Թագաւորութեան հրատարակիչներ կը պատմեն
«Անոր կարդացած իւրաքանչիւր համար սրտիս դպաւ»
«ԱՍՏՈՒԾՈՅ Խօսքը կենդանի է ու զօրեղ», ըսաւ Պօղոս առաքեալ։ (Եբրայեցիս 4։12) Ասոր ճշմարիտ ըլլալը փաստուեցաւ Վիէթնամցի կնոջ մը պարագային, որ Պուտտայական կրօնքին մէջ մեծցած էր։ Ահաւասիկ իր պատմութիւնը.
«Ծնողքս՝ որոնք տակաւին Վիէթնամ կը գտնուին՝ անուանական Պուտտայականներ են, ուստի մինչեւ ամուսնութիւնս՝ 22 տարեկանիս՝ որպէս Պուտտայական մեծցայ։ Ամուսնոյս ընտանիքը ջանաց զիս մկրտել տալ Կաթողիկէ Եկեղեցիին մէջ։ Անոնք կ’ըսէին որ իմ ննջեցեալ կեսուրիս կ’արգիլուէր երկինք երթալ, քանի որ ես Պուտտայական էի։ Նախ մերժեցի, բայց յետոյ զիրենք հաճեցնելու համար մկրտուեցայ։ Սակայն, սրտիս խորքէն, ծիծաղելի կը գտնէի, քանի որ կ’ատէի Կաթողիկէ Եկեղեցիին կեղծաւորութիւնը։ Անիկա Պուտտայական կրօնքէն տարբեր չէր։ Անիկա նոյնքան միջամուխ կ’ըլլար պատերազմի եւ քաղաքականութեան եւ երկուքն ալ կը քաջալերէին նախնիքներու պաշտամունքը։
«Եթէ Վիէթնամ մնացած ըլլայի, ճշմարտութիւնը սորվելու շատ քիչ պատեհութիւն պիտի ունենայի։ Ես մեծցայ այն ժամանակ երբ Հարաւային Վիէթնամը քաղաքական վերիվայրումներու մէջ էր եւ Սայկոնէն բաւական հեռու քաղաքի մը մէջ կ’ապրէի։ Ուստի Աւստրալիա կարենալ փախչիլը օրհնութիւն մըն էր։
«Ես նաւու փախստականներուն ամենէն բախտաւորներէն մէկն էի։ Երկու ամսուայ երախաս բազուկներուս մէջ, ստիպուած էի մութին փախչիլ, ոստիկաններէ խուսափելու եւ ձկնորսական նաւակի մը մէջ մտնելու համար։ Եօթը օր ծովուն վրայ անցընելէ ետք, հասանք Մալէզիա ուր քանի մը ամիս գաղթակայանի մը մէջ մնալէ ետք, Աւստրալիա եկանք։
«Աւստրալիա հաստատուելէս երկուքուկէս տարի ետք, իրենց տունէ–տուն ծառայութեան ընթացքին Եհովայի Վկաներուն հետ շփման մէջ մտայ։ Առաջին այցելութենէն իսկ, Աստուածաշունչի կանոնաւոր ուսումնասիրութիւն մը ընդունեցի, նկատելով որ ասիկա լաւ առիթ մըն էր անգլերէն սորվելու։ Բայց ինծի հանդիպած Վկային վարքը եւ սորվեցուցած ճշմարտութիւնը շատ տպաւորեցին զիս։ Անոր կարդացած իւրաքանչիւր համար սրտիս դպաւ եւ Եհովայի կազմակերպութեան մէջ կեղծաւորութիւն չտեսայ։ Մէկուկէս տարի Աստուածաշունչը սերտելէ ետք, կեանքս Եհովայի նուիրեցի եւ մկրտուեցայ։
«Պէտք է ըսեմ որ ճշմարտութիւնը կեանքի հանդէպ իմ ամբողջ հայեացքս փոխեց։ Ամուսինս անհաւատ մըն է, բայց Եհովա օգնեց եւ թիկունք կանգնեցաւ ինծի ու փոքր ընտանիքիս։ Ան իմ Մեծ Ուսուցիչս եղաւ եւ ինծի սորվեցուց աւելի լաւ կին ու մայր մը ըլլալ։ Շարունակաբար Եհովայի շնորհակալութիւն կը յայտնեմ որ ինծի օգնեց հոգեւոր խաւարէն Աստուածաշունչի ճշմարտութեան լոյսին գալու»։
Իրապէս, Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքը զօրեղ եղաւ այս պարագային։ Աստուածաշուչը սերտելը եւ մեր սորվածները կիրարկելը կեանքին իմաստ ու նպատակ մը կու տայ եւ Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ։ Ինչպէս Աստուած ներշնչեց Մովսէսը ըսելու. «Ասիկա ձեզի պարապ բան մը չէ, այլ ձեր կեանքն է»։—Բ. Օրինաց 32։47