Աստուած առաջին տեղը դրէք ձեր ընտանեկան կեանքին մէջ
ՊՈՊԸ ԵՒ ԺԷՅՆԸ—նախորդ յօդուածին մէջ ներկայացուած զոյգը—չամուսնալուծուեցան։ Այլ՝ իրենց դժուարութեանց մասին խօսեցան Քրիստոնեայ ծառայի մը։ Ան շուտով նկատեց որ անոնց դժուարութեանց հիմը կը կազմէր անոնց տարբեր ծագումը։
Օրինակի համար, քանի որ Պոպը վաճառականներէ եւ բանուորներէ բաղկացած ընտանիքէ մը կու գար եւ ինք անձամբ ձեռային աշխատանքի մէջ էր, ամէն առաւօտ սննդարար նախաճաշ կ’ուզէր։ Իսկ ճէյնը ընտանիքէ մը կու գար որ պաշտօնեաներէ բաղկացած էր եւ նախաճաշի համար միայն սուրճ ու կարմրած հաց կը մատուցանէր։ Ուստի, նախաճաշի շուրջ վէճը իրական պատերազմի վերածուած էր։
Պոպը եւ Ճէյնը պէտք ունէին իրենց խօսակցութիւնը բարելաւել։ Սակայն, անոնց տագնապին իրական պատճառը շատ աւելի խոր էր։ Քրիստոնեայ ծառան հարցուց. ‘Իրար Ա. Կորնթացիս 13։4–ի լոյսով կը դիտէ՞ք’։ Աստուածաշունչի այդ համարը կ’ըսէ. «Սէրը երկայնամիտ է, քաղցր է. սէրը չի նախանձիր, սէրը չի գոռոզանար, չի հպարտանար»։ Յաջորդ համարը կ’ըսէ թէ սէրը «անվայել վարմունք չունենար, իրենը չի փնտռեր, բարկութեան չի գրգռուիր, չարութիւն չի խորհիր»։ Պոպը եւ Ճէյնը յօժարեցան իրենց յարաբերութեան մէջ կիրարկել այս խօսքերը։
Այս ամոլին խնդիրները նախ հոգեւոր լուծում մը կը պահանջէին։ Քանի որ Պոպը եւ Ճէյնը կը փափաքէին Աստուծոյ հետ լաւ յարաբերութիւն մը պահել, ամէն բանէ առաջ պէտք ունէին Աստուածաշունչի սկզբունքները կիրարկել եւ գիտակցիլ որ «եթէ Տէրը չշինէ տունը, զուր տեղ կ’աշխատին անոր շինողները»։ (Սաղմոս 127։1) Նոյն Սաղմոսին 3–5–րդ համարները ցոյց կու տան որ հոս ընտանիք մը կազմելու մասին է խօսքը։ Իսկ ընտանեկան ուրախութիւն ունենալու յաջողութեան բանալին ընտանեկան կեանքին մէջ Աստուած առաջին տեղը դնելն է։—Եփեսացիս 3։14, 15
Աստուած Առաջին Տեղը Դնելը Ի՞նչ կը Բովանդակէ
Ձեր ընտանեկան կեանքին մէջ Աստուած առաջին տեղը դնելը շատ աւելի խոր իմաստ ունի քան հետեւեալ առածը՝ «Իրարու հետ աղօթող ընտանիքը՝ իրարու հետ կը մնայ»։ Ըստ Ընտանեկան Յարաբերութիւններ [Անգլ.] լրագրին, շատեր կը հաւատան որ «կրօնքը կը դիւրացնէ դրական եւ առողջ ընտանեկան փոխյարաբերութիւն մը եւ անոր անդամներուն կեանքի գոհունակութիւնը կ’աւելցնէ»։ Բայց պարզապէս կրօնք մը ի գործ դնելը կամ Աստուած առաջին տեղը դնելը նոյն բաները չեն։ Շատեր կրօնքի մը կը կառչին պարզ սովորութեան, ընտանեկան աւանդութեան, կամ ընկերային առաւելութեան մը համար։ Անոնց առօրեայ կեանքին վրայ Աստուած շատ քիչ ազդեցութիւն ունի։ Ամենէն կարեւորը, բոլոր կրօնքներն ալ «Աստուծոյ՝ մեր Հօրը քով մաքուր ու անարատ կրօնասիրութիւնը» չեն։—Յակոբու 1։27
Մեր ընտանիքին մէջ Աստուած առաջին տեղը դնելու համար, մենք եւ մեր սիրելիները պէտք է պաշտենք Եհովան՝ որ «բարձրեալ [է] բոլոր երկրի վրայ», իր պահանջներուն համաձայն։ (Սաղմոս 83։18) Յիսուս Քրիստոս՝ Աստուծոյ Որդին, ըսաւ. «Ժամանակ պիտի գայ ու հիմա ալ է, երբ ճշմարիտ երկրպագողները երկրպագութիւն պիտի ընեն Հօրը՝ հոգիով ու ճշմարտութիւնով, վասնզի Հայրն ալ իրեն այնպիսի երկրպագողներ կ’ուզէ։ Աստուած հոգի է եւ իրեն երկրպագողներն ալ պէտք է որ հոգիով ու ճշմարտութիւնով երկրպագութիւն ընեն [պաշտեն [ՆԱ]»։ (Յովհաննու 4։23, 24) Եհովա Աստուած «հոգիով» պաշտելու համար, իրեն մատուցած մեր սրբազան ծառայութիւնը սիրով եւ հաւատքով լեցուն սրտով մը պէտք է ընենք։ (Մարկոս 12։28–31. Գաղատացիս 2։16) Եհովան «ճշմարտութիւնով» պաշտելը կը պահանջէ որ կրօնական ստութիւնները մերժենք եւ Աստուածաշունչին մէջ ի յայտ եկած իր կամքին լիովին ենթարկուինք։ Չենք կրնար Եհովա Աստուած առաջին տեղը դնել մինչեւ որ մեր կրօնքը իր չափանիշներուն համաձայն չըլլայ։a Ի՞նչ են այդ չափանիշներէն քանի մը հատը։ Իսկ զանոնք կիրարկելը ինչպէ՞ս կրնայ օգտակար ըլլալ ձեր ընտանիքին։
Աստուած Առաջին Տեղը Դնել որպէս Ամուսին
Ա. Կորնթացիս 11։3–ի մէջ, Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ամէն այր մարդու գլուխը Քրիստոսն է ու կնոջ գլուխը՝ այր մարդը եւ Քրիստոսին գլուխը՝ Աստուած»։ Եթէ ամուսին մըն էք, աստուածատուր պատասխանատուութիւնը ունիք ձեր ընտանիքին գլխաւոր որոշում առնողը ըլլալու։ Սակայն ասիկա ոեւէ ամուսինի արտօնութիւն չի տար հարստահարող կամ բռնապետ մը ըլլալու։
Աստուածաշունչը կը քաջալերէ ամուսիններուն որ իրենց կիներուն զգացումները նկատի ունենան՝ երբ որոշումներ կ’առնեն որոնք իրենց կ’ազդեն։ (Բաղդատել Ծննդոց 21։9–14)։ Արդարեւ, Սուրբ Գրութիւնները կը յորդորեն բոլորս որ ‘միայն մեր անձերուն շահը չի՛ փնտռենք, հապա ամէն մէկս մեր ընկերինն ալ’։ (Փիլիպպեցիս 2։2–4) Երբ Աստուածաշունչի սկզբունք մը չպարփակուիր, Քրիստոնեայ ամուսին մը յաճախ իր կնոջ նախասիրութեան տեղի կու տայ։ Անձնապէս հետաքրքրուելով իր կնոջմով, ամուսին մը վստահ պէտք է ըլլայ որ ան պատասխանատուութիւններով չէ ծանրաբեռնուած։ Կրնայ զոր օրինակ, առտնին գործերուն մէջ անոր օգնել, մանաւանդ երբ կինը աշխարհային գործ մը ունի։
Պօղոս առաքեալ գրեց. «Նոյնպէս ալ պէտք է որ այրերը իրենց կիները սիրեն իրենց մարմիններուն պէս։ Ան որ իր կինը կը սիրէ, իր անձը կը սիրէ. վասնզի մէկը բնաւ իր անձը չ’ատեր, հապա կը սնուցանէ ու կը խնամէ զանիկա, ինչպէս Քրիստոս ալ՝ եկեղեցին»։ (Եփեսացիս 5։28, 29) Յիսուս Քրիստոս ժողովքի անդամներուն հետ սիրալիր կերպով կը վարուի։
Նկատողութեան արժանի է նաեւ Պետրոս առաքեալի խրատը. «Նմանապէս այրերը խոհեմութիւնով անոնց [իրենց կիներուն] հետ ապրին, տկար անօթի պէս յարգելով կիները, իբրեւ կեանքի շնորհքին ժառանգակիցներ՝ որպէսզի ձեր աղօթքներուն արգելք չըլլայ»։ (Ա. Պետրոս 3։7) Զգաստացուցիչ բան մը չէ՞ գիտակցիլ որ ամուսինի մը աղօթքները կրնան արգելքի հանդիպիլ, երբ իր կնոջ հետ սիրալիր կերպով չի վարուիր։
Աստուած առաջին տեղը դնելը կ’ազդէ նաեւ իր զաւակներուն հետ հօր մը յարաբերութեան։ Հայր մը խորապէս հետաքրքրուած պէտք է ըլլայ անոնց հոգեւոր բարօրութեամբ։ Այսուհանդերձ, Մ.Ն. կարեւորագոյն փորձագիտանքի մը մէջ, մարդոցմէ միայն կէսը ըսին որ «Սուրբ Գրութիւններու ուսումնասիրութեան կամ խմբային խօսակցութեան մասնակցիլը», ‘իրենց ընտանիքին հոգեւոր զարգացման համար կարեւորագոյն բան’ն էր։ Մնացեալները յիշեցին «ձայնասփռուած կրօնական արարողութիւն դիտելը կամ մտիկ ընելը», կամ ‘կեանքի իմաստին մասին խոկալը’։
Սակայն, Աստուածաշունչը հայրերուն կ’ըսէ. «Ձեր որդիները մի՛ բարկացնէք, հապա զանոնք մեծցուցէք Տէրոջը վարժութիւնովն ու խրատովը»։ (Եփեսացիս 6։4) Եհովայի Վկաներուն մէջ, հայրերէն կ’ակնկալուի որ ընտանեկան պաշտամունքի մէջ առաջնորդութիւնը ստանձնեն։ Ընտանեկան Աստուածաշունչի կանոնաւոր ուսումնասիրութիւններ վարելով, ժողովներու յաճախելով եւ սուրբ գրային ուրիշ պահանջներու ենթարկուելով, այսպիսի այրեր Աստուած առաջին տեղը կը դնեն իրենց ընտանեկան կեանքին մէջ։
Աստուած Առաջին տեղը Դնել Որպէս Կին
Եթէ կին մըն էք, կրնաք Աստուած առաջին տեղը դնել ձեր ամուսինին օգնելով ընտանիքին գլուխը ըլլալու իր դերին մէջ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Կի՛ներ, հնազանդ եղէք ձեր այրերուն, ինչպէս կը վայլէ Տէրոջմով»։ (Կողոսացիս 3։18) Ասիկա կրնայ բաւական դժուար ըլլալ եթէ այր մարդ մը շատ հաղորդասէր չէ, կամ ընտանեկան պաշտամունքին մէջ գլխաւորութիւնը առնելու մէջ խոհուն է։ Ի՛նչ որ ալ ըլլայ պարագան, յարատեւաբար իր թերութեան ուշադրութիւն հրաւիրելը, կամ աւելի գէշ, այս մասին զինք անգոսնելը, ընտանեկան լարուածութիւնը միայն կ’աւելցնէ։
Առակաց 14։1–ը կ’ըսէ. «Իմաստուն կիները իրենց տուները կը շինեն, բայց յիմար կինը զանիկա իր ձեռքովը կը փլցնէ»։ Իրապէս իմաստուն ամուսնացած կնոջ մը համար, Աստուած առաջին տեղը դնելու եւ ‘իր տունը շինել’ու կերպերէն մէկն է իր ամուսնոյն հնազանդ ըլլալը։ (Ա. Կորնթացիս 11։3) «Իր լեզուին վրայ քաղցրութեան օրէնք»ը ունենալով, ան կը խուսափի անտեղիօրէն իր ամուսինը քննադատելէ։ (Առակաց 31։26) Ան նաեւ ծանր կ’աշխատի իր ամուսնոյն որոշումները յաջողեցնելու համար։
Ամուսնացած կնոջ մը համար Աստուած առաջին տեղը դնելու ուրիշ մէկ կերպն է ժրաջան կին մը ըլլալը։ Անշուշտ, երբ աշխարհային գործ մը ունի, ան ո՛չ ժամանակ եւ ո՛չ ալ հարկ եղած ոյժը պիտի ունենայ տան իր փափաքած կերպով հոգ տանելու։ Ան տակաւին կը ջանայ այն ‘առաքինի կնոջ’ նման ըլլալ, որու մասին Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Իր տանը ճամբաները կը քննէ եւ ծուլութեան հացը չ’ուտեր»։—Առակաց 31։10, 27
Ամէն բանէ առաջ, կին մը պէտք է Աստուծոյ պաշտամունքը իր կեանքին մէջ առաջին տեղը դնէ։ Առաջին անգամ ըլլալով, Թագաւորութեան Սրահ մը յաճախողներէն շատեր կը խօսին երախաներուն կոկիկ երեւոյթին մասին։ Այս առնչութեամբ կնոջ գործը գին չունի։ Բայց ան պէտք է աշխատի որ իր հոգեւորականութիւնը պահէ, աղօթելով, ուսումնասիրելով եւ Աստուծոյ ծառայելով։
Աստուած Առաջին Տեղը Դնել Որպէս Պատանիներ
Պատանի Խրատատու–ին [Անգլ.] մէջ յօդուած մը կը նշէ. «Զաւակները այնպիսի կեցուածքներ եւ փիլիսոփայութիւններ զարգացուցած են, որոնք անոնց թոյլ տուած են իրենց ծնողները ղեկավարելու։ ... Անմիջական գոհացումը եւ նիւթական հարստութիւնը փառաբանող եւ շեշտող ընկերութեան մը դիմաց գտնուելով, պատանիները՝ ‘Հի՛մա կ’ուզեմ’ կեցուածք մը կը զարգացնեն»։ Եթէ պատանի մըն էք, ասիկա՞ է ձեր կեցուածքը։
Կողոսացիս 3։20–ը կ’ըսէ. «Ո՛րդիներ, ամէն բանի մէջ հնազանդ եղէք ձեր ծնողներուն, վասնզի այն է Տէրոջը առջեւ հաճելի»։ Երբ երիտասարդ մը այս հնազանդութիւնը նկատէ որպէս աստուածային պահանջ մը, իր ծնողքին հետ պիտի համագործակցի։ Օրինակի համար, ան պէտք չէ գաղտագողի անոնց անհնազանդ գտնուի, ընկերակցելով դասընկերներու հետ, որոնցմէ իր ծնողքը չեն ախորժիր. ոչ ալ այնպիսի հնարքներ պիտի փնտռէ, որ ջանայ ծնողներէն մէկուն իր ուզածը ընել տալ։ (Առակաց 3։32) Ընդհակառակը, ոեւէ պատանի որ Աստուած առաջին տեղը կը դնէ, իր ծնողքին սիրալիր առաջնորդութեան պիտի ենթարկուի։
Աստուած Առաջին Տեղը Պահե՜նք
Ընտանեկան շրջանակէն ներս ի՛նչ տեղ որ կը գրաւենք, պէտք է Աստուած առաջին տեղը դնենք եւ իրեն հետ մտերիմ յարաբերութիւն մը մշակենք։ Դուք եւ ձեր ընտանիքը ասիկա կ’ընէ՞ք։
Այս «վերջին օրեր»ուն մէջ, բոլորս ալ «չար ժամանակներ» կը դիմագրաւենք։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1–5) Այսուհանդերձ, կարելի է հոգեւորապէս ուռճանալ եւ իրերու այս դրութեան վախճանէն վերապրիլ։ (Մատթէոս 24։3–14) Աստուածաշունչի ճշգրիտ գիտութեան հետ ներդաշնակ վարուելով, դուք եւ ձեր ընտանիքը կրնաք յուսալ դրախտ երկրի մը վրայ յաւիտեան ապրիլ։ (Ղուկաս 23։43. Յովհաննու 17։3. Յայտնութիւն 21։3, 4) Այո, ասիկա կարելի է, եթէ Աստուած առաջին տեղը դնէք ձեր ընտանեկան կեանքին մէջ։
[Ստորանիշ էջ 5]
a Տես՝ Դուք Յաւիտեան Կրնաք Ապրիլ Երկրային Դրախտի մը մէջ գրքին 22–րդ գլուխը, հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթկի Ընկերութեան կողմէ։
[Նկար՝ էջ 5]
Առաքինի կին մը խորապէս կը գնահատուի
[Նկար՝ էջ 7]
Աստուածաշունչը ամուսիններուն կը քաջալերէ որ ընտանեկան պաշտամունքին մէջ առաջնորդութիւնը ստանձնեն։