Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • աք24 էջ 17-26
  • Փետրուար

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Փետրուար
  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2024
  • Ենթավերնագիրներ
  • Հինգշաբթի, փետրուար 1
  • Ուրբաթ, փետրուար 2
  • Շաբաթ, փետրուար 3
  • Կիրակի, փետրուար 4
  • Երկուշաբթի, փետրուար 5
  • Երեքշաբթի, փետրուար 6
  • Չորեքշաբթի, փետրուար 7
  • Հինգշաբթի, փետրուար 8
  • Ուրբաթ, փետրուար 9
  • Շաբաթ, փետրուար 10
  • Կիրակի, փետրուար 11
  • Երկուշաբթի, փետրուար 12
  • Երեքշաբթի, փետրուար 13
  • Չորեքշաբթի, փետրուար 14
  • Հինգշաբթի, փետրուար 15
  • Ուրբաթ, փետրուար 16
  • Շաբաթ, փետրուար 17
  • Կիրակի, փետրուար 18
  • Երկուշաբթի, փետրուար 19
  • Երեքշաբթի, փետրուար 20
  • Չորեքշաբթի, փետրուար 21
  • Հինգշաբթի, փետրուար 22
  • Ուրբաթ, փետրուար 23
  • Շաբաթ, փետրուար 24
  • Կիրակի, փետրուար 25
  • Երկուշաբթի, փետրուար 26
  • Երեքշաբթի, փետրուար 27
  • Չորեքշաբթի, փետրուար 28
  • Հինգշաբթի, փետրուար 29
Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2024
աք24 էջ 17-26

Փետրուար

Հինգշաբթի, փետրուար 1

Մէկզմէկ սիր[եցէք], ինչպէս ես ձեզ սիրեցի (Յովհ. 15։12)։

Այսօրուան համարը ի՞նչ կը նշանակէ։ Ինչպէս որ Յիսուս բացատրեց, ասիկա անձնազոհ սէր է, որ քրիստոնեան կը մղէ նոյնիսկ մեռնելու իր հաւատակիցին համար, եթէ պէտք ըլլայ։ Աստուծոյ Խօսքը շատ կը շեշտէ սէրը։ Շատերու նախասիրած համարներուն մէջ կան. «Աստուած սէր է» (Ա. Յովհ. 4։8)։ «Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս» (Մատ. 22։39)։ «Սէրը մեղքերու բազմութիւնը կը ծածկէ» (Ա. Պետ. 4։8)։ «Սէրը բնա՛ւ չ’իյնար» (Ա. Կոր. 13։8)։ Ասոնք եւ ուրիշ համարներ յստակ կը դարձնեն ոեւէ մէկուն, թէ որքա՜ն կարեւոր է այս գեղեցիկ յատկութիւնը մշակել եւ ցուցաբերել։ Միայն անոնք որոնք Եհովային հոգին ունին եւ իր օրհնութիւնը ունին, կրնան իրար սիրել (Ա. Յովհ. 4։7)։ Ուրեմն, պէ՞տք է զարմանանք որ Յիսուս ըսաւ որ իր ճշմարիտ աշակերտները պիտի ճանչցուին իրենց անձնազոհ սիրով։ Ինչպէս որ Յիսուս նախատեսեց, շատեր իր ճշմարիտ հետեւորդները ճանչցած են՝ նկատելով այն անկեղծ սէրը որ ունին իրարու հանդէպ։ դ23.03 27-28 ¶5-8

Ուրբաթ, փետրուար 2

Քու մեղքերդ ներուած են (Ղուկ. 7։48)։

Պէ՞տք է աւելի ներող ըլլաս։ Թերեւս սկսիս կարդալ ու խոկալ Աստուածաշունչի մէջ յիշուած այն անհատներուն մասին, որոնք ուրիշներուն ներեցին, եւ անոնց մասին, որոնք չներեցին։ Նկատի առ Յիսուսին օրինակը։ Ան պատրաստ էր ուրիշներուն ներելու (Ղուկ. 7։47)։ Ան նաեւ կեդրոնացաւ ոչ թէ անոնց սխալներուն վրայ, հապա այն բաներուն վրայ, որ կրնային իրագործել։ Միւս կողմէ, փարիսեցիները «ուրիշները կ’անարգէին» (Ղուկ. 18։9)։ Այս օրինակներուն մասին մտածելէ ետք, դուն քեզի հարցուր. ‘Ուրիշներուն մէջ ի՞նչ կը տեսնեմ։ Անոնց ո՞ր յատկութիւններուն վրայ կ’ընտրեմ կեդրոնանալ’։ Եթէ դժուարութիւն ունիս մէկու մը ներելու, փորձէ անոր բոլոր լաւ յատկութիւնները գրի առնել։ Ետքը, դուն քեզի հարցուր. ‘Յիսուս այս անհատը ինչպէ՞ս կը նկատէ։ Արդեօք իրեն պիտի ներէ՞ր’։ Սերտողութեան այսպիսի յայտագիր մը ունենալով, կրնանք մեր մտածելակերպը փոխել։ Սկիզբը, թերեւս շատ ջանք թափենք որ ներենք մէկու մը, որ մեզ վիրաւորած է։ Բայց եթէ շարունակենք աշխատիլ որ բարելաւուինք, ժամանակի ընթացքին աւելի պատրաստ պիտի ըլլանք ներելու։ դ22.04 23 ¶6

Շաբաթ, փետրուար 3

Յայտնութիւնը. . . իր հրեշտակին ձեռքով ղրկելով՝ [«խորհրդանշաններով», ՆԱ]. . . իմացուց (Յայտ. 1։1)։

Յայտնութիւն գրքին մէջ, Աստուծոյ թշնամիները ներկայացուած են որպէս գազաններ։ Օրինակ, կայ գազան մը, որ ‘ծովէն կ’ելլէ’ եւ ունի «եօթը գլուխ ու տասը եղջիւր» (Յայտ. 13։1)։ Անոր կը յաջորդէ ուրիշ գազան մը, որ ‘երկրէն կ’ելլէ’, ‘վիշապի պէս կը խօսի’ ու ‘երկնքէն կրակ կ’իջեցնէ’ (Յայտ. 13։11-13)։ Ետքը, կը տեսնենք «կարմիր գազան մը», որուն վրայ պոռնիկ մը նստած է եւ զայն կը քշէ։ Այս երեք գազանները կը ներկայացնեն թշնամիներ, որոնք երկար ժամանակէ ի վեր կը պայքարին Եհովա Աստուծոյ եւ իր Թագաւորութեան դէմ։ Հետեւաբար, կարեւոր է որ գիտնանք թէ անոնք որո՛նք են (Յայտ. 17։1, 3)։ Պէտք է հասկնանք թէ այս այլաբանական լեզուն ի՛նչ կը նշանակէ։ Ատոր համար պէտք է թոյլ տանք, որ Աստուածաշունչը ինքզինք բացատրէ։ Յայտնութիւն գրքին շատ մը խորհրդանշանները Աստուածաշունչի ուրիշ գիրքերու մէջ արդէն բացատրուած են։ դ22.05 8-9 ¶3-4

Կիրակի, փետրուար 4

Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ (Մատ. 22։37)։

Մեզմէ ոմանք իրենց ամէն ուզածը չեն կրնար ընել Եհովայի ծառայութեան մէջ, քանի որ տարիքով կը մեծնան կամ հիւանդ են, եւ ասիկա զիրենք կ’ընկճէ։ Եթէ ատեններ ընկճուած կը զգաս սահմանափակումներուդ պատճառով, դուն քեզի հարցուր. ‘Եհովան ինձմէ ի՞նչ կը պահանջէ’։ Քու լաւագոյնդ, այսինքն՝ ամէն ինչ որ կրնաս ընել հիմա՛։ Նկատի առ այս պարագան։ 80 տարեկան քոյր մը ընկճուած է, քանի որ չի կրնար նո՛յնքան ծառայել, ո՛րքան կը ծառայէր, երբ 40 տարեկան էր։ Ան կը մտածէ, որ թէեւ իր լաւագոյնը կու տայ, բայց ատիկա Եհովան չի հաճեցներ։ Բայց իրապէս ատա՞նկ է։ Մտածէ. եթէ այս քոյրը իր 40–ական տարիքին իր լաւագոյնը տուաւ եւ իր 80–ական տարիքին տակաւին կը շարունակէ իր լաւագոյնը տալ, ուրեմն ան միշտ իր լաւագոյնը տուած է։ Եթէ մենք մեր լաւագոյնը տանք, Եհովան մեզի պիտի ըսէ. «Ապրի՛ս» (համեմատէ՛ Մատթէոս 25։20-23)։ Մեզի համար աւելի դիւրին պիտի ըլլայ ուրախ ըլլալ, եթէ կեդրոնանանք այն բաներուն վրայ, որոնք կրնա՛նք ընել եւ ոչ թէ անոնց վրայ, որոնք չենք կրնար ընել։ դ22.04 10 ¶2. 11 ¶4-6

Երկուշաբթի, փետրուար 5

Սուրբ քաղաքը՝ նոր Երուսաղէմը՝ տեսայ (Յայտ. 21։2)։

Յայտնութիւն գրքին 21–րդ գլուխը կը ներկայացնէ 144,000–ը որպէս շատ գեղեցիկ քաղաք մը, որ կը կոչուի «նոր Երուսաղէմ»։ Քաղաքը ունի 12 հիմեր, որոնց վրայ գրուած են «Գառնուկին տասներկու առաքեալներուն տասներկու անունները» (Յայտ. 21։10-14. Եփ. 2։20)։ Այս այլաբանական քաղաքը որեւէ քաղաքի չի նմանիր։ Անոր գլխաւոր փողոցը զուտ ոսկի է, 12 դռներէն իւրաքանչիւրը մարգարիտ է, պարիսպը եւ հիմերը զարդարուած են թանկարժէք քարերով։ Եւ անոր լայնքը, երկայնութիւնը եւ բարձրութիւնը նոյն չափը ունին (Յայտ. 21։15-21)։ Բայց կը թուի թէ բան մը պակաս է։ Յովհաննէս կ’ըսէ. «Անոր մէջ տաճար չտեսայ, վասն զի Տէր Աստուած Ամենակալն ու Գառնուկը անոր տաճարն են։ Քաղաքը արեւի ու լուսնի պէտք չունի, որ զանիկա լուսաւորեն, վասն զի Աստուծոյ փառքը զանիկա կը լուսաւորէ ու անոր ճրագը Գառնուկն է» (Յայտ. 21։22, 23)։ Անոնք որոնք Նոր Երուսաղէմը կը կազմեն, Եհովային հետ պիտի ըլլան (Եբ. 7։27. Յայտ. 22։3, 4)։ դ22.05 17-18 ¶14-15

Երեքշաբթի, փետրուար 6

Իրարու հանդէպ հանդուրժող եղէք, եւ ներեցէք իրարու. . . Ինչպէս Աստուած Քրիստոսի միջոցաւ ներեց ձեզի, այնպէս ալ դուք իրարու ներեցէք (Կող. 3։13, ՆԹ)։

Ճիշդ է որ Եհովան մեր Ստեղծիչը, Օրէնսդիրն ու Դատաւորն է, բայց ան նաեւ մեր սիրալիր երկնաւոր Հայրն է (Սաղ. 100։3. Եսա. 33։22)։ Անոր համար, երբ իրեն դէմ մեղք գործենք եւ անկեղծօրէն զղջանք, ան ոչ միայն կրնայ, հապա նաեւ շատ կ’ուզէ մեզի ներել (Սաղ. 86։5)։ Եսայի մարգարէին միջոցով Եհովան ջերմօրէն վստահեցուց. «Եթէ ձեր մեղքերը կրկնակի կարմիրի պէս են, ձիւնի պէս պիտի ճերմկնան» (Եսա. 1։18)։ Որովհետեւ անկատար ենք, բոլորս կ’ըսենք ու կ’ընենք բաներ, որոնք ուրիշները կը վիրաւորեն (Յակ. 3։2)։ Սակայն կրնանք լաւ փոխյարաբերութիւններ ունենալ, եթէ ներող ենք (Առ. 17։9. 19։11. Մատ. 18։21, 22)։ Երբ կերպով մը իրար վիրաւորենք, Եհովան կ’ուզէ որ իրարու ներենք։ Եւ մենք ասիկա ընելու լաւ պատճառ մը ունինք. Եհովան մեզի «առատապէս կը ներէ» (Եսա. 55։7)։ դ22.06 8 ¶1-2

Չորեքշաբթի, փետրուար 7

Նմանեցէք անոնց, որ հաւատքով ու համբերութիւնով խոստումները ժառանգեցին (Եբ. 6։12)։

Թէեւ պէտք չէ մենք մեզ ուրիշներու հետ բաղդատենք, բայց շատ բան կրնանք սորվիլ Եհովայի հաւատարիմ ծառաներէն։ Նկատի առնենք Յիսուսի օրինակը։ Թէեւ ան կատարեալ էր, բայց շատ բան կը սորվինք իր գեղեցիկ յատկութիւններէն եւ իր ըրած հոյակապ բաներէն (Ա. Պետ. 2։21)։ Երբ մեր լաւագոյնը կ’ընենք, որ կարելի եղածին չափ մօտէն հետեւինք իր օրինակին, Եհովային աւելի լաւ կը ծառայենք։ Աստուածաշունչին մէջ գրուած է շատ մը հաւատարիմ տղամարդոց եւ կիներու մասին, որոնք արժանի են ընդօրինակուելու, հակառակ անոր որ անկատար են։ Մտածէ Դաւիթ թագաւորին մասին, որ Եհովային կողմէ կոչուեցաւ «իմ սրտիս համեմատ մարդ» (Գործք 13։22)։ Թէեւ Դաւիթ կարգ մը լուրջ սխալներ ըրաւ, բայց լաւ օրինակ է մեզի համար։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ չփորձեց ինքզինք արդարացնել։ Փոխարէնը, ան զօրաւոր խրատը ընդունեց եւ իր ըրածին համար անկեղծօրէն զղջաց։ Եւ ատոր համար, Եհովան իրեն ներեց (Սաղ. 51։3, 4, 10-12)։ դ22.04 13 ¶11-12

Հինգշաբթի, փետրուար 8

Մարդս իր բոլոր ստացուածքը իր կեանքին տեղը կու տայ (Յոբ 2։4)։

Աստուածաշունչը կ’ըսէ, որ մահը թշնամի է (Ա. Կոր. 15։25, 26)։ Թերեւս մահուան գաղափարը մեզ մտահոգէ, մանաւանդ երբ մենք կամ մեր սիրելիները լուրջ հիւանդութիւն մը ունինք։ Ինչո՞ւ մահէն կը վախնանք։ Քանի որ Եհովան մեզ ստեղծեց կեանքը յաւիտեան վայելելու փափաքով (Ժող. 3։11)։ Մահուան նկատմամբ հաւասարակշռուած վախ ունենալը կրնայ մեզի օգնել, որ մեր կեանքը պաշտպանենք։ Անիկա կրնայ մեզ մղել, որ առողջապահական ուտելիքներ ուտենք ու մարզանք ընենք, բժիշկներու օգնութեան դիմենք ու դեղեր առնենք՝ երբ անհրաժեշտ է, եւ անհարկիօրէն մեր կեանքը վտանգի տակ չդնենք։ Սատանան գիտէ որ կեանքը շատ կ’արժեւորենք։ Ան կը պնդէ, որ մենք պատրաստ ենք զոհելու ամէն ինչ որ ունինք,– նոյնիսկ Եհովայի հետ մեր թանկարժէք փոխյարաբերութիւնը,– որպէսզի մեր ներկայ կեանքը ազատենք (Յոբ 2։5)։ Ան որքա՜ն կը սխալի։ Բայց քանի որ «կարող է մահ պատճառել», կը փորձէ մահուան բնական վախը շահագործել, որպէսզի մեզ մղէ Եհովան լքելու (Եբ. 2։14, 15, ՆԱ)։ դ22.06 18 ¶15-16

Ուրբաթ, փետրուար 9

Արեւը ձեր բարկութեանը վրայ մարը թող չմտնէ (Եփ. 4։26)։

Արգելքի տակ եղած ատեն թերեւս ստիպուինք աւելի պզտիկ խումբերով հաւաքուիլ։ Ուրեմն, որեւէ ժամանակէ աւելի կարեւոր է իրարու հետ խաղաղ մնալ։ Սատանայի՛ն դէմ կռուինք եւ ոչ թէ իրարու դէմ։ Եղբայրներուդ սխալներուն աչք խփէ կամ փորձէ հարցերը արագօրէն լուծել (Առ. 19։11)։ Նախաքայլը առ ուրիշներուն օգնելու (Տիտ. 3։14)։ Այն օգնութիւնը, որ ծառայութեան խումբ մը տուաւ օգնութեան պէտք ունեցող քրոջ մը, լաւ ազդեցութիւն ձգեց ամբողջ խումբին վրայ։ Անոնք իրարու մօտեցան ընտանիքի մը պէս (Սաղ. 133։1)։ Մեր եղբայրներէն ու քոյրերէն տասնեակ հազարաւորներ Եհովային կը ծառայեն հակառակ կառավարութիւններու դրած սահմանափակումներուն։ Անոնցմէ ոմանք բանտարկուած են իրենց հաւատքին համար։ Կրնանք աղօթել իրենց համար, իրենց ընտանիքներուն համար եւ անոնց համար, որոնք իրենց ազատութիւնը վտանգի տակ կը դնեն, որպէսզի այս քոյրերուն ու եղբայրներուն օգնեն հոգեւոր, ֆիզիքական ու օրինական գետնի վրայ (Կող. 4։3, 18)։ Բնա՛ւ թեթեւի մի՛ առներ աղօթքներուդ զօրութիւնը (Բ. Թես. 3։1, 2. Ա. Տիմ. 2։1, 2)։ դ22.12 26-27 ¶15-16

Շաբաթ, փետրուար 10

Դուն որ ընկերիդ կը սորվեցնես, քու անձիդ չե՞ս սորվեցներ (Հռով. 2։21)։

Զաւակները յաճախ իրենց ծնողները կ’ընդօրինակեն։ Անշուշտ, ծնող մը չկայ որ կատարեալ է (Հռով. 3։23)։ Բայց եւ այնպէս, իմաստուն ծնողները իրենց լաւագոյնը կ’ընեն, որ իրենց զաւակներուն լաւ օրինակ ըլլան։ Հայր մը ըսաւ. «Անոնք սպունգի պէս են, որ ամէն բան կը ծծէ»։ Ան աւելցուց. «Անոնք մեզի պիտի ըսե՛ն, երբ չընենք այն բաները, որ իրենց կը սորվեցնենք որ ընեն»։ Ուստի, եթէ կ’ուզենք որ մեր զաւակները Եհովան սիրեն, պէտք է իրեն հանդէպ մեր սէրը զօրաւոր եւ յայտնի ըլլայ։ Ծնողները շատ մը կերպերով կրնան իրենց զաւակներուն սորվեցնել, որ Եհովան սիրեն։ Էնտրու անունով 17 տարեկան եղբայր մը կ’ըսէ. «Ծնողներս միշտ շեշտած են աղօթքին կարեւորութիւնը։ Ամէն իրիկուն հայրս ինծի հետ կ’աղօթէր, նոյնիսկ եթէ արդէն իմ անձնական աղօթքս ըրած էի։. . . Այժմ դիւրաւ կ’աղօթեմ եւ կը զգամ որ Եհովան Հայր մըն է, որ զիս կը սիրէ»։ Ծնողնե՛ր, միշտ յիշեցէք որ Եհովայի հանդէպ ձեր սէրը կրնայ ձեր զաւակներուն օգնել, որ զինք սիրեն։ դ22.05 28 ¶7-8

Կիրակի, փետրուար 11

Մկրտութիւնը հիմա կ’ապրեցնէ [ձեզ] (Ա. Պետ. 3։21)։

Մկրտուելու պատրաստուելու համար, առաջին բաներէն մէկը որ պէտք է ընես, մեղքերուդ համար իրապէս զղջալն է (Գործք 2։37, 38)։ Երբ իրապէս կը զղջաս, պիտի կարենաս իրական փոփոխութիւններ ընել։ Օրինակ, վազ անցա՞ծ ես սովորութիւններէ, որոնց Եհովան չի հաճիր, ինչպէս՝ անբարոյ կեանք ապրիլ, ծխել կամ հայհոյել (Ա. Կոր. 6։9, 10. Բ. Կոր. 7։1. Եփ. 4։29)։ Շարունակէ ջանք ընել, որ անոնցմէ վազ անցնիս։ Քեզի հետ սերտողին հետ խօսէ, կամ ժողովքի երէցներէն խնդրէ որ քեզի օգնեն եւ ուղղեն։ Իսկ եթէ տարիքով պզտիկ ես եւ ծնողքիդ հետ կ’ապրիս, անոնցմէ խնդրէ որ քեզի օգնեն ձգելու որեւէ գէշ սովորութիւն, որ արգելք կ’ըլլայ մկրտութեանդ։ Ասկէ զատ, կարեւոր է որ հոգեւոր լաւ ռութին մը ունենանք։ Այսինքն՝ քրիստոնէական ժողովներուն ներկայ գտնուինք եւ անոնց մասնակցինք (Եբ. 10։24, 25)։ Իսկ երբ որակեալ ըլլանք ծառայելու, ատիկա սովորութիւն դարձնենք։ դ23.03 10-11 ¶14-16

Երկուշաբթի, փետրուար 12

Տէր Աստուած օձին ըսաւ. «Աս ընելուդ համար. . . անիծեալ ըլլաս» (Ծն. 3։14)։

Ծննդոց 3։14, 15–ին մէջ յիշուած են՝ «օձ» մը եւ օձին «սերունդ»ը։ Բառացի օձ մը պիտի չհասկնար այն ինչ որ Եհովան ըսաւ Եդեմի պարտէզին մէջ։ Ուստի ան, որուն նկատմամբ Եհովան դատավճիռ արձակեց, պէտք էր որ մտածող արարած ըլլար։ Եհովան որո՞ւն խօսեցաւ։ Յայտնութիւն 12։9–ն յստակօրէն կը բացատրէ, թէ օձը ո՛վ է, ըսելով որ «առաջուան օձը» Բանսարկու Սատանան է։ Երբ Աստուածաշունչը «սերունդ» բառը այլաբանական կերպով կը գործածէ, կ’ակնարկէ անոնց, որոնք իրենց այլաբանական հօր պէս կը մտածեն եւ կը վարուին։ Ուստի, օձին սերունդը կազմուած է հոգեղէն արարածներէ եւ մարդոցմէ, որոնք Սատանային պէս Եհովա Աստուծոյ եւ իր ժողովուրդին կը հակառակին։ Անոնց մէջ կան՝ այն հրեշտակները, որոնք Նոյի օրերուն երկինքը ձգեցին, ինչպէս նաեւ՝ չար մարդիկը, որոնք կը վարուին իրենց հօր՝ Սատանային պէս (Ծն. 6։1, 2. Յովհ. 8։44. Ա. Յովհ. 5։19. Յդ. 6)։ դ22.07 14-15 ¶4-5

Երեքշաբթի, փետրուար 13

Աւելի կարեւոր բաները ընտրեցէք (Փլպ. 1։10, ՆԱ)։

Պօղոս առաքեալ իր եղբայրներն ու քոյրերը շատ կը սիրէր։ Ինք անձամբ դժուարութիւններ ունեցած էր, անոր համար կրնար զգալ իր հաւատակիցներուն հետ, երբ անոնք նեղութիւններէ կ’անցնէին։ Անգամ մը, Պօղոսին դրամը վերջացաւ եւ ան ստիպուեցաւ գործ մը գտնել, որպէսզի իր եւ իր ընկերակիցներուն պէտքերը հոգար (Գործք 20։34)։ Ան արհեստով վրանագործ էր։ Երբ Կորնթոս հասաւ, սկիզբը աշխատեցաւ Ակիւղասի ու Պրիսկիղայի հետ, որոնք նոյնպէս վրանագործ էին։ Ան «ամէն շաբաթ օր» կը քարոզէր հրեաներուն եւ յոյներուն։ Ետքը, երբ Շիղան ու Տիմոթէոսը եկան, «Պօղոսին հոգին եռանդով վառուած ըլլալով», իր անձը ամբողջութեամբ տրամադրեց Խօսքը քարոզելուն (Գործք 18։2-5)։ Պօղոս բնաւ չմոռցաւ իր կեանքին գլխաւոր նպատակը, որ էր՝ Եհովային ծառայել։ Եւ քանի որ Պօղոս ծանր աշխատող էր, կրնա՛ր իր եղբայրներն ու քոյրերը քաջալերել։ Ան իրենց յիշեցուց, որ չձգեն որ կեանքի ճնշումները եւ ընտանիքին պէտքերը հոգալը պատճառ ըլլան անտեսելու «աւելի կարեւոր բաները»,– Եհովայի պաշտամունքին բոլոր երեսակները։ դ22.08 20 ¶3

Չորեքշաբթի, փետրուար 14

Պէտք է որ աւետարանը քարոզուի բոլոր ազգերուն (Մար. 13։10)։

Ներկայիս, Աստուծոյ կամքն է, որ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզուի ամբողջ աշխարհի մէջ (Ա. Տիմ. 2։3, 4)։ Ասիկա Եհովային գործն է եւ այնքա՛ն կարեւոր է, որ ան իր սիրելի Որդին ընտրած է որ զայն առաջնորդէ։ Կրնանք վստահ ըլլալ, թէ որովհետեւ Յիսուս մեզ կ’առաջնորդէ, քարոզչութիւնը վերջը գալէն առաջ պիտի ամբողջանայ՝ ճիշդ ինչպէս որ Եհովան կ’ուզէ (Մատ. 24։14)։ Ասկէ ինչպէ՞ս կրնանք վստահ ըլլալ։ Երկինք համբառնալէ քիչ առաջ, Յիսուս իր հաւատարիմ հետեւորդներէն ոմանց հետ տեսնուեցաւ Գալիլիոյ մէջ՝ լերան մը վրայ։ Ան անոնց ըսաւ. «Ամէն իշխանութիւն ինծի տրուեցաւ երկնքի ու երկրի մէջ»։ Նկատէ թէ ետքը ի՛նչ ըսաւ. «Ուրեմն գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք» (Մատ. 28։18, 19)։ Ուստի, ուրիշ բաներու կողքին, Յիսուսի իշխանութիւն տրուած է, որ քարոզչութիւնը առաջնորդէ։ Եւ Յիսուսի հսկողութեան տակ քարոզչութիւնը պիտի շարունակուէր մինչեւ մեր օրերը։ դ22.07 8 ¶1, 3. 9 ¶4

Հինգշաբթի, փետրուար 15

Ասոր վրայ մի՛ զարմանաք. վասն զի ժամանակ պիտի գայ՝ երբ բոլոր գերեզմաններուն մէջ եղողները անոր ձայնը պիտի լսեն, ու դուրս պիտի գան։ Անոնք որ բարի գործեր են՝ կեանքի յարութեան համար (Յովհ. 5։28, 29)։

Արդարները, որոնք մեռնելէ առաջ լաւ բաներ ըրին, «կեանքի յարութեան» պիտի արժանանան, քանի որ իրենց անունները արդէն գրուած պիտի ըլլան կեանքի գիրքին մէջ։ Ասիկա կը նշանակէ, որ Յովհաննէս 5։29–ի մէջ նշուած բարի գործողներուն յարութիւնը այն նոյն յարութիւնն է, որուն համար Գործք 24։15–ը կը խօսի որպէս արդարներուն յարութիւնը։ Եւ այս հասկացողութիւնը համաձայն է Հռովմայեցիս 6։7–ի խօսքին հետ. «Ան որ մեղքի մեռած է, մեղքէ արդարացած է»։ Երբ այդ արդարները մեռան, Եհովան ներեց իրենց մեղքերը, բայց ան պիտի յիշէ այն բոլոր հաւատքի գործերը, որ ըրին երբ ողջ էին (Եբ. 6։10)։ Անշուշտ, յարութիւն առնող այդ արդարները պէտք է հաւատարիմ մնան, որպէսզի իրենց անունները մնան կեանքի գիրքին մէջ։ դ22.09 18 ¶13, 15

Ուրբաթ, փետրուար 16

[Եհովային] բոլոր գործերը ճշմարտութեամբ են (Սաղ. 33։4)։

Դանիէլ մարգարէն հոյակապ օրինակ է՝ որպէս վստահելի մէկը։ Թէեւ բաբելոնացիները զինք գերի առած էին, բայց ան շուտով լաւ անուն շահեցաւ որպէս մէկը, որուն կարելի էր վստահիլ։ Ետքը, մարդիկ սկսան իրեն ա՛լ աւելի վստահիլ, երբ ան Եհովայի օգնութեամբ բաբելոնացի թագաւոր Նաբուգոդոնոսորի երազները բացատրեց (Դան. 4։20-22, 25)։ Տարիներ ետք, Դանիէլ անգամ մը եւս ցոյց տուաւ իր վստահելի ըլլալը, երբ ճշգրտօրէն բացատրեց այն անհասկնալի խօսքերը, որոնք Բաբելոնի պալատին մէկ պատին վրայ երեւցան (Դան. 5։5, 25-29)։ Իսկ ետքը, մարերու թագաւորն ու իր պաշտօնեաներն ալ նկատեցին, որ Դանիէլի վրայ «գերազանց հոգի կար»։ Անոնք գիտակցեցան, որ Դանիէլ ‘հաւատարիմ էր ու անոր վրայ բնաւ յանցանք մը կամ չարութիւն մը չէր գտնուեր’ (Դան. 6։3, 4)։ Ուրեմն, լաւ կ’ըլլայ որ մենք մեզի հարցնենք. ‘Ճանչցուա՞ծ եմ որպէս մէկը, որուն կարելի է վստահիլ’։ Երբ վստահելի ենք, Եհովային փառք կը բերենք։ դ22.09 8-9 ¶2-4

Շաբաթ, փետրուար 17

Աստուծոյ նմանող եղէք սիրելի զաւակներու պէս (Եփ. 5։1)։

Կ’օգտուինք, երբ ճիշդի ու սխալի վերաբերեալ Եհովայի չափանիշներուն կը հետեւինք։ Կրնա՞ս ըսել ինչո՛ւ։ Երեւակայէ թէ ի՛նչ պիտի ըլլար, եթէ երկրի մը ամէն մէկ քաղաքը ունենար ճամբաներու վերաբերեալ ի՛ր նշաններն ու օրէնքները։ Արդիւնքը ցաւալի պիտի ըլլար։ Եւ եթէ բժիշկներ ու հիւանդապահներ մարդիկը բուժած ատեն չհետեւէին որոշ կանոններու, հիւանդներէն ոմանք թերեւս մեռնէին։ Նոյնպէս, ճիշդի ու սխալի վերաբերեալ Աստուծոյ չափանիշները մեզ կը պաշտպանեն։ Եհովան կ’օրհնէ անոնք, որոնք կը ջանան իր չափանիշներուն համաձայն ապրիլ։ Ան կը խոստանայ. «Արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին» (Սաղ. 37։29)։ Կրնա՞ս երեւակայել, թէ մարդկութիւնը ի՜նչ միացած, խաղաղ եւ երջանիկ պիտի ըլլայ, երբ ամէն մարդ Եհովայի չափանիշներուն հետեւի։ Եհովան կ’ուզէ, որ այդպիսի կեանք վայելես։ Անշուշտ, մեզմէ ամէն մէկը լաւ պատճառներ ունի արդարութիւնը սիրելու։ դ22.08 27-28 ¶6-8

Կիրակի, փետրուար 18

Ամէն բանի մէջ արթո՛ւն կեցիր (Բ. Տիմ. 4։5)։

Երբ դժուարութիւններու մէջ ըլլանք, Եհովային եւ իր կազմակերպութեան հանդէպ մեր հաւատարմութիւնը կը փորձուի։ Ինչպէ՞ս կրնանք դժուարութիւններ յաղթահարել։ Պէտք է ‘արթուն կենանք’, հաւատքի մէջ հաստատ կենալով։ «Արթո՛ւն կենալ» կը նշանակէ հանդարտ մնալ, յստակօրէն մտածել եւ ջանք ընել, որ հարցերը Եհովայի տեսանկիւնէն դիտենք։ Այդպէս ընելով, մեր զգացումները պիտի չիշխեն մեր մտածումներուն վրայ։ Թերեւս կը զգաս, թէ հաւատակից մը,– թերեւս պատասխանատու դիրք ունեցող մէկը,– քեզի հետ գէշ կերպով վարուած է։ Հաւանաբար իր միտքին մէջ չկար քեզ ցաւցնել (Հռով. 3։23. Յակ. 3։2)։ Բայց դուն իր ըրածներէն նեղացար։ Կրնայ ըլլալ որ նոյնիսկ մտածեցիր. ‘Եթէ եղբա՛յր մը ասանկ կ’ընէ, ասիկա իրապէ՞ս Աստուծոյ կազմակերպութիւնն է’։ Սատանան կ’ուզէ, որ ճիշդ այդպէս մտածես (Բ. Կոր. 2։11)։ Այսպիսի ժխտական մտածելակերպ կրնայ պատճառ դառնալ, որ մենք մեզ զատենք Եհովայէն եւ իր կազմակերպութենէն։ Ուրեմն, պէտք է ուշադիր ըլլանք որ չդառնանանք։ դ22.11 20 ¶1, 3. 21 ¶4

Երկուշաբթի, փետրուար 19

Յոյսդ Տիրոջ վրա՛յ դիր (Սաղ. 27։14, ՆԹ)։

Եհովան մեզի յաւիտենական կեանքի հիանալի յոյսը տուած է։ Ոմանք յոյս ունին, որ պիտի ապրին երկինքի մէջ որպէս անմահ հոգեղէն արարածներ (Ա. Կոր. 15։50, 53)։ Սակայն մեր մեծամասնութիւնը կը յուսայ երկրի վրայ յաւիտեան ապրիլ՝ կատարեալ առողջութեամբ եւ ուրախ (Յայտ. 21։3, 4)։ Ասոնցմէ ո՛ր մէկն ալ ըլլայ մեր յոյսը, անիկա մեզի համար արժէքաւոր է։ Մենք վստահ ենք, որ ապագային նկատմամբ մեր յոյսը պիտի իրականանայ, քանի որ Եհովան խոստացած է (Հռով. 15։13)։ Գիտենք, թէ ան ի՛նչ խոստացած է եւ թէ միշտ իր խոստումները կը պահէ (Թւ. 23։19)։ Համոզուած ենք, որ Եհովան ունի թէ՛ փափաքը եւ թէ կարողութիւնը որ իր խոստացածը կատարէ։ Մեր երկնաւոր Հայրը մեզ կը սիրէ եւ կ’ուզէ որ իրեն վստահինք։ Երբ մեր յոյսը զօրաւոր ըլլայ, պիտի կարենանք որեւէ փորձութեան տոկալ եւ ապագան դիմագրաւել քաջութեամբ եւ ուրախութեամբ։ դ22.10 24 ¶1-3

Երեքշաբթի, փետրուար 20

Ասիկա ապստամբ ժողովուրդ մըն է. . . որոնք Տէրոջը օրէնքը լսել չեն ուզեր (Եսա. 30։9)։

Քանի՛ որ հրեաները մերժեցին Եհովային մտիկ ընել, Եսային մարգարէացաւ որ Եհովան թոյլ պիտի տար, որ անոնց վրայ աղէտ գար (Եսա. 30։5, 17. Եր. 25։8-11)։ Եւ այդպէս ալ եղաւ, երբ բաբելոնացիները զանոնք գերութեան տարին։ Սակայն հրեաներուն մէջ հաւատարիմներ կային, եւ Եսային անոնց ըսաւ, որ օր մը Եհովան իրենց նորէն պիտի հաճէր (Եսա. 30։18, 19)։ Իրապէս ալ, Եհովան անոնց գերութեան վերջ դրաւ։ Բայց ատիկա մէկ անգամէն տեղի չունեցաւ։ «Տէրը պիտի սպասէ, որպէս զի ձեզի գթութիւն ընէ» խօսքը ցոյց տուաւ, որ հաւատարիմները ազատուելէ առաջ ժամանակ պիտի անցնէր։ Իրողութիւնը այն է, որ իսրայէլացիները 70 տարի անցուցին Բաբելոնի գերութեան մէջ՝ առաջ որ մնացորդ մը վերադառնայ Երուսաղէմ (Եսա. 10։21. Եր. 29։10)։ Երբ վերադարձան իրենց հայրենիքը, իրենց տխրութիւնը փոխուեցաւ ուրախութեան։ դ22.11 9 ¶4

Չորեքշաբթի, փետրուար 21

Երանի՜ անոնց որ հալածուած են արդարութեան համար (Մատ. 5։10)։

Այսօր կարգ մը երկիրներու մէջ, մեր եղբայրներն ու քոյրերը կը հալածուին, ինչպէս որ առաջին դարուն առաքեալները հալածուեցան Յիսուսի մասին քարոզելնուն համար։ Հրէական բարձրագոյն ատեանին դատաւորները կրկին անգամ անոնց ‘պատուիրեցին որ անգամ մըն ալ Յիսուսին անունով չխօսին’ (Գործք 4։18-20. 5։27, 28, 40)։ Բայց անոնք գիտէին որ աւելի բարձր իշխանութիւն մը իրենց պատուիրած էր, որ ‘ժողովուրդին քարոզեն եւ վկայութիւն տան’ Քրիստոսին մասին (Գործք 10։42)։ Եւ այդպէս, անոնց ներկայացուցիչները՝ Պետրոս եւ Յովհաննէս, քաջաբար յայտարարեցին որ աւելի Աստուծո՛յ պիտի հնազանդին, քան թէ՝ այդ դատաւորներուն, եւ բացէ ի բաց ըսին որ պիտի շարունակեն Յիսուսի մասին խօսիլ (Գործք 5։29)։ Ուղղամիտ մնալնուն համար ծեծուելէն ետք, առաքեալները հրէական բարձրագոյն ատեանէն դուրս ելան, «ուրախանալով որ [Յիսուսին] անուանը համար արժանի եղան անարգուելու», եւ շարունակեցին քարոզել (Գործք 5։41, 42)։ դ22.10 12-13 ¶2-4

Հինգշաբթի, փետրուար 22

Աստուծոյ մօտենալս բարի է ինծի (Սաղ. 73։28)։

Սովորաբար նա՛խ Եհովային մասին հիմնական ուսուցումները կը սորվինք։ Պօղոս առաքեալ՝ եբրայեցիներուն ուղղուած իր նամակին մէջ, ասոնք կոչեց «առաջին սկզբունքներ» եւ «նախնական սորվելիքներ»։ Բայց իր նպատակը չէր անոնց արժէքը իջեցնել, հապա անոնք կը համեմատէր կաթին հետ, որ նորածինին սնունդ կու տայ (Եբ. 5։12. 6։1)։ Բայց ան նաեւ բոլոր քրիստոնեաները քաջալերեց, որ այս հիմնական ուսուցումներէն զատ Աստուծոյ Խօսքին խորունկ ճշմարտութիւնները սորվին։ Աստուածաշունչի աւելի խորունկ ուսուցումներուն հանդէպ ախորժակդ լա՞ւ է։ Կ’ուզե՞ս աւելի աճիլ եւ շարունակել Եհովային եւ իր նպատակներուն մասին աւելի սորվիլ։ Բայց մեզմէ շատերուն համար դժուար է սերտել։ Քեզի համար ալ դժուա՞ր է։ Օրինակ, դպրոցը քեզի սորվեցուցի՞ն լաւ կարդալ եւ սերտողութիւն ընել։ Քեզի համար հաճելի՞ էր սերտելը, եւ զգացի՞ր որ շատ բան սորվեցար։ Թէ ոչ զգացիր որ սերտելու մէջ լաւ չես։ Այդ պարագային դուն մինակ չես։ Ուրիշներ ալ քեզի պէս կը զգան։ Բայց Եհովան կրնայ քեզի օգնել, քանի որ ան կատարեալ եւ լաւագոյն Ուսուցիչն է։ դ23.03 9-10 ¶8-10

Ուրբաթ, փետրուար 23

Հեզութեամբ ընդունեցէք ձեր մէջ սերմանուած խօսքը, որ կրնայ ձեր հոգիները փրկել (Յակ. 1։21)։

Եթէ քննադատող եւ հպարտ չըլլանք, այն ատեն է որ Աստուածաշունչին դասերը՝ ողորմութեան, կարեկցութեան եւ սիրոյ մասին, մեզ պիտի կաղապարեն։ Ուրիշներուն հետ մեր վարուելակերպը կրնայ ցոյց տալ, եթէ կը ձգենք որ Աստուծոյ Խօսքը մեզ կաղապարէ։ Փարիսեցիները թոյլ չտուին որ Աստուծոյ Խօսքը իրենց սրտին հասնի։ Անոր համար, անոնք ‘անպարտները դատապարտեցին’ (Մատ. 12։7)։ Նոյնն ալ կրնայ պատահիլ մեզի։ Անոր համար, լաւ կ’ըլլայ որ մենք մեզի այս հարցումները հարցնենք. օրինակ՝ ‘արա՞գ եմ ուրիշներուն լաւ կէտերը իրենց ըսելու մէջ, թէ ոչ արագ եմ անոնց տկար կէտերը անոնց աչքին դնելու մէջ։ Ուրիշներուն կ’ողորմի՞մ եւ պատրա՞ստ եմ ներելու, թէ ոչ քննադատական հոգի ունիմ եւ ոխ կը պահեմ’։ Երբ այսպէս մենք մեզ քննենք, մէջտեղ պիտի ելլէ թէ իրապէս կը ձգե՞նք որ մեր կարդացածը մեր մտածումներուն, զգացումներուն եւ արարքներուն ազդէ (Ա. Տիմ. 4։12, 15. Եբ. 4։12)։ դ23.02 12-13 ¶13-14

Շաբաթ, փետրուար 24

Ես քու Տէր Աստուածդ եմ, որ քու աջ ձեռքէդ կը բռնեմ ու քեզի կ’ըսեմ. «Մի՛ վախնար, ես քեզի պիտի օգնեմ» (Եսա. 41։13)։

Նկատի առ արիմաթացի Յովսէփին օրինակը։ Հրեաները զինք շատ կը յարգէին։ Ան Սենետրիոնի՝ հրէական Գերագոյն ատեանին մէկ անդամն էր։ Բայց ան Յիսուսի երկրային ծառայութեան ընթացքին բնա՛ւ քաջ չէր։ Յովհաննէս ըսաւ որ ան Յիսուսին աշակերտն էր, «բայց գաղտուկ՝ Հրեաներուն վախէն» (Յովհ. 19։38)։ Յովսէփ Թագաւորութեան պատգամով հետաքրքրուած էր, բայց ուրիշներէն գաղտնի կը պահէր որ Յիսուսին կը հաւատար։ Վստահաբար, ան կը վախնար որ ընկերութեան մէջ իր բարձր դիրքը կրնար կորսնցնել։ Պարագան ի՛նչ որ ալ ըլլար, Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ Յիսուսի մեռնելէն ետք, Յովսէփ վերջապէս «համարձակելով՝ Պիղատոսին քով մտաւ եւ Յիսուսին մարմինը խնդրեց» (Մար. 15։42, 43)։ Յովսէփ այլեւս չէր փորձեր ուրիշներէն պահել որ ինք Յիսուսին աշակերտն էր։ Դուն ալ Յովսէփին պէս մարդու վախ ունի՞ս։ դ23.01 30 ¶13-14

Կիրակի, փետրուար 25

Երանի՜ քու մարդոցդ, երանի՜ այս քու ծառաներուդ՝ որոնք միշտ քու առջեւդ կենալով՝ քու իմաստութիւնդ կը լսեն (Գ. Թագ. 10։8)։

Սաբայի թագուհին լսեց այն խաղաղութեան եւ առատութեան մասին, որ իսրայէլ ազգը կը վայելէր Սողոմոն թագաւորին իշխանութեան տակ։ Ան շատ հեռաւոր վայրէ մը ճամբորդած էր դէպի Երուսաղէմ, որպէսզի անձամբ համոզուէր որ ինչ որ լսած էր ճիշդ էր (Գ. Թագ. 10։1)։ Երկրին վիճակը տեսնելէ ետք, ան այսօրուան խօսքը ըսաւ։ Բայց Սողոմոնի իշխանութեան ներքեւ տիրած պայմանները միայն պզտիկ գաղափար մը կու տան, թէ Եհովան մարդկութեան համար ի՛նչ պիտի ընէ իր Որդիին՝ Յիսուսին իշխանութեան ներքեւ։ Յիսուս Սողոմոնէն ամէն առումով շա՜տ աւելի լաւ է։ Սողոմոն անկատար էր եւ լուրջ սխալներ ըրաւ, որոնց պատճառով Աստուծոյ ժողովուրդը մեծ դժուարութիւններու առջեւ գտնուեցաւ։ Անոր հակառակը, Յիսուս կատարեալ Կառավարիչ մըն է, որ բնա՛ւ չի սխալիր (Ղուկ. 1։32. Եբ. 4։14, 15)։ Ան փաստած է որ բնա՛ւ մեղք պիտի չգործէ կամ պիտի չընէ բան մը, որ իր հաւատարիմ հպատակներուն կը վնասէ։ Անոր համար, պատիւ է այդպիսի Թագաւոր ունենալ։ դ22.12 11 ¶9-10

Երկուշաբթի, փետրուար 26

Ձեր առաջնորդներուն մտիկ ըրէ՛ք ու անոնց հնազանդեցէ՛ք, վասն զի անոնք ձեր հոգիներուն համար կը հսկեն (Եբ. 13։17)։

Ի՞նչ պէտք է ընենք, եթէ մեր ապրած շրջանին մէջ համաճարակ մը տարածուի։ Պէտք է հնազանդինք օրէնքներուն, ինչպէս՝ մեր ձեռքերը լաւ լուալ, հեռաւորութիւն պահել, դիմակ դնել եւ վարակուելու պարագային տունէն դուրս չելլել։ Այս մարզերուն մէջ մեր հնազանդութիւնը ցոյց կու տայ, որ մեծապէս կը գնահատենք Աստուծոյ տուած կեանքի նուէրը։ Անակնկալ դէպքերու պարագային, սխալ տեղեկութիւններ կրնան տարածուիլ բարեկամներու, դրացիներու եւ լրատուամիջոցներու միջոցաւ։ Փոխանակ մեր լսած «ամէն խօսքի» հաւատալու, լաւ կ’ըլլայ որ կառավարական եւ բժշկական ամենավստահելի աղբիւրներուն դիմենք (Առ. 14։15)։ Կառավարիչ մարմինը եւ մասնաճիւղերը շա՛տ ջանք կը թափեն, որ ճիշդ տեղեկութիւններ գիտնան, առա՛ջ որ ժողովներու եւ քարոզչութեան նկատմամբ ուղղութիւններ տան։ Անոնց հետ համագործակցելով՝ թէ՛ մենք մեզ կը պաշտպանենք եւ թէ ուրիշները։ Նաեւ շրջանին մէջ ժողովքին համբաւը լաւ կերպով կ’ազդուի (Ա. Պետ. 2։12)։ դ23.02 23 ¶11-12

Երեքշաբթի, փետրուար 27

Լսելով [սորվեցէք] վախնալ Տէրոջմէն՝ ձեր Աստուծմէն (Բ. Օր. 31։13, ԱԾ)։

Երբ իսրայէլացիները աւետեաց երկիրը մտան, անոնք տարբեր շրջաններու մէջ տարածուեցան։ Անոր համար, շատ դիւրին էր որ մէկ շրջանի մէջ ապրող իսրայէլացիներ սկսէին չհետաքրքրուիլ ուրիշ շրջաններու մէջ ապրող իսրայէլացիներով։ Բայց Եհովան կարգադրութիւն ըրաւ, որ անոնք քանի մը առիթներով իրարու հետ հաւաքուին իր Խօսքը եւ անոր բացատրութիւնը լսելու համար (Բ. Օր. 31։10-12. Նէ. 8։2, 8, 18)։ Պահ մը երեւակայէ որ հաւատարիմ իսրայէլացի մը ի՛նչ կը զգար, երբ Երուսաղէմ կը հասնէր եւ կը տեսնէր միլիոնաւոր ուրիշ հաւատակիցներ, որոնք երկրին չորս կողմէն եկած էին։ Ասանկով Եհովան միացուց իր ժողովուրդը։ Դարեր ետք, երբ քրիստոնէական ժողովքը կազմուեցաւ, անոր մէջ կային տղամարդիկ ու կիներ, որոնք տարբեր լեզուներ կը խօսէին։ Բայց անոնք միութեամբ կը պաշտէին ճշմարիտ Աստուածը։ Եւ որպէսզի նոր հաւատացեալները Աստուծոյ Խօսքը հասկնային, պէտք էր իրենց հաւատակիցներուն հետ մէկտեղ հաւաքուէին (Գործք 2։42. 8։30, 31)։ դ23.02 3 ¶7

Չորեքշաբթի, փետրուար 28

Այս է յաւիտենական կեանքը (Յովհ. 17։3)։

Եհովան կը խոստանայ, որ անոնք որոնք իրեն կը հնազանդին «յաւիտենական կեանք» պիտի ունենան (Հռով. 6։23)։ Երբ այդ խոստումին վրայ խոկանք, Եհովայի հանդէպ մեր սէրը կ’աւելնայ։ Պահ մը մտածէ. ան մեզ այնքա՛ն կը սիրէ, որ իրմէ բնաւ պիտի չզատուինք։ Յաւիտեան ապրելու խոստումը մեզի կ’օգնէ, որ հիմա մեր փորձութիւններուն տոկանք։ Նոյնիսկ երբ մեր թշնամիները սպառնան որ մեզ պիտի մեռցնեն, մենք Եհովային ծառայելէ պիտի չդադրինք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ եթէ իրեն հաւատարիմ մնանք մինչեւ մահ, ան մեզի յարութիւն պիտի տայ եւ անկէ ետք՝ նորէն պիտի չմեռնինք (Յովհ. 5։28, 29. Ա. Կոր. 15։55-58. Եբ. 2։15)։ Գիտենք որ Եհովան կրնայ մեզ յաւիտեան ապրեցնել, քանի որ ինք կեանքի Աղբիւրն է եւ յաւիտեան կ’ապրի (Սաղ. 36։9)։ Սուրբ Գիրքը կը հաստատէ որ Ան միշտ եղած է եւ միշտ պիտի ըլլայ (Սաղ. 90։2. 102։12, 24, 27)։ դ22.12 2 ¶1-3

Հինգշաբթի, փետրուար 29

Ո՞վ պիտի զատէ մեզ Քրիստոսին սէրէն. տառապա՞նքը, կամ նեղութի՞ւնը, կամ հալածա՞նքը (Հռով. 8։35)։

Որպէս Եհովայի ծառաները, մենք չենք զարմանար, երբ փորձութիւններ կ’ունենանք։ Գիտենք որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ, թէ ‘շատ նեղութիւն կրելով կրնանք Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնել’ (Գործք 14։21)։ Նաեւ գիտենք որ մեր խնդիրները լիովին պիտի չլուծուին, մինչեւ որ նոր աշխարհին մէջ ապրինք, ուր «ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ» (Յայտ. 21։4)։ Եհովան մեզ փորձութիւններէ չի պաշտպաներ։ Բայց կ’օգնէ որ անոնց տոկանք։ Տե՛ս թէ Պօղոս առաքեալ ի՛նչ ըսաւ Հռոմի մէջ ապրող քրիստոնեաներուն։ Ան նա՛խ ըսաւ, թէ ինք եւ ուրիշ եղբայրներ ի՛նչ փորձութիւններէ կ’անցնէին։ Ետքը գրեց. «Այս ամէն բաներուն մէջ ա՛լ աւելի յաղթող կ’ըլլանք անո՛վ, որ մեզ սիրեց» (Հռով. 8։36-37)։ Ասիկա ցոյց կու տայ, որ Եհովան կրնա՛յ քեզի յաջողութիւն տալ, նոյնիսկ երբ փորձութիւնը դեռ կը շարունակուի։ դ23.01 14 ¶1-2

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել