Պատանիներ Որոնք Աշխարհէն Անջատ Են
1 Ընտանիքներու վրայ ճնշումը կ’աւելնայ համայն աշխարհի մէջ։ Մենք կ’ապրինք չար ժամանակներու մէջ. իսկ եթէ նկատի առնէք Բ. Տիմոթէոս 3։1-5–ը, պիտի տեսնէք որ վերջին օրերու շատ մը նշանները բացայայտ են ընտանիքներէ ներս։
2 Անկասկած Սատանան աւելի ճնշում կը բանեցնէ ծնողներու եւ զաւակներու վրայ։ Ան «օդ» մը կը գործածէ զոր մարդիկ կը շնչեն։ Անիկա Աստուծմէ հեռացած մարդոց յայտնաբերած անձնասիրութեան ու անհնազանդութեան տիրապետող կեցուածքն է։ (Եփ. 2։2) Անոր նպատակակէտն է որ Քրիստոնեաները այլեւս աշխարհէն անջատ չըլլան։ (Յովհ. 17։14) Միւս կողմէն, Քրիստոնեայ ծնողներ ու զաւակներ կը համագործակցին որպէսզի իրենց անձը աշխարհէն անարատ պահեն։ (Յակ. 1։27) Ինչպէ՞ս։
3 Պատանիները Արդարութիւնը կը Սիրեն ու Անօրէնութիւնը կ’Ատեն. Պատանիները օրհնութիւն մը կը նկատեն որ ճշմարտութեան մէջ են։ Անոնք մարմնի գործերէն ձերբազատուած են ու հոգիին պտուղները կը յայտնաբերեն։ (Գաղ. 5։19-23) Սուրբ Գրութիւններուն վրայ հիմնուած իրենց ընկերակցութիւնները թոյլ կու տան որ խաղաղ ու սիրալիր յարաբերութիւններ վայելեն ընկերութեան մը մէջ ուր գոյութիւն չունին անձնասիրութեան հոգին, անհնազանդութիւնը, նախապաշարումն ու անհաւատարմութիւնը։ Անոնք իրապէս կը գնահատեն այս օրհնութիւնները եւ իրենց կեանքին մէջ կը շօշափեն արդիւնքները։ Սակայն, աշխարհի հոգին շնչելու վտանգը տակաւին ներկայ է։ Ուստի, աշխարհէն անջատ մնալու համար ի՞նչ քայլեր պէտք է առնուին։
4 Քրիստոնեայ պատանիները մինչ կը զարգացնեն ատելութիւն անօրէնութեան հանդէպ, չեն զգար որ արժէքաւոր բան մը կը կորսնցնեն։ Քրիստոնէական ժողովքէն դուրս, ամէն բան որ աշխարհի մէջ է՝ մարմնի ցանկութիւնը ու աչքերու ցանկութիւնը եւ նիւթական վիճակի ցուցադրութիւնը՝ պիտի անցնի։ (Ա. Յովհ. 2։15-17) Արդ, ինչո՞ւ տենչալ աշխարհի մը բաներուն որ պիտի կործանուի։
5 ԺԷ. դարու արձակագիր մը նկատեց. «Մարդկութեան մեծամասնութիւնը իրենց առաջին տարիները այնպէս մը կը գործածեն որ իրենց վերջին տարիները կը դժբախտացնեն»։ Երբ պատանի մը իր ֆիզիքական ոյժը եւ կարողութիւնները այնպէս մը կը վատնէ որ իր չափահասութիւնը աւելի կը դժուարացնէ, այն ատեն իր պատանեկութիւնը եւ երիտասարդութիւնը ունայնութիւն մը կ’ըլլան։ (Առ. 22։3) Քրիստոնեայ պատանիները չեն զգար որ աշխարհի գործառնութիւններէն ետ կենալը եւ Եհովայի ծառայելը շատ սահմանափակիչ են։ Անոնք կը նկատեն որ Աստուածաշունչի սկզբունքները բռնաբարողները կը քաղեն վիշտ, ցաւ, հիւանդութիւն եւ վաղահաս մահ։—Գաղ. 6։7, 8
6 Քրիստոնէական տան մը մէջ մեծնալը բաւարար չէ որ պատանիները կարենան դէմ դնել այս աշխարհի ճնշումներուն եւ աշխարհէն անջատ մնալ։ Անոնք նաեւ պէտք է անձամբ համոզուած ըլլան Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութենէն եւ թէ Աստուծոյ համարատու են իրենց գործերուն համար։—Ժող. 11։9
7 Քրիստոնեայ պատանիները գիտեն որ Սատանան Եւան ընտրեց, որ նորեկ ու նուազ փորձառու էր, զինք խաբելու համար։ Ան ձգեց որ պտուղը շատ հրապուրիչ ու անվնաս երեւի։ Ան զինք առաջնորդեց մտածելու թէ անտեղիօրէն կը փախցնէր հաճոյալի բան մը։ (Ծննդ. 3։1-6) Հետեւաբար, պատանիները պէտք չէ մտածեն թէ Սատանայի մեթոտները անյաջող են իրենց նկատմամբ։
8 Զոր օրինակ, շատ մը պատանիներ կը նկատեն ժամադրուելու սովորութիւնը որպէս զբօսանքի անմեղ կերպ մը, առիթ տալով որ պատանիները կարելիութիւն ունենան իրար հետ ծանօթանալու՝ առանձին։ Բայց, իրականութեան մէջ, այս սովորութիւնը բարոյական վտանգներով լեցուն է։ 18 տարեկան աղջիկ մը որ սովորութիւն ունէր միշտ ժամադրուելու, եւ որ յղի մնաց, կը նշէ. «Ես այն հազարաւոր անհատներուն պէս կը խորհէի որ ինծի չի պատահիր»։ Ան կ’ընդունի որ որոշ ատեն ժամադրուելէ ետք «ձեռք բռնելը եւ համբուրուիլը անհամ կը դառնայ»։ Նոյնպէս, 17 տարեկան աղջիկ մը որ յաճախ տղոց հետ կը ժամադրուէր, կը գրէ. «Համբուրուիլը եւ փայփայանքը մէջս փափաք մը կ’արթնցնեն եւ կ’ուզեմ որ տղան հետս սիրաբանի»։—Բաղդատել Առակաց 6։27, 28։
9 Աշխարհը պատանիներուն վրայ ճնշում կը բանեցնէ որ ‘նորաձեւութիւններուն հետ քայլ պահեն’, որպէսզի բնորոշուին թէ անոր մէկ մասն են։ Մեր հագուելակերպը կ’ապացուցանէ մեր ո՛վ ըլլալը ներքնապէս՝ մեր անձնաւորութիւնը։ Ուստի, հարկ չկայ չափազանց հետաքրքրուած ըլլալու այս աշխարհի ծայրայեղ ոճերով։ Միւս կողմէն, պէտք չէ թափթփած ըլլանք մեր արտաքին երեւոյթով, հագուելով կեղտոտ հագուստներ։ Միշտ չափաւորութիւն մը կայ որու կրնանք կառչիլ։ Այդ կերպով մեր յարդարանքը պիտի ըլլայ «անեղծութիւնով հեզ ու հանդարտ հոգիին զարդը . . . որ Աստուծոյ առջեւ խիստ պատուական է»։—Ա. Պետ. 3։3, 4
10 Ծնողները Ի՞նչ Կրնան Ընել Օգնելու Համար. Պատանիները որեւէ ժամանակէ աւելի իրենց Քրիստոնեայ ծնողներուն կարիքը ունին։ Ծնողներն ալ անոր գիտակից են։ Ճիշդ է որ գործի խնդիրները, անգործութիւնը, տնտեսական տագնապները եւ տնական դժուարութիւնները կ’աւելնան, բայց անոնք իրենց ընտանիքները չեն անտեսեր։ (Ա. Տիմ. 5։8) Անոնց պատասխանատուութիւնները կը սկսին իրենց զաւակները պատանիներ ըլլալէ առաջ։ Հետեւաբար, անոնք ի՞նչ կրնան ընել որպէսզի իրենց զաւակներուն օգնեն որ աշխարհէն անջատ մնան։ Անոնք պէտք է սկիզբէն հոգեւոր մարզում հայթայթեն։ Նկատի առէք հետեւեալ հարցումներն ու պատասխանները որոնք ծնողներուն օգտակար են։
11 Ծնողները Սէր կը Յայտնե՞ն Իրենց Զաւկին Սնուցանելով, Հագուեցնելով ու Պատսպարելով։ Այո, եւ անիկա յաճախ կը նշանակէ երկար տարիներ զոհողութիւն ընել ծնողներուն կողմէ։ Բայց սէրը աւելի կարեւոր է քան լաւ սնունդը։ (Բաղդատել Առակաց 15։17։) Զաւակները գութով կ’աճին—համակրանքի մի քանի խօսքեր, ջերմօրէն գրկել կամ պարզապէս ըսել՝ ‘քեզմով որքա՜ն հպարտ եմ’։
12 Բայց Ինչպէ՞ս Կրնաք Զաւակ մը Սիրել որ Չար Ընթացք կը Բռնէ։ Ատիկա դիւրին բան մը չէ։ Սակայն, Աստուածաշունչը կը շեշտէ «կարեկից» ըլլալը։ (Ա. Պետ. 3։8) Զաւկին չար ընթացքին ետին յաճախ անյայտ պատճառներ կան։ Օրինակի համար, տղայ մը սկսաւ ըմբոստանալ դպրոցին մէջ։ Անոր հետաքրքրուող հայրը, որ ժամեր իր հետ խօսեցաւ, ըսաւ. «Շարունակեցինք անոր ցոյց տալ թէ մենք իրմով հետաքրքրուած ենք։ Ապա ան մեզի ըսաւ թէ ինչ էր խնդիրը»։ Միւս պզտիկները զինք կը ծաղրէին իր գործածած լսելու գործիքին պատճառաւ, հետեւաբար դասարանին մէջ ըմբոստացաւ որպէսզի անոնց հաւանութիւնը շահի։ Հայրը ‘կարեկցութիւն’ ունեցաւ, եւ յաւելեալ ջերմ խօսակցութիւններէ ետք, տղուն վարքը բարելաւուեցաւ։ Յաճախ յուսախաբութիւնը, նախանձը, ներքին բարկութիւնը, վախն ու անապահովութիւնը կրնան վատ վարք մը քաջալերել։
13 Ծնող մը Ինչպէ՞ս Կրնայ Գիտնալ թէ Զաւակը Խնդիր մը Ունի։ Զաւկի մը զգացումներն ու խորհուրդները, անոր իրական միտումները, իր սրտին մէջ են խորունկ ջրհորի մը յատակը եղած ջուրերուն նման։ Դժուար է զանիկա դուրս քաշել։ «Մարդու մը սրտին խորհուրդը [անհատին նպատակը կամ միտումը] խորունկ ջուրերու պէս է», Աստուածաշունչը կ’ընդունի, «բայց խելացի մարդը զանիկա դուրս կը հանէ»։ (Առ. 20։5) Հետազօտող հարցումները կրնան այսպիսի զգացումներ ‘դուրս հանել’։ ԶԱՏՈՐՈՇՈՒՄ կը պահանջէ որ մէկը գիտնայ թէ զաւակը կանխամտածութեամբ կ’ըմբոստանայ կամ յուսախաբութենէ մղուած կը գործէ։ (Առ. 24։3) Կարելի է ասոնց նման հարցումներ գործածել. (1) Լ՞աւ ես։ (2) Կը զգա՞ս թէ անարդար եմ։ Ինչո՞ւ։ (3) Դպրոցին մէջ խնդիրներ կ’ունենա՞ս։ (4) Կը զգա՞ս որ մեծ ճնշումի տակ ես։ (5) Տխո՞ւր ես։ (6) Ընկերներուդ հետ լա՞ւ ես։ (7) Կը զգա՞ս թէ քեզմէ աւելին կ’ակնկալեմ։ (8) Կերպ մը կա՞յ որով կրնամ օգնել։
14 Տարբերութիւն կ’Ընէ՞ Ծնող մը Ի՛նչ Կերպով կը Խօսի Իր Զաւկին Հետ։ Այո։ Լուսաբանելու համար. Ապշած տեսախօս մը հինգ տարեկան աղջիկի մը ըսաւ. «Ինչո՞ւ կ’ուզես մեռնիլ»։ Ան տխրօրէն պատասխանեց. «Քանի որ ատիկա շատ խաղաղ պիտի ըլլայ։ Մայրս այլեւս ամէն ատեն պիտի չպոռայ իմ վրաս»։ (Բաղդատել Առակաց 12։18։) Հարազատ գովասանքը կը կերտէ ու կը քաջալերէ։ Եթէ զաւակ մը խորհի որ իր ծնողը ‘իր վրայ պիտի պոռայ’, ան իր զգացումները պիտի չյայտնէ, եւ կրնայ ըմբոստանալ ու ամօթ զգալ։
15 Արդեօք Սէրը կը Նշանակէ՞ Զաւկին Թոյլ Տալ որ Միշտ Իր Ուզածը Ընէ։ Շատեր այդպէս կը խորհին։ Անոնք կ’ուզեն որ իրենց զաւակը զիրենք սիրէ։ «Քեզ պիտի սիրեմ», կ’ըսէ զաւակը սպառնալով, «եթէ ինծի շաքար մը տաս»։ Անիկա հետագային կրնայ ըլլալ. «Եթէ ինծի թոյլ տաս որ ուշ ատեն դուրս մնամ որքան որ ուզեմ», կամ «իմ ուզած ընկերներս ունենամ»։ Ծնողները պէտք չէ քաշուին պէտք եղած կրթութիւնը տալէ։ Կարգ մը ծնողներ որոնք կ’ուզեն իրենց զաւկին բարեկամութիւնը ամէն գնով պահել, հակում ունին յանցագործութիւնը անտեսելու, անոր լրջութիւնը թեթեւցնելով։ Աշխարհի թոյլատուութիւնը անոնց ազդած կ’ըլլայ։ Բայց սիրալիր ծնողն է որ ուշադրութիւն կ’ընծայէ այն տեղեկագիրներուն թէ իր զաւակը սխալ ընթացք մը ունի եւ պէտքին համաձայն պատշաճ կրթութիւն կու տայ։ (Առ. 13։24) Կարգ մը ծնողներ կ’ուզեն իրենց զաւակներուն տալ ամէն ինչ որ չէին վայելած իրենց պատանեկութեան ատեն՝ անսահման ազատութիւն, շատ խաղալիքներ, գրպանի առատ ծախս, եւ նման բաներ։ Բայց շուտով անոնք պիտի գիտակցին որ գոհունակ կեանք մը, որեւէ կեանք, «ստացուածքներուն աւելնալէն կախուած չէ»։ (Ղուկ. 12։15) Ուրիշ ծնողներ վերջապէս իրենց զաւակները կ’աւրեն։ Անոնք կ’անտեսեն գործնական կանոնը թէ պարգեւները պէտք է յարմար ըլլան ստացողին կարողութեան զանոնք գործածելու։ (Մատթ. 25։15) Այն դրամը որ իմաստութեամբ պիտի չծախսուի, լաւ նուէր մը չէ։ Անիկա այն պարգեւներէն է որոնք վերջապէս վիշտի կ’առաջնորդեն, քանի որ հակում ունի անպատասխանատուութեան հոգին յառաջացնելու։
16 Ի՞նչ Հարցերու Շուրջ Ծնող մը Պէտք Է Վճռական Ըլլայ։ Վճռական եղէք որ զաւակը սննդարար կերակուրներ ուտէ, քանի որ սնունդի լուրջ պակասութիւնը կրնայ արգելք հանդիսանալ անոր ֆիզիքական աճման։ Միեւնոյն ժամանակ, թոյլ մի տաք ձեր զաւկին որ իր միտքը «աղբ»ով սնուցանէ՝ բռնութիւն եւ անբարոյութիւն ցուցադրող հեռատեսիլի յայտագիրներով, պարբերաթերթերով եւ շարժանկարներով։ Իսկ ամենամեծ սպառնալիքն է չար ընկերակցութիւնը։ Ձեր պատասխանատուութիւնն է արգելք հանդիսանալ այսպիսի չար ընկերակցութիւններու։ Ասիկա կրթութիւն կը պահանջէ, բայց երբ ծնող մը չար ընկերակցութիւնները կը փոխարինէ լաւ ընկերակցութիւններով, կամ իր ընտանեկան գործունէութիւնները աւելի հետաքրքրական կը դարձնէ, այս պարտականութիւնը աւելի դիւրին կը դառնայ եւ ձեր զաւակը աշխարհէն անջատ կը մնայ։
17 Որքա՞ն Կանուխ Զաւակ մը Պիտի Կարենայ Զանազանել Շիտակն ու Սխալը։ Առանձին, թերեւս ան երբեք չկարենայ ատիկա ընել։ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ թէ պզտիկ մը չի գիտեր «չարը մերժելը ու բարին ընտրելը»։—Եսայ. 7։16
18 Զաւկի մը Ինչպէ՞ս Կարելի է Սորվեցնել Ատիկա։ Պէտք է սրտին հասնիլ։ Ան պէտք է զարգացնէ իր ներքին մղումը ‘չարը մերժելու ու բարին ընտրելու’։ Ուստի, կրթութիւն տալէ զատ, ծնողները պէտք է իրենց զաւակները մեծցնեն Եհովայի խրատով։ (Եփ. 6։4) Ասիկա կը պահանջէ զաւկին մտքին մէջ զետեղել այն տեղեկութիւնները որոնք իր սիրտը պիտի շարժեն։ Անիկա պէտք է զինք մղէ շիտակ ուղղութեամբ եւ զինք զգուշացնէ ապագայ վտանգներու դէմ։
19 Ծնողները Ինչպէ՞ս Կրնան Իրենց Զաւակներուն Մարզումը Դիւրինցնել։ Անկեղծ ծնողներ հետաքրքրուած են որ իրենց զաւակները մարզեն։ Ատիկա աւելի դիւրին պիտի ըլլայ եթէ իրենք միշտ իրենց որակումները քննեն, ջանան աւելի ատակ ըլլալ եւ ճշմարտութիւնը լուրջի առնեն։ Զաւակը միշտ կը զննէ իր ծնողները եւ անոնց օրինակին համաձայն իը ընթացքը կը վարէ։ Ան թերեւս շուտով չի համաձայնիր թէ հարկ կայ կարգ մը սահմանափակումներու եւ կանոններու, բայց արագօրէն կը համաձայնի որ իր ծնողները պէտք է համամիտ ըլլան իրենց որոշած կանոններուն նկատմամբ։ Մարզելուն մէջ յաջող ըլլալը չի պահանջեր որ ծնողները աւելի ուսեալ ըլլան քան իրենց զաւակները։ Պատանիները կը հրապուրուին իրենց ծնողներուն սէրով, անկեղծութեամբ, փորձառութեամբ եւ իրենց հետ ունեցած զօրաւոր յարաբերութեամբ։
20 Ծնողները Ինչպէ՞ս Կրնան Աւելի Յաջող Ըլլալ Իրենց Զաւակներուն Սորվեցնելուն մէջ։ Հրապուրիչ մեթոտներ գործածելով։ «Երբ զաւակները աւելի պզտիկ էին, անոնց հետ գետինը կը սողայինք, կաթսաները կը զարնէինք, խոհանոցի ապրանքները կը գործածէինք որպէսզի Աստուածաշունչի նշանաւոր անձնաւորութիւններուն դերերը առնէինք», կը բացատրէ հայր մը որ չորս զաւակներ ունի։ «Զաւակները զայն սիրեցին»։ Մինչ զաւակները կը մեծնային, ծնողները կը բարեփոխէին իրենց սորվեցնելու մեթոտները. բայց կը շարունակէին իրենց զաւակներուն երեւակայութիւնը գրգռել եւ սորվելու փափաքը զօրացնել։ Որպէսզի աւելի յաջող ըլլան, ծնողները պէտք է ջանան իրենց զաւակներուն սրտերը ճանչնալ, անոնց զգացումները հասկնալ։ Անոնց սրտերուն հասնիլը կը պահանջէ կարեկցութիւն, համբերութիւն եւ հմուտ կերպով հարցումներու գործածութիւն։ Այս բաները կատարելով, անոնք պիտի տեսնեն որ իրենց զաւակները ճշմարտութիւնը կը սիրեն ու աշխարհէն անջատ կը մնան։
21 Ո՛չ ծնողները եւ ոչ զաւակները կատարեալ են։ Բոլորն ալ ցաւալի սխալներ պիտի գործեն։ Այսուհանդերձ, քանի որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ պատշաճ կերպով մարզուած զաւակը ‘անկէ չի խոտորիր’, կարգ մը ծնողներ յանցաւոր կը զգան երբ իրենց զաւակներէն մէկը մոլորի։ (Առ. 22։6) Սակայն, այս համարը Առակաց գրքին տուած խրատներէն է թէ՛ ծնողներուն եւ թէ զաւակներուն։ Այս գիրքը կը պահանջէ զաւակներէն որ իրենց ծնողներուն պատուէրներն ու կրթութիւնը ‘ընդունին’, ‘պահեն’, ‘լսեն’, ‘մտիկ ընեն’, ‘չմերժեն’ ու ‘չմոռնան’։ (Առ. 1։8. 2։1. 3։1. 4։1. 6։20) Աստուածաշունչի այս գրքին մէջ ծնողներուն տրուած խրատներէն չորս անգամ աւելի խրատներ տրուած են զաւակներուն։ Ուստի, զաւակներն ալ պատասխանատու են զանոնք կատարելու։
22 Իրերու այս դրութիւնը կը մօտենայ իր վախճանին։ Սատանայի ճնշումները կ’աւելնան։ Քրիստոնեայ ծնողներն ու պատանիները կը համաձայնին որ որեւէ ժամանակէ աւելի Աստուածաշունչի խրատին պէտք է հետեւին։ Եհովա իր խրատները մեզի կու տայ մեր օգտին համար։ (Եսայ. 30։20, 21) Մինչ անոնց կը հետեւին, անոնք այս աշխարհի հոգին չեն շնչեր, եւ ծնողները վստահ կ’ըլլան որ իրենց զաւակները այս աշխարհէն անջատ են։ Որպէս միացած ընտանիքներ, անոնք կը յուսան իր նոր դրութեան օրհնութիւնները վայելել։