Յունուար
Երկուշաբթի, յունուար 1
Ձեզի ղրկեցի Տիմոթէոսը, որ իմ սիրելի որդիս է ու Տէրոջմով հաւատարիմ (Ա. Կոր. 4։17)։
Ի՞նչը ձգեց, որ Եհովան Տիմոթէոսը շատ գործածէ։ Անոր հիանալի յատկութիւնները (Փլպ. 2։19-22)։ Պօղոս առաքեալ Տիմոթէոսը նկարագրեց որպէս խոնարհ, հաւատարիմ, աշխատասէր եւ վստահելի մէկը։ Ան եղբայրներով ու քոյրերով խորապէս հետաքրքրուած էր։ Անոր համար, Պօղոս զինք կը սիրէր եւ իրեն ծանր պատասխանատուութիւններ կը վստահէր։ Նոյնպէս, Եհովան մեզ աւելի պիտի սիրէ եւ ժողովքին աւելի օգտակար պիտի ըլլանք, երբ իր սիրած յատկութիւնները մշակենք (Սաղ. 25։9. 138։6)։ Ուստի, աղօթքով նկատի առ թէ անձնաւորութեանդ մէջ ի՛նչ բան կ’ուզես բարելաւել։ Ընտրէ մասնայատուկ յատկութիւն մը, որուն վրայ կ’ուզես աշխատիլ։ Թերեւս որոշես ջանալ աւելի կարեկից ըլլալ։ Կամ թերեւս պէտք զգաս, որ աւելի խաղաղարար եւ ներող ըլլաս։ Նաեւ, կրնաս վստահելի բարեկամէ մը խնդրել, որ առաջարկէ կերպեր, որոնցմով կրնաս բարելաւուիլ (Առ. 27։6)։ դ22.04 23 ¶4-5
Երեքշաբթի, յունուար 2
Ամէն մարդ իր գործը թող կշռէ (Գաղ. 6։4)։
Եհովան կ’ուզէ, որ ուրախ ըլլանք։ Ասիկա գիտենք, քանի որ ուրախութիւնը իր սուրբ հոգիին պտուղին երեսակներէն մէկն է (Գաղ. 5։22)։ Եւ որովհետեւ տալը աւելի կ’ուրախացնէ քան առնելը, մենք խորապէս ուրախ կը զգանք՝ ծառայութեան լիովին մասնակցելով եւ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն շատ մը կերպերով օգնելով (Գործք 20։35)։ Այս օրուան համարին մէջ, Պօղոս առաքեալ կը յիշէ երկու կէտեր, որոնք մեզի պիտի օգնեն, որ ուրախ մնանք։ Առաջին, մեր նպատակը պէտք է ըլլայ՝ Եհովային մե՛ր լաւագոյնը տալ։ Եթէ այդպէս կ’ընենք, պէտք է ուրախ ըլլանք (Մատ. 22։36-38)։ Երկրորդ, պէտք չէ մենք մեզ ուրիշներու հետ բաղդատենք։ Ի՛նչ որ ալ կրնանք ընել մեր առողջութեան, մարզումին կամ ձիրքերուն պատճառով, պէտք է Եհովայէն շնորհակալ ըլլանք։ Միւս կողմէ, եթէ ուրիշներ ծառայութեան որոշ երեսակի մը մէջ մեզմէ աւելի ազդու են, պէտք է ուրախանանք, քանի որ անոնք իրենց ձիրքերը կը գործածեն Եհովան փառաբանելու համար։ դ22.04 10 ¶1-2
Չորեքշաբթի, յունուար 3
Ձեր փրկութիւնը մօտ է (Ղուկ. 21։28)։
Սուտ կրօնքը յանկարծ պիտի կործանուի, ինչ որ աշխարհը անակնկալի պիտի բերէ (Յայտ. 18։8-10)։ Մեծ Բաբելոնի կործանումը մեծապէս պիտի ազդէ ամբողջ աշխարհին եւ կրնայ նեղութիւններ պատճառել, բայց Աստուծոյ ժողովուրդը առնուազն երկու պատճառ պիտի ունենայ ուրախանալու։ Սուտ կրօնքը, որ երկար ատենէ ի վեր Եհովա Աստուծոյ թշնամին եղած է, այլեւս գոյութիւն պիտի չունենայ եւ մենք շուտով պիտի ազատինք այս չար աշխարհէն։ Դանիէլ մարգարէացաւ, թէ ճշմարիտ ‘գիտութիւնը պիտի շատնար’։ Այդպէս ալ եղած է։ Հիմա, մեր ժամանակուան մասին եղող մարգարէութիւններ կը հասկնանք (Դան. 12։4, 9, 10)։ Այս մարգարէութիւնները այնպիսի ճշդութեամբ կը կատարուին, որ մենք կը հիանանք Եհովայով եւ իր ներշնչեալ Խօսքով (Եսա. 46։10. 55։11)։ Ուստի, շարունակէ հաւատքդ զօրացնել՝ Աստուածաշունչը ուշադրութեամբ սերտելով եւ ուրիշներուն օգնելով, որ Եհովային հետ մտերիմ փոխյարաբերութիւն ունենան։ Եհովան պիտի պաշտպանէ անոնք, որոնք լիովին իրեն կը վստահին, եւ անոնց «կատարեալ խաղաղութիւն» պիտի տայ (Եսա. 26։3)։ դ22.07 7 ¶16-17
Հինգշաբթի, յունուար 4
Զանոնք տեղ մը հաւաքեցին, որ Եբրայեցերէն Արմագեդոն կը կոչուի (Յայտ. 16։16)։
Յայտնութիւն գիրքը կը յայտնէ, թէ Աստուծոյ երկնային Թագաւորութիւնը հաստատուած է եւ թէ Սատանան երկինքէն վռնտուած է (Յայտ. 12։1-9)։ Ասիկա բերաւ խաղաղութիւն երկինքի մէջ, բայց երկրի վրայ՝ խնդիրներ մեզի։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Սատանան բարկացած է ու կը յարձակի անոնց վրայ, որոնք Եհովային հաւատարմօրէն կը ծառայեն (Յայտ. 12։12, 15, 17)։ Ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել, որ անխախտ մնանք Սատանայի յարձակումներուն դիմաց (Յայտ. 13։10)։ Գիտնալը, թէ ապագային ի՛նչ պիտի պատահի։ Օրինակ, Յայտնութիւն գրքին մէջ Յովհաննէս առաքեալ կը նկարագրէ կարգ մը օրհնութիւններ, որոնք մօտ ատենէն պիտի վայելենք։ Այդ օրհնութիւններէն մէկն է՝ Աստուծոյ թշնամիներուն կործանումը։ Սկիզբէն իսկ Յայտնութիւն գիրքը մեզի կ’ըսէ, որ իր տեղեկութիւնները ներկայացուած են «խորհրդանշաններով», այսինքն՝ այլաբանական լեզուով (Յայտ. 1։1, ՆԱ)։ դ22.05 8 ¶1-3
Ուրբաթ, յունուար 5
Վերջին օրերը. . . քեզ իմ երկրիս վրայ պիտի բերեմ, որպէս զի ազգերը զիս ճանչնան, երբ ես անոնց աչքերուն առջեւ քեզմով փառաւորուիմ, ո՛վ Գոգ (Եզեկ. 38։16)։
Եհովայի ծառաներուն հաւատարիմ մնալը հակառակորդները շատ պիտի բարկացնէ, ինչ որ պատճառ պիտի ըլլայ որ աշխարհի կառավարութիւններու միութիւն մը Աստուծոյ բոլոր ծառաներուն վրայ յարձակի։ Այս խիստ յարձակումին մասին մարգարէացուած է որպէս Մագոգի Գոգին յարձակումը (Եզեկ. 38։14, 15)։ Եհովան ինչպէ՞ս պիտի հակազդէ այս խիստ յարձակումին։ Ան մեզի կ’ըսէ. «Իմ սրտմտութիւնս երեսս պիտի ելլէ» (Եզեկ. 38։18, 21-23)։ Ետքը, ըստ Յայտնութիւն գրքին 19–րդ գլուխին, Եհովան կը ղրկէ իր Որդին, որպէսզի Իր ժողովուրդը պաշտպանէ ու անոնց թշնամիները կործանէ։ Յիսուսին ետեւէն պիտի երթան «երկնքի մէջ եղող զօրքերը»,– հաւատարիմ հրեշտակները եւ 144,000–ը (Յայտ. 17։14. 19։11-15)։ Այս պատերազմը վերջ պիտի գտնէ՝ Եհովայի հակառակող բոլոր մարդոց ու կազմակերպութիւններուն լման կործանումով (Յայտ. 19։19-21)։ դ22.05 17 ¶9-10
Շաբաթ, յունուար 6
Քու ու կնոջ մէջտեղ. . . թշնամութիւն պիտի դնեմ (Ծն. 3։15)։
Ադամն ու Եւան մեղք գործելէն ետք, Եհովան շուտով իրենց սերունդին յոյս տուաւ՝ կարեւոր մարգարէութեան մը միջոցաւ։ Այն ինչ որ Եհովան ըսաւ, գրուած է Ծննդոց 3։15–ին մէջ. «Քու ու կնոջ մէջտեղ, քու սերունդիդ ու անոր սերունդին մէջտեղ թշնամութիւն պիտի դնեմ։ Ան քու գլուխդ պիտի ջախջախէ եւ դուն անոր գարշապարը պիտի խայթես»։ Այս մարգարէութիւնը կը յիշուի Աստուածաշունչի առաջին գիրքին մէջ, բայց միւս բոլոր գիրքերը կերպով մը անոր հետ կապ ունին։ Ճիշդ ինչպէս որ խէժը գիրքի մը բոլոր էջերը իրարու կը միացնէ, նոյնպէս Ծննդոց 3։15–ի խօսքը Աստուածաշունչի բոլոր գիրքերը իրարու կը միացնէ մէկ պատգամով։ Այդ պատգամը այն է, որ Ազատարար մը պիտի ղրկուէր՝ կործանելու համար Սատանան եւ անոր բոլոր չար հետեւորդները։ Ատիկա ի՜նչ մեծ օրհնութիւն պիտի ըլլայ անոնց համար, որոնք Եհովան կը սիրեն։ Աստուածաշունչը սերտելով պիտի տեսնենք, թէ այդ մարգարէութիւնը ինչպէ՛ս կը կատարուի եւ թէ ինչպէ՛ս կրնանք անկէ օգտուիլ։ դ22.07 14 ¶1-3
Կիրակի, յունուար 7
Իմաստութիւնը Տէրը կու տայ (Առ. 2։6)։
Եհովայէն խնդրէ այն իմաստութիւնը, որուն պէտք ունիս, որպէսզի զաւակներուդ օգնես իրեն հանդէպ սէր մշակելու (Յակ. 1։5)։ Ան խրատ տալու համար լաւագոյն Անձն է։ Ինչո՞ւ։ Նկատի առ երկու պատճառ։ Առաջին, Եհովան ամենաշատ փորձառութիւնը ունի որպէս ծնող (Սաղ. 36։9)։ Իսկ երկրորդ, իր տուած իմաստուն խրատը միշտ օգուտներ կը բերէ (Եսա. 48։17)։ Եհովան իր Խօսքին եւ կազմակերպութեան միջոցաւ առատ հոգեւոր սնունդ կը հայթայթէ քեզի, որպէսզի զաւակներդ այնպէս մը մեծցնես, որ զինք սիրեն (Մատ. 24։45)։ Օրինակ, շատ մը գործնական խրատներ կրնաս գտնել «Օգնութիւն ընտանիքներուն» յօդուածաշարքին մէջ, որ քանի մը տարի լոյս տեսաւ Զարթի՛ր պարբերաթերթին մէջ (արաբ.), եւ հիմա կը գտնուի մեր կայքին վրայ։ Նաեւ, jw.org կայքին վրայ բազմաթիւ վիտէօներ կան, որոնք կրնան ծնողներուն օգնել, որ Եհովայի խրատները գործադրեն, մինչ իրենց զաւակները կը մեծցնեն (Առ. 2։4, 5)։ դ22.05 27 ¶4-5
Երկուշաբթի, յունուար 8
Ո՛վ Տէր, եթէ անօրէնութիւնները յիշելու ըլլաս, Տէ՛ր, ո՞վ կրնայ կենալ (Սաղ. 130։3)։
Եհովան իրապէս տիեզերքին մէջ մեծագոյն Ներողն է։ Առաջին, ան միշտ պատրաստ է ներելու։ Երկրորդ, ան մեր մասին ամէն բան գիտէ։ Ան մեր կազմուածքը շատ լաւ գիտէ եւ դիւրաւ կրնայ գիտնալ, թէ իրապէս զղջացա՛ծ ենք կամ ոչ։ Եւ երրորդ, երբ Եհովան կը ներէ, բոլորովին նոր էջ կը բանայ։ Ասիկա կը ձգէ որ մաքուր խիղճ ունենանք եւ իր հաճութիւնը վայելենք։ Անշուշտ, այնքան ատեն որ անկատար ենք, պիտի շարունակենք մեղանչել։ Սակայն, կրնանք մխիթարուիլ հետեւեալ խօսքերով, որոնք յիշուած են Խորաթափանց ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն վրայ, հատոր Բ., էջ 771–ի մէջ (անգլ.). «Որովհետեւ Եհովան ողորմութեամբ նկատի կ’առնէ իր ծառաներուն մարմնաւոր տկարութիւնները, անոնք պէտք չունին յարատեւ ցաւ զգալու ժառանգուած անկատարութեան պատճառաւ իրենց գործած մեղքերուն համար (Սաղ. 103։8-14. 130։3)։ Եթէ անոնք խղճմտօրէն Աստուծոյ ճամբաներուն մէջ կը քալեն, կրնան ուրախ ըլլալ» (Փլպ. 4։4-6. Ա. Յովհ. 3։19-22)։ դ22.06 7 ¶18-19
Երեքշաբթի, յունուար 9
Իմ անուանս համար թագաւորներու ու կուսակալներու առջեւ պիտի տարուիք (Ղուկ. 21։12)։
Կառավարական հակառակութեան վախը միակ զէնքը չէ որ Սատանան կը գործածէ։ Ոմանք կը վախնան, որ իրենց ընտանիքի անդամները ի՛նչ պիտի ըսեն, երբ իրենք Վկայ դառնան։ Ատեններ, անոնք ասկէ աւելի՛ կը վախնան քան՝ ծեծ ուտելէ։ Անոնք իրենց ազգականները շատ կը սիրեն եւ կ’ուզեն, որ անոնք ալ Եհովան ճանչնան ու սիրեն։ Անոնք կը տխրին երբ կը լսեն, թէ իրենց ազգականները ինչպէ՛ս ճշմարիտ Աստուծոյ եւ իր ծառաներուն մասին անարգանքով կը խօսին։ Սակայն, կարգ մը պարագաներու, հակառակող ազգականներէն ոմանք ճշմարտութեան եկած են։ Բայց ինչպէ՞ս պիտի հակազդենք, եթէ մեր հաւատալիքներուն պատճառաւ ընտանիքի անդամները ամէն կապ կտրեն մեզի հետ։ Կրնանք մխիթարուիլ այն գեղեցիկ խօսքով, որ արձանագրուած է Սաղմոս 27։10–ին մէջ։ Երբ կը յիշենք, թէ Եհովան մեզ որքա՜ն կը սիրէ, չենք վախնար ի՛նչ որ ալ պատահի, նոյնիսկ եթէ մեր ընտանիքը մեզ մերժէ։ Վստահ ենք որ Ան մեզ պիտի վարձատրէ մեր տոկալուն համար։ Եհովան շա՜տ աւելի լաւ հոգ պիտի տանի մեր ֆիզիքական, զգացական եւ հոգեւոր պէտքերուն, քան ոեւէ մէկը։ դ22.06 16-17 ¶11-13
Չորեքշաբթի, յունուար 10
Քրիստոս ալ ձեզի համար չարչարուեցաւ ու ձեզի օրինակ թողուց՝ որպէս զի իր շաւիղներուն հետեւիք (Ա. Պետ. 2։21)։
Յիսուսի ծառայութեան ընթացքին, իր մասին ըսին որ գինեմոլ է, շատակեր է, Սատանայի ուժով դեւեր կը հանէ, Շաբաթի օրէնքը կը կտրէ եւ նոյնիսկ Աստուծոյ կը հայհոյէ (Մատ. 11։19. 26։65. Ղուկ. 11։15. Յովհ. 9։16)։ Բայց Յիսուս բարկանալով չպատասխանեց։ Իրեն պէս, բնա՛ւ բարկանալով չպատասխանենք, երբ մեզի հետ կոշտութեամբ կը խօսին (Ա. Պետ. 2։22, 23)։ Անշուշտ, այսպիսի ինքնազսպում ցոյց տալը դիւրին չէ (Յակ. 3։2)։ Ի՞նչը կրնայ օգնել։ Փորձէ չկեդրոնանալ տանտէրին ժխտական խօսքերուն վրայ։ Սէմ անունով եղբայր մը կ’ըսէ. «Կը ջանամ մտածել, թէ անհատը որքա՜ն պէտք ունի, որ Աստուծոյ մասին ճշմարտութիւնը լսէ, եւ ի մտի կ’ունենամ թէ ան կրնա՛յ փոխուիլ»։ Երբեմն տանտէրը կը բարկանայ, պարզապէս քանի որ անյարմար ժամանակին եկանք։ Այսպիսի պարագաներու, կրնանք կարճ աղօթքով Եհովայէն խնդրել, որ մեզի օգնէ որ հանդարտ մնանք ու որեւէ անյարգալից բան չըսենք։ դ22.04 6 ¶8-9
Հինգշաբթի, յունուար 11
Աստուծոյ մօտեցէ՛ք (Յակ. 4։8)։
Ծնողները իրենց պզտիկներուն կ’օգնեն որ Եհովային մօտենան՝ անոնց հետ Սուրբ Գիրքը սերտելով։ Ասիկա կարեւոր կերպ է (Բ. Տիմ. 3։14-17)։ Բայց Սուրբ Գիրքը ցոյց կու տայ, որ անոնք ասիկա ուրիշ կերպով մըն ալ կրնան ընել։ Առակաց գիրքին մէջ, հայր մը իր տղուն կը յիշեցնէ որ չմոռնայ Եհովային յատկութիւնները, որոնք կ’երեւին ստեղծագործութեան մէջ (Առ. 3։19-21)։ Ո՛վ ծնողներ, շատ հաւանաբար կը սիրէք ձեր պզտիկներուն հետ դուրսը ժամանակ անցընել։ Այդ ժամանակը գործածեցէք, որ անոնց օգնէք որ տեսնեն թէ ի՛նչ կապ կայ «ստեղծուածներ»ուն եւ Եհովային հոյակապ յատկութիւններուն միջեւ (Հռով. 1։20)։ Նկատի առ որ Յիսուս ինչպէ՛ս ստեղծագործութեան միջոցաւ սորվեցուց։ Առիթով մը, իր աշակերտներուն ըսաւ որ ագռաւներուն եւ շուշաններուն նային (Ղուկ. 12։24, 27-30)։ Ան իր աշակերտներուն կարեւոր դաս մը սորվեցուց իրենց երկնաւոր Հօր առատաձեռնութեան եւ քաղցրութեան մասին. Եհովան իր հաւատարիմ ծառաները պիտի կերակրէ եւ հագուեցնէ, ճիշդ ինչպէս որ ագռաւները կը կերակրէ եւ դաշտի շուշանները կը հագուեցնէ։ դ23.03 20-21 ¶1-4
Ուրբաթ, յունուար 12
Իմ անունովս ի՛նչ որ խնդրէք, պիտի կատարեմ զանիկա, որպէս զի Հայրը Որդիովը փառաւորուի (Յովհ. 14։13)։
Եհովայէն շնորհակալ ենք, որ կրնանք իրեն աղօթել իր Որդիին միջոցաւ։ Եհովան Յիսուսը կը գործածէ, որ մեր խնդրանքները կատարէ։ Ան մտիկ կ’ընէ եւ կը պատասխանէ այն աղօթքներուն, որոնք Յիսուսի անունով կ’ըսուին եւ մեր մեղքերը կը ներէ Յիսուսի զոհին հիման վրայ (Հռով. 5։1)։ Սուրբ Գրութիւնները Յիսուսը կը նկարագրեն որպէս մեր ‘քահանայապետը, որ երկինքը Աստուծոյ մեծութեանը աթոռին աջ կողմը նստած է’ (Եբ. 8։1)։ Յիսուս «Հօրը քով [մեր] բարեխօս»ն է (Ա. Յովհ. 2։1)։ Որքա՜ն շնորհակալ ենք Եհովայէն, որ մեզի տուած է կարեկից Քահանայապետ մը, որ մեզ կը հասկնայ եւ «մեզի համար բարեխօսութիւն կ’ընէ» (Հռով. 8։34. Եբ. 4։15)։ Առանց Յիսուսի զոհին պիտի չկարենայինք Եհովային աղօթել։ Անկասկած, կը համաձայնիս, որ խօսքերը չեն բաւեր որ արտայայտենք թէ որչա՜փ շնորհակալ ենք այն թանկագին նուէրին համար, որ Եհովան մեզի տուած է. իր սիրելի Որդին։ դ22.07 23 ¶10-12
Շաբաթ, յունուար 13
Հաւատարիմ հոգի ունեցողը բանը կը ծածկէ (Առ. 11։13)։
Այն անձը որ հաւատարիմ է, այսինքն՝ վստահելի է, ջանք կ’ընէ որ իր խոստումները պահէ եւ ճշմարտութիւնը խօսի (Սաղ. 15։4)։ Մարդիկ գիտեն որ կրնան իրեն վստահիլ։ Մենք կ’ուզենք որ մեր եղբայրներն ու քոյրերը մեզ այդ աչքով դիտեն։ Չենք կրնար ուրիշները ստիպել որ մեզի վստահին։ Անոնց վստահութիւնը պէտք է շահինք։ Կ’ըսեն որ վստահութիւնը դրամի կը նմանի. շահիլը դժուար է, իսկ կորսնցնելը՝ դիւրին։ Եհովան մեր վստահութիւնը շահած է։ «Անոր բոլոր գործերը ճշմարտութեամբ են» (Սաղ. 33։4)։ Եւ ան կը սպասէ, որ զինք ընդօրինակենք (Եփ. 5։1)։ Շա՜տ շնորհակալ ենք, որ Եհովան մեզ քաշած է եղբայրութեան մը, որ կազմուած է սիրալիր ու վստահելի անձերէ։ Մենք բոլորս պատասխանատուութիւնը ունինք մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն վստահութիւնը շահելու։ Երբ ամէն մէկս ջանք կ’ընենք, որ ցոյց տանք սէր, խոնարհութիւն, խորատեսութիւն, պարկեշտութիւն եւ ինքնազսպում, ժողովքին մէջ վստահութեան մթնոլորտ կը ստեղծենք։ Թո՛ղ որ շարունակենք մեր Եհովա Աստուածը ընդօրինակել եւ միշտ վստահելի ըլլալ։ դ22.09 8 ¶1-2. 13 ¶17
Կիրակի, յունուար 14
Տէրոջը աչքը իրմէ վախցողներուն. . . վրայ է (Սաղ. 33։18)։
Թէեւ ժողովքին մէջ շատ եղբայրներ ու քոյրեր կան, բայց ատեն–ատեն կրնանք առանձին զգալ եւ ժխտական զգացումներ ունենալ, կարծելով որ առանց մէկու մը օգնութեան պէտք է այդ զգացումներուն հետ գլուխ ելլենք։ Եհովան բնաւ չ’ուզեր, որ ատանկ զգանք։ Նկատի առ թէ ան ինչպէ՛ս վարուեցաւ Եղիա մարգարէին հետ։ Եհովան Եղիան քաջալերեց որ խօսի, երկու անգամ իրեն հարցնելով. «Ո՛վ Եղիա, հոս ի՞նչ բան ունիս» (Գ. Թագ. 19։9, 13)։ Եւ ամէն անգամ Եհովան ականջ տուաւ Եղիային, մինչ ան իր սիրտը բացաւ։ Ան նաեւ Եղիան վստահեցուց, որ դեռ կային զինք պաշտող շատ իսրայէլացիներ (Գ. Թագ. 19։11, 12, 18)։ Անկասկած, Եղիան մխիթարուած ըլլալու էր իր սիրտը Եհովային առջեւ պարպելէն եւ անոր պատասխանը լսելէն ետք։ Ատկէ զատ, Եհովան Եղիային կարեւոր նշանակում մը տուաւ. Ազայէլը օծել որպէս Սուրիոյ թագաւորը, Յէուն օծել որպէս Իսրայէլի թագաւորը, իսկ Եղիսէն նշանակել որպէս մարգարէ (Գ. Թագ. 19։15, 16)։ Այս գործը Եղիային տալով, Եհովան իրեն օգնեց, որ դրական բաներու վրայ կեդրոնանայ։ Ան նաեւ Եղիային տուաւ մտերիմ ընկերակից մը՝ Եղիսէն։ դ22.08 8 ¶3. 9 ¶5
Երկուշաբթի, յունուար 15
Մէկզմէկ մխիթարեցէ՛ք եւ իրարու օգնեցէ՛ք (Ա. Թես. 5։11)։
Երբեք ժողովքդ Թագաւորութեան սրահ շինա՞ծ է կամ նորոգա՞ծ է։ Եթէ այո, անկասկած կը յիշես այդ նոր սրահին մէջ ունեցած առաջին ժողովդ։ Դուն շա՜տ շնորհակալ էիր Եհովային։ Եւ թերեւս այնքա՛ն ուրախ էիր, որ բացման երգը երգած ատենդ ազդուեցար։ Մեր լաւ շինուած Թագաւորութեան սրահները Եհովային փառք կը բերեն։ Բայց մենք դեռ աւելի փառք կը բերենք իրեն՝ ուրիշ տեսակ շինարարական գործի մասնակցելով. շինել այդ պաշտամունքի վայրերը եկող անհատները։ Եւ ասիկա բառացի շէնքեր շինելէն աւելի արժէքաւոր գործ մըն է։ Պօղոս առաքեալ իր միտքը ունէր այս այլաբանական շինարարական յայտագիրը, երբ գրեց այս օրուան համարին խօսքը։ Պօղոս առաքեալ գիտէր ինչպէս իր հաւատակիցները շինել, եւ ընդօրինակուելու արժանի է։ Ան անոնց հետ զգաց։ Կրնանք զինք ընդօրինակել եւ մեր եղբայրներն ու քոյրերը շինել (Ա. Կոր. 11։1)։ դ22.08 20 ¶1-2
Երեքշաբթի, յունուար 16
Տէրոջը արժանի կերպով քալ[եցէ՛ք] (Կող. 1։10)։
Այն քրիստոնեան, որ կ’ուզէ Աստուծոյ աչքին արդար սեպուիլ, իր բոլոր առեւտրական գործունէութիւններուն մէջ լիովին պարկեշտ պիտի ըլլայ։ Ասկէ զատ, արդար անձը չ’ուզեր տեսնել, որ մէկու մը հետ անարդարութեամբ կը վարուին։ Նաեւ, իսկապէս արդար եղող անձ մը, որ կ’ուզէ ‘ամէն բանի մէջ հաճեցնել’ Եհովան, հաշուի կ’առնէ թէ Եհովան ինչպէ՛ս կը նկատէ իր առնելիք որոշումները։ Հասկցնելու համար թէ արդարութիւնը Եհովայէն կու գայ, Աստուածաշունչը Իր մասին կը խօսի որպէս՝ «արդարութեան բնակարան եղող Տէր»ը (Եր. 50։7)։ Ստեղծիչը ըլլալով, Եհովան միակ Անձն է, որ իրաւունքը ունի որոշելու թէ ի՛նչը ճիշդ է եւ ի՛նչը սխալ է։ Ճիշդի ու սխալի մասին Իր մտածումները շա՜տ աւելի բարձր են մեր մտածումներէն (Առ. 14։12. Եսա. 55։8, 9)։ Բայց քանի որ Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած ենք, կրնանք ապրիլ արդարութեան իր չափանիշներով (Ծն. 1։27)։ Եւ որովհետեւ մեր Հայրը կը սիրենք, կ’ուզենք մեր կրցածին չափ զինք ընդօրինակել (Եփ. 5։1)։ դ22.08 27 ¶5-6
Չորեքշաբթի, յունուար 17
Իմացէք թէ ի՞նչ է Տէրոջը կամքը (Եփ. 5։17)։
Երբ մտահոգ ենք կամ ընկճուած ենք, թերեւս փոփոխութեան մը պէտք ունենանք, որպէսզի մեր խնդիրները մոռնանք։ Ատիկա հասկնալի է, բայց պէտք է զգոյշ ըլլանք, որ չընենք բան մը որ Եհովան կ’ատէ (Եփ. 5։10-12, 15, 16)։ Փիլիպպեցիներուն գրած իր նամակին մէջ, Պօղոս առաքեալ քրիստոնեաները քաջալերեց որ շարունակեն մտածել բաներու մասին, որոնք ‘արդար, մաքուր, սիրով եւ գովելի են’ (Փլպ. 4։8)։ Թէեւ Պօղոս մասնաւորաբար ժամանցին մասին չգրեց, բայց իր գրածը պէտք է որ մեր ժամանցի ընտրութեան ազդէ։ Ասիկա փորձէ. ո՛ւր որ համարին մէջ «ինչ որ» բառը եկած է, տեղը դիր «երգեր», «ֆիլմեր», «վէպեր» կամ «վիտէօ–խաղեր» բառը։ Ասիկա ընելով, պիտի կարենաս զանազանել թէ ո՛ր ժամանցը Աստուծոյ աչքին ընդունելի է, իսկ ո՛ր մէկը՝ ոչ։ Մենք կ’ուզենք Եհովայի բարձր չափանիշներուն համաձայն ապրիլ (Սաղ. 119։1-3)։ դ22.10 9 ¶11-12
Հինգշաբթի, յունուար 18
Ինք գիտէր թէ ի՛նչ կայ մարդուն ներսիդին (Յովհ. 2։25)։
«Մեղաւորներ»էն ոմանք իրենց նախկին կեանքին մէջ ահռելի ու չար գործեր ըրին։ Անոր համար, մէկը պէտք է իրենց սորվեցնէ ապրիլ Եհովայի արդար չափանիշներուն համաձայն։ Այդ նպատակով, Աստուծոյ Թագաւորութեան առաջնորդութեան ներքեւ, մարդկութեան պատմութեան մէջ ամէնէն մեծ կրթական ծրագիրը տեղի պիտի ունենայ։ Ո՞վ պիտի սորվեցնէ մեղաւորներուն։ Մեծ բազմութիւնը եւ յարութիւն առած արդարները։ Որպէսզի մեղաւորներուն անունները գրուին կեանքի գիրքին մէջ, անոնք պէտք է փոխյարաբերութիւն զարգացնեն Եհովային հետ եւ իրենց կեանքը իրեն նուիրեն։ Յիսուս Քրիստոս եւ իրեն հետ իշխող դատաւորները մեծապէս հետաքրքրուած պիտի ըլլան տեսնելու, թէ մեղաւորները իրենց սորվածին կ’ընդառաջե՛ն կամ ոչ (Յայտ. 20։4)։ Ոեւէ մէկը, որ այս օգնութիւնը մերժէ, պիտի վերցուի,– նոյնիսկ եթէ 100 տարեկան ըլլայ (Եսա. 65։20)։ Եհովան եւ Յիսուսը կրնան սրտերը կարդալ եւ թոյլ պիտի չտան, որ ոեւէ մէկը նոր աշխարհին մէջ գէշութիւն ընէ (Եսա. 11։9. 60։18. 65։25)։ դ22.09 17 ¶11-12
Ուրբաթ, յունուար 19
Ամէն մարդ իր վրայ եղած իշխանութիւններուն թող հնազանդի (Հռով. 13։1)։
Այս համարին մէջ, «իր վրայ եղած իշխանութիւններ» արտայայտութիւնը կ’ակնարկէ մարդկային իշխաններուն, որոնք ուրիշներուն վրայ հեղինակութիւն ունին։ Քրիստոնեաները պէտք է անոնց հնազանդին։ Այդ կառավարիչները կարգուկանոնը կը պահեն, օրէնքները կը պարտադրեն եւ ատեններ նոյնիսկ Եհովայի ժողովուրդը կը պաշտպանեն (Յայտ. 12։16)։ Անոր համար, մենք պէտք է տանք տուրքերը, հարկերը, վախը եւ պատիւը, որոնք անոնք կը պահանջեն (Հռով. 13։7)։ Սակայն, այդ կառավարութիւնները իշխանութիւն ունին, միայն քանի որ Եհովան իրենց թոյլ տուած է։ Յիսուս այդ սկզբունքը յստակ դարձուց, երբ հռոմայեցի կառավարիչ Պոնտացի Պիղատոսը զինք կը հարցաքննէր։ Երբ Պիղատոս ըսաւ, որ իշխանութիւնը ունի Յիսուսին կեանքը ազատելու կամ զինք մահուան դատապարտելու, Յիսուս անոր ըսաւ. «Դուն իմ վրաս իշխանութիւն մըն ալ չէիր ունենար, եթէ քեզի վերէն տրուած չըլլար» (Յովհ. 19։11)։ Ինչպէս Պիղատոսին պարագան էր, այսօր ալ բոլոր մարդկային կառավարիչներուն եւ քաղաքագէտներուն իշխանութիւնը սահմանափակ է։ դ22.10 14 ¶6
Շաբաթ, յունուար 20
Ամբարիշտը պիտի չքանայ (Սաղ. 37։10)։
Դաւիթ ներշնչմամբ գրեց, թէ կեանքը ինչպէ՛ս պիտի ըլլար, երբ իմաստուն եւ հաւատարիմ Թագաւոր մը ապագային իշխէր (Սաղ. 37։10, 11, 29)։ Յաճախ Սաղմոս 37։11–ը կը կարդանք, երբ մարդոց կը խօսինք Դրախտին մասին։ Ատիկա տեղին է, քանի որ Յիսուս այդ համարը մէջբերեց իր Լերան քարոզին մէջ, ցոյց տալով որ այդ խոստումը ապագային պիտի կատարուի (Մատ. 5։5)։ Բայց Դաւիթին խօսքերը նաեւ յայտնեցին, թէ կեանքը ինչպէ՛ս պիտի ըլլար Սողոմոնի օրերուն։ Երբ Սողոմոն Իսրայէլի վրայ կ’իշխէր, Աստուծոյ ժողովուրդը յատուկ խաղաղութիւն եւ առատութիւն կը վայելէր այն երկրին մէջ, ուր ‘կաթ ու մեղր կը բղխէր’։ Աստուած ըսած էր. «Եթէ իմ կանոններովս քալէք. . . խաղաղութիւն պիտի տամ երկրին ու հանգիստ պիտի պառկիք եւ վախցնող մը պիտի չըլլայ» (Ղեւ. 20։24. 26։3, 6)։ Այդ խոստումները Սողոմոնին իշխանութեան ներքեւ կատարուեցան (Ա. Մն. 22։9. 29։26-28)։ Սաղմոս 37։10, 11, 29–ին մէջ գտնուող խօսքերը թէ՛ անցեալին կատարուեցան եւ թէ ապագային պիտի կատարուին։ դ22.12 10 ¶8
Կիրակի, յունուար 21
[Իմաստութիւնը] բռնողները երջանիկ կ’ըլլան (Առ. 3։18)։
Մենք՝ ճշմարիտ քրիստոնեաներս, պէտք է ուղղութեան հետեւինք։ Աստուածաշունչը այս խրատը կու տայ որպէսզի յաջողինք. «Արդարեւ պատերազմդ առաջնորդութեամբ կ’ընես, եւ ազատութիւնը բազմաթիւ խորհրդականներով կ’ըլլայ» (Առ. 24։6, ԱԾ)։ Տե՛ս թէ այս սկզբունքը գործադրելը ինչպէ՛ս մեզի կ’օգնէ քարոզելու եւ սորվեցնելու գործին մէջ։ Փոխանակ մեր խելքէն–միտքէն քարոզելու, մենք կը փորձենք մեզի տրուած թելադրութիւններուն հետեւիլ։ Մեր ժողովներուն, իմաստուն առաջնորդութիւն կը տրուի մեզի։ Հոն փորձառու խրատ տուողներ մեզ կը մարզեն Սուրբ Գիրքի վրայ հիմնուած դասախօսութիւններով եւ ներկայացումներով։ Ասկէ զատ, Եհովայի կազմակերպութիւնը մեզի կու տայ օգտակար գործիքներ, ինչպէս՝ հրատարակութիւններ եւ վիտէօներ, որոնք մարդոց կ’օգնեն որ Աստուածաշունչը հասկնան։ Մենք որքա՜ն շնորհակալ ենք Աստուածաշունչին մէջ գտնուող իմաստուն խրատներուն համար։ Առանց անոնց ո՞ւր պիտի ըլլայինք։ Վճռենք միշտ Եհովայի տուած իմաստութեան համաձայն ապրիլ (Առ. 3։13-17)։ դ22.10 23 ¶18-19
Երկուշաբթի, յունուար 22
Ո՜րչափ քաղցր է քու խօսքդ իմ քիմքիս, մեղրէն աւելի անոյշ է իմ բերնիս (Սաղ. 119։103)։
Ինչպէս որ ֆիզիքապէս զօրաւոր ըլլալու համար մենք պէտք է կերակուր ուտենք եւ զայն մարսենք, հոգեւորապէս զօրաւոր ըլլալու համար պէտք է Աստուծոյ Խօսքը սերտենք եւ անոր վրայ խոկանք։ Ան կ’ուզէ որ իր Խօսքը լաւ ըմբռնենք։ Ասիկա կրնանք ընել աղօթելով, կարդալով ու խոկալով։ Նա՛խ, կ’աղօթենք՝ մեր սիրտը պատրաստելու համար որ Աստուծոյ մտածումները ընդունի։ Ետքը, Աստուածաշունչէն հատուած մը կը կարդանք։ Անկէ ետք, կը կենանք ու խորապէս կը մտածենք մեր կարդացածին վրայ։ Արդիւնքը ի՞նչ պիտի ըլլայ։ Ո՛րքան աւելի խոկանք, ա՛յնքան աւելի պիտի հասկնանք Աստուծոյ Խօսքը եւ անիկա մեր հաւատքը պիտի զօրացնէ։ Ինչո՞ւ կարեւոր է որ Աստուածաշունչը կարդանք ու անոր վրայ խոկանք։ Այդպէս ընելը մեզի ներքին զօրութիւն կու տայ թէ՛ հիմա՝ որպէսզի Թագաւորութեան պատգամը քարոզենք, եւ թէ մօտ ապագային՝ որպէսզի դատաստանական խիստ պատգամը ծանուցանենք։ Եւ երբ Եհովայի հոյակապ յատկութիւններուն վրայ կը խոկանք, իրեն հետ մեր փոխյարաբերութիւնը կը զօրանայ։ դ22.11 7 ¶16-17
Երեքշաբթի, յունուար 23
Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք (Յովհ. 13։35)։
Յիսուս ցոյց տուաւ, որ ոչ միայն իր հետեւորդները, հապա նաեւ քրիստոնէական ժողովքէն չեղողները պիտի գիտնային թէ որո՛նք են ճշմարիտ հետեւորդները՝ նկատելով իրենց ունեցած անձնազոհ սէրը։ Եւ իրապէս ալ քրիստոնէական ժողովքին մէջ եղած սէրը յատուկ է։ Անշուշտ Եհովայի վկաները կատարեալ չեն (Ա. Յովհ. 1։8)։ Անոր համար, ո՛րքան աւելի ճանչնանք ժողովքի անհատները, ա՛յնքան աւելի պիտի տեսնենք իրենց սխալները (Հռով. 3։23)։ Եւ ցաւալի է որ ոմանք թոյլ տուած են, որ ուրիշներուն անկատարութիւնները պատճառ ըլլան որ Եհովային ծառայելէ դադրին։ Յիսուս ինչպէ՞ս սէր ցոյց տուաւ իր առաքեալներուն հանդէպ։ Եւ ինչպէ՞ս կարելի է որ ներկայիս Յիսուսը ընդօրինակենք։ Լաւ կ’ըլլայ որ Վկաները մտածեն այս հարցումներուն պատասխաններուն մասին։ Քանի որ ասիկա կրնայ մեզի օգնել, որ ա՛լ աւելի սէր ցոյց տանք, մանաւանդ երբ ուրիշներուն անկատարութիւնները կը տեսնենք (Եփ. 5։2)։ դ23.03 26-27 ¶2-4
Չորեքշաբթի, յունուար 24
Հաւատարիմ մարդուն հանդէպ հաւատարիմ կ’ըլլաս (Սաղ. 18։25, ՆԹ)։
Մինչ այս աշխարհի վերջին կը մօտենանք, կրնանք ակնկալել որ ժողովքին ներսէն դժուարութիւններ պիտի ունենանք։ Եւ այդ դժուարութիւնները կրնան Եհովայի հանդէպ մեր հաւատարմութիւնը փորձել։ Անոր համար, պէտք է ‘արթուն կենանք’։ Եթէ կը զգաս, թէ հաւատակից մը քեզի հետ գէշ կերպով վարուած է, մի՛ դառնանար։ Եթէ սրբագրուիս, մի՛ կեդրոնանար ամօթի զգացումիդ վրայ, խրատը ընդունէ եւ պէտք եղած փոփոխութիւնները ըրէ։ Եւ երբ Եհովայի կազմակերպութիւնը փոփոխութիւններ կ’ընէ, որոնք քեզի կ’ազդեն, սրտանց անոնք ընդունէ եւ տրուած ուղղութեան հնազանդէ։ Եհովային եւ իր կազմակերպութեան հանդէպ վստահութիւնդ պահէ, երբ հաւատարմութիւնդ կը փորձուի։ Հանդարտ մնա՛, յստակօրէն մտածէ եւ հարցերը դիտէ Եհովայի տեսանկիւնէն։ Եհովայէն օգնութիւն խնդրէ։ Եւ բնաւ ժողովքէն մի՛ մեկուսանար։ Այն ատեն, ի՛նչ որ ալ պատահի Սատանան քեզ պիտի չկարենայ Եհովայէն կամ իր կազմակերպութենէն զատել (Յակ. 4։7)։ դ22.11 24 ¶14-16
Հինգշաբթի, յունուար 25
Եղբայրութիւնը սիրեցէ՛ք (Ա. Պետ. 2։17)։
Երէցները եղբայրներուն կ’օգնեն որ պատրաստուին աղէտ ըլլալէ առաջ։ Անոնք կարգադրութիւններ կ’ընեն որպէսզի ժողովքին մէջ բոլորը գիտնան, թէ ի՛նչ քայլեր պէտք է առնեն որ ապահով մնան եւ երէցներուն հետ կապ պահեն։ Անձնապէս ի՞նչ կրնաս ընել։ Եթէ աղէտ մը մօտ տեղ մը հարուածէ, երէցներուն հարցուր թէ ինչպէ՛ս կրնաս օգնել։ Թերեւս կրնաս տեղահանուած եղբայրներու կամ շինարարական գործի մասնակցող եղբայրներու ժամանակաւոր բնակարան ապահովել։ Կամ թերեւս կրնաս կարիքաւոր հրատարակիչներու ուտելիք եւ ուրիշ ապրանքներ հասցնել։ Եւ եթէ աղէտ մը հարուածէ աւելի հեռաւոր վայր մը, տակաւին կրնաս օգնել։ Ինչպէ՞ս։ Աղէտէն տուժածներուն համար աղօթելով (Բ. Կոր. 1։8-11)։ Նաեւ կարելիութիւնը ունիս դրամական գետնի վրայ օգնելու, նուիրատուութիւն ընելով համաշխարհային գործին համար (Բ. Կոր. 8։2-5)։ Եթէ կարելիութիւնը ունիս աղէտէ մը ազդուած շրջան մը ճամբորդելու՝ օգնելու նպատակով, երէցներուն հարցուր թէ ի՛նչ կրնաս ընել որ օգնես։ Եթէ հրաւիրուիս օգնելու, հաւանաբար պիտի մարզուիս, որպէսզի կարենաս գործածուիլ ո՛ւր եւ ե՛րբ որ ամէնէն շատ պէտք կայ։ դ22.12 24 ¶8. 25 ¶11-12
Ուրբաթ, յունուար 26
Ձեզի մարդկային փորձութենէն զատ ուրիշ բան չէ պատահած (Ա. Կոր. 10։13)։
Ուրիշ թարգմանութիւն մը այսօրուան համարին խօսքը այս կերպով կ’ըսէ. «Չկայ փորձութիւն մը, որ մարդ արարածին համար օտար է»։ Այդ խօսքը ուղղուեցաւ Կորնթոսի մէջ ապրող քրիստոնեայ դարձած տղամարդոց եւ կիներու։ Անոնցմէ ոմանք նախապէս շնացողներ, միասեռականներ եւ գինովներ էին (Ա. Կոր. 6։9-11)։ Քու կարծիքովդ, արդեօք մկրտուելէն ետք անոնք բնաւ սխալ ցանկութիւններու դէմ չպայքարեցա՞ն։ Անշո՛ւշտ պայքարեցան։ Ճիշդ է որ բոլորն ալ օծեալ քրիստոնեաներ էին, բայց տակաւին անկատար էին։ Անոր համար, անկասկած ատեն–ատեն սխալ ցանկութիւններու դէմ պէտք էր պայքարէին։ Ասիկա մեզ պէտք է քաջալերէ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ անիկա ցոյց կու տայ, թէ ի՛նչ ալ ըլլայ այն սխալ ցանկութիւնը, որուն դէմ կը պայքարինք, կայ մեզմէ զատ ուրիշ մէկը որ անոր դէմ դրած է։ Իրապէս դուն կրնաս ‘հաւատքով հաստատուիլ, գիտնալով որ եղբայրներդ ալ աշխարհի մէջ նոյն չարչարանքները կը կրեն’ (Ա. Պետ. 5։9)։ դ23.01 12 ¶15
Շաբաթ, յունուար 27
Աշխարհի մէջ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջասի՛րտ եղէք, ես աշխարհին յաղթեցի (Յովհ. 16։33)։
Յիսուս Եհովայէն խնդրեց որ Իր աչքը իր հետեւորդներուն վրայ ըլլայ (Յովհ. 17։11)։ Ասիկա ինչո՞ւ մեզի քաջութիւն կու տայ։ Քանի որ Եհովան ոեւէ թշնամիէ աւելի զօրաւոր է (Ա. Յովհ. 4։4)։ Իր աչքէն բա՛ն մը չի փախիր։ Մենք համոզուած ենք որ եթէ իրեն ապաւինինք, կրնանք մեր վախերը յաղթահարել եւ քաջ ըլլալ։ Ատեններ կ’ամչնա՞ս ըսելու որ Եհովայի Վկայ ես։ Կը վախնա՞ս հրատարակիչ ըլլալու կամ մկրտուելու, քանի որ մտահոգ ես թէ ուրիշներ քու մասիդ ի՛նչ պիտի մտածեն։ Մի՛ ձգեր որ այս զգացումները քեզ ետ պահեն ճիշդը ընելէ։ Անկեղծօրէն Եհովային աղօթէ։ Եւ իրմէ խնդրէ որ քեզի քաջութիւն տայ իր կամքը ընելու։ Մինչ կը տեսնես թէ Եհովան ինչպէ՛ս աղօթքներուդ կը պատասխանէ, ա՛լ աւելի պիտի զօրանաս եւ աւելի քաջ պիտի ըլլաս (Եսա. 41։10, 13)։ դ23.01 29 ¶12. 30 ¶14
Կիրակի, յունուար 28
Չէ՞ք կարդացեր (Մատ. 12։3)։
Յիսուս հարցուց. «Չէ՞ք կարդացեր», որպէսզի ցուցնէ որ փարիսեցիները Սուրբ Գրութիւններէն իրենց կարդացածին մասին սխալ տեսակէտ ունէին (Մատ. 12։1-7)։ Անոնք ըսին որ Յիսուսի աշակերտները Շաբաթի օրէնքին չէին հնազանդած։ Անոր համար, Յիսուս սուրբգրային երկու օրինակներ տուաւ եւ Ովսէէ գիրքէն համար մը մէջբերեց, ցոյց տալու որ փարիսեցիները Շաբաթի օրէնքին ետին եղող կէտը չէին հասկցած եւ ողորմութիւն ցոյց չէին տուած։ Լաւ, Աստուծոյ Խօսքը կարդալը ինչո՞ւ այս մարդիկը չէր կաղապարած։ Քանի որ անոնք կը կարդային քննադատական եւ հպարտ հոգիով։ Այդ պատճառով չկրցան իրենց կարդացածին բուն կէտը ըմբռնել (Մատ. 23։23. Յովհ. 5։39, 40)։ Նկատէ նաեւ Մատթէոս 19։4-6–ը, ուր Յիսուս փարիսեցիներուն նոյն հարցումը հարցուց. «Չէ՞ք կարդացեր»։ Ճիշդ է որ անոնք ստեղծագործութեան պատմութիւնը կարդացած էին, բայց անտեսած էին ամուսնութեան նկատմամբ Աստուծոյ տեսակէտը։ Յիսուսի խօսքերէն կը սորվինք որ Աստուածաշունչը պէտք է կարդանք ճիշդ կեցուածքով։ Պէտք է անկեղծ ըլլանք եւ սորվելու պատրաստ։ դ23.02 12 ¶12-13
Երկուշաբթի, յունուար 29
Մտածելու կարողութիւնը քեզ պիտի պահէ (Առ. 2։11, ՆԱ)։
Իսրայէլ ազգին տրուած Եհովային Օրէնքին մէջ կային ուղղութիւններ, որոնք պիտի օգնէին որ տան մէջ կամ գործի մէջ լուրջ արկածներ տեղի չունենային (Ել. 21։28, 29. Բ. Օր. 22։8)։ Մէկը, որ առանց ուզելու մէկը մեռցնէր, լուրջ հետեւանքներ կը կրէր (Բ. Օր. 19։4, 5)։ Օրէնքը կը պահանջէր որ նոյնիսկ անոնք՝ որոնք առանց ուզելու չծնած մանուկի մը վնաս հասցնէին, պատժուէին (Ել. 21։22, 23)։ Սուրբ Գրութիւնները յստակ կը դարձնեն, որ Եհովան կ’ուզէ որ մենք ուշադիր ըլլանք ապահովութեան նկատմամբ։ Տան մէջ եւ գործի մէջ ապահովութեան ուշադիր ըլլալով ցոյց կու տանք, որ Աստուծոյ տուած թանկագին նուէրը կը գնահատենք։ Մէջտեղերը չենք ձգեր սուր առարկաներ, թունաւոր նիւթեր կամ դեղեր։ Հապա ասոնք տեղ մը կը դնենք, ուր պզտիկները չեն կրնար հասնիլ։ Նաեւ զգոյշ ենք, երբ գործ կ’ունենանք կրակի հետ, տաք հեղուկներու հետ ու վտանգաւոր գործիքներու հետ։ Եւ ատոնք մէջտեղերը չենք ձգեր։ Երբ դեղ առած ենք, խմիչք խմած ենք կամ լաւ չենք պառկած, ինքնաշարժ չենք քշեր, ոչ ալ քշած ժամանակ հեռաձայնով կը զբաղինք։ դ23.02 21-22 ¶7-9
Երեքշաբթի, յունուար 30
Քու աչքերդ քու ուսուցիչներդ [«Մեծ Ուսուցիչդ», ՆԱ] պիտի տեսնեն (Եսա. 30։20)։
Եհովան համբերող, ազնիւ եւ հասկցող Ուսուցիչ մըն է։ Ան իր աշակերտներուն մէջ լաւ բաները կը փնտռէ (Սաղ. 130։3)։ Եւ բնա՛ւ մեր կարողութենէն աւելի չ’ակնկալեր մեզմէ։ Ան ծրագրած է մեր ուղեղը, որ իր կողմէ հոյակապ նուէր մըն է (Սաղ. 139։14)։ Ան կ’ուզէ որ մենք շարունակենք յաւիտեան սորվիլ եւ ասիկա հաճոյքով ընենք։ Ուրեմն, խոհեմութիւն պիտի ըլլայ որ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւններուն հանդէպ ‘փափաք զարգացնենք’ (Ա. Պետ. 2։2)։ Նպատակակէտեր դիր, որոնց կրնաս հասնիլ, եւ Աստուածաշունչի ընթերցանութեան եւ սերտողութեան յայտագիր մը դիր եւ անոր կառչէ (Յես. 1։8)։ Եհովայի օրհնութեամբ պիտի կարենաս իր մասին կարդալէ եւ սորվելէ աւելի հաճոյք առնել։ Գիտութիւնը առանձին բնա՛ւ բաւարար չէ։ Անիկա գլխաւորաբար քեզի կ’օգնէ որ Եհովային մասին աւելի գիտնաս եւ յատկութիւններ մշակես, ինչպէս՝ զինք սիրել եւ իրեն հաւատալ (Ա. Կոր. 8։1-3)։ Մինչ կը շարունակես սորվիլ, շարունակէ Եհովայէն խնդրել, որ քեզի օգնէ աւելի հաւատք ունենալու (Ղուկ. 17։5)։ Ան առատաձեռնօրէն կը պատասխանէ այսպիսի աղօթքներու։ դ23.03 10 ¶11, 13
Չորեքշաբթի, յունուար 31
Ժամանակը ծախու առ[էք] (Կող. 4։5)։
Յիսուսի աշակերտները պէտք չէր ձեռքերնին ծալած նստէին, մինչ կը սպասէին այս աշխարհին վերջը։ Ան իրենց պատուէր տուաւ որ բարի լուրը քարոզեն «Երուսաղէմի մէջ եւ բոլոր Հրէաստանի ու Սամարիայի մէջ ու մինչեւ երկրին ծայրերը» (Գործք 1։6-8)։ Յիսուսի հետեւորդները ի՜նչ մեծ նշանակում մը ստացան։ Եւ ատոր հոգ տանելով, անոնք իրենց ժամանակը լաւագոյն կերպով գործածեցին։ Մենք մեզի ուշադիր ըլլալու համար, պէտք է որ տեսնենք թէ մեր ժամանակը ինչպէ՛ս կը գործածենք։ «Ժամանակ ու դիպուած» բոլորիս կը պատահին (Ժող. 9։11)։ Մեր կեանքը կրնայ անակնկալօրէն վերջ գտնել։ Մեր ժամանակը լաւագոյն կերպով կը գործածենք՝ Եհովային կամքը ընելով եւ իրեն հետ մեր փոխյարաբերութիւնը զօրացնելով (Յովհ. 14։21)։ Պէտք է ‘հաստատո՛ւն եւ անշա՛րժ կենանք եւ ամէն ատեն աւելնանք Տէրոջը գործին մէջ’ (Ա. Կոր. 15։58)։ Այն ատեն, երբ վերջը գայ,– ըլլա՛յ ատիկա մեր կեանքին վերջը կամ այս չար աշխարհին վերջը,– պիտի չզղջանք (Մատ. 24։13. Հռով. 14։8)։ դ23.02 18 ¶12-14