Բովանդակութիւն
1 Նոյեմբեր 2011
Աստուծոյ մասին հինգ սուտեր կը քօղազերծուին
ԿՈՂՔԻ ՅՕԴՈՒԱԾԱՇԱՐՔԸ
3 Կրնա՞յ ըլլալ որ քեզ խաբեր են
4 Աստուած խորհուրդ է. շիտա՞կ է
5 Իրականութեան մէջ, Աստուած չի հոգար. շիտա՞կ է
8 Աստուած ամէն անկեղծ պաշտամունք կ’ընդունի. շիտա՞կ է
9 Ճշմարտութիւնը կրնայ կեանքդ փոխել
ՆԱԵՒ ԱՅՍ ԹԻՒԻՆ ՄԷՋ
18 Աստուծոյ Խօսքէն սորվէ՛. ընտանիքդ ինչպէ՞ս կրնայ երջանիկ ըլլալ
ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ
2011–Ի ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 26–ՅՈՒՆՈՒԱՐ 1
«Քու իմաստութեանդ մի՛ վստահիր»
ԷՋ 10
ԵՐԳԵՐ. 195, 47
2012–Ի ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2-8
Կեանքի եւ խաղաղութեան համար, հոգեւո՛րապէս քալէ
ԷՋ 14
ԵՐԳԵՐ. 59, 38
2012–Ի ՅՈՒՆՈՒԱՐ 9-15
«Պանդուխտներ» ամբարիշտ աշխարհին մէջ
ԷՋ 20
ԵՐԳԵՐ. 172, 77
2012–Ի ՅՈՒՆՈՒԱՐ 16-22
Տղամարդոց օգնէ հոգեւորապէս յառաջդիմելու
ԷՋ 24
ԵՐԳԵՐ. 57, 152
2012–Ի ՅՈՒՆՈՒԱՐ 23-29
Եղբայրներուն օգնել որ ժողովքին մէջ ծառայեն
ԷՋ 28
ԵՐԳԵՐ. 123, 204
Ուսումնասիրութեան յօդուածներուն նպատակը
ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 1
Աստուծոյ հայթայթած աղօթքի կարգադրութենէն լիովին կ’օգտուի՞ս։ Տես թէ աղօթքը ինչպէ՛ս կրնայ քեզի օգնել, մինչ նեղութիւններ կը դիմագրաւես, կարեւոր որոշումներ կը կայացնես կամ փորձութիւններու կը դիմադրես։
ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 2
Պօղոս առաքեալ Հռոմի քրիստոնեաներուն ըսաւ թէ ի՛նչ բաներ մտածեն, կեանք ու խաղաղութիւն ձեռք ձգելու համար։ Նկատէ թէ իր տուած խրատէն ինչպէ՛ս կրնաս օգտուիլ։
ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 3
Ինչպէս որ այս յօդուածը ցոյց կու տայ, վաղեմի հաւատարիմ մարդիկը որպէս «պանդուխտներ» ապրեցան։ Յիսուսի նախկին հետեւորդներն ալ այդպէս ըրին։ Ի՞նչ կարելի է ըսել այժմու ճշմարիտ քրիստոնեաներուն մասին։ Նկատի առ թէ այս ամբարիշտ աշխարհին մէջ որպէս պանդուխտներ ապրիլը ի՛նչ կը նշանակէ։
ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ 4, 5
Հոգեւոր հարցերու մէջ առաջնորդութիւնը առնող տղամարդոց կարիք կայ։ Յիսուս բազմաթիւ տղամարդոց օգնեց որ բարի լուրը ընդունին եւ ապա ծառայութեան առանձնաշնորհումներու որակեալ ըլլան։ Իր մեթոտները ուսումնասիրելով պիտի սորվինք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք ծառայութեան մէջ մեր հանդիպած տղամարդոց օգնել, եւ ինչպէ՛ս կրնանք ժողովքի մկրտուած տղամարդոց աջակցիլ, որ Եհովայի կազմակերպութեան մէջ պատասխանատուութիւններու ձգտին։