ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎՆԵՐ ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ ԱՄՍՈՒԱՆ ՀԱՄԱՐ
Դեկտեմբեր 7–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն Թիւ 34
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւն թերթիկէն յարմար ԾԱՆՈՒՑՈՒՄՆԵՐ։ Թելադրեցէք կերպեր հետաքրքրութիւն գրգռելու այն պարբերաթերթերուն նկատմամբ որոնք պիտի ներկայացուին դաշտի ծառայութեան մէջ այս շաբաթավերջը։
15 վյրկ. «Ուրիշները Դրդեցէք Ուշի Ուշով Յիսուսի Նայելու»։ Քաջալերական դասախօսութիւն, ուրուագծելով Մեծագոյն Մարդը գրքին արժէքը մարդոց օգնելու որ ճշմարիտ պաշտամունքը որդեգրեն։
20 վյրկ. «Բաժնեցէք Ճշգրիտ Գիտութիւնը Յիսուս Քրիստոսի Մասին»։ Հարց պատասխանով։ Ցուցադրեցէք տունէ տուն ծառայութեան ատեն եղած խօսակցութիւն մը, ինչպէս որ թելադրուած է 2–րդ պարբերութեան մէջ։
Երգեցողութիւն Թիւ 123 եւ փակման աղօթք։
Դեկտեմբեր 14–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն Թիւ 38
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Պարփակեցէք հաշիւներու տեղեկագիրը եւ նուիրատուութիւններու ընկալագիրը։ Ժողովքը գովեցէք առատաձեռնօրէն նիւթական գետնի վրայ թիկունք կանգնելուն համար տեղական ժողովքին ինչպէս նաեւ Ընկերութեան Թագաւորութեան Սրահներ Շինելու Հիմնադրամին եւ Ընկերութեան համերկրային գործին։ Ինչպէս որ ժամանակը կը ներէ, ընտրուած փորձառութիւններ պատմեցէք թերթիկներ եւ Մեծագոյն Մարդը գիրքը գործածելուն մասին մարդոց օգնելու որ ճշմարիտ պաշտամունքը որդեգրեն։ Ծանուցանեցէք Դեկտեմբեր 25–ի համար եղած մասնաւոր վկայութեան կարգադրութիւնները։
10 վյրկ. «Շարունակեցէք Խօսիլ Ձեր Տեսած ու Լսած Բաներուն Մասին»։ Դասախօսութիւն։ Պարփակեցէք ընտրուած տեղական փորձառութիւններ անպաշտօն վկայութեան մասին։
15 վյրկ. «Թերթիկները Գործածենք Օգտաշատ Արդիւնքներ Ձեռք Ձգելու Համար»—Ա. Մաս։ Հարց պատասխանով նկատի առնել յաւելուածին 1–8 պարբերութիւնները։ 5–րդ պարբերութենէն ետք, ցուցադրեցէք Ընտանեկան Հաճելի Կեանք թերթիկին գործածութիւնը խօսակցութիւն մը սկսելու համար։ 8–րդ պարբերութենէն ետք, ցուցադրեցէք անպաշտօն վկայութիւն մը գործածելով թերթիկ մը։
10 վյրկ. Հարցումի Տուփ։ Դասախօսութիւն երէցի մը կողմէ։
Երգեցողութիւն Թիւ 129 եւ փակման աղօթք։
Դեկտեմբեր 21–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն Թիւ 55
8 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ. պարփակեցէք ծանուցում մը մասնաւոր վկայութեան մասին որ պիտի տրուի Յունուար 1–ին։ Թելադրեցէք մէկ կամ երկու խօսակցական կէտեր զորս կարելի է գործածել բացման խօսքերուն մէջ այս շաբաթավերջուայ դաշտի ծառայութեան մէջ։
15 վյրկ. «Տօներու Ժամանակաշրջանին, Զատորոշումով Հետաքրքրութիւնը Հետապնդեցէք»։ Ունկնդիրներուն հետ խօսակցութիւն։ Ցուցադրեցէք 3–րդ եւ 4–րդ պարբերութիւններուն մէջ յիշուած կէտերը։
22 վյրկ. «Թերթիկները Գործածենք Օգտաշատ Արդիւնքներ Ձեռք Ձգելու Համար»—Բ. Մաս։ Հարց պատասխանով նկատի առնել յաւելուածին 9–16 պարբերութիւնները։ 10–րդ պարբերութենէն ետք, ցուցադրեցէք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ թերթիկ մը գործածելով։ 13–րդ պարբերութենէն ետք, ցուցադրեցէք Ներկայ Աշխարհը Պիտի Վերապրի՞ թերթիկը գործածել ուսումնասիրութիւն մը սկսելու համար։
Երգեցողութիւն Թիւ 143 եւ փակման աղօթք։
Դեկտեմբեր 28–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն Թիւ 81
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Աստուածպետական Լուրեր։ Ցուցադրեցէք Յունուար ամսուան մէջ ներկայացուելիք գրականութիւններուն գործածութիւնը։
10 վյրկ. «Ձեր Անձերը Աստուածպաշտութեան Վարժեցուցէք»։ Քաջալերական դասախօսութիւն Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի տեսուչին կողմէ։ Յստակօրէն բացատրեցէք թէ Թիւ 2 Դասախօսութիւնը ինչպէ՛ս պիտի տրուի, եւ վերյիշեցուցէք անոնց որոնց նշանակուած է Աստուածաշունչի ընթերցումին գլխաւոր կէտերը նկատի առնել, որ երկար մեկնաբանութիւններ չընեն այն համարներուն մասին որոնք նշանակուած են Թիւ 2 Դասախօսութեան։
13 վյրկ. «Կրնաք Մխիթարութիւն Գտնել Նեղութեան Ժամանակ»։ (Դիտ. Յուլիս 15, 1992, էջ 19–22) Քաջալերական դասախօսութիւն երէցի մը կողմէ։
12 վյրկ. Տեղւոյն կարիքներ։
Երգեցողութիւն Թիւ 162 եւ փակման աղօթք։