ՀԱՐՑՈՒՄԻ ՏՈՒՓ
◼ Որպէս օժանդակ ռահվիրայ ծառայելը ինչպէ՞ս պէտք է նկատուի։
Որպէս օժանդակ ռահվիրայ ծառայելը պէտք է նկատուի թէ առանձնաշնորհում մըն է, բայց նաեւ՝ լուրջ պատասխանատուութիւն մը։ Տասնեակ հազարաւոր հրատարակիչներ ամէն ամիս կը նշանակուին որպէս օժանդակ ռահվիրաներ ծառայելու եւ ոմանք ասիկա կ’ընեն շարունակաբար։ Մենք կը գովենք այս նախանձախնդիր հրատարակիչները որոնց պարագաները կ’արտօնեն որ ամէն ամիս դաշտի ծառայութեան յատկացնեն պահանջուած 60 ժամերը, ծառայելով որպէս օժանդակ ռահվիրաներ։ Երէցները, ինչպէս նաեւ ուրիշներ, պէտք է քաջալերեն օժանդակ ռահվիրայութեան ծառայութեան համար դիմումնագիր ներկայացնող հրատարակիչները, որ իրենց նշանակումը լուրջի առնեն եւ անտարբեր կեցուածք մը ունենալու որեւէ հակումէ խուսափին։
Կանոնաւոր ռահվիրաներուն նման, անոնք որոնք կը փափաքին ծառայել որպէս օժանդակ ռահվիրաներ մէկ կամ աւելի ամիսներ, նախ պէտք է ծախքը հաշիւ ընեն։ (Ղուկ. 14։28) Ասիկա կը պարփակէ առաջուընէ որոշել թէ կրնա՛ն ակնկալել պահանջուած ժամանակը յատկացնել դաշտի ծառայութեան մէջ, առանց անտեսելու Քրիստոնէական ուրիշ պատասխանատուութիւններ։ Անհատ մը պէտք է որոշէ օժանդակ ռահվիրայ ըլլալ իր անձնական պարագաները աղօթքով նկատի առնելէ ետք։ Անոր որոշումը պէտք չէ զգացումներէ տարուած ըլլայ, քանի որ ուրիշներ դիմումնագիր կը ներկայացնեն։ Անիկա պէտք է լաւ սերտուած որոշում մը ըլլայ, իր հետ ընկերանալով գրաւոր յայտագիր մը պահանջներուն գոհացում տալու։ Կարեւոր է դիմումնագիրը ուշադրութեամբ կարդալ եւ սրտին մէջ որոշել թէ պահանջուածին կրնայ անկեղծօրէն այո ըսել։
Անշուշտ, յաւելեալ ջանք պարփակուած է։ Տարուան ընթացքին որոշ ամիսներ պատեհութիւն կը հայթայթեն որ յատկացուին բարի լուրը քարոզելու։ (Գործք 18։5, ՆԱ) Ասոնք կը պարփակեն Յիշատակատօնի ժամանակաշրջանը՝ Մարտ ու Ապրիլ ամիսները, ինչպէս նաեւ այդ ամիսները երբ շրջանային տեսուչը կ’այցելէ ժողովքը։ Շատ մը հրատարակիչներ ուրախութեամբ իրենք զիրենք կը դաստիարակեն խստապահանջ յայտագրի մը հետեւելու համար, այնպէս որ յաւելեալ բաժին բերեն քարոզչութեան գործին մէջ այս ժամանակաշրջաններուն ընթացքին, գնահատելով թէ առատ օրհնութիւններ յաճախ արդիւնքն են։ (Բ. Կորն. 9։6) Շատ մը հրատարակիչներ մասնաւոր ջանք կը թափեն ռահվիրայութիւն ընելու արձակուրդի ամիսներուն ընթացքին եւ որեւէ ամիս տարուան ընթացքին որ հինգ լման շաբաթավերջեր ունի։ Բայց ստորագրելով, անոնք կը գնահատեն կարիքը կառչելու ‘թող ձեր Այոն՝ Այո նշանակէ’ սկզբունքին, իրենց լաւագոյնը ընելով 60 կամ աւելի ժամեր տրամադրելու ամէն անգամ որ կը ծառայեն որպէս օժանդակ ռահվիրաներ։—Մատթ. 5։37
Այն հրատարակիչները որոնք կարող չեն ռահվիրայութիւն ընել, կրնան օգնել իրենք զիրենք մատչելի ընելով օժանդակ ռահվիրաներուն հետ աշխատելու, կարգադրելով որոշ ժամադրութիւններ անոնց հետ։ Լաւ պիտի ըլլայ աւելի երկար ժամանակ ծառայել ռահվիրաներուն հետ, երբ կարելի է։ Ռահվիրաները մասնաւորաբար պիտի գնահատեն ուրիշ հրատարակիչներու օգնութիւնը ունենալ առտու կանուխ, կէսօրէ ետք եւ երեկոյեան ժամերուն։ Օժանդակ ռահվիրաները ուրախ կ’ըլլան երբ կը հրաւիրուին որ ուրիշներու հետ աշխատին վերայցելութիւններ ընելու եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու։ Անոնք որոնք այսպիսով կրնան աջակցիլ օժանդակ ռահվիրաներուն, պիտի քաղեն այն մեծ ուրախութիւնը որ տալէն յառաջ կու գայ։—Գործք 20։35
Խորապէս կը գնահատուի օժանդակ ռահվիրաներու ժրաջանութիւնը։ Անոնք որոնք կարող են անոնց հետ միանալ կրնան առատ օրհնութիւններ ակնկալել։ (Առ. 10։4) Յաջորդ անգամ ե՞րբ կրնաք բաժին ունենալ աւելցած գործունէութեան ուրախութեան մէջ որպէս օժանդակ ռահվիրայ մը։