ԱՍՏՈՒԱԾՊԵՏԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԴՊՐՈՑԻ ՎԵՐԱՔԱՂ
Գոց գրքերով վերաքաղ այն նիւթերուն զորս տրուեցան Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի նշանակումներով՝ Յունուար 4–էն մինչեւ Ապրիլ 19, 1993, շաբաթներու ընթացքին։ Անջատ թուղթ մը գործածեցէք հարցումներուն պատասխանելու, որքան որ կրնաք յատկացուած ժամանակամիջոցին։
[ՆՈԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆ. Գրաւոր վերաքաղին ընթացքին, միայն Աստուածաշունչը կարելի է գործածել որեւէ հարցումի պատասխանելու համար։ Հարցումներուն յաջորդող աղբիւրները ձեր անձնական հետազօտութեան համար են։]
Հետեւեալ արտայայտութիւններուն Շիտակ կամ Սխալ պատասխանեցէք.
1. Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը վարելու ատեն, երբեմն աւելի լաւ կ’ըլլայ յարուցուած բոլոր հարցումներուն չպատասխանել, այլ՝ մի քանի հարցումներ յետաձգել ապագային նկատի առնուելու։ [Դասագիրք էջ 94 § 14]
2. Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին գլխաւոր նպատակներէն մէկն է մեզի օգնել որ աւելի ազդեցիկ ըլլանք դաշտի ծառայութեան մէջ։ [Դասագիրք էջ 96 § 1]
3. Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ, այն կէտերը որոնց նկատմամբ խրատ պիտի տրուի, միշտ պիտի ըլլան ինչ որ նախապէս աշակերտին ըսուած է որ աշխատի անոնց վրայ։ [Դասագիրք էջ 101 § 7]
4. Երբ Յիսուս կը հասնի Սիմոնի տունը, իր ոտքերը չեն լուացուիր պաղ ջուրով, որ հիւրասիրութեան սովորական արարք մըն է։ [Մեծագոյն Մարդը գլուխ 40. կամ Դիտ. 4/1/89 էջ 10–11]
5. Բաւարար չէ որ խրատատուն պարզապէս ըսէ դասախօսին թէ լաւ ըրաւ կամ թէ կարիքը ունի կրկին աշխատելու որոշ յատկութեան մը վրայ։ [Դասագիրք էջ 103 § 15]
6. Դռնէ դուռ ներկայացումներուն մէջ յաճախ տկարութիւն մըն է որ բացումը շատ երկար կ’ըլլայ եւ տանուտէրը հարց կու տայ թէ Վկան ե՛րբ կէտին պիտի անցնի։ [Դասագիրք էջ 115 § 14]
7. Եթէ ժողովք մը բարձրախօսի դրութիւն կը գործածէ, այն ատեն հարկ չկայ ձայնի բարձրութեան նկատմամբ աշակերտներուն խրատ տալու։ [Դասագիրք էջ 117 § 6]
8. Աշակերտի բաժին տալու ատեն, դադարը այնքան կարեւոր է որ կը թելադրուի որ դասախօսը նշան դնէ իր ձեռագիրին կամ ուրուագիծին վրայ թէ ո՛ւր յատկապէս կ’ուզէ դադար գործածել։ [Դասագիրք էջ 120–1 §§ 20, 23]
9. Մատթէոս 13։1–52–ին մէջ, սերմը կը պատկերացնէ Աստուծոյ Խօսքը, իսկ հողը՝ սիրտը։ [Մեծագոյն Մարդը գլուխ 43. կամ Դիտ. 8/1/89 էջ 8–9]
10. Դաւիթի եւ Բերսաբէի փորձառութիւնը կը վստահեցնէ որ ծնողներու վարքը մեծապէս կ’ազդէ իրենց զաւակներուն։ (Բ. Թագ. 12։13, 14) [Շաբաթական ընթերցումը. տես Դիտ. 11/1/86 էջ 31։]
Հետեւեալ հարցումներուն պատասխանեցէք.
11. Յիսուս ինչո՞ւ ընդունեց որ կինը քնքշութեամբ իր ոտքերը համբուրէ։ [Մեծագոյն Մարդը գլուխ 40. կամ Դիտ. 4/1/89 էջ 10–11]
12. Երբ անհատի մը նամակ կը գրէք, ի՞նչպէս կրնաք հետաքրքրութիւն ցոյց տալ իրեն հանդէպ։ [Դասագիրք էջ 89 § 13]
13. Երբ դասախօսութիւն մը կը ներկայացնենք, ինչպէ՞ս կրնանք ազդեցիկ կերպով մեր ունկնդիրները Աստուածաշունչին ուղղել։ [Դասագիրք էջ 122 § 3]
14. Յիսուս ինչո՞ւ առակներով խօսեցաւ։ [Մեծագոյն Մարդը գլուխ 43. կամ Դիտ. 8/1/89 էջ 8–9]
15. Ո՞վ պատճառ եղաւ որ Դաւիթ Իսրայելացիներուն համրանքը առնէ։ (Բ. Թագ. 24։1) [Շաբաթական ընթերցումը. տես Դիտ. 7/15/92 էջ 5։]
16. Ի՞նչ կեցուածք պէտք է մշակենք համաձայն ըլլալով աշակերտներուն խօսքին հետ. «Մեկնէ մեզի»։ [Մեծագոյն Մարդը գլուխ 43. կամ Դիտ. 9/1/89 էջ 8–9]
17. Ինչպէ՞ս Սաբայի թագուհիին նման ժողովուրդ մը գոյութիւն ունեցաւ մեր օրերուն։ (Գ. Թագ. 10։4, 7) [Շաբաթական ընթերցումը. տես Վերապրիլ էջ 149 § 8։]
18. Դպիրները եւ Փարիսեցիները ո՞ր աններելի մեղքը գործեցին։ [Մեծագոյն Մարդը գլուխ 41. կամ Դիտ. 5/1/89 էջ 8–9]
19. Յիսուսի առակին մէջ, հնձողներուն նշանակումը ի՞նչ է։ [Մեծագոյն Մարդը գլուխ 43. կամ Դիտ. 9/1/89 էջ 8–9]
Հայթայթեցէք պէտք եղած բառը կամ նախադասութիւնը՝ հետեւեալ արտայայտութիւնները ամբողջացնելու համար.
20. Երբ նամակ մը կը գրէք վկայելու համար, պահարանին վրայ միշտ ------------------------- գրեցէք։ [Դասագիրք էջ 87 §§ 7, 8]
21. Երբ դասախօսութիւն մը կը պատրաստենք, անձնական կարծիքներ տալէ խուսափելու համար պէտք է ------------------------- գործածենք։ [Դասագիրք էջ 111 § 13]
22. Դասախօսութեան մը նպատակը իրագործելու համար, շատ տեղեկութիւններ պէտք չէ գործածել, այլ՝ -------------------------։ [Դասագիրք էջ 112 § 19]
23. Յիսուս «երկնքի թագաւորութիւնը» կը նմանցնէ ------------------------- մը, որ կը հաւաքէ ամէն տեսակ ձուկ։ Երբ ձուկերը կը զատուին, ------------------------- կը նետուին, բայց ------------------------- կը պահուին։ [Մեծագոյն Մարդը գլուխ 43. կամ Դիտ. 9/1/89 էջ 8–9]
24. Բ. Թագաւորաց 7։12, 13–ին մէջ նկարագրուած ուխտը ------------------------- էր։ [Շաբաթական ընթերցումը. տես Դիտ. 3/1/89 էջ 14։]
Ընտրեցէք շիտակ պատասխանը իւրաքանչիւր հետեւեալ արտայայտութիւններուն մէջէն.
25. Յիսուս եւ իր աշակերտները երբ նաւու մը մէջ էին, Գալիլիոյ Ծովուն վրայ յանկարծ բուռն փոթորիկներ տեղի ունեցան (Սատանային. ֆիզիքական երեսակներու. երկրաշարժներու) պատճառաւ, նաւը ընկղմելու սպառնալով։ [Մեծագոյն Մարդը գլուխ 44. կամ Դիտ. 10/1/89 էջ 11]
26. Յայրոսի տան մէջ, ուր շատ մը մարդիկ հաւաքուած էին, Յիսուս կատարեց (երկրորդ. առաջին. վերջին) յարութիւնը։ [Մեծագոյն Մարդը գլուխ 47. կամ Դիտ. 1/1/90 էջ 8–9]
27. Ուշադիր պէտք է ըլլալ բացումին մէջ գործածելու միայն (ինչ որ ունկնդիրները կը հետաքրքրէ. ինչ որ ձեզ խանդավառ կը դարձնէ. ինչ որ ձեր դասախօսութեան նպատակին կը նպաստէ)։ [Դասագիրք էջ 114 § 8]
28. Այսօր, (բռնատիրական իշխանութիւնները. կղերական դասակարգը. Միացեալ Ազգերը) այժմու Ռափայի որդիներն են։ (Բ. Թագ. 21։20) [Շաբաթական ընթերցումը. տես Դիտ. 1/1/89 էջ 20 § 8 (Անգլ.)։]
29. Շուրջ երկու տարի անխոնջ քարոզչութենէ մը ետք, Յիսուս կը սկսի իր (հինգերորդ. երրորդ. անզուգական) շրջապտոյտը կատարել Գալիլիոյ մէջ։ [Մեծագոյն Մարդը գլուխ 49. կամ Դիտ. 3/1/90 էջ 8–9]
30. «Ուռկանը» կը խորհրդանշէ (Քրիստոնէական ժողովքը. երկրի վրայ Քրիստոնեայ ըլլալ դաւանող կազմակերպութիւնները. Աստուծոյ երկնային կազմակերպութիւնը)։ [Մեծագոյն Մարդը գլուխ 43. կամ Դիտ. 9/1/89 էջ 8–9]
Հետեւեալ համարները համեմատեցէք արտայայտութիւններուն հետ.
Բ. ԹԱԳ. 1։26. 13։14, 15. Ա. ԿՈՐՆԹ. 1։21, 25. ԵԲՐ. 10։23–25. Բ. ՊԵՏ. 3։15, 16
31. Իւրաքանչիւր անհատ անձնական պատասխանատուութիւն ունի պատասխաններ տալով բաժին բերելու ժողովներուն մէջ։ [Դասագիրք էջ 92 § 7]
32. Մարդկային մեկնութիւնը Աստուածաշունչին նկատմամբ կը խեղաթիւրէ ու շփոթութիւն կը պատճառէ։ [Բնաբաններ 4ա]
33. «Ուրիշ ոչխարներ»ուն եւ մնացորդին միջեւ սիրալիր միութեան զօրաւոր կապ մը կայ։ (Յովհ. 10։16) [Շաբաթական ընթերցումը. տես Դիտ. 1/1/89 էջ 25–6 (Անգլ.)։]
34. Եթէ երիտասարդ մը կրքոտ սէր արտայայտէ աղջկայ մը հանդէպ եւ պնդէ յարաբերութիւն ունենալ իրեն հետ, չի նշանակեր անպայմանօրէն թէ ան անկեղծօրէն կը սիրէ զինք։ [Շաբաթական ընթերցումը. տես Ձեր Պատանեկութիւնը էջ 140 § 22։]
35. Աստուծոյ Խօսքը գործնական ուղեցոյց մըն է մեր ժամանակներուն համար, քանի որ Աստուածաշունչի սկզբունքները անտեսելը աղիտալի է։ [Բնաբաններ 4բ]