ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎՆԵՐ ՄԱՐՏ ԱՄՍՈՒԱՆ ՀԱՄԱՐ
Մարտ 2-ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն 129
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ ընտրուած ԾԱՆՈՒՑՈՒՄՆԵՐ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութենէն։ Բացատրեցէք թէ ինչպէ՛ս մասնայատուկ կէտեր ընթացիկ պարբերաթերթերէն կարելի է գործածել։
20 վյրկ. «Պատանիներուն Օգնեցէք որ Եհովան Ճանչնան»։ Հարց պատասխանով նիւթը նկատի առնել։ Ցցուն ըրէք ներկայացում մը որ գործնական է տեղականօրէն, Երիտասարդները կը Հարցնեն գիրքը մատուցանելու։
15 վյրկ. «Ներկայացումներ Որոնք Ընդառաջում կը Գրգռեն»։ Խօսակցութիւն փորձառու երէցի մը եւ երկու կամ երեք ռահվիրաներու եւ/կամ հրատարակիչներու կողմէ։ Նկատի առէք այլազան մօտեցումներ որոնք գործնական են տեղական թաղամասին մէջ։
Երգեցողութիւն 222 եւ փակման աղօթք։
Մարտ 9-ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն 152
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Քաջալերեցէք զանոնք որոնք կը ծրագրեն օժանդակ ռահվիրայութեան մասնակցիլ Ապրիլ ամսուան մէջ, որ դիմումնագիր մը ստանան ու շուտով յանձնեն զայն։
15 վյրկ. «Հետաքրքրութիւնը Հետապնդեցէք Առանց Ուշացումի»։ Հարց պատասխանով։
20 վյրկ. «Ի՞նչ Կրնամ Ըսել Յաւելեալ Հետաքրքրութիւն Գրգռելու»։ Ներկայացուցէք երկու կամ երեք լաւ փորձուած ցուցադրութիւններ։ Իւրաքանչիւրէն ետք, թոյլ տուէք որ հանդիսականները ցոյց տան թէ ինչո՛ւ կը զգան որ ներկայացումը ազդեցիկ պիտի ըլլայ տանուտիրոջ հետաքրքրութիւնը աւելցնելու։
Երգեցողութիւն 10 եւ փակման աղօթք։
Մարտ 16-ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն 95
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիրը։ Պարփակեցէք Ընկերութեան նուիրատուութիւններու ընկալագիրը։ Եղբայրները գովեցէք իրենց հետեւելուն համար Բ. Օրինաց 16։17–ի մէջ յիշուած սկզբունքին։
15 վյրկ. «Եհովայի Գործերը Ճանչցուցէք»։ Հարց պատասխանով։ Բոլորը ջերմօրէն քաջալերեցէք որ համագործակցին Ապրիլ ամիսը գործունէութեան մասնաւոր ամիս մը ընելու։
20 վյրկ. Երէց մը կը վարէ խօսակցութիւն մը երեք կամ չորս հրատարակիչներու հետ, որոնք օժանդակ ռահվիրայութեան պիտի մասնակցին Ապրիլ ամսուան մէջ կամ որոնք այդպէս ըրած են անցեալին։ Հարցուցէք թէ ի՞նչ բան մղեց զիրենք որ ռահվիրայութիւն ընեն, ի՞նչ ծրագիրներ ըրած են Ապրիլ ամսուան համար, եւ որեւէ փորձառութիւն զոր ունեցած են անցեալին երբ ծառայած են որպէս օժանդակ ռահվիրաներ։ Յայտարարեցէք անոնց անունները որոնք մինչեւ հիմա ընդունուած են որպէս օժանդակ ռահվիրաներ Ապրիլ ամսուան համար։
Երգեցողութիւն 123 եւ փակման աղօթք։
Մարտ 23-ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն 143
15 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Աստուածպետական Լուրեր։ Քաջալերեցէք օժանդակ ռահվիրայութեան ծառայութիւնը նկատի առնել Ապրիլ ամսուան մէջ։ Ուրուագծեցէք կարգադրութիւնները մարդիկ հրաւիրելու մասնաւոր դասախօսութեան՝ Ապրիլ 5–ին, եւ դիւրութիւն տալու աւելցած գործունէութեան Ապրիլ ամսուան մէջ։
12 վյրկ. Տեղւոյն կարիքներ կամ խանդավառ դասախօսութիւն հիմնուած 2/1/1992 Դիտարանի յօդուածին վրայ՝ «Օրինակներ՝ Սրտերու Հասնելու Բանալի մը»։ Թելադրեցէք օրինակներ որոնք նպատակայարմար պիտի ըլլան տեղական թաղամասին մէջ ընթացիկ ներկայացումներուն հետ։
18 վյրկ. Դասախօսութիւն հիմնուած 2/1/1992 Դիտարանի յօդուածին վրայ՝ «Եհովայի Երկրային Կազմակերպութիւնը կը Գնահատէ՞ք»։ Ժողովքին հաւատքն ու վստահութիւնը կերտեցէք կազմակերպութեան հանդէպ։
Երգեցողութիւն 113 եւ փակման աղօթք։
Մարտ 30-ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն 21
8 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Բոլորին վերյիշեցուցէք Դիտարանի բաժանորդագրութեան ներկայացումը Ապրիլ ու Մայիս ամիսներուն ընթացքին։ Ուր որ բաժանորդագրութիւն չընդունուիր, կարելի է տեղաւորել երկու պարբերաթերթեր եւ որեւէ գրքոյկ մը (Դպրոց գրքոյկէն զատ) եթէ հարազատ հետաքրքրութիւն յայտնաբերուի։
12 վյրկ. «Ասիկա Ըրէք Զիս Յիշելու Համար»։ Դասախօսութիւն վերակացու տեսուչին կողմէ, հանդիսականներուն մասնակցութեամբ։ Պարփակեցէք տուփի տեղեկութիւնները։
15 վյրկ. Բացատրութիւն «Նախահայրերու Պաշտամունք» նիւթին մասին Պատճառաբանել գրքէն, էջ 29-32 (էջ 284-287, Արբ.)։ Մինչ շատեր կը պնդեն թէ Արեւմտեան երկիրներու ժողովուրդին մեծամասնութիւնը նախահայրերը չի պաշտեր, շատ բան կը կատարուի արդի ընկերութեան մէջ մեռեալները պատուելու։ Կարգ մը մարդիկ տակաւին կը մեծարուին եւ կը պաշտուին կարծես թէ անոնք ողջ են։ Արձաններ, նկարներ, եւ կենսագրութիւններ կը յիշատակեն երեւելի անձնաւորութիւնները։ Ցուցադրութիւն մը ներկայացուցէք ուր հայր մը կը խօսի պատանի զաւակին հետ։ Ծնողը կը գործածէ տեղեկութիւններ Պատճառաբանել գրքէն, էջ 30 (էջ 285, Արբ.)։ Ցցուն ըրէք տեղեկութիւններ առաջին երկու ենթագլուխներէն ցոյց տալու զաւակին թէ ինչո՛ւ վտանգ կայ սոսկում պատճառող ֆիլմեր դիտելուն մէջ, որոնք կը քաջալերեն ոգեհարցութիւնը կամ այն գաղափարը թէ մեռեալները կը վերադառնան ողջերը հետապնդելու։ Բացատրեցէք մեռեալներուն վիճակը եւ յարութեան յոյսը, եւ ցոյց տուէք թէ ինչպէ՛ս ասիկա պէտք է ազդէ մեր տեսակէտին վրայ մեռեալներուն նկատմամբ։ Զաւակը կը յայտնէ փափաք խուսափելու այն զբօսանքէն որ ոգեհարցութիւնը կը քաջալերէ։
10 վյրկ. Փորձառութիւններ Երիտասարդները կը Հարցնեն գրքին գործածութեան մասին Մարտ ամսուան ընթացքին։ Հրաւիրեցէք հրատարակիչներ որ պատմեն ընտրուած դրական փորձառութիւններ, ինչպէս որ ժամանակը կը ներէ։
Երգեցողութիւն 47 եւ փակման աղօթք։