Ամուսնութեան մէջ նոր անձնաւորութիւնը մշակենք
«Ձեր մտքով ու հոգիով [միտքը դրդող ոյժով (ՆԱ)] նորոգուիք եւ նոր մարդը [անձնաւորութիւնը (ՆԱ)] ձեր վրայ հագնիք»։—ԵՓԵՍԱՑԻՍ 4։23, 24
1. Ինչո՞ւ ամուսնութիւն մը թեթեւի պէտք չէ առնուի։
ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆԸ կեանքի մէջ առնուած ամենէն լուրջ քայլերէն մէկն է, հետեւաբար, թեթեւի պէտք չէ առնել զայն։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ անով կենսատեւօրէն կը կապուինք ուրիշի մը։ Ասիկա կը նշանակէ մեր ամբողջ կեանքը բաժնել այդ անձին հետ։ Եթէ կ’ուզենք որ այդ յանձնառութիւնը հաստատուն ըլլայ, հասուն դատողութեան կարիքը ունինք։ Անիկա նաեւ կը պահանջէ ‘միտքը նորոգելու եւ նոր անձնաւորութիւնը ձեւաւորելու’ նպաստող ազդեցութիւն մը։—Եփեսացիս 4։23, 24. բաղդատել Ծննդոց 24։10–58. Մատթէոս 19։5, 6։
2, 3. (ա) Ամուսնական ընկերակից մը իմաստուն կերպով ընտրելու համար ի՞նչ բանի կարիքը կայ։ (բ) Ամուսնութիւն մը ի՞նչ կը բովանդակէ։
2 Ամուսնանալու մէջ չարտորալու եւ մարմնին զօրաւոր ցանկութիւններով չտարուելու լաւ պատճառներ ունինք։ Ժամանակ կը պահանջուի հասուն անձնաւորութիւն մը եւ նկարագիր մը զարգացնելու համար։ Ժամանակին հետ կու գան նաեւ փորձառութիւնն ու գիտութիւնը որոնք ողջախոհ դատողութեան հիմը կը կազմեն։ Այդ պարագային, կեանքի յարմար ընկերակից մը ընտռելուն մէջ յաջողելու հաւանականութիւնը կրնայ շատ աւելի մեծ ըլլալ։ Սպանական առած մը որոշ կերպով կ’ըսէ. «Աւելի լաւ է ամուրի մնալ քան անյարմար լուծի տակ գալ»։—Առակաց 21։9. Ժողովողի 5։2
3 Շիտակ կողակից մը ընտրելը բացայայտօրէն հիմնական է յաջող ամուսնութիւն մը կնքելու համար։ Անոր համար, Քրիստոնեան սուրբ գրային ուղղութիւնները ի մտի պէտք է ունենայ, փոխանակ ֆիզիքական հրապոյրով եւ զգացական ու սիրահարական անպատշաճ ճնշումներով առաջնորդուելու։ Ամուսնութիւնը երկու մարմիններ իրար միանալէն շատ աւելին է։ Անիկա երկու անձնաւորութիւններու, երկու ընտանիքներու եւ կրթութիւններու, հաւանաբար երկու մշակոյթներու եւ լեզուներու միացումն է։ Ամուսնութեամբ երկու անձերու միացումը վստահաբար լեզուի լաւ գործածութիւն կը պահանջէ. խօսակցութիւնը քանդելու եւ կերտելու զօրութիւնը ունի։ Այս բոլորը նկատի ունենալով, կրնանք տեսնել Պօղոսի խրատին իմաստուն ըլլալը, երբ յանձնարարեց «միայն թէ Տէրոջմով», այսինքն, հաւատակիցի մը հետ ամուսնանալ։—Ա. Կորնթացիս 7։39. Ծննդոց 24։1–4. Առակաց 12։18. 16։24
Ամուսնութեան Ճնշումները Դիմագրաւել
4. Ամուսնութեան մէջ երբեմն ինչո՞ւ բախումներ եւ լարուածութիւններ կը ծագին։
4 Նոյնիսկ երբ հիմը զօրաւոր ըլլայ, բախումի, ճնշումի եւ լարուածութեան պահեր պիտի ըլլան։ Ամուսնացած ըլլանք կամ ոչ, ասոնք բնական բաներ են ոեւէ մէկուս համար։ Տնտեսական եւ առողջապահական խնդիրները կրնան ճնշումի պատճառ ըլլալ որեւէ յարաբերութեան մէջ։ Լաւագոյն ամուսնութիւններու մէջ իսկ անտրամադիր ըլլալը կրնայ անձնաւորութիւններու բախումներ յառաջացնել։ Ուրիշ պատճառ մըն ալ այն է որ ոչ մէկը կրնայ կատարելապէս զսպել իր լեզուն։ Յակոբոս կ’ըսէ. «Ամէնքս ալ շատ յանցանքներ կ’ընենք. եթէ մէկը խօսքով յանցանք չընէ՝ անիկա կատարեալ մարդ է, որ կարող է բոլոր մարմինն ալ սանձել։ ... Լեզուն պզտիկ անդամ մ’է, բայց մեծ բաներ կը խօսի։ Ահա քիչ մը կրակը ո՛րչափ բան բոցի կու տայ»։—Յակոբու 3։2, 5
5, 6. (ա) Երբ թիւրիմացութիւններ ծագին, ի՞նչ բանի կարիքը կ’ըլլայ։ (բ) Վէրք մը բուժելու համար ի՞նչ քայլեր պէտք է առնուին։
5 Երբ ամուսնութեան մէջ ճնշումներ պատճառուին ինչպէ՞ս կրնանք ձեռք առնել պարագան։ Ինչպէ՞ս կրնանք արգելք հանդիսանալ որ թիւրիմացութիւն մը վէճի դառնայ, իսկ վէճը՝ իրարմէ խզուելու։ Հո՛ս է որ միտքը դրդող ոյժը իր դերը կը խաղայ։ Անոր ազդեցութիւնը կրնայ ըլլալ դրական կամ բացասական, կերտիչ եւ հոգեւոր միտումով, կամ քանդիչ եւ մարմնաւոր միտումներով։ Եթէ անիկա կերտիչ է, անհատը այնպէս մը պիտի վարուի որ բուժէ վէրքը եւ իր ամուսնութիւնը նաւաբեկութենէ փրկէ։ Առարկութիւններն ու անհամաձայնութիւնները վերջ պէտք չէ դնեն ամուսնութեան։ Կարելի է մթնոլորտը մաքրել եւ փոխադարձ յարգանք եւ հասկացողութիւն կայացնել, Աստուածաշունչի խրատները կիրարկելով։—Հռովմայեցիս 14։19. Եփեսացիս 4։23 ՆԱ, 26, 27
6 Այսպիսի պարագաներու, Պօղոսի սա խօսքերը շատ տեղին են. «Աստուծոյ ընտրեալ սուրբերու եւ սիրելիներու պէս ձեր վրայ հագէ՛ք գութը, ողորմութիւնը եւ քաղցրութիւնը, խոնարհութիւնը, հեզութիւնը, երկայնմտութիւնը, իրարու համբերելով եւ իրարու ներելով՝ եթէ մէկը մէկուն դէմ տրտունջ մը ունենայ. ինչպէս Քրիստոս ձեզի ներեց, նոյնպէս ալ՝ դուք։ Եւ այս բոլոր բաներուն վրայ սէրը հագէք, որ կատարելութեան կապն է»։—Կողոսացիս 3։12–14
7. Ոմանք ի՞նչ խնդիրներ կրնան ունենալ իրենց ամուսնութեան մէջ։
7 Դիւրին է կարդալ այս համարները, բայց ներկայ կեանքի ճնշումներուն ներքեւ, միշտ ալ դիւրին չէ կիրարկել։ Հիմնական խնդիր մը ի՞նչ կրնայ ըլլալ։ Երբեմն, առանց անդրադառնալու, Քրիստոնեայ կը կրնայ երկդիմի կեանք մը վարել։ Թագաւորութեան Սրահը, ան եղբայրներուն մէջ ազնուութեամբ եւ փափկանկատութեամբ կը վարուի։ Ապա, երբ տուն վերադառնայ, իր սովորոյթները գտնելով, ան կրնայ մոռնալ իր հոգեւոր վերաբերմունքը։ Այլեւս առանձին են՝ այր եւ կին։ Հազիւ թէ ճնշումի տակ կու գայ, ան կրնայ անազնիւ բաներ ըսել, որոնք բնաւ իր բերնէն պիտի չհանէր Թագաւորութեան Սրահին մէջ։ Ի՞նչ պատահած է։ Վայրկենական Քրիստոնէութիւնը շոգիացած է։ Աստուծոյ ծառայ մը մոռցած է թէ տան մէջ ալ Քրիստոնեայ եղբայր մը կամ քոյր մըն է։ Փոխանակ դրական ըլլալու, միտքը դրդող ոյժը բացասական դարձած է։—Յակոբու 1։22–25
8. Երբ միտքը դրդող ոյժը բացասական ըլլայ, հետեւանքը ի՞նչ կ’ըլլայ։
8 Հետեւանքը ի՞նչ կ’ըլլայ։ Կրնայ ըլլալ որ ամուսինը դադրի ‘խոհեմութիւնով իր կնոջ հետ ապրելէ եւ տկար անօթի պէս զայն պատուելէ’։ Իսկ կինը այլեւս չի յարգեր իր ամուսինը, կորսնցնելով իր «երկիւղած եւ պարկեշտ վարքը»։ Միտքը դրդող ոյժը մարմնաւոր եղած է, փոխանակ հոգեւոր ըլլալու։ ‘Մարմնաւոր միտքը’ տիրապետած է իր վրայ։ Ուստի, ի՞նչ կարելի է ընել այդ դրդող ոյժը հոգեւոր եւ դրական պահելու համար։ Պէտք է զօրացնել մեր հոգեւորականութիւնը։—Ա. Պետրոս 3։1–4, 7. Կողոսացիս 2։18
Ոյժը Զօրացնենք
9. Առօրեայ կեանքին մէջ ի՞նչ ընտրութիւններու դիմաց կը գտնուինք։
9 Այդ դրդող ոյժը մտային հակումն է, որ իր դերը կը խաղայ, երբ բան մը որոշենք կամ ընտրենք։ Կեանքը յարատեւ ընտրութիւններու դիմաց կը դնէ մեզ. լաւ կամ գէշ, անձնասէր կամ անշահախնդիր, բարոյական կամ անբարոյ։ Ի՞նչ բան պիտի օգնէ մեզի որ շիտակ որոշումներ կայացնենք։ Միտքը դրդող ոյժը, եթէ անիկա Եհովայի կամքը կատարելու վրայ կեդրոնացած է։ Սաղմոսերգուն աղօթեց. «Ո՛վ Տէր, սորվեցո՛ւր ինծի քու կանոններուդ ճամբան ու մինչեւ վերջը պիտի պահեմ զանիկա»։—Սաղմոս 119։33. Եզեկիէլ 18։31. Հռովմայեցիս 12։2
10. Մեր միտքը դրդող ոյժը ինչպէ՞ս կրնանք դրականօրէն զօրացնել։
10 Եհովայի հետ զօրաւոր յարաբերութիւն մը պիտի օգնէ մեզի որ զինք հաճեցնենք եւ չարէն խուսափինք. նաեւ ամուսնութեան մէջ անհաւատարիմ ըլլալէ։ Իսրայէլ յորդորուած էր որ իր Եհովա ‘Աստուծոյ առջեւ աղէկ ու հաճոյ եղածը ընէ’։ Աստուած նաեւ խրատ տուած էր. «Ո՛վ Տէրը սիրողներ, չարութիւնը ատեցէ՛ք»։ Տասը Պատուիրաններուն եօթներորդին ի տես՝ «Շնութիւն մի՛ ըներ», Իսրայելացիները պէտք էր ատէին շնութիւնը։ Այդ պատուիրանը ցոյց կու տար որ Աստուած թեթեւի չէր առներ ամուսնութեան մէջ անհաւատարմութիւնը։—Բ. Օրինաց 12։28. Սաղմոս 97։10. Ելից 20։14. Ղեւտացւոց 20։10
11. Տակաւին ի՞նչ կերպով ալ կրնանք զօրացնել մեր միտքը դրդող ոյժը։
11 Մեր միտքը դրդող ոյժը ի՞նչ կերպով ալ կրնանք զօրացնել։ Հոգեւոր գործունէութիւնները եւ արժէքները գնահատելով։ Ասիկա կը նշանակէ որ Աստուծոյ Խօսքը կանոնաւորաբար սերտելու մեր կարիքին գոհացում պէտք է տանք եւ Եհովայի խորհուրդներուն եւ խրատներուն մասին միասնաբար խօսելէն հաճոյք առնել պէտք է սորվինք։ Սաղմոսերգուին անկեղծ զգացումները պէտք է սնուցանենք. «Իմ բոլոր սրտովս խնդրեցի քեզ։ Մի՛ թողուր զիս, որ քու պատուիրանքներէդ մոլորիմ։ Իմ սրտիս մէջ պահեցի քու խօսքերդ, որպէսզի չմեղանչեմ քեզի դէմ։ Ո՛վ Տէր, սորվեցո՛ւր ինծի քու կանոններուդ ճամբան ու մինչեւ վերջը պիտի պահեմ զանիկա։ Իմաստո՛ւն ըրէ զիս, որպէսզի քու օրէնքդ պահեմ ու բոլոր սրտով զանիկա գործադրեմ»։—Սաղմոս 119։10, 11, 33, 34
12. Քրիստոսի միտքը արտացոլացնելու համար, ո՞ր բաները կրնան մեզ միացնել։
12 Եհովայի արդար սկզբունքներուն հանդէպ այսպիսի գնահատութիւն մը միայն Աստուածաշունչը ուսումնասիրելով չի սնուցանուիր, այլ նաեւ՝ Քրիստոնէական ժողովներուն կանոնաւորաբար ներկայ ըլլալով եւ միասնաբար ծառայութեան մասնակցելով։ Այս երկու զօրաւոր ազդեցութիւնները կրնան յարատեւաբար զօրացնել մեր մտքերը դրդող ոյժը, որպէսզի մեր ոչ–անձնասէր կենցաղը արտացոլացնէ Քրիստոսին միտքը։—Հռովմայեցիս 15։5. Ա. Կորնթացիս 2։16
13. (ա) Միտքը դրդող ոյժը զօրացնելու համար, աղօթքը ինչո՞ւ արժէքաւոր ազդակ մըն է։ (բ) Յիսուս այս առնչութեամբ ի՞նչպիսի օրինակ հանդիսացաւ։
13 Պօղոս ուրիշ ազդակ մը մեր ուշադրութեան կը յանձնէ Եփեսացիներուն գրած իր նամակին մէջ. «Աղօթքով ու խնդրուածքով ամէն ատեն աղօթք ըրէք հոգիով»։ (Եփեսացիս 6։18) Ամուսիններ եւ կիներ միասնաբար աղօթելու կարիքը ունին։ Յաճախ այդ աղօթքները սիրտը կը բանան եւ անկեղծ խօսակցութիւններու կ’առաջնորդեն, ամէն վէրք դարմանելով։ Երբ փորձութիւններ կը դիմագրաւենք, աղօթքով Աստուծոյ պէտք է դիմենք, օգնութիւն խնդրելով որ Քրիստոսի մտքին հետ ներդաշնակ եղող բաներ ընելու հոգեւոր զօրութիւն ունենանք։ Նոյնիսկ կատարեալ Յիսուս, շատ մը առիթներով, աղօթքով իր Հօրը դիմեց, իրմէ զօրութիւն խնդրելով։ Իր աղօթքները սրտաբուխ եւ ջերմեռանդ էին։ Այսօր ալ, փորձութեան դիմաց, կրնանք շիտակ որոշումի մը կայանալու զօրութիւն ստանալ, Եհովայէ խնդրելով որ մեզի օգնէ մարմնի ցանկութիւններուն դէմ դնելու եւ մեր ամուսնական ուխտին դէմ չդաւաճանելու։—Սաղմոս 119։101, 102
Վարքի Հակադիր Օրինակներ
14, 15. (ա) Փորձութեան դիմաց Յովսէփ ինչպէ՞ս հակազդեց։ (բ) Ի՞նչ բան օգնեց Յովսէփին որ փորձութեան դէմ դնէ։
14 Ինչպէ՞ս կրնանք փորձութիւն մը դիմագրաւել։ Այս առնչութեամբ, կրնանք յստակօրէն զատորոշել Յովսէփի եւ Դաւիթի բռնած ընթացքները։ Երբ Պետափրէսի կինը անդադար կը ջանար հրապուրել վայելուչ Յովսէփը, որ հաւանաբար ամուրի էր այդ ատեն, ան վերջապէս հետեւեալ պատասխանը տուաւ անոր. «Այս տան մէջ ինծմէ մեծը չկայ ու [քու ամուսինդ] բա՛ն մը ինծմէ չարգիլեց՝ քեզմէ զատ, վասնզի դուն անոր կինն ես. ուրեմն ես ի՜նչպէս այս մեծ չարութիւնը ընեմ ու Աստուծոյ դէմ մեղանչեմ»։—Ծննդոց 39։6–9
15 Ի՞նչ բան օգնեց Յովսէփին որ շիտակ ընթացք մը որդեգրէ, երբ ա՛յդքան դիւրին էր տեղի տալ։ Անոր միտքը դրդող ոյժը զօրաւոր էր։ Ան անտարբեր չէր Եհովայի հետ իր ունեցած յարաբերութեան նկատմամբ։ Ան գիտէր որ եթէ ցանկութեամբ յափշտակուած այս կնոջ հետ պոռնկութիւն ընէր, ոչ միայն անոր ամուսնոյն դէմ պիտի մեղանչէր, այլ՝ շատ աւելի կարեւորը՝ Աստուծոյ դէմ։—Ծննդոց 39։12
16. Փորձութեան դիմաց Դաւիթ ինչպէ՞ս հակազդեց։
16 Ասոր հակառակը, ի՞նչ պատահեցաւ Դաւիթին։ Ան ամուսնացած մարդ մըն էր եւ բազմաթիւ կիներ ունէր, ինչպէս Օրէնքը կը թոյլատրէր։ Իրիկուն մը, ան իր պալատէն դիտեց կին մը՝ որ կը լոգնար։ Անիկա գեղեցիկ Բերսաբէն էր, Ուրիայի կինը։ Դաւիթ ընտրութեան մը դիմաց կը գտնուէր. շարունակել դիտել եւ իր սրտին մէջ հեշտանք արթնցնել կամ հեռանալ եւ փորձութեան տեղի չտալ։ Ան ո՞ր մէկը ընտրեց։ Դաւիթ այդ կինը պալատ բերել տուաւ եւ անոր հետ պոռնկութիւն ըրաւ։ Աւելի գէշը տակաւին, անոր ամուսնոյն մահը դաւեց։—Բ. Թագաւորաց 11։2–4, 12–27
17. Դաւիթի հոգեւոր վիճակին մասին ի՞նչ կրնանք հետեւցնել։
17 Ի՞նչ էր Դաւիթի թերութիւնը։ 51–րդ Սաղմոսին մէջ, հետագային իր ըրած վշտաբեկ խոստովանութենէն կարգ մը իրողութիւններ կրնանք հետեւցնել։ Ան ըսաւ. «Ո՛վ Աստուած, իմ մէջս մաքուր սիրտ ստեղծէ՛ եւ իմ ներսիդիս ուղիղ հոգի նորոգէ»։ Բացայայտ է, ուրեմն, որ իր փորձութեան ատեն, ան մաքուր եւ ուղիղ հոգի մը չունէր։ Ան թերեւս անտեսած էր Եհովայի Օրէնքին ընթերցանութիւնը, որու հետեւանքով, իր հոգեւորականութիւնը տկարացած էր։ Կամ որպէս թագաւոր իր դիրքը եւ հեղինակութիւնը ապականած էին իր միտքը եւ զինք հեշտասիրութեան անձնատուր ըրած էին։ Վստահաբար, իր միտքը դրդող ոյժը այդ պահուն անձնասէր եւ մեղաւոր էր։ Ուստի, ան ընդունեց որ «ուղիղ հոգի» մը ունենալու կարիքը ունէր։—Սաղմոս 51։10. Բ. Օրինաց 17։18–20
18. Յիսուս ի՞նչ խրատ տուաւ շնութեան մասին։
18 Կարգ մը Քրիստոնէական ամուսնութիւններ քայքայուած են, քանի որ կողակիցներէն մէկը կամ երկուքը թոյլ տուած են որ հեգեւորապէս տկարանան, Դաւիթ Թագաւորին նման։ Անոր օրինակը որպէս ազդարարութիւն պէտք է ծառայէ մեզի, որպէսզի չշարունակենք ուրիշ կնկայ կամ մարդու մը կիրքով նայիլ, քանի որ անոր հետեւանքը կրնայ վերջապէս շնութիւն ըլլալ։ Յիսուս ցոյց տուաւ որ ինք կը հասկնար այս ուղղութեամբ մարդկային զգացումները, քանի որ ան ըսաւ. «Լսեր էք որ ըսուեցաւ, ‘Շնութիւն մի ըներ’. Բայց ես ձեզի կ’ըսեմ. ‘Ով որ կին մարդու կը նայի անոր ցանկալու համար, ալ անիկա իր սրտին մէջ շնութիւն ըրաւ անոր հետ’»։ Այս պարագային, միտքը դրդող ոյժը անձնասէր եւ մարմնաւոր է, ոչ թէ հոգեւոր։ Արդ, Քրիստոնեաները ի՞նչ կրնան ընել, շնութենէ խուսափելու եւ իրենց ամուսնութիւնները ուրախ եւ հաճելի պահելու համար։—Մատթէոս 5։27, 28
Ամուսնական Կապը Զօրացնել
19. Ամուսնութիւն մը ինչպէ՞ս կարելի է զօրացնել։
19 Սողոմոն Թագաւոր գրեց. «Եթէ մէկը անոնց բռնութիւն ընէ, երկուքը կրնան անոր դէմ դնել։ Երեքպատիկ դերձանը դիւրաւ չի կտրուիր»։ Անշուշտ, համերաշխ ամուսնութեան մը մէջ, հակառակութեան դիմաց՝ երկուքը մէկէն աւելի լաւ կրնան դէմ դնել։ Բայց եթէ իրենց կապը երեքպատիկ դերձանի մը պէս է՝ Աստուած ալ պարփակելով՝ ամուսնութիւնը հաստատուն պիտի ըլլայ։ Իսկ Աստուած ինչպէ՞ս կրնայ տեղ գրաւել ամուսնութեան մը մէջ։ Ամոլները ամուսնութեան մասին իր սկզբունքները եւ խրատները կիրարկելով։—Ժողովողի 4։12
20. Սուրբ գրային ո՞ր խրատները կրնան օգնել ամուսինի մը։
20 Եթէ ամուսին մը հետեւեալ համարներուն խրատները կիրարկէ, աւելի հաւանական է որ իր ամուսնութիւնը յաջողի.
«Նմանապէս այրերը խոհեմութիւնով անոնց հետ ապրին, տկար անօթի պէս յարգելով կիները, իբրեւ կեանքի շնորհքին ժառանգակիցներ՝ որպէսզի ձեր աղօթքներուն արգելք չըլլայ»։—Ա. Պետրոս 3։7
«Այրե՛ր, սիրեցէ՛ք ձեր կիները, ինչպէս Քրիստոս ալ սիրեց եկեղեցին ու իր անձը մատնեց անոր համար։ Նոյնպէս ալ պէտք է որ այրերը իրենց կիները սիրեն իրենց մարմիններուն պէս։ Ան որ իր կինը կը սիրէ, իր անձը կը սիրէ»։—Եփեսացիս 5։25, 28
«Անոր այրն ալ զանիկա կը գովէ, ըսելով. ‘Շատ աղջիկներ առաքինի եղան, բայց դուն ամենէն գերազանցը եղար’»։—Առակաց 31։28, 29
«Հնա՞ր է որ մէկը կրակի կայծերու վրայ քալէ ու անոր ոտքերը չայրին։ Ասոր պէս է իր դրացիին կնոջը քով գացողն ալ։ Ո՛վ որ անոր դպչի՝ անմեղ չըլլար։ ... Շնութիւն ... ընողը իր հոգին կը կորսնցնէ»։—Առակաց 6։28, 29, 32
21. Սուրբ գրային ո՞ր խրատները կրնան օգնել կնոջ մը։
21 Եթէ կին մը ուշադրութիւն ընծայէ Աստուածաշունչի հետեւեալ կանոններուն, անիկա պիտի նպաստէ որ իր ամուսնութիւնը կայուն մնայ.
«Կիները հնազանդ պէտք է ըլլան իրենց այրերուն, որպէսզի եթէ ոմանք խօսքին հնազանդ չըլլան ալ, առանց խօսքի շահուին իրենց կիներուն վարուելակերպովը՝ տեսնելով անոնց երկիւղած եւ պարկեշտ վարքը ... [եւ ձեր] հեզ ու հանդարտ [հոգին]»։—Ա. Պետրոս 3։1–4
«Այրը թող իր կնոջ [սեռային] պարտքը վճարէ, նոյնպէս կինն ալ՝ իր էրկան։ ... Մէկզմէկ մի՛ զրկէք, եթէ ոչ՝ միաբանութեամբ ատեն մը»։—Ա. Կորնթացիս 7։3–5
22. (ա) Ուրիշ ի՞նչ ազդակներ կրնան նպաստել ամուսնութեան։ (բ) Եհովա ինչպէ՞ս կը նկատէ կին արձակելը։
22 Աստուածաշունչը նաեւ ցոյց կու տայ որ ամուսնական գոհարին կենսական ուրիշ երեսակներն են սէրը, քաղցրութիւնը, գութը, համբերութիւնը, հասկացողութիւնը, քաջալերութիւնը եւ գովասանքը։ Առանց այս բաներուն, ամուսնութիւն մը կը նմանի առանց արեւու եւ ջուրի բոյսի մը. անիկա բնաւ չի ծաղկիր։ Ուստի, մեր միտքը դրդող ոյժը թող մղէ մեզ որ մեր ամուսնութեան մէջ միշտ իրար քաջալերենք եւ կազդուրենք։ Յիշեցէք որ Եհովա «կատէ կին արձակելը»։ Եթէ Քրիստոնէական սէրը ի գործ դրուի, շնութեան եւ ամուսնական քայքայման հաւանականութիւն չի մնար։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ «սէրը բնա՛ւ չիյնար»։—Մաղաքեայ 2։16. Ա. Կորնթացիս 13։4–8. Եփեսացիս 5։3–5
Կրնա՞ք Բացատրել
◻ Ի՞նչ բան հիմնական է ուրախ ամուսնութեան մը համար։
◻ Միտքը դրդող ոյժը ինչպէ՞ս կրնայ ազդել ամուսնութեան մը։
◻ Ի՞նչ կրնանք ընել մեր միտքը դրդող ոյժը զօրացնելու համար։
◻ Փորձութեան դիմաց Յովսէփ եւ Դաւիթ ինչպէ՞ս իրարմէ տարբեր վարուեցան։
◻ Աստուածաշունչի ո՞ր խրատները պիտի օգնեն ամուսիններուն եւ կիներուն որ իրենց ամուսնական կապը զօրացնեն։
[Նկար՝ էջ 18]
Երկդիմի կեա՞նք մը կը վարենք. ժողովքին մէջ ազնիւ, իսկ տան մէջ կոշտ ըլլալով