժամանակ անցընել օրուան ընթացքին։ Ծնողները թերեւս գործի ըլլան, իսկ զաւակները՝ դպրոցը։ Անոր համար, ծնողները պէտք է առիթներ փնտռեն, որ իրենց զաւակներուն հետ խօսին (Եփ. 5։15, 16)։ դ22.05 28 ¶10-11

Ուրբաթ, մարտ 8

Չէ՞ք գիտեր թէ անիրաւները Աստուծոյ արքայութիւնը պիտի չժառանգեն (Ա. Կոր. 6։9)։

Լուրջ մեղքերը Աստուծոյ օրէնքը մեծապէս կը կտրեն։ Եթէ քրիստոնեան լուրջ մեղք մը գործէ, պէտք է աղօթքով Եհովա Աստուծոյ մօտենայ, ինչպէս նաեւ պէտք է երէցներուն դիմէ (Սաղ. 32։5. Յակ. 5։14)։ Ի՞նչ է երէցներուն դերը։ Միայն Եհովան է, որ լիովին մեղքերը կը ներէ Յիսուսի զոհին հիման վրայ։ Սակայն Եհովան երէցներուն վստահած է այն պատասխանատուութիւնը, որ Աստուածաշունչին համաձայն որոշեն, թէ մեղաւորը կրնա՛յ ժողովքին մէջ մնալ կամ ոչ (Ա. Կոր. 5։12)։ Անոնք պիտի ջանան կարգ մը հարցումներու պատասխանել. անհատը ծրագրե՞ց մեղք գործելը։ Ան փորձե՞ց մեղքը գաղտնի պահել։ Ան երկար ժամանակ ու կրկին անգա՞մ մեղք գործեց։ Իսկ ամէնէն կարեւորը, փաստ կա՞յ որ ան անկեղծօրէն զղջացած է։ Յստակ ապացոյց կա՞յ, որ Եհովան իրեն ներած է (Գործք 3։19, 20)։ դ22.06 9 ¶4

Շաբաթ, մարտ 9

Ճշմարտութիւնը. . . սիրեցէք (Զաք. 8։19)։

Յիսուս իր հետեւորդները խրատեց, որ արդարութիւնը սիրեն (Մատ. 5։6)։ Ասիկա կը նշանակէ թէ մէկը պէտք է զօրաւոր փափաք ունենայ, որ ընէ ինչ որ Աստուծոյ աչքին ճիշդ է, բարի է եւ մաքուր է։ Ճշմարտութիւնը եւ արդարութիւնը կը սիրե՞ս։ Վստահ ենք որ կը սիրես։ Ուրեմն դուն կ’ատես սուտերը եւ ամէն բան որ սխալ է եւ չար է (Սաղ. 119։128, 163)։ Անոնք որոնք սուտ կը խօսին, ընդօրինակած կ’ըլլան այս աշխարհի իշխանը՝ Սատանան (Յովհ. 8։44. 12։31)։ Սատանային նպատակներէն մէկն է՝ Եհովային սուրբ անունը զրպարտել։ Եդեմի մէջ եղած ըմբոստութենէն ի վեր, Սատանան մեր Աստուծոյն մասին սուտեր կը տարածէ։ Ան կ’ըսէ որ Եհովան անձնասէր եւ անպարկեշտ Իշխան մըն է, որ մարդիկը բարի բաներէ կը զրկէ (Ծն. 3։1, 4, 5)։ Եհովային մասին Սատանային տարածած սուտերը կը շարունակեն մարդոց միտքերը եւ սրտերը թունաւորել։ Երբ մարդիկ կ’ընտրեն ճշմարտութիւնը չսիրել, Սատանան կը ձգէ որ անոնք ամէն տեսակ անիրաւ եւ չար բաներ ընեն (Հռով. 1։25-31)։ դ23.03 2 ¶3

Կիրակի, մարտ 10

[Եհովային] սէրը յաւիտեան է (Սաղ. 100։5, ՆԱ)։

Եթէ ջանք կ’ընես որ գէշ սովորութենէ մը վազ անցնիս, ատեն–ատեն թերեւս ատիկա նորէն ընես։ Կամ ալ թերեւս պարզապէս անհամբեր ես եւ յուսահատ, քանի որ շատ ժամանակ առաւ որ նպատակակէտիդ հասնիս։ Լաւ, ի՞նչը քեզի պիտի օգնէ որ տոկաս։ Շատ կարեւոր յատկութիւն մը. Եհովային հանդէպ սէրդ։ Անիկա գեղեցիկ յատկութիւն մըն է եւ ամէնէն աղուոր բանն է որ ունիս (Առ. 3։3-6)։ Եհովային հանդէպ զօրաւոր սէր ունենալը կրնայ քեզի օգնել, որ կեանքի դժուարութիւններուն հետ գլուխ ելլես։ Սուրբ Գիրքը շատ անգամ կը խօսի այն հաւատարիմ սիրոյն մասին, որ Եհովան ունի իր ծառաներուն հանդէպ։ Իր այս սէրը կը նշանակէ, որ ան իր ծառաները բնաւ երեսէ պիտի չձգէ։ Եւ դուն Աստուծոյ պատկերովը ստեղծուած ես (Ծն. 1։26)։ Ուրեմն, ինչպէ՞ս կրնաս այս տեսակ սէր ցոյց տալ։ Կրնաս սկսիլ՝ գնահատանք զարգացնելով (Ա. Թես. 5։18)։ Ամէն օր դուն քեզի հարցուր. ‘Եհովան ինչպէ՞ս ինծի հանդէպ իր սէրը ցոյց տուած է’։ Ետքը, աղօթքով Եհովային շնորհակալութիւն յայտնէ՝ յիշելով մասնաւոր բաներ, որոնք ան քեզի համար ըրած է։ Նկատէ որ Եհովան լաւ բաներ կ’ընէ անձա՛մբ քեզի համար, քանի որ քեզ կը սիրէ։ դ23.03 12 ¶17-19

Երկուշաբթի, մարտ 11

[Յիսուս] գիտէր թէ ի՛նչ կայ մարդուն ներսիդին (Յովհ. 2։25)։

Յիսուս տասներկուքի՛ն հետ ալ ազնուութեամբ եւ սիրով վարուեցաւ։ Ի՞նչ է դասը մեզի համար։ Կարեւորը միայն այն չէ թէ ուրիշներ ի՛նչ կ’ընեն, հապա կարեւորը այն է որ մե՛նք ինչ կ’ընենք, երբ անոնք կը սխալին եւ կը թերանան։ Երբ հաւատակիցէ մը նեղուինք, մենք մեզի հարցնենք. ‘Ինչո՞ւ այսքան նեղացայ իր ըրածէն։ Արդեօք ունի՞մ գէշ բնաւորութիւն մը, որուն վրայ պէտք է աշխատիմ։ Կրնա՞յ ըլլալ որ այն անհատը, որ զիս նեղացուց, դժուար պարագայէ մը կ’անցնի։ Նոյնիսկ եթէ կը զգամ, որ ե՛ս ճիշդ եմ, կրնա՞մ անձնազոհ սէր ցոյց տալ՝ անհատին ներելով’։ Ուրիշներուն հետ ո՛րքան աւելի սիրով վարուինք, ա՛յնքան աւելի ցոյց պիտի տանք, որ մենք Յիսուսին իրական հետեւորդներն ենք։ Յիսուսի օրինակը նաեւ կը սորվեցնէ մեզի որ ջանանք մեր հաւատակիցները հասկնալ (Առ. 20։5)։ Անշուշտ, Յիսուս կրնար սրտերը կարդալ, իսկ մենք ոչ։ Բայց մենք կրնանք մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն անկատարութիւններուն համբերել (Եփ. 4։1, 2. Ա. Պետ. 3։8)։ Ասիկա ընելը աւելի դիւրին պիտի ըլլայ, եթէ անոնց միջավայրին մասին աւելի գիտնանք։ դ23.03 30 ¶14-16

Երեքշաբթի, մարտ 12

Աստուած մեռելներուն Աստուածը չէ, հապա կենդանիներուն (Ղուկ. 20։38)։

Սատանան կրնայ մեր կեանքին սպառնացող բժշկական պարագայ մը օգտագործել, որպէսզի ձգէ որ տեղի տանք։ Բժիշկները կամ Վկայ չեղող ընտանիքի անդամները կրնան մեզ ճնշել որ արիւն առնենք, ինչ որ Աստուծոյ օրէնքը պիտի կտրէ։ Կամ թերեւս մէկը փորձէ մեզ համոզել, որ ընդունինք դարմանում մը, որ սուրբգրային սկզբունքներուն դէմ է։ Թէեւ չենք ուզեր մեռնիլ, բայց գիտենք որ նոյնիսկ եթէ մեռնինք, Եհովան մեզ սիրելէ պիտի չդադրի (Հռով. 8։37-39)։ Երբ Եհովային բարեկամները մեռնին, ան զիրենք իր յիշողութեան մէջ կը պահէ, կարծես տակաւին ողջ են (Ղուկ. 20։37)։ Ան շա՛տ կ’ուզէ զիրենք ետ կեանքի բերել (Յոբ 14։15)։ Եհովան շատ սուղ գին վճարած է, որպէսզի ‘յաւիտենական կեանք ունենանք’ (Յովհ. 3։16)։ Եւ գիտենք թէ ան մեզ խորապէս կը սիրէ ու կը հոգայ։ Անոր համար, փոխանակ Եհովան լքելու, երբ հիւանդ ենք կամ մահուան առջեւ ենք, իրեն կը դիմենք՝ մխիթարուելու, իմաստութիւն գտնելու եւ զօրանալու համար (Սաղ. 41։3)։ դ22.06 18 ¶16-17

Չորեքշաբթի, մարտ 13

Իմաստութիւնը դուրսը բարձրաձայն կ’աղաղակէ (Առ. 1։20)։

Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Իմաստութեան սկիզբը Տէրոջը վախն է ու ամենասուրբին գիտութիւնը հանճար է» (Առ. 9։10)։ Ուրեմն, երբ կարեւոր որոշում մը պիտի առնենք, զայն պէտք է հիմնենք Եհովայի մտածելակերպին, կամ՝ ‘ամենասուրբին գիտութեան’ վրայ։ Ինչպէ՞ս: Դիմելով Աստուածաշունչին եւ հրատարակութիւններուն։ Երբ այս մէկը ընենք, ճշմարիտ իմաստութիւն ցոյց տուած կ’ըլլանք (Առ. 2։5-7)։ Եհովան միակն է, որ կրնայ մեզի ճշմարիտ իմաստութիւն տալ (Հռով. 16։27)։ Ինչո՞ւ կրնանք ըսել որ ան իմաստութեան Աղբիւրն է։ Առաջին, Ստեղծիչը ըլլալով՝ ան կատարելապէս գիտէ եւ կը հասկնայ իր ստեղծագործութիւնը (Սաղ. 104։24)։ Երկրորդ, անոր բոլոր ըրածները ցոյց կու տան որ իմաստուն է (Հռով. 11։33)։ Երրորդ, անոր իմաստուն խրատները միշտ օգուտներ կը բերեն գործադրողներուն (Առ. 2։10-12)։ Եթէ կ’ուզենք ճշմարիտ իմաստութիւն ձեռք ձգել, պէտք է ընդունինք այս երեք ճշմարտութիւնները եւ թոյլ տանք որ անոնք մեզ առաջնորդեն, երբ որոշումներ պիտի առնենք եւ երբ որոշ բան մը պիտի ընենք։ դ22.10 19 ¶3-4

Հինգշաբթի, մարտ 14

Երկնքի մէջ պատերազմ ծագեցաւ. Միքայէլ ու իր հրեշտակները վիշապին հետ պատերազմեցան։ Վիշապն ալ իր հրեշտակներով պատերազմեցաւ, բայց չկրցան դէմ կենալ։ Երկնքի մէջ ալ՝ տեղ չգտնուեցաւ անոնց (Յայտ. 12։7, 8)։

Յայտնութիւն գրքին 12–րդ գլուխին մէջ նշուած պատերազմին մէջ, Սատանան պարտուեցաւ եւ իր դեւերուն հետ վռնտուեցաւ դէպի երկիր։ Կատղած ըլլալով՝ ան սկսաւ իր բարկութիւնը մարդոց վրայ թափել, երկրին վայեր պատճառելով (Յայտ. 12։9-12)։ Այս մարգարէութիւններուն մասին գիտնալով ինչպէ՞ս կ’օգտուինք։ Աշխարհի դէպքերը եւ մարդոց կեցուածքին աչքառու կերպով փոխուիլը մեզի կ’օգնեն գիտնալու, թէ Յիսուս Թագաւոր եղած է։ Ուստի, երբ կը տեսնենք որ մարդիկ անձնասիրութեամբ եւ ատելութեամբ կը վարուին, փոխանակ նեղանալու՝ կը յիշենք թէ անոնց ըրածները Աստուածաշունչի մարգարէութիւնը կը կատարեն։ Թագաւորութիւնը կ’իշխէ՛ (Սաղ. 37։1)։ Եւ մինչ Արմագեդոնը կը մօտենայ, կ’ակնկալենք որ աշխարհի վիճակները աւելի գէշ ըլլան (Մար. 13։8. Բ. Տիմ. 3։13)։ Շա՜տ շնորհակալ ենք մեր երկնաւոր Հօրմէն, որ մեզի կ’օգնէ հասկնալու թէ աշխարհին մէջ ինչո՛ւ այսքան շատ խնդիրներ կան։ դ22.07 3-4 ¶7-8

Ուրբաթ, մարտ 15

Արդարին ջերմեռանդ աղօթքը շատ ազդեցութիւն ունի (Յակ. 5։16)։

Եհովայէն կրնանք խնդրել, որ մեր հաւատակիցներուն օգնէ դիմանալու հիւանդութիւններու, բնական աղէտներու, քաղաքացիական պատերազմի, հալածանքի կամ ուրիշ փորձութիւններու։ Կրնանք նաեւ մեր անձնազոհ հաւատակիցներուն համար աղօթել, որոնք ձեռք կու տան օգնութեան պէտք ունեցող եղբայրներու։ Թերեւս կը ճանչնաս անհատներ, որոնք նման դժուարութիւններէ կ’անցնին։ Կրնա՞ս անոնց համար աղօթել, իրենց անունները նշելով։ Մենք եղբայրներուն հանդէպ անկեղծ սէր ցոյց տուած կ’ըլլանք, երբ Եհովայէն կը խնդրենք որ անոնց օգնէ որ տոկան։ Ժողովքին մէջ առաջնորդութիւն առնողները շատ կը գնահատեն, երբ ուրիշներ իրենց համար կ’աղօթեն, եւ այդ աղօթքները իրենց կ’օգնեն։ Պօղոս ալ գիտէր որ ուրիշներու աղօթքներուն պէտք ունէր։ Ան գրեց. «Ինծի համար ալ [աղօթեցէք], որպէս զի ինծի խօսք տրուի, որ բերանս բանամ համարձակութեամբ աւետարանին խորհուրդը յայտնելու» (Եփ. 6։19)։ Այսօր ալ, ունինք շատ մը ծանր աշխատող եղբայրներ, որոնք մեր մէջ առաջնորդութիւն կ’առնեն։ Անոնց հանդէպ սէր ցոյց տուած կ’ըլլանք, երբ Եհովայէն կը խնդրենք, որ իրենց ջանքերը օրհնէ։ դ22.07 23-24 ¶14-16

Շաբաթ, մարտ 16

Փրկութեան յոյսին սաղաւարտը գլուխնիդ դրէ՛ք (Ա. Թես. 5։8)։

Զինուոր մը սաղաւարտը իր գլուխը կը դնէ, որպէսզի իր գլուխը պաշտպանէ։ Մեր հոգեւոր պատերազմին մէջ, պէտք է որ մեր միտքը պաշտպանենք Սատանային յարձակումներէն։ Ան մեզ կը ռմբակոծէ փորձութիւններով եւ գաղափարներով, որոնց նպատակն է՝ մեր միտքը ապականել։ Ճիշդ ինչպէս որ սաղաւարտը զինուորի մը գլուխը կը պաշտպանէ, նոյնպէս ալ մեր յոյսը կը պաշտպանէ մեր մտածելակերպը, որպէսզի շարունակենք Եհովային հաւատարիմ մնալ։ Եթէ մեր յոյսը տկարանայ եւ թոյլ տանք որ մարմնաւոր ցանկութիւնները մեր միտքը գրաւեն, յաւիտենական կեանքի նպատակակէտը մեր մտքին մէջ կը պղտորի։ Նկատի առ հին Կորնթոս քաղաքին մէջ ապրած կարգ մը քրիստոնեաներուն պարագան։ Անոնք իրենց յոյսը կորսնցուցին Աստուծոյ տուած շատ կարեւոր մէկ խոստումին հանդէպ, որ է՝ յարութեան յոյսը (Ա. Կոր. 15։12)։ Պօղոս բացատրեց, որ այն մարդիկը որոնք ապագային նկատմամբ յոյս չունին, միայն ներկայի համար կ’ապրին (Ա. Կոր. 15։32)։ Այսօր շատեր, որոնք Աստուծոյ խոստումներուն չեն հաւատար, ապագային հանդէպ անհոգ են եւ ամէն տեսակ հաճոյքի ետեւէ կը վազեն։ Սակայն, մենք մեր յոյսը կը դնենք ապագային նկատմամբ Աստուծոյ խոստումներուն վրայ։ դ22.10 25-26 ¶8-9

Կիրակի, մարտ 17

Անդադար աղօթք ըրէ՛ք (Ա. Թես. 5։17)։

Եհովան քեզ կը հրաւիրէ որ իրեն աղօթես։ Ան կը տեսնէ, թէ ինչերէ կ’անցնիս եւ քեզ կը վստահեցնէ, թէ ե՛րբ որ ալ իրեն աղօթես, քեզի պիտի լսէ։ Ան զինք պաշտողներուն մտիկ ընելէն հաճոյք կ’առնէ (Առ. 15։8)։ Երբ առանձին կը զգաս, ինչի՞ մասին կրնաս աղօթել։ Սիրտդ բաց Եհովային (Սաղ. 62։8)։ Իրեն պատմէ մտահոգութիւններդ եւ զգացումներդ։ Իրմէ խնդրէ որ քեզի օգնէ գիտնալու թէ ի՛նչ ընես, երբ առանձին կամ տխուր զգաս, եւ քաջութիւն խնդրէ որ կարենաս արտայայտուիլ։ Նոյնիսկ կրնաս իրմէ իմաստութիւն խնդրել, որպէսզի կարենաս հաւատալիքներդ փափկանկատօրէն բացատրել (Ղուկ. 21։14, 15)։ Իսկ եթէ ընկճուած ես, Եհովայէն օգնութիւն խնդրէ, որ կարենաս ատոր մասին խօսիլ հասուն քրիստոնեայի մը հետ եւ որ ան քեզ հասկնայ։ Նկատէ թէ Եհովան աղօթքներուդ ինչպէ՛ս կը պատասխանէ եւ ուրիշներուն օգնութիւնը ընդունէ։ Այսպէս, նուազ առանձին պիտի զգաս։ դ22.08 10 ¶6

Երկուշաբթի, մարտ 18

Ասոնք ամէնքը Կայսրին հրամաններուն դէմ կը գործեն (Գործք 17։7)։

Թեսաղոնիկէի նոր ժողովքը կատաղի հալածանքի հանդիպեցաւ։ Վայրագ հակառակորդներու ամբոխ մը «մէկ քանի եղբայրներ քաշելով տարին քաղաքապետներուն առջեւ» (Գործք 17։6)։ Կրնա՞ս երեւակայել, թէ այդ նորահաւատ քրիստոնեաները որքա՜ն ցնցուած ըլլալու էին։ Անոնք կրնային իրենց նախանձախնդրութիւնը կորսնցնել Եհովայի ծառայութեան մէջ, բայց Պօղոս չուզեց որ այդ մէկը պատահի։ Ան կարգադրութիւններ ըրաւ, որ նոր ժողովքին հոգ տարուէր։ Պօղոս թեսաղոնիկեցիներուն ըսաւ. «Տիմոթէոս՝ մեր եղբայրը. . . [ղրկեցինք] ձեզ հաստատելու ու մխիթարելու ձեր հաւատքին համար. որպէս զի այս նեղութիւններուն մէջ ձեզմէ մէ՛կը չխախտի» (Ա. Թես. 3։2, 3)։ Տիմոթէոս տեսած էր թէ ինչպէ՛ս Պօղոս Լիւստրայի եղբայրները զօրացուց։ Տեսնելով այն օգնութիւնը, որ Եհովան Լիւստրայի եղբայրներուն տուաւ, Տիմոթէոս կրնար իր նորահաւատ եղբայրներն ու քոյրերը վստահեցնել, որ իրենց պարագան ալ պիտի լաւանար (Գործք 14։8, 19-22. Եբ. 12։2)։ դ22.08 21 ¶4

Երեքշաբթի, մարտ 19

Անոր միջոցով [կ’]ապրինք (Ա. Յովհ. 4։9)։

19–րդ դարու վերջաւորութեան, խումբ մը Աստուածաշունչի Աշակերտներ Չարլզ Թէյզ Ռասըլի առաջնորդութեամբ, սկսան Աստուածաշունչը խորապէս սերտել։ Անոնք ուզեցին ճշմարտութիւնը գիտնալ՝ Յիսուսի փրկանքին արժէքին նկատմամբ եւ թէ ինչպէ՛ս իր մահը պէտք է յիշատակուի։ Այսօր մենք կ’օգտուինք անոնց փնտռտուքներէն։ Եհովան մեր աչքերը բացած է, որ տեսնենք թէ Յիսուսին զոհը ի՛նչ կը նշանակէ եւ թէ մեզի եւ ամբողջ մարդկութեան համար ի՛նչ պիտի ընէ (Ա. Յովհ. 2։1, 2)։ Նաեւ սորված ենք որ Աստուածաշունչը երկու տեսակի յոյս կու տայ Աստուած հաճեցնող մարդոց. ոմանց համար անմահ կեանք երկինքին մէջ, իսկ ուրիշներու համար յաւիտենական կեանք երկրի վրայ։ Երբ նկատի կ’առնենք թէ Եհովան մեզ որքա՜ն կը սիրէ, եւ թէ որչա՛փ անձամբ կ’օգտուինք Յիսուսի զոհէն, Եհովային աւելի կը մօտենանք (Ա. Պետ. 3։18)։ Եւ ուրիշները կը հրաւիրենք որ մեզի հետ Յիշատակատօնը տօնեն Յիսուսին սորվեցուցած կերպով։ դ23.01 21 ¶6-7

Յիշատակատօնին համար՝ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. (Արեւամուտէն ետք՝ նիսան 9–ի դէպքերը) Մարկոս 14։3-9

Չորեքշաբթի, մարտ 20

Ան ամենուն համար մեռաւ, որպէս զի կենդանի եղողներն ալ միայն իրենց անձերուն համար կենդանի չըլլան, հապա անոր՝ որ իրենց համար մեռաւ եւ յարութիւն առաւ (Բ. Կոր. 5։15)։

Յիսուս մարդոց սորվեցուց այն օրհնութիւններուն մասին, որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պիտի բերէ։ Մենք շնորհակալ ենք փրկանքին համար, քանի որ անիկա մեր առջեւ ճամբան կը բանայ, որ Եհովային ու Յիսուսին հետ մտերիմ բարեկամութիւն ունենանք։ Իսկ Յիսուսին հաւատացողները նաեւ յոյսը ունին յաւիտեան ապրելու եւ իրենց մեռած սիրելիները նորէն տեսնելու (Յովհ. 5։28, 29. Հռով. 6։23)։ Ճիշդ է որ մենք բան մը չենք ըրած որ այս օրհնութիւններուն արժանի ըլլանք, ոչ ալ կրնանք Աստուծոյ եւ Յիսուսին հատուցանել իրենց ըրածին համար (Հռով. 5։8, 20, 21)։ Բայց կրնանք իրենց ցոյց տալ մեր խոր գնահատանքը։ Ինչպէ՞ս։ Մեր միջոցները գործածելով, որպէսզի Եհովային ծառայենք։ Օրինակ, կրնանք օգնել Եհովային պաշտամունքին մէջ գործածուելիք շէնքերը շինելու եւ նորոգելու։ դ23.01 26 ¶3. 28 ¶5

Յիշատակատօնին համար՝ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. (Ցերեկուան ընթացքին՝ նիսան 9–ի դէպքերը) Մարկոս 11։1-11

Հինգշաբթի, մարտ 21

Տեսայ. . . Գառնուկը. . . ու անոր հետ հարիւր քառասունըչորս հազարը (Յայտ. 14։1)։

Աստուծոյ Թագաւորութեան մէջ իշխողները հոգ պիտի տանին ամբողջ աշխարհի մէջ գտնուող միլիառաւոր մարդոց։ Յիսուսին պէս, 144,000–ը թագաւորներ ու քահանաներ պիտի ըլլան (Յայտ. 5։10)։ Օրէնքին տակ, քահանաները գլխաւորաբար պատասխանատու էին ժողովուրդին թէ՛ ֆիզիքական եւ թէ հոգեւոր առողջութիւնը պաշտպանելու։ Օրէնքը «գալիք բարիքներուն շուքն է», ուրեմն կրնանք եզրակացնել, որ Յիսուսին իշխանակիցները իրեն պիտի օգնեն Աստուծոյ ժողովուրդին ֆիզիքական ու հոգեւոր պէտքերը հոգալու (Եբ. 10։1)։ Պիտի սպասենք ու տեսնենք, թէ այս թագաւորներն ու քահանաները երկրի վրայ Թագաւորութեան հպատակներուն հետ ճիշդ ինչպէ՛ս կապ պիտի պահեն։ Կրնանք վստահ ըլլալ որ գալիք Դրախտին մէջ երկրի բնակիչներուն պէտք եղած առաջնորդութիւնը պիտի տրուի (Յայտ. 21։3, 4)։ դ22.12 11 ¶11-13

Յիշատակատօնին համար՝ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. (Ցերեկուան ընթացքին՝ նիսան 10–ի դէպքերը) Մարկոս 11։12-19

Ուրբաթ, մարտ 22

Տէրոջը մահը պիտի պատմէք՝ մինչեւ ինք գայ (Ա. Կոր. 11։26)։

Պատճառներէն մէկը թէ ինչո՛ւ կ’ուզենք ուրիշները հրաւիրել, այն է որ կ’ուզենք որ նորեկները գիտնան թէ Եհովան ու Յիսուսը ի՛նչ ըրած են մեր բոլորին համար (Յովհ. 3։16)։ Յոյս ունինք որ այն ինչ որ Յիշատակատօնին կը տեսնեն ու կը լսեն զիրենք պիտի մղեն որ աւելին գիտնան եւ Եհովայի ծառաները ըլլան։ Նաեւ կը հրաւիրենք անոնք, որոնք այլեւս Եհովային չեն ծառայեր՝ իրենց յիշեցնելու համար, որ Աստուած տակաւին զիրենք կը սիրէ։ Շատեր կ’ընդառաջեն մեր հրաւէրին։ Եւ մենք շատ կ’ուրախանանք զիրենք տեսնելով։ Յիշատակատօնին ներկայ գտնուիլը իրենց կը յիշեցնէ թէ անցեալին որքա՛ն հաճելի էր Եհովային ծառայելը (Սաղ. 103։1-4)։ Մարդիկ մեր հրաւէրին ընդառաջե՛ն կամ ոչ, մենք պարտաճանաչ կերպով ուրիշները կը հրաւիրենք Յիշատակատօնին, գիտնալով որ Եհովան հետաքրքրուած է անհատներով (Ղուկ. 15։7. Ա. Տիմ. 2։3, 4)։ դ23.01 20 ¶1. 22-23 ¶9-11

Յիշատակատօնին համար՝ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. (Ցերեկուան ընթացքին՝ նիսան 11–ի դէպքերը) Մարկոս 11։20–12։27, 41-44

Շաբաթ, մարտ 23

Տէրոջը աչքը իրմէ վախցողներուն. . . վրայ է (Սաղ. 33։18)։

Իր մահուան նախորդող գիշերը, Յիսուս յատուկ բան մը խնդրեց իր երկնաւոր Հօրմէն՝ որ իր հետեւորդները պաշտպանէ (Յովհ. 17։15, 20)։ Եհովայի աչքը միշտ իր ժողովուրդին վրայ եղած է՝ իրենց հոգ տանելով եւ պաշտպանելով։ Սակայն, Յիսուս գիտէր որ Սատանան խստօրէն պիտի հակառակէր իր հետեւորդներուն, եւ թէ անոնք Եհովայի օգնութեան պէտք պիտի ունենային, որպէսզի Սատանային յարձակումներուն դիմանային։ Ներկայիս, Սատանային աշխարհը մեծ ճնշում կը դնէ ճշմարիտ քրիստոնեաներուն վրայ։ Կ’ունենանք նեղութիւններ, որոնք կրնան մեզ ընկճել եւ նոյնիսկ Եհովային հանդէպ մեր հաւատարմութիւնը փորձել։ Բայց պէտք չունինք բանէ մը վախնալու։ Եհովային աչքը մեր վրայ է. ան կը տեսնէ մեր խնդիրները եւ պատրաստ է մեզի օգնելու, որ անոնց հետ գլուխ ելլենք։ Այո, Եհովայի ‘աչքը իրմէ վախցողներուն վրայ է, անոնց անձը փրկելու համար’ (Սաղ. 33։18-20)։ դ22.08 8 ¶1-2

Յիշատակատօնին համար՝ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. (Ցերեկուան ընթացքին՝ նիսան 12–ի դէպքերը) Մարկոս 14։1, 2, 10, 11. Մատթէոս 26։1-5, 14-16

ՅԻՇԱՏԱԿԱՏՕՆԻՆ ԹՈՒԱԿԱՆԸ
Արեւամուտէն ետք
Կիրակի, մարտ 24

Ասիկա ըրէք զիս յիշելու համար (Ղուկ. 22։19)։

Ամէն տարի, Յիշատակատօնի շրջանին, մեր գնահատանքը ցոյց կու տանք՝ ժամանակ տրամադրելով որ խոկանք Յիսուսի մահուան վրայ եւ անոր մասին աղօթենք։ Նաեւ կարելի եղածին չափ շատ անհատներ կը քաջալերենք, որ մեզի հետ ներկայ գտնուին այս յատուկ առիթին։ Եւ վճռած ենք թոյլ չտալ որ որեւէ բան արգելք ըլլայ որ Յիշատակատօնին ներկայ ըլլանք։ Այդ առիթին կը սորվինք, թէ մարդկութիւնը ինչո՛ւ փրկանքի պէտք ունի եւ թէ ինչպէ՛ս մէկ մարդու մահը կրնայ շատերու մեղքերը քաւել։ Մեզի յիշեցում կը տրուի թէ հացն ու գինին ի՛նչ կը խորհրդանշեն եւ թէ որո՛նք անոնց պէտք է մասնակցին (Ղուկ. 22։19, 20)։ Եւ կը խոկանք այն օրհնութիւններուն վրայ, որոնք երկրի վրայ յաւիտեան ապրողները պիտի վայելեն (Եսա. 35։5, 6. 65։17, 21-23)։ Պէտք չէ այս ճշմարտութիւնները թեթեւի առնենք։ դ23.01 20 ¶2. 21 ¶4

Յիշատակատօնին համար՝ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. (Ցերեկուան ընթացքին՝ նիսան 13–ի դէպքերը) Մարկոս 14։12-16. Մատթէոս 26։17-19 (Արեւամուտէն ետք՝ նիսան 14–ի դէպքերը) Մարկոս 14։17-72

Երկուշաբթի, մարտ 25

Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ. . . յաւիտենական կեանք ունենայ (Յովհ. 3։16)։

Իր Որդին որպէս փրկանք տալով որ մեր մեղքերը քաւէ, Եհովան կարելի կը դարձնէ որ մենք յաւիտենական կեանք ունենանք (Մատ. 20։28)։ Պօղոս գրեց. «Մարդով եղաւ մահը, մարդով ալ մեռելներուն յարութիւնը պիտի ըլլայ։ Վասն զի ինչպէս Ադամով ամէնքը կը մեռնին, նոյնպէս ալ Քրիստոսով ամէնքը կենդանի պիտի ըլլան» (Ա. Կոր. 15։21, 22)։ Յիսուս իր հետեւորդներուն սորվեցուց, որ աղօթեն որ Թագաւորութիւնը գայ եւ Աստուծոյ կամքը կատարուի երկրի վրայ (Մատ. 6։9, 10)։ Եհովայի նպատակին մէկ մասն է, որ մարդիկ երկրի վրայ ապրին յաւիտեան։ Այդ նպատակին հասնելու համար, Եհովան իր Որդին նշանակած է որպէս մեսիական Թագաւորութեան Թագաւորը։ Եհովան երկրէն 144,000 անհատներ կը հաւաքէ, որպէսզի Յիսուսին հետ համագործակցին Իր նպատակը իրականացնելու համար (Յայտ. 5։9, 10)։ դ22.12 5 ¶11-12

Յիշատակատօնին համար՝ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. (Ցերեկուան ընթացքին՝ նիսան 14–ի դէպքերը) Մարկոս 15։1-47

Երեքշաբթի, մարտ 26

Քրիստոսին սէրը մեզ կը ստիպէ. . . որպէս զի կենդանի եղողներն ալ միայն իրենց անձերուն համար կենդանի չըլլան (Բ. Կոր. 5։14, 15)։

Երբ մեր սիրելիներէն մէկը մեռնի, զինք շատ կը կարօտնանք։ Սկիզբը թերեւս միայն ցաւ զգանք, մանաւանդ եթէ ան կը չարչարուէր։ Բայց ժամանակի ընթացքին, ուրախ կը զգանք, երբ մտածենք բանի մը մասին, որ ան մեզի սորվեցուց կամ կերպ մը, որով մեզ քաջալերեց։ Նոյնպէս, կը տխրինք երբ Յիսուսին չարչարանքին ու մահուան մասին կը կարդանք։ Մանաւանդ Յիշատակատօնի շրջանին, ժամանակ կու տանք որ իր փրկանքին կարեւորութեան մասին խոկանք (Ա. Կոր. 11։24, 25)։ Բայց նաեւ կ’ուրախանանք մտածելով Յիսուսի բոլոր ըսածներուն ու ըրածներուն մասին, մինչ երկրի վրայ էր։ Նաեւ կը քաջալերուինք մտածելով թէ ան ի՛նչ կ’ընէ հիմա եւ թէ մեզի համար ի՛նչ պիտի ընէ ապագային։ դ23.01 26 ¶1-2

Յիշատակատօնին համար՝ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. (Ցերեկուան ընթացքին՝ նիսան 15–ի դէպքերը) Մատթէոս 27։62-66 (Արեւամուտէն ետք՝ նիսան 16–ի դէպքերը) Մարկոս 16։1

Չորեքշաբթի, մարտ 27

Առաջ խնդրեցէք Աստուծոյ թագաւորութիւնը (Մատ. 6։33)։

Յիսուսին աշակերտները շատ տխուր էին, երբ ան մեռաւ։ Անոնք ոչ միայն կորսնցուցին իրենց սիրելի բարեկամը, հապա նաեւ՝ իրենց լման յոյսը (Ղուկ. 24։17-21)։ Բայց երբ Յիսուս իրենց երեւցաւ, իրենց օգնեց հասկնալու թէ Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները ինչպէ՛ս կատարեց։ Նաեւ իրենց կարեւոր գործ մը տուաւ (Ղուկ. 24։26, 27, 45-48)։ Երբ ան երկինք ելաւ, աշակերտներուն տխրութիւնը լման գացած էր։ Անոնք շատ ուրախ էին, գիտնալով որ իրենց Տէրը ողջ էր եւ պատրաստ էր իրենց օգնելու, որ իրենց նոր նշանակումը կատարէին։ Եւ այդ ուրախութիւնը զիրենք մղեց, որ շարունակ Եհովան փառաբանեն (Ղուկ. 24։52, 53. Գործք 5։42)։ Յիսուսի աշակերտները ընդօրինակելը կը պահանջէ որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մեր կեանքին մէջ առաջին տեղը դնենք։ Ճիշդ է որ մենք տոկալու պէտք ունինք, որպէսզի շարունակ Եհովային ծառայենք, բայց ան կը խոստանայ որ մեզ առատապէս պիտի օրհնէ, եթէ այդպէս ընենք (Առ. 10։22)։ դ23.01 30-31 ¶15-16

Յիշատակատօնին համար՝ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. (Ցերեկուան ընթացքին՝ նիսան 16–ի դէպքերը) Մարկոս 16։2-8

Հինգշաբթի, մարտ 28

Հողի պիտի դառնաս (Ծն. 3։19)։

Վստահաբար, չենք ուզեր այն նոյն սխալը ընել, որ Ադամն ու Եւան ըրին։ Անոր համար, պէտք է շարունակենք Եհովայի մասին սորվիլ, իր յատկութիւնները գնահատել եւ ջանալ հասկնալ իր մտածելակերպը։ Այդպէս ընելով, Եհովայի հանդէպ մեր սէրը վստահաբար պիտի աճի։ Մտածէ Աբրահամին մասին։ Ան իրապէս Եհովան կը սիրէր։ Նոյնիսկ երբ իրեն համար դժուար էր Եհովայի որոշումները հասկնալ, անոր դէմ չելաւ։ Փոխարէնը, փորձեց Եհովան աւելի լաւ ճանչնալ։ Օրինակ, երբ գիտցաւ որ Եհովան որոշած էր Սոդոմն ու Գոմորը կործանել, Աբրահամ սկիզբը վախցաւ որ «բոլոր երկրի Դատաւորը» չարերուն հետ արդարներն ալ պիտի կորսնցնէր։ Աբրահամին համար ասիկա անընդունելի՛ էր։ Ուստի, խոնարհաբար Եհովային կարգ մը հարցումներ հարցուց։ Եհովան ամենայն համբերութեամբ պատասխանեց։ Ի վերջոյ, Աբրահամ անդրադարձաւ որ Եհովան ամէն մարդու սիրտը կը քննէ եւ որ բնաւ անմեղը մեղաւորին հետ չի պատժեր (Ծն. 18։20-32)։ դ22.08 28 ¶9-10

Ուրբաթ, մարտ 29

Հաւատարիմ հոգի ունեցողը բանը կը ծածկէ (Առ. 11։13)։

Ք.Ա. 455–ին, երբ Նէեմիա կառավարիչը Երուսաղէմի պարիսպները շինեց, սկսաւ փնտռել վստահելի տղամարդիկ, որպէսզի քաղաքին հոգ տանին։ Նէեմիայի զատած տղամարդոց մէջ կար Անանիա անունով մէկը, որ «աշտարակին իշխան»ն էր։ Աստուածաշունչը իր մասին կը խօսի որպէս «հաւատարիմ ու շատերէն աւելի աստուածավախ մարդ մը» (Նէ. 7։2)։ Եհովայի հանդէպ սէրը եւ զինք նեղացնելու վախը Անանիան մղեցին, որ իրեն տրուած որեւէ նշանակում լուրջի առնէ։ Այդ յատկութիւնները մեզի ալ պիտի օգնեն, որ մեր ծառայութեան մէջ վստահելի ըլլանք։ Նկատի առ Տիւքիկոսի օրինակը, որ Պօղոս առաքեալի վստահելի ընկերակիցներէն մէկն էր։ Պօղոս Տիւքիկոսին վստահեցաւ, զինք նկարագրելով որպէս «հաւատարիմ պաշտօնեայ» (Եփ. 6։21, 22)։ Պօղոս իրմէ խնդրեց, որ Եփեսոսի եւ Կողոսայի եղբայրներուն նամակներ հասցնէ եւ զիրենք քաջալերէ ու մխիթարէ։ Տիւքիկոսը մեզի կը յիշեցնէ այն հաւատարիմ ու վստահելի տղամարդիկը, որոնք ներկայիս մեր հոգեւոր պէտքերը կը հոգան (Կող. 4։7-9)։ դ22.09 9-10 ¶5-6

Շաբաթ, մարտ 30

Սէրը մեղքերու բազմութիւնը կը ծածկէ (Ա. Պետ. 4։8)։

Յովսէփ 13 տարի ծանր փորձութիւններ ունեցաւ։ Ան կրնար մտածել, թէ Եհովան զինք չէր սիրեր եւ երեսի վրայ ձգած էր իր ամէնէն նեղ պահուն։ Բայց Յովսէփ չդառնացաւ։ Փոխարէնը, քանի որ ան ‘արթուն կեցաւ’, կրցաւ առողջ կերպով մտածել։ Երբ առիթը ունէր իր եղբայրներէն վրէժ առնելու, այդպէս չըրաւ եւ անոնց հանդէպ սէր ցոյց տուաւ ու իրենց ներեց (Ծն. 45։4, 5)։ Յովսէփ այսպէս վարուեցաւ, քանի որ յստակօրէն կը մտածէր, կեդրոնացած ըլլալով ոչ թէ իր խնդիրներուն վրայ, հապա մեծ պատկերին՝ Եհովայի նպատակին վրայ (Ծն. 50։19-21)։ Ի՞նչ դաս կը սորվինք։ Եթէ քեզի հետ գէշ կերպով կը վարուին, Եհովայի հանդէպ մի՛ դառնանար կամ մի՛ մտածեր թէ ան քեզ ձգած է։ Փոխարէնը, մտածէ թէ Եհովան քեզի ինչպէ՛ս կ’օգնէ որ այդ փորձութեան տոկաս։ Ատկէ զատ, ջանք ըրէ քեզի հետ գէշ կերպով վարուող անհատին անկատարութիւնները սիրով ծածկելու։ դ22.11 21 ¶4

Կիրակի, մարտ 31

Բոլոր իշխանները անոր պիտի ծառայեն ու պիտի հնազանդին (Դան. 7։27)։

Դանիէլ մարգարէն տեսաւ տեսիլքներ, որոնք յստակօրէն ցոյց տուին թէ Եհովան բոլոր իշխանութիւններէն աւելի բարձր իշխանութիւն ունի։ Դանիէլ նախ տեսաւ չորս հսկայ գազաններ, որոնք կը ներկայացնեն անցեալի եւ ներկայի աշխարհակալ ուժեր. Բաբելոն, Մարա–Պարսկաստան, Յունաստան եւ Հռոմ, ինչպէս նաեւ ներկայիս իշխող աշխարհակալ ուժը՝ Անկլօ–Ամերիկան (Դան. 7։1-3, 17)։ Ետքը, Դանիէլ տեսաւ Եհովան՝ երկնային ատեանին մէջ գահի մը վրայ նստած (Դան. 7։9, 10)։ Աստուած ամբողջ իշխանութիւնը մարդկային կառավարութիւններէն կ’առնէ եւ կու տայ անոնց, որոնք աւելի արժանի են եւ աւելի զօրաւոր են։ Որո՞նց։ «Որդի մարդոյ նման մէկ»ու մը՝ Յիսուս Քրիստոսին, եւ «Բարձրեալին սուրբերուն»՝ 144,000–ին, որոնք «յաւիտեանս յաւիտենից» պիտի իշխեն (Դան. 7։13, 14, 18)։ Յստակ է, որ Եհովան «Բարձրեալ»ն է։ Այն ինչ որ Դանիէլ տեսաւ իր տեսիլքին մէջ, համաձայն է այն խօսքին, որ նախապէս ըսած էր. ‘Թագաւորներ վերցնողն ու թագաւորներ հաստատողը երկնքի Աստուածն է’ (Դան. 2։19-21)։ դ22.10 14-15 ¶9-11

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել