Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 12/92 էջ 7
  • ՀԱՐՑՈՒՄԻ ՏՈՒՓ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • ՀԱՐՑՈՒՄԻ ՏՈՒՓ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1992)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ի՛նչպէս Պրպտում Կատարել
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • ՀԵՌԱՁԱՅՆՈՎ ՎԿԱՅԵԼԸ —ԿԵՐՊ ՄԸ ՇԱՏԵՐՈՒ ՀԱՍՆԵԼՈՒ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1993)
  • Հեռաձայնով Վկայելով Յաջողութիւն Գտնել
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2001)
  • Հեռաձայնով վկայելը կրնայ ազդու ըլլալ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2009)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1992)
թծ 12/92 էջ 7

ՀԱՐՑՈՒՄԻ ՏՈՒՓ

◼ Ընկերութեան պէ՞տք է հեռաձայնենք Աստուածաշունչի հարցումներուն համար պատասխաններ ստանալու կամ անձնական խրատի մը համար։

Շատեր հեռաձայնը կը գործածեն բաները արագօրէն կատարելու համար, բայց յաճախ արագութենէն աւելին պարփակուած է։ Աշխարհի մէջ սովորական բան մըն է առաջնութիւնը տալ անձնական հանգստութեան. մարդիկ կը խուսափին ջանք թափելէն։

Անոր ճիշդ հակառակն է Աստուծոյ տուած խրատը։ Ան կը յորդորէ մեզ որ գիտութիւնը փնտռենք պահուած գանձերու պէս, ինչ որ ցոյց կու տայ թէ պէտք է յօժար ըլլանք ջանք թափելու։ Փորձառութիւնը կը փաստէ թէ մեր այդպէս ընելու արդիւնքը եղած է աւելի մնայուն գոհունակութիւն։—Առ. 2։1–4

Այսպիսի ջանք մը յարմար է եթէ հարցում մը ծագի մինչ կը պատրաստուինք բաժին մը բերելու ժողովներուն մէջ կամ եթէ անձնական խնդիր մը կը դիմագրաւենք։ Քան թէ պարզապէս Ընկերութեան հեռաձայնելու, պիտի օգտուինք անձամբ հետազօտութիւն ընելով Աստուածաշունչին եւ մեր գրականութիւններուն մէջ, մանաւանդ Դիտարանի Գրականութիւններուն Ցանկին մէջ, իր համարներու եւ նիւթերու արժէքաւոր ցանկերով։

Այսպիսով ‘պահուած գանձերու վրայ փնտռելէ’ ետք, կրնանք հարցնել տեղական երէցներէն մէկուն եթէ տակաւին օգնութեան պէտք ունինք։ Երէցները Աստուածաշունչի բաւական գիտութիւն ունին եւ փորձառութիւն՝ տեղեկութիւններ հետազօտելու մէջ։ Անոնց հաւասարակշռուած օժանդակութիւնը մասնաւորաբար յարմար պիտի ըլլայ եթէ անձնական խնդրի մը կամ որոշումի մը համար խրատի պէտք ունենանք, քանի որ անոնք մօտ են մեզի եւ մեր պարագային։—Բաղդատել Գործք 8։30, 31։

Եթէ ուղղակիօրէն Ընկերութենէն աւելի տեղեկութիւններ ստանալու կարիքը կայ, սովորաբար աւելի լաւ է նամակ մը ղրկել։ Երէցները նաեւ կ’օգնեն ասիկա պատրաստելու։ Այսպիսի նամակ մը ժամանակ պիտի թոյլատրէ որ պատասխանը հիմնուի բաւարար հետազօտութեան կամ խոկալուն վրայ, ինչ որ սովորաբար անկարելի է հեռաձայն գործածելու պարագային։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել