ԱՍՏՈՒԱԾՊԵՏԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԴՊՐՈՑԻ ՎԵՐԱՔԱՂ
Գոց գրքերով վերաքաղ այն նիւթերուն զորս տրուեցան Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի նշանակումներով՝ Սեպտեմբեր 7–էն մինչեւ Դեկտեմբեր 21, 1992, շաբաթներու ընթացքին։ Անջատ թուղթ մը գործածեցէք հարցումներուն պատասխանելու, որքան որ կրնաք յատկացուած ժամանակամիջոցին։
[ՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆ. Գրաւոր վերաքաղին ընթացքին, միայն Աստուածաշունչը կարելի է գործածել որեւէ հարցումի պատասխանելու համար։ Հարցումներուն յաջորդող վերագրութիւնները ձեր անձնական հետազօտութեան համար են։]
Հետեւեալ արտայայտութիւններուն Շիտակ կամ Սխալ պատասխանեցէք.
1. Նախընտրելի է դասախօսութիւնը գոց սորվիլ, ամէն նօթագրութիւն գործածելէ ձերբազատուելու համար։ [Դասագիրք էջ 63 § 17]
2. Ձեր ձայնին որակը բարելաւելու համար, ձեր ձայնին արձանագրութեան մտիկ ընելը օգնական բան մըն է։ [Դասագիրք էջ 64 § 3]
3. Պէտք չկայ փափկանկատ ըլլալու երբ կը խօսինք ընտանիքի անդամներուն հետ որոնք հաւատակից չեն։ [Դասագիրք էջ 72 § 12]
4. Տեսակէտ յայտնող հարցումներ գործածելը շատ կ’օգնէ անհատին սրտին հասնելու։ [Դասագիրք էջ 76 § 10]
5. Ապաստանի քաղաքին մէջ մնալով, սխալմամբ սպաննողը կը զգար իր արարքին լրջութիւնը եւ կ’ազդուէր Եհովայի ողորմութենէն որ իրեն համար այս ապաստանը կարգադրած է։ (Յես. 20։6) [Շաբաթական ընթերցումը. տես Դիտ. 73 էջ 304 (Անգլ.), կամ 1/1/74 էջ 6 (Արբ.)։]
6. Այնքան ատեն որ Յիսուս ներկայ էր, իր աշակերտները յարմար պիտի չնկատէին ծոմ պահել։ Հետագային, երբ Յիսուս մեռնէր, իր աշակերտները պիտի սգային եւ ծոմ պահէին։ Բայց երբ ան յարուցուէր եւ երկինք համբառնար, այլեւս սուգի ծոմապահութեան պէտք պիտի չունենային։ [Մեծագոյն Մարդը գլուխ 28. կամ Դիտ. 12/1/87 էջ 9]
7. Շաբաթ օրով Յիսուս աւազանին քով կը բուժէ մարդ մը որ 38 տարիէ ի վեր հիւանդ էր։ Ասիկա լսելով, Հրեաները կ’երթան Յիսուսի քով գիտնալու համար թէ ինք այս սքանչելի բաները ինչպէ՞ս կրնայ ընել։ [Մեծագոյն Մարդը գլուխ 29. կամ Դիտ. 1/1/88 էջ 8–9]
8. Սովորաբար Սամուէլ եւ իր զաւակները չեն դասուիր Յեսուէն ետք ծառայող դատաւորներուն մէջ։ [Շաբաթական ընթերցումը. տես Դիտ. 86 6/1 էջ 31 (Անգլ.), կամ 1/15/87 էջ 24 (Արբ.)։]
9. Հրեայ կրօնական առաջնորդները թէեւ դատապարտեցին զինք Շաբաթը չպահելուն համար, Յիսուսի ըրած գործը արգիլուած չէր Շաբաթի օրէնքին մէջ։ Քարոզելու եւ բժշկելու իր գործը Աստուծոյ կողմէ նշանակում մըն էր եւ ինք կը շարունակէր կատարել զայն ամէն օր, զԱստուած ընդօրինակելով։ [Մեծագոյն Մարդը գլուխ 30. կամ Դիտ. 2/1/88 էջ 8–9]
10. Դաւիթին տալով իր հանդերձները, սուրը, աղեղը, եւ գօտին, Յովնաթան ցոյց տուաւ թէ կ’ընդունէր Դաւիթը եւ իրեն կ’ենթարկուէր որպէս օծուած՝ թագաւոր ըլլալու։ (Ա. Թագ. 18։3, 4) [Շաբաթական ընթերցումը. տես Դիտ. 1/1/89 էջ 24 § 4 (Անգլ.)։]
Հետեւեալ հարցումներուն պատասխանեցէք.
11. Փարիսեցիները ինչո՞ւ կը սեպեն ցորենի հասկեր փրցնելը եւ ափին մէջ շփելը թէ արտօնուած չեն Շաբաթ օրը։ [Մեծագոյն Մարդը գլուխ 31. կամ Դիտ. 3/1/88 էջ 8–9]
12. Յանպատրաստից խօսելուն օգուտներէն երկու հատ յիշեցէք։ [Դասագիրք էջ 59–60 §§ 5–7]
13. Ի՞նչպէս կարելի է սահմանել փափկանկատութիւնը։ [Դասագիրք էջ 69 § 2]
14. Երբ ուրիշի մը կը սորվեցնենք, ինչո՞ւ պէտք է ջանանք աւելին ընել քան պարզապէս գիտութիւն փոխանցել։ [Դասագիրք էջ 75 §§ 7, 8]
15. Խօսելէն զատ, ի՞նչ բաներ պարփակուած են խօսակցութեան մէջ։ [Դասագիրք էջ 79 § 3]
16. Եթէ խումբի մը խօսակցութիւնը կերտիչ ըլլալէ դադրի, ի՞նչ կրնանք անձամբ ընել անոր առնչութեամբ։ [Դասագիրք էջ 83 § 22]
17. Դատաւորաց 4։4–ին ի տես, կարելի՞ է որ Դեբօրան սեպուի վաղեմի Իսրայէլի դատաւորներէն մէկը։ [Շաբաթական ընթերցումը. տես Դիտ. 86 6/1 էջ 31 (Անգլ.), կամ 1/15/87 էջ 24 (Արբ.)։]
18. Շաբաթ օրը ի՞նչ բան ընելը օրինաւոր է։ [Մեծագոյն Մարդը գլուխ 32. կամ Դիտ. 4/1/88 էջ 8–9]
19. Ի՞նչ կը նշանակէ ‘ան պիտի չվիճի եւ անոր ձայնը պիտի չլսուի հրապարակներուն մէջ’։ (Եսայ. 42։1–4) [Մեծագոյն Մարդը գլուխ 33. կամ Դիտ. 5/1/88 էջ 8–9]
Հայթայթեցէք պէտք եղած բառը կամ նախադասութիւնը՝ հետեւեալ արտայայտութիւնները ամբողջացնելու համար.
20. Յիսուս պատրաստ էր իր առաքեալները ընտրելու։ Անոնք իր . . . . . . . . . . . պիտի ըլլային։ Սակայն զանոնք ընտրելէն առաջ, ամբողջ գիշերը . . . . . . . . . . ., հաւանաբար . . . . . . . . . . . խնդրելու համար։ [Մեծագոյն Մարդը գլուխ 34. կամ Դիտ. 6/1/88 էջ 8]
21. Սովորաբար անհատի մը բերանը պէտք է բարձրախօսէն . . . . . . . . . . . հեռու ըլլայ։ [Դասագիրք էջ 68 § 19]
22. Մատթէոս Ղուկասէն . . . . . . . . . . . աւելի երկար կերպով տուած է քարոզին նկարագրականը։ [Մեծագոյն Մարդը գլուխ 35. կամ Դիտ. 7/1/88 էջ 22–3]
23. Ինչ որ . . . . . . . . . . . արձանագրած է, . . . . . . . . . . . զանոնք կը ներկայացնէ որպէս թէ Յիսուս զանոնք ըսած ըլլար իր ծառայութեան մէջ ուրիշ առիթով մը։ Յիսուս հաւանաբար նոյն բաները . . . . . . . . . . . սորվեցուց եւ . . . . . . . . . . . նախընտրեց այս ուսուցումներուն մէկ մասը արձանագրել . . . . . . . . . . . մէջ։ [Մեծագոյն Մարդը գլուխ 35. կամ Դիտ. 7/1/88 էջ 22–3]
24. Երբ Յիսուս ուրախութեան մասին կը խօսի, ըսել չուզեր որ անհատը պարզապէս . . . . . . . . . . . եւ . . . . . . . . . . . մէջ պիտի ըլլայ։ Իրական ուրախութիւնը աւելի խոր է, իր մէջ պարունակելով . . . . . . . . . . ., . . . . . . . . . . . եւ կեանքի . . . . . . . . . . . իմաստը։ [Մեծագոյն Մարդը գլուխ 35. կամ Դիտ. 8/1/88 էջ 10–11]
25. Նոյնիսկ ստիպողական պարագաներու, Աստուծոյ օրէնքը . . . . . . . . . . . պէտք չէ անտեսուի։ (Ա. Թագ. 14։31–34) [Շաբաթական ընթերցումը. տես Դիտ. 3/1/87 էջ 20։]
Ընտրեցէք շիտակ պատասխանը իւրաքանչիւր հետեւեալ արտայայտութիւններուն մէջէն.
26. Հարստութիւն ունենալը վայ կը բերէ երբ (անհատը գործածէ իր եկամուտը ընտանեկան պէտքերուն հոգ տանելու. անհատը անոր վրայ գուրգուրայ. անհատը թիկունք կանգնի կարօտեալ եղբայրներուն)։ [Մեծագոյն Մարդը գլուխ 35. կամ Դիտ. 8/1/88 էջ 10–11]
27. Իր խօսքերով՝ «Ո՛վ որ կին մարդու կը նայի անոր ցանկալու համար, ալ անիկա իր սրտին մէջ շնութիւն ըրաւ անոր հետ», Յիսուս կը դատապարտէ (անցողակի անբարոյ խորհուրդը. շարունակական նայուածքը որ կրնայ անհատին կիրքը արթնցնել, որ իր կարգին եթէ առիթը ներկայանայ, կրնայ շնութեամբ վերջանալ)։ [Մեծագոյն Մարդը գլուխ 35. կամ Դիտ. 9/1/88 էջ 8–9]
28. Յիսուսի ուսուցումին համաձայն՝ «Եթէ մէկը ապտակ մը զարնէ աջ ծնօտիդ, դարձուր անոր միւսն ալ», կը հասկնանք թէ (անհատ մը ինքզինք կամ իր ընտանիքը պիտի չպաշտպանէ, երբ յարձակումի ենթարկուի. եթէ մէկը փորձէ կռիւ հրահրել կամ առարկել, մեր կողմէ սխալ պիտի ըլլայ անոր փոխադարձել)։ [Մեծագոյն Մարդը գլուխ 35. կամ Դիտ. 9/1/88 էջ 8–9]
29. «Երբ աղօթք կ’ընես, մտիր քու ներքին սենեակդ», այս համարին հետ ներդաշնակ ըլլալով սխալ է մատուցանել (հանրային աղօթքներ. աղօթքներ ընտանիքի անդամներուն հետ. հանրային աղօթքներ որոնք ունկնդիրներուն փաղաքշական գովասանքները ստանալու համար են)։ [Մեծագոյն Մարդը գլուխ 35. կամ Դիտ. 10/1/88 էջ 8–9]
30. (Մանուէ. Հեղի. Սաւուղ) անոնցմէ մէկն էր որոնք իրենց ընտանիքի անդամները Աստուծմէ աւելի պատուեցին։ (Ա. Թագ. 2։29, 30) [Շաբաթական ընթերցումը. տես Դիտ. 12/1/87 էջ 15։]
Հետեւեալ համարները համեմատեցէք արտայայտութիւններուն հետ.
ՅԵՍ. 22։9–31. ԴԱՏ. 8։23. ՀՌՈՒԹ 2։9. Ա. ԹԱԳ. 21։13–15. ԵՓ. 5։3, 4
31. Աստուծոյ Խօսքը մեզի ցոյց կու տայ թէ ի՛նչ տեսակ խօսելէ պէտք է խուսափինք մեր առօրեայ կեանքին մէջ։ [Դասագիրք էջ 56 § 9]
32. Եհովա չընդունիր որ կիները սեռային անբարոյութեան զոհ երթան։ [Շաբաթական ընթերցումը. տես Դիտ. 87 3/15 էջ 5 (Անգլ.), կամ 10/1/87 էջ 5 (Արբ.)։]
33. Երբ կնճռոտ խնդիրներու առջեւ կը գտնուինք, Եհովա մեզմէ կ’ակնկալէ որ մեր մտային կարողութիւնը գործածենք եւ մեր ձեռքերը ծալած չսպասենք որ ինք պէտք եղածը ընէ մեզի համար։ [Շաբաթական ընթերցումը. տես Դիտ. 5/1/87 էջ 19։]
34. Անկատար մարդիկը պէտք է դէմ դնեն հեղինակութիւնը սխալ կերպով գործածելու փորձութեան։ [Շաբաթական ընթերցումը. տես Դիտ. 86 8/15 էջ 11 § 13 (Անգլ.), կամ 4/1/87 էջ 11 § 13 (Արբ.)։]
35. Զատորոշումը մեզի պիտի օգնէ որ ուրիշներու արարքներուն սխալ մղումներ վերագրելէն խուսափինք։ [Շաբաթական ընթերցումը. տես Դիտ. 86 11/1 էջ 23 § 10 (Անգլ.), կամ 6/15/87 էջ 17 § 10 (Արբ.)։]