Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դհ17 թիւ 4 էջ 3
  • Շուարեցնող հարցում մը

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Շուարեցնող հարցում մը
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2017
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Մահուընէ ետք կեանք՝ ի՞նչ է մարդոց հաւատքը այս մասին
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
  • Մահուընէ ետք կեանք կա՞յ
    Ի՞նչ կը պատահի մեզի երբ կը մեռնինք
  • Հոգիի համար աւելի լաւ յոյս մը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
  • Հոգին անմա՞հ է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2017
դհ17 թիւ 4 էջ 3
Կին մը վարդարանով կ’աղօթէ մոմերու առջեւ

Գրեթէ բոլոր գլխաւոր կրօնքներուն հետեւորդները կը հաւատան որ մարդուն հոգին անմահ է

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԿԵԱՆՔԻՆ ԵՒ ՄԱՀՈՒԱՆ ՄԱՍԻՆ Ի՞ՆՉ Կ’ԸՍԷ ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ

Շուարեցնող հարցում մը

ՄԱՐԴԻԿ տարբեր–տարբեր կարծիքներ ունին կեանքին եւ մահուան մասին։ Շատեր կը կարծեն թէ մեռնելէ ետք պիտի ապրին ուրիշ կազմուածքով մը կամ ուրիշ տեղ մը։ Ուրիշներ կը կարծեն որ նորէն պիտի ծնին, որպէսզի նորէն ապրին։ Իսկ ոմանք կը կարծեն որ մահուընէ ետք բան մը չկայ։

Թերեւս այս նիւթին մասին կարծիք մը ունիս, նայած թէ ինչպէ՛ս մեծցած ես կամ ինչ մշակոյթ ունիս։ Որովհետեւ տարբեր կարծիքներ կան, կա՞յ մէկը կամ բան մը որ այս շուարեցնող հարցումին ճիշդ եւ վստահելի պատասխանը կու տայ։

Դարերէ ի վեր, կրօնական առաջնորդները կը սորվեցնեն թէ մարդուն հոգին անմահ է։ Գրեթէ բոլոր գլխաւոր կրօնքներուն հետեւորդները,– քրիստոնեաներ, հինտուներ, հրեաներ, իսլամներ եւ ուրիշներ,– կը հաւատան որ հոգին անմահ է եւ անձին մեռնելէն ետք կը շարունակէ ապրիլ հոգեղէն տեղ մը։ Անդին, պուտտայականները կը հաւատան որ մէկը շատ անգամներ վերածնելէ ետք՝ ուժը կամ մտային զօրութիւնը կրնայ հասնիլ շատ երջանիկ վիճակի մը, որ կը կոչուի Նիրվանա։

Մարդիկ ուտելիք կը դնեն իրենց մեռած սիրելիներուն համար

Այս գաղափարները ձգած են որ մարդոց մեծամասնութիւնը հաւատայ, թէ մահը միջոց մըն է որ մէկը ուրիշ աշխարհի մը մէջ ապրի։ Շատերու համար, մահը կարեւոր քայլ մըն է կեանքի շրջանին մէջ, եւ անոնց այնպէս կ’երեւի թէ Աստուծոյ կամքն է որ մէկը մեռնի։ Բայց Սուրբ Գիրքը ի՞նչ կ’ըսէ ասոր մասին։ Հաճիս յաջորդ յօդուածը կարդա՛։ Թերեւս պատասխանը զարմացնէ քեզ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել