Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ05 7/1 էջ 3-4
  • Ներքին խաղաղութիւն փնտռել

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ներքին խաղաղութիւն փնտռել
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2005
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Գոհունակութիւն եւ առատաձեռնութիւն
    Զարթի՛ր 2018
  • Ուրախութիւն որքա՜ն անհասանելի է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
  • Աստուծոյ հաւատալու համար հրաշքը անհրաժե՞շտ է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1997
  • Կրնա՞ս այս տագնապալից աշխարհին մէջ խաղաղութիւն գտնել
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2009
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2005
դ05 7/1 էջ 3-4

Ներքին խաղաղութիւն փնտռել

ԱԼՊԵՐԹ ուրախ ամուսնութիւն կը վայելէր եւ երկու սիրուն զաւակներ ունէր։ Բայց ան զգաց թէ իր կեանքին մէջ բան մը կը պակսէր։ Երբ անգործ էր ու կը ջանար գործ ճարել, ան քաղաքականութեան միջամուխ եղաւ եւ ընկերվարութիւնը որդեգրեց։ Ան նոյնիսկ տեղական համայնավար կուսակցութեան գործօն մէկ անդամը եղաւ։

Սակայն շատ չանցած, Ալպերթ համայնավարութենէն յուսախաբ եղաւ։ Ան քաղաքականութեան հետ իր կապերը խզեց եւ լիովին իր ընտանիքին նուիրուեցաւ։ Զանոնք ուրախ պահելը իր կեանքին նպատակը դարձաւ։ Այսուհանդերձ ան տակաւին ներքին պարապութիւն մը կը զգար. իսկական ներքին խաղաղութիւնը կը շարունակէր իրմէ խոյս տալ։

Ալպերթի պարագան անզուգական չէ։ Կեանքի մէջ իմաստալից նպատակ մը գտնելու համար, միլիոնաւոր մարդիկ փորձած են զանազան գաղափարախօսութիւններ, փիլիսոփայութիւններ եւ կրօնքներ։ 1960–ական թուականներուն, Արեւմտեան Աշխարհի մէջ հիփփիներու շարժումը, բարոյական ու ընկերային աւանդական արժանիքներուն դէմ ըմբոստութիւն մըն էր։ Յատկապէս երիտասարդները փորձեցին երջանկութիւնը եւ կեանքին իմաստը գտնել, թմրեցուցիչներու եւ շարժումին հոգեւոր առաջնորդներուն փիլիսոփայութիւններուն միջոցով։ Այսուհանդերձ հիփփիներու շարժումը իսկական երջանկութիւն չբերաւ։ Փոխարէն, անիկա թմրամոլներ ու խառնակեաց անչափահասներ յառաջ բերելու նպաստեց, ընկերութիւնը բարոյական շփոթութեան մատնելով։

Դարերէ ի վեր, շատեր երջանկութիւն որոնած են հարստութեան, հեղինակութեան կամ ուսման միջոցով։ Այս բոլորը ի վերջոյ յուսախաբութեան կ’առաջնորդեն։ Յիսուս ըսաւ. «Մարդուս ստացուածքներուն աւելնալէն կախուած չէ իր կեանքը»։ (Ղուկաս 12։15) Վճռակամօրէն հարստութիւն հետապնդելը սովորաբար ապերջանկութիւն կը բերէ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Անոնք որ հարստանալ կ’ուզեն, կ’իյնան փորձութեան ու որոգայթի եւ շատ յիմարական ու վնասակար ցանկութիւններու մէջ, որոնք աւերումի կամ կործանումի մէջ կ’ընկղմեն մարդիկ։ Վասն զի բոլոր չարութիւններուն արմատը արծաթսիրութիւնն է, որուն մէկ քանիները անձնատուր ըլլալով՝ . . . ինքզինքնին շատ ցաւերով խոցեցին»։—Ա. Տիմոթէոս 6։9, 10

Ուստի անհատ մը ի՞նչպէս կրնայ ներքին խաղաղութիւն եւ կեանքի մէջ նպատակ գտնել։ Անիկա անդադար փորձելո՞վ ձեռք կը ձգուի, մութին մէջ խուսափողական թիրախի վրայ նետ արձակելու նման։ Բարեբախտաբար ո՛չ։ Ինչպէս յաջորդ յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք, լուծումը կապ ունի մարդկային շատ կարեւոր ու յատուկ կարիք մը լեցնելու հետ։

[Նկար՝ էջ 3]

Հարստութիւն, հեղինակութիւն կամ ուսում հետապնդելը քեզի պիտի օգնէ՞ ներքին խաղաղութիւն գտնելու

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել