Ծառայութեան Ժողովներ Օգոստոս Ամսուան Համար
Օգոստոս 1–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 113
15 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւն թերթիկէն ընտրուած ԾԱՆՈՒՑՈՒՄՆԵՐ։ Խօսակցական կէտեր ապացուցանեցէք ընթացիկ պարբերաթերթերէն, զորս կարելի է ցցուն ընել վերայցելութիւններուն ատեն այս շաբաթավերջը։
15 վյրկ. «Դրական Կեցուածք մը Պահպանենք»։ Հարց պատասխանով։ Հակիրճօրէն հարցազրոյց ունեցէք ռահվիրայի մը կամ երկար ժամանակ հրատարակիչ եղողի մը հետ, որ պիտի պատմէ թէ ինչպէ՛ս կարելի եղած է դրական կեցուածք մը պահպանել հակառակ անտարբերութեան կամ ընդդիմութեան թաղամասին մէջ։
15 վյրկ. «Գրքոյկները Արժէքաւոր Գործիքներ Են Ծառայութեան Համար»։ Ունկնդիրներուն հետ յօդուածը նկատի առնել։ Կարգադրեցէք լաւ պատրաստուած երկու ցուցադրութիւններ առաջարկուած ներկայացումներուն մասին։ Ցոյց տուէք կարգ մը գրքոյկներ որոնք պիտի գործածուին Օգոստոս ամսուան ընթացքին։ Ունկնդիրներուն վերյիշեցուցէք որ օրինակներ առնեն գործածելու համար վերայցելութիւններուն ատեն այս շաբաթավերջը։
Երգեցողութիւն թիւ 162 եւ փակման աղօթք։
Օգոստոս 8–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 127
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։
15 վյրկ. «Մեր Եղբայրները Լաւ Ճանչնանք»։ Հարց պատասխանով։ Ունկնդիրներուն հրաւիրեցէք որ հակիրճ փորձառութիւններ պատմեն, որոնք ցոյց կու տան թէ ինչպէ՛ս ուրիշներու աւելի լաւ ծանօթացան, կիրարկելով 6–րդ պարբերութեան թելադրութիւնները։
20 վյրկ. Անպաշտօն Վկայութիւն Աւելի Ընենք։ Երեք կամ չորս հրատարակիչներու խումբ մը նկատի կ’առնեն ինչպէ՛ս ընդլայնեն իրենց մասնակցութիւնը այս գործունէութեան։ Գործածելով 15 Հոկտեմբեր 1987–ի Դիտարանը, էջ 22-7 (Անգլ.), [4/1/88 էջ 13-17, Արաբ.], անոնք վերաքաղ կ’ընեն ինչ որ ուրիշներ ըրած են, եւ կը խօսակցին թէ ինչպէս կը ծրագրեն աւելին ընել այս գործին մէջ։ Ատենապետը ունկնդիրները կը քաջալերէ որ նկատի առնեն թէ ինչպէս կրնան մասնակցիլ ծառայութեան այս երեսակին։
Երգեցողութիւն թիւ 63 եւ փակման աղօթք։
Օգոստոս 15–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 172
5 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ, մէջը ըլլալով հաշիւներու տեղեկագիրը եւ նուիրատուութիւններու ընկալագիրը։
15 վյրկ. «Վերայցելութեան Ատեն Հետաքրքրութիւն Մշակենք»։ Ունկնդիրներուն հետ յօդուածը նկատի առնել։ Պարփակեցէք 3 վայրկեաննոց երկու ցուցադրութիւններ որոնք ցոյց կու տան ինչպէ՛ս ներկայացումները գործածել վերայցելութիւններ ընելու համար։ Քաջալերեցէք ջանք թափելը Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար։
25 վյրկ. «Շարունակենք Յառաջդիմութեամբ Քալել Կարգաւոր Սովորութեան մը Համեմատ»։ Հարց պատասխանով։
Երգեցողութիւն թիւ 123 եւ փակման աղօթք։
Օգոստոս 22–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 138
15 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ «Մէկ Օրուայ Մասնաւոր Համաժողովին Նոր Յայտագիրը»։ Բոլորը քաջալերեցէք որ ծրագիրներ ընեն ներկայ գտնուելու համար։
15 վյրկ. Ինչպէ՞ս Կրնամ Աստուծոյ Աւելի Մօտենալ։ Ցուցադրութիւն մը ընտանեկան ուսումնասիրութեան մասին։ Ծնողները իրենց պատանի զաւակներուն հետ տեղեկութիւններ նկատի կ’առնեն Երիտասարդները կը Հարցնեն գրքին 39–րդ գլուխէն։ Լման բացատրեցէք «Յայտարարեցէք Ձեր Բարեկամութիւնը Աստուծոյ Հետ» ենթագլուխին տեղեկութիւնները, էջ 315-18։ Զաւակները կը գանգատին որ նեղութիւն կը զգան երբ տունէ տուն կ’երթան եւ ժողովները կը նկարագրեն որպէս կրկնական եւ շատ յաճախադէպ։ Ծնողները ազնուօրէն անոնց հետ կը պատճառաբանեն, մատնանշելով սուրբ գրային սկզբունքները որոնք կ’ապացուցանեն թէ այս գործունէութիւնները անհրաժեշտ են որպէսզի լաւ յարաբերութիւն մը պահպանեն Եհովայի հետ։
15 վյրկ. Տեղւոյն կարիքներ։ Կամ դասախօսութիւն մը ներկայացուցէք սա յօդուածին մասին. «Բուռն Կերպով Զբաղած Եղէք Բարի Լուրով», 1 Յուլիս 1991 Դիտարանին մէջ, էջ 28-30, Արաբերէնով։
Երգեցողութիւն թիւ 129 եւ փակման աղօթք։
Օգոստոս 29–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 21
13 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հարցազրոյց ունեցէք մէկ կամ երկու հրատարակիչներու հետ որոնք կարողացան օժանդակ ռահվիրայութեան մասնակցիլ կամ ուրիշ կերպով իրենց գործունէութիւնը ընդլայնել ամառուան ամիսներուն ընթացքին։ Պատմեցէք ձեռք ձգուած կարգ մը ուրախութիւնները։
15 վյրկ. «Կրնա՞ք Ռահվիրաներու Շարքին Կրկին Միանալ»։ Ունկնդիրներուն հետ յօդուածը նկատի առնել։ Պարփակեցէք տեղական որեւէ փորձառութիւն որ ցոյց կու տայ թէ ինչպէ՛ս անհատ մը կրցաւ ռահվիրայական ծառայութեան կրկին մասնակցիլ կամ թէ ինչպէ՛ս ընտանիք մը համագործակցած է իր անդամներէն մէկուն օգնելու որ այս առանձնաշնորհումը օգտագործէ։
17 վյրկ. Յաւիտեան Ապրիլ Գիրքը Ներկայացնենք Սեպտեմբեր Ամսուան Ընթացքին։ Քաջալերեցէք խանդավառ ջանքերը այս գիրքը տեղաւորելու եւ ուսումնասիրութիւններ սկսելու Սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին։ Ան հրատարակուեցաւ Անգլերէնով 1982–ին եւ անկէ ի վեր գործածուած է որպէս գլխաւոր գործիքը Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարելու։ Նահանգային համաժողովներուն հրատարակուած օրինակները հետեւեալ պատգամը կրեցին. «Ուսումնասիրութեան այս նոր գիրքը կը բովանդակէ ճիշդ ինչ որ պէտք է շատ մը ուրիշներու օգնելու որ մեր ունեցած նոյն յոյսը բաժնեն։ . . . Անիկա կը բովանդակէ Աստուածաշունչի բոլոր կարեւոր ճշմարտութիւնները զորս պէտք է նորեկները հասկնան, որպէսզի իրենց կեանքը Եհովայի նուիրեն ու ընդունելի կերպով անոր ծառայեն»։ Արդիւնքը կը տեսնուի հրատարակիչներուն թիւը բարձրանալով 1983–ին 2,652,323–էն մինչեւ 4,709,889 1993–ին։ Հրաւիրեցէք անհատներ որ պատմեն ինչպէ՛ս ճշմարտութիւնը սորվեցան այս գիրքը ուսումնասիրելով կամ ինչպէ՛ս ուրիշներու օգնեցին զանիկա իրենց հետ ուսումնասիրելով։ Ժամանակին ներած չափով, ցոյց տուէք գրքին ուրիշ երեսակները զորս կարելի է ցցուն ընել գիրքը ներկայացնելու ատեն։
Երգեցողութիւն թիւ 14 եւ փակման աղօթք։