Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ91 7/1 էջ 3-4
  • Ընտանեկան տագնապին պատճառը ի՞նչ է

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ընտանեկան տագնապին պատճառը ի՞նչ է
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1991
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ընտանեկան Տագնապին Կարգ մը Պատճառները
  • Ընտանեկան տագնապ—Մեր ժամանակը յատկորոշող նշան մը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1993
  • Ընտանեկան ուրախութեան գաղտնիք մը գոյութիւն ունի՞
    Ընտանեկան ուրախութեան գաղտնիքը
  • Աստուած առաջին տեղը դրէք ձեր ընտանեկան կեանքին մէջ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1991
  • Եհովա ‘նեղութեան ժամանակներուն մեր ապաւէնն է’
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2004
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1991
դ91 7/1 էջ 3-4

Ընտանեկան տագնապին պատճառը ի՞նչ է

‘ԾՈ՛ՅԼ է ան’, բացականչեց Պոպ։ ‘Ան ահռելի տանտիկին մըն է’։

‘Ճիշդ չէ ըսածը’, անմիջապէս փոխադարձեց Ճէյն։ ‘Բնաւ չի գնահատեր ի՛նչ որ կը ջանամ ընել։ Այսքան քննադատող մարդ չեմ տեսած’։

Ի՞նչ բան սխալ է Պոպի եւ Ճէյնի կեանքին մէջ։a Անոնց նորակազմ ամուսնութիւնը տակաւին չորս ամսուայ էր եւ արդէն քայքայուելու մօտ էր։ Սակայն, անոնց պարագան բացառիկ չէ, քանի որ վիճակագրութիւնը ցոյց կու տայ թէ ամուսնական անհամաձայնութիւնը սովորական բան մըն է։ Ներկայիս մասնագէտներ կ’ըսեն թէ Միացեալ Նահանգներուն մէջ նոր ամուսնութիւններուն կէսը ամուսնալուծմամբ պիտի վերջանան։ Նոյնքան տխուր վիճակագրութիւններ կու գան ուրիշ շատ մը երկիրներէ։ Բայց, ամուսնալուծումը միայն այս պատկերին մէկ մասն է։ Աննախընթաց թիւով եւ տարբեր պատճառներով, ընտանիքներ տագնապի մէջ են։

Ընտանեկան Տագնապին Կարգ մը Պատճառները

Երախաները մեծապէս կ’ազդուին, երբ ընտանիքի մը մէջ տագնապալից վիճակներ գոյութիւն ունին։ Նիուզուիք պարբերաթերթը կը տեղեկագրէ. «[Միացեալ Նահանգներուն մէջ] անցեալ տասնամեակին ծնած երախաներուն մէկ երրորդը, 18 տարեկան ըլլալէ առաջ, խորթ ընտանիքի մը մէջ պիտի ապրի։ Ներկայիս չորս երախաներէն մէկը, մէկ ծնողքով կը մեծնայ։ Ներկայ երախաներուն 22 առ հարիւրը ամուսնական կապէն դուրս ծնած են, իսկ անոնց մէկ երրորդը՝ անչափահաս մայրերու կողմէ»։

Ընտանեկան տագնապին հետ առնչութիւն ունեցող պատճառ մը տալով, եղծանուած երախաներու մասնագէտ՝ Ժ. Պատրիկ Կէննոն, կ’ըսէ. «Ընթացիկ փորձագիտանքները ցոյց կու տան թէ տասնեակ միլիոնաւոր անհատներ կը մեծնան վատագործ [անբնականօրէն գործող] ընտանիքներու մէջ, ուր գինեմոլութեան պատճառած վայրագութիւնը, ազգապղծութիւնը, կամ զգացական եղծանումը, առօրեայ իրողութիւն մըն էր»։ Զարմանալի չէ որ այսպիսի բաներու ենթարկուած շատ մը երախաներ, իրենց չափահասութեան մէջ չեն գիտեր ինչպէս խուսափիլ ընտանեկան տագնապէ։

Կարգ մը դիտորդներ ընտանեկան տագնապին համար թերեւս այպանեն ճարտարարուեստականացած երկիրները պատած տնտեսական, ընկերային եւ բարոյական փոփոխութիւնները։ Օրինակի համար, մեծ համեմատութեամբ կիներու գործի ասպարէզ մտնելը յաճախ պատճառ եղած է ընտանեկան դերերու եւ պատասխանատուութիւններու վերակարգադրումի ձախողութեան։ Մայրերը ջղագրգռօրէն կը պայքարին իրենց ժանգոտած գործի հմտութիւնները սրելով, հայրերը դժկամութեամբ կը մաքառին առտնին գործերուն հետ, իսկ երախաները արտասուալից աչքերով կը ջանան համակերպիլ մանկամսուրներու կեանքին։

Համայն աշխարհի երկիրներուն մէջ, շատ մը ընտանիքներ մեծ ճնշումներու ներքեւ են։ Աշխատող ծնող մը ասիկա «յարատեւաբար շտապ վիճակի մէջ ապրել»ու նմանցուց։ Զարմանալի չէ որ վերջերս կատարուած փորձագիտանքի մը մէջ հարցաքննուողներուն կէսը ըսին որ ‘Ամերիկացի ընտանիքը հիմա աւելի վատ է քան 10 տարի առաջ’, իսկ շատ քիչեր կը հաւատային որ վիճակը կրնար բարելաւուիլ։

Հետեւաբար, ընտանեկան տագնապը հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի խօսակցութեան նիստերու տեւական նիւթն է։ Հանրութիւնը կը լափէ ընտանիքի շուրջ օգնութիւն տուող գրքերը որոնք երբեմն որոշ չափով խոհեմ եւ գործնական խրատներ կու տան։ Թէեւ, ‘բացայայտօրէն իրարու հետ խօսել’ու, կամ՝ ‘իրարու զգացումները բաժնեկցելու’ նման խրատները կրնան օգտակար ըլլալ, սակայն անոնք ընտանեկան խնդիրներու բուն պատճառը չեն շօշափեր։ Յաջորդ յօդուածը ասիկա պիտի ընէ, ցոյց տալով թէ ի՛նչպէս կարելի է ձեռք առնել ընտանեկան տագնապը։

[Ստորանիշ էջ 3]

a Գաղտնապահութեան համար կեղծանուններ գործածուած են։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել