Նպատակ մը Հետապնդելով կ’Աշխատի՞ք
1 Եհովա նպատակի տէր Աստուած է։ (Եսայ. 55։10, 11) Մեզի յորդոր կը տրուի որ զինք ընդօրինակենք։ (Եփ. 5։1) Վստահաբար, ասիկա ցոյց պէտք է տրուի մեր ծառայութիւնը կատարած կերպով։ Ուստի, հետեւեալ հարցումը տեղին է. «Նպատակ մը հետապնդելով կ’աշխատի՞ք»։
2 Դռնէ–դուռ ձեր ծառայութիւնը, անպաշտօն վկայութիւնը, եւ գրականութիւններ ցրուելը նպատակ ունեցող ծառայութեան մը մէկ մասն են։ Բայց յիշեցէք թէ մեր յանձնարարութիւնը միայն քարոզել չի պարփակեր, այլ նաեւ՝ աշակերտել։ (Մատթ. 28։19, 20) Թագաւորութեան ճշմարտութեան հունտեր ցանելէ ետք, պէտք է վերադառնանք, ջրենք ու կանոնաւորաբար անոնց հոգ տանինք, մինչ Եհովայի կը նայինք որ զանոնք աճեցնէ։ (Ա. Կորն. 3։6) Վերայցելութիւններ ընելու եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու նկատմամբ փութաջան պէտք է ըլլանք։
3 Ձեր Ծառայութիւնը Ընդարձակեցէք. Հաճելի զգացում մըն է երբ ձեր ծառայութեան վրայ յետադարձ ակնարկ մը նետելով կարենաք ըսել՝ «Կատարեցի ի՛նչ որ ծրագրած էի ընել»։ Ինչպէս արձանագրուած է Բ. Տիմոթէոս 4։5–ի մէջ (ՆԱ), Պօղոս քաջալերեց. «Քու ծառայութիւնդ լիովին կատարէ՛»։ Ասիկա կը պարփակէ ցոյց տրուած որեւէ հետաքրքրութիւն հետապնդելու մեր ջանքերը ընդարձակել։ Շաբաթական ծառայութեան ձեր յայտագրին մէջ, վերայցելութիւններու համար հաստատ ժամանակ մը յայտագրեցէք։ Արդարամիտ անհատներու հետ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու նպատակակէտով աշխատեցէք։ Երբ ծառայութեան կը մասնակցիք, այս պէտք է ըլլայ ձեր նպատակը։
4 Հրատարակիչներու հարցուցէք թէ ի՛նչ զգացին երբ համաժողովի մը մէջ իրենց Աստուածաշունչի աշակերտներուն մկրտութիւնը տեսան։ Հաւանաբար մկրտուողներուն նման իրե՛նք ալ ուրախացան։ Անոնք հոյակապ նպատակ մը իրագործեցին։ Աշակերտող մը այսպէս արտայայտուեցաւ. «Աշակերտելը կը նշանակէ Եհովան նոր փառաբանողներ մէջտեղ բերել։ Անիկա ճշմարտութիւնը ընդունողներուն համար կեանք կը նշանակէ։ Շատ կը սիրեմ ճշմարտութիւնը ուրիշներուն սորվեցնել, անիկա սքանչելի բան մըն է։ . . . Եհովան սիրել սորվողներէն շատեր իմ սերտ բարեկամներս դարձան»։
5 Երեւակայեցէ՜ք անհատի մը օգնել որ Եհովայի նուիրուած ծառայ մը ըլլայ։ Ուրախութեան ի՜նչ հոյակապ պատճառ մը։ Այսպիսի պտուղներ ձեռք կը ձգէք երբ ծառայութեան մէջ նպատակ մը հետապնդելով կ’աշխատիք։—Կող. 4։17