Աստուծոյ հաւատալու համար հրաշքը անհրաժե՞շտ է
ԱԼՊԷՐ քսանէն քիչ մը աւելի էր, երբ սկսաւ Աստուած փնտռել։ Ան կարգ մը կրօնքներ քննեց, բայց գոհացում չստացաւ։ Երբ Աստուածաշունչէն հատուածներ կը կարդար, ան սորվեցաւ որ Աստուած ի՛նչպէս վարուած էր Նոյի, Աբրահամի, Սառայի եւ Մովսէսի նման անձնաւորութիւններու հետ։ Ալպէր զգաց որ Աստուածաշունչի Աստուծմով հրապուրուած էր։ Բայց ի՞նչպէս կրնար վստահ ըլլալ որ Աստուած իրապէս գոյութիւն ունի։
Երեկոյ մը, Ալպէր մեկուսացած վայր մը գնաց եւ հոն աղօթեց. «Եթէ կը հաճի՜ս, ո՛վ Աստուած, ինծի նշան մը, բան մը տուր, որ կը փաստէ քու գոյութիւնդ»։ Ալպէր երկա՜ր ժամանակ սպասեց։ Ան կը յիշէ որ երբ բան մը չպատահեցաւ, իր ակնկալութիւնը «յուսախաբութեան, պարապութեան եւ բարկութեան վերածուեցաւ»։
Ալպէրին նման, շատեր կը խորհին որ ի զո՜ւր փնտռած են Աստուած։ Անոնք թերեւս կղերներու քարոզներուն կամ հեռատեսիլի աւետարանիչներուն վաճառականութեան պատճառաւ շփոթած են։ Իրենց դրացիներուն բացայայտ կեղծաւորութենէն ազդուած՝ ոմանք նոյնիսկ չեն գիտեր ի՛նչ բանի հաւատալ։ Սակայն, վաղեմի Իսրայէլի Դաւիթ Թագաւորը, իր որդւոյն՝ Սողոմոնի՝ հետեւեալ երաշխիքը տուաւ. «Եթէ [Աստուած] փնտռես՝ պիտի գտնուի քեզի»։—Ա. Մնացորդաց 28։9
Արդ, Աստուած ի՞նչպէս ինքզինք կը յայտնէ։ Արդեօք Աստուծոյ գոյութիւնը փաստելու համար, նշանի մը կամ գերբնական փորձառութեա՞ն մը պէտք ունիք։ Վերջերս, Թայմ պարբերաթերթին մէջ տեղեկագրուած փորձագիտանքի մը համաձայն, Ամերիկացիներու աւելի քան երկու երրորդը հրաշքներու կը հաւատայ։ Յօդուածը կը նշէր նաեւ, որ «Ամերիկայի մէջ ամենէն արագօրէն աճող եկեղեցիները՝ Հրաշաձօն եւ Պէնտէկոստական ժողովքներն են, որոնց պաշտամունքը ‘նշաններու եւ հրաշքներու’ շուրջ կը դառնայ»։
Աստուծոյ հաւատալու համար, իրապէս ‘նշաններու եւ հրաշքներու’ կարի՞քը կայ։ Ան անցեալին հրաշքներ գործած է։ Օրինակ, Տարսոնցի Սաւուղ, որ Աստուծոյ Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի հետեւորդները կը հալածէր, արտակարգ փորձառութիւն մը ունեցաւ, Երուսաղէմէ Դամասկոս տանող ճամբուն վրայ։ Յարուցեալ Յիսուսի հետ այս հրաշալի հանդիպումը, Սաւուղի դարձի գալուն պատճառ եղաւ։ (Գործք 9։1-22) Այս կերպով, նախկին հալածիչը՝ Պօղոս առաքեալը, Քրիստոնէութեան առաջին ջատագովներէն մէկը եղաւ։
Սակայն, հրաշքները միշտ այսպիսի դրական ընդառաջո՞ւմ կ’ունենան։ Աստուծոյ անկեղծօրէն հաւատալը, այսպիսի հրաշալի փորձառութիւն ունենալէ՞ն կախեալ է։
[Նկար՝ էջ 3]
Աստուծոյ Որդին հրաշալի կերպով խօսեցաւ Տարսոնցի Սաւուղի։ Դուք ալ պէ՞տք է հրաշք մը ակնկալէք