Ինչպէ՛ս այս գրքոյկը գործածել
Յաջորդ էջերուն մէջ, ամէն մէկ օրուան համար պիտի գտնես համար մը եւ անոր բացատրութիւնները։ Ճիշդ է որ համարը եւ բացատրութիւնները որեւէ ատեն կրնան կարդացուիլ, բայց շատեր օգտակար գտած են՝ ատոնք առտուն նկատի առնել։ Այսպէս, անոնք ամբողջ օրուան ընթացքին կրնան յիշուած կէտերուն մասին խոկալ։ Համարը ընտանեօք նկատի առնելը շատ օգտակար է։ Աշխարհի չորս կողմը, Բեթէլի ընտանիքը ասիկա կ’ընէ նախաճաշէն առաջ։
Բացատրութիւնները առնուած են Դիտարան–ի (դ) թիւերէն,– Ապրիլ 2022–էն Մարտ 2023։ Դիտարան–ի թուականին յաջորդող թուանշանները կ’ակնարկեն՝ նա՛խ էջին կամ էջերուն, ետքը այն պարբերութիւններուն, որոնցմէ առնուած են համարին բացատրութիւնները (տե՛ս վարի օրինակը)։ Նիւթին մասին աւելի տեղեկութիւններ կարելի է գտնել յօդուածին մէջ։