Ո՛վ Ծնողներ, Ձեր Զաւակներուն Լա՛ւ Օրինակ Հանդիսացէք
1 Աստուծոյ Խօսքը մեզի կ’ըսէ թէ ‘արդարին հայրը [ու մայրը] շատ պիտի ցնծան’։ (Առ. 23։24, 25) Ասիկա ի՜նչ օրհնութիւն մըն է ծնողներու համար, որոնք իրենց զաւակներուն լաւ օրինակ հանդիսացած են։ Մասնաճիւղի Յանձնախումբի անդամ մը, իր ծնողներուն մասին ըսաւ. «Ճշմարտութիւնը անոնց կեանքին կորիզը կը կազմէր, փափաքեցայ որ անիկա իմ կեանքիս ալ կորիզը կազմէր»։ Զաւակներ իրենց ծնողներուն մէջ ի՞նչ պէտք է տեսնեն։
2 Քաղաքավարութիւն եւ Խոր Յարգանք. Ծնողքին պատասխանատուութիւնն է իրենց զաւակներուն մէջ օգտակար նկարագրի գիծեր քանդակել։ Քաղաքավարութիւնը կրնան սորվիլ ոչ թէ պարզապէս բերանացի խրատներով, այլ դիտելով ու ընդօրինակելով։ Հետեւաբար, քաղաքավարական ի՞նչ կերպեր կը ցուցաբերէք։ Ձեր զաւակները կը լսե՞ն ձեր «ներողութիւն», «հաճիս» եւ «շնորհակալ եմ» ըսելը։ Ընտանիքին մէջ, իրարու հանդէպ խոր յարգանքով կը վարուի՞ք։ Երբ ուրիշներ կը խօսին անոնց ուշադրութիւն կ’ընծայէ՞ք։ Երբ ձեր զաւակները ձեզի հետ կը խօսին, անոնց մտիկ կ’ընէ՞ք։ Այս բոլոր յատկանիշները թէ՛ Թագաւորութեան Սրահին եւ թէ տան մէջ կը ցուցաբերուի՞ն։
3 Զօրաւոր Հոգեւորականութիւն եւ Նախանձախնդիր Գործունէութիւն. Աւելի քան 50 տարիէ ի վեր լիաժամ ծառայութեան մէջ եղող եղբայր մը կը յիշէ. «Հայրս ու մայրս, ժողովներու հանդէպ իրենց գնահատութեամբ եւ ծառայութեան հանդէպ իրենց նախանձախնդրութեամբ, հոյակապ օրինակ հանդիսացան»։ Ի՞նչպէս կրնաք ձեր զաւակներուն ցոյց տալ թէ ձեր տան անդամներուն հոգեւորականութիւնը պահպանելով հետաքրքրուած էք։ Օրուան համարը միասնաբար նկատի կ’առնէ՞ք։ Ընտանեկան կանոնաւոր ուսումնասիրութիւն մը ունի՞ք։ Ձեր զաւակները կը տեսնե՞ն որ դուք Աստուածաշունչը եւ Ընկերութեան գրականութիւնները կը կարդաք։ Երբ ընտանիքին համար կ’աղօթէք, անոնք ի՞նչ կը լսեն։ Ձեր զաւակներուն հետ շինիչ հոգեւոր խօսակցութիւն կ’ունենա՞ք, ճշմարտութեան ու ժողովքին մասին դրական բաներ խօսելով։ Որպէս ընտանիք, խանդավառութեամբ բոլոր ժողովներուն ներկայ կը գտնուի՞ք ու դաշտի ծառայութեան կը մասնակցի՞ք։
4 Ո՛վ ծնողներ, պահ մը խորհեցէք թէ ձեր զաւակներուն համար ի՛նչ օրինակ կը հանդիսանաք։ Գեղեցիկ օրինակ մը հանդիսացէք եւ անոնք իրենց ամբողջ կեանքին մէջ գնահատանքով պիտի դիտեն զայն։ Ներկայիս իր 70–ական տարիքին մէջ եղող ճամբորդող տեսուչի մը կինը ըսաւ. «Տակաւին իմ սիրալիր Քրիստոնեայ ծնողներուս լաւ օրինակէն կ’օգտուիմ։ Իսկ անկեղծ աղօթքս է որ այս ժառանգութեան հանդէպ իմ լման գնահատութիւնս ցոյց տամ, զայն պատշաճօրէն գործածելով կեանքիս բոլոր օրերուն մէջ»։