Մխիթարուէ եւ մխիթարէ
Անկատար մարդիկ ըլլալով, բոլորս հիւանդութենէ տառապած ենք, ոմանք նոյնիսկ լուրջ հիւանդութիւններէ։ Այսպիսի դժուարութիւններու հետ ինչպէ՞ս կրնանք գլուխ ելլել։
Հիւանդութեան հետ գլուխ ելլելու համար, ընտանիքի անդամներուն, բարեկամներուն եւ հաւատակիցներուն կողմէ մխիթարուիլը թանկարժէք օգնութիւն մըն է։
Բարեկամի մը ազնիւ ու սիրալիր խօսքերը կրնան ամոքիչ բալասանի մը նման ըլլալ, որ մեզ կը բուժէ եւ կը թարմացնէ (Առ. 16։24. 18։24. 25։11)։ Բայց ճշմարիտ քրիստոնեաները պարզապէս մխիթարութիւն ստանալով չեն գոհանար։ Անոնք նախաձեռնութիւնը կ’առնեն ‘որպէս զի մխիթարեն զանոնք՝ որ ամէն տեսակ նեղութիւններու մէջ են, այն մխիթարութիւնովը որով իրենք Աստուծմէ կը մխիթարուին’ (Բ. Կոր. 1։4. Ղուկ. 6։31)։ Անթոնիոն՝ Մեքսիքայի մէջ նահանգային տեսուչ մը, այդ փորձառութիւնը ունեցաւ։
Ան շատ նեղացաւ երբ ախտաճանաչումը յայտնեց, թէ արեան տեսակ մը քաղցկեղէ բռնուած էր։ Այսուհանդերձ, ան ջանաց իր բացասական զգացումները հակակշռի տակ առնել։ Ինչպէ՞ս։ Ան փորձեց Թագաւորութեան երգերը յիշել եւ զանոնք երգել, որպէսզի բառերը լսելով ատոնց վրայ խոկար։ Նաեւ, բարձրաձայն աղօթելը ե՛ւ Աստուածաշունչը կարդալը զինք մեծապէս մխիթարեցին։
Սակայն Անթոնիոն այժմ կը գիտակցի, թէ մեծագոյն մէկ օգնութիւնը իր հաւատակիցներէն եկաւ։ Ան կ’ըսէ. «Երբ ես եւ կինս ճնշուած զգայինք, կը խնդրէինք մեր ազգականէն,– որ երէց մըն է,– որ գար եւ մեզի հետ աղօթէր։ Ասիկա մեզ կը մխիթարէր ու կը հանդարտեցնէր»։ Ան կ’աւելցնէ. «Իրականութեան մէջ, մեր ընտանիքին եւ մեր հոգեւոր եղբայրներուն օգնութեան շնորհիւ, քիչ ժամանակի մը մէջ կրցանք բացասական զգացումներու հետ գլուխ ելլել»։ Ան որքա՜ն երախտապարտ էր որ այսպիսի սիրալիր եւ հոգատար բարեկամներ ունէր։
Նեղութեան ժամանակներուն մէջ, ուրիշ օգնութիւն մըն է՝ խոստացեալ սուրբ հոգին։ Պետրոս առաքեալ ըսաւ որ Աստուծոյ սուրբ հոգին «պարգեւ» է (Գործք 2։38)։ Եւ ասոր մէկ ապացոյցն էր՝ շատերու օծուիլը Ք.Ե. 33–ի Պէնտէկոստէին։ Բայց ընդարձակ կիրարկումով, սուրբ հոգին բոլորիս մատչելի պարգեւ մըն է։ Աստուած զայն առատօրէն կը հայթայթէ, ուստի ինչո՞ւ զայն առատութեամբ չխնդրես (Եսա. 40։28-31)։
ՏԱՌԱՊԵԱԼՆԵՐՈՒՆ ՀԱՆԴԷՊ ԽՈՐ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԹԻՒՆ ՑՈՒՑԱԲԵՐԷ
Պօղոս առաքեալ շատ դժուարութիւններու տոկաց, նոյնիսկ առիթով մը մահ դիմագրաւեց (Բ. Կոր. 1։8-10)։ Բայց ան իր կեանքին վրայ հիւանդագին վախ չունէր, հապա մխիթարուեցաւ՝ գիտնալով որ Աստուծոյ աջակցութիւնը ունէր։ Ան գրեց. «Օրհնեալ ըլլայ Աստուած՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին հայրը՝ գթութեան Հայրը եւ ամէն մխիթարութեան Աստուածը, որ մեզ կը մխիթարէ մեր բոլոր նեղութիւններուն մէջ» (Բ. Կոր. 1։3, 4)։ Պօղոս իր անձին վրայ չխղճաց։ Փոխարէն, իր տոկացած փորձութիւնները իրեն օգնեցին, որ կարեկցութիւն մշակէ, այնպէս որ կրցաւ ուրիշները յարմար ժամանակին մխիթարել։
Բժշկուելէ ետք, Անթոնիոն կրցաւ շրջագայական ծառայութեան վերադառնալ։ Ան նախապէս կանոնաւորաբար իր հաւատակիցներով հետաքրքրուած էր, բայց ետքը ինք եւ իր կինը սկսան մասնայատուկ ջանք թափել հիւանդներուն այցելելու եւ քաջալերելու։ Օրինակի համար, լուրջ հիւանդութենէ տառապող քրիստոնեայի մը այցելելով, Անթոնիոն իմացաւ որ ան չէր ուզեր ժողովներու երթալ։ Անթոնիոն կը բացատրէ. «Պատճառը այն չէր թէ ան Եհովան կամ եղբայրները չէր սիրեր, հապա իր հիւանդութիւնը ա՛յնքան ազդած էր իր զգացումներուն որ ինքզինք անօգուտ կը զգար»։
Հիւանդ եղբայրը քաջալերելու համար, հաւաքոյթի մը ընթացքին Անթոնիոն անկէ խնդրեց որ աղօթէ։ Թէեւ եղբայրը անատակ զգաց, բայց առաջարկին ընդառաջեց։ Անթոնիոն կը պատմէ. «Ան գեղեցիկ աղօթք մը մատուցանեց, որմէ ետք տարբեր անձ մը դարձաւ եւ ինքզինք պիտանի զգաց»։
Արդարեւ, բոլորս ալ փորձառաբար տառապանքի տեսակի մը տոկացած ենք։ Բայց ինչպէս որ Պօղոս ըսաւ, ասիկա կրնայ մեզ պատրաստել որ ուրիշները մխիթարենք, երբ մխիթարութեան պէտք ունենան։ Ուստի, ուշադրութիւն ընծայենք հաւատակիցներու տառապանքին եւ մեր Աստուածը՝ Եհովան՝ ընդօրինակենք, մխիթարութեան աղբիւր ըլլալով։