Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 3/92 էջ 3
  • ԵՀՈՎԱՅԻ ԳՈՐԾԵՐԸ ՃԱՆՉՑՈՒՑԷՔ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • ԵՀՈՎԱՅԻ ԳՈՐԾԵՐԸ ՃԱՆՉՑՈՒՑԷՔ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1992)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • 100,000 Օժանդակ Ռահվիրաներ Կ’ուզուին—Կրնա՞ք Օժանդակ Ռահվիրայ Մը Ըլլալ Մարտին, Ապրիլին, Մայիսին
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1997)
  • Ծառայութեան նոր տարուան համար թանկագին նպատակակէտ մը
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2007)
  • Եհովայի առաքինութիւնները հռչակէ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2007)
  • ԿՐՆԱ՞Ք ՕԺԱՆԴԱԿ ՌԱՀՎԻՐԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑԻԼ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1992)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1992)
թծ 3/92 էջ 3

ԵՀՈՎԱՅԻ ԳՈՐԾԵՐԸ ՃԱՆՉՑՈՒՑԷՔ

1 ‘‘Անոր գործերը ազգերուն մէջ [ճանչցուցէ՛ք], յիշեցէ՛ք թէ անոր անունը բարձր է . . . , վասնզի անիկա մեծամեծ բաներ ըրաւ’’։ (Եսա. 12։4, 5) Ինչպէ՞ս կ’ընդառաջէք այս յորդորանքին։ Երբ կը խոկանք Եհովայի գործառնութիւններուն վրայ մեզի հետ, որպէս ժողովուրդ մը եւ որպէս անհատներ, մեր սրտերը չե՞ն մղուիր ուրիշներու պատմելու։ Շուրջ 73 տարի առաջ, Եհովա ազատագրեց իր ժողովուրդը Բաբելոնական գերութենէն։ 1919–էն ի վեր ճշմարիտ պաշտամունքը անխախտօրէն հաստատուած է եւ ներկայիս տարածուած է երկրին բոլոր մասերը։ Այն չափը որով Եհովա կատարած է այս բաները կը գերազանցէ մեր ակնկալութիւնները։ Որպէս անհատ մը, ո՞րքան խորապէս կը գնահատէք Աստուծոյ առաջնորդութիւնը, պաշտպանութիւնը, եւ օրհնութիւնը։ Կրնա՞ք աւելին ընել իր գործերը ճանչցնելու ու իր անունը բարձրացնելու։

2 Յիշատակատօնի եղանակը կը վերյիշեցնէ աստուածային արարք մը որու համար յաւիտենապէս երախտապարտ պիտի ըլլանք։ Ապրիլ ամիսը յատկապէս յարմար ժամանակ մը պիտի ըլլայ Եհովային ցոյց տալու մեր երախտապարտութիւնն ու գնահատանքը մասնակցելով օժանդակ ռահվիրայութեան։ Նաեւ, եթէ ծառայէք որպէս օժանդակ ռահվիրաներ շրջանային տեսուչի այցելութեան ընթացքին, ա՛լ աւելի պիտի օգտուիք անոր օգնութենէն ու քաջալերանքէն ծառայութեան մէջ։

3 Յաճախ, կարգադրութիւնները յաջողութիւն կը գտնեն երբ հրատարակիչներու խումբեր օժանդակ ռահվիրայութեան կը մասնակցին։ Լաւ յայտագիր մը կարելի է ծրագրել այնպէս որ բոլորն ալ ունենան մէկը որու հետ աշխատին, եւ այն քոյրերը որոնք մանուկներ ունին կրնան կարգադրել որ իրարու օգնեն։ Լաւ ծրագրելով, շատեր գտած են թէ շատ դժուար չէ 60 ժամ պահանջքին գոհացում տալը։ Ասիկա կը նշանակէ ծառայութեան յատկացնել որպէս միջին միայն 2 ժամ օրը կամ 15 ժամ շաբաթը։ Կարգ մը օժանդակ ռահվիրաներ կը վկայեն մէկ կամ երկու ժամ իրենց աշխարհային գործէն առաջ կամ վերջ եւ շաբաթավերջերուն աւելի երկար ժամանակ ծառայութեան կը յատկացնեն։

4 Նոյնիսկ եթէ անկարող էք օժանդակ ռահվիրայութեան մասնակցիլ, թերեւս կարող էք ձեր դաշտի ծառայութեան գործունէութիւնը աւելցնել։ Նաեւ, օգնելով փոխադրութեամբ կամ աշխատելով անոնց հետ որոնք ռահվիրայութիւն կ’ընեն, քաջալերանք մը պիտի ըլլաք անոնց։ Որեւէ բան որ կրնանք ընել Եհովայի անունն ու գործերը ճանչցնելու, մեր գնահատող Աստուածը պիտի նկատէ զայն։—Մաղ. 3։16

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել