Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ91 6/1 էջ 31
  • Հարցումներ ընթերցողներէն

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Հարցումներ ընթերցողներէն
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1991
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աշակերտ դառնալը լուրջ որոշում է
    Յիսուս ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքն է
  • Աշակերտելու պատասխանատուութիւնը
    Ցարդ ապրած մեծագոյն մարդը
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1991
դ91 6/1 էջ 31

Հարցումներ ընթերցողներէն

◼ Յովհաննու 18։15–ը կը յիշէ աշակերտ մը, որ քահանայապետին ծանօթ էր։ Ասիկա այն նոյն աշակե՞րտն է, որ նախապէս «մերկ փախաւ», ինչպէս արձանագրուած է Մարկոս 14։51, 52–ի մէջ։

Ոչ, այնպէս կը թուի որ քահանայապետին ծանօթ անհատը Յովհաննէս առաքեալն էր, մինչդեռ Մարկոս աշակերտն էր որ «մերկ փախաւ»։

Դէպքերը ժամանակի յաջորդականութեամբ առնելով, կը սկսինք Գեթսեմանիի պարտէզէն։ Երբ Յիսուս Քրիստոս ձերբակալուեցաւ, առաքեալները վախցան։ «Բոլոր աշակերտները թողուցին զանիկա ու փախան»։ Մարկոսի պատմութեան մէջ, յաջորդ համարին մէջ հակադրութիւն մը կայ. «Երիտասարդ մը անոր ետեւէն կ’երթար՝ մերկ մարմինին վրայ կտաւ մը առած ու երիտասարդները զանիկա բռնեցին. ան ալ կտաւը թողուց ու մերկ փախաւ անոնցմէ»։—Մարկոս 14։50–52

Ուստի, 11 առաքեալներուն առաջին հակազդեցութիւնը կը հակադրուի այս անանուն աշակերտին ընթացքին հետ, անոր համար տրամաբանական է եզրակացնել որ ան առաքեալներէն մէկը չէր։ Այս դէպքը արձանագրուած է միայն նախապէս աշակերտ եղող Յովհաննէս Մարկոսի՝ Բառնաբասի զարմիկին՝ Աւետարանին մէջ։ Հետեւաբար, պատճառ ունինք ըսելու, որ ձերբակալուած Յիսուսի հետեւող եւ ապա երբ խուժանը զինք բռնել ուզեց, առանց իր վրայի կտաւին փախած «երիտասարդ»ը՝ Մարկոսն էր։—Գործք 4։36. 12։12, 25. Կողոսացիս 4։10

Այդ գիշեր, մինչեւ որոշ տեղ մը, Պետրոս առաքեալ ալ Յիսուսի հետեւեցաւ, բայց ապահով հեռաւորութեամբ մը։ Այս առումով, նմանութիւն մը կայ. երիտասարդ աշակերտը (Մարկոս) սկսաւ Յիսուսի հետեւիլ, բայց ապա կեցաւ, մինչդեռ փախած առաքեալներէն երկուքը հետագային դարձեալ սկսան հետեւիլ իրենց ձերբակալուած Տիրոջ։ Յովհաննէս առաքեալի Աւետարանին մէջ, կը կարդանք. «Յիսուսի ետեւէն կ’երթային Սիմոն Պետրոս եւ ուրիշ աշակերտ մը։ Այն աշակերտը քահանայապետին ծանօթ ըլլալով՝ Յիսուսին հետ քահանայապետին գաւիթը մտաւ»։—Յովհաննու 18։15

Յովհաննէս առաքեալ «Յովհաննէս» անունը կու տայ երբ Յովհաննէս Մկրտիչին կ’ակնարկէ, բայց երբ ինքզինքին կ’ակնարկէ, բնաւ իր անունը չի յիշէր։ Օրինակի համար, ան կը գրէ. «Ասիկա այն աշակերտն է, որ կը վկայէ այս բաներուն համար, որ գրեց ալ այս բաները»։ Նմանապէս՝ «Ան որ տեսաւ այս բաները՝ վկայեց ու անոր վկայութիւնը ճշմարիտ է եւ ինք գիտէ թէ ճշմարիտը կ’ըսէ»։ (Յովհաննու 19։35. 21։24) Նկատի առէք նաեւ Յովհաննու 13։23–ը. «Աշակերտներէն մէկը կար Յիսուսին գոգը նստած, զոր Յիսուս կը սիրէր»։ Ասիկա Յիսուսի ձերբակալութենէն քիչ մը առաջ էր։ Այդ օր, աւելի ուշ, ցցահանուած Յիսուս աշակերտի մը մատնանշեց, որու մասին Յովհաննէս կը յիշէ նոյն կերպով. «Յիսուս երբ տեսաւ իր մայրը եւ այն աշակերտը որ կը սիրէր, որ մօտը կայներ էր, ըսաւ իր մօրը. ‘Ո՛վ կին, ահա քու որդիդ’»։—Յովհաննու 19։26, 27. բաղդատել Յովհաննու 21։7, 20։

Իր անունը չտալու նոյն յատկանիշը բացայայտ է Յովհաննու 18։15–ի մէջ։ Ասկէ զատ, Յովհաննու 20։2–8–ի յետ–յարութենական պատմութեան մէջ, դարձեալ Յովհաննէս եւ Պետրոս միասին են։ Այս բոլորը կը մատնանշեն որ ‘քահանայապետին ծանօթ աշակերտը’ Յովհաննէս առաքեալն էր։ Աստուածաշունչը մանրամասնութիւններ չտար թէ Գալիլիացի առաքեալը (Յովհաննէս) ի՛նչպէս ծանօթացած էր քահանայապետին եւ անոր կողմէ՝ ճանչցուած։ Բայց քահանայապետին ընտանիքին ծանօթ ըլլալով, Յովհաննէս կրցաւ, դռնապանէն անցնելով, գաւիթը մտնել եւ Պետրոսն ալ մտցնել տալ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել