ԹԵՐԹԻԿՆԵՐԸ ԳՈՐԾԱԾԵՆՔ ՕԳՏԱՇԱՏ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐ ՁԵՌՔ ՁԳԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ
1 Եհովայի այժմու կազմակերպութիւնը թերթիկներ յաջողութեամբ գործածելու պատմութիւն մը ունի։ Մեր օրինաւոր հաստատութեան անունը՝ Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութիւն, ցոյց կու տայ թէ թերթիկները կենսական դեր մը կը խաղան բարի լուրը տարածելու մէջ։ 1881–էն մինչեւ 1918, Եհովայի ժողովուրդը բաժնած է աւելի քան 300 միլիոն թերթիկ։ Այդ ժամանակամիջոցին Քրիստոսի եղբայրներուն մնացորդէն մաս կազմող անհատներէն շատեր ճշմարտութեան հետ շփման մէջ եկան նախ այս առաջին թերթիկներուն միջոցաւ։
2 1987–ին կրկին շեշտ դրուեցաւ փոքր թերթիկներ գործածելուն վրայ, չորս գունաւոր թերթիկներու լոյս տեսնելով զորս ներկայիս կը գործածենք։ 1992–ի «Լոյս Կրողներ» Նահանգային Համաժողովին ծանուցուեցաւ թէ այս թերթիկներու շարքը պիտի երկարէր յաւելեալ չորս գունաւոր եւ միտք գրգռող թերթիկներով։ Անոնք հետեւեալներն են. Մխիթարութիւն՝ Ընկճուածներուն, Ընտանեկան Հաճելի Կեանք, Ո՞վ Իրապէս կը Տիրապետէ Աշխարհին, եւ Ներկայ Աշխարհը Պիտի Վերապրի՞։ Բոլոր այս ութը թերթիկները կը գործածէ՞ք օգտաշատ արդիւնքներ ձեռք ձգելու համար ձեր ծառայութեան մէջ։
3 Լաւ արդիւնքներ կը քաղուին թերթիկները ազդեցիկ կերպով գործածելով։ Մենք կարիքը ունինք անոնցմէ իւրաքանչիւրին հետ քաջածանօթ ըլլալու։ Զոր օրինակ, զանոնք ուշադրութեամբ կարդացի՞ք ըմբռնելու համար իւրաքանչիւրին բացատրած նիւթը։ Մտածեցի՞ք թէ ամէն մէկ թերթիկ ի՞նչ տեսակ մարդոց յարմար պիտի ըլլայ։ Քաջածանօթ ըլլալը իւրաքանչիւր թերթիկի հետ ձեր վստահութիւնը պիտի կերտէ զանոնք գործածելու դաշտի ծառայութեան մէջ ինչպէս նաեւ երբ պատեհութիւնը կը ներկայանայ անպաշտօն վկայութեան։
4 Գործածեցէք Զանոնք Վերայցելութիւններու Ատեն. Շրջանային տեսուչ մը կը գրէ. «Լաւ յաջողութիւն կը գտնեմ շատ մը խօսակցութիւններս թերթիկներով սկսելով»։ Այս մօտեցումը փորձա՞ծ էք։ Ինչո՞ւ չգործածէք թերթիկները որպէս միջոց մը ձեր խօսակցութիւնները սկսելու վերայցելութեան ատեն։ Ութը թերթիկներով, հիմա ութը մղիչ բացումներ ունինք որոնցմէ կրնանք ընտրել։ Իւրաքանչիւր թերթիկ մեզի պատեհութիւնը կու տայ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսելու վերայցելութեան ատեն։
5 Ուրիշ պատեհութիւններ ալ կան թերթիկներ գործածելու համար։ Այցելութեան մը ատեն, խօսակցութեան ընթացքին թերեւս իմանաք թէ անհատը վերջերս մահով սիրելի մը կորսնցուցած է կամ թէ ընտանիքի մէկ անդամը հիւանդ է։ Այն մարդիկը որոնք մեծ վիշտ ունին կամ որոնք կը փորձեն դիմագրաւել երկարատեւ դժուարութիւններ, յաճախ կը զարգացնեն բացասական զգացումներ եւ յուսալքուած կ’ըլլան։ Ի՜նչ սիրալիր բան մը պիտի ըլլայ բաժնել քաջալերական պատգամը որ կը գտնուի Մխիթարութիւն՝ Ընկճուածներուն թերթիկին մէջ։ Թերեւս իմանաք թէ անհատը վերջերս ամուսնալծուած է կամ իր գործը կորսնցուցած է։ Այսպիսի փորձառութիւններ կրնան ցնցիչ ըլլալ եւ մեծ ազդեցութիւն ձգել ընտանիքին վրայ։ Գործածեցէք Ընտանեկան Հաճելի Կեանք թերթիկին երկրորդ էջին մէջ յիշուած հարցումները. «Ընտանիքները ինչո՞ւ այսօր կը հարուածուին այսպիսի լուրջ խնդիրներով։ Ի՞նչպէս կրնանք ընտանեկան հաճելի կեանք մը ունենալ»։ Թերեւս ասոնք գլխաւոր հարցումներն են անհատին մտքին մէջ։ Նոյնիսկ եթէ ուղղակի հետաքրքրութիւն չյայտնաբերուի, հաւանական է որ ան ետքը կարդայ թերթիկը։—Ժող. 11։6
6 Կարգ մը ժողովքներու մէջ թաղամասը յաճախակի կերպով ծածկուած է, եւ շատ մը մարդիկ արդէն մեր գրականութիւններէն մաս մը ունին։ Թերթիկները գործածելով, պատեհութիւնը պիտի ունենանք տանուտէրներուն հետ խօսակցելու հետաքրքրական կէտի մը մասին, իրենց քաշելու, եւ զիրենք մղելու որ Թագաւորութեան յոյսին մասին մտածեն։ Անոնց հարցում մը ուղղեցէք որու կարելի է պատասխանել յաջորդ անգամ մը։ Վերայցելեցէք եւ այս հետաքրքրութիւնը աւելի զարգացուցէք։ Ժամանակի ընթացքին թերեւս կարենանք իրենց հետ ուսումնասիրել գործածելով գրքոյկ մը կամ գիրք մը որ արդէն ունին։
7 Թերթիկները Գործածեցէք Անպաշտօն Կերպով. Եթէ թերթիկները շարունակաբար ձեռքի տակ պահենք—շապիկի գրպանի մը, վերարկուի մը, ձեռքի կամ ծառայութեան պայուսակի մը մէջ, կրնանք զանոնք գործածել շատ մը տարբեր առիթներով, ամէնուրեք ուր մարդիկ կը գտնենք։ Գործածեցէք զանոնք երբ գնում կ’ընէք, երբ կը ճամբորդէք, երբ ձեր ընտանիքի անդամներուն կամ այցելուներու հետ կը խօսակցիք։ Թերթիկները մեզի պատեհութիւն կու տան հակիրճ վկայութիւն մը ներկայացնելու։ Թերթիկը ուղղակի եւ փափկանկատ է։ Անիկա աւելի դիւրաւ կ’ընդունուի քան գիրք մը կամ պարբերաթերթերը, քանի որ կարդալիք շատ բան չկայ։
8 Պատեհութիւնները օգտագործելու մէջ արթուն եղէք, որպէսզի անպաշտօն կերպով թերթիկներ առաջարկէք ձեր դասընկերներուն, գործատեղիին, ճաշարաններու մէջ, վառելանիւթի կայաններու գործաւորներուն, եւայլն։ Երբ կարգադրութիւններ ըրաւ որ իր մեծ մայրը բժիշկի տանի, քոյր մը վստահ եղաւ որ իր հետ թերթիկներ կան։ Բժիշկին գրասենեակը, ան սկսաւ խօսակցութիւն մը յղիի մը հետ։ Կեանքը՝ Խաղաղ Նոր Աշխարհի մը Մէջ թերթիկը կնոջ ցոյց տալէ ետք, քոյրը հարցուց. «Կ’ուզէ՞ք ձեր զաւակը մեծցնել աշխարհի մը մէջ որ հոս նկարագրուածին կը նմանի»։ Ան կարողացաւ շարունակել այդ խօսակցութիւնը կնոջ տունը այցելելով։ Ասիկա առաջնորդեց շարք մը կանոնաւոր վերայցելութիւններու։
9 Աստուածաշունչի Ուսումնասիրութիւններ Կարելի Է Սկսիլ Թերթիկներով. Շրջանային տեսուչ մը տեղեկագրեց թէ իր այցելած ժողովքը սկսաւ 64 տան Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ շաբթուան ընթացքին, թերթիկներ գործածելով տանուտիրոջ բարեւելու ատեն։
10 Փորձա՞ծ էք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը առաջարկել ձեր առաջին վերայցելութեան ատեն։ Թերթիկ մը գործածելով, կրնաք հակիրճօրէն ցուցադրել ի՛նչպէս ուսումնասիրութիւն մը կը վարուի։ Քոյր մը ասիկա ըրաւ գործածելով Կեանքը՝ Խաղաղ Նոր Աշխարհի մը Մէջ թերթիկը։ Պատկերին մատնանշելով, ան հարցուց տանուտիրոջ եթէ խորհած է թէ մեր երկիրը օրին մէկը այդպէս պիտի ըլլայ։ Տանուտիրոջ պատասխանը առնելէ ետք, քոյրը խնդրեց որ կարդայ Բ. Պետրոս 3։13 եւ Եսայեայ 65։17, որոնք ցցուն եղած են թերթիկին մէջ։ Մեր քոյրը անկէ ետք ըսաւ. «Այս խոստումները ոչ երազ մըն են եւ ոչ ալ երեւակայութիւն մը, այլ՝ իրապէս ներկայացուած են Աստուծոյ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին մէջ»։ Ապա ան կարգադրութիւն ըրաւ խօսակցութիւնը շարունակելու յաջորդ շաբաթը։ Երկրորդ այցելութեան ատեն, կնոջ կարգ մը հարցումներուն պատասխան տրուեցաւ եւ Դուք Կրնաք Յաւիտեան Ապրիլ Երկրային Դրախտի մը Մէջ գիրքը իրեն մատուցուեցաւ։ Արդիւնքը եղաւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը։
11 Եթէ դուք մէկն էք որ վերջերս մկրտուեցաւ կամ թերեւս չմկրտուած հրատարակիչ մըն էք որ փորձառութիւն ձեռք կը ձգէք ձեր ծառայութեան մէջ, կրնաք խնդրել աւելի փորձառու անհատներէ որ թելադրութիւններ տան թերթիկներ գործածելուն մասին։ Աստուածաշունչին մէջ շատ մը օրինակներ ունինք անոնց մասին որոնք հաւատքին մէջ հասուն եղողներէն քաջալերութիւն եւ ուղղութիւն ստացան։—Գործք 18։24–27. Ա. Կորն. 4։17
12 Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութեան վարիչը կրնայ յատկապէս օգնական ըլլալ կարգադրութիւններ ընելու որ ուրիշներ ձեզի օգնեն թերթիկները ազդեցիկ կերպով գործածելու մէջ։ Ծնողները պատասխանատուութիւն ունին իրենց զաւակներուն օգնելու որ յառաջդիմեն քարոզչութեան գործին մէջ։ Պատանի Վկայ մը իր ծնողներուն միջոցաւ մարզուեցաւ որ ներկայացնէ Կեանքը՝ Խաղաղ Նոր Աշխարհի մը Մէջ թերթիկը։ Մինչ իր մօր հետ էր Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան մը ընթացքին, ան ներկայացուց թերթիկ մը հետաքրքրուած անհատին ամուսինին։ Ամուսինը ազդուեցաւ նկատելով այսպիսի զօրաւոր կրօնական համոզումներ ունեցող պատանի մը։ Ան մեծապէս հաճոյք առաւ թերթիկը կարդալով։ Ամէն անգամ որ պատանի աղջիկը իր մօր հետ կը վերադառնար, կը բաժնէր համար մը կամ Աստուածաշունչի պատմութիւն մը զոր պատրաստած կ’ըլլար յատկապէս անոր համար։ Այդ մարդը այժմ պարբերաթերթերը կանոնաւորաբար կը կարդայ, հետաքրքրութիւն յայտնեց Յայտնութիւն գրքին հանդէպ, եւ մի քանի ժողովներու ներկայ գտնուեցաւ։ Այս արդիւնքը եղաւ քանի որ ծնողները ժամանակ յատկացուցին իրենց պատասխանատուութեան հոգ տանելու, սորվեցնելով իրենց աղջկան որ թերթիկները օգտագործէ։
13 Մեր Նոր Թերթիկները Ազդեցիկ Կերպով Գործածեցէք. Ներկայ Աշխարհը Պիտի Վերապրի՞ թերթիկը գործածելով, կրնաք ձեր խօսակցութիւնը սկսիլ ըսելով. «Բարի լոյս։ Մարդոց կը խօսինք կեանքի որակին մասին այսօր։ Կը խորհի՞ք որ կեանքի որակը պիտի բարելաւուի, կամ պիտի շարունակէ վատթարանալ։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Շատեր կը խորհին թէ ինչ որ տեղի կ’ունենայ Աստուածաշունչին մարգարէութիւնները կը կատարէ եւ թէ աշխարհին վերջը մօտ է։ Դուք ի՞նչ կը խորհիք»։ Տանուտէրը պատասխանելէ ետք, թերթիկը ներկայացուցէք եւ ուշադրութիւն հրաւիրեցէք երկրորդ պարբերութեան մէջ յիշուած երեք հարցումներուն։ Ապա թերթիկին զարգացումին հետեւեցէք ցոյց տալու համար թէ անցեալին աշխարհ մը վերջ գտաւ եւ ներկայ աշխարհն ալ շուտով վախճան մը պիտի ունենայ։ Այցելութեան վերջաւորութեան, կարգադրութիւն ըրէք ուրիշ այցելութեան մը համար Սուրբ Գրային ապացոյցները քննելու թէ աշխարհին վախճանը մօտ է։
14 Շատ անգամ այնպիսի վիճակի մէջ կ’ըլլանք որ Թագաւորութեան պատգամը կը բաժնենք ուրիշներու հետ միայն հակիրճ կերպով, ինչպէս գործատեղիին կամ դպրոցին մէջ։ Ձեր գործատեղիին մէջ, թերեւս խօսակցութիւն մը դառնայ կառավարութեան վերաբերեալ վերջին լուրերուն մասին։ Կրնաք ըսել թէ հակառակ առաջնորդներուն լաւ մղումով ըրած ամէն ջանքերուն, աշխարհը ահռելի կերպով տառապած է ամբողջ պատմութեան տեւողութեան։ Ետքը ակնարկեցէք Ո՞վ Իրապէս կը Տիրապետէ Աշխարհին թերթիկին երկրորդ էջին վարի պարբերութեան։ Կարդացէք միտք գրգռող երեք հարցումները։ Եթէ ժամանակ չկայ հակիրճ խօսակցութիւն մը ընելու, անհատին տուէք թերթիկը եւ կարգադրութիւններ ըրէք այս հարցումները նկատի առնելու ուրիշ ատեն մը կամ տեղ մը։
15 Որպէս անհատներ եւ ընտանիքներ, ժամանակ յատկացուցէք մտածելու համար թէ ինչպէ՛ս ներկայացնէք իւրաքանչիւր թերթիկ։ Փորձի նիստեր ըրէք։ Ինչպէ՞ս կրնաք թերթիկները գործածել ուրիշ գրականութիւններու հետ որոնք դաշտի ծառայութեան մէջ պիտի ներկայացուին այդ ամիսը։ Ի՞նչ ժամադրութիւններ ունիք ուր կրնաք մի քանի թերթիկներ տանիլ ձեր հետ։ Այս շաբաթ հաղորդակցութեան մէջ պիտի գա՞ք անհատի մը հետ որ կրնայ օգտուիլ այս թերթիկներու ներկայացուցած ժամանակեայ պատգամէն։
16 Եհովայի հանդէպ խոր սէրը եւ մարդոց հանդէպ հետաքրքրութիւն ունենալը պիտի մղեն մեզ մեր լաւագոյնը ընելու բարի լուրը ճանչցնելու։ Թերթիկները կանոնաւորաբար գործածելը պիտի օգնէ մեզի ասիկա ընելու։ Եօթը տարեկան մանչ մը ուզեց իր դրացիին օգնել որ նոր դրութեան անցնի, ուստի անոր թերթիկ մը տուաւ, եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսաւ։ Ասիկա շատ պարզ կը թուի։ Բայց կը գնահատե՞նք այս պարզ մօտեցումը մեր ծառայութեան մէջ։ Յաջորդ անգամ անհատի մը թերթիկ մը կու տանք, ան կրնայ նաեւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան մը առաջնորդել։ Եթէ իմաստութեամբ գործածենք թերթիկները Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելուն մէջ, վստահ ենք որ օգտաշատ արդիւնքներ ձեռք պիտի ձգենք։