Պուտտայականի մը Ի՞նչ Պիտի Ըսէք
1 Կարգ մը երկիրներու մէջ, մկրտուողներուն կէսէն աւելին Պուտտայական ծագում ունին։ Ի՞նչ բան զանոնք ճշմարտութեան կը հրապուրէ։ Բարի լուրը ի՞նչպէս կրնաք Պուտտայականի մը ներկայացնել։
2 Անկեղծ Հետաքրքրութիւն Ցուցաբերեցէք. Նախկին Պուտտայականներէն շատեր ըսած են թէ զիրենք ճշմարտութեան հրապուրողը խոր տրամաբանութիւնը չէր։ Այլ, իրենց հանդէպ ցուցաբերուած անկեղծ հետաքրքրութիւնը, անոնց սրտին դպած էր։ Միացեալ Նահանգներու մէջ ապրող Ասիացի կին մը իրեն այցելող քրոջ բարեկամական վերաբերմունքէն այնքան տպաւորուեցաւ որ ընդունեց անոր հետ ուսումնասիրել։ Ան Անգլերէն լաւ չէր խօսեր, բայց քոյրը համբերութիւն ցոյց տուաւ։ Երբ կինը յոգնած ըլլար կամ ուսումնասիրելու կարող չըլլար, քոյրը պարզապէս բարեկամական այցելութիւն մը կու տար եւ յաջորդ նիստին համար կարգադրութիւններ կ’ընէր։ Ի վերջոյ կինը, իր երկու տղաքները, եւ իր տարեց մայրը մկրտուեցան։ Ան իր ծննդավայրը վերադարձաւ եւ շատերուն օգնեց ճշմարտութիւնը սորվելու։ Կնոջ տղոցմէ մէկը ներկայիս մասնաճիւղի գրասենեակին մէջ կը ծառայէ։ Եհովայի «քաղցրութիւնն ու մարդասիրութիւնը» արտացոլացուելուն հետեւանք, ի՜նչ օրհնութիւն եղաւ։—Տիտ. 3։4
3 Պուտտայական Մտածելակերպը. Ընդհանուր առմամբ Պուտտայականները ուրիշ գաղափարներ կը հանդուրժեն, սակայն անոնք անհրաժեշտ չեն տեսներ որոշ վարդապետութեան մը կառչիլ։ Ուստի անոնց անհատական հաւատալիքները իրարմէ կը տարբերին։ Պուտտայական վարդապետութեան ճիւղերէն մէկուն հասարակաց բնաբանը այն է, թէ կեանքը տառապանքով լեցուն է, բայց լուսաւորութեան միջոցաւ անհատ մը կրնայ դժգոհ կեանքի վերածնունդներու յարատեւ շրջանը կասեցնել։ Կ’ըսուի թէ այս շրջանէն ազատագրուելու համար, անհատ մը Նիրվանա պէտք է հասնի, վիճակ մը որ կարելի չէ նկարագրել, քանի որ անիկա ոչ վայր է ոչ ալ՝ դէպք, այլ պարապութիւն մը, որու մէջ ցաւ եւ չարութիւն գոյութիւն չունի։ (Տես՝ Ի՞նչ կը Պատահի Մեզի Երբ կը Մեռնինք, էջ 9-10) Ասիկա մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ։ Թէ՝ ապարդիւն է մարդոց հետ վիճաբանիլ Պուտտայական փիլիսոփայութեան մասին։ Ատոր փոխարէն, բոլորիս հետաքրքրող հասարակաց խնդիրներ նկատի առէք։
4 Փոխադարձ Հետաքրքրութիւններուն Վրայ Շեշտ Դրէք. Քանի որ Պուտտայականները ընդհանրապէս երկրի վրայ ապրիլը տառապանքի համահաւասար կը նկատեն, երկրի վրայ յաւիտենական կեանքի գաղափարը կրնայ անիմաստ թուիլ անոնց։ Սակայն, բոլորս ալ ընտանեկան ուրախ կեանք մը վայելելու, տառապանքի վախճանը տեսնելու, եւ կեանքի իմաստը գիտնալու փափաքը ունինք։ Նկատի առէք թէ այսպիսի ընդհանրական կարիքներ ինչպէս կրնան ուշագրաւ դարձուիլ։
5 Կրնաք այս մօտեցումը փորձել.
◼ «Ներկայիս կ’ապրինք աշխարհի մը մէջ ուր բազմաթիւ անմեղ անհատներ կը տառապին։ Ըստ ձեզի, ի՞նչ բանի կարիքը կայ որ բոլոր մարդոց վրայէն ցաւը ու տառապանքը վերցուի։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Երբեմնի խոստում մը կայ որ ինծի համար շատ մխիթարական եղած է։ [Կարդացէք Յայտնութիւն 21։4] Անշուշտ, այդ ժամանակը տակաւին եկած չէ, բայց երբ գայ, կը փափաքինք զայն տեսնել, այնպէս չէ՞»։ Ապա գրականութիւն մը ներկայացուցէք որ կը բացատրէ թէ տառապանքը ինչպէս պիտի վերջանայ։
6 Տարեց անհատի մը, կրնաք ըսել.
◼ «Թերեւս ինծի պէս դուք ալ մտահոգ էք, տեսնելով նուաստացած գաղափարներու հոսանքը եւ մեր զաւակներուն վրայ անոր ունեցած ազդեցութիւնը։ Ինչո՞ւ անչափահասներու մէջ անբարոյութիւնը այսքան կը շատնայ։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Գիտէի՞ք որ ասիկա նախագուշակուած էր գրքի մը մէջ, որու գրութիւնը սկսաւ Մահմետական, Քրիստոնէական եւ Պրահմանական կրօնքներուն ծագումէն առաջ։ [Կարդացէք Բ. Տիմոթէոս 3։1-3] Նկատի առէք թէ այս վիճակները կը տիրեն, հակառակ յարատեւ դաստիարակութեան։ [Կարդացէք 7–րդ համարը։] Այս գրականութիւնը ինծի օգնած է հասկնալու ճշմարտութիւնը որ մարդոց մեծամասնութիւնը բնաւ չի սորվիր։ Կը փափաքի՞ք զայն կարդալ»։ Յարմար գիրք մը կամ գրքոյկ մը ներկայացուցէք։
7 Ընդհանրապէս Պուտտայականները Աստուածաշունչը կը յարգեն որպէս սուրբ գրութիւն մը։ Ուստի անկէ ուղղակիօրէն կարդացէք։ (Եբր. 4։12) Եթէ անհատը Արեւմտեան մշակոյթին ազդեցութենէն չ’ախորժիր, անոր ըսէք թէ Աստուածաշունչի բոլոր գրողներն ալ Ասիացիներ էին։
8 Ամենէն Ազդու Գրականութիւնները Որո՞նք Են. Յատկապէս Պուտտայականներուն համար հրատարակուած՝ Արդեօք Տառապանքը Օր մը Վերջ Պիտի Գտնէ՞ թերթիկը, տպուած Թայերէնով, Ճափոներէնով, Չինարէնով եւ Սինհալերէնով։ Ասկէ զատ, բազմաթիւ հրատարակիչներ յաջողութեամբ գործածած են հետեւեալ գրականութիւնները. Մարդկութիւնը որ Աստուած կը Փնտռէ, Ընտանեկան Ուրախութեան Գաղտնիքը, եւ Երիտասարդները կը Հարցնեն—Գործնական Պատասխաններ գրքերը. «Ահա Ամէն Բաները Նոր կ’Ընեմ» եւ Ի՞նչ Է Կեանքին Նպատակը. Ինչպէ՞ս Կրնաք Զայն Գտնել գրքոյկները. իսկ եթէ տակաւին մատչելի է Թագաւորութեան Լուրեր Թիւ 35, Պիտի Ըլլա՞յ Ժամանակ մը որ Բոլոր Մարդիկ Իրար Սիրեն, թերթիկը։ Ներկայիս ճշմարտութիւնը ուսումնասիրող Պուտտայականներուն մեծ մասը նախ՝ Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը կ’ուսումնասիրեն, ապա Գիտութիւն գիրքը։
9 Թէեւ կ’ըսուի թէ Պուտտայական միսիոնարները Աթէնք հասան Պօղոս առաքեալ հոն քարոզելէն շուրջ 400 տարի առաջ, բայց որոշ չէ թէ ան Պուտտայական գաղափարէն ազդուած ոեւէ անհատի հանդիպեցաւ։ Բայց եւ այնպէս, գիտենք թէ Պօղոս ինչ կը խորհէր ամէն տեսակ մարդոց վկայելու նկատմամբ։ Ան ինքզինք «ամենուն ծառայ» ըրաւ, որպէսզի «շատերը շահի»։ (Ա. Կորն. 9։19-23) Կրնանք նոյնը ընել, մարդոցմով անհատապէս հետաքրքրուելով եւ մեր մէջ հասարակաց եղող յոյսին վրայ շեշտ դնելով, մինչ մեզի հանդիպող բոլոր մարդոց կը վկայենք։