Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 2/94 էջ 3-4
  • «Բոլոր Ազգերուն Ատելի Պիտի Ըլլաք»

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Բոլոր Ազգերուն Ատելի Պիտի Ըլլաք»
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1994)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ատուած՝ առանց պատճառի
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2004
  • Աստուծոյ դէմ կռուողները պիտի չյաղթեն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2000
  • Սէրը մեզի կ’օգնէ ատելութեան դիմանալու
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2021
  • Շարունակեցէք խիզախօրէն խօսիլ Աստուծոյ Խօսքը
    Միացած՝ միակ ճշմարիտ Աստուծոյ պաշտամունքին մէջ
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1994)
թծ 2/94 էջ 3-4

«Բոլոր Ազգերուն Ատելի Պիտի Ըլլաք»

1 Վերջին տարիներուն բոլորս ալ հրճուեցանք լսելով զգայացունց տեղեկագիրներ Եհովայի ժողովուրդին վայելած հոյակապ օրհնութիւններուն մասին համայն աշխարհի մէջ։ Գործին օրինականացնումը Մալավիի մէջ, 26 տարուայ վայրագ ճնշումէն ետք, մեզ մղեց ուրախութեան արցունքներ թափելու։ Մենք հանգստացանք երբ նկատեցինք անաստուած Համայնավարութեան անկումը Արեւելեան Եւրոպայի մէջ, որ պատճառ եղաւ որ մեր եղբայրներէն հազարաւորներ ազատագրուին անոր հարստահարիչ լուծէն։ Մտահոգուած էինք նկատելով մեր պաշտամունքի ազատութեան ասպարէզ կարդացուիլը Յունաստանի մէջ. բայց խանդավառուեցանք երբ մեծ յաղթանակ մը տարինք Եւրոպայի բարձրագոյն ատեանին մէջ։ Հրճուեցանք լսելով տեղեկագիրներ Ընկերութեան մասնաճիւղերուն մեծ տարողութեամբ ընդարձակումին մասին, որ կարելի դարձուց գրականութիւններու մեծաքանակ արտադրութիւնը, ճշմարտութիւնը փնտռողներու համար։ Մենք հիացանք երբ իմացանք որ աւելի քան 7,400 անհատներ մկրտուեցան Ուգրանիոյ Գիէվ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած համաժողովին մէջ։ Այո, այս սքանչելի յառաջդիմութիւնները Թագաւորութեան գործին մէջ մեր զուարթութիւնը աւելցուցին։

2 Մինչ հրճուելու մեր պատճառը մեծ է, պէտք է զգուշանանք չափազանց խանդավառ ըլլալէ։ Նպաստաւոր տեղեկագիրներու շարքը կրնայ պատճառ ըլլալ որ եզրակացնենք թէ բարի լուրին հանդէպ հակառակութիւնը կը փշրուի եւ թէ Եհովայի ժողովուրդը հաւանութիւն կը ստանայ համայն աշխարհի մէջ։ Այսպիսի խորհրդածութիւն մը կրնայ խաբեբայ ըլլալ։ Մինչ որոշ յաղթանակներ տարինք եւ կարգ մը երկիրներու մէջ բարի լուրին արգելք հանդիսացող բաները նուազեցնելու մէջ որոշ յաջողութիւն արձանագրեցինք, պէտք չէ մոռնանք թէ մեր հիմնական յարաբերութիւնը աշխարհին հետ անփոփոխ կը մնայ։ Որպէս Յիսուսի հետեւորդները, մենք «աշխարհի մէկ մասը» չենք։ Ատոր համար, վստահ ենք որ «բոլոր ազգերուն ատելի պիտի ըլլա[ն]ք»։ (Յովհ. 15։19, ՆԱ. Մատթ. 24։9) Որքան ատեն որ իրերու այս դրութիւնը կը մնայ, ոչինչ պիտի փոխէ հիմնական կանոնը թէ «ամէն անոնք որ կ’ուզեն աստուածպաշտութեամբ ապրիլ Քրիստոս Յիսուսով՝ հալածանք պիտի կրեն»։—Բ. Տիմ. 3։12

3 Պատմութեան էջերը կը վկայեն այս ազդարարութեան ճշմարիտ ըլլալուն։ Մինչ Յիսուս՝ Քրիստոնէութեան Հիմնադիրը՝ հոյակապ վկայութիւն տուաւ զօրեղ իշխաններու եւ անոնց հպատակներու առջեւ, ան օրական կը նախատուէր եւ սպաննուելու վտանգին տակ էր ամէն ատեն։ Թէեւ անոր առաքեալները շատերու օգնեցին որ աշակերտներ ըլլան, բաժին բերին Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւնները գրելուն մէջ եւ հոգիին սքանչելի պարգեւները ցուցաբերեցին, անոնք նմանապէս ատուեցան ու իրենց հետ գէշ վերաբերում ունեցան։ Հակառակ իրենց լաւ վարքին ու դրացիին հանդէպ սէր ունենալուն, բոլոր Քրիստոնեաները նկատուած են մեծամասնութեան կողմէ որպէս արհամարհելի «աղանդ» մը որ «ամէն տեղ ատոր դէմ կը խօսին»։ (Գործք 28։22) Այսօր, մինչ Եհովա սքանչելի կերպով մը գործածած է երկրածաւալ Քրիստոնէական ժողովքը իր կամքը կատարելու համար, անիկա յարատեւաբար հակառակութեան ու զրպարտութեան ենթարկուած է այս իրերու չար դրութեան ամէն տարրերու կողմէ։ Պատճառ մը չկայ ակնկալելու թէ հակառակութիւնը պիտի դադրի։

4 Առաջին դարուն, Սատանան Յիսուսի աշակերտները հալածեց զանազան կերպերով։ Ատելութեամբ լեցուած հակառակորդները բոլորովին սուտ խօսեցան, զիրենք սխալ ներկայացնելով։ (Գործք 14։2) Վատ սպառնալիքներ կային զանոնք վախցնելու նպատակով։ (Գործք 4։17, 18) Կատաղի ամբոխներ փորձեցին զիրենք լռեցնել։ (Գործք 19։29-34) Անոնք բանտարկուեցան առանց իրաւացի պատճառներու։ (Գործք 12։4, 5) Հալածողները յաճախ դիմեցին ֆիզիքական բռնութեան։ (Գործք 14։18) Կարգ մը պարագաներուն անմեղ անհատներ կանխամտածութեամբ սպաննուեցան։ (Գործք 7։54-59) Պօղոս առաքեալ անձամբ տոկաց գէշ վերաբերումի այս բոլոր տեսակներուն։ (Բ. Կորն. 11։23-27) Հակառակորդները որեւէ պատեհութիւն արագօրէն կ’օգտագործէին քարոզչական գործին արգելք հանդիսանալու եւ այս հաւատարիմ աշխատողները տառապանքի մատնելու։

5 Այսօր Սատանան նոյնանման ռազմավարութիւն կը գործածէ։ Բոլորովին սուտեր կ’ըսուին, սխալ կերպով մեզ նկարագրելով որպէս մոլորուած աղանդ մը։ Կարգ մը երկիրներու մէջ, հեղինակները մեր գրականութիւնները նկատած են որպէս քանդիչ եւ զանոնք արգիլած են։ Արեան սրբութեան հանդէպ մեր յարգանքը հրապարակաւ ծաղրանքի առարկայ դարձած է եւ անոր ասպարէզ կարդածուած է։ 1940–ական թուականներուն, կատաղի ամբոխներ որոնք զայրացած էին դրօշակին բարեւելու հարցին պատճառաւ, մեր եղբայրներուն վրայ յարձակեցան, անոնց վնասներ հասցուցին եւ անոնց ստացուածքները կործանեցին։ Հազարաւորներ բանտարկուեցան չէզոքութեան հարցին համար։ Ամբողջատիրական երկիրներու մէջ, մեր եղբայրները սխալ կերպով ամբաստանուեցան թէ աւերիչներ են. առ ի հետեւանք, հարիւրաւորներ վայրագօրէն չարչարուեցան ու սպաննուեցան բանտերու եւ կեդրոնացման ճամբարներու մէջ։ Ճնշումը անգութ էր, յստակօրէն ցոյց տալով թէ մենք ատելի ենք առանց արդարացի պատճառներու։—Տես Հրատարակողներ, գլուխ 29, Անգլերէնով։

6 Ապագան Ի՞նչ կը Վերապահէ. Մինչ Եհովայի ժողովուրդը կրնայ ժամանակ առ ժամանակ յաջողութիւն մը արձանագրել ճնշումը փարատելու մէջ երկրի որոշ մէկ մասին մէջ, ընդհանուր վիճակը նոյնը կը մնայ։ Բանսարկուն կը շարունակէ բարկացած ըլլալ իր նուաստացումին պատճառաւ 1914–ին։ Ան գիտէ որ իր ժամանակը կարճ է։ Անոր բարկութիւնը վստահաբար պիտի սաստկանայ մինչ մեծ նեղութիւնը կը մօտենայ։ Ան ամբողջովին զբաղած է իր պատերազմով գահակալուած Թագաւորին՝ Քրիստոս Յիսուսի՝ դէմ, եւ մտադրած է կռուիլ մինչեւ վերջ։ Ան եւ իր դեւերը կրնան իրենց բարկութիւնը արտայայտել միայն Եհովայի ժողովուրդին դէմ հոս երկրի վրայ, որոնք հաւատարմօրէն «Աստուծոյ պատուիրանքները կը պահ[ե]ն ու Յիսուսին վկայութիւնը ուն[ի]ն»։—Յայտ. 12։12, 17

7 Հետեւաբար, մինչ ապագային կը նայինք, պէտք է իրապաշտական ըլլանք մեր ակնկալածին նկատմամբ։ Պատճառ չկայ խորհելու թէ Բանսարկուն պիտի հրաժարի։ Այս աշխարհի մէջ մեզի հանդէպ անոր ցանած ատելութիւնը կրնայ բորբոքիլ որեւէ ժամանակ եւ որեւէ տեղ։ Շատ մը երկիրներու մէջ մեր քարոզելու ազատութիւնը ձեռք ձգուեցաւ միայն երկար պայքարէ մը ետք։ Այդ ազատութիւնը կրնայ շատ դիւրաբեկ ըլլալ, պահպանուած ըլլալով միայն ներկայ համակիր իշխանի մը կամ անժողովրդական օրէնքի մը միջոցաւ։ Անակնկալ փոփոխութիւններ կրնան յանկարծ տեղի ունենալ, պատճառելով խառնաշփոթութիւն եւ մարդկային իրաւունքներէ զրկում։

8 Կարգ մը երկիրներու մէջ մեր վայելած ներկայ բարգաւաճումն ու ազատութիւնը կրնան յանկարծ վերջ գտնել, մեր եղբայրները ենթարկելով նոյն նեղութիւններուն որոնցմէ տառապեցան անցեալին։ Պէտք չէ համարձակինք թոյլ տալով մեր անձերուն որ անտարբերութեան հոգին ունենանք, խորհելով թէ մեր թշնամիները յաղթուեցան։ Այս աշխարհի ատելութիւնը կրնայ միշտ լման կերպով չյայտնաբերուիլ, բայց կը մնայ խիստ։ Ամէն բան Աստուծոյ Խօսքին մէջ ցոյց կու տայ թէ աշխարհի հակառակութիւնը պիտի սաստկանայ քան թէ թեթեւնայ մինչ վախճանը կը մօտենայ։ Ուստի պէտք է զգուշ ըլլանք, փաստելով թէ «օձերու պէս խորագէտ ե[ն]ք եւ աղաւնիներու պէս միամիտ»։ (Մատթ. 10։16) Պէտք է գիտակցինք որ ծանր պայքար պիտի տանինք մինչեւ վերջը, եւ մեր վերապրումին բանալին տոկալն է։—Յուդա 3. Մատթ. 24։13

9 Աշխարհի այն մասին մէջ ուր կ’ապրինք, թերեւս քարոզչական գործը կը բարգաւաճի առանց նշմարելի որեւէ արգելքի հակառակորդներու կողմէ։ Ասիկա կրնայ մեզ մղել մտածելու թէ մտահոգութեան պատճառ մը պիտի չըլլայ։ Այսուհանդերձ, հարկ կայ որ արթուն ըլլանք։ Պարագաները կրնան արագօրէն փոխուիլ։ Առանց ազդարարութեան, հակառակորդները կրնան հարց մը շահագործել եւ մեզի դէմ զայն գործածել։ Հաւատուրացները յարատեւաբար կը փնտռեն պատճառ մը գանգատելու համար։ Զայրացած կղերները որոնք կը զգան թէ մեր գործը իրենց սպառնալիք մըն է, կրնան հրապարակաւ մեզ խստօրէն քննադատել։ Մեր ընկերութեան մէջ Թագաւորութեան Սրահ մը կառուցանելու ծրագիրները կրնան վէճերու դուռ բանալ խանգարելով ամբողջ շրջակայքը։ Մամուլի մէջ արծարծիչ արտայայտութիւններ կրնան երեւան գալ, մեզի աննպաստ համբաւ տալով։ Տեղական աչքառու անձնաւորութիւններ թերեւս նպատակաւ սխալ ներկայացնեն մեզ, պատճառ ըլլալով որ մեր դրացիները թշնամական ըլլան երբ զիրենք այցելենք։ Նոյնիսկ մեր ընտանիքի սիրելիները կրնան դժգոհ ըլլալ ու մեզ հալածել։ Ուստի զգուշ ըլլալու հարկ կայ, գիտակցելով որ աշխարհի թշնամութիւնը շատ եռանդուն է եւ որեւէ ժամանակ կրնայ ի յայտ գալ։

10 Ասիկա Ինչպէ՞ս Պէտք Է Մեզի Ազդէ. Այս բոլորը շիտակ կերպով կ’ազդէ մեր խորհրդածութեան եւ մեր տեսակէտին ապագային նկատմամբ։ Ի՞նչ կերպով։ Ասիկա պէ՞տք է մեզ երկչոտ ընէ, վախ ունենալով մեր տոկալիք բաներուն հանդէպ։ Մեր քարոզչական գործը պէ՞տք է դանդաղեցնենք որովհետեւ մեր ընկերութեան մէջ ոմանք թերեւս խանգարուին անոր պատճառով։ Վաւերական պատճառ մը կա՞յ որ խռովինք երբ անիրաւաբար զրպարտուինք։ Անդիմադրելի՞ բան մըն է որ կոշտ վերաբերումը մեզմէ խլէ մեր ուրախութիւնը Եհովայի ծառայութեան մէջ։ Որեւէ անորոշութիւն կա՞յ արդիւնքին նկատմամբ։ Բնաւ երբեք։ Ինչո՞ւ։

11 Մենք երբեք պէտք չէ մոռնանք այն իրողութիւնը թէ մեր ծանուցանած պատգամը ծագում կ’առնէ ոչ թէ մեզմէ, այլ՝ Եհովայէ։ (Երեմ. 1։9) Մենք պարտաւորուած ենք սա յորդորանքին հետեւելու. «Անոր անո՛ւնը կանչեցէք, անոր գործերը ազգերուն մէջ պատմեցէ՛ք . . . բոլոր երկրի մէջ»։ (Եսայ. 12։4, 5) Ան մասնայատուկ նպատակի մը համար համբերած է իր ժողովուրդին գէշ վերաբերումի առարկայ ըլլալուն, այսինքն՝ ‘բոլոր երկրի մէջ իր անունը պատմուի’։ (Ել. 9։16) Եհովայի կողմէ սահմանուած գործ մըն է զոր կը կատարենք եւ ինք է որ մեզի քաջութիւն կու տայ համարձակութեամբ խօսելու։ (Գործք 4։29-31) Ասիկա ամենէն կարեւոր, օգտակար ու ստիպողական գործն է զոր կարելի է կատարել այս հին դրութեան վերջին օրերուն մէջ։

12 Այս գիտութիւնը մեզի քաջութիւն կու տայ որպէսզի հաստատ կեցուածք առնենք ուղղակի դէմ դնելով Սատանային ու այս աշխարհին։ (Ա. Պետ. 5։8, 9) Գիտնալը թէ Եհովա մեր հետ է մեզ կը դարձնէ ‘զօրեղ ու քաջ’, մեր հալածողներէն վախնալու ամէն պատճառ վանելով։ (Բ. Օր. 31։6. Եբր. 13։6) Մինչ միշտ պիտի փորձենք փափկանկատ, բանաւոր ու խոհեմ ըլլալ երբ հակառակորդները մեզի սպառնան, յստակ պիտի ընենք որ հաստատամիտ ենք ‘Աստուծոյ հնազանդելու քան թէ մարդոց’, երբ մեր պաշտամունքին ասպարէզ կը կարդացուի։ (Գործք 5։29) Երբ պատեհութիւն կայ որ խօսինք ինքնապաշտպանութեան համար, այդպէս պիտի ընենք։ (Ա. Պետ. 3։15) Սակայն, մեր ժամանակը պիտի չվատնենք վիճելով խստացած հակառակորդներու հետ որոնք միայն հետաքրքրուած են մեզ վարկաբեկելով։ Փոխանակ բորբոքինք կամ փորձենք հատուցանել երբ զրպարտեն կամ սխալ կերպով մեզ ամբաստանեն, մենք պարզապէս ‘թող կու տանք զանոնք’։—Մատթ. 15։14

13 Փորձութիւններուն մեր տոկալը Եհովան կը հաճեցնէ։ (Ա. Պետ. 2։19) Ի՞նչ գին պէտք է վճարենք այդ հաւանութեան համար։ Պէ՞տք է սկսինք առանց ուրախութեան ծառայել քանի որ ատելութեան եւ հակառակութեան առջեւ կը գտնուինք։ Բնաւ երբեք։ Եհովա կը խոստանայ մեր հնազանդութիւնը վարձատրել «ուրախութիւնով ու խաղաղութիւնով»։ (Հռովմ. 15։13) Հակառակ մեծ տառապանքին, Յիսուս ուրախ մնաց «իր առջեւ կեցած ուրախութեան համար»։ (Եբր. 12։2) Նոյնը ճշմարիտ է մեր պարագային։ Քանի որ մեր տոկալուն վարձքը շատ մեծ է, կը մղուինք ‘ցնծալու եւ ուրախանալու’, թէեւ կը տառապինք դառն փորձութիւններէ։ (Մատթ. 5։11, 12) Նոյնիսկ հակառակութեան ժամանակ, այս ուրախութիւնը ինքնին, պատճառ մըն է Եհովայի փառաբանութիւն ու պատիւ մատուցանելու, թիկունք կանգնելով Թագաւորութեան պատգամին։

14 Որեւէ անորոշութիւն կա՞յ վերջնական արդիւնքին նկատմամբ, մեզի պատճառ տալով որ երկչոտ կամ վարանոտ ըլլանք։ Ոչ, Եհովայի կազմակերպութեան եւ Սատանայի աշխարհի միջեւ եղած հակառակութեան արդիւնքը շատ շատոնց որոշուած է։ (Ա. Յովհ. 2։15-17) Ինչ որ ալ ըլլայ հակառակութեան սաստկութիւնը կամ զօրութիւնը, Եհովա մեզի յաղթանակը պիտի շնորհէ։ (Եսայ. 54։17. Հռովմ. 8։31, 37) Նոյնիսկ եթէ լման կերպով փորձուինք, չկայ բան մը որ մեզ ետ պահէ վարձատրութիւնը ստանալէ։ Պատճառ մը չունինք որ «բանի մը համար հոգ» ընենք, քանի որ Եհովա մեզի խաղաղութիւն կը շնորհէ առ ի պատասխան մեր աղաչանքներուն։—Փիլ. 4։6, 7

15 Ուստի Եհովայի շնորհակալութիւն կը յայտնենք ամէն անգամ որ տեղեկագիրներ կը լսենք մեր եղբայրներուն մասին, որոնք հալածանքէ մը ազատուած են կամ քարոզելու ազատութիւն ստացած են այն շրջաններու մէջ, ուր անցեալին բանադրանքի տակ էին։ Կը ցնծանք երբ փոխուած պարագաներ նոր պատեհութիւններ կ’ընծայեն հազարաւոր անկեղծ մարդոց որ շփում ունենան Թագաւորութեան պատգամին հետ։ Մենք իսկապէս երախտապարտ ենք երբ Եհովա կ’որոշէ մեզի յաղթանակ տալ երբ կը ճակատինք ատելութեամբ լեցուած հակառակորդներու հետ։ Մենք գիտենք որ ինք մեր գործը պիտի օրհնէ ու բարգաւաճէ պէտք եղած որեւէ կերպով, որպէսզի իր ճշմարիտ պատշամունքի տունը փառաւորէ եւ բոլոր ազգերէն եղող «ցանկալի» անհատներու պատեհութիւն տայ ներս մտնելու։—Անգ. 2։7. Եսայ. 2։2-4

16 Միեւնոյն ժամանակ, մենք ամբողջովին կը գիտակցինք թէ մեր թշնամին՝ Սատանան՝ շատ զօրաւոր է եւ պիտի շարունակէ խստութեամբ մեզի հակառակիլ մինչեւ վերջը։ Անոր յարձակումները կրնան բացայայտ ու աչքառու ըլլալ, կամ՝ խորամանկ ու խաբեբայ։ Հալածանքը կրնայ յանկարծ ծագիլ այնպիսի վայրերու մէջ ուր անցեալին միայն խաղաղութիւն կը վայելէինք։ Չար հակառակորդները կրնան վատ եւ անգութ ըլլալ իրենց ջանքերուն մէջ անիրաւացիօրէն մեզ հարստահարելու։ Յարմար ժամանակին յստակ պիտի ըլլայ բոլոր այսպիսի անհատներու թէ անոնք «Աստուծոյ դէմ [կը] մարտնչի[ն]», եւ ինք զանոնք պիտի բնաջնջէ։ (Գործք 5։38, 39. Բ. Թես. 1։6-9) Նոյն միջոցին, ինչ որ ալ ըլլայ մեր տոկալիք բանը, հաստատամիտ ենք անխախտ մնալու, հաւատարմօրէն Եհովայի ծառայելով եւ Թագաւորութեան պատգամը քարոզելով։ Մենք երկրի վրայ ամենէն ուրախ ժողովուրդն ենք, գիտնալով որ ‘երբ ընտիր գտնուինք, կենաց պսակը պիտի առնենք’։—Յակ. 1։12

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել