Եհովայի յատկութիւնները լիովին գնահատէ
«Աստուծոյ նմանող եղէք սիրելի զաւակներու պէս» (ԵՓ. 5։1)։
1. ա) Քրիստոնեան Եհովայի ո՞ր յատկութիւններուն մասին կրնայ մտածել։ բ) Աստուծոյ յատկութիւնները քննելով ինչպէ՞ս պիտի օգտուինք։
ԵՐԲ Եհովայի անձնաւորութեան մասին մտածես, անոր ո՞ր յատկութիւնները միտքդ կու գան։ Մեզմէ շատեր կը մտածեն անոր սիրոյն, արդարութեան, իմաստութեան եւ զօրութեան մասին։ Բայց մենք գիտենք թէ Եհովան բազմաթիւ սիրելի յատկութիւններ ունի։ Իրականութեան մէջ, մեր հրատարակութիւնները տարիներու ընթացքին քննարկած են Եհովայի յատկութիւններէն աւելի քան 40 յատկութիւն։ Երեւակայէ թէ անձնական կամ ընտանեկան ուսումնասիրութեամբ որքա՜ն բաներ պիտի սորվիս անոր յատկութիւններուն մասին։ Այսպիսի ուսումնասիրութիւն մը պիտի կարենայ մեր երկնաւոր Հօր հանդէպ մեր գնահատութիւնը խորացնել։ Այսպիսով, մեր գնահատութիւնը որքա՛ն աւելի խորանայ, այնքա՛ն աւելի փափաք կ’ունենանք իրեն մօտենալու եւ զինք ընդօրինակելու (Յես. 23։8. Սաղ. 73։28)։
2. ա) Լուսաբանէ թէ ինչպէ՛ս կրնանք Եհովայի յատկութիւններուն հանդէպ մեր գնահատութիւնը խորացնել։ բ) Ի՞նչ պիտի քննարկենք։
2 Սակայն, ի՞նչ կը նշանակէ բան մը «գնահատել»։ Այս եւ յաջորդ յօդուածներուն մէջ, ատիկա կը նշանակէ՝ բանի մը իսկական արժէքը գիտնալ։ Գնահատութիւնը աստիճանաբար կը խորանայ։ Լուսաբանենք. նոր ճաշի մը հանդէպ մեր գնահատութիւնը կը խորանայ, երբ ատոր բոյրը հոտոտանք, ապա իւրաքանչիւր պատառ համտեսենք եւ վերջապէս երբ զայն անձա՛մբ պատրաստենք։ Նմանապէս, Եհովայի մէկ յատկութեան հանդէպ մեր գնահատութիւնը կը խորացնենք, երբ ատոր մասին աւելի՛ն սորվինք, ատոր վրայ խոկանք եւ ապա երբ այդ յատկութիւնը մեր կեանքին մէջ ցուցաբերենք (Եփ. 5։1)։ Այս եւ յաջորդ երկու յօդուածներուն նպատակն է՝ մեր գնահատութիւնը աւելցնել Եհովայի կարգ մը յատկութիւններուն հանդէպ, որոնք քիչ նկատի առնուած են։ Իւրաքանչիւրին պարագային, պիտի քննարկենք. յատկութիւնը ի՞նչ կը նշանակէ, Եհովան զայն ինչպէ՞ս կը ցուցաբերէ, եւ այս առնչութեամբ ինչպէ՞ս կրնանք Եհովան ընդօրինակել։
ԵՀՈՎԱՆ ԴԻՒՐԱՄԵՐՁ Է
3, 4. ա) Դիւրամերձ անհատը ինչպէ՞ս կը նկարագրես։ բ) Եհովան ինչպէ՞ս մեզ կը հաւաստիացնէ թէ դիւրամերձ է։
3 Նախ նկատի առնենք դիւրամերձ ըլլալու յատկութիւնը։ Դիւրամերձ անհատ մը ինչպէ՞ս կը նկարագրես։ Թերեւս ըսես. ‘Անիկա ազնիւ ու մատչելի անհատ մըն է, որուն հետ կարելի է դիւրաւ խօսիլ’։ Յաճախ կրնաս զատորոշել թէ անհատ մը դիւրամերձ է կամ ոչ, անոր ըսածները լսելով եւ անոր շարժուձեւերն ու դէմքի արտայայտութիւնները քննելով։
4 Եհովան ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ թէ դիւրամերձ է։ Թէեւ հսկայ տիեզերքին ամենակալ Ստեղծիչն է, բայց Եհովան մեզ կը հաւաստիացնէ որ կը տենչայ մեր աղօթքները լսել եւ անոնց պատասխանել (կարդա՛ Սաղմոս 145։18. Եսայի 30։18, 19)։ Աստուծոյ հետ կրնանք երկա՜ր խօսիլ ե՛րբ որ կ’ուզենք եւ ո՛ւր որ ալ գտնուինք։ Անոր ազատօրէն կրնանք մօտենալ, գիտնալով որ հարկ եղած օգնութիւնը կը հայթայթէ (Սաղ. 65։2. Յակ. 1։5)։ Սուրբ Գիրքը այնպէս մը կը նկարագրէ Եհովան, որ հանգիստ զգանք իրեն հետ խօսելու։ Օրինակի համար, սաղմոսերգու Դաւիթ գրեց, թէ «Տէրոջը աչքերը» մեր վրայ են եւ իր «աջ ձեռք»ը մեզ կը պահէ (Սաղ. 34։15. 63։8)։ Եսայի մարգարէն Եհովան նմանցուց հովիւի մը՝ ըսելով. «Գառնուկները իր բազուկովը պիտի հաւաքէ ու զանոնք իր գրկին մէջ պիտի կրէ» (Եսա. 40։11)։ Երեւակայէ՛. Եհովան կ’ուզէ որ իրեն մօտ ըլլանք, ճիշդ ինչպէս որ գառնուկ մը մօտ կ’ըլլայ հոգատար հովիւի մը, երբ անոր գրկին մէջ է։ Ի՜նչ դիւրամերձ Հայր մը ունինք։ Այս ուղղութեամբ, ինչպէ՞ս կրնանք Եհովան ընդօրինակել։
ԱՐԺԷՔԱՒՈՐ ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ
5. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ երէցները դիւրամերձ ըլլան։
5 Վերջերս, զանազան երկիրներու մէջ բնակող նախանձախնդիր Վկաներու ուղղուեցաւ սա հարցումը. «Երէցի մը մէջ ո՞ր յատկութիւնը ամէնէն շատ կ’արժեւորես»։ Մեծամասնութիւնը պատասխանեց. «Անոր դիւրամերձ ըլլալը»։ Ճիշդ է որ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ պէտք է այդ յատկութիւնը մեծապէս զարգացնէ, բայց մասնաւորաբար շատ կարեւոր է որ երէցները դիւրամերձ ըլլան (Եսա. 32։1, 2)։ Քոյր մը ըսաւ, թէ կրնանք երէցի մը ա՛յլ լաւ յատկութիւններէն օգտուիլ, միա՛յն եթէ դիւրամերձ է։ Այդ խօսքերը իրապէս ճշմարիտ են։ Լաւ, ի՞նչ բան անհատ մը դիւրամերձ կը դարձնէ։
6. Դիւրամերձ ըլլալու մէկ բանալին ի՞նչ է։
6 Դիւրամերձ ըլլալու մէկ բանալին է՝ ուրիշներով իսկապէս հետաքրքրուիլ։ Եթէ երէց մը ուրիշներով հետաքրքրուած ըլլայ եւ պատրաստ ըլլայ իր անձէն տալ անոնց, եղբայրներն ու քոյրերը, նոյնիսկ դեռատիներ, հաւանաբար զգան անոր այս կեցուածքը (Մար. 10։13-16)։ 12 տարեկան Քարլոս կ’ըսէ. «Սրահին մէջ կը տեսնեմ որ երէցները կը ժպտին եւ ազնուութեամբ կը վարուին, եւ այս մէկը շա՛տ կը սիրեմ»։ Անշուշտ, բաւարար չէ որ երէց մը ըսէ թէ ինք դիւրամերձ է. ան պէտք է այդ յատկութիւնը ցուցաբերէ (Ա. Յովհ. 3։18)։ Ան ինչպէ՞ս կրնայ ասիկա ընել։
7. Համաժողովի լանջանշան դնելը յաճախ ինչո՞ւ խօսակցութեան դուռ կը բանայ, եւ ասկէ ի՞նչ դաս կրնանք քաղել։
7 Մտածէ հետեւեալ համեմատութեան մասին. վերջերս, եղբայր մը ա՛յլ երկրի մը մէջ համաժողովի ներկայ գտնուեցաւ։ Ետքը, օդանաւով վերադարձած ատեն, օդուղեկիցը իր համաժողովի լանջանշանը տեսնելով, որուն վրայ գրուած էր՝ «Թող Աստուծոյ Թագաւորութիւնը գայ», եղբօր ըսաւ. «Այո՛, թող գայ։ Պէտք է այս նիւթին մասին աւելի՛ն խօսինք»։ Յետոյ, անոնք իրարու հետ խօսակցեցան եւ օդուղեկիցը ուրախութեամբ պարբերաթերթեր ընդունեց։ Մեզմէ շատեր համանման փորձառութիւններ ունեցած են։ Արդեօք համաժողովի լանջանշանը ինչո՞ւ խօսակցութեան դուռ կը բանայ։ Քանի որ առումով մը, ատիկա մարդոց կ’ըսէ. «Ինծի մօտենալու ազատ զգացէք։ Հարցուցէք թէ ո՛ւր կ’ուղղուիմ»։ Լանջանշանը տեսանելի նշան մըն է, որ մարդոց կը գիտցնէ թէ մենք կ’ուզենք մեր հաւատալիքները իրենց հետ բաժնել։ Նմանապէս, երէցները կ’ուզեն իրենց հաւատակիցներուն տեսանելի նշաններ տալ, որոնք կ’ըսեն. «Ինծի մօտենալու ազատ զգացէք»։ Այդ նշաններէն ոմանք ի՞նչ են։
8. Երէցները ինչպէ՞ս ուրիշներու հանդէպ իրենց հետաքրքրութիւնը ցոյց կու տան, եւ ասիկա ինչպէ՞ս ժողովքին կ’ազդէ։
8 Սովորութիւնները կրնան երկրէ երկիր տարբերիլ, բայց յաճախ երբ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն ջերմօրէն ժպտանք, անոնց հետ ձեռնուինք եւ բարեւենք, ցոյց կու տանք թէ իսկապէս իրենցմով հետաքրքրուած ենք։ Ասոր մէջ որո՞նք պէտք է նախաձեռնութիւնը առնեն։ Նկատի առ Յիսուսի հանդիսացած օրինակը։ Մատթէոս կը տեղեկագրէ, թէ երբ Յիսուս իր աշակերտներուն հետ մէկտեղ հաւաքուեցաւ, «մօտենալով՝ խօսեցաւ անոնց» (Մատ. 28։18)։ Նմանապէս, ներկայիս երէցները նախաձեռնութիւնը կ’առնեն իրենց հաւատակիցներուն մօտենալու եւ անոնց հետ խօսակցելու։ Ասիկա ինչպէ՞ս ժողովքին կ’ազդէ։ 88 տարեկան ռահվիրայ քոյր մը ըսաւ. «Շա՜տ կ’արժեւորեմ երէցներուն ջերմ ժպիտը ու ինծի ուղղուած անոնց քաջալերական խօսքերը, մինչ սրահ կը մտնեմ»։ Ուրիշ հաւատարիմ քոյր մը աւելցուց. «Թերեւս ըսածս չնչին թուի, բայց ինծի համար շատ մեծ արժէք ունի, երբ սրահին մուտքը երէց մը ժպիտով ինծի բարի գալուստ կը մաղթէ»։
ԴԻՒՐԱՄԵՐՁ Ե՛Ւ ՄԱՏՉԵԼԻ
9, 10. ա) Եհովան ի՞նչ լաւ օրինակ կը հանդիսանայ։ բ) Երէցները ինչպէ՞ս կրնան իրենք զիրենք ուրիշներուն մատչելի դարձնել։
9 Բացայայտ է որ մէկը մեզի չի կրնար մօտենալ եթէ մատչելի չենք։ Այս ուղղութեամբ, Եհովան լաւ օրինակ կը հանդիսանայ։ Ան «մեր ամէն մէկէն ալ հեռու չէ» (Գործք 17։27)։ Որպէսզի երէցները մատչելի ըլլան, կերպերէն մէկն է՝ ժողովներէն առաջ եւ վերջ ժամանակ տրամադրել, տարեց ե՛ւ երիտասարդ եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ խօսակցելու համար։ Ռահվիրայ եղբայր մը նշեց. «Գնահատուած կը զգամ, երբ երէց մը իմ որպիսութիւնս հարցնէ եւ ապա կանգ առնէ պատասխանս լսելու համար»։ Քոյր մը, որ շուրջ յիսուն տարիէ Եհովային կը ծառայէ, ըսաւ. «Այն երէցները, որոնք ժամանակ կը տրամադրեն որ ժողովէն ետք ինծի հետ խօսին, ինծի զգացնել կու տան թէ արժէք ունիմ»։
10 Հասկնալիօրէն, քրիստոնեայ հովիւները ուրիշ պարտականութիւններու ալ հոգ կը տանին։ Սակայն, ժողովներուն մէջ նպատակակէտ պէտք է ըլլայ՝ նա՛խ ոչխարներուն ուշադրութիւն ընծայել։
ԵՀՈՎԱՆ ԱՆԱՉԱՌ Է
11, 12. ա) Անաչառ ըլլալը ի՞նչ կը պարփակէ։ բ) Անաչառութեան նկատմամբ Եհովան ինչպէ՞ս օրինակ կը հանդիսանայ մեզի։
11 Անաչառութիւնը Եհովայի հոյակապ մէկ ա՛յլ յատկութիւնն է (Գործք 10։34)։ Ի՞նչ կը նշանակէ անաչառ ըլլալ։ Ատիկա կը նշանակէ բոլորին հետ արդարութեամբ վարուիլ։ Բայց եթէ կ’ուզենք անաչառութեամբ վարուիլ, պէտք է նախ համոզուինք որ բոլորին հետ պէտք է արդարութեամբ վարուիլ։ Անաչառ անհատը որոշ մարդիկ չի նախընտրեր, պարզապէս անոնց դիմագիծին կամ հարստութեան պատճառաւ։ Ան պատշաճօրէն անոնց անձնաւորութիւնը հաշուի կ’առնէ։
12 Անաչառութեան մէջ Եհովան մեծագոյն օրինակը կը հանդիսանայ։ Սուրբ Գիրքը կը նշէ, թէ իր «քով աչառութիւն չկայ» եւ թէ ան «աչառութիւն չ’ըներ» (կարդա՛ Գործք 10։34, 35. Բ. Օրինաց 10։17)։ Մովսէսի օրերուն ծագած հարց մը այս մէկը կը փաստէ։
Սալպաադի աղջիկները Եհովայի անաչառութիւնը գնահատեցին (Տե՛ս պարբերութիւն 13, 14)
13, 14. ա) Սալպաադի հինգ աղջիկները ի՞նչ պարագայ դիմագրաւեցին։ բ) Եհովան ինչպէ՞ս անաչառութիւն ցուցաբերեց։
13 Իսրայէլացիները Խոստացեալ երկիրը մտնելէ քիչ առաջ, հինգ ամուրի քոյրեր խնդիր մը դիմագրաւեցին։ Ի՞նչ էր այդ։ Անոնք գիտէին թէ իրենց ընտանիքը, իսրայէլացի ա՛յլ ընտանիքներու նման, հողամաս մը պիտի ստանար, որ իրենց հօր նշանակուած էր (Թուոց 26։52-55)։ Բայց իրենց հայրը՝ Սալպաադ, որ Մանասէ տոհմէն էր, մահացած էր։ Ըստ սովորութեան, այդ հողամասը ժառանգելու իրաւունքը Սալպաադի որդիներուն պիտի անցնէր, սակայն ան միայն աղջիկներ ունէր (Թուոց 26։33)։ Քանի որ ընտանիքին մէջ տղամարդ չկար որ այդ հողամասը ժառանգէր, արդեօք ատիկա ազգականներո՞ւ պիտի տրուէր եւ աղջիկները առանց ընտանեկան ժառանգութեան մնային։
14 Հինգ քոյրերը Մովսէսի մօտենալով՝ հարց տուին. «Ինչո՞ւ համար մեր հօրը անունը իր տոհմին մէջէն վերնայ տղայ չունենալուն համար»։ Անոնք աղերսեցին. «Մեզի ժառանգութիւն տուէք մեր հօրը եղբայրներուն մէջ»։ Արդեօք Մովսէս սապէս հակազդե՞ց. ‘Կանոնին առնչութեամբ բացառութիւններ չկան’։ Ո՛չ. այլ՝ «անոնց դատը Տէրոջը առջեւ դրաւ» (Թուոց 27։2-5)։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Եհովան Մովսէսին ըսաւ. «Սալպաադին աղջիկները շիտակ խօսեցան. անպատճառ անոնց ժառանգութեան բաժինը պէտք է տաս իրենց հօրը եղբայրներուն մէջ ու անոնց հօրը ժառանգութիւնը իրենց վրայ պէտք է դարձնես»։ Ասկէ աւելին, Եհովան այդ բացառութիւնը կանոնի վերածեց, Մովսէսին ըսելով. «Եթէ մարդ մը մեռնի ու տղայ չունենայ, անոր ժառանգութիւնը իր աղջկան վրայ պէտք է դարձնէք» (Թուոց 27։6-8. Յես. 17։1-6)։ Այդ օրուընէ սկսեալ, բոլոր իսրայէլացի կիները՝ որոնք նոյն խնդիրը ունէին, պիտի պաշտպանուէին։
15. ա) Եհովան ինչպէ՞ս կը վարուի իր ժողովուրդին հետ, ներառեալ անոնց հետ՝ որոնք անպաշտպան են։ բ) Աստուածաշունչի ո՞ր ա՛յլ արձանագրութիւններ Եհովայի անաչառութիւնը կը լուսաբանեն։
15 Ասիկա ի՜նչ ազնիւ ու անաչառ որոշում մըն էր։ Այդ հինգ քոյրերը անպաշտպան էին եւ Եհովան իրենց հետ արդարացիօրէն ու յարգանքով վարուեցաւ, ճիշդ ինչպէս որ միւս բոլոր իսրայէլացիներուն հետ կը վարուէր (Սաղ. 68։5)։ Այս դէպքը միայն մէկ օրինակն է Աստուածաշունչի բազմաթիւ արձանագրութիւններուն, որոնք սա սրտապնդիչ ճշմարտութիւնը կը լուսաբանեն. Եհովան իր բոլոր ծառաներուն հետ անաչառութեամբ կը վարուի (Ա. Թագ. 16։1-13. Գործք 10։30-35, 44-48)։
ԿՐՆԱ՛ՆՔ ԵՀՈՎԱՆ ԸՆԴՕՐԻՆԱԿԵԼ
16. Ինչպէ՞ս կրնանք մեր անաչառութիւնը մշակել եւ ամրացնել։
16 Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովայի նման անաչառ ըլլալ։ Յիշէ թէ անաչառութիւնը երկու երեսակ ունի։ Եթէ անաչառ ենք, ուրիշներու հետ անաչառութեամբ պիտի վարուինք։ Թերեւս խորհիս որ լայնամիտ ու անաչառ ես։ Բայց երբեմն դժուար է զատորոշել թէ ուրիշներու հանդէպ իսկապէս ինչպէ՛ս կը զգանք։ Ուստի, ի՞նչ կրնաս ընել գիտնալու համար թէ արդեօք ճանչցուա՛ծ ես թէ անաչառ ես։ Երբ Յիսուս ուզեց գիտնալ թէ մարդիկ իր մասին ի՛նչ կ’ըսեն, իր վստահելի բարեկամներուն հարցուց. «Մարդիկ ո՞վ կ’ըսեն թէ եմ ես Որդին մարդոյ» (Մատ. 16։13, 14)։ Ինչո՞ւ Յիսուսի չհետեւիս։ Կրնաս ճշմարտախօս ու վստահելի բարեկամի մը հարցնել, թէ անաչառ ըլլալու համբաւը ունի՛ս կամ ոչ։ Եթէ ան քեզի յայտնէ թէ որոշ խումբ մը կը նախընտրես, անոնց ցեղին, դրամին կամ բարձր ուսման պատճառաւ, ի՞նչ պէտք է ընես։ Զգացումներուդ մասին Եհովայի աղօթէ, աղաչելով որ քեզի օգնէ կեցուածքդ ճշդելու, որպէսզի ա՛լ աւելի իրեն նմանիս եւ ամէնուն հետ անաչառութեամբ վարուիս (Մատ. 7։7. Կող. 3։10, 11)։
17. Ո՞ր կերպերով կրնանք ուրիշներու հետ անաչառութեամբ վարուիլ։
17 Ժողովքին մէջ, ցոյց կու տանք թէ կը փափաքինք Եհովայի անաչառութիւնը ընդօրինակել, մեր բոլոր եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ յարգանքով եւ սիրառատ բարութեամբ վարուելով։ Օրինակ, երբ հարցը առնչուած է հիւրասիրութեան, կ’ուզենք հրաւիրել ամէն տեսակի հաւատակիցներ, ներառեալ անոնք՝ որոնց ենթահողը մերինէն տարբեր է, ինչպէս նաեւ աղքատները, որբերն ու այրիները (կարդա՛ Գաղատացիս 2։10. Յակոբոս 1։27)։ Իսկ քարոզչութեան մէջ, բոլոր ենթահողերու պատկանող մարդոց հետ,– ներառեալ՝ օտարերկրացիներու հետ,– բարի լուրը անաչառութեամբ կը բաժնենք։ Որքա՜ն ուրախ ենք որ շուրջ 600 լեզուներով Աստուածաշունչի հրատարակութիւններ ունինք։ Անաչառութեան ի՜նչ շօշափելի փաստ։
18. Անձամբ ինչպէ՞ս ցոյց պիտի տաս, թէ Եհովայի դիւրամերձ ու անաչառ ըլլալը կը գնահատես։
18 Իրապէս, մինչ ժամանակ կը տրամադրենք խոկալու համար Եհովայի դիւրամերձ ու անաչառ ըլլալուն վրայ, իրեն հանդէպ մեր գնահատութիւնը կը խորանայ։ Խոր գնահատութիւնը իր կարգին պէտք է մեզ մղէ որ Եհովայի յատկութիւնները լիովին ընդօրինակենք եւ զանոնք ցուցաբերենք մեր հաւատակիցներուն հանդէպ, ինչպէս նաեւ՝ քարոզչութեան մէջ։
«Տէրը մօտ է այն ամենուն որ զինք կը կանչեն» (Սաղ. 145։18)։ (Տե՛ս պարբերութիւն 9)
«Ձեր Տէր Աստուածը. . . աչառութիւն չ’ըներ» (Բ. Օր. 10։17)։ (Տե՛ս պարբերութիւն 17)