ՏՕՆԵՐՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԱՇՐՋԱՆԻՆ, ԶԱՏՈՐՈՇՈՒՄՈՎ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀԵՏԱՊՆԴԵՑԷՔ
1 Դեկտեմբերը ամիս մըն է երբ շատեր, որոնք մեր պատգամով հետաքրքրուած են, հաւանաբար զբաղած պիտի ըլլան տօներու գործունէութիւններով։ Հետեւաբար, երբ հետաքրքրութիւնը կը հետապնդենք, կարիքը ունինք զատորոշ ըլլալու եւ թերեւս նախապատրաստուած՝ շուտով կէտին անցնելու, բացի եթէ տանուտէրը ուզէ աւելի երկար խօսակցիլ։
2 Առաջուընէ Մտածենք թէ Ի՛նչ Պիտի Ըսենք. Ինչ որ կ’ուզենք ըսել պէտք է որ միշտ յստակօրէն մեր միտքը ունենանք։ Ասիկա կը պահանջէ վերաքաղ ընել մեր նօթագրութիւնը նախորդ այցելութեան մասին եւ մեր յիշողութիւնը թարմացնել թէ ի՛նչ կէտերու մասին խօսակցութիւն եղաւ եւ տանուտիրոջ ուղղուած ի՛նչ հարցում անպատասխան մնաց։
3 Եթէ վերոյիշեալ յօդուածին 4–րդ պարբերութեան մէջ յիշուած թելադրութիւնը գործածած ենք, երբ վերադառնանք կրնանք ըսել.
◼ «Տարուան այս ժամանակին, շատեր կը մտածեն Քրիստոսի ծնունդին մասին։ Մեր վերջին խօսակցութեան մէջ, խոստացանք ձեր հետ բաժնել հետաքրքրական իրողութիւն մը Յիսուսի ծննդավայրին նկատմամբ։ Արդեօք գիտէի՞ք թէ Աստուածաշունչը Յիսուսի ծնունդէն 700 տարի առաջ նախագուշակեց թէ Բեթլէհէմին մէջ պիտի ծնէր»։ Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։ Ապա, Միքիա 5։2 կարդալէ ետք, կրնաք ըսել. «Ասիկա ապշեցուցիչ մարգարէութիւն մըն է, այդպէս չէ՞։ Մինչ ասիկա Սուրբ Գրային հետաքրքրական իրողութիւն մըն է, միթէ գիտէի՞ք թէ Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները նաեւ կը կատարուին մեր օրերուն մէջ»։ Եթէ անհատը ժամանակ ունի, կրնանք խօսակցութիւնը շարունակել, իսկ եթէ զբաղած է, կրնանք ըսել թէ ետ կը դառնանք ու իր հետ անոր մասին աւելի կը խօսակցինք։
4 Եթէ «Ներկայ Աշխարհը Պիտի Վերապրի՞» թերթիկը մատուցուած է, կրնանք հետեւեալը ըսել.
◼ «Նկատեցէք ինչ որ ըսուած է հոս՝ 3–րդ էջին մէջ, ‘Նշանը’ ենթագլուխին ներքեւ։ Ասիկա կը վերաբերի Յիսուսի ըսած մարգարէութիւններուն հետ որոնք վերջին օրերը պիտի դրոշմէին։ [Տանուտիրոջ հետ երկու կամ երեք մարգարէութիւններ նկատի առէք։] Կրնա՞ք ըսել թէ ապացոյց կայ որ այս մարգարէութիւնները մեր օրերուն կը կատարուին»։ Եթէ անկեղծ հետաքրքրութիւն զատորոշուի եւ ժամանակը կը ներէ, կրնաք թելադրել որ քննէ Մեծագոյն Մարդը գիրքը։ Ցոյց տուէք թէ ի՛նչպէս 111–րդ գլուխը աւելի մանրամասնութիւններ կու տայ Յիսուսի տուած նշանին մասին։ Եթէ միայն թերթիկը մատուցուի, յաջորդ այցելութեան ատեն կրնաք խօսակցութիւնը առաջնորդել ուրիշ թերթիկի մը կամ գրքոյկի մը, ինչպէս՝ Այն Կառավարութիւնը որ Դրախտը Պիտի Բերէ կամ ‘‘Ահա Ամէն Բաները Նոր կ’Ընեմ’’։
5 Տան Աստուածաշունչի Ուսումնասիրութիւն մը Ներկայացնել. Եթէ տանուտիրոջ տանք Մեծագոյն Մարդը գիրքը կամ արդէն օրինակ մը ունենայ, լաւ պիտի ըլլայ որ ցուցադրենք տան Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը՝ գործածելով 111–րդ գլուխը։ Եթէ ուսումնասիրութիւնը շարունակէ յառաջդիմել, կրնանք անցնիլ գրքոյկ մը ուսումնասիրելու կամ ուղղակի երթալ Յաւիտեան Ապրիլ գրքին։
6 Թող որ միշտ նախապատրաստուած ըլլանք ամէն հետաքրքրութիւն հետապնդելու։ Պէտք է որ զատորոշող ըլլանք եւ միշտ ջանանք ճամբան հարթել ապագայ այցելութեան մը համար, հետաքրքրական հարցումներ յարուցանելով իւրաքանչիւր խօսակցութեան վերջաւորութեան։ Ասիկա պիտի օգնէ մեզի որ «ամէն բարի գործերու պատրաստուած» ըլլանք։—Բ. Տիմ. 3։17