Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ91 6/1 էջ 32
  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1991
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1991
դ91 6/1 էջ 32

Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր

Յուլիս 1—Երբ իրենց ճամբան կ’երթային, ջուրի մը քով եկան։ Ներքինին ըսաւ. «Ահա՛ ջուր, ալ ի՞նչ բան զիս կ’արգիլէ մկրտուելէ»։—Գործք 8։36, Դիտ. 6/1/90 8, 9ա

Յուլիս 2—Ժամանակ պիտի գայ որ ողջամիտ վարդապետութեանը պիտի չհամբերեն, հապա հաճելի բաներ լսելու մարմաջով իրենց ցանկութիւններուն համեմատ վարդապետներ պիտի դիզեն իրենց եւ ճշմարտութենէն ականջնին պիտի դարձնեն ու առասպելներու ետեւէ պիտի մոլորին։—Բ. Տիմոթէոս 4։3, 4

Յուլիս 3—Ծուռ մարդը կռիւ կը հանէ եւ քսուն մտերիմ բարեկամները կը զատէ։—Առակաց 16։28, Դիտ. 2/1/90 16, 20

Յուլիս 4—Քու ձեռքդ կը բանաս ու ամէն կենդանիի փափաքը կը լեցնես։—Սաղմոս 145։16, Դիտ. 2/1/90 19, 20գ

Յուլիս 5—Ձեր խօսքը ամէն ատեն շնորհքով, որպէս թէ աղով համովցած ըլլայ ու գիտնաք թէ ի՛նչպէս կը վայլէ ձեզի ամէն մէկուն պատասխան տալ։—Կողոսացիս 4։6, Դիտ. 5/1/90 20, 22ա

Յուլիս 6—Սակայն ցիրուցան եղածները կը պտըտէին ու խօսքը կը քարոզէին։—Գործք 8։4, Դիտ. 6/1/90 7, 8ա

Յուլիս 7—Ո՞վ է այն հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան՝ որ իր տէրը իր ծառաներուն վրայ դրաւ, որպէսզի ատենին անոնց կերակուր տայ։—Մատթէոս 24։45, Դիտ. 7/1/90 17, 18

Յուլիս 8—Ձեր առաջնորդներուն մտիկ ըրէ՛ք ու անոնց հնազանդեցէ՛ք, վասնզի անոնք ձեր հոգիներուն համար կը հսկեն, որպէս թէ հաշիւ պիտի տան. որպէսզի խնդութիւնով ընեն այն գործը եւ ոչ թէ հառաչելով, վասնզի այն ձեզի օգտակար չէ։—Եբրայեցիս 13։17, Դիտ. 1/1/90 15, 16բ

Յուլիս 9—[Ան] մարմնով յայտնուեցաւ։—Ա. Տիմոթէոս 3։1

Յուլիս 10—Գիտցիր թէ վերջին օրերը չար ժամանակներ պիտի գան։—Բ. Տիմոթէոս 3։1, Դիտ. 4/1/90 9, 10բ

Յուլիս 11—Անօրէնին գալը Սատանային ազդեցութիւնովն է։—Բ. Թեսաղոնիկեցիս 2։9

Յուլիս 12—Իմ Հօրս տունը շատ բնակարաններ կան. ... ‘Հիմա կ’երթամ, որ ձեզի տեղ պատրաստեմ’։ Եւ եթէ երթամ ու ձեզի տեղ պատրաստեմ, նորէն պիտի գամ եւ ձեզ քովս առնեմ, որպէսզի ո՛ւր որ ես եմ՝ դուք ալ հոն ըլլաք։—Յովհաննու 14։2, 3, Դիտ. 4/1/90 17, 18

Յուլիս 13—Հոն գիշերը Պօղոսին տեսիլք մը երեւցաւ. Մակեդոնացի մարդ մը կայներ կ’աղաչէր անոր ու կ’ըսէր. «Մակեդոնիա՛ անցիր եւ օգնէ՛ մեզի»։—Գործք 16։9, Դիտ. 7/1/90 3, 4ա

Յուլիս 14—մենք ալ ... ամէն ծանրութիւն մեր վրայէն մէկդի ձգենք եւ մեզ դիւրաւ պաշարող մեղքը։ Համբերութիւնով վազենք մեր առջեւ դրուած ասպարէզի ընթացքը։ Յիսուսին նայինք՝ մեր հաւատքին Առաջնորդին ու Կատարողին։—Եբրայեցիս 12։1, 2

Յուլիս 15—Ջանա՛ քու անձդ ընտիր ցուցնելու Աստուծոյ առջեւ, այնպիսի բանուոր մը ըլլալով, որ պիտի չամչնայ ճշմարտութեան խօսքը շիտակ բացատրելով։—Բ. Տիմոթէոս 2։15, Դիտ. 3/1/90 16, 19

Յուլիս 16—Երանի՜ է այն ծառային, որ իր տէրը եկած ատենը այնպէս ըրած պիտի գտնէ։—Ղուկաս 12։43, Դիտ. 6/1/90 15, 18բ

Յուլիս 17—Եւ մի՛ կերպարանիք այս աշխարհին կերպարանքովը, հապա ձեր մտքին նորոգութիւնովը նորոգուեցէ՛ք, որպէսզի քննէք թէ ի՞նչ է Աստուծոյ կամքը, որ բարի ու հաճելի եւ կատարեալ է։—Հռովմայեցիս 12։2

Յուլիս 18—Բարձրելոյն ծածկոցին տակ բնակողը՝ ամենակարողին հովանաւորութեանը տակ պիտի հանգչի։ Տէրոջը [Եհովայի] համար պիտի ըսեմ. «Իմ ապաւէնս ու իմ ամրոցս է. իմ Աստուածս՝ որուն կը յուսամ»։—Սաղմոս 91։1, 2

Յուլիս 19—Ահա բոլոր հոգիները իմս են. ինչպէս հօրը հոգին՝ նոյնպէս որդիին հոգին իմս է։ Այն անձը, որ մեղք կը գործէ, պիտի մեռնի։—Եզեկիէլ 18։4

Յուլիս 20—Յիսուս ըսաւ. «Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ»։—Մատթէոս 22։37, Դիտ. 8/1/90 11ա

Յուլիս 21—Մի՛ վախնար, հապա խօսէ՛ եւ լուռ մի՛ կենար, ... քանզի այս քաղաքին մէջ ես շատ ժողովուրդ ունիմ։—Գործք 18։9, 10, Դիտ. 7/1/90 13, 14ա

Յուլիս 22—[Եհովայի] հոգիին առջեւ եօթը բան պիղծ են։ Ամբարտաւան աչքեր, ստախօս լեզու, անմեղ արիւն թափող ձեռքեր, չար խորհուրդ հնարող սիրտ, չարութիւն ընելու համար շուտ վազող ոտքեր, ստութիւն խօսող անիրաւ վկայ ու եղբայրներու մէջ կռիւներ ցանող մարդ։—Առակաց 6։16–19, Դիտ. 2/1/90 22, 23ա

Յուլիս 23—Մեզի համար աղօթք ըրէ՛ք, վասնզի մենք համոզուած ենք թէ մաքուր խիղճ ունինք եւ ամէն բանի մէջ կ’ուզենք աղէկ վարմունք ունենալ։—Եբրայեցիս 13։18, Դիտ. 1/1/90 17, 18բ

Յուլիս 24—Ահա ես նոր երկինք ու նոր երկիր պիտի ստեղծեմ եւ առաջինները պիտի չյիշուին ու մարդուս միտքը պիտի չգան։—Եսայեայ 65։17, Դիտ. 12/1/89 14ա

Յուլիս 25—Պոռնկութեան եւ ամէն կերպ պղծութեան կամ ագահութեան անունը անգամ պէտք չէ յիշուի ձեր մէջ, ինչպէս կը վայլէ սուրբերուն։—Եփեսացիս 5։3, Դիտ. 2/1/89 17, 18բ

Յուլիս 26—Եթէ քեզի մտիկ ընէ, շահեցար քու եղբայրդ։—Մատթէոս 18։15, Դիտ. 5/1/90 15, 16ա

Յուլիս 27—Ի՛նչպէս վախնալով բնաւ ետ չկեցայ օգտակար բաներ ձեզի ըսելէ ու ձեզի՝ հրապարակաւ եւ տան մէջ՝ [տունէ տուն (ՆԱ)] սորվեցնելէ։ Վկայութիւն տալով Հրեաներուն եւ Յոյներուն առջեւ՝ դէպի Աստուած ապաշխարութեան համար, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին վրայ եղած հաւատքին համար։—Գործք 20։20, 21, Դիտ. 7/1/90 1, 2, 4բ

Յուլիս 28—Քանզի բոլոր ժողովուրդները՝ ամէն մէկը իր աստուծոյն անունովը կը քալէ, բայց մենք յաւիտեանս յաւիտենից մեր Տէր Աստուծոյն անունովը պիտի քալենք։—Միքիա 4։5

Յուլիս 29—Վասնզի ես կը վկայեմ անոնց համար թէ Աստուծոյ համար նախանձախնդիրներ են, թէեւ ո՛չ գիտակցաբար։—Հռովմայեցիս 10։2, Դիտ. 4/1/90 18, 19բ

Յուլիս 30—Հիւրասիրութիւնը մի՛ մոռնաք, վասնզի անով ոմանք հրեշտակներ ընդունեցին առանց գիտնալու։—Եբրայեցիս 13։2, Դիտ. 1/1/90 9, 10ա

Յուլիս 31—Ով Հայր մեր որ երկինքն ես, քու անունդ սուրբ ըլլայ։ Քու թագաւորութիւնդ գայ։ Քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ։—Մատթէոս 6։9, 10

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել